Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկինքի մէջ եղողներուն եւ երկրի վրայ եղողներուն համախմբումը

Երկինքի մէջ եղողներուն եւ երկրի վրայ եղողներուն համախմբումը

Երկինքի մէջ եղողներուն եւ երկրի վրայ եղողներուն համախմբումը

«Իր բարեհաճութեան համաձայն, որ . . . Քրիստոսով համախմբէ ամէն բան, անոր մէջ միացնէ թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, թէ՛ երկրի վրայ եղողները»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 1։9, 10, ԱՎ

1. Երկինքի ու երկրի վերաբերեալ Եհովայի «բարեհաճութիւնը» ի՞նչ է։

ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ խաղաղութիւն,– այս է Եհովայի՝ «խաղաղութեան Աստուծոյ» փառաւոր նպատակը։ (Եբրայեցիս 13։20) Ան Պօղոս առաքեալը ներշնչեց գրելու թէ Իր ‘բարեհաճութիւնն’ է որ «Քրիստոսով համախմբէ ամէն բան, անոր մէջ միացնէ թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, թէ՛ երկրի վրայ եղողները»։ (Եփեսացիս 1։9, 10, ԱՎ) Այս համարին մէջ «համախմբել» թարգմանուած բայը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Աստուածաշունչի ուսումնական Ճ. Պ. Լայթֆութ կը նշէ. «Արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ տիեզերքի ամբողջական ներդաշնակութեան, ուր այլեւս օտար ու անհամաձայն տարրեր պիտի չգտնուին, եւ Քրիստոս պիտի կազմէ բոլոր մասերուն առանցքն ու միութեան կապը։ Մեղքը, մահը, վիշտը, թերացումն ու տառապանքը պիտի չքանան»։

«Երկինքի մէջ եղողները»

2. «Երկինքի մէջ եղողները» որո՞նք են։

2 Պետրոս առաքեալ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն հոյակապ յոյսը ամփոփեց սա խօսքով. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Խոստացուած «նոր երկինք»ը կ’ակնարկէ նոր կառավարական հեղինակութեան՝ Մեսիական Թագաւորութեան։ Եփեսացիներուն յղուած նամակին մէջ Պօղոսի նշած «երկինքի մէջ եղողները» պիտի համախմբուէին «Քրիստոսով»։ Անոնք սահմանափակ թիւով ընտրուած մարդիկն են, որոնք Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ պիտի իշխեն։ (Ա. Պետրոս 1։3, 4) Այս 144,000 օծեալ Քրիստոնեաները ‘երկրէն գնուեցան’, «մարդոց մէջէն գնուեցան», ժառանգակիցներ ըլլալու Քրիստոսի հետ՝ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ։—Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։3, 4. Բ. Կորնթացիս 1։21. Եփեսացիս 1։11. 3։6

3. Ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ թէ օծեալները մինչ երկրի վրայ են՝ ‘նստած են երկնաւորներուն մէջ’։

3 Օծեալ Քրիստոնեաները սուրբ հոգիով վերստին կը ծնին, Եհովայի հոգեւոր որդիները ըլլալու համար։ (Յովհաննու 1։12, 13. 3։5-7) Եհովայի «որդեգիր»ներ ըլլալով, անոնք Յիսուսի եղբայրներ կը դառնան։ (Հռովմայեցիս 8։15. Եփեսացիս 1։5) Այս հանգամանքով, նոյնիսկ մինչ երկրի վրայ են, անոնց մասին կ’ըսուի թէ ‘յարուցանուած են ու Քրիստոս Յիսուսի հետ նստած են երկնաւորներուն մէջ’։ (Եփեսացիս 1։3. 2։6) Անոնք այս հոգեւոր բարձր դիրքը կը գրաւեն, քանի որ ‘խոստացեալ սուրբ հոգիով կնքուած են, որ այն ժառանգութեան գրաւականն է’, որ երկինքը վերապահուած է անոնց համար։ (Եփեսացիս 1։13, 14. Կողոսացիս 1։5) Արդ, ասոնք են «երկինքի մէջ եղողները», որոնց նախասահմանուած ամբողջ թիւը համախմբուելու էր։

Համախմբումը կը սկսի

4. «Երկինքի մէջ եղողներ»ուն համախմբումը ե՞րբ եւ ի՞նչպէս սկսաւ։

4 Եհովայի «տնտեսութեան» համաձայն, «երկինքի մէջ եղողներ»ուն համախմբումը պիտի սկսէր՝ ‘երբ ժամանակները իրենց լրումին հասնէին’։ (Եփեսացիս 1։10, Անթիլիաս) Այդ որոշուած ժամանակը հասաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Այդ օրը սուրբ հոգին թափուեցաւ առաքեալներուն եւ տղամարդոցմէ ու կիներէ բաղկացած խումբ մը աշակերտներու վրայ։ (Գործք 1։13-15. 2։1-4) Ասիկա ապացուցանեց թէ նոր ուխտը ի զօրու դարձաւ, քրիստոնէական ժողովքին եւ հոգեւոր Իսրայէլի՝ «Աստուծոյ Իսրայէլի» ծնունդը նշելով։—Գաղատացիս 6։16. Եբրայեցիս 9։15. 12։23, 24

5. Եհովա ինչո՞ւ նոր «ազգ» մը ստեղծեց, մարմնաւոր Իսրայէլը փոխարինելու համար։

5 Մարմնաւոր Իսրայէլի հետ եղած Օրէնքի ուխտը յառաջ չբերաւ «քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը», որ երկինքի մէջ յաւիտեան պիտի ծառայէր։ (Ելից 19։5, 6) Յիսուս Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ»։ (Մատթէոս 21։43) Այդ ազգը՝ հոգեւոր Իսրայէլը՝ նոր ուխտին մէջ բերուած օծեալ Քրիստոնեաներէ կը բաղկանայ։ Պետրոս առաքեալ անոնց գրեց. «Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց. որ ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք»։ (Ա. Պետրոս 2։9, 10) Մարմնաւոր Իսրայէլը այլեւս Եհովայի ուխտեալ ժողովուրդը չէր։ (Եբրայեցիս 8։7-13) Ինչպէս Յիսուս նախագուշակած էր, Մեսիական Թագաւորութեան մաս կազմելու առանձնաշնորհումը անոնցմէ առնուեցաւ եւ հոգեւոր Իսրայէլի 144,000 անդամներուն տրուեցաւ։—Յայտնութիւն 7։4-8

Թագաւորութեան ուխտին մէջ կը բերուին

6, 7. Յիսուս հոգիէն ծնած իր եղբայրներուն հետ ի՞նչ մասնայատուկ ուխտ ըրաւ, եւ ասիկա անոնց համար ի՞նչ կը նշանակէ։

6 Երբ իր մահուան Յիշատակատօնը կը հաստատէր, Յիսուս հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։ (Ղուկաս 22։28-30) Հոս Յիսուս հոգիէն ծնած իր 144,000 եղբայրներուն հետ ըրած մասնայատուկ ուխտին ակնարկեց, որոնք «մինչեւ մահ հաւատարիմ» պիտի մնային եւ ‘յաղթէին’։—Յայտնութիւն 2։10. 3։21

7 Այս սահմանափակ խումբին անդամները, որպէս մարդ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու ամէն յոյսէ կը հրաժարին։ Անոնք երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ պիտի իշխեն, գահերու վրայ բազմելով՝ մարդկութիւնը դատելու համար։ (Յայտնութիւն 20։4, 6) Այժմ քննարկենք այլ համարներ, որոնք միայն օծեալներուն կը կիրարկուին եւ ցոյց կու տան թէ «ուրիշ ոչխարներ»ը ինչո՛ւ Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն չեն մասնակցիր։—Յովհաննու 10։16

8. Օծեալները հացին մասնակցելով ի՞նչ ցոյց կու տան։ (Տես շրջանակը, էջ 11։)

8 Օծեալները Քրիստոսի տառապանքին նման տառապանք պիտի ունենան եւ անոր մահուան պէս մեռնելու յօժար են։ Այդ խումբին մէկ անդամը ըլլալով, Պօղոս ըսաւ թէ ինք պատրաստ էր որեւէ զոհողութիւն ընելու, որպէսզի ‘Քրիստոսը շահէր ու . . . ճանչնար զինք եւ անոր յարութեան զօրութիւնը, ու հաղորդակից ըլլար անոր չարչարանքներուն’։ Այո, Պօղոս պատրաստ էր ‘կերպարանակից դառնալու անոր մահուան’։ (Փիլիպպեցիս 3։8, 10, ԱՎ) Օծեալ Քրիստոնեաներէն շատեր «Յիսուսին մահը» կրած են իրենց մարմինին մէջ։—Բ. Կորնթացիս 4։10

9. Յիշատակատօնի հացը ի՞նչ մարմին կը ներկայացնէ։

9 Տէրունական Ընթրիքը հաստատելու ատեն, Յիսուս ըսաւ. «Ա՛յս է իմ մարմինս»։ (Մարկոս 14։22) Ան իր բառացի մարմինին կ’ակնարկէր, որ քիչ ետք պիտի ծեծուէր ու արիւնաթաթախ պիտի ըլլար։ Անխմոր հացը զայն պատշաճօրէն կը խորհրդանշէր, քանի որ Աստուածաշունչին մէջ՝ թթխմորը կրնայ ակնարկել մեղքին կամ չարութեան։ (Մատթէոս 16։4, 11, 12. Ա. Կորնթացիս 5։6-8) Յիսուս կատարեալ էր եւ իր մարդկային մարմինը մեղքէ զերծ էր։ Ան իր կատարեալ մարմինը պիտի մատուցանէր որպէս մեղքեր քաւող զոհ։ (Եբրայեցիս 7։26. Ա. Յովհաննու 2։2) Ասիկա պիտի օգտէր բոլոր հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն, ի՛նչ որ ալ ըլլար անոնց յոյսը՝ երկինքի մէջ կեանք թէ դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանք։—Յովհաննու 6։51, 52

10. Յիշատակատօնի գինիին մասնակցողները ի՞նչ կերպով ‘Քրիստոսի արեան հաղորդուած կ’ըլլան’։

10 Յիշատակատօնին օծեալ Քրիստոնեաներուն խմած գինիին մասին խօսելով, Պօղոս գրեց. «Երբ կը խմենք օրհնութեան այն բաժակէն՝ որ Տիրոջ Ընթրիքի յիշատակին կ’օրհնենք, միթէ Քրիստոսի արեան հաղորդուած չե՞նք ըլլար»։ (Ա. Կորնթացիս 10։16, Անթիլիաս) Գինիին մասնակցողները ի՞նչ կերպով ‘Քրիստոսի արեան հաղորդուած կ’ըլլան’։ Անշուշտ անոնք փրկանքի զոհը հայթայթելու մէջ բաժին չեն բերեր, քանի որ իրե՛նք փրկութեան կարիք ունին։ Քրիստոսի արեան քաւիչ զօրութեան հաւատք ընծայելով, անոնց մեղքերը կը ներուին եւ երկինքի մէջ կեանք ունենալու համար կ’արդարանան։ (Հռովմայեցիս 5։8, 9. Տիտոս 3։4-7) Քրիստոսի թափուած արեան շնորհիւ է որ 144,000 ժառանգակիցները ‘կը սրբուին’ կամ կ’անջատուին, մեղքէ կը մաքրուին՝ «սուրբեր» ըլլալու համար։ (Եբրայեցիս 10։29. Դանիէլ 7։18, 27. Եփեսացիս 2։19) Այո, իր թափուած արիւնով Քրիստոս անհատներ ‘ծախու առաւ Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ, եւ Աստուծոյ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ որպէսզի երկրի վրայ թագաւորեն’։—Յայտնութիւն 5։9, 10

11. Յիշատակատօնի գինին խմելով, օծեալները ի՞նչ ցոյց կու տան։

11 Երբ Յիսուս գինիի բաժակը իր հաւատարիմ առաքեալներուն տուաւ՝ ըսաւ. «Բոլո՛րդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. որովհետեւ ա՛յս է իմ արիւնս, նո՛ր ուխտին արիւնը, որ կը թափուի՝ շատերուն մեղքերու ներումին համար»։ (Մատթէոս 26։27, 28, ԱՎ) Ինչպէս զուարակներու եւ նոխազներու արիւնը ի զօրու դարձուց Աստուծոյ եւ Իսրայէլ ազգին միջեւ եղած Օրէնքի ուխտը, նոյնպէս Յիսուսի արիւնը ի զօրու դարձուց նոր ուխտը՝ հոգեւոր Իսրայէլի եւ Եհովայի միջեւ, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ։ (Ելից 24։5-8. Ղուկաս 22։20. Եբրայեցիս 9։14, 15) «Ուխտին արիւնը» խորհրդանշող գինին խմելով, օծեալները ցոյց կու տան թէ նոր ուխտին մէջ բերուած են եւ անոր օգուտները կը վայելեն։

12. Օծեալները ի՞նչպէս Քրիստոսի մահով կը մկրտուին։

12 Օծեալներուն նաեւ կը յիշեցուի ուրիշ բան մը։ Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն ըսաւ. «Այն գաւաթը որ ես կը խմեմ՝ պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնովը որով ես կը մկրտուիմ՝ պիտի մկրտուիք»։ (Մարկոս 10։38, 39) Հետագային Պօղոս առաքեալ նշեց թէ Քրիստոնեաները ‘Քրիստոսի մահո՛վ մկրտուած են’։ (Հռովմայեցիս 6։3, ԱՎ) Օծեալները անձնազոհ կեանք մը կը վարեն։ Անոնց մահը զոհաբերական է, այն առումով որ անոնք երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի ամէն յոյսէ կը հրաժարին։ Քրիստոսի մահով անոնց մկրտուիլը կ’ամբողջանայ, երբ հաւատարմաբար մեռնելէ ետք՝ կը յարուցանուին որպէս հոգեղէն արարածներ, երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ թագաւորելու համար։—Բ. Տիմոթէոս 2։10-12. Հռովմայեցիս 6։5. Ա. Կորնթացիս 15։42-44, 50

Խորհրդանիշներուն մասնակցիլ

13. Երկրային յոյս ունեցողները ինչո՞ւ Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն չեն մասնակցիր, բայց ինչո՞ւ ներկայ կը գտնուին։

13 Յիշատակատօնի ընթացքին հրամցուած հացին ու գինիին մասնակցիլը այս բոլորը պարփակելով, բացայայտ է թէ անպատշաճ է որ երկրային յոյս ունեցողները խորհրդանիշներուն մասնակցին։ Երկրային յոյս ունեցողները կը գիտակցին թէ իրենք Քրիստոսի մարմինին օծեալ անդամները չեն, ո՛չ ալ նոր ուխտին մէջ են, որ Եհովա ըրաւ Յիսուս Քրիստոսի իշխանակիցներուն հետ։ Որովհետեւ «բաժակը» նոր ուխտը կը ներկայացնէ, խորհրդանիշներուն կը մասնակցին միայն նոր ուխտին մէջ եղողները։ Թագաւորութեան ներքեւ երկրի վրայ որպէս կատարեալ մարդիկ յաւիտեան ապրելու ակնկալութիւն ունեցողները, Յիսուսի մահով չեն մկրտուած եւ երկինքի մէջ իրեն հետ իշխելու չեն կանչուած։ Եթէ անոնք խորհրդանիշներուն մասնակցին, ասիկա ցոյց պիտի տայ բան մը որ իրենց չի կիրարկուիր։ Հետեւաբար, անոնք չեն մասնակցիր, թէեւ Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին որպէս յարգալից հանդիսատեսներ։ Անոնք իր Որդիին միջոցով իրենց ի նպաստ Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն համար երախտապարտ են, ի ներառեալ՝ Քրիստոսի թափուած արեան հիման վրայ մեղքերու ներումը։

14. Օծեալները հացին ու գինիին մասնակցելով ի՞նչպէս հոգեւորապէս կը զօրանան։

14 Երկինքը Քրիստոսի հետ իշխելու կանչուած փոքրաթիւ Քրիստոնեաներուն վերջնական կնքումը ամբողջանալու վրայ է։ Երկրի վրայ անձնազոհութեամբ յատկորոշուած իրենց կեանքին մինչեւ վերջը, օծեալները Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցելով հոգեւորապէս կը զօրանան։ Անոնք միւս օծեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միացած կը զգան՝ որպէս Քրիստոսի մարմինին անդամներ։ Խորհրդանշական հացին ու գինիին մասնակցիլը անոնց կը յիշեցնէ՝ ի մահ հաւատարիմ մնալու իրենց պատասխանատուութիւնը։—Բ. Պետրոս 1։10, 11

«Երկրի վրայ եղողները» համախմբել

15. Օծեալ Քրիստոնեաներուն կողքին որո՞նք հաւաքուած են։

15 1930–ական թուականներուն կէսէն ի վեր, բազմաթիւ «ուրիշ ոչխարներ», որոնք «պզտիկ հօտ»էն չեն եւ երկրի վրայ յաւերժ ապրելու յոյսը ունին, օծեալներուն նեցուկ կանգնած են։ (Յովհաննու 10։16. Ղուկաս 12։32. Զաքարեայ 8։23) Անոնք Քրիստոսի եղբայրներուն հաւատարիմ ընկերակիցները եղած են, թանկարժէք օգնութիւն մատուցանելով որ «արքայութեան այս աւետարանը» քարոզուի, բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու համար։ (Մատթէոս 24։14. 25։40) Այսպէս ընելով, անոնք պատեհութիւն ունին Քրիստոսի կողմէ իր «ոչխարներ»ը նկատուելու եւ անոր հաճութեան «աջ» կողմը կենալու, երբ ազգերը դատելու գայ։ (Մատթէոս 25։33-36, 46) Քրիստոսի արեան հաւատք ընծայելով, անոնք «մեծ նեղութենէն» վերապրող «մեծ բազմութիւն»ը պիտի կազմեն։—Յայտնութիւն 7։9-14

16. «Երկրի վրայ եղողներ»ուն մէջ որո՞նք պիտի պարփակուին, եւ այս բոլոր անհատները ի՞նչպէս «Աստուծոյ որդիներ» ըլլալու պատեհութիւն պիտի ունենան։

16 Երբ 144,000–ի վերջնական կնքումը տեղի ունենայ, երկրի վրայ Սատանայի իրերու չար դրութեան դէմ կործանման «հովերը» պիտի արձակուին։ (Յայտնութիւն 7։1-4) Քրիստոսի եւ ընկերակից թագաւորներուն ու քահանաներուն հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, անհամար յարուցեալներ մեծ բազմութեան պիտի միանան։ (Յայտնութիւն 20։12, 13) Ասոնք Մեսիական Թագաւորին՝ Քրիստոս Յիսուսի մնայուն երկրային հպատակները դառնալու պատեհութիւնը պիտի ունենան։ Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան, բոլոր «երկրի վրայ եղողները» վերջնական փորձի մը պիտի ենթարկուին։ Հաւատարիմ մնացողները պիտի որդեգրուին որպէս «Աստուծոյ [երկրային] որդիներ»ը։—Եփեսացիս 1։10, ԱՎ. Հռովմայեցիս 8։21. Յայտնութիւն 20։7

17. Եհովայի նպատակը ի՞նչպէս պիտի իրագործուի։

17 Արդ, իր անսահմանօրէն իմաստուն ‘տնտեսութեամբ’, Եհովա իր նպատակը պիտի իրագործէ,– ‘Քրիստոսով համախմբել ամէն բան, անոր մէջ միացնել թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, թէ՛ երկրի վրայ եղողները’։ Երկինքի մէջ ու երկրի վրայ բոլոր մտացի արարածները տիեզերական խաղաղութեան մէջ պիտի ըլլան, ուրախութեամբ ենթարկուելով Մեծ Նպատակադրողին՝ Եհովայի արդար գերիշխանութեան։

18. Օծեալները եւ իրենց ընկերակիցները ի՞նչպէս Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելով պիտի օգտուին։

18 Սակաւաթիւ օծեալներուն եւ միլիոնաւոր ուրիշ ոչխարներուն հաւատքը որքա՜ն պիտի զօրանայ, միասնաբար հաւաքուելով 12 Ապրիլ 2006–ին։ Անոնք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը պիտի պահեն, ինչպէս Յիսուս պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ղուկաս 22։19) Բոլոր ներկայ գտնուողները պէտք է յիշեն ի՛նչ որ Եհովա իր սիրելի Որդիին՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով ըրած է իրենց համար։

Վերաքաղի համար

• Երկինքի մէջ եղողներուն ու երկրի վրայ եղողներուն նկատմամբ Եհովայի նպատակը ի՞նչ է։

• «Երկինքի մէջ եղողները» որո՞նք են եւ ի՞նչպէս համախմբուած են։

• «Երկրի վրայ եղողները» որո՞նք են եւ ի՞նչ յոյս կը տածեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 11]

«Քրիստոսի մարմին»ը

Ա. Կորնթացիս 10։16, 17–ի մէջ (ԱՎ), Քրիստոսի՝ հոգիէն օծուած եղբայրներուն համար հացին ունեցած նշանակութիւնը քննարկելով, Պօղոս «մարմին» բառը մասնայատուկ առումով մը յիշեց։ Ան ըսաւ. «Հացը՝ որ մենք կը կտրենք, միթէ Քրիստոսի մարմինին հաղորդութիւնը չէ՞։ Արդարեւ մենք՝ շատ ըլլալով՝ մէ՛կ հաց, մէ՛կ մարմին ենք, որովհետեւ բոլորս ալ բաժնեկից ենք այդ մէկ հացին»։ Երբ օծեալ Քրիստոնեաները Յիշատակատօնի հացին կը մասնակցին, անոնք իրենց միութիւնը կը յայտարարեն օծեալներու ժողովքէն ներս, որ կը նմանի մարմինի մը, որուն Գլուխը Քրիստոս է։—Մատթէոս 23։10. Ա. Կորնթացիս 12։12, 13, 18

[Նկարներ՝ էջ 11]

Ինչո՞ւ միայն օծեալները հացին ու գինիին կը մասնակցին

[Նկար՝ էջ 13]

Եհովայի տնտեսութեան միջոցով, երկինքի մէջ ու երկրի վրայ բոլոր մտացի արարածները միութեան մէջ պիտի ըլլան