Կը փափաքի՞ս լաւ բարեկամներ ունենալ
Կը փափաքի՞ս լաւ բարեկամներ ունենալ
ՄԱՐԴՈՑ մեծամասնութիւնը կը փափաքի լաւ բարեկամներ ունենալ։ Փորձառութիւններդ սերտ բարեկամներու պատմելը կը ճոխացնէ կեանքդ։ Բայց ի՞նչպէս կրնաս հարազատ բարեկամներ գտնել։ Շուրջ 2,000 տարի առաջ, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ մարդկային բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ յաջողութիւն գտնելու բանալին՝ անձնուրաց սէրն է։ Ան սորվեցուց. «Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ (Ղուկաս 6։31) Այս խօսքը, որ յաճախ կոչուած է Ոսկեղէն Կանոն, ցոյց կու տայ թէ բարեկամներ ունենալու համար, անձնուրաց ու առատաձեռն պէտք է ըլլաս։ Ուրիշ խօսքով, բարեկամ ունենալու համար՝ բարեկամ պէտք է ըլլաս։ Ի՞նչպէս։
Սերտ ու ջերմ բարեկամութիւնը մէկ օրուան մէջ չի մշակուիր։ Բարեկամները ծանօթներէն շա՜տ տարբեր են։ Անոնք անհատներ են՝ որոնց հետ զգացական կապեր կը հաստատես։ Իսկ սերտ կապեր մշակելն ու պահպանելը ջանքի կը կարօտի։ Բարեկամութիւնը յաճախ կը պահանջէ որ բարեկամիդ կարիքները հանգիստէդ առաջ դասես։ Բարեկամները ո՛չ միայն իրենց ուրախութիւնները կը բաժնեն, այլեւ՝ իրենց յուսախաբութիւնները։
Իսկական բարեկամութիւն կը ցուցաբերես յատկապէս երբ կարիքաւոր մէկու մը զգացականօրէն ու գործնականօրէն թիկունք կը կանգնիս։ Առակաց 17։17–ն կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր [է]՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած»։ Իրականութեան մէջ, բարեկամական կապերը կրնան որոշ ընտանեկան կապերէ աւելի զօրաւոր ըլլալ։ Առակաց 18։24–ը կը նշէ. «Բարեկամներ կան, որ բարեկամ կը ձեւանան, բայց եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ»։ Կը փափաքի՞ս այսպիսի իմաստալից բարեկամութիւններ ի՛նչպէս մշակելու մասին աւելին գիտնալ։ Կ’ուզե՞ս անոնցմէ մէկը ըլլալ, որոնք իրարու հանդէպ սէր ունին։ (Յովհաննու 13։35) Շրջանիդ մէջ գտնուող Եհովայի Վկաները սիրով պիտի բացատրեն թէ ի՛նչպէս կրնաս իսկական բարեկամներ գտնել։