Մեսիայի մը կարիք ունի՞նք
Մեսիայի մը կարիք ունի՞նք
ՏԵՂԻՆ է վերոնշեալ հարցումը ուղղել։ Արդարեւ տրամաբանական է որ հարց տաս թէ Մեսիա մը կրնա՞յ իսկական ազդեցութիւն ունենալ քու վրադ։
Ոմանք, որոնց կարծիքը կը յարգես, քեզ պիտի հաւաստիացնեն թէ պատասխանը յստակ ու որոշ է. անպայման Մեսիայի մը կարիք ունիս, մնացեալ բոլոր մարդոց պէս։ Առաջին դարուն, Մեսիայի մասին հրէական օրէնքի մասնագէտ մը գրեց. «Քրիստոս Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն Այոն է»։ Այսպէս ան ցցուն ըրաւ երկրի բոլոր ազգերը օրհնելու մեր Ստեղծիչին նպատակին մէջ Մեսիային խաղցած բանալի դերը։ (Բ. Կորնթացիս 1։20, Անթիլիաս) Մեսիայի դերը ա՛յնքան կենսական է, որ իր գալուստը եւ կեանքը Աստուածաշունչի մարգարէութեան առանցքը կը կազմեն։ Վերջին 70 տարուան ընթացքին միլիոնաւորներու կողմէ գործածուած ձեռագիրքի մը մէջ, Հէնրի Հ. Հէլի պնդեց. «Հին Կտակարանը գրուեցաւ [Մեսիայի] գալուստին հանդէպ ակնկալութիւն արթնցնելու եւ ճամբան հարթելու համար»։ Բայց անոր գալուստը անհրաժե՞շտ է։ Ասիկա ինչո՞ւ քեզ պէտք է հետաքրքրէ։
«Մեսիա» կը նշանակէ «Օծեալ» եւ համազօր է հանրածանօթ «Քրիստոս» արտայայտութեան։ Համայնագիտարան մը (Encyclopædia Britannica, 1970 Edition) անոր կ’ակնարկէ որպէս «մեծագոյն փրկիչը», եւ ան պէտք էր գար, առաջին մարդկային զոյգին՝ Ադամի ու Եւայի անյարգալից արարքներուն պատճառով։ Անոնք կատարեալ ստեղծուեցան, դրախտի մէջ անվերջ կեանք վայելելու հեռանկարով, բայց զայն կորսնցուցին։ Ըմբոստ հրեշտակ մը, որ հետագային ճանչցուեցաւ որպէս Սատանայ ու Բանսարկու, դաւանեցաւ թէ Ստեղծիչը չափազանց խիստ է եւ անոնք աւելի յաջողակ պիտի ըլլան՝ իրենք իրենց որոշելով ինչ որ բարի ու ինչ որ չար է։—Ծննդոց 3։1-5
Եւա խաբուեցաւ եւ այդ սուտին հաւատաց։ Ադամ, ըստ երեւոյթին իր կնոջ ընկերակցութիւնը Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութենէն աւելի արժեւորելով, Բանսարկուի հրահրած ըմբոստութեան միացաւ։ (Ծննդոց 3։6. Ա. Տիմոթէոս 2։14) Իրենց արարքներով, անոնք ո՛չ միայն դրախտային միջավայրի մէջ անվերջ կեանքի հեռանկարը կորսնցուցին, այլեւ՝ արեւ չտեսած իրենց զարմին փոխանցեցին մեղքն ու անոր հետեւանքը՝ մահը։—Հռովմայեցիս 5։12
Մեր Ստեղծիչը՝ Եհովա անմիջապէս որոշեց այն միջոցը, որով պիտի յեղաշրջէր ըմբոստութենէն յառաջ եկած գէշ հետեւանքները։ Ան հաշտութիւն պիտի իրագործէր, գործածելով օրինական սկզբունք մը, որ հետագային Մովսիսական Օրէնքին մաս պիտի կազմէր,– նմանը հատուցանել։ (Բ. Օրինաց 19։21. Ա. Յովհաննու 3։8) Այս օրինական սկզբունքին գոհացում պէտք էր տրուէր, որպէսզի Ադամի ու Եւայի խեղճ զարմը կարենար դրախտային երկրի վրայ անվերջ կեանք ստանալ, ինչպէս Ստեղծիչը նպատակադրած էր մարդկային ընտանիքին համար։ Ասիկա մեզ կը բերէ Մեսիային։
Բանսարկուին դէմ դատավճիռ արձակելով, Եհովա Աստուած Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութեան մէջ նշեց. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։15) Աստուածաշունչի ուսումնական մը դիտել տուաւ թէ «այս յայտարարութեամբ կը սկսի Սուրբ Գրութիւններուն ներկայացուցած Մեսիական խոստումներուն պատմութիւնը»։ Ուրիշ մը ըսաւ թէ Մեսիան Աստուծոյ գործիքն է, որ «մեղքին ամէն հետեւանքը պիտի յեղաշրջէ» եւ մարդկութեան օրհնութիւններ բերէ։—Եբրայեցիս 2։14, 15
Սակայն, թերեւս կ’անդրադառնաս թէ ներկայիս մարդկութիւնը օրհնեալ վիճակի մէջ չէ։ Մարդը յուսահատութեան եւ վհատութեան մէջ ընկղմած է։ Զարմանալի չէ որ համայնագիտարան մը (The World Book Encyclopedia) կ’ըսէ թէ «Հրեաներէն շատեր տակաւին կ’ակնկալեն Մեսիայի մը գալը», որ «սխալները պիտի շտկէ եւ ժողովուրդին թշնամիները պիտի նուաճէ»։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Մեսիան արդէն եկած է։