Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տնտեսութիւն՝ Աստուծոյ նպատակը իրագործելու համար

Տնտեսութիւն՝ Աստուծոյ նպատակը իրագործելու համար

Տնտեսութիւն՝ Աստուծոյ նպատակը իրագործելու համար

«Ամէն բան [Աստուծոյ] կամքին խորհուրդովը կը գործադրուի»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 1։11

1. Եհովայի Վկաներու բոլոր ժողովքները ինչո՞ւ պիտի ժողվուին 12 Ապրիլ 2006–ին։

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ 12 Ապրիլ 2006–ին, արեւնամուտէն ետք շուրջ 16 միլիոն հոգի պիտի հաւաքուի, Տէրունական Ընթրիքը տօնելու համար։ Իւրաքանչիւր ժողովասրահի մէջ սեղան մը պիտի ըլլայ, որուն վրայ պիտի դրուին Քրիստոսի մարմինը խորհրդանշող անխմոր հաց եւ իր թափուած արիւնը խորհրդանշող կարմիր գինի։ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին իմաստը բացատրող դասախօսութեան վերջաւորութեան, այս խորհրդանիշները,– նախ՝ հացը, ապա գինին,– բոլոր ներկաներուն պիտի ներկայացուին։ Եհովայի Վկաներու քանի մը ժողովքներու մէջ, միայն մէկ կամ երկու հոգի խորհրդանիշներուն պիտի մասնակցին, իսկ շատ մը պարագաներուն, ո՛չ մէկը պիտի մասնակցի։ Ինչո՞ւ երկինքի մէջ ապրելու յոյս ունեցող փոքրաթիւ Քրիստոնեաները կը մասնակցին, եւ երկրի վրայ յաւերժ ապրելու յոյս ունեցող մեծամասնութիւնը չի մասնակցիր։

2, 3. (ա) Եհովա իր նպատակին համաձայն ի՞նչպէս սկսաւ ստեղծել։ (բ) Եհովա ի՞նչ նպատակով երկիրն ու մարդկութիւնը ստեղծեց։

2 Եհովա նպատակի տէր Աստուած է։ Իր նպատակը իրագործելու համար, ան ‘ամէն բան իր կամքին խորհուրդովը կը գործադրէ’։ (Եփեսացիս 1։11) Ան նախ իր միածին Որդին ստեղծեց։ (Յովհաննու 1։1, 14. Յայտնութիւն 3։14) Ապա, այս Որդիին միջոցով, Եհովա հոգեղէն որդիներէ բաղկացած ընտանիք մը ստեղծեց, եւ ի վերջոյ՝ ֆիզիքական տիեզերքը, երկիրն ու մարդը։—Յոբայ 38։4, 7. Սաղմոս 103։19-21. Յովհաննու 1։2, 3. Կողոսացիս 1։15, 16

3 Եհովա երկրագունդը իբր փորձադաշտ չստեղծեց, երկինքի մէջ իր հոգեղէն որդիներուն թիւը աւելցնելու նպատակով, ինչպէս Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներէն շատեր կը սորվեցնեն։ Ան զայն ստեղծեց որոշ նպատակով՝ «բնակութեան համար»։ (Եսայեայ 45։18) Երկիրը մարդուն համար ստեղծուեցաւ, եւ մարդը՝ երկրին համար։ (Սաղմոս 115։16) Ամբողջ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածուէր, արդար մարդոցմով լեցուն, որոնք անոր հոգ պիտի տանէին։ Երկինք երթալու հեռանկարը երբեք չէր ներկայացուած առաջին մարդկային զոյգին։—Ծննդոց 1։26-28. 2։7, 8, 15

Եհովայի նպատակին դէմ կը դրուի

4. Գերիշխանութիւն ի գործ դնելու Եհովայի կերպը ի՞նչպէս հարցականի տակ դրուեցաւ մարդկութեան պատմութեան արշալոյսին։

4 Աստուծոյ հոգեղէն որդիներէն մէկը ապստամբեցաւ եւ վճռեց Եհովայի նպատակը խափանել, ազատ կամքի աստուածային պարգեւը սխալ կերպով գործածելով։ Ան Եհովայի գերիշխանութեան սիրալիրօրէն ենթարկուողներուն խաղաղութիւնը խանգարեց։ Սատանան մարդկային առաջին զոյգը մղեց Աստուծմէ անկախ ըլլալու։ (Ծննդոց 3։1-6) Ան Եհովայի զօրութիւնը չժխտեց, բայց հարցականի տակ դրաւ գերիշխանութիւնը ի գործ դնելու Իր կերպը եւ հետեւաբար՝ իշխելու Իր իրաւունքը։ Այսպէս, Եհովայի գերիշխանութեան հիմնական հարցը յարուցուեցաւ երկրի վրայ, մարդկութեան պատմութեան արշալոյսին։

5. Ի՞նչ երկրորդական հարց յարուցուեցաւ եւ որո՞նք պարփակեց։

5 Տիեզերական գերիշխանութեան գլխաւոր հարցին հետ սերտօրէն առնչուած է երկրորդական հարց մը, որ Յոբի օրերուն Սատանան մէջտեղ հանեց։ Ան կասկած յարուց թէ Եհովայի արարածները ի՛նչ շարժառիթով Իրեն կը հպատակին ու կը ծառայեն, հասկցնելով թէ պատճառը անձնասիրական է ու անոնք փորձի ներքեւ Աստուծոյ կը հակառակին։ (Յոբայ 1։7-11. 2։4, 5) Այս մարտահրաւէրը նաեւ պարփակեց Աստուծոյ հոգեղէն որդիները, նոյնիսկ՝ Եհովայի միածին Որդին։

6. Եհովա ի՞նչպէս իր նպատակին ու անուան հանդէպ հաւատարիմ գտնուեցաւ։

6 Իր նպատակին ու իր անուան նշանակութեան հանդէպ հաւատարիմ գտնուելով, Եհովա պատճառ եղաւ որ Մարգարէ ու Փրկիչ դառնայ։ * Ան Սատանայի ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։15) Իր «կնոջ»՝ այսինքն իր կազմակերպութեան երկնային մասին՝ Սերունդին միջոցով, Եհովա Սատանայի մարտահրաւէրին պիտի պատասխանէր եւ ազատագրութեան ու կեանքի յոյս պիտի հայթայթէր Ադամի զարմին։—Հռովմայեցիս 5։21. Գաղատացիս 4։26, 31

«Իր կամքին խորհուրդը»

7. Պօղոս առաքեալի միջոցով, Եհովա ի՞նչ նպատակ յայտնեց։

7 Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ թէ Եհովա ի՛նչպէս հարցերը կարգի կը դնէ՝ իր նպատակը իրագործելու համար։ Ան գրեց. «Գիտցուց մեզի իր կամքին խորհուրդը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն, որ իր մէջ առաջադրած էր. որպէսզի ժամանակներու լրումին տնտեսութեան մէջ՝ Քրիստոսով համախմբէ ամէն բան, անոր մէջ միացնէ թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, թէ՛ երկրի վրայ եղողները»։ (Եփեսացիս 1։9, 10, ԱՎ) Եհովայի փառաւոր նպատակն է՝ յառաջ բերել միացեալ տիեզերք մը, ուր արարածները սիրալիրօրէն կ’ենթարկուին իր գերիշխանութեան։ (Յայտնութիւն 4։10) Այսպէս՝ իր անունը պիտի սրբացուի, Սատանայի ստախօս ըլլալը պիտի փաստուի, եւ աստուածային կամքը պիտի կատարուի «ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։10

8. «Տնտեսութիւն» թարգմանուած բառին իմաստը ի՞նչ է։

8 Եհովայի «բարեհաճութիւն»ը կամ նպատակը պիտի իրականանար «տնտեսութեան» միջոցով։ Պօղոս գործածեց բառ մը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «տան մը գործերու կարգաւորում եւ կառավարում»։ Անիկա չ’ակնարկեր կառավարութեան մը, ինչպէս Մեսիական Թագաւորութիւնը, այլ՝ կը նշէ հարցերը ձեռք առնելու կերպ մը։ * Այն հոյակապ կերպը՝ որով Եհովա իրերը պիտի վարէր իր նպատակը իրագործելու համար, պարփակեց «խորհուրդ» մը, որ դարերու ընթացքին աստիճանաբար պիտի պարզուէր։—Եփեսացիս 1։10. 3։9

9. Եհովա ի՞նչպէս իր կամքին խորհուրդը աստիճանաբար յայտնեց։

9 Մի քանի ուխտերու միջոցով, Եհովա աստիճանաբար յայտնեց թէ Եդեմի մէջ խոստացուած Սերունդին վերաբերեալ իր նպատակը ի՛նչպէս պիտի իրագործուէր։ Աբրահամական ուխտը երեւան հանեց թէ խոստացեալ Սերունդը Աբրահամի զարմէն պիտի ըլլար եւ անոր միջոցով «երկրի բոլոր ազգերը» իրենք զիրենք պիտի օրհնէին։ Այդ ուխտը նաեւ ակնարկեց թէ սերունդին գլխաւոր մասին կողքին ուրիշներ ալ պիտի ըլլային։ (Ծննդոց 22։17, 18) Մարմնաւոր Իսրայէլի հետ եղած Օրէնքի ուխտը յայտնեց «քահանաներու թագաւորութիւն» մը ունենալու Եհովայի նպատակը։ (Ելից 19։5, 6) Դաւիթի հետ եղած ուխտը ցոյց տուաւ թէ Սերունդը Թագաւորութեան մը Գլուխը պիտի ըլլար յաւիտեան։ (Բ. Թագաւորաց 7։12, 13. Սաղմոս 89։3, 4) Օրէնքի ուխտը Հրեաները Մեսիային առաջնորդելէ ետք, Եհովա իր նպատակին իրագործման վերաբերեալ յաւելեալ երեսակներ յայտնեց։ (Գաղատացիս 3։19, 24) Սերունդին գլխաւոր մասին հետ ընկերակցող մարդիկը, նախագուշակուած «քահանաներու թագաւորութիւն»ը պիտի կազմէին եւ «նոր ուխտ»ի մը մէջ պիտի բերուէին որպէս նոր կամ հոգեւոր «Իսրայէլ»։—Երեմեայ 31։31-34. Եբրայեցիս 8։7-9 *

10, 11. (ա) Եհովա նախագուշակուած Սերունդը ի՞նչպէս յայտնեց։ (բ) Աստուծոյ միածին Որդին ինչո՞ւ երկիր եկաւ։

10 Երբ աստուածային նպատակին կարգադրութեան համաձայն ժամանակը եկաւ որ նախագուշակուած Սերունդը երկրի վրայ յայտնուի, Եհովա Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց որ Մարիամի իմացնէ թէ որդի մը պիտի ծնէր, որ Յիսուս պիտի կոչուէր։ Հրեշտակը անոր ըսաւ. «Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ (Ղուկաս 1։32, 33) Այսպիսով խոստացեալ Սերունդին ինքնութիւնը բացայայտ դարձաւ։—Գաղատացիս 3։16. 4։4

11 Անհրաժեշտ էր որ Եհովայի միածին Որդին երկիր գար եւ ծայր աստիճան փորձի ենթարկուէր։ Սատանայի մարտահրաւէրին կատարեալ պատասխանը կախեալ էր Յիսուսի կենցաղէն։ Ան իր Հօր հաւատարիմ պիտի մնա՞ր։ Ասիկա սրբազան խորհուրդ մը պարփակեց։ Հետագային Պօղոս առաքեալ Յիսուսի դերը բացատրեց. «Յայտնապէս մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը՝ որ երեւցաւ մարմինով, արդարացաւ հոգիով, յայտնուեցաւ հրեշտակներուն, քարոզուեցաւ հեթանոսներուն մէջ, հաւատալի եղաւ աշխարհի մէջ եւ վերացաւ փառքով»։ (Ա. Տիմոթէոս 3։16, Երուսաղէմ) Այո, մինչեւ մահ իր ուղղամտութիւնը անխախտ պահելով, Յիսուս վճռական պատասխանը հայթայթեց Սատանայի մարտահրաւէրին։ Բայց սրբազան խորհուրդին այլ մանրամասնութիւններ դեռ պիտի յայտնուէին։

«Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդը»

12, 13. (ա) «Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդ»ին երեսակներէն մէկը ի՞նչ է։ (բ) Եհովայի կողմէ երկինք գացող փոքրաթիւ մարդիկ ընտրելը ի՞նչ պարփակեց։

12 Գալիլիոյ մէջ, իր քարոզչական մէկ շրջապտոյտին ընթացքին, Յիսուս նշեց թէ սրբազան խորհուրդը սերտօրէն առնչուած էր իր Մեսիական Թագաւորութեան կառավարութեան հետ։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեզի տրուած է գիտնալ երկնքի թագաւորութեան [«Աստուծոյ թագաւորութեան», Մարկոս 4։11] խորհուրդները»։ (Մատթէոս 13։11) Այդ խորհուրդին մէկ երեսակն էր որ Եհովա 144,000 մարդոցմէ բաղկացած «պզտիկ հօտ» մը ընտրէր որպէս սերունդին մէկ մասը, իր Որդիին հետ երկինքի մէջ իշխելու համար։—Ղուկաս 12։32. Յայտնութիւն 14։1, 4

13 Քանի որ մարդիկ երկրի վրայ ապրելու համար ստեղծուած էին, Եհովա ‘նոր ստեղծագործութիւն’ պիտի ընէր, որպէսզի կարգ մը մարդիկ երկինք երթային։ (Բ. Կորնթացիս 5։17) Այս բացառիկ երկնային յոյսը վայելելով, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը, անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի»։—Ա. Պետրոս 1։3, 4

14. (ա) «Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդ»ին մէջ ի՞նչպէս ոչ–Հրեաներ պարփակուած էին։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ‘Աստուծոյ այս խորունկ բաները’ ըմբռնել։

14 Սրբազան խորհուրդին այլ երեսակ մըն է՝ ապագայ Թագաւորութեան կառավարութեան մէջ ոչ–Հրեաներ պարփակել։ Պօղոս Եհովայի «տնտեսութեան» այս երեսիկը բացատրեց. «Այդ ծրագիրը Աստուած չյայտնեց մարդկութեան նախորդ սերունդներուն այնպէս՝ ինչպէս հիմա Սուրբ Հոգիին միջոցաւ յայտնեց իր սուրբ առաքեալներուն եւ մարգարէներուն։ Եւ Աստուծոյ ծրագիրը սա է, որ Աւետարանին միջոցաւ բոլոր ազգերն ալ Աստուծոյ ժողովուրդին ժառանգակից ըլլան, դառնան նոյն մարմինին անդամ, եւ բաժնեկից այն խոստումին՝ որ Աստուած իրագործեց Քրիստոս Յիսուսով»։ (Եփեսացիս 3։5, 6, Անթիլիաս) Սրբազան խորհուրդին այս երեսակին հասկացողութիւնը տրուեցաւ «սուրբ առաքեալներուն»։ Նոյնպէս այսօր, եթէ սուրբ հոգիին օգնութիւնը չըլլար, ‘Աստուծոյ այս խորունկ բաները’ պիտի չհասկնայինք։—Ա. Կորնթացիս 2։10. 4։1. Կողոսացիս 1։26, 27

15, 16. Եհովա ինչո՞ւ Քրիստոսի իշխանակիցները մարդոց մէջէն ընտրեց։

15 Երկնային Սիօն լերան վրայ «Գառնուկ»ին՝ Քրիստոս Յիսուսի հետ կայնած «հարիւր քառասունչորս հազար»ին մասին կ’ըսուի թէ անոնք ‘երկրէն գնուած են’ եւ «մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու»։ (Յայտնութիւն 14։1-4) Եհովա իր երկնային առաջին որդին ընտրեց՝ Եդեմի մէջ խոստացուած սերունդին գլխաւոր մասը ըլլալու համար, բայց ինչո՞ւ Քրիստոսի ընկերակիցները մարդոց մէջէն ընտրեց։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ թէ անոնք «կանչուած են [Եհովայի] առաջադրութեան համաձայն», «իր կամքին հաճութեանը պէս»։—Հռովմայեցիս 8։17, 28-30, ԱՎ. Եփեսացիս 1։5, 11. Բ. Տիմոթէոս 1։9

16 Եհովայի նպատակն է իր մեծ ու սուրբ անունը սրբացնել եւ իր տիեզերական գերիշխանութիւնը ջատագովել։ Իր անսահմանօրէն իմաստուն «տնտեսութեամբ», կամ հարցերը ձեռք առնելու կերպով, Եհովա իր անդրանիկ Որդին երկիր ղրկեց, ուր ծայր աստիճան փորձի ենթարկուեցաւ։ Ասկէ զատ, ան որոշեց որ իր Որդիին Մեսիական Թագաւորութեան կառավարութիւնը մարդիկ պարփակէ, որոնք մինչեւ մահ Իր գերիշխանութիւնը վեր բռնած են։—Եփեսացիս 1։8-12. Յայտնութիւն 2։10, 11

17. Ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ որ Քրիստոս ու իր իշխանակիցները ատեն մը որպէս մարդ արարածներ ապրեցան։

17 Եհովա Ադամի զարմին հանդէպ իր մեծ սէրը ցուցաբերեց, իր Որդին երկիր ղրկելով եւ մարդոց մէջէն անհատներ ընտրելով, որոնք իր Որդիին Թագաւորութեան կառավարութեան մէջ իշխանակիցներ պիտի ըլլան։ Ասիկա ի՞նչպէս պիտի օգտէ բոլոր անոնց, որ Աբէլէն սկսեալ Եհովայի հաւատարիմ եղած են։ Ի ծնէ մեղքին ու մահուան ստրուկներ ըլլալով, անկատար մարդիկ հոգեւորապէս ու ֆիզիքապէս բուժուելու եւ կատարելութեան հասնելու կարիք ունին, մարդկութեան վերաբերեալ Եհովայի սկզբնական նպատակին համաձայն։ (Հռովմայեցիս 5։12) Երկրի վրայ յաւերժ ապրիլ ակնկալողներուն համար ի՜նչ մխիթարական է գիտնալ թէ իրենց Թագաւորը սէր ու հասկացողութիւն պիտի ցուցաբերէ, ճիշդ ինչպէս իր աշակերտներուն հանդէպ ցուցաբերեց՝ իր երկրային ծառայութեան ընթացքին։ (Մատթէոս 11։28, 29. Եբրայեցիս 2։17, 18. 4։15. 7։25, 26) Իսկ որքա՜ն սրտապնդիչ է անդրադառնալ թէ երկինքի մէջ Քրիստոսի ընկերակցող թագաւորներն ու քահանաները, հաւատքի տէր տղամարդիկ ու կիներ էին, որոնք մեզի նման անձնական տկարութիւններ ու կեանքի դժուարութիւններ դիմագրաւեցին։—Հռովմայեցիս 7։21-25

Եհովայի ստոյգ նպատակը

18, 19. Եփեսացիս 1։8-11–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը ինչո՞ւ աւելի յստակօրէն կը հասկնանք, իսկ յաջորդ յօդուածը ի՞նչ բան ցոյց պիտի տայ։

18 Այժմ աւելի լաւ կրնանք հասկնալ Եփեսացիս 1։8-11–ի մէջ օծեալ Քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերուն նշանակութիւնը։ Ան ըսաւ թէ Եհովա անոնց գիտցուց «իր կամքին խորհուրդը», եւ անոնք Քրիստոսով ‘ժառանգութիւն ստացան’, «նախասահմանուած ըլլալով համաձայն առաջադրութեան անո՛ր՝ որ կը ներգործէ ամէն բան իր կամքին ծրագրին համաձայն»։ Կ’ըմբռնենք թէ ասիկա ներդաշնակ է իր նպատակը իրագործելու Եհովայի հոյակապ «տնտեսութեան» հետ։ Ասիկա նաեւ կ’օգնէ մեզի հասկնալու թէ ինչո՛ւ Տէրունական Ընթրիքին ներկայ եղող Քրիստոնեաներէն քիչեր կը մասնակցին խորհրդանիշներուն։

19 Յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ թէ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը երկնային յոյս ունեցող Քրիստոնեաներուն համար ի՛նչ կը նշանակէ, եւ երկրի վրայ յաւերժ ապրելու յոյս ունեցող միլիոնաւորներ ինչո՛ւ մեծապէս պէտք է հետաքրքրուին Յիշատակատօնի նշանակութեամբ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Աստուածային անունը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Եհովա կրնայ ըլլալ ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակը իրագործելու համար։—Ելից 3։14

^ պարբ. 8 Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ «տնտեսութիւն»ը արդէն իր օրերուն կը գործէր, մինչ Մեսիական Թագաւորութիւնը 1914–ին հաստատուեցաւ, ինչպէս Սուրբ Գրութիւնները կը յայտնեն։

^ պարբ. 9 Աստուծոյ նպատակին կատարման հետ առնչուած այս ուխտերուն մանրամասն քննարկութեան համար, տես՝ Դիտարան 1 Մարտ 1989 թիւը, էջ 10-15։

Վերաքաղի համար

• Եհովա ինչո՞ւ երկիրն ու մարդը ստեղծեց։

• Ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր որ Եհովայի միածին Որդին երկրի վրայ փորձի ենթարկուէր։

• Եհովա ինչո՞ւ Քրիստոսի իշխանակիցները մարդոց մէջէն ընտրեց։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]