Աստուածաշունչը հասկնալը՝ քեզի մատչելի հաճոյք մը
Աստուածաշունչը հասկնալը՝ քեզի մատչելի հաճոյք մը
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Աստուծոյ կողմէ տրուած թանկագին ճշմարտութիւններ կը բովանդակէ։ Անիկա կը յայտնէ կեանքի նպատակը, մարդկային տառապանքին պատճառը եւ մարդկութեան ապագան։ Անիկա մեզի կը սորվեցնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք երջանկութիւն վայելել, բարեկամութիւններ հաստատել եւ խնդիրներու հետ գլուխ ելլել։ Ասկէ աւելի, մեր Ստեղծիչին ու երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի մասին կը սորվինք։ Այս գիտութիւնը մեզի բերկրանք կը բերէ եւ մեր կեանքին իմաստ կու տայ։
Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ մասին գիտութիւն առնելը ուտելու նմանցուած է։ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։ (Մատթէոս 4։4. Եբրայեցիս 5։12-14) Ճիշդ ինչպէս ամէն օր սննդարար կերակուր ուտելը ողջ մնալու համար անհրաժեշտ է, նոյնպէս Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալը, յաւիտենական կեանքի վերաբերեալ Աստուծոյ խոստումէն օգտուելու համար անհրաժեշտ է։
Ուտելէն կ’ախորժինք մեր կազմուածքին պատճառով եւ քանի որ հիմնական կարիք մը կը լեցնէ։ Իսկ երջանիկ ըլլալու համար, այլ հիմնական կարիքի մը հոգ պէտք է տանինք։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքին»։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Երջանկութիւնը կարելի է, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը հասկնալով կրնանք այդ հոգեւոր կարիքը գոհացնել։
Ճիշդ է որ ոմանք Աստուածաշունչը հասկնալը դժուար կը գտնեն։ Օրինակ, թերեւս օգնութեան հարկ ըլլայ երբ կարդաս համարներ, որոնք անծանօթ սովորութիւններու կ’ակնարկեն կամ այլաբանական արտայայտութիւններ կը գործածեն։ Իսկ այլաբանական լեզուով գրուած մարգարէութիւնները հասկնալու Դանիէլ 7։1-7. Յայտնութիւն 13։1, 2) Այսուհանդերձ կրնա՛ս Աստուածաշունչը հասկնալ։ Ինչո՞ւ։
համար, նոյն նիւթին հետ առնչուած այլ համարներու դիմելու ես։ (Բոլորին մատչելի հաճոյք մը
Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Անոր մէջ Աստուած մեզի կը յայտնէ իր կամքը։ Աստուած պիտի հայթայթէ՞ր գիրք մը, որ անըմբռնելի է կամ միայն բարձր ուսում ունեցողները կը հասկնան զայն։ Ո՛չ։ Եհովա անազնիւ չէ։ Քրիստոս Յիսուս ըսաւ. «Եթէ որդի մը հաց ուզէ ձեզմէ ոեւէ մէկէն՝ որ հայր է, միթէ քա՞ր պիտի տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, միթէ ձուկին տեղ օ՞ձ պիտի տայ անոր. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, միթէ կարի՞ճ պիտի տայ անոր։ Ուրեմն եթէ դո՛ւք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն բարի նուէրներ տալ, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգի՛ն պիտի տայ անոնց՝ որ կը խնդրեն իրմէ»։ (Ղուկաս 11։11-13, ԱՎ) Ուստի կրնաս վստահ ըլլալ թէ Աստուածաշունչը հասկնալը կարողութեանդ սահմաններէն ներս է, եւ եթէ Աստուծմէ անկեղծօրէն խնդրես, ան քեզի հարկ եղած օգնութիւնը պիտի հայթայթէ՝ իր Խօսքը ըմբռնելու համար։ Իրականութեան մէջ, նոյնիսկ երախաները կրնան Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները հասկնալ։—Բ. Տիմոթէոս 3։15
Թէեւ Աստուածաշունչը հասկնալը ջանք կը պահանջէ, սակայն ասիկա կրնայ մեր վրայ զօրաւոր ու խթանիչ ազդեցութիւն մը ունենալ։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս երկու աշակերտի երեւցաւ եւ անոնց խօսեցաւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն մասին։ Ղուկասի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն, կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր»։ Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը։ Նոյն իրիկունը, իրենց սորված բաներուն վրայ խոկալով, երկու աշակերտները իրարու ըսին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր»։ (Ղուկաս 24։13-32) Աստուծոյ Խօսքը հասկնալը անոնց հաճոյք պատճառեց, քանի որ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ իրենց հաւատքը զօրացուց եւ ապագային նկատմամբ դրական տեսակէտ մը տուաւ իրենց։
Փոխանակ բեռ ըլլալու, Աստուծոյ խօսքը հասկնալը հետաքրքրական ու օգտակար է, եւ նոյնքան հաճելի՝ որքան համով ճաշ մը ուտելը։ Այս հասկացողութիւնը ձեռք ձգելու համար ի՞նչ պէտք է ընես։ Յաջորդ յօդուածը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնաս ‘Աստուծոյ գիտութենէն’ հաճոյք առնել։—Առակաց 2։1-5
[Նկար՝ էջ 4]
Սիրալիր հօր մը նման, Եհովա սուրբ հոգին կու տայ՝ մեզի օգնելու որ Աստուածաշունչը հասկնանք