Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը հասկնալու համար՝ ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել

Աստուածաշունչը հասկնալու համար՝ ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել

Աստուածաշունչը հասկնալու համար՝ ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել

«ԱՅՍ բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ խելացիներէն, ու յայտնեցիր երախաներո՛ւն»։ (Ղուկաս 10։21, ԱՎ) Այս խօսքերը որ Յիսուս իր երկնաւոր Հօր ուղղեց, ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչը հասկնալու համար՝ շիտակ տեսակէտը պէտք է ունենանք։ Եհովայի իմաստութեան մէկ ապացոյցն է որ ան գիրք մը հայթայթած է, որ միայն խոնարհ եւ ուսուցանուելու ընդունակ մարդիկ կրնան զայն իրապէս հասկնալ։

Մեզմէ շատերուն համար խոնարհութիւն ցուցաբերելը դժուար է։ Բոլորս հպարտ ըլլալու ժառանգական հակում ունինք։ Ասկէ զատ, «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, այնպիսի մարդոց հետ՝ որոնք ‘անձնասէր, ամբարտաւան ու հպարտ’ են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4) Այս կեցուածքները Աստուծոյ Խօսքը հասկնալու խոչընդոտներ են։ Դժբախտաբար, որոշ տարողութեամբ մեր շրջապատէն կ’ազդուինք։ Ուստի ի՞նչպէս կրնաս Աստուածաշունչը հասկնալու համար հարկ եղած կեցուածքը ունենալ։

Սիրտն ու միտքը պատրաստել

Աստուծոյ ժողովուրդին վաղեմի մէկ առաջնորդը՝ Եզրաս, «իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ»։ (Եզրասայ 7։10) Ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը պատրաստել։ Նախ՝ Սուրբ Գրութիւններուն հանդէպ պատշաճ տեսակէտ մը պէտք է որդեգրենք։ Պօղոս առաքեալ հաւատակից Քրիստոնեաներուն գրեց. «Երբ ընդունեցիք Աստուծոյ խօսքը՝ որ մեզմէ լսեցիք, ընդունեցիք զայն ո՛չ թէ իբր մարդոց խօսք, հապա՝ ինչ որ ան ճշմա՛րտապէս է՝ որպէս Աստուծոյ խօսք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13, ԱՎ) Թէեւ Սուրբ Գրութիւնները գրելու համար մարդիկ գործածուեցան, սակայն անոնք Եհովայի ըսածները գրեցին։ Այս կենսական իրողութիւնը ընդունիլը կ’օգնէ որ մեր կարդացածին ընդառաջենք։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

Նաեւ աղօթքով մեր սիրտը կը պատրաստենք։ Որովհետեւ Աստուածաշունչը սուրբ հոգիով ներշնչուած է, անոր պատգամը հասկնալի կը դառնայ մեզի՝ սուրբ հոգիին օգնութեամբ։ Աղօթքով այս օգնութիւնը պէտք է խնդրենք, ինչպէս սաղմոսերգուն գրեց. «Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ»։ (Սաղմոս 119։34) Պէտք է աղօթենք ո՛չ միայն գրուածը միտքով ըմբռնելու, այլեւ՝ սրտանց ընդունելու համար։ Աստուածաշունչը հասկնալու համար, ճշմարիտ բաները ընդունելու պատրաստ պէտք է ըլլանք։

Մինչ կը խոկաս՝ շիտակ մտավիճակը ունենալու համար, նկատի առ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օգուտները։ Աստուծոյ Խօսքին դիմելու բազմաթիւ ընտիր պատճառներ ունինք, բայց ամենակարեւոր պատճառը այն է, թէ ան մեզ Աստուծոյ կը մօտեցնէ։ (Յակոբու 4։8) Երբ կը կարդանք թէ Եհովա ի՛նչպէս կը հակազդէ զանազան պարագաներու, ի՛նչպէս կ’արժեւորէ զինք սիրողները եւ ի՛նչպէս կը վարուի զինք լքողներուն հետ, կը սկսինք իր անձնաւորութիւնը ըմբռնել։ Աստուածաշունչը կարդալու մեր գլխաւոր շարժառիթը միշտ պէտք է ըլլայ՝ Աստուծոյ աւելի ծանօթանալ եւ իրեն հետ մեր յարաբերութիւնը ամրացնել։

Շիտակ տեսակէտը ունենալու խոչընդոտներ

Ի՞նչ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ որ Աստուծոյ Խօսքը հասկնանք։ Խոչընդոտներէն մէկը՝ անտեղի հաւատարմութիւնն է։ Օրինակ, թերեւս մեծապէս յարգուած կարգ մը անհատներու համոզումներուն ու կարծիքներուն կառչած ես։ Ի՞նչ պիտի ընես եթէ անոնք Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը չեն արժեւորեր։ Այս պարագային, Աստուածաշունչին սորվեցուցածը հասկնալը մարտահրաւէր մըն է։ Հետեւաբար Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ մեզի ուսուցանուած բաները բծախնդրաբար քննենք։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21

Յիսուսի մայրը՝ Մարիամ այսպիսի մարտահրաւէր մը դիմագրաւեց։ Ան հրէական աւանդութեան համաձայն կրթութիւն ստացած էր։ Ան Մովսիսական Օրէնքը կը պահէր եւ անտարակոյս ժողովարան կը յաճախէր։ Հետագային, ան անդրադարձաւ որ իր ծնողքէն սորված պաշտամունքի կերպը այլեւս Աստուծոյ ընդունելի չէր։ Ուստի ան Յիսուսի ուսուցումը ընդունեց եւ քրիստոնէական ժողովքին առաջին անդամներէն մէկը եղաւ։ (Գործք 1։13, 14) Այս քայլը առնելով, ան իր ծնողքին կամ անոնց աւանդութիւններուն հանդէպ անպատկառութիւն չէր ցուցաբերեր, այլ՝ Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը կ’արտայայտէր։ Աստուածաշունչէն օգտուելու համար, Մարիամի նման, ոեւէ անհատէ առաջ՝ Աստուծո՛յ հանդէպ հաւատարմութիւն պէտք է ցուցաբերենք։

Ցաւօք սրտի, շատեր Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը անարժէք կը նկատեն։ Ոմանք ստութեան վրայ հիմնուած կրօնական աւանդութիւններու հետեւելով գոհունակ են։ Ուրիշներ իրենց խօսելակերպով ու ապրելակերպով ճշմարտութեան հանդէպ արհամարհանք կը ցուցաբերեն։ Հետեւաբար Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ընդունիլը զոհողութիւն կը պահանջէ, քեզ անհամաձայն դարձնելով բարեկամներուդ, դրացիներուդ, գործընկերներուդ ու նոյնիսկ ընտանիքիդ հետ։ (Յովհաննու 17։14) Այսուհանդերձ, Սողոմոն իմաստուն գրեց. «Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր»։ (Առակաց 23։23) Եթէ ճշմարտութիւնը մեծապէս արժեւորես, Եհովա քեզի պիտի օգնէ Աստուածաշունչը հասկնալու։

Աստուածաշունչի պատգամը ըմբռնելու այլ խոչընդոտ մըն է՝ անոր ըսածը կիրարկելու չկամութիւնը։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեզի տրուած է գիտնալ երկնքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ։ Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին»։ (Մատթէոս 13։11, 15) Յիսուսի քարոզած անհատներուն մեծամասնութիւնը չընդառաջեց ու փոխուիլ չուզեց, հակապատկերը ըլլալով Յիսուսի առակին մէջ յիշուած վաճառականին, որ շատ պատուական մարգարիտ մը գտնելէ ետք՝ ծախեց իր ամբողջ ունեցածը ու գնեց զայն։ Նոյնպէս պէտք է արժեւորենք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը հասկնալը։—Մատթէոս 13։45, 46

Ուսուցանուելու ընդունակ ըլլալու դժուարութիւնը

Ուսուցանուելու ընդունակ չըլլալը՝ Աստուածաշունչը հասկնալու մեծ խոչընդոտ մըն է։ Ոմանք խեղճ թուող անհատէ մը նոր գաղափարներ ընդունիլը դժուար կը գտնեն։ Սակայն Յիսուս Քրիստոսի առաքեալները «տգէտ ու առանց ուսման» մարդիկ էին։ (Գործք 4։13) Պատճառը բացատրելով, Պօղոս գրեց. «Դուք ձեր կոչումը կը տեսնէք, ե՛ղբայրներ, որ ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ եւ ոչ թէ շատ զօրաւորներ եւ ոչ թէ շատ ազնուականներ կանչուեցան. բայց Աստուած աշխարհիս յիմարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ իմաստունները»։ (Ա. Կորնթացիս 1։26, 27) Եթէ զգաս թէ խեղճ անհատի մը կողմէ ուսուցանուիլը խոնարհութիւնդ փորձի կ’ենթարկէ, յիշէ թէ ան պարզապէս Աստուծոյ գործածած միջոցն է քեզի սորվեցնելու։ Արդարեւ մեր «Մեծ Ուսուցիչ»ին՝ Եհովայի կողմէ ուսուցանուելէ աւելի մեծ առանձնաշնորհում չկայ։—Եսայեայ 30։20, ՆԱ. 54։13

Սուրիացի սպարապետ Նէեման դիւրաւ չընդունեց որ համեստ անհատէ մը ցուցմունքներ ստանայ։ Իր բորոտութենէն բուժուելու համար, ան Եհովայի մարգարէին՝ Եղիսէի քով եկած էր։ Բայց ծառա՛յ մը իրեն հաղորդեց դարմանման վերաբերեալ Աստուծոյ հրահանգները։ Պատգամը եւ անոր ներկայացուած կերպը Նէեմանի խոնարհութիւնը փորձի ենթարկեցին, իսկ ան սկիզբը մերժեց Աստուծոյ մարգարէին խօսքերուն հնազանդիլ, ապա իր կեցուածքը փոխեց ու բուժուեցաւ։ (Դ. Թագաւորաց 5։9-14) Աստուածաշունչին դիմելով, համանման մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւենք։ Թերեւս իմանանք թէ հոգեւորապէս ու բարոյապէս բուժուելու համար, նոր ապրելակերպ մը պէտք է որդեգրենք։ Խոնարհաբար թոյլ պիտի տա՞նք որ ուրիշ մը մեզի սորվեցնէ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք։ Միայն ուսուցանուելու ընդունակ եղողները կրնան Աստուածաշունչը հասկնալ։

Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պալատականը ընտիր կեցուածք մը ցուցաբերեց։ Ան իր կառքը նստած՝ Ափրիկէ կը վերադառնար, երբ Փիլիպպոս աշակերտ վազելով իրեն մօտեցաւ ու հարցուց. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Պալատականը խոնարհաբար պատասխանեց. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ»։ Աստուծոյ Խօսքին մասին հասկացողութիւն ձեռք ձգելէ ետք, ան մկրտուեցաւ ու «իր ճամբան գնաց ուրախութեամբ»։—Գործք 8։27-39

Եհովայի Վկաները ընդհանուր առմամբ սովորական մարդիկ են։ Անոնք ամէն շաբաթ աւելի քան վեց միլիոն մարդոց տուներուն մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։ Որովհետեւ Աստուածաշունչը լաւագոյն ապրելակերպը կը սորվեցնէ, մարդկութեան միակ ստոյգ յոյսը կը բացատրէ եւ Աստուծոյ ծանօթանալու կերպը կը նշէ, միլիոնաւորներ նկատած են թէ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը եւ անոր ըսածը հասկնալը անսահման հաճոյք մըն է։ Անիկա քեզի մատչելի հաճոյք մըն է։

[Նկար՝ էջ 7]

Նէեման ծառայի մը տուած ցուցմունքները ընդունիլը դժուար գտաւ

[Նկար՝ էջ 7]

Աստուածաշունչը հասկնալը մեր սիրտը կը տոգորէ