Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք ու մկրտեցէ՛ք զանոնք’

‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք ու մկրտեցէ՛ք զանոնք’

‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք ու մկրտեցէ՛ք զանոնք’

«Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք . . . սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։19, 20, ԱՎ

1. Սինա լերան ստորոտը Իսրայէլ ազգը ի՞նչ որոշում կայացուց։

ՇՈՒՐՋ 3,500 տարի առաջ, ամբողջ ազգ մը Աստուծոյ ուխտ ըրաւ։ Սինա լերան ստորոտը հաւաքուած Իսրայելացիները հանրապէս յայտարարեցին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ Անկէ ի վեր, Իսրայէլ Աստուծոյ նուիրեալ ու «սեպհական ժողովուրդ»ը եղաւ։ (Ելից 19։5, 8. 24։3) Անոնք կ’ակնկալէին իր պաշտպանութիւնը վայելել եւ սերունդէ սերունդ ապրիլ ‘կաթ ու մեղր բխող’ երկրին մէջ։—Ղեւտացւոց 20։24

2. Ներկայիս մարդիկ Աստուծոյ հետ ի՞նչ յարաբերութիւն կրնան վայելել։

2 Սակայն ինչպէս սաղմոսերգու Ասափ հաստատեց, Իսրայելացիները «Աստուծոյ ուխտը չպահեցին ու անոր օրէնքին համեմատ քալել չուզեցին»։ (Սաղմոս 78։10) Անոնք չպահեցին իրենց նախահայրերուն ըրած ուխտը Եհովայի։ Ի վերջոյ, ազգը Աստուծոյ հետ այդ եզական յարաբերութիւնը կորսնցուց։ (Ժողովողի 5։4. Մատթէոս 23։37, 38) Հետեւաբար Աստուած «հաճեցաւ բոլոր ազգերէն իրեն ժողովուրդ մը պատրաստել՝ իր անունը փառաւորելու համար»։ (Գործք 15։14, Անթիլիաս) Իսկ այս վերջին օրերուն, ան կը հաւաքէ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը [չի] կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն», որոնք ցնծութեամբ կը հաստատեն. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։—Յայտնութիւն 7։9, 10

3. Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն վայելելու համար, անհատ մը ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէ։

3 Աստուծոյ հետ այդ թանկարժէք յարաբերութիւնը վայելելու համար, անհատը Եհովայի պէտք է նուիրուի ու զայն հանրապէս խորհրդանշէ՝ ջուրի մկրտութեամբ, իր աշակերտներուն ուղղուած Յիսուսի ուղղակի պատուէրին հնազանդելով. «Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի»։ (Մատթէոս 28։19, 20, ԱՎ) Իսրայելացիներուն առջեւ «ուխտին գիրքը» կարդացուեցաւ։ (Ելից 24։3, 7, 8) Ուստի անոնք Եհովայի հանդէպ իրենց պարտաւորութիւնները հասկցան։ Նոյնպէս այսօր, մկրտութեան քայլը առնելէ առաջ, էական է որ անհատը Աստուածաշունչի հիման վրայ Աստուծոյ կամքին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգէ։

4. Անհատ մը մկրտութեան որակեալ ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընէ։ (Պարփակէ շրջանակը, էջ 24։)

4 Բացորոշ է թէ Յիսուս ուզեց որ իր աշակերտները մկրտուելէ առաջ իրենց հաւատքին համար հաստատ հիմ մը դնեն։ Ան իր հետեւորդներուն հրահանգ տուաւ որ մարդոց սորվեցնեն «պահել ամէն ինչ որ պատուիրեց»։ (Մատթէոս 7։24, 25. Եփեսացիս 3։17-19) Ուստի մկրտութեան որակեալ եղողները սովորաբար քանի մը ամիս, կամ նոյնիսկ մէկ կամ երկու տարի, Աստուածաշունչը ուսումնասիրած են, այնպէս որ իրենց որոշումը ո՛չ աճապարանօք է, ո՛չ ալ՝ անիրազեկ։ Մկրտութեան ատեն, թեկնածուները երկու հիմնական հարցումներու կը պատասխանեն՝ այո՛։ Քանի որ Յիսուս շեշտեց թէ մեր «խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ», օգտակար պիտի ըլլայ որ մկրտութեան այս երկու հարցումներուն նշանակութիւնը մանրամասնօրէն քննենք։—Մատթէոս 5։37

Զղջում եւ նուիրում

5. Մկրտութեան առաջին հարցումը հիմնական ի՞նչ երկու քայլեր կ’ընդգծէ։

5 Մկրտութեան առաջին հարցումը թեկնածուին կը հարցնէ թէ իր նախկին ապրելակերպին համար զղջացա՞ծ է եւ իր կեանքը Եհովայի նուիրա՞ծ է՝ Իր կամքը կատարելու համար։ Այս հարցումը կ’ընդգծէ մկրտութենէն առաջ առնուելիք երկու կենսական քայլեր,– զղջում եւ նուիրում։

6, 7. (ա) Զղջումը ինչո՞ւ բոլոր մկրտութեան թեկնածուներուն համար անհրաժեշտ է։ (բ) Զղջումէ ետք, անհատը ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է կատարէ։

6 Անհատ մը մկրտուելէ առաջ ինչո՞ւ պէտք է զղջայ։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Մենք բոլորս ալ ժամանակին կը վարուէինք՝ մեր մարմինին ցանկութիւններով»։ (Եփեսացիս 2։3, ԱՎ) Աստուծոյ կամքին ճշգրիտ գիտութիւնը չունեցած, մենք աշխարհին համաձայն կ’ապրէինք, որդեգրելով անոր արժանիքներն ու չափանիշները։ Մեր կեանքի ընթացքը այս դրութեան աստուծոյն՝ Սատանայի հակակշռին տակ էր։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Սակայն Աստուծոյ կամքը ճանչնալով, կը վճռենք ապրիլ «ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն համաձայն, հապա՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն»։—Ա. Պետրոս 4։2, ԱՎ

7 Այս նոր ընթացքը բազմաթիւ վարձատրութիւններ կը բերէ։ Ամէն բանէ առաջ, անհատը կրնայ Եհովայի հետ թանկարժէք յարաբերութիւն մը ունենալ, որ ըստ Դաւիթի՝ հրաւէր մըն է Աստուծոյ «վրան»ը մտնելու եւ «սուրբ լերան» վրայ բնակելու,– արդարեւ հոյակապ առանձնաշնորհում մը։ (Սաղմոս 15։1) Տրամաբանական է որ Եհովա կը հրաւիրէ միայն անոնք որ ‘անմեղութեամբ կը քալեն, արդարութիւն կ’ընեն եւ ճշմարտութիւն կը խօսին իրենց սիրտէն’։ (Սաղմոս 15։2) Ճշմարտութիւնը սորվելէ առաջ մեր ունեցած պարագաներուն ի տես, այս պահանջներուն գոհացում տալը կրնայ նշանակել թէ որոշ փոփոխութիւններ պէտք է մտցնենք մեր վարքին ու անձնաւորութեան մէջ։ (Ա. Կորնթացիս 6։9-11. Կողոսացիս 3։5-10) Այսպիսի փոփոխութիւններ ընելու շարժառիթը զղջումն է,– մեր նախկին ապրելակերպին համար խոր վիշտ եւ Եհովան հաճեցնելու զօրաւոր հաստատամտութիւն։ Ապա լրիւ դարձի գալ տեղի կ’ունենայ, եսասէր ու աշխարհային ապրելակերպը լքելով եւ աստուածահաճոյ ընթացքի մը հետամուտ ըլլալով։—Գործք 3։19

8. Մեր նուիրումը ի՞նչպէս կ’ընենք, եւ անիկա մկրտութեան հետ ի՞նչ կապ ունի։

8 Մկրտութեան առաջին հարցումին երկրորդ մասը թեկնածուներուն կը հարցնէ թէ իրենք զիրենք Եհովայի նուիրա՞ծ են՝ իր կամքը կատարելու համար։ Նուիրումը էական քայլ մըն է, որ անպայման պէտք է կանխէ մկրտութիւնը։ Աղօթքով նուիրումը կը կատարենք, արտայայտելով մեր փափաքը որ Քրիստոսի միջոցով Եհովայի տանք մեր կեանքը։ (Հռովմայեցիս 14։7, 8. Բ. Կորնթացիս 5։15) Ուստի Եհովա մեր Տէրն ու Սեփականատէրը կը դառնայ, եւ Յիսուսի նման՝ հաճոյքով կը մղուինք Աստուծոյ կամքը կատարելու։ (Սաղմոս 40։8. Եփեսացիս 6։6) Այս լուրջ խոստումը միայն մէկ անգամ Եհովայի կու տանք։ Իսկ քանի որ նուիրումը առանձին կ’ընենք, մկրտութեան օրը մկրտութեան հարցումներուն պատասխանելը թոյլ կու տայ որ ուրիշներ գիտնան թէ մեր երկնաւոր Հօր լրջօրէն նուիրուած ենք։—Հռովմայեցիս 10։10

9, 10. (ա) Աստուծոյ կամքը կատարելը ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Նոյնիսկ Նացի բարձրաստիճան պաշտօնեաները մեր նուիրումին նկատմամբ ի՞նչ բան ըմբռնեցին։

9 Աստուծոյ կամքը ընելու նկատմամբ Յիսուսի օրինակին հետեւիլը ի՞նչ կը պարփակէ։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը ուզէ գալ իմ ետեւէս, թող ուրանայ ինքզինք, վերցնէ իր խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ], ու [«շարունակ», ՆԱ] հետեւի ինծի»։ (Մատթէոս 16։24, ԱՎ) Ան հոս երեք բան նշեց, որ պէտք է ընենք։ Առաջին՝ մենք մեզ ‘կ’ուրանանք’։ Ուրիշ խօսքով, մեր եսասիրական ու անկատար հակումները կը մերժենք, իսկ Աստուծոյ խրատներուն ու հրահանգներուն կը հնազանդինք։ Երկրորդ՝ ‘մեր տանջանքի ցիցը կը վերցնենք’։ Յիսուսի օրերուն, տանջանքի ցիցը ամօթ ու տառապանք կը խորհրդանշէր։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, բարի լուրին համար նեղութիւն կրելու մեր բաժինը կ’ընդունինք։ (Բ. Տիմոթէոս 1։8) Թէեւ աշխարհը կրնայ մեզ ծաղրել կամ նախատել, սակայն Քրիստոսի նման՝ ‘ամօթը կ’արհամարհենք’, ուրախ ըլլալով որ Աստուած կը հաճեցնենք։ (Եբրայեցիս 12։2) Երրորդ՝ «շարունակ» Յիսուսի կը հետեւինք։—Սաղմոս 73։26. 119։44. 145։2

10 Հետաքրքրական է որ նոյնիսկ կարգ մը հակառակորդներ կ’ըմբռնեն Եհովայի Վկաներուն ըրած նուիրումը, որ Աստուծոյ ծառայեն առանց վերապահութեան։ Օրինակ, Նացի Գերմանիոյ Պուքընուոլտ կեդրոնացման ճամբարին մէջ, իրենց հաւատքը ուրանալ մերժող Վկաներէն պահանջուեցաւ հետեւեալ փաստաթուղթը ստորագրել. «Ես տակաւին նուիրեալ Աստուածաշունչի Աշակերտ եմ եւ Եհովայի ըրած երդումս բնա՛ւ պիտի չդրժեմ»։ Վստահաբար ասիկա լաւ կերպով կ’արտայայտէ Աստուծոյ բոլոր նուիրուած ու հաւատարիմ ծառաներուն կեցուածքը։—Գործք 5։32

Որպէս Եհովայի Վկայ բնորոշուիլ

11. Մկրտուող անհատը ի՞նչ առանձնաշնորհում կը ստանայ։

11 Երկրորդ հարցումը նախ թեկնածուին կը հարցնէ թէ կը հասկնա՞յ որ իր մկրտութիւնը զինք կը բնորոշէ որպէս Եհովայի Վկաներէն մէկը։ Մկրտուելէ ետք, ան ձեռնադրուած ծառայ մը կ’ըլլայ, որ Եհովայի անունը կը կրէ։ Ասիկա թէ՛ մեծ առանձնաշնորհում եւ թէ լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է։ Մկրտուող անհատը նաեւ յաւիտենական փրկութեան հեռանկարը ունի, Եհովայի հաւատարիմ մնալով։—Մատթէոս 24։13

12. Եհովայի անունը կրելու պատիւին ի՞նչ պարտաւորութիւն կ’ընկերակցի։

12 Ամենակալ Աստուծոյ՝ Եհովայի անունը կրելը վստահաբար եզական պատիւ մըն է։ Միքիա մարգարէն ըսաւ. «Բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք»։ (Միքիայ 4։5) Սակայն պարտաւորութիւն մը այս պատիւին կ’ընկերակցի։ Պէտք է ջանանք այնպիսի կեանք մը վարել, որ մեր կրած անունին փառք կը բերէ։ Ինչպէս Պօղոս Հռովմի մէջ եղող Քրիստոնեաներուն յիշեցուց, եթէ մէկը իր քարոզածը չգործադրէ, Աստուծոյ անունը ‘կը հայհոյուի’ կամ կը վարկաբեկուի։—Հռովմայեցիս 2։21-24

13. Եհովայի նուիրուած ծառաները ինչո՞ւ իրենց Աստուծոյն մասին վկայելու պատասխանատուութիւնը ունին։

13 Երբ անհատ մը Եհովայի Վկայ կ’ըլլայ, նաեւ իր Աստուծոյն մասին վկայելու պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ։ Եհովա նուիրուած Իսրայէլը հրաւիրեց իր վկաները ըլլալու, որպէսզի իր յաւերժական աստուածութեան մասին վկայեն։ (Եսայեայ 43։10-12, 21) Բայց ազգը այս դերը չկատարեց, եւ ի վերջոյ Եհովայի հաճութիւնը բոլորովին կորսնցուց։ Ներկայիս, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Եհովայի մասին վկայելու առանձնաշնորհումով կը պարծենան, քանի որ զինք կը սիրեն ու կ’ուզեն որ իր անունը սրբացուի։ Ի՞նչպէս կրնանք լուռ կենալ, երբ մեր երկնաւոր Հօր ու իր նպատակին մասին ճշմարտութիւնը գիտենք։ Մենք ալ Պօղոս առաքեալին պէս կը զգանք, երբ ըսաւ. «Իմ վրաս դրուած հարկ մըն է. մա՛նաւանդ վա՛յ է ինծի՝ եթէ չաւետարանեմ»։—Ա. Կորնթացիս 9։16, ԱՎ

14, 15. (ա) Եհովայի կազմակերպութիւնը մեր հոգեւոր աճման մէջ ի՞նչ դեր կը խաղայ։ (բ) Ի՞նչ կարգադրութիւններ մատչելի են՝ մեզի հոգեւորապէս օգնելու համար։

14 Երկրորդ հարցումը նաեւ թեկնածուին կը յիշեցնէ Եհովայի՝ հոգիէն առաջնորդուած կազմակերպութեան հետ համագործակցելու իր պատասխանատուութիւնը։ Մենք մեկուսաբար Աստուծոյ չենք ծառայեր, եւ ամբողջ «եղբայրութեան» օգնութեան, զօրակցութեան ու քաջալերութեան կարիք ունինք։ (Ա. Պետրոս 2։17. Ա. Կորնթացիս 12։12, 13) Աստուծոյ կազմակերպութիւնը մեր հոգեւոր աճման մէջ կենսական դեր կը խաղայ։ Անիկա աստուածաշնչական հրատարակութիւններու ճոխ հաւաքածոյ մը կը հայթայթէ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ ճշգրիտ գիտութեան մէջ աճինք, խնդիրները խոհեմաբար ձեռք առնենք ու Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մշակենք։ Մօր մը պէս որ իր երախան լաւ կը կերակրէ ու անոր հոգ կը տանի, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ատենին առատ հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ, մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան համար։—Մատթէոս 24։45-47. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8

15 Շաբաթական ժողովներուն, Եհովայի ժողովուրդը հաւատարիմ Վկաներ ըլլալու հարկ եղած մարզումն ու քաջալերութիւնը կը ստանայ։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը հանրապէս խօսիլ կը սորվեցնէ մեզի, իսկ Ծառայութեան Ժողովը մեզ կը մարզէ որ մեր պատգամը ազդուօրէն ներկայացնենք։ Թէ՛ մեր ժողովներուն մէջ եւ թէ աստուածաշնչական հրատարակութիւնները անձամբ ուսումնասիրելով, կը տեսնենք Եհովայի հոգիին ներգործութիւնը, իր կազմակերպութիւնը առաջնորդելով։ Այս կանոնաւոր կարգադրութիւններով, Աստուած մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ վտանգներու վրայ, մեզ կը մարզէ ազդու քարոզիչներ ըլլալու եւ մեզի կ’օգնէ հոգեւորապէս արթուն մնալու։—Սաղմոս 19։7, 8, 11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6, 11. Ա. Տիմոթէոս 4։13

Որոշումին ետին եղող շարժառիթը

16. Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ մենք մեզ Եհովայի նուիրելու։

16 Արդ, մկրտութեան երկու հարցումները թեկնածուներուն կը յիշեցնեն ջուրի մկրտութեան նշանակութիւնը եւ անոր յարակից պատասխանատուութիւնները։ Ուստի, ի՞նչ բան զիրենք պէտք է մղէ մկրտուելու որոշումը կայացնելու։ Մկրտուած աշակերտներ կ’ըլլանք, ո՛չ թէ քանի որ մէկը մեզ կը ստիպէ, այլ՝ քանի որ Եհովա մեզ ‘կը քաշէ’։ (Յովհաննու 6։44) ‘Աստուած սէր ըլլալով’, տիեզերքը սիրով կը կառավարէ եւ ո՛չ թէ ուժով։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Եհովայի կը մօտենանք, նկատելով իր ազնիւ յատկութիւնները եւ իր վարուելակերպը մեզի հետ։ Ան մեզի համար իր միածին Որդին զոհեց, եւ լաւագոյն ապագան կ’առաջարկէ մեզի։ (Յովհաննու 3։16) Իսկ մենք կը մղուինք մեր կեանքը իրեն նուիրելու։—Առակաց 3։9. Բ. Կորնթացիս 5։14, 15

17. Ի՞նչ բանի մենք մեզ չենք նուիրած։

17 Մենք մեզ ո՛չ թէ դատի կամ գործի մը կը նուիրենք, այլ՝ Եհովայի։ Իր ժողովուրդին Աստուծոյ նշանակած գործը պիտի փոխուի, բայց անոնց նուիրումը նոյնը պիտի մնայ։ Օրինակ, ինչ որ Աբրահամի ըսաւ որ ընէ, բոլորովին տարբեր էր այն բանէն որ Երեմիայի ըսաւ։ (Ծննդոց 13։17, 18. Երեմեայ 1։6, 7) Այսուհանդերձ երկուքն ալ Աստուծոյ տուած մասնայատուկ պարտականութիւնը կատարեցին, քանի որ Եհովան կը սիրէին եւ կ’ուզէին հաւատարմօրէն իր կամքը կատարել։ Այս վերջին ժամանակին ընթացքին, Քրիստոսի բոլոր մկրտուած հետեւորդները կը ջանան Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու իր պատուէրը կատարել։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Այս գործը ամբողջ սիրտով կատարելը ընտիր կերպ մըն է՝ ցոյց տալու թէ մեր երկնաւոր Հայրը կը սիրենք ու իրեն իսկապէս նուիրուած ենք։—Ա. Յովհաննու 5։3

18, 19. (ա) Մեր մկրտութեամբ հանրապէս ի՞նչ կ’ըսենք։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

18 Անտարակոյս մկրտութիւնը բազմաթիւ օրհնութիւններու դուռ կը բանայ, բայց թեթեւի պէտք չէ առնուի։ (Ղուկաս 14։26-33) Անիկա կ’արտայայտէ որոշում մը, որ աւելի կարեւոր է քան՝ որեւէ այլ պատասխանատուութիւն։ (Ղուկաս 9։62) Իրականութեան մէջ, երբ կը մկրտուինք, հանրապէս կ’ըսենք. «Արդարեւ այս Աստուածը մե՛ր Աստուածն է՝ դարէ դար. ի՛նք պիտի առաջնորդէ մեզ՝ մինչեւ մահ»։—Սաղմոս 48։14, ԱՎ

19 Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ մկրտութեան վերաբերեալ այլ հարցումներ, ինչպէս՝ վաւերական պատճառներ կա՞ն, որ անհատը չմկրտուի։ Տարիքը դեր ունի՞։ Բոլոր ներկաները ի՞նչպէս կրնան մկրտութեան առիթին հանդէպ յարգանք ցոյց տալ։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ մկրտուելէ առաջ պէտք է զղջայ։

• Աստուծոյ նուիրուիլը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Եհովայի անունը կրելու պատիւին կ’ընկերակցին ի՞նչ պատասխանատուութիւններ։

• Ի՞նչ բան մեզ պէտք է մղէ մկրտուելու որոշումը կայացնելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 24]

Մկրտութեան երկու հարցումները

Յիսուս Քրիստոսի զոհագործութեան հիման վրայ, մեղքերէդ զղջացած եւ դուն քեզ Եհովայի նուիրա՞ծ ես՝ իր կամքը կատարելու համար։

Կ’ըմբռնե՞ս թէ նուիրումդ եւ մկրտութիւնդ քեզ կը բնորոշեն որպէս հոգիէն առաջնորդուած Աստուծոյ կազմակերպութեան ընկերակցող Եհովայի Վկաներէն մէկը։

[Նկար՝ էջ 25]

Նուիրումը՝ աղօթքով Եհովայի տրուած լուրջ խոստում մըն է