Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սուտ պաշտամունքէն հեռո՛ւ կեցիր

Սուտ պաշտամունքէն հեռո՛ւ կեցիր

Սուտ պաշտամունքէն հեռո՛ւ կեցիր

«‘Ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Պիղծ բանի մի՛ դպչիք’»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6։17

1. Բազմաթիւ անկեղծ անհատներ ի՞նչ հոգեւոր վիճակի մէջ են։

ԱՆԿԵՂԾ մարդոցմէ շատեր Աստուծոյ ու մարդկութեան ապագային մասին ճշմարտութիւնը չեն գիտեր։ Իրենց հոգեւոր խոր հարցումներուն պատասխանները չգտնելով, անոնք շփոթութեան ու անորոշութեան մէջ ընկղմած են։ Միլիոնաւորներ մեր Ստեղծիչը ընդվզեցնող նախապաշարումներու, ծէսերու եւ տօնակատարութիւններու գերի դարձած են։ Հաւանաբար ունիս դրացիներ ու ազգականներ, որոնք կը հաւատան հրեղէն դժոխքի մը, երրեակ Աստուծոյ մը, հոգիի անմահութեան կամ այլ սուտ վարդապետութեան մը։

2. Կրօնական առաջնորդները ի՞նչ ըրած են, իսկ հետեւանքը ի՞նչ եղած է։

2 Այս լայնատարած հոգեւոր խաւարին համար ո՞վ պատասխանատու է։ Ծիծաղելին այն է՝ թէ պատասխանատուն կրօնքն է,– յատկապէս կրօնական կազմակերպութիւններն ու առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խորհուրդներուն հակառակ եղող գաղափարներ յառաջացուցած են։ (Մարկոս 7։7, 8) Որպէս արդիւնք, շատեր խաբուելով կը հաւատան թէ ճշմարիտ Աստուածը կը պաշտեն, մինչ իրականութեան մէջ զինք կ’ընդվզեցնեն։ Այս ողբալի կացութեան համար սուտ կրօնքը ուղղակի պատասխանատու է։

3. Ո՞վ սուտ կրօնքը մեծապէս յառաջ կը մղէ, եւ Աստուածաշունչի մէջ ի՞նչպէս նկարագրուած է։

3 Սուտ կրօնքին ետին անտեսանելի անձ մը կայ։ Անոր ակնարկելով Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Այս աշխարհի աստուածը կուրցուց անհաւատներուն միտքերը, որպէսզի Քրիստոսի՝ Աստուծոյ պատկերին՝ փառքի աւետարանին լոյսը անոնց վրայ չշողայ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4, ԱՎ) Արդարեւ «այս աշխարհի աստուածը» Բանսարկուն է։ Ան սուտ պաշտամունքը մեծապէս յառաջ կը մղէ։ Պօղոս գրեց. «Սատանան լուսաւոր հրեշտակի կը կերպարանափոխուի։ Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր սպասարկուներն ալ արդարութեան սպասարկուներու կերպարանափոխուին»։ (Բ. Կորնթացիս 11։14, 15, ԱՎ) Սատանան գէշ բաները որպէս լաւ բաներ կը ներկայացնէ ու մարդիկը կը խաբէ որ սուտերու հաւատան։

4. Վաղեմի Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը ի՞նչ ըսաւ սուտ մարգարէներուն մասին։

4 Զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը ուժգնօրէն կը դատապարտէ սուտ կրօնքը։ Օրինակ, Մովսիսական Օրէնքը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը յատկապէս զգուշացուց սուտ մարգարէներէն։ Սխալ ուսուցումներ եւ չաստուածներու պաշտամունքը յորդորող անհատը ‘պէտք էր մեռցուէր, քանի որ Աստուծոյ դէմ ապստամբութիւն հանելու աշխատեցաւ’։ Իսրայելացիներուն պատուէր տրուեցաւ որ ‘չարութիւնը իրենց մէջէն վերցնեն’։ (Բ. Օրինաց 13։1-5) Արդարեւ Եհովա սուտ կրօնքը չարութիւն կը նկատէ։—Եզեկիէլ 13։3

5. Ներկայիս ո՞ր զգուշացումներուն ականջ պէտք է տանք։

5 Յիսուս Քրիստոս եւ իր առաքեալները սուտ կրօնքի հանդէպ Եհովայի բուռն զգացումները արտացոլացուցին։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են»։ (Մատթէոս 7։15. Մարկոս 13։22, 23) Պօղոս գրեց թէ «Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն պիտի յայտնուի մարդոց անհաւատութեան եւ անիրաւութեան համար, որոնց անիրաւութիւնը թոյլ չի տար որ ճշմարտութիւնը երեւան գայ»։ (Հռովմայեցիս 1։18, Անթիլիաս) Որքա՜ն կենսական է որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները այս զգուշացումներուն ականջ տան եւ հեռու կենան ոեւէ անհատէ, որ թոյլ չի տար որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը երեւան գայ կամ սուտ ուսուցումներ կը տարածէ։—Ա. Յովհաննու 4։1

«Մեծ Բաբելոն»էն փախի՛ր

6. Աստուածաշունչի մէջ «Մեծ Բաբելոն»ը ի՞նչպէս նկարագրուած է։

6 Նկատի առ թէ Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը ի՛նչպէս սուտ կրօնքը կը նկարագրէ։ Ան նկարագրուած է որպէս արբած պոռնիկ մը, որ բազմաթիւ թագաւորութիւններու եւ անոնց ժողովուրդներուն վրայ հեղինակութիւն ունի։ Այս այլաբանական կինը շատ մը թագաւորներու հետ պոռնկութիւն կը գործէ եւ Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուներուն արիւնով արբեցած է։ (Յայտնութիւն 17։1, 2, 6, 18) Անոր ճակատին վրայ անուն մը գրուած է, որ իր աղտոտ ու գարշելի վարքին կը յարմարի,– «Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը»։—Յայտնութիւն 17։5

7, 8. Սուտ կրօնքը ի՞նչպէս պոռնկութիւն գործած է, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղած է։

7 Մեծ Բաբելոնի աստուածաշնչական նկարագրութիւնը կը յարմարի աշխարհի ամբողջ սուտ կրօնքին։ Թէեւ հազարաւոր կրօնքները պաշտօնական կերպով միացած չեն որպէս մէկ համաշխարհային կազմակերպութիւն, սակայն անոնք նպատակով ու գործով անբաժանելիօրէն միացած են։ Ինչպէս Յայտնութիւն գիրքին մէջ անբարոյ կնոջ նկարագրութիւնը ցոյց կու տայ, սուտ կրօնքը կառավարութիւններուն վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի։ Իր ամուսնական ուխտերուն անհաւատարիմ եղող կնոջ մը նման, սուտ կրօնքը պոռնկութիւն գործած է՝ դաշնակցութիւն կնքելով քաղաքական ուժերու հետ։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Շնա՛ցողներ, չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհին սէրը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուստի ով որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կ’ընէ»։—Յակոբու 4։4

8 Սուտ կրօնքին խառնուիլը կառավարութիւններուն մէջ, մարդկային շատ տառապանք պատճառած է։ Ափրիկեցի քաղաքական վերլուծող Տոքթ. Օնէնա Մանկու նշեց թէ «աշխարհի պատմութիւնը զանգուածային սպանութիւններու օրինակներով զեղուն է, որոնց պատճառը եղած է կրօնքին միջամուխ ըլլալը քաղաքականութեան»։ Վերջերս լրագիր մը ըսաւ. «Ներկայիս ամենէն արիւնահեղ ու վտանգաւոր կռիւներուն ետին կրօնքը կը կենայ»։ Կրօնական զօրակցութիւն վայելող պայքարները միլիոնաւորներու կեանքը խլած են։ Մեծ Բաբելոնը նոյնիսկ հալածած ու սպաննած է Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաները, անոնց արիւնով արբած դառնալով, այլաբանօրէն խօսելով։—Յայտնութիւն 18։24

9. Սուտ պաշտամունքի հանդէպ Եհովայի ատելութիւնը ի՞նչպէս արտայայտուած է Յայտնութիւն գիրքին մէջ։

9 Մեծ Բաբելոնի պատահելիք բաները յստակօրէն ցոյց կու տան թէ Եհովա սուտ պաշտամունքը կ’ատէ։ Յայտնութիւն 17։16–ը կ’ըսէ. «Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն»։ Նախ, հսկայ գազան մը զայն կը յօշոտէ եւ անոր մարմինը կ’ուտէ։ Ապա կրակը անոր մնացորդը ամբողջովին կը սպառէ։ Հետեւաբար, շուտով աշխարհի կառավարութիւնները սուտ կրօնքին դէմ այս քայլը պիտի առնեն, Աստուծմէ դրդուած։ (Յայտնութիւն 17։17) Մեծ Բաբելոնը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը՝ կործանումի դատապարտուած է։ Անիկա «ա՛լ պիտի չգտնուի»։—Յայտնութիւն 18։21

10. Սուտ կրօնքին հանդէպ մեր կեցուածքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

10 Ճշմարիտ երկրպագուները Մեծ Բաբելոնի հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է առնեն։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը հրամայէ. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք»։ (Յայտնութիւն 18։4) Անոնք որ կ’ուզեն խնայուիլ, սուտ կրօնքէն դուրս պէտք է ելլեն, շատ ուշ ըլլալէ առաջ։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս Քրիստոս նախագուշակեց թէ վերջին օրերուն շատեր պիտի դաւանէին իր հետեւորդները ըլլալ։ (Մատթէոս 24։3-5) Այսպիսիներուն ան կ’ըսէ. «Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք»։ (Մատթէոս 7։23) Յիսուս Քրիստոս, որ այժմ գահակալուած է, սուտ կրօնքին հետ ո՛չ մէկ կապ ունի։

Ի՞նչպէս հեռու կենալ

11. Սուտ պաշտամունքէն հեռու կենալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

11 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները սուտ պաշտամունքէն հեռու կը կենան, կրօնական սուտ ուսուցումները մերժելով։ Ուստի չենք ունկնդրեր ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի ներկայացուցած կրօնական յայտագիրները ու չենք կարդար Աստուծոյ ու իր Խօսքին մասին սուտեր յառաջացնող կրօնական հրատարակութիւնները։ (Սաղմոս 119։37) Նաեւ խոհեմաբար չենք մասնակցիր այն ընկերային հաւաքոյթներուն եւ ժամանցներուն, որոնք երաշխաւորուած են սուտ կրօնքի հետ կապ ունեցող որեւէ կազմակերպութեան կողմէ։ Ասկէ զատ, որեւէ կերպով սուտ կրօնքին թիկունք չենք կանգնիր։ (Ա. Կորնթացիս 10։21) Այսպիսի քայլեր առնելով կը զգուշանանք որ ո՛չ մէկը որսայ մեզ «փիլիսոփայութեամբ եւ ունայն խաբէութեամբ, մարդոց աւանդութեան ու աշխարհի սկզբունքներուն համաձայն, եւ ո՛չ թէ Քրիստոսի վարդապետութեան համաձայն»։—Կողոսացիս 2։8, ԱՎ

12. Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ կրօնական սուտ կազմակերպութիւններուն հետ իր բոլոր կապերը խզել։

12 Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ սուտ կրօնքի մը արձանագրուած մէկ անդամը կը փափաքի Եհովայի Վկայ ըլլալ։ Շատ մը պարագաներուն, հրաժարագիր ներկայացնելը կ’ապացուցանէ թէ անհատը այլեւս չ’ուզեր սուտ կրօնքի անդամ մը նկատուիլ։ Յատկապէս կարեւոր է որ անհատը վճռական քայլեր առնէ, որպէսզի երբեք չվարակուի սուտ պաշտամունքի հոգեւոր ապականութեամբ։ Վկայ ըլլալ փափաքող անհատին արարքները յստակօրէն պէտք է ցոյց տան կրօնական կազմակերպութեան ու հանրութեան, թէ ինք վերջ դրած է այդ կրօնական անդամակցութեան։

13. Սուտ պաշտամունքէն հեռու կենալու կարիքին նկատմամբ Աստուածաշունչը ի՞նչ խրատ կը մատուցանէ։

13 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Անհաւատներուն հետ անյարիր լծակից մի՛ ըլլաք. քանի որ ի՞նչ ընկերակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ, ի՞նչ հաղորդութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ, եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարի հետ. կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ, եւ ի՞նչ համաձայնութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ։ . . . ‘Ուստի ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ զատուեցէ՛ք,– կ’ըսէ Տէրը։– Անմաքուր բանի մի՛ դպչիք’»։ (Բ. Կորնթացիս 6։14-17, ԱՎ) Այս խօսքերուն կ’անսանք, սուտ պաշտամունքէն հեռու կենալով։ Պօղոսի խրատը նաեւ կը պահանջէ՞ որ սուտ երկրպագուներէ հեռու կենանք։

«Խոհեմութեամբ վարուեցէք»

14. Սուտ պաշտամունքի միջամուխ եղողներուն հետ որեւէ կապ պէ՞տք է չունենանք. բացատրէ։

14 Ճշմարիտ երկրպագուները սուտ պաշտամունքի միջամուխ եղողներուն հետ որեւէ կապ պէ՞տք է չունենան։ Հաւատակից չեղողներուն հանդէպ բոլորովին անտարբեր պէ՞տք է ըլլանք։ Ո՛չ։ Մեծագոյն երկրորդ պատուիրանը կ’ըսէ. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ (Մատթէոս 22։39) Վստահաբար մեր դրացիներուն հանդէպ սէր կը ցուցաբերենք, Թագաւորութեան բարի լուրը անոնց ներկայացնելով։ Անոնց հանդէպ մեր սէրը նաեւ ցոյց կու տանք, երբ անոնց հետ Աստուածաշունչը կը սերտենք եւ անոնց ուշադրութեան կը յանձնենք սուտ պաշտամունքէն հեռու կենալու կարիքը։

15. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘աշխարհին չպատկանիլ’։

15 Թէեւ բարի լուրը կը քարոզենք մեր դրացիներուն, սակայն որպէս Յիսուսի հետեւորդներ՝ ‘այս աշխարհին չենք պատկանիր’։ (Յովհաննու 15։19, Անթիլիաս) Հոս «աշխարհ» բառը կ’ակնարկէ Աստուծմէ հեռացած մարդկային ընկերութեան։ (Եփեսացիս 4։17-19. Ա. Յովհաննու 5։19) Մենք աշխարհէն անջատ ենք, մերժելով Եհովան ընդվզեցնող վերաբերմունքը, խօսելակերպն ու վարքը։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17) Ասկէ զատ, «չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» սկզբունքին հետ ներդաշնակ գործելով, քրիստոնէական չափանիշներուն համաձայն չապրողներուն հետ մտերմութիւն չենք մշակեր։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Աշխարհին մէկ մասը չըլլալը կը պարփակէ՝ «անձը անարատ պահել աշխարհէն»։ (Յակոբու 1։27) Ուստի աշխարհէն անջատ ըլլալը չի նշանակեր թէ ուրիշ մարդոց հետ որեւէ հաղորդակցութիւն չենք ունենար։—Յովհաննու 17։15, 16. Ա. Կորնթացիս 5։9, 10

16, 17. Քրիստոնեաները Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ծանօթ չեղողներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուին։

16 Արդ, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն ծանօթ չեղողներուն հետ ի՞նչպէս վարուելու ենք։ Կողոսայի ժողովքին Պօղոս գրեց. «Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ ժամանակը ծախու առնելով։ Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ»։ (Կողոսացիս 4։5, 6) Պետրոս առաքեալ գրեց. «Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն»։ (Ա. Պետրոս 3։15) Պօղոս Քրիստոնեաները խրատեց որ «մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն, կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն»։—Տիտոս 3։2

17 Եհովայի Վկաներ ըլլալով, ուրիշներու հետ կոշտօրէն կամ ամբարտաւանօրէն վարուելէ կը խուսափինք։ Վստահաբար նսեմացուցիչ արտայայտութիւններ չենք գործածեր, ուրիշ կրօնքի պատկանողները նկարագրելու համար։ Մենք փափկանկատ ենք, նոյնիսկ երբ տանտէրը, դրացին կամ գործընկերը անազնիւ է կամ նախատական խօսքեր կը գործածէ։—Կողոսացիս 4։6. Բ. Տիմոթէոս 2։24

«Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը»

18. Սուտ պաշտամունքի վերադարձողները ի՞նչ ողորմելի հոգեւոր վիճակ կ’ունենան։

18 Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվելէ ետք, ի՜նչ ողբերգական պիտի ըլլայ եթէ անհատ մը սուտ պաշտամունքին վերադառնայ։ Աստուածաշունչը այս ընթացքին տխուր հետեւանքները կը նկարագրէ՝ ըսելով. «Արդարեւ եթէ իրենք, փախչելէ ետք աշխարհի պղծութիւններէն՝ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ճանաչումով, դարձեալ կաշկանդուին ու պարտուին անոնցմէ, իրենց վախճանը աւելի գէշ կ’ըլլայ առաջին վիճակէն։ . . . Իրենց պատահեցաւ ինչ որ ճշմարիտ առակը կ’ըսէ. ‘Շունը կը վերադառնայ իր փսխածին, ու լուացուած խոզը՝ ցեխին մէջ թաւալելու’»։—Բ. Պետրոս 2։20-22, ԱՎ

19. Ինչո՞ւ գերուշադիր պէտք է մնանք որ որեւէ բան մեր հոգեւորութիւնը չվտանգէ։

19 Գերուշադիր պէտք է մնանք որ որեւէ բան մեր հոգեւորութիւնը չվտանգէ։ Վտանգները իրական են, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ. «Հոգին յատկապէս կ’ըսէ թէ վերջին ատենները՝ ոմանք պիտի հեռանան հաւատքէն, ուշադրութիւն դարձնելով մոլորեցուցիչ ոգիներու եւ դեւերու վարդապետութիւններու»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1, ԱՎ) Մենք այդ «վերջին ատեններ»ուն մէջ կ’ապրինք։ Անոնք որ սուտ պաշտամունքէն հեռու չեն կենար, «ալիքներու հետ կը տարուբերին եւ զանազան վարդապետութեանց հովերէն կը քշուին խաբեբայ մարդոց կողմէ, որոնք խորամանկ հնարքներով կը խաբեն ու կը մոլորեցնեն»։—Եփեսացիս 4։13, 14, Անթիլիաս

20. Ի՞նչպէս կրնանք սուտ կրօնքի վնասակար ազդեցութենէն պաշտպանուիլ։

20 Ի՞նչպէս կրնանք սուտ կրօնքի վնասակար ազդեցութենէն պաշտպանուիլ։ Նկատի առ Եհովայի հայթայթած բաները։ Ունինք Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Եհովա նաեւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով ճոխ հոգեւոր սնունդ հայթայթած է։ (Մատթէոս 24։45) Մինչ ճշմարտութեան մէջ կը յառաջդիմենք, պէտք չէ՞ մշակենք ախորժակ ‘չափահասներուն համար եղող հաստատուն կերակուրին’ հանդէպ, եւ փափաք՝ իրարու քով հաւաքուելու, ուր հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը սորվինք։ (Եբրայեցիս 5։13, 14. Սաղմոս 26։8) Թող վճռենք Եհովայի հայթայթումներէն լաւագոյնս օգտուիլ, որպէսզի կարենանք ‘ամուր բռնել այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք լսեցինք’։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Այսպէս, կրնանք սուտ պաշտամունքէն հեռու կենալ։

Ի՞նչ սորվեցար

• Ի՞նչ է «Մեծ Բաբելոն»ը։

• Սուտ կրօնքէն հեռու կենալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

• Մեր հոգեւորութեան սպառնացող ի՞նչ բաներէ պէտք է խուսափինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18]

Գիտե՞ս թէ ինչու «Մեծ Բաբելոն»ը նկարագրուած է որպէս անբարոյ կին

[Նկար՝ էջ 19]

«Մեծ Բաբելոն»ը կործանումի դատապարտուած է

[Նկար՝ էջ 21]

Հաւատակից չեղողներուն հետ «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ» կը վարուինք