Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնէական մկրտութեան պահանջները գոհացնել

Քրիստոնէական մկրտութեան պահանջները գոհացնել

Քրիստոնէական մկրտութեան պահանջները գոհացնել

«Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։—ԳՈՐԾՔ 8։36

1, 2. Փիլիպպոս Եթովպիացի պալատականի մը հետ ի՞նչպէս խօսակցութիւն մը սկսաւ, եւ ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ ան հոգեւոր բաներով հետաքրքրուած էր։

ՅԻՍՈՒՍԻ մահէն մէկ կամ երկու տարի ետք, կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը, Երուսաղէմէն Գազա տանող ճամբայով դէպի հարաւ կը ճամբորդէր։ Ան կառքով աւելի քան 1,500 քիլոմեթր պիտի կտրէր։ Այս բարեպաշտ մարդը Եթովպիայէն Երուսաղէմ եկած էր Եհովան պաշտելու։ Այնտեղէն դարձին, ան իր ժամանակը խոհեմութեամբ կը գործածէր՝ Աստուծոյ Խօսքը կարդալով,– արդարեւ հաւատքի տէր մարդ մը։ Եհովա զինք նկատելով, հրեշտակի մը միջոցով Փիլիպպոս աշակերտի ըսաւ որ անոր քարոզէ։—Գործք 8։26-28

2 Փիլիպպոսի համար դիւրին էր Եթովպիացի պալատականին հետ խօսակցութիւն մը սկսիլ, քանի որ բարձրաձայն կը կարդար՝ այդ օրերուն սովորութեան համաձայն։ Լսելով որ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար, Փիլիպպոս անոր հետաքրքրութիւնը շարժեց՝ պարզ հարցում մը ուղղելով. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Ապա Փիլիպպոս քննարկեց Եսայեայ 53։7, 8–ը եւ «Յիսուսը քարոզեց անոր»։—Գործք 8։29-35

3, 4. (ա) Փիլիպպոս ինչո՞ւ անյապաղ մկրտեց Եթովպիացին։ (բ) Այժմ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, Եթովպիացին ըմբռնեց Յիսուսի դերը Աստուծոյ նպատակին մէջ եւ Քրիստոսի մկրտուած աշակերտը ըլլալու կարիքը։ Ջրակոյտի մը հանդիպելով, ան Փիլիպպոսի հարցուց. «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ Անշուշտ ասիկա մասնայատուկ պարագայ մըն էր։ Ան հաւատքի տէր մարդ մըն էր, որ արդէն որպէս Հրեայ նորադարձ Աստուած կը պաշտէր։ Թերեւս երկար ատեն ան մկրտուելու այլ առիթ մը պիտի չունենար։ Աւելի կարեւորը, ան հասկցաւ թէ Աստուած իրմէ ի՛նչ կը պահանջէ եւ ուզեց անվերապահօրէն ընդառաջել։ Փիլիպպոս սիրով համաձայն գտնուեցաւ, եւ մկրտուելէ ետք՝ Եթովպիացին «իր ճամբան գնաց ուրախութեամբ»։ Անկասկած ան իր հայրենիքին մէջ բարի լուրի խանդավառ քարոզիչ մը եղաւ։—Գործք 8։36-39

4 Թէեւ նուիրումի եւ մկրտութեան քայլերը թեթեւի կամ աճապարանօք պէտք չէ առնուին, սակայն Եթովպիացի պալատականին օրինակը ցոյց կու տայ թէ ոմանք Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը լսելէ ետք՝ շուտով մկրտուած են։ * Ուստի տեղին է հետեւեալ հարցումները նկատի առնել. ինչպիսի՞ պատրաստութիւն պէտք է կանխէ մկրտութիւնը։ Ե՞րբ տարիքը նկատի առնուելու է։ Մկրտուելէ առաջ, անհատը ի՞նչ հոգեւոր յառաջդիմութիւն պէտք է արձանագրէ։ Ամենէն աւելի, Եհովա իր ծառաներէն ինչո՞ւ այս քայլը կը պահանջէ։

Լուրջ համաձայնութիւն մը

5, 6. (ա) Անցեալին Աստուծոյ ժողովուրդը իր սիրոյն ի՞նչպէս ընդառաջեց։ (բ) Մկրտուելէ ետք, Աստուծոյ հետ ի՞նչ սերտ յարաբերութիւն կրնանք վայելել։

5 Իսրայելացիները Եգիպտոսէն ազատագրելէ ետք, Եհովա պատրաստ էր զիրենք ընդունելու որպէս իր «սեպհական ժողովուրդ»ը, զիրենք սիրելու ու պաշտպանելու, եւ զիրենք «սուրբ ազգ մը» համարելու։ Սակայն այս օրհնութիւնները ստանալու համար, ժողովուրդը մասնայատուկ կերպով մը Աստուծոյ սիրոյն պէտք էր ընդառաջէր։ Անոնք ասիկա ըրին, համաձայնելով որ ‘Տէրոջ բոլոր ըսածները ընեն’ եւ իրեն հետ ուխտի մը մէջ մտնելով։ (Ելից 19։4-9) Առաջին դարուն, Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ բոլոր ազգերէն անհատներ աշակերտեն, իսկ իր ուսուցումները ընդունողները մկրտուեցան։ Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւնը կախեալ էր Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայելէն ու մկրտուելէն։—Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 2։38, 41

6 Այս աստուածաշնչական արձանագրութիւնները ցոյց կու տան թէ Եհովա իրեն ծառայելու լուրջ խոստում տուող ու պահող անհատները կ’օրհնէ։ Քրիստոնեաներուն համար, նուիրումն ու մկրտութիւնը Եհովայի օրհնութեան արժանացնող անհրաժեշտ քայլեր են։ Վճռած ենք իր ճամբաներուն հետեւիլ եւ իր առաջնորդութիւնը փնտռել։ (Սաղմոս 48։14) Իր կարգին, Եհովա այլաբանօրէն մեր ձեռքէն կը բռնէ եւ մեզ կ’առաջնորդէ մեր քալելիք ճամբային մէջ։—Սաղմոս 73։23. Եսայեայ 30։21. 41։10, 13

7. Նուիրումի ու մկրտութեան որոշումը ինչո՞ւ անձամբ պէտք է կայացնենք։

7 Այս քայլերը առնելու մեր շարժառիթը պէտք է ըլլայ Եհովայի սէրը ու իրեն ծառայելու փափաքը։ Ո՛չ ոք պէտք է մկրտուի պարզապէս քանի որ մէկը կ’ըսէ իրեն թէ բաւական ժամանակ ուսումնասիրած է, կամ քանի որ իր բարեկամները կը մկրտուին։ Բնական է որ ծնողներ ու հասուն Քրիստոնեաներ քաջալերեն անհատը որ նուիրումի ու մկրտութեան մասին մտածէ։ Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաքեալ իրեն մտիկ ընողները յորդորեց որ ‘մկրտուին’։ (Գործք 2։38) Այսուհանդերձ մեր նուիրումը անձնական հարց է, եւ ո՛չ ոք կրնայ մեր տեղը այս քայլը առնել։ Աստուծոյ կամքը կատարելու որոշումը մե՛նք պէտք է կայացնենք։—Սաղմոս 40։8

Մկրտութեան համար բաւարար պատրաստութիւն

8, 9. (ա) Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ, ինչո՞ւ մանուկներու մկրտութիւնը ընդունելի չէ։ (բ) Մկրտուելէ առաջ, դեռահասները ի՞նչ հոգեւոր յառաջդիմութիւն պէտք է արձանագրեն։

8 Երախաները ի վիճակի՞ են առողջ դատողութեամբ նուիրուելու քայլը առնելու։ Սուրբ Գրութիւնները մկրտութեան համար տարիքի պահանջ չեն սահմաներ։ Այսուհանդերձ բացայայտ է որ մանուկները չեն կրնար հաւատացեալ դառնալ, հաւատք ի գործ դնել կամ Աստուծոյ նուիրուիլ։ (Գործք 8։12) Իր մէկ գիրքին մէջ (General History of the Christian Religion and Church), պատմաբան Աւգոստոս Նէանտըր առաջին դարու Քրիստոնեաներուն մասին կ’ըսէ. «Սկիզբը միայն չափահասները կը մկրտուէին, քանի որ ըմբռնած էին թէ մկրտութիւնն ու հաւատքը սերտօրէն յարակից են»։

9 Դեռատիներուն պարագային, ոմանք իրենց մատղաշ տարիքին որոշ հոգեւորութիւն կը զարգացնեն, իսկ ուրիշներ՝ երբ աւելի մեծնան։ Սակայն դեռահաս մը մկրտուելէ առաջ, պէտք է ունենայ անձնական յարաբերութիւն Եհովայի հետ, ճշգրիտ հասկացողութիւն՝ Սուրբ Գրութիւններուն հիմնական ուսուցումներուն մասին, եւ յստակ ըմբռնում՝ թէ նուիրումը ի՛նչ կը պարփակէ, ինչպէս է պարագան չափահասներուն։

10. Ի՞նչ քայլեր պէտք է կանխեն նուիրումն ու մկրտութիւնը։

10 Յիսուս իր աշակերտներուն հրահանգ տուաւ որ նորեկներուն սորվեցնեն պահել ամէն ինչ որ պատուիրեց իրենց։ (Մատթէոս 28։20) Ուստի նորեկները նա՛խ ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութիւնը պէտք է ձեռք ձգեն, ինչ որ կարելի կը դարձնէ որ Եհովայի ու իր Խօսքին հանդէպ հաւատք մշակեն։ (Հռովմայեցիս 10։17. Ա. Տիմոթէոս 2։4. Եբրայեցիս 11։6) Ապա, աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը իր սիրտին դպչելով, անհատը կը մղուի զղջալու եւ դարձի գալու, իր նախկին ապրելակերպը լքելով։ (Գործք 3։19) Ի վերջոյ, ան կը փափաքի ինքզինք Եհովայի նուիրել ու մկրտուիլ, ինչպէս Յիսուս պատուիրեց։

11. Մկրտութենէն առաջ, ինչո՞ւ կարեւոր է որ կանոնաւորաբար քարոզչութեան մասնակցինք։

11 Մկրտութեան առաջնորդող ուրիշ կարեւոր քայլ մըն է՝ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան մասնակցիլը։ Ասիկա Եհովայի կողմէ իր ժողովուրդին նշանակուած գլխաւոր գործն է այս վերջին օրերուն ընթացքին։ (Մատթէոս 24։14) Ուստի չմկրտուած հրատարակիչները կրնան իրենց հաւատքին մասին ուրիշներու խօսելու ուրախութիւնը վայելել եւ պատրաստ ըլլալ որ մկրտութենէն ետք դաշտի ծառայութեան կանոնաւորաբար ու նախանձախնդրաբար մասնակցին։—Հռովմայեցիս 10։9, 10, 14, 15

Բան մը քեզ մկրտուելէ ետ կը պահէ՞

12. Ինչո՞ւ ոմանք մկրտութեան քայլը չեն առներ։

12 Ոմանք մկրտութեան քայլը չեն առներ, քանի որ անոր բերած պատասխանատուութիւնը ընդունելու կը վարանին։ Անոնք կը գիտակցին թէ Եհովայի չափանիշներուն գոհացում տալու համար, իրենց կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ պէտք է մտցնեն։ Կամ, անոնք թերեւս կը վախնան որ մկրտութենէն ետք Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում տալը դժուար գտնեն։ Իսկ ուրիշներ մտահոգութիւն կը յայտնեն. «Թերեւս օրին մէկը մեղանչեմ ու ժողովքէն վտարուիմ»։

13. Յիսուսի օրերուն, ոմանք ինչո՞ւ իր հետեւորդները չեղան։

13 Յիսուսի օրերուն, ոմանք թոյլ տուին անձնական շահերուն եւ ընտանեկան կապերուն որ զիրենք աշակերտներ ըլլալէ ետ պահեն։ Դպիր մը ըսաւ թէ Յիսուսի պիտի հետեւէր, ո՛ւր որ երթար։ Բայց Յիսուս նշեց թէ յաճախ իր գլուխը հանգչեցնելիք տեղ չունի։ Երբ Յիսուս ուրիշ ունկնդիր մը հրաւիրեց իր հետեւորդը ըլլալու, ան պատասխանեց թէ նա՛խ իր հայրը ‘թաղելու’ էր։ Հաւանաբար ան նախընտրեց տունը մնալ եւ սպասել իր հօր մահուան, փոխանակ Յիսուսի հետեւելու եւ ի պահանջել հարկին՝ այդ ընտանեկան պատասխանատուութեան հոգ տանելու։ Իսկ երրորդ անհատ մը ըսաւ թէ Յիսուսի հետեւելէ առաջ, իր ընտանիքէն հրաժեշտ առնելու էր։ Յիսուս այս յետաձգումը սեպեց ‘ետին նայիլ’։ Արդ, կը թուի թէ միշտ չքմեղանքներ կան որ մէկը իր քրիստոնէական պատասխանատուութենէն խոյս տայ։—Ղուկաս 9։57-62

14. (ա) Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս ու Յովհաննէս ի՞նչպէս ընդառաջեցին, երբ Յիսուս զիրենք հրաւիրեց որ մարդոց որսորդ ըլլան։ (բ) Ինչո՞ւ Յիսուսի լուծը ընդունելու պէտք չէ վարանինք։

14 Պետրոսի, Անդրէասի, Յակոբոսի ու Յովհաննէսի օրինակը բոլորովին տարբեր է։ Երբ Յիսուս զիրենք հրաւիրեց որ իրեն հետեւին ու մարդոց որսորդ ըլլան, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք ալ շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։ (Մատթէոս 4։19-22) Իսկոյն այդ որոշումը կայացնելով, անոնք անձամբ վայելեցին ի՛նչ որ Յիսուս հետագային նշեց. «Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք։ Քանի իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ»։ (Մատթէոս 11։29, 30, Անթիլիաս) Թէեւ մկրտութեան կ’ընկերակցի պատասխանատուութեան լուծ մը, սակայն Յիսուս մեզ կը հաւաստիացնէ թէ անիկա թեթեւ, տանելի ու թարմացուցիչ է։

15. Մովսէսի ու Երեմիայի օրինակները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ կրնանք Աստուծոյ աջակցութեան վստահիլ։

15 Անշուշտ բնական է որ անատակութեան զգացումներ ունենանք։ Թէ՛ Մովսէս եւ թէ Երեմիա սկիզբը խորհեցան թէ Եհովայի տուած նշանակումները ձեռք առնելու անկարող են։ (Ելից 3։11. Երեմեայ 1։6) Աստուած ի՞նչպէս զիրենք հաւաստիացուց։ Ան Մովսէսի ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ», իսկ Երեմիայի խոստացաւ. «Ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։ (Ելից 3։12. Երեմեայ 1։8) Մենք ալ կրնանք աստուածային զօրակցութեան վստահիլ։ Աստուծոյ հանդէպ սէր ու վստահութիւն ունենալը կ’օգնէ որ նուիրումին համաձայն ապրելու մեր կարողութեան շուրջ որեւէ կասկած վանենք։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Սէր ունեցողը վախ չունի, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ»։ (Ա. Յովհաննու 4։18, Անթիլիաս) Տղեկ մը կրնայ առանձին քալելու վախնալ, բայց երբ իր հօր ձեռքէն բռնելով քալէ, ան ինքնավստահութիւն կը դրսեւորէ։ Նոյնպէս, եթէ ամբողջ սիրտով Եհովայի վստահինք, ան կը խոստանայ ‘մեր շաւիղները ուղղել’, մինչ իր կողքին կը քալենք։—Առակաց 3։5, 6

Յարգարժան առիթ մը

16. Մկրտութիւնը ինչո՞ւ ջուրի մէջ ամբողջական մխրճում կը պարփակէ։

16 Մկրտութենէն առաջ, սովորաբար կը ներկայացուի աստուածաշնչական դասախօսութիւն մը, որ քրիստոնէական մկրտութեան նշանակութիւնը կը բացատրէ։ Դասախօսութեան վերջաւորութեան, թեկնածուներէն կը խնդրուի որ իրենց հաւատքը հանրապէս յայտարարեն, մկրտութեան երկու հարցումներուն պատասխանելով։ (Հռովմայեցիս 10։10. տես շրջանակը, էջ 24։) Ապա թեկնածուները ջուրին մէջ կը խորասուզուին, Յիսուսի օրինակին հետեւելով։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Յիսուս մկրտուելէ ետք, «ջուրէն դուրս ելաւ»։ (Մատթէոս 3։16. Մարկոս 1։10) Բացայայտ է որ Յովհաննէս Մկրտիչ զինք ամբողջովին ջուրին մէջ մխրճեց։ * Ամբողջական խորասուզումը պատշաճօրէն կը խորհրդանշէ այն ուշագրաւ փոփոխութիւնը, որ մեր կեանքին մէջ մտցուցած ենք,– այլաբանօրէն մեր նախկին կենցաղին նկատմամբ կը մեռնինք եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ նոր կեանք մը կը սկսինք։

17. Թէ՛ մկրտութեան թեկնածուները եւ թէ դիտողները ի՞նչպէս կրնան առիթին լրջութեան նպաստել։

17 Մկրտութիւնը թէ՛ լուրջ եւ թէ ուրախ առիթ մըն է։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ Յիսուս կ’աղօթէր, երբ Յովհաննէս զինք Յորդանան գետին մէջ մկրտեց։ (Ղուկաս 3։21, 22) Ներկայիս, այս օրինակին համաձայն, մկրտութեան թեկնածուները պատշաճ վարք պէտք է ցուցաբերեն։ Իսկ քանի որ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ մեր առօրեայ կեանքին մէջ համեստօրէն հագնինք, որքա՜ն աւելի այս խրատին պէտք է անսանք մեր մկրտութեան օրը։ (Ա. Տիմոթէոս 2։9) Դիտողներն ալ կրնան յարգանք ցոյց տալ, մկրտութեան դասախօսութիւնը ուշի–ուշով մտիկ ընելով եւ մկրտութիւնը կարգապահ կերպով դիտելով։—Ա. Կորնթացիս 14։40

Մկրտուած աշակերտներուն վայելած օրհնութիւնները

18, 19. Մկրտութիւնը ի՞նչ առանձնաշնորհումներ եւ օրհնութիւններ կը բերէ։

18 Աստուծոյ նուիրուելով ու մկրտուելով, անզուգական ընտանիքի մը մէկ մասը կը դառնանք։ Նախ եւ առաջ, Եհովա մեր Հայրն ու Բարեկամը կ’ըլլայ։ Մկրտութենէն առաջ, Աստուծմէ օտարացած էինք, իսկ այժմ իրեն հետ հաշտուած ենք։ (Բ. Կորնթացիս 5։19. Կողոսացիս 1։20) Քրիստոսի զոհագործութեան միջոցով, Աստուծոյ մօտեցած ենք եւ ան մեզի կը մօտենայ։ (Յակոբու 4։8) Մաղաքիա մարգարէն կը նկարագրէ թէ ի՛նչպէս Եհովա իր անունը գործածող ու կրող անհատներուն ուշադրութիւն կ’ընծայէ, մտիկ կ’ընէ եւ անոնց անունները իր յիշատակի գիրքին մէջ կ’արձանագրէ։ «Անոնք իմս պիտի ըլլան», կ’ըսէ Աստուած, եւ «անոնց պիտի խնայեմ, ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդիին»։—Մաղաքեայ 3։16-18

19 Մկրտութեամբ նաեւ համաշխարհային եղբայրութեան մը մէկ մասը կը դառնանք։ Երբ Պետրոս առաքեալ հարցուց թէ Քրիստոսի աշակերտները ի՛նչ օրհնութիւններ պիտի ստանային, քանի որ զոհողութիւններ կատարած էին, Յիսուս խոստացաւ. «Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ»։ (Մատթէոս 19։29) Տարիներ ետք, Պետրոս գրեց «աշխարհի մէջ» գոյացած «եղբայրութեան» մասին։ Պետրոսի նման, մենք ալ կրնանք սիրալիր եղբայրութեան աջակցութիւնն ու օրհնութիւնները վայելել։—Ա. Պետրոս 2։17. 5։9

20. Մկրտութիւնը ի՞նչ օրհնեալ հեռանկար մը կը մատուցանէ։

20 Ասկէ զատ, Յիսուս նշեց թէ իրեն հետեւողները ‘յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգեն’։ Արդարեւ, նուիրումով եւ մկրտութեամբ, Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ‘յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու’ հեռանկարը կ’ունենանք։ (Ա. Տիմոթէոս 6։19) Մեր ու մեր ընտանիքին ապագային համար ասկէ լաւ հիմ մը կրնա՞նք դնել։ Այս օրհնեալ հեռանկարը մեզ կարող պիտի դարձնէ որ «յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը քալենք»։—Միքիայ 4։5

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Նմանապէս Պէնտէկոստէին, Պետրոսի ճառը ունկնդրող երեք հազար Հրեաներն ու նորադարձները անյապաղ մկրտուեցան։ Անշուշտ Եթովպիացի պալատականին նման, անոնք արդէն քաջածանօթ էին Աստուծոյ Խօսքին հիմնական ուսուցումներուն եւ սկզբունքներուն։—Գործք 2։37-41

^ պարբ. 16 Մկրտութիւն թարգմանուած Յունարէն բառը (պափթի·զմա) կը հաղորդէ «մխրճումի եւ խորասուզումի» գաղափարը։—Vine’s Expository Dictionary of New Testament Words

Կրնա՞ս բացատրել

• Եհովայի սիրոյն ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ պէտք է ընդառաջենք։

• Ի՞նչ հոգեւոր յառաջդիմութիւն պէտք է կանխէ մկրտութիւնը։

• Ինչո՞ւ թոյլ պէտք չէ տանք որ ձախողելու վախը կամ պատասխանատուութիւն կրելու դժկամութիւնը մեզ ետ պահէ մկրտուելէ։

• Յիսուս Քրիստոսի մկրտուած աշակերտները ի՞նչ եզական օրհնութիւններ կը վայելեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

«Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»

[Նկարներ՝ էջ 31]

Մկրտութիւնը թէ՛ լուրջ եւ թէ ուրախ առիթ մըն է