Աղքատութիւն. ներկայ կացութիւնը
Աղքատութիւն. ներկայ կացութիւնը
ՎԻՍԸՆԹԷ * յաճախ բեռցուած կառք մը կը քաշէ Սէն Բաւլոյի փողոցներուն մէջ, Պրազիլ։ Ան կը հաւաքէ խաւաքարտ, մէկդի նետուած մետաղ ու կերպընկալ։ Երբ մութը կոխէ, ան իր կառքին տակ խաւաքարտ մը կը դնէ եւ անոր վրայ կը քնանայ։ Այնպէս կը թուի թէ փողոցէն անցած ինքնաշարժներուն ու հանրակառքերուն աղմուկը չի խանգարեր անոր քունը։ Անցեալին ան ունէր գործ, տուն եւ ընտանիք,– բայց բոլորն ալ կորսնցուց։ Այժմ ան շատ դժուար պայմաններու ներքեւ թշուառ կեանք մը կը վարէ։
Դժբախտաբար, աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ Վիսընթէի նման՝ չափազանց աղքատութեան մէջ կ’ապրին։ Զարգացումի վրայ եղող երկիրներու մէջ, շատեր ստիպուած են փողոցը կամ հիւղաքաղաքի մէջ ապրիլ։ Մուրացկանները,– կաղեր, կոյրեր, մանկիկ գրկող կիներ,– սովորական տեսարան մըն են։ Ազդալոյսին քով կանգ առնող ինքնաշարժներուն կը մօտենան երախաներ, ջանալով վանաշաքար ծախել, չնչին գումար մը ձեռք ձգելու համար։
Այս աղքատութիւնը արդարացնելը դժուար է։ Բրիտանական պարբերաթերթ մը (The Economist) նշեց. «Որեւէ ժամանակէ աւելի, մարդկային ցեղը ունի աղքատութիւնը նուաճելու հարկ եղած հարստութիւնը, բժշկական գիտութիւնը, արուեստագիտական հմտութիւնն ու մտաւորական կարողութիւնը»։ Այդ գիտութենէն վստահաբար շատեր օգտուած են։ Զարգացումի վրայ եղող բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մեծ քաղաքներուն փողոցները խճողուած են նոր ինքնաշարժներով։ Վաճառակեդրոնները լեցուն են նորագոյն սարքերով, իսկ զանոնք գնողները սակաւաթիւ չեն։ Պրազիլի մէջ երկու վաճառակեդրոններ գովազդի մասնայատուկ արշաւ մը վարեցին։ Անոնք լման երկու օր բաց մնացին, 23 եւ 24 Դեկտեմբեր 2004–ին։ Անոնցմէ մէկը պարուհիներ վարձեց, յաճախորդները զբօսցնելու համար։ Առիթը շուրջ 500,000 գնող հրապուրեց։
Սակայն ոմանց վայելած հարստութիւնը օգուտ մը չի բերեր ժողովուրդին մեծ մասին։ Հարուստներու եւ չքաւորներու միջեւ եղող սուր հակադրութիւնը մղած է շատերը որ եզրակացնեն թէ աղքատութիւնը նուաճելու * Սակայն ասիկա իսկական յառաջդիմութիւն չէ, քանի որ պարբերաթերթը աւելցուց. «Արդիւնքին վրայ կասկածելու բազմաթիւ պատճառներ կան։ Երկիրներուն մեծամասնութիւնը կը վարանի նուիրատուութիւններ ընելու, քանի որ տրամադրուած գումարները հազուադէպ կը հասնին ժողովուրդին ձեռքը»։ Դժբախտաբար, փտածութեան ու դիւանակալութեան պատճառով, կառավարութիւններու, միջազգային գործակալութիւններու եւ անհատներու տրամադրած դրամին մեծ մասը երբեք չի հասնիր այն մարդոց, որոնք իսկապէս անոր կարիք ունին։
անյետաձգելի կարիք կայ։ Պրազիլեան պարբերաթերթ մը (Veja) ըսաւ. «Այս տարի [2005], աղքատութեան դէմ մղուած պայքարը պէտք է ըլլայ համաշխարհային օրակարգին գլխաւոր նիւթը»։ Անիկա նաեւ տեղեկագրեց թէ նոր Մարշըլի Ծրագիր մը առաջարկուած է, որուն նպատակն է օգնել ամենէն աղքատ երկիրներուն, մանաւանդ Ափրիկէի մէջ։Յիսուս գիտէր թէ աղքատութեան խնդիրը շարունակական էր։ Ան ըսաւ. «Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք»։ (Մատթէոս 26։11) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ աղքատութիւնը աշխարհի թատերաբեմին վրայ մնայուն երեւոյթ մը պիտի ըլլայ։ Կացութիւնը բարելաւելու համար ոչի՞նչ կարելի է ընել։ Քրիստոնեաները ի՞նչ կրնան ընել աղքատներուն օգնելու համար։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 2 Անունը փոխուած է։
^ պարբ. 5 Մարշըլի Ծրագիրը Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատրաստուած յայտագիր մըն էր, որուն նպատակն էր՝ Բ. Աշխարհամարտէն ետք Եւրոպայի տնտեսութիւնը վերահաստատել։