Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա իր հօտին համար հովիւներ կը մարզէ

Եհովա իր հօտին համար հովիւներ կը մարզէ

Եհովա իր հօտին համար հովիւներ կը մարզէ

«Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են»։—ԱՌԱԿԱՑ 2։6

1, 2. Մկրտուած տղամարդիկը ինչո՞ւ կը ձգտին ժողովքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ձեռք ձգելու։

«ԵՐԲ երէց նշանակուեցայ, շատ ուրախացայ», կ’ըսէ Նիք, որ եօթը տարիէ որպէս տեսուչ կը ծառայէ։ «Այս առանձնաշնորհումը՝ Եհովայի մատուցած ծառայութիւնս ընդարձակելու պատեհութիւն մը նկատեցի։ Զգացի թէ խորապէս երախտապարտ ըլլալու եմ՝ ինծի ի նպաստ իր ըրած բոլոր բաներուն համար։ Նաեւ ուզեցի կարելի եղածին չափ ժողովքի անդամներուն օգնել, ինչպէս երէցները ինծի օգնեցին»։ Սակայն որոշ մտահոգութիւններ ալ կային, ինչպէս Նիք կ’աւելցնէ. «Որովհետեւ քսանական տարիքիս վերջաւորութեան էի՝ երբ նշանակուեցայ, հարց տուի թէ ժողովքը ազդուօրէն հովուելու համար հարկ եղած հմտութիւնները, ինչպէս՝ խորատեսութիւնն ու իմաստութիւնը, պիտի ունենա՞մ»։

2 Իր հօտը հովուելու համար Եհովայի նշանակած անհատները ուրախանալու բազմաթիւ պատճառներ ունին։ Պօղոս առաքեալ Եփեսոսէն եկած երէցներուն յիշեցուց պատճառներէն մէկը,– Յիսուսի խօսքը. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Որպէս օգնական ծառայ կամ երէց ծառայելը, մկրտուած տղամարդոց կը հայթայթէ յաւելեալ կերպեր որ Եհովայի ու ժողովքին տան։ Օրինակ, օգնական ծառաները երէցներուն կողքին կ’աշխատին եւ ժամանակ սպառող բայց անհրաժեշտ բազմաթիւ նշանակումներու հոգ կը տանին։ Այս եղբայրները Աստուծոյ ու դրացիի հանդէպ սէրէ մղուած՝ արժէքաւոր ծառայութիւն կը մատուցանեն։—Մարկոս 12։30, 31

3. Ոմանք ինչո՞ւ ժողովքային առանձնաշնորհումներու ձգտելու կը վարանին։

3 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Քրիստոնեայի մը մասին, որ կը վարանի օգնական ծառայ ապա երէց ըլլալու առանձնաշնորհումին ձգտիլ, քանի որ անատակ կը զգայ։ Նիքի նման, թերեւս ան կը մտահոգուի թէ ազդու հովիւ մը ըլլալու համար հարկ եղած հմտութիւնները չունի։ Եթէ մկրտուած եղբայր մըն ես, այդպէս կը մտածե՞ս։ Այս մտահոգութիւնները անհիմն չեն։ Նշանակուած հովիւները Եհովայի համարատու են՝ հօտին հետ իրենց վարուած կերպին համար։ Յիսուս ըսաւ. «Որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ եւ որու որ աւելի յանձնուեցաւ, ա՛լ աւելի պիտի պահանջուի անկէ»։—Ղուկաս 12։48

4. Եհովա ի՞նչպէս կ’օգնէ իր ոչխարներուն հոգ տանող անհատներուն։

4 Եհովա իր նշանակած օգնական ծառաներէն ու երէցներէն կ’ակնկալէ՞ որ յաւելեալ բեռը առանձին կրեն։ Ո՛չ։ Ան գործնական օգնութիւն կը հայթայթէ, զիրենք կարող դարձնելով որ ո՛չ միայն գլուխ ելլեն, այլեւ յաջողին։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առնուեցաւ, Եհովա անոնց կը շնորհէ իր սուրբ հոգին, որուն պտուղը կ’օգնէ ոչխարները քնքշօրէն հոգալու։ (Գործք 20։28. Գաղատացիս 5։22, 23) Ասկէ զատ, Եհովա անոնց կու տայ իմաստութիւն, գիտութիւն եւ խորատեսութիւն։ (Առակաց 2։6) Ի՞նչպէս։ Քննարկենք երեք կերպեր, որոնցմով Եհովա կը մարզէ իր ոչխարներուն հոգ տանող անհատները։

Մարզուած՝ փորձառու հովիւներու միջոցաւ

5. Պետրոս ու Յովհաննէս ինչո՞ւ ատակ հովիւներ էին։

5 Սենետրիոնի իմաստուն սեպուած դատաւորները, Պետրոս ու Յովհաննէս առաքեալները «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» նկատեցին։ Առաքեալները կրնային կարդալ ու գրել, բայց Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութեան մէջ ռաբունական մարզում չէին ստացած։ Այսուհանդերձ անոնք միւս աշակերտներուն հետ մէկտեղ, ատակ ուսուցիչներ էին, իրենց ունկնդիրներէն շատերը մղելով որ հաւատացեալներ ըլլան։ Այս սովորական տղամարդիկը ի՞նչպէս բացառիկ ուսուցիչներ եղան։ Պետրոսի ու Յովհաննէսի մտիկ ընելէ ետք, դատաւորները «իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին»։ (Գործք 4։1-4, 13) Ճիշդ է որ անոնք սուրբ հոգին ստացած էին։ (Գործք 1։8) Բայց նաեւ ակներեւ էր,– նոյնիսկ այդ հոգեւորապէս կոյր դատաւորներուն,– թէ Յիսուս այդ տղամարդիկը մարզած էր։ Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս առաքեալներուն սորվեցուց ո՛չ միայն ոչխարանման անհատները հաւաքելու կերպը, այլեւ՝ զանոնք հովուելու կերպը, հօտին մէկ մասը դառնալէ ետք։—Մատթէոս 11։29. 20։24-28. Ա. Պետրոս 5։4

6. Յիսուս եւ Պօղոս ուրիշները մարզելու մէջ ի՞նչ օրինակ հանդիսացան։

6 Իր յարութենէն ետք, Յիսուս շարունակեց նշանակուած հովիւները մարզել։ (Յայտնութիւն 1։1. 2։1–3։22) Օրինակ, ան անձամբ ընտրեց Պօղոսը եւ անոր մարզումին վրայ վերահսկեց։ (Գործք 22։6-10) Պօղոս իր ստացած մարզումը գնահատեց եւ իր սորվածը այլ երէցներու փոխանցեց։ (Գործք 20։17-35) Օրինակ, ան շատ ժամանակ ու կորով յատկացուց Տիմոթէոսը մարզելու որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ‘այնպիսի բանուոր մը ըլլայ, որ պիտի չամչնայ’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Այս երկու տղամարդոց միջեւ մտերիմ բարեկամութիւն մը զարգացաւ։ Պօղոս Տիմոթէոսի մասին գրեց. «Ան ծառայեց աւետարանին ինծի հետ՝ ինչպէս զաւակ մը հօրը հետ»։ (Փիլիպպեցիս 2։22, ԱՎ) Պօղոս չջանաց Տիմոթէոսը կամ ոեւէ ուրիշ անհատ ի՛ր աշակերտը ընել։ Ան հաւատակիցները քաջալերեց որ ‘իրեն նմանին, ինչպէս ինք ալ՝ Քրիստոսի’։—Ա. Կորնթացիս 11։1

7, 8. (ա) Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ լաւ արդիւնք յառաջ կու գայ, երբ երէցներ Յիսուսը եւ Պօղոսը ընդօրինակեն։ (բ) Երէցները ե՞րբ պէտք է սկսին ապագայ օգնական ծառաներն ու երէցները մարզել։

7 Յիսուսի ու Պօղոսի նման, փորձառու հովիւները նախաձեռնութիւնը կ’առնեն մկրտուած եղբայրները մարզելու, համանման լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով։ Նկատի առ Չատի փորձառութիւնը։ Ան կրօնապէս բաժնուած տան մը մէջ մեծցաւ, բայց մօտերս երէց նշանակուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Տարիներու ընթացքին, քանի մը փորձառու երէցներ ինծի օգնեցին հոգեւորապէս յառաջդիմելու։ Որովհետեւ հայրս Վկայ չէր, այս երէցները ինձմով մօտէն հետաքրքրուեցան եւ ինծի հոգեւոր հայրեր եղան։ Անոնք ժամանակ տրամադրեցին որ զիս ծառայութեան մէջ մարզեն, իսկ հետագային, երէց մը ինծի օգնեց ժողովքային նշանակումներուս հոգ տանելու»։

8 Ինչպէս Չատի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, խորատես հովիւները կը սկսին հաւանական օգնական ծառաներն ու երէցները մարզել, այս առանձնաշնորհումներուն որակեալ ըլլալէն շա՜տ առաջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչը կը պատուիրէ որ օգնական ծառաներն ու երէցները բարոյական ու հոգեւոր բարձր մակարդակ ունենան՝ նշանակուելէ առաջ։ Անոնք «առաջ [պէտք է] փորձուին»։—Ա. Տիմոթէոս 3։1-10

9. Հասուն հովիւները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին եւ ինչո՞ւ։

9 Որովհետեւ մկրտուած եղբայրները պիտի փորձարկուին, տրամաբանական է որ նա՛խ մարզուին։ Լուսաբանենք. դպրոցին մէջ աշակերտ մը կրնա՞յ յաջողապէս մասնակցիլ դժուար քննութեան մը, որուն համար ուսուցիչները մասնայատուկ մարզում չեն հայթայթած։ Շատ հաւանաբար՝ ո՛չ։ Ուրեմն մարզումը անհրաժեշտ է։ Միւս կողմէ, խղճամիտ ուսուցիչները աշակերտները կը մարզեն ո՛չ միայն քննութեան մը մէջ յաջողելու, այլեւ՝ իրենց ձեռք ձգած գիտութիւնը գործածելու։ Նոյնպէս, ժրաջան երէցները մասնայատուկ մարզում հայթայթելով՝ մկրտուած եղբայրներուն կ’օգնեն որ նշանակուած տղամարդէն պահանջուած յատկութիւնները մշակեն։ Անոնք ասիկա կ’ընեն ո՛չ միայն որպէսզի այս եղբայրները նշանակում ստանան, այլեւ՝ կարենան հօտին պատշաճօրէն հոգ տանիլ։ (Բ. Տիմոթէոս 2։2) Անշուշտ մկրտուած եղբայրները ջանք պէտք է թափեն ու ծանր աշխատին, օգնական ծառայէն կամ երէցէն պահանջուած որակումներուն գոհացում տալու համար։ (Տիտոս 1։5-9) Այսուհանդերձ, փորձառու հովիւները ձգտող եղբայրները յօժարակամ մարզելով, կրնան անոնց օգնել որ աւելի արագօրէն յառաջդիմեն։

10, 11. Հովիւները ի՞նչպէս կրնան ուրիշները մարզել յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ձեռք բերելու համար։

10 Փորձառու հովիւները յատկապէս ի՞նչպէս կրնան ուրիշները մարզել որ ժողովքային նշանակումներուն հոգ տանին։ Նախ եւ առաջ, ժողովքի եղբայրներով հետաքրքրուելով,– կանոնաւորաբար անոնց հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցելով եւ անոնց օգնելով որ «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»ու իրենց կարողութիւնը բարելաւեն։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Հասուն հովիւները այս եղբայրներուն հետ կը խօսակցին ուրիշներու ծառայելէն յառաջ եկած ուրախութիւններուն մասին եւ այն գոհունակութեան մասին, որ ձեռք կը ձգեն հոգեւոր նպատակակէտեր դնելով եւ անոնց հասնելով։ Անոնք նաեւ ազնուօրէն մասնայատուկ թելադրութիւններ կու տան թէ եղբայր մը «հօտին օրինակ» ըլլալու համար ի՛նչ բարելաւումներ կրնայ ընել։—Ա. Պետրոս 5։3, 5

11 Եղբայր մը օգնական ծառայ նշանակուելէ ետք, խոհեմ հովիւները կը շարունակեն զինք մարզել։ Տասնամեակներէ ի վեր որպէս երէց ծառայող Պրուս կ’ըսէ. «Կը սիրեմ նոր նշանակուած օգնական ծառային հետ նստիլ եւ վերաքաղ ընել հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային հայթայթած ցուցմունքները։ Նաեւ կը կարդանք իր մասնայատուկ նշանակումին վերաբերեալ բոլոր ուղեգծերը, ապա կ’օգնեմ իրեն մինչեւ որ իր պարտականութիւններուն քաջածանօթ ըլլայ»։ Երբ օգնական ծառան փորձառու կը դառնայ, կրնայ նաեւ մարզում ստանալ հովուական գործին համար։ Պրուս կ’աւելցնէ. «Երբ օգնական ծառային ընկերակցութեամբ հովուական այցելութիւն մը պիտի տամ, անոր կ’օգնեմ որոշ համարներ ընտրելու, որոնք մեր այցելած անհատը կամ ընտանիքը կը քաջալերեն ու կը խթանեն։ Օգնական ծառան ատակ հովիւ մը դառնալու համար, էական է որ սորվի Սուրբ Գրութիւնները այնպէս մը գործածել որ սիրտին ազդեն»։—Եբրայեցիս 4։12. 5։14

12. Փորձառու հովիւները ի՞նչպէս կրնան նոր նշանակուած երէցները մարզել։

12 Նոր նշանակուած հովիւներն ալ յաւելեալ մարզումէն մեծապէս կ’օգտուին։ Նախապէս նշուած Նիքը կ’ըսէ. «Յատկապէս երկու տարեց տեսուչներէ ստացած մարզումս շատ օգտակար էր։ Այս երկու եղբայրները սովորաբար գիտէին թէ որոշ հարցեր ի՛նչպէս պէտք է ձեռք առնուին։ Անոնք միշտ համբերութեամբ ինծի մտիկ կ’ընէին եւ լրջօրէն տեսակէտս նկատի կ’առնէին, նոյնիսկ եթէ զայն պիտի չընդունէին։ Ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ անոնց խոնարհ ու յարգալից վարուելակերպը դիտելով՝ շատ բան սորվեցայ։ Այս երէցները միտքիս մէջ դրոշմեցին՝ խնդիրներ ձեռք առնելու կամ քաջալերութիւն տալու ատեն Աստուածաշունչը հմտօրէն գործածելու կարիքը»։

Մարզուած՝ Աստուծոյ Խօսքին միջոցաւ

13. (ա) Եղբայր մը ատակ հովիւ ըլլալու համար ի՞նչ բանի կարիք ունի։ (բ) Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ. «Իմ ուսուցումս՝ ի՛մս չէ»։

13 Արդարեւ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ օրէնքներ, սկզբունքներ ու օրինակներ, որոնց հովիւ մը կարիք ունի, որպէսզի «կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Եղբայր մը կրնայ բաւարար աշխարհիկ ուսում ունենալ, բայց Սուրբ Գրութիւններուն մասին իր գիտութիւնը եւ զայն ի՛նչպէս կիրարկելն է որ իրեն կ’օգնէ ատակ հովիւ ըլլալու։ Նկատի առ Յիսուսի օրինակը։ Ան երկրագունդի վրայ ապրած ամենէն լաւատեղեակ, ամենէն խորատես եւ ամենէն իմաստուն հոգեւոր հովիւն էր. այսուհանդերձ, ի՛ր իմաստութեան չապաւինեցաւ, երբ Եհովայի ոչխարներուն սորվեցուց։ Ան ըսաւ. «Իմ ուսուցումս՝ ի՛մս չէ, հապա զիս ղրկողի՛նն է»։ Յիսուս ինչո՞ւ վարկը իր երկնաւոր Հօր տուաւ։ Ան բացատրեց. «Ա՛ն որ կը խօսի ինքնիրմէ՝ կը փնտռէ ի՛ր իսկ փառքը»։—Յովհաննու 7։16, 18, ԱՎ

14. Հովիւները ի՞նչպէս կը խուսափին փառք փնտռելէ։

14 Հաւատարիմ հովիւները փառք չեն փնտռեր։ Անոնք իրենց խրատն ու քաջալերութիւնը կը հիմնեն ո՛չ թէ իրենց իմաստութեան վրայ, այլ՝ Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Անոնք կը գիտակցին թէ հովիւին նշանակումն է ոչխարներուն օգնել «Քրիստոսին միտքը» ունենալու, եւ ո՛չ թէ՝ երէցներուն միտքը։ (Ա. Կորնթացիս 2։14-16) Օրինակ, ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ երէց մը, որ ամոլի մը կ’օգնէ ամուսնական խնդիրներու հետ գլուխ ելլելու, իր խրատը հիմնէ իր անձնական փորձառութեան վրայ, փոխանակ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակած տեղեկութիւններուն վրայ հիմնելու։ (Մատթէոս 24։45) Տեղական սովորութիւնները եւ իր սահմանափակ գիտութիւնը կրնան չափազանց ազդել իր խրատին։ Ճիշդ է որ կարգ մը սովորութիւններ սխալ չեն, եւ երէցը կրնայ կեանքի փորձառութիւն ունենալ։ Բայց ոչխարները շատ աւելի կ’օգտուին, երբ հովիւները զիրենք կը քաջալերեն որ Յիսուսի ձայնը եւ Եհովայի խօսքերը լսեն, քան թէ՝ մարդոց գաղափարները կամ տեղական սովորութիւններու օրէնքները։—Սաղմոս 12։6. Առակաց 3։5, 6

Մարզուած՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ

15. Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ի՞նչ յանձնարարութիւն տուաւ, եւ ծառայ դասակարգին յաջողութեան պատճառներէն մէկը ի՞նչ է։

15 Պետրոս, Յովհաննէս ու Պօղոս առաքեալներուն նման հովիւներ, Յիսուսի նկարագրած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» դասակարգին մաս կը կազմէին։ Այս ծառայ դասակարգը կը բաղկանայ երկրի վրայ ապրող՝ Յիսուսի հոգիէն–օծուած եղբայրներէն, որոնց յոյսն է Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ իշխել։ (Յայտնութիւն 5։9, 10) Այս դրութեան վերջին օրերուն ընթացքին, երկրի վրայ Քրիստոսի եղբայրներուն թիւը անխուսափելիօրէն նուազած է։ Իսկ Յիսուսի կողմէ անոնց յանձնարարուած գործը,– վախճանը չեկած՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել,– այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի ընդարձակուած է։ Այսուհանդերձ ծառայ դասակարգը ուշագրաւ յաջողութիւն գտած է։ Ինչո՞ւ։ Մասամբ, քանի որ անոնք «ուրիշ ոչխարներ»ուն անդամները մարզած են որ քարոզչութեան եւ ուսուցանելու գործին մէջ իրենց օգնեն։ (Յովհաննու 10։16. Մատթէոս 24։14. 25։40) Այսօր, այս հաւատարիմ խումբը գործին մեծ մասը կը կատարէ։

16. Ծառայ դասակարգը ի՞նչպէս նշանակուած տղամարդիկը կը մարզէ։

16 Ծառայ դասակարգը այս մարզումը ի՞նչպէս կը հայթայթէ։ Առաջին դարուն, ծառայ դասակարգին ներկայացուցիչներուն լիազօրութիւն տրուեցաւ որ ժողովքներուն մէջ մարզեն ու նշանակեն տեսուչներ, որոնք իրենց կարգին ոչխարները պիտի մարզէին։ (Ա. Կորնթացիս 4։17) Ներկայիս պարագան նոյնն է։ Կառավարիչ Մարմինը,– օծեալ երէցներու խմբակը որ ծառայ դասակարգը կը ներկայացնէ,– իր ներկայացուցիչներուն լիազօրութիւն կու տայ որ աշխարհի տարածքին տասնեակ հազարաւոր ժողովքներուն մէջ մարզեն ու նշանակեն օգնական ծառաներ եւ երէցներ։ Ասկէ զատ, ոչխարներուն լաւ հոգ տանելու համար, Կառավարիչ Մարմինը կը կարգադրէ դպրոցներ, որպէսզի մարզէ Մասնաճիւղի Յանձնախումբի անդամները, ճամբորդող տեսուչները, երէցներն ու օգնական ծառաները։ Յաւելեալ ուղղութիւններ կը հայթայթուին՝ նամակներու, Դիտարան–ի յօդուածներու եւ այլ հրատարակութիւններու միջոցով, ինչպէս՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքը։ *

17. (ա) Յիսուս ծառայ դասակարգին հանդէպ իր վստահութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուած է։ (բ) Հոգեւոր հովիւները ի՞նչպէս կրնան ցոյց տալ թէ ծառայ դասակարգին հանդէպ վստահութիւն ունին։

17 Ծառայ դասակարգին հանդէպ Յիսուս ա՛յնքան վստահութիւն ունէր, որ զայն նշանակեց «իր բոլոր ունեցածին վրայ»,– երկրի վրայ իր բոլոր հոգեւոր շահերը։ (Մատթէոս 24։47) Նշանակուած հովիւները կ’ապացուցանեն թէ իրենք ալ ծառայ դասակարգին կը վստահին, անոր Կառավարիչ Մարմինէն իրենց ստացած ուղղութիւնները կիրարկելով։ Արդարեւ, հովիւները ուրիշները մարզելով, Աստուծոյ Խօսքով մարզուելով եւ ծառայ դասակարգին հայթայթած մարզումը կիրարկելով, հօտին մէջ միութիւն կը յառաջացնեն։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովա տղամարդիկ մարզած է, որոնք քրիստոնէական ժողովքի իւրաքանչիւր անդամին խորապէս հոգ կը տանին։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 16 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Հասուն հոգեւոր հովիւները ի՞նչպէս ուրիշները կը մարզեն։

• Հովիւները ինչո՞ւ իրենց խորհուրդներուն համաձայն չեն ուսուցաներ։

• Հովիւները ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ ծառայ դասակարգին հանդէպ վստահութիւն կը ցուցաբերեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 25]

Քրիստոնեայ երէցները կը մարզեն ժողովքի երիտասարդները

[Նկարներ՝ էջ 26]

«Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» բազմաթիւ միջոցներով կը մարզէ երէցները