«Ես ձեզի հետ եմ»
«Ես ձեզի հետ եմ»
«Տէրոջը դեսպանը . . . ըսաւ. ‘Ես ձեզի հետ եմ’, կ’ըսէ Տէրը»։—ԱՆԳԵԱՅ 1։13
1. Մեր օրուան նկատմամբ, Յիսուս ի՞նչ մարգարէական զուգահեռի ակնարկեց։
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ծանրակշիռ մէկ ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Ինչպէս Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը ցոյց կու տայ, մենք 1914–էն ի վեր ‘Տէրոջ օրուան’ մէջ ենք։ (Յայտնութիւն 1։10) Հաւանաբար այս նիւթը սերտած ես, ուստի գիտես թէ Յիսուս գահակալուած «Որդի մարդոյ օրեր»ը համեմատեց «Նոյին օրեր»ուն եւ «Ղովտին օրեր»ուն հետ։ (Ղուկաս 17։26, 28) Ուրեմն Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ անոնք մարգարէական զուգահեռ են։ Սակայն ուրիշ զուգահեռ մըն ալ կայ, որ լրջօրէն նկատի առնելու ենք։
2. Անգէ եւ Զաքարիա Եհովայի կողմէ նշանակուեցան որ ի՞նչ դեր կատարեն։
2 Քննարկենք կացութիւն մը որ գոյացաւ Եբրայեցի Անգէ ու Զաքարիա մարգարէներուն օրերուն։ Այս երկու հաւատարիմ մարգարէները ի՞նչ պատգամ հաղորդեցին, որ ներկայիս Եհովայի ժողովուրդին համար մասնայատուկ կիրարկում մը ունի։ Անգէ եւ Զաքարիա որպէս «Տէրոջը դեսպան» ծառայեցին բաբելոնական գերութենէն վերադարձած Հրեաներուն համար։ Անոնց յանձնարարութիւնն էր Իսրայելացիները հաւաստիացնել թէ Աստուած տաճարի վերաշինութեան մէջ իրենց թիկունք կը կանգնէր։ (Անգեայ 1։13. Զաքարեայ 4։8, 9) Անգէի ու Զաքարիայի ամփոփ գրութիւնները մաս կը կազմեն այն գիրքին, որ «Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16
Անոնք մեզ պէտք է հետաքրքրեն
3, 4. Անգէի եւ Զաքարիայի պատգամներով ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք։
3 Աներկբայօրէն Անգէի ու Զաքարիայի պատգամները ժամանակակից Հրեաներուն օգտաշատ էին, եւ անոնց մարգարէութիւնները այդ օրերուն կատարուեցան։ Ինչո՞ւ վստահ ենք թէ այս երկու գիրքերը ներկայիս մեզ պէտք է հետաքրքրեն։ Եբրայեցիս 12։26-29–ն կը պատասխանէ, ուր Պօղոս առաքեալ Անգեայ 2։6–ը (ԱՎ) կը մէջբերէ, նշելով թէ Աստուած ‘երկինքն ու երկիրը պիտի սարսէ’, եւ ի վերջոյ ‘թագաւորութիւններուն գահը պիտի տապալէ, ազգերու թագաւորութիւններուն զօրութիւնը պիտի փճացնէ’։—Անգեայ 2։22, ԱՎ
4 Անգեայ գիրքէն մէջբերելով, Պօղոս կ’ըսէ թէ «ազգերու թագաւորութիւններուն» ի՛նչ պիտի պատահի եւ կը խօսի օծեալ Քրիստոնեաներուն ստանալիք անշարժ Թագաւորութեան գերակայութեան մասին։ (Եբրայեցիս 12։28) Ասիկա ցոյց կու տայ թէ Անգէի ու Զաքարիայի մարգարէութիւնները կը մատնանշէին ժամանակ մը, որ տակաւին չէր հասած առաջին դարուն, երբ Եբրայեցիս գիրքը գրուեցաւ։ Ներկայիս երկրի վրայ օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդ մը կայ, որ Յիսուսի հետ Մեսիական Թագաւորութեան ժառանգորդ է։ Արդ, Անգէի եւ Զաքարիայի մարգարէութիւնները մեր ժամանակին համար նշանակութիւն ունենալու են։
5, 6. Անգէ ու Զաքարիա ինչպիսի՞ պարագաներու ներքեւ սկսան իրենց ծառայութիւնը։
5 Եզրասայ գիրքը որոշ պատմական ենթահող կը ներկայացնէ։ Հ.Դ.Ա. 537–ին Հրեաները բաբելոնական գերութենէն վերադառնալէ ետք, Եզրասայ 3։8-13. 5։1) Հրեաները մեծապէս ուրախացան, բայց շատ չանցած՝ վախը զիրենք պատեց։ «Այն երկրին ժողովուրդը»՝ թշնամիները, «Յուդայի ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէին ու անոնց շինութիւնը կը խափանէին», կ’ըսէ Եզրասայ 4։4–ը։ Այս հակառակորդները, մանաւանդ Սամարացիները, Հրեաներուն դէմ սուտ ամբաստանութիւններ ըրին եւ Պարսկաստանի թագաւորը համոզեցին որ տաճարի վերաշինութիւնը արգիլէ։—Եզրասայ 4։10-21
Զօրաբաբէլ կառավարիչը եւ Յեսու քահանայապետը՝ Հ.Դ.Ա. 536–ին նոր տաճարին հիմնադրութեան վրայ վերահսկեցին։ (6 Տաճարի վերակառուցման հանդէպ սկզբնական խանդավառութիւնը մարեցաւ, եւ Հրեաները սկսան իրենց անձնական շահերը հետապնդել։ Սակայն Հ.Դ.Ա. 520–ին, տաճարին հիմը դրուելէն 16 տարի ետք, Եհովա Անգէն ու Զաքարիան հանեց, ժողովուրդը խթանելու որ վերսկսին տաճարը կառուցանել։ (Անգեայ 1։1. Զաքարեայ 1։1) Աստուծոյ պատգամաւորներէն ոյժ առնելով եւ Եհովայի զօրակցութեան բացայայտ ապացոյցը տեսնելով, Հրեաները գործի լծուեցան ու տաճարի վերակառուցումը ամբողջացուցին Հ.Դ.Ա. 515–ին։—Եզրասայ 6։14, 15
7. Երկու մարգարէներուն օրերուն տիրող կացութիւնը ի՞նչ զուգահեռ ունի արդի ժամանակներուն։
7 Գիտե՞ս այս բոլորին նշանակութիւնը մեզի համար։ Մեր գործն է՝ ‘արքայութեան աւետարանը’ քարոզել։ (Մատթէոս 24։14) Ա. Աշխարհամարտէն ետք, այդ գործին վրայ մասնայատուկ շեշտ դրուեցաւ։ Ինչպէս վաղեմի Հրեաները բաբելոնական գերութենէն ազատ արձակուեցան, նոյնպէս Եհովայի արդի ժողովուրդը ազատագրուեցաւ Մեծ Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ գերութենէն։ Աստուծոյ օծեալները անխոնջօրէն ջանացին քարոզել, ուսուցանել եւ մարդիկը ճշմարիտ պաշտամունքին ուղղել։ Այդ գործը այսօր աւելի մեծ տարողութեամբ կը շարունակուի, եւ թերեւս դուն ալ անոր մէջ բաժին կը բերես։ Անոր կատարուելու ժամանակը հիմա՛ է, քանի որ այս չար դրութեան վախճանը մօտ է։ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած այս գործը պէտք է շարունակուի մինչեւ որ Եհովա մարդկային գործերուն միջամտէ՝ «մեծ նեղութեան»։ (Մատթէոս 24։21) Ասիկա չարութիւնը պիտի վերցնէ եւ թոյլ պիտի տայ որ ճշմարիտ պաշտամունքը երկրի վրայ լիովին ուռճանայ։
8. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած մեր գործին թիկունք կը կանգնի։
8 Ինչպէս Անգէի եւ Զաքարիայի մարգարէութիւնները ցոյց կու տան, Եհովա վստահաբար մեզի թիկունք կը կանգնի եւ մեզ կ’օրհնէ, մինչ ամբողջ սիրտով իր գործին կը մասնակցինք։ Հակառակ ոմանց ջանքերուն որ Աստուծոյ ծառաները ընկճեն կամ անոնց նշանակուած գործը արգիլեն, ո՛չ մէկ կառավարութիւն կրցած է աւետարանչութեան յառաջդիմութիւնը կասեցնել։ Պահ մը խորհէ թէ Եհովա ի՛նչպէս Թագաւորութեան գործը օրհնած է՝ յաւելումներ տալով, Ա. Աշխարհամարտէն ետք եւ մինչեւ օրս։ Սակայն տակաւին ընելիք շատ բան կայ։
9. Ո՞ր կացութեան ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք, եւ ինչո՞ւ։
9 Անգեայ եւ Զաքարեայ գիրքերէն մեր սորված բաները ի՞նչպէս կրնան մեզ ա՛լ աւելի մղել որ քարոզելու եւ ուսուցանելու աստուածային պատուէրին հնազանդինք։ Նախ նկատի առնենք քաղուելիք կարգ մը դասեր։ Օրինակ, տաճարի վերակառուցման նկատմամբ, Բաբելոնէն Երուսաղէմ վերադարձած Հրեաները գործը կիսկատար ձգեցին։ Անոնք հիմը դնելէ ետք՝ անփոյթ դարձան։ Անոնք ի՞նչ սխալ տեսակէտ մը զարգացուցին, իսկ մենք ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
Շիտակ տեսակէտ մը որդեգրել
10. Հրեաները ի՞նչ սխալ տեսակէտ մը զարգացուցին, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
10 Վերահաստատուած Հրեաները կ’ըսէին. «Դեռ ժամանակը չէ հասած»։ (Անգեայ 1։2) Երբ անոնք սկսան տաճարը վերակառուցանել, Հ.Դ.Ա. 536–ին հիմը դնելով, չըսին թէ «դեռ ժամանակը չէ հասած»։ Բայց անոնք շուտով թոյլ տուին դրացիներուն հակառակութեան ու կառավարութեան միջամտութեան որ իրենց ազդեն։ Հրեաները սկսան իրենց տուներուն ու իրենց հանգիստին վրայ աւելի շեշտ դնել։ Անոնց ձեղնածածկ տուները չամբողջացած տաճարին հակադրելով, Եհովա հարցուց. «Արդեօք ժամանա՞կն է, որ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, իսկ այս տունը աւերակ մնայ»։—Անգեայ 1։4
11. Եհովա ինչո՞ւ ստիպուեցաւ Անգէի ժամանակակից Հրեաները խրատել։
11 Այո, Հրեաներուն նախապատուութիւնները փոխուած էին։ Քան թէ տաճարը վերաշինելու Անգեայ 1։5–ի մէջ արձանագրուած Եհովայի խօսքը, Հրեաները քաջալերեց որ ‘իրենց ճամբաներուն մասին մտածեն’,– կանգ առնեն ու իրենց ըրածին վրայ խոկան եւ նկատի առնեն թէ տաճարին վերաշինութիւնը իրենց կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը չդնելը ի՛նչպէս կ’ազդէր իրենց։
Եհովայի նպատակը առաջնակարգ տեղը դնելու, Աստուծոյ ժողովուրդը կեդրոնացան իրենց անձին ու իրենց բնակարաններուն վրայ, Աստուծոյ պաշտամունքի տունը անտեսելով։12, 13. Անգեայ 1։6–ը Հրեաներուն վիճակը ի՞նչպէս կը նկարագրէ։
12 Դժուար չէ երեւակայել թէ Հրեաները ի՛նչպէս անհատապէս ազդուեցան իրենց սխալ նախապատուութիւններէն։ Նկատի առ Անգեայ 1։6–ի մէջ (ԱՎ) արտայայտուած Աստուծոյ տեսակէտը. «Շատ սերմանեցիք, բայց քիչ հնձեցիք. կերաք, բայց չկշտացաք. խմեցիք, սակայն չյագեցաք. հագուեցաք, սակայն ո՛չ մէկը տաքցաւ. ու վարձկանը ծակած քսակի համար կը վաստկի իր վարձքը»։
13 Հրեաները աստուածատուր երկրին մէջ էին, բայց իրենց ուզած բերքը ձեռք չէին բերեր։ Ինչպէս նախապէս ազդարարած էր, Եհովա իր օրհնութիւնը հեռացուցած էր։ (Բ. Օրինաց 28։38-48) Առանց իր աջակցութեան, Հրեաները կը սերմանէին, բայց քիչ կը հնձէին եւ իրենց կերածով չէին կշտանար։ Իր օրհնութիւնը չվայելելով, անոնք չկրցան իրենց մարմինը տաք պահող հանդերձներ հագնիլ։ Նոյնիսկ թուեցաւ թէ իրենց շահած դրամը կը դրուէր ծակած քսակի մէջ, ո՛չ մէկ օգուտ բերելով վարձկաններուն։ Իսկ «խմեցիք, սակայն չյագեցաք» արտայայտութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ թէ Հրեաները Աստուծոյ օրհնութիւնը չունէին։ Անոնց շինած գինին քիչ ըլլալով, չէին կրնար արբենալ։
14, 15. Անգեայ 1։6–էն ի՞նչ դաս կը քաղենք։
14 Մեր քաղելիք դասը կապ չունի տան կառուցուածքին կամ զարդարանքին հետ։ Աքսորէն շա՜տ առաջ, Ամովս մարգարէն Իսրայէլի հարուստները յանդիմանած էր իրենց «փղոսկրեայ տուներ»ուն եւ «փղոսկրեայ մահիճներ»ուն համար։ (Ամովսայ 3։15. 6։4) Գեղազարդ տուներն ու կարասիները երկար ժամանակ չմնացին, քանի որ թշնամիները զանոնք թալանեցին։ Այսուհանդերձ, 70 տարի աքսորուելէ ետք, Աստուծոյ ժողովուրդէն շատեր այդ իրադարձութիւններէն դաս մը չքաղեցին։ Ի՞նչ ըսենք մեր մասին։ Տեղին է որ իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Տանս ու անոր զարդարանքին որքա՞ն կարեւորութիւն կու տամ։ Ի՞նչպէս կը նկատեմ ասպարէզի մը մէջ հմտանալու համար յաւելեալ ուսում ստանալը, որ կրնայ քանի մը տարի շատ ժամանակ խլել ու հոգեւոր կեանքիս կարեւոր երեսակները խճողել»։—Ղուկաս 12։20, 21. Ա. Տիմոթէոս 6։17-19
15 Անգեայ 1։6–ը կարդալով պէտք է գիտակցինք թէ մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ օրհնութեան կարիք ունինք։ Այդ վաղեմի Հրեաները այս օրհնութիւնը չունենալով վնաս կրեցին։ Նիւթական հարստութիւն ունի՛նք կամ ոչ, առանց Եհովայի օրհնութեան՝ որոշապէս պիտի վնասուինք հոգեւոր գետնի վրայ։ (Մատթէոս 25։34-40. Բ. Կորնթացիս 9։8-12) Ի՞նչպէս կրնանք այդ օրհնութիւնը ստանալ։
Եհովա իր հոգիին միջոցով կ’օգնէ
16-18. Սկիզբը, Զաքարեայ 4։6–ի խօսքը ի՞նչ նշանակութիւն կը կրէր։
16 Զաքարիա մարգարէն, որ Անգէի ժամանակակից էր, ներշնչման ներքեւ ցցուն ըրաւ այն միջոցը, որով Եհովա նուիրեալ անհատները կը խթանէր ու կ’օրհնէր։ Եւ ասիկա ցոյց կու տայ թէ Ան ի՛նչպէս քեզ ալ պիտի օրհնէ։ Կը կարդանք. «‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ (Զաքարեայ 4։6) Թերեւս յաճախ այս համարին հանդիպած ես, բայց անիկա Անգէի ու Զաքարիայի ժամանակակից Հրեաներուն համար ի՞նչ նշանակութիւն ունէր, եւ ի՞նչպէս քեզի կը կիրարկուի։
17 Մտաբերէ թէ Անգէի ու Զաքարիայի ներշնչեալ խօսքերը, այդ ատեն սքանչելի ազդեցութիւն մը ունեցան։ Անոնց ըսածը հաւատարիմ Հրեաները կազդուրեց։ Անգէ սկսաւ մարգարէանալ Հ.Դ.Ա. 520–ի վեցերորդ ամիսը, իսկ Զաքարիա՝ ութերորդ ամիսը։ (Զաքարեայ 1։1) Ինչպէս Անգեայ 2։18–ը ցոյց կու տայ, հիմնադրութեան գործը փութաջանօրէն վերսկսաւ իններորդ ամսուան մէջ։ Այսպէս Հրեաները խթանուեցան որ գործի լծուին, եւ անոնք Եհովայի հնազանդեցան՝ ապաւինելով իր աջակցութեան։ Զաքարեայ 4։6–ի խօսքը կ’ակնարկէ Աստուծոյ զօրակցութեան։
18 Հ.Դ.Ա. 537–ին, Հրեաները Բաբելոնէն հայրենիք վերադարձան առանց զօրքի, Եհովայի պաշտպանութեամբ ու առաջնորդութեամբ։ Եւ իր հոգին հարցերը ուղղեց, երբ անոնք սկսան
տաճարը վերակառուցանել։ Իսկ երբ դարձեալ սրտանց սկսէին աշխատիլ, ան իր սուրբ հոգիով անոնց թիկունք պիտի կանգնէր։19. Աստուծոյ հոգին որո՞ւ զօրաւոր ազդեցութիւնը նուաճեց։
19 Ութ տեսիլքներով Զաքարիա վստահ եղաւ թէ Եհովա իր ժողովուրդին հետ պիտի ըլլար, որոնք տաճարին աշխատանքը հաւատարմօրէն պիտի ամբողջացնէին։ Երրորդ գլուխին մէջ արձանագրուած չորրորդ տեսիլքը ցոյց կու տայ թէ Սատանան տաճարի վերաշինութիւնը ամբողջացնելու Հրեաներուն ջանքերուն կը դիմադրէր։ (Զաքարեայ 3։1) Վստահաբար Սատանան ուրախ պիտի չըլլար, եթէ Յեսու քահանայապետը նոր տաճարի մը մէջ ժողովուրդին ի նպաստ սպասարկէր։ Հակառակ Բանսարկուի ջանքերուն, Եհովայի հոգին խոչընդոտները պիտի վերցնէր եւ Հրեաները պիտի կորովիացնէր, որպէսզի տաճարը ամբողջովին վերակառուցանէին։
20. Սուրբ հոգին Հրեաներուն ի՞նչպէս օգնեց Աստուծոյ կամքը կատարելու։
20 Այնպէս թուեցաւ թէ հակառակութեան անյաղթահարելի խոչընդոտ մը կար կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կողմէ, որոնք կրցան գործը արգիլել։ Այսուհանդերձ Եհովա խոստացաւ որ այս երեւութական «լեռը» պիտի վերցուէր եւ «դաշտ» պիտի ըլլար։ (Զաքարեայ 4։7) Եւ այդպէս ալ եղաւ։ Դարեհ Ա. թագաւորը հետազօտեց ու երեւան հանեց թէ Կիւրոս Հրեաներուն արտօնած էր տաճարը վերակառուցանել։ Ուստի Դարեհ արգելումը վերցուց եւ հրամայեց որ արքայական գանձատունէն դրամ տրուի Հրեաներուն, շինարարութեան ծախսերը ծածկելու համար։ Ի՜նչ ապշեցուցիչ յեղաշրջում։ Աստուծոյ հոգին ասոր մէջ դեր մը խաղցա՞ւ։ Վստա՛հաբար։ Տաճարը աւարտեցաւ Հ.Դ.Ա. 515–ին, Դարեհ Ա.–ի թագաւորութեան վեցերորդ տարին։—Եզրասայ 6։1, 15
21. (ա) Վաղեմի ժամանակներուն, Աստուած ի՞նչպէս ‘բոլոր ազգերը շարժեց’, եւ ի՞նչպէս «ցանկալի բաները» եկան։ (բ) Անոր արդի կատարումը ի՞նչ է։
21 Անգեայ 2։5–ի մէջ, մարգարէն Հրեաներուն յիշեցուց այն ուխտը որ Աստուած իրենց հետ հաստատեց Սինա լերան մօտ, երբ «բոլոր լեռը սաստիկ կը դողար»։ (Ելից 19։18) Անգէի ու Զաքարիայի օրերուն, Եհովա դարձեալ սարսում մը պիտի պատճառէր, ինչպէս 6 եւ 7–րդ համարները այլաբանօրէն նկարագրեցին։ Պարսկական Կայսրութեան մէջ անկայուն վիճակ պիտի տիրէր, բայց տաճարի աշխատանքը պիտի յառաջդիմէր ու աւարտէր։ Հրեայ չեղող անհատներ՝ «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները», ի վերջոյ պաշտամունքի այդ վայրին մէջ Հրեաներուն հետ մէկտեղ Աստուած պիտի փառաւորէին։ Իսկ մեր օրերուն աւելի մեծ տարողութեամբ, Աստուած ‘ազգերը շարժած է’ մեր քրիստոնէական քարոզչութեամբ, եւ «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները» եկած են Աստուած պաշտելու, օծեալ մնացորդին հետ մէկտեղ։ Արդարեւ, այժմ օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները միասնաբար Եհովայի տունը փառքով կը լեցնեն։ Այս ճշմարիտ երկրպագուները հաւատքով կը սպասեն այն ժամանակին, երբ Եհովա ‘երկինքն ու երկիրը պիտի շարժէ’՝ այլ իմաստով մը,– ազգերու թագաւորութիւններուն զօրութիւնը փճացնելու համար։—Անգեայ 2։22
22. Ազգերը ի՞նչպէս սարսումի կ’ենթարկուին, արդիւնքը ի՞նչ է, եւ տակաւին ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։
22 Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ զանազան տարրերուն տակնուվրայութիւնը, զորս կը պատկերացնեն «երկինքն ու երկիրը, ծովն ու ցամաքը»։ Անոր մէկ պատճառը այն է թէ Բանսարկուն եւ իր դեւերը երկրագունդի շրջակայքը նետուած են։ (Յայտնութիւն 12։7-12) Ասկէ զատ, Աստուծոյ օծեալներուն առաջնորդութեամբ կատարուած քարոզչութիւնը, վստահաբար սարսած է այս իրերու դրութեան երկրային տարրերը։ (Յայտնութիւն 11։18) Այնուհանդերձ, բոլոր ազգերուն ցանկալի բաներէն «մեծ բազմութիւն մը», հոգեւոր Իսրայէլի միացած է՝ Եհովայի ծառայելու համար։ (Յայտնութիւն 7։9, 10) Մեծ բազմութիւնը օծեալ Քրիստոնեաներուն հետ կը քարոզեն այն բարի լուրը թէ Աստուած շուտով ազգերը պիտի սարսէ՝ Արմագեդոնին, ճամբան հարթելով ճշմարիտ պաշտամունքին որ երկրագունդի տարածքին իր կատարեալ վիճակը վայելէ։
Կը յիշե՞ս
• Անգէ ու Զաքարիա ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու ներքեւ ծառայեցին։
• Անգէի ու Զաքարիայի հաղորդած պատգամը ի՞նչպէս կրնաս կիրարկել։
• Զաքարեայ 4։6–ը ինչո՞ւ քաջալերական կը նկատես։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 8]
Անգէի ու Զաքարիայի գրութիւնները մեզ կը հաւաստիացնեն թէ Աստուած մեզի թիկունք կը կանգնի
[Նկար՝ էջ 11]
«Արդեօք ժամանա՞կն է, որ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, իսկ այս տունը աւերակ մնայ»
[Նկար՝ էջ 12]
Եհովայի ժողովուրդը կը ջանայ «ազգերուն ցանկալի բաներ»ուն հասնիլ