Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երախայի մը սիրտին հասնիլ

Երախայի մը սիրտին հասնիլ

Երախայի մը սիրտին հասնիլ

ԲՆԱՒ նեղութիւն զգացա՞ծ ես, տեսնելով երախայ մը որ պատերազմական խաղերով կը զբաղի։ Այս տեսարանը սովորական դարձած է նոյնիսկ փոքր երախաներու մէջ, քանի որ բռնութիւնը ժամանցի աշխարհը ներխուժած է։ Ի՞նչպէս կրնաս մանուկի մը օգնել որ պատերազմի խաղալիքները փոխարինէ խաղաղութեան խաղալիքներով։ Նկատի առ թէ ի՛նչպէս Վալթրոտ, Ափրիկէի մէջ երկար տարիներ ծառայող Եհովայի Վկայ միսիոնարուհի մը, տղեկի մը օգնեց։

Պատերազմի պատճառով, Վալթրոտ ստիպուեցաւ իր ապրած երկիրը ձգել եւ Ափրիկեան ուրիշ երկիր մը փոխադրուիլ։ Հոն, ան սկսաւ հինգ տարեկան տղեկի մը մօր հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ամէն անգամ որ այցելէր, ան կը նկատէր թէ տղեկը կերպընկալէ շինուած փոքր զէնքով կը խաղար, որ իր միակ խաղալիքն էր։ Վալթրոտ երբեք չտեսաւ թէ ան զէնքը թիրախի մը կ’ուղղէր, բայց միշտ զբաղած էր զայն բանալով ու գոցելով, որպէս թէ փամփուշտ կը լեցնէր։

Վալթրոտ տղեկին ըսաւ. «Վէրնըր, գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ քու երկրիդ մէջ կ’ապրիմ։ Պատճառը պատերազմն է։ Ես ստիպուեցայ երկրէս փախչիլ, որպէսզի հեռանամ վտանգաւոր մարդոցմէ, որոնք զէնքիդ նմանող զէնքերով մարդոց վրայ փամփուշտ կ’արձակէին։ Կը կարծե՞ս որ մարդոց վրայ կրակ բանալը լաւ բան մըն է»։

«Ո՛չ, լաւ բան մը չէ», տխրօրէն պատասխանեց Վէրնըր։

«Պատասխանդ շիտակ է», ըսաւ Վալթրոտ, ապա հարցուց. «Գիտե՞ս թէ ամէն շաբաթ քեզի եւ մօրդ ինչո՛ւ կ’այցելեմ։ Քանի որ Եհովայի Վկաները կ’ուզեն ուրիշներուն օգնել որ Աստուծոյ եւ իրենց դրացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ ըլլան»։ Մօր հաւանութեամբ, Վալթրոտ տղեկին ըսաւ. «Եթէ զէնքդ ինծի տաս, զայն կը նետեմ եւ վստահաբար քեզի կը բերեմ չորս անիւով բեռնակառք մը»։

Վէրնըր իր զէնքը յանձնեց։ Չորս շաբաթ սպասելէ ետք, ան մեծ ժպիտով ստացաւ իր նոր խաղալիքը,– փայտէ շինուած բեռնակառք։

Ժամանակ կը յատկացնե՞ս որ զաւակներուդ հետ խօսիս, ջանալով անոնց սիրտին հասնիլ, որպէսզի ուզեն ձերբազատուիլ այն խաղալիքներէն, որոնք պատերազմական զէնքերու կերպարանք ունին։ Ասիկա ընելով, անոնց կը սորվեցնես դաս մը, որմէ պիտի օգտուին իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան։