Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան

Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան

Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան

«Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ո՛վ դուք, որ այս օրերս կը լսէք այս խօսքերը մարգարէներուն բերնէն»։—ԶԱՔԱՐԵԱՅ 8։9

1, 2. Անգեայ ու Զաքարեայ գիրքերը ինչո՞ւ մեր ուշադրութեան արժանի են։

ԱՆԳԷԻ ու Զաքարիայի մարգարէութիւները շուրջ 2,500 տարի առաջ գրուած ըլլալով հանդերձ, աներկբայօրէն քեզի համար կարեւոր նշանակութիւն մը ունին։ Այս երկու գիրքերուն բովանդակութիւնը պարզապէս պատմութիւն չէ, «որովհետեւ նախապէս գրուած ամէն ինչ՝ գրուեցաւ որ մե՛նք սորվինք»։ (Հռովմայեցիս 15։4, ԱՎ) Անոնց բովանդակութեան մեծ մասը մեզի կը յիշեցնէ իսկական պարագաներ, որոնք տեղի կ’ունենան 1914–էն ի վեր, երբ Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ երկինքի մէջ։

2 Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդին դիմագրաւած դէպքերուն եւ պարագաներուն ակնարկելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Այդ բոլոր բաները կը պատահէին անոնց՝ իբր տիպար, եւ գրուեցան խրատելու համար մեզ՝ որ հասած ենք դարերու վախճանին»։ (Ա. Կորնթացիս 10։11, ԱՎ) Ուստի կրնաս հարց տալ. ‘Մեր օրերուն, Անգեայ եւ Զաքարեայ գիրքերը ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն’։

3. Անգէ ու Զաքարիա ի՞նչ բանի վրայ կը կեդրոնանան։

3 Ինչպէս նախորդ յօդուածը նշեց, Անգէի ու Զաքարիայի մարգարէութիւնները կապ ունէին այն ժամանակին հետ, երբ բաբելոնական գերութենէն ազատ արձակուած Հրեաները իրենց աստուածատուր երկիրը վերադարձան։ Երկու մարգարէներն ալ կեդրոնացան տաճարի վերակառուցման վրայ։ Հրեաները անոր հիմը դրին Հ.Դ.Ա. 536–ին։ Տարեց Հրեաներէն ոմանք անցեալը յիշելով «լացին», բայց շատերը «իրենց ուրախութենէն ձայներնին վերցնելով աղաղակեցին»։ Սակայն մեր օրերուն ա՛լ աւելի նշանակալից բան մը տեղի ունեցած է։ Ի՞նչպէս։—Եզրասայ 3։3-13

4. Ա. Աշխարհամարտէն քիչ ետք, ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

4 Ա. Աշխարհամարտէն քիչ ետք, Եհովայի օծեալները Մեծ Բաբելոնի գերութենէն ազատ արձակուեցան, մեծապէս նշելով Եհովայի աջակցութիւնը։ Նախապէս թուեցաւ թէ կրօնական առաջնորդներն ու իրենց քաղաքական ընկերակիցները վերջ դրած էին Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հանրային քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին։ (Եզրասայ 4։8, 13, 21-24) Սակայն Եհովա Աստուած քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին դիմաց դրուած խոչընդոտները վերցուց։ Եւ 1919–էն ի վեր, Թագաւորութեան գործը ուռճացած է ու ո՛չ մէկ բան կրցած է անոր յառաջդիմութիւնը կասեցնել։

5, 6. Զաքարեայ 4։7–ն ո՞ր հոյակապ իրագործումը կը մատնանշէ։

5 Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովայի հնազանդ ծառաներուն քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը, իր զօրակցութեամբ պիտի շարունակուին։ Զաքարեայ 4։7–ն կ’ըսէ. «Գլխաւոր քարը ինք պիտի հանէ։ Ու պիտի աղաղակեն. ‘Շնո՜րհք, շնո՜րհք անոր’»։ Ասիկա ներկայիս ո՞ր հոյակապ իրագործումին կ’ակնարկէ։

6 Զաքարեայ 4։7–ն կը մատնանշէ այն ժամանակը, երբ Գերիշխան Տէրոջ ճշմարիտ պաշտամունքը իր կատարեալ վիճակը պիտի վայելէ, Իր հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթին մէջ։ Այդ տաճարը՝ պաշտամունքի համար իրեն մօտենալու Եհովայի կարգադրութիւնն է, Քրիստոս Յիսուսի քաւիչ զոհին հիման վրայ։ Ճիշդ է որ հոգեւոր մեծ տաճարը Հ.Դ. առաջին դարէն ի վեր գոյութիւն ունի, բայց անոր երկրային գաւիթին մէջ ճշմարիտ պաշտամունքը տակաւին իր կատարեալ վիճակին չէ հասած։ Այժմ միլիոնաւոր երկրպագուներ կը ծառայեն հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթին մէջ։ Թէ՛ անոնք եւ թէ յարուցեալները կատարեալ պիտի դառնան՝ Յիսուս Քրիստոսի Հազարամեայի ընթացքին։ Իսկ հազար տարուան վերջաւորութեան, մաքրուած երկրագունդի վրայ միայն Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները պիտի մնան։

7. Ներկայիս Յիսուս ի՞նչ դեր ունի՝ ճշմարիտ պաշտամունքը իր կատարեալ վիճակին հասցնելու մէջ, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեզ կը քաջալերէ։

7 Հ.Դ.Ա. 515–ին, Զօրաբաբէլ կառավարիչը եւ Յեսու քահանայապետը ներկայ էին, երբ տաճարի վերակառուցումը ամբողջացաւ։ Զաքարեայ 6։12, 13–ը (ԱՎ) նախագուշակելով թէ Յիսուս նման դեր մը պիտի խաղար ճշմարիտ պաշտամունքը իր կատարեալ վիճակին հասցնելու մէջ, նշեց. «Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու սա՛ կը յայտարարէ. ‘Ահա՛ այն մարդը՝ որուն անունը Շառաւիղ է. ան իր տեղին մէջ պիտի բուսնի, եւ Տէրոջ տաճարը պիտի կառուցանէ։ . . . Փառաւորութիւն պիտի հագնի, եւ իր գահին վրայ բազմելով պիտի տիրէ։ Իր գահին վրայ քահանայ ալ պիտի ըլլայ’»։ Այն իրողութեան ի տես թէ Յիսուս,– որ երկինքն է եւ իր միջոցով Դաւիթի թագաւորական շառաւիղը կը բուսնի,– հոգեւոր տաճարին մէջ Թագաւորութեան գործին թիկունք կը կանգնի, կը խորհի՞ս որ մէկը կրնայ անոր յառաջդիմութիւնը կասեցնել։ Բնաւ երբեք։ Ասիկա մեզ պէտք չէ՞ քաջալերէ որ մեր ծառայութեան մէջ յարատեւենք եւ առօրեայ հոգերով չտարուինք։

Նախապատուութիւններ

8. Ինչո՞ւ հոգեւոր տաճարին մէջ տեղի ունեցող գործունէութիւնը պէտք է գրաւէ առաջնակարգ տեղը մեր կեանքին մէջ։

8 Եհովայի աջակցութիւնն ու օրհնութիւնը վայելելու համար, հոգեւոր տաճարին մէջ տեղի ունեցող գործունէութիւնը պէտք է պահենք առաջնակարգ տեղը մեր կեանքին մէջ։ «Դեռ ժամանակը չէ հասած» ըսող Հրեաներուն հակառակը, մեր միտքէն պէտք չէ վրիպի թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ (Անգեայ 1։2. Բ. Տիմոթէոս 3։1) Յիսուս նախագուշակեց թէ իր հաւատարիմ հետեւորդները Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի քարոզէին եւ պիտի աշակերտէին։ Գերուշադիր պէտք է ըլլանք որ ծառայելու մեր առանձնաշնորհումը չանտեսենք։ Աշխարհի հակառակութեան պատճառով ժամանակաւորապէս դադրած, ապա 1919–ին վերսկսած հանրային քարոզչութեան ու աշակերտելու գործը տակաւին չէ ամբողջացած, բայց կրնաս վստահ ըլլալ թէ անպայման պիտի ամբողջանայ։

9, 10. Եհովայի օրհնութիւնը ի՞նչ բանէ կախեալ է, եւ ասիկա մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։

9 Այնքան ատեն որ կը շարունակենք ժրաջանութեամբ աշխատիլ, պիտի օրհնուինք՝ թէ՛ խմբովին եւ թէ անհատապէս։ Նկատի առ Եհովայի հաւաստիացուցիչ խոստումը։ Երբ Հրեաները սկսան բոլորանուէր պաշտամունք մատուցանել եւ դարձեալ փութաջանօրէն տաճարը վերակառուցանել, Եհովա ըսաւ. «Այս օրէն սկսեալ պիտի օրհնեմ»։ (Անգեայ 2։19) Անոնք լիովին իր հաճութիւնը պիտի վայելէին, ինչպէս նաեւ սա օրհնութիւնները. «Խաղաղութիւն պիտի սերմանուի, որթատունկը իր պտուղը պիտի տայ ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ ու երկինք իր ցօղը պիտի տայ եւ այս ամէն բաները այս ժողովուրդին մնացորդին ժառանգել պիտի տամ»։—Զաքարեայ 8։9-13

10 Ինչպէս Եհովա այդ Հրեաները հոգեւորապէս ու նիւթապէս օրհնեց, մեզ ալ պիտի օրհնէ, մինչ ջանադրութեամբ եւ ուրախ սիրտով կը կատարենք իր նշանակած գործը։ Այս օրհնութիւնները կը պարփակեն՝ մեր մէջ խաղաղութիւն եւ հոգեւոր ապահովութիւն, բարգաւաճութիւն ու աճում։ Սակայն, անտարակոյս Աստուծոյ օրհնութիւնը շարունակ վայելելը, հոգեւոր տաճարին մէջ Եհովայի գործը ի՛ր ուզած կերպով ընելէն կախեալ է։

11. Ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ վերլուծել։

11 Հիմա՛ է ժամանակը ‘մեր ճամբաներուն մասին մտածելու’։ (Անգեայ 1։5, 7) Մեր նախապատուութիւնները պէտք է վերլուծենք։ Ներկայիս մեր վրայ Եհովայի օրհնութիւնը կախեալ է այն տարողութենէն, որով իր անունը կը մեծարենք եւ իր հոգեւոր տաճարին մէջ մեր ըրած գործը յառաջ կը տանինք։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Նախապատուութիւններս փոխուա՞ծ են։ Եհովայի, իր ճշմարտութեան ու իր գործին հանդէպ նախանձախնդրութիւնս ի՞նչպէս է, մկրտութեան ատեն ունեցած նախանձախնդրութեանս հետ բաղդատած։ Հանգստաւէտ կեանք մը վարելով հետաքրքրուիլը կը նուազեցնէ՞ այն ուշադրութիւնը որ կ’ընծայեմ Եհովայի ու իր Թագաւորութեան։ Ձեւով մը զիս ետ կը պահէ՞ մարդու վախը,– մտահոգուիլ թէ ուրիշներ ի՛նչ պիտի ըսեն’։—Յայտնութիւն 2։2-4

12. Անգեայ 1։6, 9–ը, Հրեաներուն ո՞ր կացութիւնը ցցուն կ’ընէ։

12 Չենք ուզեր որ Աստուած իր ճոխ օրհնութիւնը մեզմէ ետ պահէ, քանի որ իր անունը պանծացնելու գործը կ’անտեսենք։ Մտաբերէ թէ վերահաստատուած Հրեաները գործը լաւ թափով սկսելէ ետք, ‘ամէն մէկը իր տունով զբաղեցաւ’, ինչպէս Անգեայ 1։9–ը կը տեղեկագրէ։ Անոնք իրենց առօրեայ կարիքներով ու ապրելակերպով զբաղեցան։ Հետեւաբար անոնք ‘քիչ բերին’,– լաւ ուտելիքի, խմելիքի եւ հագուստի պակաս ունեցան։ (Անգեայ 1։6) Եհովա իր օրհնութիւնը հեռացուց։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

13, 14. Անգեայ 1։6, 9–էն քաղուած դասը ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

13 Չե՞ս համաձայնիր թէ աստուածային օրհնութիւնը շարունակ վայելելու համար, Եհովայի պաշտամունքին հաշւոյն՝ մեր անձին համար բաներ պէտք չէ փնտռենք։ Մեր կեդրոնացումը շեղեցնող գործունէութիւնը կամ հետաքրքրութիւնը կրնայ ըլլալ՝ հարստութեան հետամուտ ըլլալ, արագօրէն հարստանալու ծրագիր, այս դրութեան մէջ ցանկալի ասպարէզ ունենալու նպատակով ջանալ բարձր ուսում ձեռք ձգել, եւ դասընթացքներ՝ անձնական բոլոր կարողութիւնները օգտագործելու համար։

14 Այսպիսի բաներ ինքնին կրնան մեղքեր չըլլալ։ Սակայն, չե՞ս զատորոշեր թէ յաւիտենական կեանքի տեսանկիւնէն դիտուած, անոնք իրապէս «մեռած գործեր» են։ (Եբրայեցիս 9։14) Ի՞նչ առումով։ Անոնք հոգեւորապէս մեռած, ունայն եւ անպտուղ են։ Անոնց մէջ յարատեւող անհատը կրնայ դէպի հոգեւոր մահ ուղղուիլ։ Առաջին դարուն ասիկա պատահեցաւ կարգ մը օծեալ Քրիստոնեաներու։ (Փիլիպպեցիս 3։17-19) Մեր օրերուն ալ ոմանց նոյնը պատահած է։ Թերեւս կը ճանչնաս անհատներ, որոնք քրիստոնէական գործունէութիւններէն ու ժողովքէն աստիճանաբար հեռացան, եւ այժմ Եհովայի ծառայութեան վերադառնալու հակում ցոյց չեն տար։ Անշուշտ կը յուսանք որ այսպիսիներ Եհովայի դառնան, բայց իրողութիւնը այն է թէ «մեռած գործեր»ու հետամուտ ըլլալը, Եհովայի հաճութիւնն ու օրհնութիւնը կորսնցնելու կ’առաջնորդէ։ Իսկ ասիկա ի՜նչ ցաւալի հետեւանք մըն է, եւ կրնայ նշանակել Աստուծոյ հոգիին յառաջ բերած ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը կորսնցնել ու քրիստոնէական ջերմ եղբայրութեան մաս չկազմել։—Գաղատացիս 1։6. 5։7, 13, 22-24

15. Անգեայ 2։14–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ մեր պաշտամունքին լրջութիւնը։

15 Ասիկա շատ լուրջ հարց մըն է։ Անգեայ 2։14–ը ցոյց կու տայ թէ Եհովա ի՛նչպէս նկատեց այն Հրեաները, որոնք իր պաշտամունքի տունը անտեսելով՝ իրենց տուները բառացիօրէն կամ այլաբանօրէն զարդարեցին։ «Այսպէս է այս ժողովուրդը, այսպէս է այս ազգը իմ առջեւս, կ’ըսէ Տէրը, այսպէս է իրենց ձեռքերուն բոլոր գործը. ինչ որ կը մատուցանեն՝ պիղծ է»։ Երուսաղէմի առժամեայ զոհասեղանին վրայ կիսասիրտ Հրեաներուն մատուցած զոհերը անընդունելի էին, այնքան ատեն որ ճշմարիտ պաշտամունքը կ’անտեսէին։—Եզրասայ 3։3

Ստոյգ զօրակցութիւն

16. Զաքարիայի ստացած տեսիլքներուն հիման վրայ, Հրեաները ի՞նչ բանէ կրնային վստահ ըլլալ։

16 Տաճարը վերաշինող հնազանդ Հրեաները վստահ էին որ Աստուած իրենց թիկունք պիտի կանգնէր, ինչպէս Զաքարիայի ստացած ութ տեսիլքներով յայտնած էր։ Առաջին տեսիլքը երաշխաւորեց տաճարի վերակառուցման ամբողջացումը եւ Երուսաղէմի ու Յուդայի բարգաւաճութիւնը, այնքան ատեն որ Հրեաները հնազանդութեամբ նշանակուած գործը կը կատարէին։ (Զաքարեայ 1։8-17) Երկրորդ տեսիլքը խոստացաւ թէ ճշմարիտ պաշտամունքին հակառակող բոլոր կառավարութիւնները վերջ պիտի գտնէին։ (Զաքարեայ 1։18-21) Միւս տեսիլքները հաստատեցին թէ Աստուած շինարարութիւնը պիտի պաշտպանէր, բազմաթիւ ազգերէ ամբոխներ Եհովայի ամբողջացած տունը պիտի խուժէին, իսկական խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի տիրէին, Աստուծոյ կողմէ նշանակուած գործին դիմաց դրուած երեւութապէս անյաղթահարելի խոչընդոտները պիտի վերցուէին, չարութիւնը պիտի չքանար, եւ հրեշտակները պիտի վերահսկէին ու պաշտպանէին։ (Զաքարեայ 2։5, 11. 3։10. 4։7. 5։6-11. 6։1-8) Աստուածային զօրակցութեան երաշխիքը ունենալով, հնազանդ Հրեաները իրենց կենսաոճը ճշդեցին եւ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին այն գործին վրայ, որուն համար Աստուած զիրենք ազատագրած էր։

17. Մեր ունեցած երաշխիքին ի տես, մենք մեզի ի՞նչ պէտք է հարցնենք։

17 Նմանապէս, ճշմարիտ պաշտամունքին ստոյգ յաղթանակը մեզ պէտք է մղէ գործի լծուելու եւ Եհովայի պաշտամունքի տան մասին լրջօրէն մտածելու։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Եթէ կը հաւատամ թէ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու գործը կատարելու ժամանակը հիմա՛ է, նպատակակէտերս ու ապրելակերպս ներդաշնա՞կ են համոզումիս հետ։ Աստուծոյ մարգարէական Խօսքը ուսումնասիրելու համար բաւարար ժամանակ կը յատկացնե՞մ, անով կը հետաքրքրուի՞մ, եւ անոր մասին հաւատակից Քրիստոնեաներու եւ ուրիշներու հետ կը խօսի՞մ’։

18. Զաքարեայ 14–րդ գլուխին համաձայն, ապագան ի՞նչ վերապահած է։

18 Զաքարիա ակնարկեց Մեծ Բաբելոնի կործանումին եւ անոր յաջորդող Արմագեդոնի պատերազմին։ Կը կարդանք. «Անիկա Տէրոջը յայտնի օր մը պիտի ըլլայ, ո՛չ ցորեկ ու ո՛չ գիշեր պիտի ըլլայ, սակայն երեկոյեան ժամանակը լոյս պիտի ըլլայ»։ Այո, Եհովայի օրը երկրագունդի վրայ եղող իր թշնամիներուն համար խաւար եւ ցուրտ օր մը պիտի ըլլայ, բայց իր հաւատարիմ երկրպագուներուն համար պիտի նշանակէ շարունակական լոյս եւ հաճութիւն։ Զաքարիա նաեւ նկարագրեց թէ ի՛նչպէս նոր աշխարհին մէջ ամէն բան Եհովայի սրբութիւնը պիտի յայտարարէ։ Աստուծոյ հոգեւոր մեծ տաճարին մէջ կատարուող ճշմարիտ պաշտամունքը, երկրագունդի վրայ պաշտամունքի միակ կերպը պիտի ըլլայ։ (Զաքարեայ 14։7, 16-19) Ի՜նչ երաշխիք։ Նախագուշակուած բաներուն կատարումը եւ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովումը պիտի տեսնենք։ Եհովայի այդ օրը ի՜նչ անզուգական օր մը պիտի ըլլայ։

Մնայուն օրհնութիւններ

19, 20. Զաքարեայ 14։8, 9–ն ինչո՞ւ քաջալերական կը նկատես։

19 Այդ ապշեցուցիչ իրագործումէն ետք, Սատանան ու իր դեւերը անգործունէութեան անդունդին մէջ պիտի արգելափակուին։ (Յայտնութիւն 20։1-3, 7) Ապա Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին օրհնութիւններ պիտի տեղան։ Զաքարեայ 14։8, 9–ն (ԱՎ) կ’ըսէ. «Այդ օրը Երուսաղէմէն կենարար ջուրեր պիտի հոսին, կէսը՝ դէպի արեւելեան ծովը, կէսը՝ դէպի արեւմտեան ծովը. ամառ ու ձմեռ այդպէս պիտի ըլլայ։ Տէրը ամբողջ երկրագունդին վրայ թագաւոր պիտի ըլլայ. այդ օրը մէ՛կ Տէր պիտի ըլլայ, անոր անունն ալ՝ մէկ»։

20 Կեանքի համար Եհովայի ըրած կարգադրութիւնները պատկերացնող «կենարար ջուրեր»ը կամ «կեանքի ջուրի գետ»ը, Մեսիական Թագաւորութեան գահէն յարատեւ պիտի հոսին։ (Յայտնութիւն 22։1, 2) Արմագեդոնէն վերապրող Եհովայի երկրպագուներու մեծ բազմութիւն մը, Ադամական մահուան դատապարտութենէն ազատուելու օգուտը պիտի վայելէ։ Նոյնիսկ մեռելները յարութիւն առնելով պիտի օգտուին։ Այսպէս երկրագունդի վրայ Եհովայի իշխանութեան նոր հանգրուան մը պիտի սկսի։ Աշխարհի տարածքին մարդիկ պիտի ընդունին թէ Եհովա Տիեզերքի Գերիշխանն է, որուն բացարձակ պաշտամունք պէտք է մատուցանել։

21. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

21 Անգէի ու Զաքարիայի նախագուշակած եւ կատարուած բոլոր բաներուն ի տես, իր հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթին մէջ Աստուծոյ կողմէ մեզի նշանակուած գործը նախանձախնդրաբար շարունակելու վաւերական պատճառ ունինք։ Մինչեւ որ ճշմարիտ պաշտամունքը իր կատարեալ վիճակին հասնի, թող բոլորս ջանանք Թագաւորութեան շահերը առաջնակարգ տեղը պահել։ Զաքարեայ 8։9–ն մեզ կը յորդորէ. «Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ո՛վ դուք, որ այս օրերս կը լսէք այս խօսքերը այն մարգարէներուն բերնէն»։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ պատմական զուգահեռ կ’առնչէ Անգեայ ու Զաքարեայ գիրքերը մեր օրերուն հետ։

• Անգեայ ու Զաքարեայ գիրքերէն ի՞նչ կը սորվինք նախապատուութիւններու մասին։

• Անգեայ ու Զաքարեայ գիրքերը նկատի առնելով, ինչո՞ւ կրնանք վստահութեամբ նայիլ ապագային։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Անգէ ու Զաքարիա Հրեաները քաջալերեցին որ բոլորանուէր կերպով աշխատին, որպէսզի օրհնուին

[Նկարներ՝ էջ 15]

‘Քու տունովդ զբաղա՞ծ ես’

[Նկար՝ էջ 16]

Եհովա իր խոստացած օրհնութիւնը շնորհած է