Յիսուսի օրինակին հետեւելով՝ աղքատներով հետաքրքրուէ
Յիսուսի օրինակին հետեւելով՝ աղքատներով հետաքրքրուէ
ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆԸ եւ կեղեքումը գրեթէ մարդկային պատմութեան սկիզբէն ի վեր գոյութիւն ունին։ Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը կը պաշտպանէր աղքատները եւ անոնց տառապանքը կը թեթեւցնէր, բայց Իսրայելացիները յաճախ զայն անտեսեցին։ (Ամովսայ 2։6) Եզեկիէլ մարգարէն աղքատներուն հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքը դատապարտեց՝ ըսելով. «Երկրին բնակիչները մեծ զրկանք ըրին ու մեծ յափշտակութիւն ըրին եւ աղքատն ու տնանկը բռնադատեցին ու օտարականը անիրաւութեամբ զրկեցին»։—Եզեկիէլ 22։29
Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, կացութիւնը տարբեր չէր։ Կրօնական առաջնորդները աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն հանդէպ բոլորովին անհոգ էին։ Կրօնական առաջնորդները «արծաթասէր էին», ‘որբեւարիներուն տուները կ’ուտէին’, եւ աւելի հետաքրքրուած էին իրենց աւանդութիւնները պահելով, քան՝ տարեցներուն ու կարօտեալներուն հոգ տանելով։ (Ղուկաս 16։14. 20։47. Մատթէոս 15։5, 6) Ուշադրութեան արժանի կէտ մըն է որ բարի Սամարացիին առակին մէջ, քահանայ մը եւ Ղեւտացի մը վիրաւորուած մարդը տեսնելով, ճամբուն միւս կողմը անցան, փոխանակ անոր մօտենալու եւ օգնելու։—Ղուկաս 10։30-37
Յիսուս աղքատներով հետաքրքրուեցաւ
Աւետարանները ցոյց կու տան թէ Յիսուս աղքատներուն դժուարութիւնները լիովին կը հասկնար եւ անոնց կարիքները նկատի կ’առնէր։ Ան իր երկնային կեանքը ձգելով՝ ինքզինք ունայնացուց, մարդկային արարած դարձաւ եւ ‘մեզի համար աղքատ եղաւ’։ (Բ. Կորնթացիս 8։9) Բազմութիւնները տեսնելով, Յիսուս «անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Ան տպաւորուեցաւ չքաւոր այրիին փոքր նուիրատուութեամբ, եւ ո՛չ թէ հարուստներուն մեծ ընծաներով, որոնք «իրենց աւելցածէն» տուին։ Այրիին ըրածը Յիսուսի սիրտին դպաւ, քանի որ «իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց»։—Ղուկաս 21։4
Յիսուս ո՛չ միայն աղքատներուն կարեկցեցաւ, այլեւ անձամբ հետաքրքրուեցաւ անոնց կարիքներով։ Ան եւ իր առաքեալները գանձանակ մը ունէին, որով կարօտեալ Իսրայելացիներուն օգտակար կը դառնային։ (Մատթէոս 26։6-9. Յովհաննու 12։5-8. 13։29) Յիսուս իր հետեւորդները ըլլալ փափաքողները քաջալերեց որ կարիքաւորներուն օգնելու իրենց պարտաւորութիւնը ընդունին։ Ան հարուստ պետի մը ըսաւ. «Քու բոլոր ունեցածդ ծախէ եւ աղքատներուն բաշխէ ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ Այն իրողութիւնը թէ երիտասարդը չուզեց իր ստացուածքներէն ձերբազատուիլ, ցոյց տուաւ որ Աստուծմէ ու դրացիէն աւելի կը սիրէր հարստութիւնը։ Ուստի ան Յիսուսի աշակերտ ըլլալու հարկ եղած յատկութիւնները չունէր։—Ղուկաս 18։22, 23
Քրիստոսի հետեւորդները աղքատներով կը հետաքրքրուին
Յիսուսի մահէն ետք, առաքեալները եւ Քրիստոսի միւս հետեւորդները շարունակեցին իրենց մէջ եղող աղքատներով հետաքրքրուիլ։ Շուրջ Հ.Դ. 49–ին, Պօղոս առաքեալ Յակոբոսի, Պետրոսի եւ Յովհաննէսի հետ նկատի առաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէ ստացած բարի լուրը քարոզելու իր յանձնարարութիւնը։ Անոնք համաձայնեցան որ Պօղոս ու Բառնաբաս «հեթանոսներուն» պէտք է երթան ու յատկապէս անոնց քարոզեն։ Միւս կողմէ, Յակոբոս ու իր ընկերակիցները Պօղոսը յորդորեցին որ ‘աղքատները յիշէ’։ Եւ այս ուղղութեամբ Պօղոս ‘աշխատեցաւ բան մը ընել’։—Գաղատացիս 2։7-10
Կղօդիոս կայսրին իշխանութեան ընթացքին, խիստ սով մը հարուածեց Հռովմէական Կայսրութիւնը։ Ուստի Անտիոքի Քրիստոնեաները «որոշեցին, որ իրենցմէ ամէն մէկը ձեռքէն եկածին չափ Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն օգնութիւն ղրկեն։ Այդպէս ալ կատարեցին, երէցներուն ղրկելով Բառնաբասին ու Սօղոսին ձեռքով»։—Գործք 11։28-30
Ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ կը գիտակցին թէ Յիսուսի հետեւորդները պէտք է հետաքրքրուին աղքատներով ու կարիքաւորներով, մանաւանդ՝ եթէ անոնք հաւատակից են։ (Գաղատացիս 6։10) Ուստի անոնք զրկուածներուն նիւթական պէտքերը չեն անտեսեր։ Օրինակ, 1998–ին, ահռելի երաշտ մը հարուածեց Պրազիլի հիւսիս–արեւելեան շրջանները։ Երաշտը կործանեց բրինձի, լուբիայի ու եգիպտացորենի բերքերը, պատճառելով լայնատարած սով մը, որ վերջին 15 տարիներու ընթացքին յոռեգոյնն էր։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, նոյնիսկ խմելիք ջուրը հազուագիւտ դարձաւ։ Պրազիլի միւս շրջաններուն մէջ բնակող Եհովայի Վկաները անմիջապէս օգնութեան յանձնախումբեր կազմակերպեցին, եւ շատ չանցած, մեծ քանակով ուտելիք հաւաքեցին եւ զայն առաքելու ծախսը վճարեցին։
Շտապ օգնութեան մասնակցող Վկաները գրեցին. «Շատ ուրախ ենք որ կրցանք մեր եղբայրներուն օգնել, մանաւանդ՝ քանի որ վստահ ենք թէ Եհովայի սիրտը ուրախացուցինք։ Բնաւ չենք մոռնար Յակոբու 2։15, 16–ի խօսքերը»։ Աստուածաշունչի այդ համարները կ’ըսեն. «Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ կամ օրուան կերակուրին կարօտ ու ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. ‘Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէ՛ք’, բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի»։
Սէն Բաւլոյի մէջ, Եհովայի Վկաներու ժողովքներէն մէկուն մէջ, խոնարհ ու նախանձախնդիր Վկայ մը որ աղքատ է, յաճախ դժուարութեամբ կ’ապահովէ իր ապրուստը։ Ան կ’ըսէ. «Թէեւ չքաւոր եմ, սակայն Աստուածաշունչի պատգամը կեանքիս իսկական իմաստ մը տուած է։ Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պիտի պատահէր ինծի, եթէ հաւատակիցներս ինծի չօգնէին»։ Ժամանակ մը առաջ, այս ժրաջան Քրիստոնեայ կինը վիրաբուժութեան կարիք ունեցաւ, բայց հիւանդանոցին ծախսերը ծածկելու կարող չէր։ Այս մասնայատուկ պարագային, իր ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը ի վիճակի էին վիրաբուժութեան մուրհակը վճարելու։ Համայն աշխարհի մէջ ճշմարիտ Քրիստոնեաները կարիքաւոր հաւատակիցներուն օգնութիւն կը մատուցանեն։
Հակառակ այսպիսի սրտաշէն փորձառութիւններու, բացորոշ է թէ անկեղծ ջանքերը աղքատութիւնը արմատահան պիտի չընեն։ Նոյնիսկ զօրաւոր կառավարութիւններ եւ հսկայ միջազգային գործակալութիւններ, որոշ յաջողութիւն ձեռք ձգելով հանդերձ, չեն կրցած աղքատութեան երկարատեւ խնդիրը չքացնել։ Հետեւաբար հարցում մը կը ծագի. մարդկութիւնը հարուածող աղքատութեան եւ միւս խնդիրներուն վերջնական լուծումը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Աստուածաշունչի ուսուցումները մնայուն օգնութիւն կը հայթայթեն
Աւետարանները կը տեղեկագրեն թէ Յիսուս Քրիստոս աղքատներուն եւ այլ կարիքներ ունեցողներուն յաճախ բարիք ըրաւ։ (Մատթէոս 14։14-21) Սակայն ան ո՞ր գործունէութեան նախապատուութիւն տուաւ։ Առիթով մը, կարիքաւորներուն օգնելու համար որոշ ժամանակ տրամադրելէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եկէք երթանք մերձակայ գիւղաքաղաքները, որպէս զի հոն ալ քարոզեմ»։ Ան ինչո՞ւ հիւանդներուն եւ կարիքաւորներուն օգնելը ընդհատեց, իր քարոզչութիւնը վերսկսելու համար։ Ան բացատրեց՝ ըսելով. «Վասն զի այս բանին [այսինքն՝ քարոզելու] համար եկեր եմ»։ (Մարկոս 1։38, 39. Ղուկաս 4։44) Թէեւ կարիքաւորներուն բարիք ընելը Յիսուսի համար կարեւոր էր, սակայն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելը իր գլխաւոր առաքելութիւնն էր։—Մարկոս 1։14
Որովհետեւ Աստուածաշունչը Քրիստոնեաները կը յորդորէ որ ‘Յիսուսի շաւիղներուն հետեւին’, ներկայիս անոնք ուրիշներուն օգնելու նկատմամբ յստակ ուղղութիւն ունին թէ ի՛նչպէս դասաւորեն իրենց նախապատուութիւնները։ (Ա. Պետրոս 2։21) Յիսուսի նման, անոնք կարիքաւորներուն կ’օգնեն, բայց նաեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին Աստուածաշունչի պատգամը սորվեցնելու գործունէութիւնը՝ իրենց կեանքին մէջ կարեւորագոյն գործը կը նկատեն։ (Մատթէոս 5։14-16. 24։14. 28։19, 20) Սակայն Աստուծոյ Խօսքին պատգամը քարոզելը ինչո՞ւ ուրիշներու օգնելու այլ կերպերէն աւելի կարեւոր է։
Աշխարհի չորս ծագերէն եկած փորձառութիւնները ցոյց կու տան թէ երբ մարդիկ Աստուածաշունչի գործնական խրատները կը հասկնան ու կը գործադրեն, աւելի լաւ կը զինուին կեանքի առօրեայ խնդիրներուն հետ Ա. Տիմոթէոս 4։8) Ի՞նչ է այդ յոյսը։
գլուխ ելլելու, ի ներառեալ՝ աղքատութիւնը։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին Աստուածաշունչի պատգամը, որ ներկայիս Եհովայի Վկաները կը քարոզեն, ապագայի վերաբերեալ յոյս մը կու տայ մարդոց,– յոյս մը՝ որ կեանքը արժէքաւոր կը դարձնէ, նոյնիսկ ամենէն դժուար պարագաներուն ներքեւ։ (Աստուծոյ Խօսքը մեր ապագային նկատմամբ մեզ կը հաւաստիացնէ. «[Աստուծոյ] խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Երբեմն Աստուածաշունչը «երկիր» բառով կ’ակնարկէ երկրագունդի վրայ ապրող մարդոց։ (Ծննդոց 11։1) Ուստի խոստացուած «նոր երկիր»ը, Աստուծոյ հաճութիւնը վայելող մարդկային ընկերութիւն մըն է։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը խոստանայ թէ Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ, Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցող անհատները յաւիտենական կեանքի պարգեւը պիտի ստանան եւ երկրային դրախտին մէջ գոհացուցիչ կեանք մը պիտի վարեն։ (Մարկոս 10։30) Այս սքանչելի ապագան բոլորին մատչելի է, ի ներառեալ՝ աղքատները։ Այդ «նոր երկրին» մէջ, աղքատութեան խնդիրը յաւիտեան պիտի լուծուի։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 7]
ՅԻՍՈՒՍ Ի՞ՆՉՊԷՍ «ԱՂՔԱՏԸ ՊԻՏԻ ՓՐԿԷ»—Սաղմոս 72։12
ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ. «Ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ, տնանկին զաւակները պիտի ազատէ ու բռնաւորը պիտի ջարդէ»։ (Սաղմոս 72։4) Երկրի վրայ Քրիստոսի իշխանութեան ընթացքին, բոլորին համար արդարութիւն պիտի ըլլայ։ Փտածութիւնը, որ հարստանալու հնարաւորութիւն ունեցող երկիրները աղքատացնող պատուհաս մըն է, այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ. «Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ»։ (Սաղմոս 72։7) Աշխարհի մէջ աղքատութեան մեծ մասը՝ մարդկային պայքարներուն ու պատերազմներուն հետեւանքն է։ Քրիստոս երկրագունդին վրայ կատարեալ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ, եւ այսպէս աղքատութեան գլխաւոր մէկ պատճառը պիտի չքացնէ։
ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆ. «Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ»։ (Սաղմոս 72։12-14) Աղքատները, տնանկներն ու հարստահարուածները երջանիկ մարդկային ընտանիքի մը մաս պիտի կազմեն, որ Յիսուս Քրիստոս Թագաւորի առաջնորդութեան ներքեւ միացած պիտի ըլլայ։
ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒԹԻՒՆ. «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ»։ (Սաղմոս 72։16) Քրիստոսի իշխանութեան ընթացքին, նիւթական բարգաւաճութիւն եւ առատութիւն պիտի ըլլայ։ Մարդիկ ուտելիքի պակասէ ու սովէ պիտի չտառապին, որոնք ներկայիս յաճախ աղքատութիւն կը պատճառեն։
[Նկար՝ էջ 5]
Յիսուս աղքատներուն կարիքներով անձամբ հետաքրքրուեցաւ
[Նկար՝ էջ 6]
Աստուածաշունչի պատգամը իսկական յոյս կու տայ