Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոս Թագաւորին հաւատարմօրէն ծառայենք

Քրիստոս Թագաւորին հաւատարմօրէն ծառայենք

Քրիստոս Թագաւորին հաւատարմօրէն ծառայենք

«Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն»։—ԴԱՆԻԷԼ 7։14

1, 2. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Հ.Դ. 33–ին Քրիստոս թագաւորական լման հեղինակութիւնը չստանձնեց։

Ո՞Ր ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԸ կրնայ իր հպատակներուն համար իր կեանքը զոհել, ապա ապրիլ ու թագաւորել։ Ո՞ր թագաւորը կրնայ երկրի վրայ ապրիլ ու իր հպատակներուն մէջ վստահութիւն եւ հաւատարմութիւն կերտել, ապա երկինքէն իշխել։ Միակ անձը՝ Յիսուս Քրիստոսն է։ (Ղուկաս 1։32, 33) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Քրիստոսի մահէն, յարութենէն ու երկինք համբառնալէն ետք, Աստուած «զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ»։ (Եփեսացիս 1։20-22. Գործք 2։32-36) Այսպէս Քրիստոս սկսաւ իշխել, բայց սահմանափակ կերպով։ Իր առաջին հպատակները հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներ էին, որոնք հոգեւոր Իսրայէլը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը կազմեցին։—Գաղատացիս 6։16. Կողոսացիս 1։13

2 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն շուրջ 30 տարի ետք, Պօղոս առաքեալ հաստատեց թէ Քրիստոս տակաւին թագաւորական լման հեղինակութիւնը չէր ստանձնած, բայց ‘Աստուծոյ աջ կողմը նստած է եւ կը սպասէ, մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին’։ (Եբրայեցիս 10։12, 13) Իսկ առաջին դարու վերջաւորութեան, տարեց Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ Տիեզերքի Գերիշխան Եհովայի կողմէ Քրիստոս Յիսուսի գահակալուիլը, որպէս նորահաստատ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը։ (Յայտնութիւն 11։15. 12։1-5) Պատմութեան ներկայ հանգրուանին, բազմաթիւ համոզիչ ապացոյցներ կը հաստատեն թէ 1914–ին՝ երկինքի մէջ Քրիստոս սկսաւ իշխել որպէս Մեսիական Թագաւոր։ *

3. (ա) Թագաւորութեան բարի լուրը 1914–էն ի վեր ի՞նչ նոր երեսակ մը ստացած է։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի ուղղել։

3 Արդարեւ, 1914–էն ի վեր Թագաւորութեան բարի լուրը ոգեւորիչ նոր երեսակ մը ստացած է։ Քրիստոս գործօն կերպով կ’իշխէ որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը, թէեւ ‘իր թշնամիներուն մէջտեղ’։ (Սաղմոս 110։1, 2. Մատթէոս 24։14. Յայտնութիւն 12։7-12) Ասկէ զատ, երկրագունդի տարածքին իր հաւատարիմ հպատակները սրտանց կ’ընդառաջեն իր հեղինակութեան, մասնակցելով Աստուածաշունչի աշխարհածաւալ կրթական յայտագրի մը, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ անզուգական է։ (Դանիէլ 7։13, 14. Մատթէոս 28։18) Հոգիէն օծուած Քրիստոնեաները՝ «թագաւորութեան որդիները», ‘դեսպաններ են Քրիստոսի համար’։ Անոնց հաւատարմօրէն թիկունք կը կանգնին Քրիստոսի բարգաւաճ «ուրիշ ոչխարներ»ը, որոնք կը ծառայեն որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան պատուիրակներ։ (Մատթէոս 13։38. Բ. Կորնթացիս 5։20, ԱՎ. Յովհաննու 10։16) Այսուհանդերձ պէտք է վերլուծենք թէ Քրիստոսի հեղինակութիւնը անձամբ կ’ընդունի՞նք։ Անխախտօրէն իրեն հաւատարի՞մ ենք։ Ի՞նչպէս կրնանք հաւատարմութիւն ցուցաբերել Թագաւորի մը հանդէպ, որ երկինքի մէջ կ’իշխէ։ Բայց նախ նկատի առնենք թէ Քրիստոսի հաւատարիմ ըլլալու ի՛նչ պատճառներ ունինք։

Հաւատարմութիւն ներշնչող Թագաւոր

4. Որպէս նշանակուած Թագաւոր, Յիսուս իր երկրային ծառայութեան ընթացքին ի՞նչ իրագործեց։

4 Քրիստոսի հաւատարիմ կը գտնուինք, քանի որ կը գնահատենք թէ՛ իր ըրած բաները եւ թէ իր ուշագրաւ յատկութիւնները։ (Ա. Պետրոս 1։8) Մինչ երկրագունդի վրայ էր, Յիսուս որպէս նշանակուած Թագաւոր՝ սահմանափակ տարողութեամբ ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ որոշած ժամանակին որպէս իշխող Թագաւոր՝ աշխարհածաւալ տարողութեամբ ի՛նչ պիտի ընէ։ Ան անօթիները կերակրեց, իսկ հիւանդները, կոյրերը, անկարողները, խուլերը եւ համրերը բուժեց, եւ նոյնիսկ կարգ մը մեռելները յարուցանեց։ (Մատթէոս 15։30, 31. Ղուկաս 7։11-16. Յովհաննու 6։5-13) Ասկէ զատ, Յիսուսի երկրային կեանքին մասին գիտութիւն ունենալով, կը զատորոշենք իր յատկութիւնները որպէս երկրի ապագայ Կառավարիչը,– մանաւանդ անձնուրաց սէրը։ (Մարկոս 1։40-45) Այս ուղղութեամբ, կ’ըսուի թէ Նաբոլէոն Պոնաբարթ հետեւեալը նշած է. «Աղեքսանդր, Կայսր, Շարլըման եւ ես կայսրութիւններ գոյացուցինք, բայց ի՞նչ բանի հիման վրայ մեր մեծ գործերը իրագործեցինք։ Ուժի՛ վրայ։ Միայն Յիսուս Քրիստոս իր թագաւորութիւնը սիրոյ վրայ հիմնեց, եւ այսօր միլիոնաւորներ պատրաստ են իրեն համար մեռնելու»։

5. Յիսուսի անձնաւորութիւնը ինչո՞ւ շատ գրաւիչ էր։

5 Որովհետեւ Յիսուս հեզ ու սիրտով խոնարհ էր, իր շինիչ ուսուցումներն ու ազնիւ անձնաւորութիւնը թարմացուցին՝ ճնշումներով ու հոգերով բեռնաւորուած անհատները։ (Մատթէոս 11։28-30) Երախաները իր ներկայութեան հանգիստ կը զգային։ Խոնարհ ու խորատես տղամարդիկ շուտով իր աշակերտները եղան։ (Մատթէոս 4։18-22. Մարկոս 10։13-16) Իր նկատառու ու յարգալից վերաբերմունքով բազմաթիւ աստուածավախ կիներու հաւատարմութիւնը շահեցաւ, որոնցմէ ոմանք իրենց ժամանակը, ջանքերն ու նիւթական ստացուածքները տրամադրեցին, իրեն հոգ տանելու համար ծառայութեան ընթացքին։—Ղուկաս 8։1-3

6. Երբ Ղազարոս մեռաւ, Յիսուս ի՞նչ յուզումներ յայտնեց։

6 Քրիստոս խոր զգացումներ դրսեւորեց, երբ իր սիրելի բարեկամը՝ Ղազարոս մահացաւ։ Մարիամի ու Մարթայի տառապանքը իրեն ա՛յնքան ազդեց որ չկրցաւ իր վիշտը զսպել, եւ «լացաւ»։ Ան «խռովեցաւ»՝ սրտատանջութեան ու տրտմութեան պատճառով, թէեւ գիտէր թէ քիչ ետք Ղազարոսը ետ կեանքի պիտի բերէր։ Ապա սէրէ ու կարեկցութենէ մղուած, Յիսուս իր աստուածատուր հեղինակութիւնը գործածեց ու Ղազարոսը յարուցանեց։—Յովհաննու 11։11-15, 33-35, 38-44

7. Յիսուս ինչո՞ւ մեր հաւատարմութեան արժանի է։ (Տես նաեւ շրջանակը, էջ 31։)

7 Յիսուս շիտակի հանդէպ զօրաւոր սէր ունէր, իսկ կեղծաւորութեան ու չարութեան հանդէպ՝ ատելութիւն։ Ան երկու անգամ տաճարէն ագահ վաճառականները քաջաբար վռնտեց։ (Մատթէոս 21։12, 13. Յովհաննու 2։14-17) Ասկէ զատ, երկրի վրայ որպէս մարդ ապրելով, ան բազմաթիւ նեղութիւններ կրեց, քաջածանօթ դառնալով մեր դիմագրաւած ճնշումներուն ու խնդիրներուն։ (Եբրայեցիս 5։7-9) Ան նաեւ գիտցաւ թէ ատելութեան ու անիրաւութեան զոհ դառնալը ի՛նչ կը նշանակէ։ (Յովհաննու 5։15-18. 11։53, 54. 18։38–19։16) Ի վերջոյ, ան անվախօրէն վայրագ մահուան ենթարկուեցաւ, իր Հօր կամքը կատարելու եւ իր հպատակներուն յաւիտենական կեանք շնորհելու համար։ (Յովհաննու 3։16) Քրիստոսի այս յատկութիւնները քեզ չե՞ն մղեր որ շարունակես հաւատարմաբար իրեն ծառայել։ (Եբրայեցիս 13։8. Յայտնութիւն 5։6-10) Բայց Քրիստոս Թագաւորին մէկ հպատակը ըլլալու համար ի՞նչ պահանջուած է։

Պահանջուած որակումներ

8. Քրիստոսի հպատակներէն ի՞նչ պահանջուած է։

8 Նկատի առ սա համեմատութիւնը. ուրիշ երկրի մը հպատակը դառնալու համար, սովորաբար կը պահանջուի կարգ մը հիմնական որակումներու գոհացում տալ։ Ապագայ քաղաքացիները թերեւս լաւ համբաւ ու առողջութիւն պէտք է ունենան։ Նոյնպէս, Քրիստոսի հպատակները բարոյական բարձր չափանիշներ եւ լաւ հոգեւոր առողջութիւն պէտք է պահպանեն։—Ա. Կորնթացիս 6։9-11. Գաղատացիս 5։19-23

9. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Քրիստոսի հաւատարիմ ենք։

9 Յիսուս Քրիստոս նաեւ իրաւացիօրէն կը պահանջէ որ իր հպատակները հաւատարիմ ըլլան իրեն ու իր Թագաւորութեան։ Անոնք այս հաւատարմութիւնը ցոյց կու տան, երկրի վրայ եղած ատեն որպէս նշանակուած Թագաւոր իր սորվեցուցած բաներուն համաձայն ապրելով։ Օրինակ, անոնք Թագաւորութեան շահերը եւ Աստուծոյ կամքը նիւթական հետապնդումներէն առաջ կը դնեն։ (Մատթէոս 6։31-34) Անոնք նաեւ կը ջանան քրիստոսանման անձնաւորութիւն մը արտացոլացնել, նոյնիսկ դժուարին պարագաներուն ներքեւ։ (Ա. Պետրոս 2։21-23) Ասկէ զատ, Քրիստոսի հպատակները իր օրինակին կը հետեւին, նախաքայլը առնելով ուրիշներուն բարիք ընելու։—Մատթէոս 7։12. Յովհաննու 13։3-17

10. Ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսի հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերել (ա) ընտանիքին եւ (բ) ժողովքին մէջ։

10 Յիսուսի հետեւորդները նաեւ իրեն ցոյց կու տան իրենց հաւատարմութիւնը՝ ընտանիքին մէջ իր յատկութիւնները արտացոլացնելով։ Օրինակ, ամուսինները իրենց երկնային Թագաւորին հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ցոյց կու տան՝ իրենց կիներուն ու զաւակներուն հետ քրիստոսանման կերպով վարուելով։ (Եփեսացիս 5։25, 28-30. 6։4. Ա. Պետրոս 3։7) Կիները Քրիստոսի հանդէպ հաւատարմութիւն ցոյց կու տան՝ անարատ վարքով եւ «հեզ ու հանդարտ հոգի» ցուցաբերելով։ (Ա. Պետրոս 3։1-4. Եփեսացիս 5։22-24) Երախաները Քրիստոսի հաւատարիմ կ’ըլլան, հնազանդութեան իր օրինակին հետեւելով։ Երբ պատանի էր, Յիսուս իր ծնողքին հնազանդ մնաց, թէեւ անոնք անկատար էին։ (Ղուկաս 2։51, 52. Եփեսացիս 6։1) Քրիստոսի հպատակները հաւատարմօրէն կը ջանան զինք ընդօրինակել, «կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» ըլլալով։ Անոնք կ’ուզեն Քրիստոսի նման ‘չարութեան փոխարէն չարութիւն չհատուցանել, կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք’։—Ա. Պետրոս 3։8, 9. Ա. Կորնթացիս 11։1

Օրինապահ հպատակներ

11. Քրիստոսի հպատակները ո՞ր օրէնքներուն կ’ենթարկուին։

11 Ինչպէս երկրի մը ապագայ քաղաքացիները երկրին օրէնքներուն համաձայն կ’ապրին, նոյնպէս Քրիստոսի հպատակները «Քրիստոսին օրէնք»ին կ’ենթարկուին, իրենց կեանքը Յիսուսի սորվեցուցած ու պատուիրած բոլոր բաներուն հետ ներդաշնակելով։ (Գաղատացիս 6։2) Մանաւանդ՝ անոնք հաւատարմօրէն կ’ապրին սիրոյ «արքայական օրէնք»ին համաձայն։ (Յակոբու 2։8) Այդ օրէնքները ի՞նչ կը պարփակեն։

12, 13. «Քրիստոսին օրէնք»ին ի՞նչպէս հաւատարմօրէն կ’ենթարկուինք։

12 Քրիստոսի հպատակները անկատարութիւններէ ու թերացումներէ զերծ չեն։ (Հռովմայեցիս 3։23) Ուստի անոնք միշտ ‘անկեղծ եղբայրսիրութիւն’ պէտք է մշակեն, որպէսզի ‘սիրտով զիրար պինդ սիրեն’։ (Ա. Պետրոս 1։22) «Եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ», Քրիստոնեաները հաւատարմօրէն Քրիստոսի օրէնքը կը կիրարկեն՝ «իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով»։ Այս օրէնքին հնազանդիլը անոնց կ’օգնէ որ շարունակեն իրարու անկատարութիւնները անտեսել եւ զիրար սիրելու պատճառներ գտնել։ Երախտապարտ չե՞ս որ կը գտնուիս անհատներու հետ, որոնք մեր սիրալիր Թագաւորին հաւատարմօրէն հպատակելով սէրը կը հագնին, որ «կատարելութեան կապն է»։—Կողոսացիս 3։13, 14

13 Ասկէ զատ, Յիսուս բացատրեց թէ իր ցուցաբերած սէրը աւելի մեծ էր, քան՝ իրարու հանդէպ մարդոց ցուցաբերած սովորական սէրը։ (Յովհաննու 13։34, 35) Եթէ սիրենք միայն մեզ սիրողները, «աւելի» բան մը ըրած չենք ըլլար, եւ մեր սէրը անկատար ու թերի կ’ըլլայ։ Յիսուս մեզ յորդորեց որ իր Հօր սէրը ընդօրինակենք, սկզբունքային սէր ունենալով նոյնիսկ մեզ ատող ու հալածող թշնամիներուն հանդէպ։ (Մատթէոս 5։46-48) Այս սէրը նաեւ կը մղէ Թագաւորութեան հպատակները որ իրենց գլխաւոր գործունէութեան մէջ հաւատարմօրէն յարատեւեն։ Ի՞նչ է այդ գործունէութիւնը։

Հաւատարմութիւնը կը փորձուի

14. Քարոզչութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

14 Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները այժմ ‘Աստուծոյ թագաւորութեան մասին վկայելու’ էական գործը ունին։ (Գործք 28։23) Այս գործունէութիւնը կենսական է, քանի որ Մեսիական Թագաւորութիւնը Եհովայի տիեզերական գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ։ (Ա. Կորնթացիս 15։24-28) Երբ բարի լուրը կը քարոզենք, մտիկ ընողները Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլալու պատեհութիւնը կ’ունենան։ Աւելին, այդ պատգամին հանդէպ մարդոց հակազդեցութիւնը որպէս փորձաքար կամ չափանիշ գործածելով, Քրիստոս Թագաւոր կրնայ մարդկութիւնը դատել։ (Մատթէոս 24։14. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-10) Ուստի Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ցոյց տալու գլխաւոր կերպերէն մէկն է՝ Թագաւորութեան մասին ուրիշներուն խօսելու իր պատուէրին հնազանդիլ։—Մատթէոս 28։18-20

15. Քրիստոնեաներուն հաւատարմութիւնը ինչո՞ւ փորձի կ’ենթարկուի։

15 Անշուշտ Սատանան ամէն կերպով քարոզչութեան կ’ընդդիմանայ, եւ մարդկային կառավարիչները Քրիստոսի աստուածատուր հեղինակութիւնը չեն ընդունիր։ (Սաղմոս 2։1-3, 6-8) Ուստի Յիսուս իր աշակերտները զգուշացուց. «Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն»։ (Յովհաննու 15։20) Այսպէս Քրիստոսի հետեւորդները հոգեւոր պատերազմի մը մէջ են, որ իրենց հաւատարմութիւնը փորձի կ’ենթարկէ։—Բ. Կորնթացիս 10։3-5. Եփեսացիս 6։10-12

16. Թագաւորութեան հպատակները ի՞նչպէս ‘ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ կու տան’։

16 Այսուհանդերձ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները իրենց անտեսանելի Թագաւորին հաւատարիմ կը մնան, եւ միեւնոյն ժամանակ մարդկային իշխանութիւնները կը յարգեն։ (Տիտոս 3։1, 2) Յիսուս ըսաւ. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ (Մարկոս 12։13-17) Հետեւաբար Քրիստոսի հպատակները կը հնազանդին կառավարական այն օրէնքներուն, որոնք Աստուծոյ օրէնքներուն չեն հակասեր։ (Հռովմայեցիս 13։1-7) Երբ հրէական բարձրագոյն ատեանը Աստուծոյ օրէնքներուն դէմ դնելով Յիսուսի աշակերտներուն հրամայեց չքարոզել, անոնք հաստատ բայց յարգալից կերպով ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 1։8. 5։27-32

17. Ինչո՞ւ կրնանք հաւատարմութեան փորձութիւնները քաջաբար դիմագրաւել։

17 Անշուշտ շատ քաջութիւն կը պահանջուի որ Քրիստոսի հպատակները կարենան հալածանքի ներքեւ իրենց Թագաւորին հաւատարիմ մնալ։ Այսուհանդերձ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը»։ (Մատթէոս 5։11, 12) Քրիստոսի նախկին հետեւորդները այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը տեսան։ Նոյնիսկ երբ մտրակուեցան, քանի որ Թագաւորութեան մասին շարունակեցին քարոզել, անոնք ուրախացան «որ Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու։ Եւ ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։ (Գործք 5։41, 42) Դուն ալ գովասանքի արժանի ես, երբ հաւատարմութեան նոյն հոգին ցուցաբերելով՝ դժուարութիւններու, հիւանդութեան, կորուստի մը կամ հակառակութեան կը տոկաս։—Հռովմայեցիս 5։3-5. Եբրայեցիս 13։6

18. Պոնտացի Պիղատոսի ուղղուած Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ ցոյց կու տան։

18 Երբ տակաւին նշանակուած Թագաւոր էր, Յիսուս Հռովմէացի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսի բացատրեց. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։ (Յովհաննու 18։36) Ուստի երկնային Թագաւորութեան հպատակները ո՛չ մէկու մը դէմ զէնք կը վերցնեն, ո՛չ ալ մարդկային որեւէ պայքարի մէջ կողմ կը բռնեն։ «Խաղաղութեան Իշխան»ին հաւատարիմ ըլլալով, անոնք պառակտութիւն յառաջացնող աշխարհային հարցերուն մէջ բոլորովին չէզոք կը մնան։—Եսայեայ 2։2-4. 9։6, 7

Հաւատարիմ հպատակներուն համար յաւիտենական վարձատրութիւններ

19. Քրիստոսի հպատակները ինչո՞ւ կրնան վստահութեամբ նայիլ ապագային։

19 «Թագաւոր Թագաւորաց»՝ Քրիստոսի հաւատարիմ հպատակները վստահութեամբ ապագան կը դիմագրաւեն։ Անոնք անձկագին կ’ակնկալեն որ իր թագաւորական գերբնական զօրութիւնը մօտ ատենէն ցուցադրէ։ (Յայտնութիւն 19։11–20։3. Մատթէոս 24։30) «Թագաւորութեան որդիներ»ուն հաւատարիմ ու հոգիէն օծուած մնացորդը կը յուսայ իր անգին ժառանգը ստանալ որպէս թագաւորներ Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ։ (Մատթէոս 13։38. Ղուկաս 12։32) Իսկ Քրիստոսի հաւատարիմ «ուրիշ ոչխարներ»ը անձկագին կը սպասեն իրենց Թագաւորին հաճութիւնը ցոյց տուող յայտարարութեան. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը [Թագաւորութեան երկրային դրախտի ծիրը] ժառանգեցէք»։ (Յովհաննու 10։16. Մատթէոս 25։34) Հետեւաբար թող Թագաւորութեան բոլոր հպատակները վճռեն շարունակել Քրիստոս Թագաւորին հաւատարմօրէն ծառայել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Տես՝ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել գիրքը (Անգլերէն), «Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ կ’ըսեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ 1914–ին», էջ 95-97, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կրնա՞ս բացատրել

• Քրիստոս ինչո՞ւ մեր հաւատարմութեան արժանի է։

• Քրիստոսի հպատակները իրեն հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ի՞նչպէս կը ցուցաբերեն։

• Ինչո՞ւ կ’ուզենք Քրիստոս Թագաւորին հաւատարիմ ըլլալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 31]

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՅԼ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԱնաչառութիւնՅովհաննու 4։7-30

ՈղորմութիւնՄատթէոս 9։35-38. 12։18-21. Մարկոս 6։30-34

Անձնուրաց սէրՅովհաննու 13։1. 15։12-15

ՀաւատարմութիւնՄատթէոս 4։1-11. 28։20. Մարկոս 11։15-18

ԿարեկցութիւնՄարկոս 7։32-35. Ղուկաս 7։11-15. Եբրայեցիս 4։15, 16

ԲանաւորութիւնՄատթէոս 15։21-28

[Նկար՝ էջ 29]

Զիրար սիրելով՝ հաւատարմօրէն «Քրիստոսին օրէնք»ին կ’ենթարկուինք

[Նկարներ՝ էջ 31]

Քրիստոսի յատկութիւնները քեզ կը մղե՞ն որ հաւատարմօրէն իրեն ծառայես