Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա ‘սկիզբէ՛ն կը յայտնէ վերջաւորութիւնը’

Եհովա ‘սկիզբէ՛ն կը յայտնէ վերջաւորութիւնը’

Եհովա ‘սկիզբէ՛ն կը յայտնէ վերջաւորութիւնը’

«Ես սկիզբէ՛ն կը յայտնեմ վերջաւորութիւնը, առաջուընէ կ’իմացնեմ դեռ չկատարուածը»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 46։10, ԱՎ

1, 2. Բաբելոնի տապալումի նկատմամբ ի՞նչ բան անսովոր է, իսկ այս իրողութիւնը Եհովայի մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ մթութեան մէջ, թշնամի զինուորները Եփրատ գետին հունէն գաղտագողի կ’ուղղուին դէպի իրենց թիրախը՝ հզօր Բաբելոն քաղաքը։ Մինչ քաղաքին մուտքին կը մօտենան, ապշեցուցիչ տեսարան մը կը տեսնեն։ Բաբելոնի պարիսպին վիթխարի երկփեղկ դռները բաց ձգուած են։ Անոնք շուտով կը մագլցին, քաղաքը կը մտնեն ու զայն կը գրաւեն։ Անոնց առաջնորդը Կիւրոս, փութով հակակշռի տակ կ’առնէ նուաճուած երկիրը եւ հետագային հրովարտակով մը Իսրայելացի գերիները ազատ կ’արձակէ։ Հազարաւոր աքսորեալներ հայրենիք կը վերադառնան, Երուսաղէմի մէջ Եհովայի պաշտամունքը վերահաստատելու համար։—Բ. Մնացորդաց 36։22, 23. Եզրասայ 1։1-4

2 Հ.Դ.Ա. 539-537–ին տեղի ունեցած այս դէպքերը, այժմ պատմաբաններու կողմէ ստուգուած են։ Անսովոր բանը այն է թէ դէպքերը նախատեսուած էին շուրջ 200 տարի առաջ, երբ Եհովա Եսայի մարգարէն ներշնչեց որ Բաբելոնի անկումը նկարագրէր։ (Եսայեայ 44։24–45։7) Աստուած յայտնեց ո՛չ միայն թէ Բաբելոն ի՛նչպէս պիտի տապալէր, այլեւ՝ նուաճող առաջնորդին անունը։ * Այդ ատեն իր վկաները եղող Իսրայելացիներուն խօսելով, Եհովա ըսաւ. «Յիշեցէ՛ք հնադարեան նախկին բաները, քանի որ ե՛ս Աստուած եմ, եւ ինձմէ ուրիշը չկայ. ե՛ս Աստուած եմ, եւ ո՛չ մէկը ինծի նման է. ես սկիզբէ՛ն կը յայտնեմ վերջաւորութիւնը, առաջուընէ կ’իմացնեմ դեռ չկատարուածը»։ (Եսայեայ 46։9, 10ա) Եհովա իրապէս Աստուած մըն է, որ նախապէս կրնայ գիտնալ թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ։

3. Ի՞նչ հարցումներու պատասխանները նկատի պիտի առնենք։

3 Աստուած ո՞ր տարողութեամբ ապագան գիտէ։ Եհովա կանխաւ գիտէ՞ թէ իւրաքանչիւրս ի՛նչ պիտի ընենք։ Մեր ապագան նախասահմանուա՞ծ է։ Այսպիսի հարցումներու աստուածաշնչական պատասխանները նկատի պիտի առնենք այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ։

Եհովա՝ մարգարէութիւններ տուող Աստուած է

4. Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն Աղբիւրը ո՞վ է։

4 Ապագան կանխաւ գիտնալու կարող ըլլալով, Եհովա աստուածաշնչական ժամանակներուն իր ծառաները ներշնչեց որ բազմաթիւ մարգարէութիւններ արձանագրեն, որոնք մեզի թոյլ կու տան որ առաջուընէ գիտնանք թէ Եհովա ի՛նչ որոշած է ընել։ Եհովա կը յայտարարէ. «Առաջին բաները ահա՛ իրագործուեցան, ու ես նորե՛րը կը յայտնեմ. անոնք դեռ չպատահած՝ ձեզի կը ծանուցանեմ»։ (Եսայեայ 42։9, ԱՎ) Աստուծոյ ժողովուրդը որքա՜ն առանձնաշնորհեալ է։

5. Եհովայի ընելիքը կանխաւ գիտնալը ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը բերէ։

5 Ամովս մարգարէն մեզ կը հաւաստիացնէ. «Ի՛րապէս Տէրը՝ Եհովան ոչինչ կ’ընէ, առանց իր գաղտնիքը յայտնելու իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն»։ Այս կանխագիտութեան կ’ընկերակցէր պատասխանատուութիւն։ Նկատէ Ամովսի գործածած զօրաւոր օրինակը. «Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ»։ Ինչպէս առիւծին մռնչիւնը կը մղէ մօտակայքը գտնուող մարդն ու անասունը որ անմիջապէս հակազդեն, նոյնպէս մարգարէները (ինչպէս Ամովս) փութով Եհովայի խօսքը յայտարարեցին։ «Տէր Եհովան խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ»։—Ամովսայ 3։7, 8

Եհովայի «խօսքը» վստահաբար ‘կը յաջողի’

6. Բաբելոնի անկումին վերաբերեալ Եհովայի «խորհուրդ»ը ի՞նչ կերպով յաջողեցաւ։

6 Եսայի մարգարէին միջոցով Եհովա ըսաւ. «Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի»։ (Եսայեայ 46։10բ) Աստուծոյ «խորհուրդ»ը, այսինքն՝ Բաբելոնի վերաբերեալ իր կամքը կամ նպատակը, կը պարփակէր Պարսկաստանէն Կիւրոսը կանչել որ Բաբելոնը նուաճէր։ Եհովա առաջուց այդ նպատակը յայտնեց, եւ ինչպէս նշեցինք, անիկա լիովին իրագործուեցաւ Հ.Դ.Ա. 539–ին։

7. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովայի «խօսք»ը միշտ կը յաջողի։

7 Կիւրոսի կողմէ Բաբելոնը նուաճուելէն շուրջ չորս դար առաջ, Յովսափատ թագաւոր դիմագրաւեց Ամմոնի ու Մովաբի միացած բանակները։ Ան վստահութեամբ աղօթեց. «Ո՛վ մեր հայրերուն Տէր Աստուածը, դուն այն Աստուածը չե՞ս որ երկինքը կը բնակիս ու բոլոր ազգերուն թագաւորութիւններուն վրայ կը տիրես եւ քու ձեռքիդ մէջ այնպիսի զօրութիւն եւ ոյժ մը կայ, որ բնաւ մէկը չի կրնար քեզի դէմ դնել»։ (Բ. Մնացորդաց 20։6) Եսայի նոյնանման վստահութիւն արտայայտեց, երբ ըսաւ. «Քանի զօրքերու Տէրը որոշեց, ո՞վ կրնայ զայն ձախողեցնել. անոր ձեռքը երկարած է, ո՞վ կրնայ զայն ետ քաշել»։ (Եսայեայ 14։27, ԱՎ) Հետագային, երբ իր ժամանակաւոր խելագարութենէն բուժուեցաւ, Բաբելոնացի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը խոնարհաբար ընդունեց. «Ո՛չ մէկը կրնայ [Աստուծոյ] ձեռքը կեցնել, կամ անոր ըսել. ‘Ի՞նչ կ’ընես’»։ (Դանիէլ 4։35, ԱՎ) Արդարեւ Եհովա իր ժողովուրդը կը հաւաստիացնէ. «Իմ բերնէս ելած խօսքը . . . ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։ (Եսայեայ 55։11) Լիովին վստահ կրնանք ըլլալ թէ Եհովայի «խօսքը» միշտ ճշմարիտ կ’ելլէ։ Աստուծոյ նպատակը անսխալական է։

Աստուծոյ «յաւիտենական առաջադրութիւնը»

8. Ի՞նչ է Աստուծոյ «յաւիտենական առաջադրութիւնը»։

8 Եփեսացի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ նշեց թէ Աստուած «յաւիտենական առաջադրութիւն» մը ունի։ (Եփեսացիս 3։11, ԱՎ) Ասիկա պարզապէս ծրագիր մը չէ, քանի որ Աստուած հարկ չունի ուրուագծելու բան մը իրագործելու կերպը։ Անիկա կապ ունի Եհովայի վճռակամութեան հետ որ իրագործէ ի՛նչ որ սկիզբէն մտադրած էր մարդկութեան ու երկրագունդին համար։ (Ծննդոց 1։28) Իր նպատակին անսխալական ըլլալը ըմբռնելու համար, նկատի առ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած առաջին մարգարէութիւնը։

9. Ծննդոց 3։15–ը ի՞նչպէս կը վերաբերի Աստուծոյ նպատակին։

9 Ծննդոց 3։15–ի մէջ տրուած խոստումը ցոյց կու տայ թէ Ադամի ու Եւայի մեղանչումէն անմիջապէս ետք, Եհովա որոշեց որ իր այլաբանական կինը սերունդ մը կամ որդի մը յառաջ բերէ։ Եհովա նաեւ նախատեսեց իր կնոջ ու Սատանային եւ անոնց սերունդներուն միջեւ եղած թշնամութեան հետեւանքը։ Թէեւ Եհովա թոյլ պիտի տար որ իր կնոջ Սերունդին կրունկը խայթուէր, սակայն Իր որոշած ժամանակին, Սերունդը պիտի ճզմէր օձին կամ Բանսարկուին գլուխը։ Մինչ այդ, Եհովայի նպատակը հաստատօրէն յառաջդիմեց ընտրեալ շառաւիղի մը միջոցով՝ մինչեւ Յիսուսի յայտնուիլը որպէս խոստացեալ Մեսիան։—Ղուկաս 3։15, 23-38. Գաղատացիս 4։4

Եհովա ի՛նչ կը նախասահմանէ

10. Եհովա նախակարգե՞ց որ Ադամ ու Եւա մեղանչեն. բացատրէ։

10 Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի խաղցած դերին մասին խօսելով, Պետրոս առաքեալ գրեց. «[Յիսուս] նախապէս ճանչցուած էր՝ աշխարհի հիմնադրութենէն առաջ, բայց այս վերջին ժամանակները երեւցաւ ձեզի համար»։ (Ա. Պետրոս 1։20, ԱՎ) Եհովա նախակարգե՞ց որ Ադամ ու Եւա մեղանչեն եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով հայթայթուած փրկանքի զոհին կարիք ըլլայ։ Ո՛չ։ «Հիմնադրութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «սերմ նետել»։ Ադամի ու Եւայի մեղանչումէն առաջ, «սերմ նետել» կամ մարդկային յղութիւն տեղի ունեցա՞ւ։ Ո՛չ։ Անոնք անհնազանդ գտնուելէ ետքն էր որ զաւակներ աշխարհ բերին։ (Ծննդոց 4։1) Ուստի ըմբոստութենէն ետք, բայց Եւայի յղութենէն առաջ, Եհովա նախակարգեց «սերունդ»ին յայտնուիլը։ Յիսուսի մահն ու յարութիւնը մատչելի դարձուց փրկանքի սիրալիր կարգադրութիւնը, որով ժառանգուած մեղքը եւ Սատանայի բոլոր ջանքերը պիտի փճացուին։—Մատթէոս 20։28. Եբրայեցիս 2։14. Ա. Յովհաննու 3։8

11. Եհովա իր նպատակը իրագործելու համար ի՞նչ զարգացում նախակարգեց։

11 Աստուած իր նպատակը իրագործելու համար ուրիշ զարգացում մըն ալ նախակարգեց։ Պօղոս անոր ակնարկեց Եփեսացիս նամակին մէջ, նշելով թէ Աստուած «ամէն բան [պիտի] բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ»։ Ապա խօսելով ‘երկինքի մէջ եղողներուն’՝ Քրիստոսի ժառանգակիցներուն մասին, Պօղոս բացատրեց. «Մենք ալ ժառանգութիւն առինք, որ որոշուած էր անոր նախասահմանութիւնովը, որ ամէն բան իր կամքին խորհուրդովը կը գործադրուի»։ (Եփեսացիս 1։10, 11) Այո, Եհովա նախորոշեց որ սահմանափակ թիւով մարդիկ Աստուծոյ կնոջ Սերունդին երկրորդական մասը կազմեն եւ Քրիստոսի հետ փրկանքի օգուտները մատակարարեն։ (Հռովմայեցիս 8։28-30) Պետրոս առաքեալ անոնց կ’ակնարկէ որպէս «սուրբ ազգ»։ (Ա. Պետրոս 2։9) Իսկ Յովհաննէս առաքեալ առանձնաշնորհումը ունեցաւ գիտնալու թէ Քրիստոսի ժառանգակիցներուն թիւը՝ 144,000 է։ (Յայտնութիւն 7։4-8. 14։1, 3) Թագաւոր Քրիստոսի հետ միացած, անոնք ‘Աստուծոյ փառքին գովութեան համար’ կը ծառայեն։—Եփեսացիս 1։12-14

12. Ի՞նչպէս գիտենք թէ 144,000–ը անհատապէս չեն նախորոշուած։

12 144,000–ի կանխասահմանումը չի նշանակեր թէ կարգ մը անհատներ նախորոշուած են այս հանգամանքով հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայել։ Իրականութեան մէջ, քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն բովանդակած յորդորները գլխաւորաբար գրուած էին օծեալները առաջնորդելու ու զօրացնելու, որպէսզի իրենց ուղղամտութիւնը պահեն եւ իրենց երկնային կոչումին արժանի մնան։ (Փիլիպպեցիս 2։12. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։5, 11. Բ. Պետրոս 1։10, 11) Եհովա առաջուընէ գիտէ թէ 144,000 անհատներ որակեալ պիտի ըլլան իր նպատակին ծառայելու։ Անոնց վերջնական ինքնութիւնը կախեալ է կոչում ստացած իւրաքանչիւր անհատին ընտրած ապրելակերպէն։—Մատթէոս 24։13

Եհովա ի՛նչ կը կանխատեսէ

13, 14. Եհովա իր կանխագիտութիւնը կը գործածէ ի՞նչ բանի հետ ներդաշնակ, եւ ինչո՞ւ։

13 Որովհետեւ Եհովա մարգարէութիւններ տուող ու նպատակ ունեցող Աստուած է, իր կանխագիտութիւնը ի՞նչպէս կը գործածէ։ Նախ նշենք թէ Աստուծոյ բոլոր ճամբաները ուղիղ, արդար ու սիրալիր են։ Հ.Դ. առաջին դարու Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս առաքեալ հաստատեց թէ Աստուծոյ երդումն ու խոստումը ‘երկու անփոփոխելի բաներ են, որոնց մէջ անկարելի է որ Աստուած ստէ’։ (Եբրայեցիս 6։17, 18) Տիտոս աշակերտին յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս դարձեալ այս գաղափարը արտայայտեց, ըսելով թէ Ան «անսուտն Աստուած» է։—Տիտոս 1։2

14 Ասկէ զատ, թէեւ Եհովա անսահման զօրութիւն ունի, սակայն երբեք անիրաւօրէն չի վարուիր։ Մովսէս Եհովայի մասին ըսաւ. «Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Եհովայի ամէն ըրածը՝ իր հոյակապ անձնաւորութեան հետ ներդաշնակ է։ Իր գլխաւոր յատկութիւնները՝ սէր, իմաստութիւն, արդարութիւն ու զօրութիւն, կատարեալ ներդաշնակութեան մէջ են, եւ իր արարքները կը դրսեւորեն զայն։

15, 16. Եհովա Եդեմի պարտէզին մէջ Ադամի առջեւ ի՞նչ ընտրութիւններ դրաւ։

15 Նկատի առ թէ ի՛նչպէս այս բոլորին վրայ լոյս կը սփռեն Եդեմի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Սիրալիր Հայր մը ըլլալով, Եհովա մարդկային արարածներուն հարկ եղած բաները հայթայթեց։ Ան Ադամը օժտեց մտածելու, պատճառաբանելու եւ եզրակացնելու կարողութեամբ։ Մեծաւ մասամբ բնազդով առաջնորդուած անասնական ստեղծագործութեան հակառակը, Ադամ ընտրութիւններ ընելու կարողութիւնը ունէր։ Ուստի Աստուած իր երկնային գահէն «իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։—Ծննդոց 1։26-31. Բ. Պետրոս 2։12

16 Երբ Եհովա որոշեց Ադամի պատուիրել որ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» չուտէ, Ան բաւարար ցուցմունքներ տուաւ, որպէսզի Ադամ կարենար իր ընելիքը որոշել։ Ան Ադամի թոյլ տուաւ որ «պարտէզին բոլոր ծառերէն» ուտէ, բացի մէկ ծառէ, եւ ընդգծեց արգիլուած ծառի պտուղէն ուտելուն աղիտալի հետեւանքները։ (Ծննդոց 2։16, 17) Ան Ադամի պարզեց իր արարքներուն հետեւանքները։ Ադամ ի՞նչ պիտի ընէր։

17. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովա իր կանխագիտութիւնը ընտրողական կերպով կը գործածէ։

17 Ըստ երեւոյթին, Եհովա ընտրեց չնախատեսել թէ Ադամ,– ու Եւա,– ի՛նչ պիտի ընէին, թէեւ առաջուընէ ամէն բան գիտնալու կարողութիւնը ունի։ Հետեւաբար հարցը այն չէ թէ Եհովա կրնա՞յ նախատեսել ապագան, այլ՝ կ’ուզէ՞։ Ասկէ զատ, սիրոյ Աստուածը ըլլալով՝ Եհովա գիտակցաբար ու անգթօրէն պիտի չնախասահմանէր որ ըմբոստութիւնը եւ անոր գէշ հետեւանքները տեղի ունենային։ (Մատթէոս 7։11. Ա. Յովհաննու 4։8) Արդ, Եհովա կ’ընտրէ թէ ե՛րբ գործածէ իր կանխագիտութիւնը եւ ի՛նչ բան նախատեսէ։

18. Իր կանխագիտութիւնը գործածելու մէջ Եհովայի ընտրողական ըլլալը, ինչո՞ւ չի նշանակեր թէ անկատար է։

18 Իր կանխագիտութիւնը գործածելու մէջ Եհովայի ընտրողական ըլլալը կը նշանակէ՞ թէ ձեւով մը անկարող կամ անկատար է։ Ո՛չ։ Մովսէս Եհովայի մասին ըսաւ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է»։ Ան մեղադրելի չէ մարդկային մեղքին հետեւանքներուն համար։ Մեղքին ահռելի ազդեցութիւնները, որոնցմէ ներկայիս կը տառապինք, անհնազանդութեան այդ անիրաւ արարքէն ծագում կ’առնեն։ Պօղոս առաքեալ յստակօրէն նշեց. «Մէկ մարդով մեղքը աշխարհ մտաւ, ու մեղքով՝ մահը, եւ այնպէս՝ մահը փոխանցուեցաւ բոլոր մարդոց, քանի որ բոլորն ալ մեղանչեցին»։—Բ. Օրինաց 32։4, 5. Հռովմայեցիս 5։12, ԱՎ. Երեմեայ 10։23

19. Յաջորդ յօդուածին մէջ ո՞ր հարցումները նկատի պիտի առնենք։

19 Մեր քննարկումին մէջ տեսանք թէ Եհովա անիրաւութիւն չի գործեր։ (Սաղմոս 33։5) Անոր կարողութիւնները, բարոյական յատկութիւնները եւ չափանիշները իր նպատակին նեցուկ կը կանգնին։ (Հռովմայեցիս 8։28) Որպէս մարգարէութիւններ տուող Աստուած, Եհովա «վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ» կը պատմէ։ (Եսայեայ 46։9, 10) Նաեւ տեսանք թէ ան իր կանխագիտութիւնը ընտրողական կերպով կը գործածէ։ Այս բոլորը ի՞նչպէս կ’ազդեն մեզի։ Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր որոշումները Աստուծոյ սիրալիր նպատակին կը համակերպին։ Իսկ ասիկա ընելը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի բերէ մեզի։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումները նկատի պիտի առնէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Տես Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար գրքոյկը, էջ 28, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ի՞նչ վաղեմի օրինակներ կը վկայեն թէ Աստուծոյ «խօսքը» միշտ ‘կը յաջողի’։

• Եհովա ի՞նչ նախասահմանած է իր «յաւիտենական առաջադրութեան» կապակցաբար։

• Եհովա իր կանխագիտութիւնը ի՞նչ կերպով կը գործածէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 24]

Եհովա նախասահմանա՞ծ էր թէ Ադամ ու Եւա ի՛նչ պիտի ընէին

[Նկար՝ էջ 25]

Աստուած Յիսուսի մահն ու յարութիւնը նախագուշակեց