Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

ԻՆՉՈ՞Ւ հաճելի կը գտնես զբօսայգիի մը մէջ քալելը կամ բուրաստանի մը մէջ ճեմելը։ Ինչո՞ւ կ’ոգեւորուիս երբ կը տեսնես գեղեցիկ լիճ մը կամ բարձրաբերձ լեռներու ամպածրար գագաթները։ Ինչո՞ւ կանգ կ’առնես որ լսես ծառերու ճիւղերուն վրայ տեղաւորուած թռչուններուն ճռուողիւնը։ Իսկ ինչո՞ւ շատ հաճելի է դիտել եղնիկին ցատկռտելը կամ արօտավայրի մէջ արածող հօտը։

Այդ բոլոր հարցումներուն պատասխանն է՝ մենք ստեղծուած ենք Դրախտի մէջ ապրելու։ Հոն էր որ մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամ ու Եւա իրենց կեանքը սկսան։ Դրախտի մէջ ապրելու փափաքը անոնցմէ ստացանք, իսկ անոնք՝ իրենց Ստեղծիչէն, Եհովա Աստուծմէ։ Ան գիտէր թէ մարդկութիւնը Դրախտին մէջ ուրախ պիտի ըլլար, քանի որ մեզ ստեղծեց այս հիանալի երկրային բնակարանը վայելելու հարկ եղած յատկութիւններով։

Եհովա ինչո՞ւ երկիրը ստեղծեց։ Ան զայն մարդկութեան «բնակութեան համար կազմեց»։ (Եսայեայ 45։18) ‘Երկիրը շինողը’ Ադամի ու Եւայի տուաւ գեղեցիկ դրախտային բնակարան մը,– Եդեմի պարտէզը։ (Երեմեայ 10։12. Ծննդոց 2։7-9, 15, 21, 22) Անոր առուները, ծաղիկներն ու ծառերը որքա՜ն հաճոյք պատճառած ըլլալու էին անոնց։ Երկինքը գեղեցիկ թռչուններ կը տեսնուէին, իսկ երկրի վրայ՝ զանազան անասուններ, եւ ո՛չ մէկը մարդուն կը սպառնար։ Երկրի ջինջ ու մաքուր ջուրերուն մէջ ձուկեր կը շրջէին։ Բայց ամենէն կարեւորը, Ադամ ու Եւա միասին էին։ Անոնք կրնային զաւակներ ունենալ եւ անոնց ուրախ ընկերակցութեամբ իրենց դրախտային բնակարանը ընդարձակել։

Թէեւ երկիրը ներկայիս դրախտ մը չէ, սակայն կը նմանի երջանիկ ընտանիքի մը ունեցած ընտիր բնակարանին։ Մեր աստուածատուր տունը ունի մեզի հարկ եղած բաները,– լոյս, ջերմութիւն, ջուր եւ ուտելիք։ Որքա՜ն կը գնահատենք արեւի լոյսն ու ջերմութիւնը եւ լուսինի թեթեւ լոյսը։ (Ծննդոց 1։14-18) Երկրի մառանը վառելանիւթեր ունի, ինչպէս՝ քարածուխ եւ քարիւղ։ Ջուրի շրջանին եւ երկրի գետերուն, լիճերուն ու ծովերուն շնորհիւ, ջուր ունինք։ Իսկ կանանչ խոտը գորգի մը նման երկիրը կը ծածկէ։

Ինչպէս տան մէջ ուտելիք կը մթերուի, երկրի մառանը առատ ուտելիքով լեցուն է։ Դաշտերու բերքերով եւ մրգաստաններու պտուղներով, Եհովա ‘պտղաբեր եղանակներ կու տայ մեզի ու մեր սիրտերը կը լեցնէ կերակուրներով եւ ուրախութեամբ’։ (Գործք 14։15, 16) Եթէ երկիրը արդէն սքանչելի բնակարան մըն է, պահ մը երեւակայէ թէ ի՛նչպէս պիտի ըլլայ, երբ «երանելի Աստուածը»՝ Եհովա զայն դրախտի վերածէ։—Ա. Տիմոթէոս 1։11