Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Կեա՛նքը ընտրէ՝ որ ապրիս»

«Կեա՛նքը ընտրէ՝ որ ապրիս»

«Կեա՛նքը ընտրէ՝ որ ապրիս»

«Կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեա՛նքը ընտրէ՝ որ ապրիս»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 30։19, ԱՎ

1, 2. Մարդը ի՞նչպէս Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած է։

«ՄԵՐ պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք»։ Աստուծոյ այս խօսքը արձանագրուած է Աստուածաշունչի առաջին գլուխին մէջ։ Ուստի «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա», կը տեղեկագրէ Ծննդոց 1։26, 27–ն։ Այսպէս առաջին մարդը երկրագունդի վրայ եղող միւս բոլոր արարածներէն տարբեր էր։ Ան իր Ստեղծիչին կը նմանէր,– կրնար աստուածային մտածելակերպը ընդօրինակել եւ սէր, արդարութիւն, իմաստութիւն ու զօրութիւն ցուցաբերել։ Ան խղճմտանքի կարողութիւնը ունէր, իրեն օգնելու որոշումներ կայացնելու, որոնք իրեն պիտի օգտէին եւ իր երկնաւոր Հայրը պիտի հաճեցնէին։ (Հռովմայեցիս 2։15) Կարճ խօսքով, Ադամ ազատ կամք ունէր։ Իր երկրային որդիին կազմուածքը նկատի ունենալով, Եհովա իր ձեռագործին նկատմամբ ըսաւ. «Ահա շատ բարի է»։—Ծննդոց 1։31. Սաղմոս 95։6

2 Ադամի զարմը ըլլալով, մենք ալ Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան պէս ենք։ Սակայն իրապէս կ’ընտրե՞նք մեր ընելիքը։ Այո՛։ Թէեւ Եհովա տեղի ունենալիքը առաջուընէ գիտնալու կարողութիւնը ունի, սակայն իւրաքանչիւրիս արարքները եւ անոնց հետեւանքները չի նախասահմաներ։ Ան երբեք թոյլ չի տար որ նախասահմանումը ղեկավարէ իր երկրային զաւակները։ Շիտակ ընտրութիւններ ընելու համար մեր ազատ կամքը գործածելուն կարեւորութիւնը ըմբռնելու համար, նախ եւ առաջ Իսրայէլ ազգէն դաս մը սորվինք։—Հռովմայեցիս 15։4

Ընտրելու ազատութիւնը Իսրայէլի մէջ

3. Տասը Պատուիրաններուն առաջինը ի՞նչ էր, եւ հաւատարիմ Իսրայելացիները ի՞նչպէս ընտրեցին հնազանդիլ անոր։

3 Եհովա Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Ես եմ Եհովան՝ քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի»։ (Բ. Օրինաց 5։6) Հ.Դ.Ա. 1513–ին, Իսրայէլ ազգը եգիպտական ստրկութենէն հրաշալիօրէն ազատագրուելով, այդ խօսքին վրայ կասկած ունենալու ո՛չ մէկ պատճառ ունէր։ Եհովա իր խօսնակին՝ Մովսէսի միջոցով, Տասը Պատուիրաններուն առաջինին մէջ ըսաւ. «Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս»։ (Ելից 20։1, 3) Այդ առիթով, Իսրայէլ ազգը ընտրեց հնազանդիլ։ Անոնք կամովին Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանեցին։—Ելից 20։5. Թուոց 25։11

4. (ա) Մովսէս Իսրայէլի առջեւ ի՞նչ ընտրութիւն դրաւ։ (բ) Ներկայիս ի՞նչ ընտրութիւն կրնանք ընել։

4 Շուրջ 40 տարի ետք, Մովսէս Իսրայելացի նոր սերունդին շեշտակի յիշեցուց իրենց առջեւ դրուած ընտրութիւնը։ Ան յայտարարեց. «Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը կանչեմ ձեզի դէմ, թէ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեա՛նքը ընտրէ՝ որ ապրիս,– դուն եւ քու զարմդ»։ (Բ. Օրինաց 30։19, ԱՎ) Նմանապէս այսօր, կրնա՛նք ընտրել։ Այո, կրնանք ընտրել Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայել՝ յաւիտենական կեանքի հեռանկարով, կամ՝ կրնանք ընտրել իրեն չհնազանդիլ եւ հետեւանքները կրել։ Նկատի առ տարբեր ընտրութիւններ ընողներու երկու օրինակ։

5, 6. Յեսու ի՞նչ ընտրութիւն ըրաւ, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

5 Հ.Դ.Ա. 1473–ին, Յեսու Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիր մտցուց։ Իր մահէն առաջ, ան ամբողջ ազգը յորդորեց. «Եթէ Տէրը պաշտելը ձեզի հաճելի չի թուիր, ձեզի ընտրեցէ՛ք այսօր թէ ո՛վ պիտի պաշտէք,– Գետին միւս կողմը ձեր հայրերուն պաշտած աստուածնե՞րը, թէ Ամորհացիներուն աստուածները՝ որոնց երկրին մէջ դուք կը բնակիք»։ Ապա իր ընտանիքին ակնարկելով, ան շարունակեց. «Ես ու իմ տունս Եհովա՛ն պիտի պաշտենք»։—Յեսուայ 24։15, ԱՎ

6 Եհովա Յեսուն յորդորած էր որ քաջ ու զօրաւոր ըլլար եւ անոր պատուիրած էր որ Աստուծոյ Օրէնքին շարունակ հնազանդէր։ Ան գիշեր–ցերեկ Օրէնքի գիրքը մեղմաձայն կարդալով, պիտի կարենար իր ճամբան յաջողցնել։ (Յեսուայ 1։7, 8) Եւ այդպէս ալ եղաւ։ Յեսուի ընտրութիւնը օրհնութիւններու դուռ բացաւ։ Ան յայտարարեց. «Տէրը Իսրայէլի տանը համար որչափ բարի խօսքեր որ խօսեր էր, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. ամէնքն ալ կատարուեցան»։—Յեսուայ 21։45

7. Եսայիի օրերուն, կարգ մը Իսրայելացիներ ի՞նչ ընտրութիւն ըրին, եւ հետեւանքները ի՞նչ եղան։

7 Միւս կողմէ, նկատի առ Իսրայէլի կացութիւնը շուրջ 700 տարի ետք։ Այդ ատեն, բազմաթիւ Իսրայելացիներ հեթանոսական սովորութիւններու կը հետեւէին։ Օրինակ, տարուան վերջին օրը մարդիկ սեղանի մը շուրջ կը հաւաքուէին, համեղ ճաշեր եւ անոյշ գինի վայելելու համար։ Ասիկա պարզապէս ընտանեկան հաւաքոյթ մը չէր, այլ՝ կրօնական արարողութիւն մըն էր, որ երկու չաստուածներ կը պատուէր։ Եսայի մարգարէն այս անհաւատարմութեան հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը յայտնեց. «Դուք Տէրը լքեցիք ու սուրբ լեռս մոռցաք, Գադ կուռքին [կամ՝ Բախտին] սեղան պատրաստեցիք, եւ Մենիի [կամ՝ Ճակատագրին] թափելիք նուէր լեցուցիք»։ Անոնք կը հաւատային թէ տարուան հունձքը կախեալ էր ո՛չ թէ Եհովայի օրհնութիւնը ունենալէն, այլ՝ Բախտի եւ Ճակատագրի չաստուածները հանդարտեցնելէն։ Բայց իրականութեան մէջ, անոնց ըմբոստ ընթացքն ու յամառ ընտրութիւնը ձեւակերպեցին իրենց ապերջանիկ վախճանը։ Եհովա յայտարարեց. «Ես ալ ձեզ սուրի պիտի մատնեմ, ու բոլորդ պիտի ծռիք մորթուելու համար. որովհետեւ կանչեցի՝ բայց չպատասխանեցիք, խօսեցայ՝ սակայն մտիկ չըրիք, հապա իմ առջեւս չարիք գործեցիք, եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք»։ (Եսայեայ 65։11, 12, ԱՎ) Անոնց անխոհեմ ընտրութիւնը իրենց վրայ կործանում բերաւ, իսկ Ճակատագրի ու Բախտի չաստուածները չկրցան անոր արգելք հանդիսանալ։

Շիտակ ընտրութիւնը ընել

8. Բ. Օրինաց 30։20–ի համաձայն, շիտակ ընտրութիւնը ընելը ի՞նչ կը պարփակէ։

8 Երբ Մովսէս Իսրայէլը յորդորեց որ կեանքը ընտրէր, ան ուշադրութեան յանձնեց առնուելիք երեք քայլեր. «Տէրը՝ քու Աստուածդ սիրելով, անոր խօսքը մտիկ ընելով ու անոր յարելով»։ (Բ. Օրինաց 30։20, ԱՎ) Քննենք իւրաքանչիւր քայլ, որպէսզի շիտակ ընտրութիւնը ընենք։

9. Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ի՞նչպէս կրնանք ապացուցանել։

9 Մեր Եհովա Աստուածը սիրելով. Կ’ընտրենք Եհովայի ծառայել, քանի որ զինք կը սիրենք։ Իսրայէլի օրերէն քաղուած ազդարարական օրինակներուն ուշադրութիւն ընծայելով, անբարոյութիւն գործելու ամէն փորձութեան դէմ կը դնենք եւ կը մերժենք այն կենսաոճը, որ կրնայ պատճառ ըլլալ որ աշխարհի նիւթապաշտութեան որոգայթին մէջ իյնանք։ (Ա. Կորնթացիս 10։11. Ա. Տիմոթէոս 6։6-10) Եհովայի կը կառչինք եւ իր կանոնները կը պահենք։ (Յեսուայ 23։8. Սաղմոս 119։5, 8) Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիրը մտնելէն առաջ, Մովսէս զիրենք յորդորեց. «Ահա՛ ձեզի կանոններ ու դատավճիռներ սորվեցուցի, ինչպէս Տէրը՝ իմ Աստուածս ինծի պատուիրեց, որպէսզի զանոնք գործադրէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք՝ անոր տիրանալու համար։ Ուստի զանոնք պահեցէ՛ք եւ գործադրեցէ՛ք. որովհետեւ ձեր իմաստութիւնն ու խելացութիւնը ասիկա պիտի ըլլայ ժողովուրդներուն առջեւ, որոնք այս բոլոր կանոնները [պիտի լսեն]»։ (Բ. Օրինաց 4։5, 6, ԱՎ) Հիմա է ժամանակը Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ապացուցանելու, մեր կեանքին մէջ իր կամքը առաջին տեղը դնելով։ Եթէ ընտրենք ասիկա ընել, վստահաբար պիտի օրհնուինք։—Մատթէոս 6։33

10-12. Նոյի օրերուն տեղի ունեցած բաները նկատի առնելով ի՞նչ դասեր կը քաղենք։

10 Աստուծոյ խօսքը մտիկ ընելով. Նոյ «արդարութեան քարոզիչ» մըն էր։ (Բ. Պետրոս 2։5) Նախաջրհեղեղեան աշխարհի գրեթէ բոլոր մարդիկը զբաղած էին եւ Նոյի ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն չընծայեցին։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ «Ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց»։ Յիսուս զգուշացուց թէ այնպէս ալ պիտի ըլլան մեր օրերը, մարդու Որդիին ներկայութեան ընթացքին։ Նոյի օրերուն պատահածը զօրաւոր ազդարարութիւն մըն է անոնց, որոնք այժմ կ’ընտրեն Աստուծոյ պատգամին ականջ չկախել։—Մատթէոս 24։39

11 Անոնք որ ծաղր կ’ընեն Աստուծոյ այժմու ծառաներուն ծանուցանած աստուածային ազդարարութիւնները, պէտք է անդրադառնան թէ այս ազդարարութիւններուն չանսալը ի՛նչ պիտի նշանակէ։ Այսպիսի ծաղրողներու մասին, Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Անոնք կ’ուզեն սա՛ թաքուն պահել, թէ երկինք վաղուց կար Աստուծոյ խօսքով, ու երկիր միասին կանգուն էր՝ ջուրերէն եւ ջուրերուն մէջտեղ։ Անո՛վ կորսուեցաւ այն ատենուան աշխարհը՝ ջրհեղեղով։ Իսկ երկինքն ու երկիրը որ կան հիմա՝ պահեստի դրուած են նո՛յն խօսքով, վերապահուած կրակի համար՝ մինչեւ դատաստանին եւ ամբարիշտ մարդոց կորուստին օրը»։—Բ. Պետրոս 3։3-7, ԱՎ

12 Ասիկա հակադրէ՛ Նոյի ու իր ընտանիքին ըրած ընտրութեան հետ։ «Հաւատքո՛վ Նոյ, պատգամ ստանալով Աստուծմէ՝ տակաւին անտեսանելի բաներու մասին, երկիւղածութեամբ կերտեց տապան մը»։ Ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայելը իր ընտանիքը փրկեց։ (Եբրայեցիս 11։7, ԱՎ) Թող արագ ըլլանք Աստուծոյ պատգամը լսելու մէջ, ապա անոր հնազանդինք։—Յակոբու 1։19, 22-25

13, 14. (ա) ‘Եհովայի յարիլը’ ինչո՞ւ կենսական է։ (բ) Ի՞նչպէս թոյլ կու տանք Եհովայի՝ «մեր Բրուտ»ին որ մեզ կաղապարէ։

13 Եհովայի յարելով. Որպէսզի ‘կեանքը ընտրենք ու շարունակենք ապրիլ’, ո՛չ միայն Եհովան պէտք է սիրենք եւ իր խօսքը մտիկ ընենք, այլեւ՝ ‘իրեն պէտք է յարինք’, այսինքն՝ իր կամքը ընելու մէջ յարատեւենք։ «Ձեր համբերութեամբ պիտի տիրանաք ձեր անձերուն», ըսաւ Յիսուս։ (Ղուկաս 21։19, ԱՎ) Արդարեւ այս ուղղութեամբ մեր ըրած ընտրութիւնը երեւան կը հանէ ի՛նչ որ մեր սիրտին մէջ է։ «Միշտ վախցող մարդը երանելի է, բայց իր սիրտը խստացնողը չարիքի մէջ պիտի իյնայ», կը նշէ Առակաց 28։14–ը։ Վաղեմի Եգիպտոսի Փարաւոնը ասոր մէկ օրինակն էր։ Երբ Տասը Պատուհասները Եգիպտոսը հարուածեցին, ամէն անգամ Փարաւոն իր սիրտը կարծրացուց, փոխանակ Աստուծմէ վախնալու։ Եհովա հպարտ Փարաւոնը չստիպեց որ անհնազանդ գտնուի, այլ՝ թոյլ տուաւ անոր որ ընտրութիւն մը ընէ։ Ամէն պարագայի, Եհովայի կամքը կատարուեցաւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ Փարաւոնի վերաբերեալ Եհովայի տեսակէտը բացատրեց. «Բարձրացուցի քեզ, որպէսզի իմ զօրութիւնս ցոյց տամ քու միջոցովդ, եւ իմ անունս հռչակուի ամբողջ երկրին մէջ»։—Հռովմայեցիս 9։17, ԱՎ

14 Իսրայէլի այդ ազատագրութենէն դարեր ետք, Եսայի մարգարէն ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։ Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք»։ (Եսայեայ 64։8) Մինչ թոյլ կու տանք որ Եհովա մեզ կաղապարէ՝ իր Խօսքը անձնապէս ուսումնասիրելով ու կիրարկելով, աստիճանաբար նոր անձնաւորութիւնը կը հագնինք։ Աւելի հեզ ու դիւրաթեք կը դառնանք, ինչ որ կը դիւրացնէ հաւատարմաբար Եհովայի յարիլը, քանի որ անկեղծօրէն կ’ուզենք զինք հաճեցնել։—Եփեսացիս 4։23, 24. Կողոսացիս 3։8-10

«Զանոնք սորվեցնես»

15. Բ. Օրինաց 4։9–ի համաձայն, Մովսէս Իսրայէլին յիշեցուց ո՞ր երկպատիկ պատասխանատուութիւնը։

15 Խոստացեալ Երկիրը մտնելու վրայ եղող Իսրայէլ ազգին՝ Մովսէս ըսաւ. «Միայն թէ զգուշացի՛ր դուն քեզի. շա՛տ ուշադիր եղիր քու անձիդ, որ աչքերուդ տեսած բաները չմոռնաս եւ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ քու սիրտէդ չհեռանան, այլ զանոնք սորվեցնես որդիներուդ ու որդիներուդ որդիներուն»։ (Բ. Օրինաց 4։9, ԱՎ) Եհովայի օրհնութիւնը վայելելու եւ իրենց ժառանգելիք երկրին մէջ բարգաւաճելու համար, անոնք երկպատիկ պատասխանատուութիւն մը պէտք էր կատարէին։ Անոնք իրենց աչքերուն առջեւ Եհովայի ըրած սքանչելի բաները պէտք չէր մոռնային եւ զանոնք ապագայ սերունդներուն պէտք էր սորվեցնէին։ Այսօր Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալով, մենք նոյնը պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք ‘կեանքը ընտրել ու շարունակել ապրիլ’։ Մեզի ի նպաստ Եհովայի ըրած ո՞ր բաներուն ականատես եղած ենք։

16, 17. (ա) Գաղաադի Դպրոցին մէջ մարզուած միսիոնարները ի՞նչ կրցած են իրագործել Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ։ (բ) Իրենց նախանձախնդրութիւնը վառ պահող անհատներու ի՞նչ օրինակներ գիտես։

16 Խայտալի է տեսնել թէ Եհովա ի՛նչպէս օրհնած է մեր քարոզչութիւնն ու աշակերտելու գործը։ 1943–ին՝ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցը հաստատուելէն ի վեր, միսիոնարները աշակերտելու գործը առաջնորդած են բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Մինչեւ օրս, այս դպրոցին առաջին շրջանաւարտները Թագաւորութեան քարոզչութեան հանդէպ նախանձախնդիր են, թէեւ տարիքոտ են եւ ոմանք՝ ֆիզիքապէս անկարող։ Ընտիր օրինակ մըն է Մէրի Օլսըն, որ 1944–ին Գաղաադի Դպրոցը աւարտեց։ Ան որպէս միսիոնար ծառայած է Քոլոմպիոյ մէջ, ապա՝ Ուրուկուէյի մէջ, իսկ այժմ՝ Բորթօ Ռիքոյի մէջ։ Թէեւ ծերութեան պատճառած ֆիզիքական խնդիրները որոշ չափով զինք կը սահմանափակեն, սակայն Քոյր Օլսըն քարոզչութեան հանդէպ իր խանդավառութիւնը կը պահէ։ Սպաներէն լեզուն սորված ըլլալով, ան ամէն շաբաթ ժամանակ կը յատկացնէ որ տեղական հրատարակիչներուն հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցի։

17 Նանսի Փորթըր, որ այժմ այրի է, Գաղաադի Դպրոցը աւարտեց 1947–ին, եւ տակաւին կը ծառայէ Պահամասի մէջ։ Ան ալ քարոզչութեան մէջ զբաղած կը մնայ։ Քոյր Փորթըր իր կենսագրութեան մէջ կը նշէ. «Ուրիշներուն աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը սորվեցնելը, ուրախութեան մասնայատուկ աղբիւր մը եղած է։ Անիկա հոգեւոր սովորամոլութիւն մը կը հայթայթէ, որ կեանքիս կարգապահութիւն ու կայունութիւն տուած է»։ * Երբ Քոյր Փորթըր եւ այլ հաւատարիմ ծառաներ իրենց անցեալին մասին կը մտածեն, անոնք չեն մոռնար Եհովայի ըրած բաները։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Կը գնահատե՞նք որ Եհովա մեր շրջանին մէջ Թագաւորութեան գործը օրհնած է։—Սաղմոս 68։11

18. Միսիոնարներուն կենսագրութիւնները կարդալով ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

18 Այս փորձառու անհատներուն թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս իրագործած բաները մեզ կ’ուրախացնեն։ Անոնց կենսագրութիւնները կարդալով կը քաջալերուինք, քանի որ այս հաւատարիմներուն ի նպաստ Եհովայի ըրածը նկատելով, իրեն ծառայելու մեր վճռակամութիւնը կը զօրանայ։ Դիտարան–ի մէջ լոյս տեսած այսպիսի հետաքրքրական պատմութիւններ կանոնաւորաբար կը կարդա՞ս եւ անոնց վրայ կը խոկա՞ս։

19. Քրիստոնեայ ծնողները ի՞նչպէս կրնան Դիտարան–ի մէջ լոյս տեսած կենսագրութիւնները օգտագործել։

19 Մովսէս Իսրայելացիներուն ըսաւ թէ իրենց ի նպաստ Եհովայի ըրածները չմոռնան եւ իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ անոնք իրենց սիրտէն չհեռանան։ Ապա ան աւելցուց. «Անոնք քու որդիներուդ ու անոնց որդիներուն սորվեցնես»։ (Բ. Օրինաց 4։9) Իրական պատմութիւնները մասնայատուկ գրաւչութիւն մը ունին։ Անչափահասները ընտիր օրինակներու կը կարօտին։ Ամուրի քոյրերը կրնան դասեր սորվիլ տարեց քոյրերու հաւատարիմ օրինակէն, որոնց կենսագրութիւնները Դիտարան–ի մէջ լոյս տեսած են։ Իրենց երկրին մէջ օտարախօս թաղամասի մը մէջ ծառայելը, թէ՛ եղբայրներուն եւ թէ քոյրերուն կը ներկայացնէ բարի լուրի քարոզչութեան մէջ զբաղած մնալու յաւելեալ պատեհութիւններ։ Ո՛վ Քրիստոնեայ ծնողներ, Գաղաադի հաւատարիմ միսիոնարներուն եւ ուրիշներու փորձառութիւնները ինչո՞ւ չգործածէք, ձեր զաւակներուն դրդապատճառ մը տալու որ լիաժամ ծառայութիւնը ընտրեն։

20. ‘Կեանքը ընտրելու’ համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

20 Արդ, իւրաքանչիւրս ի՞նչպէս կրնանք ‘կեանքը ընտրել’։ Ազատ կամքի հոյակապ պարգեւը գործածելով՝ Եհովայի ցոյց տալու թէ զինք կը սիրենք, եւ շարունակելով իր ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը ընել, այնքան ատեն որ թոյլ կու տայ որ այս առանձնաշնորհումը վայելենք։ «Որովհետեւ», ինչպէս Մովսէս ըսաւ, Եհովա՛ն «է քու կեանքդ եւ օրերուդ երկարութիւնը»։—Բ. Օրինաց 30։19, 20, ԱՎ

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Տես «Ուրախ եւ երախտապարտ՝ հակառակ սրտաբեկ կորուստի», Դիտարան 1 Յունիս 2001, էջ 23-27։

Կրնա՞ս մտաբերել

• Մեր նկատի առած՝ տարբեր ընտրութիւններ ընողներէն ի՞նչ սորվեցար։

• ‘Կեանքը ընտրելու’ համար ի՞նչ քայլեր պէտք է առնենք։

• Մեզի յորդոր կը տրուի որ ի՞նչ երկպատիկ պատասխանատուութիւն մը կատարենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

«Կեանքն ու մահը . . . ձեր առջեւ դրի»

[Նկար՝ էջ 29]

Աստուծոյ խօսքը մտիկ ընելը փրկեց Նոյն ու իր ընտանիքը

[Նկար՝ էջ 30]

Մէրի Օլսըն

[Նկար՝ էջ 30]

Նանսի Փորթըր