Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուղղամտութեամբ ընթանալու ուրախութիւնները

Ուղղամտութեամբ ընթանալու ուրախութիւնները

Ուղղամտութեամբ ընթանալու ուրախութիւնները

«Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։—ԱՌԱԿԱՑ 10։22

1, 2. Ինչո՞ւ պէտք է զգուշանանք ապագայով չափազանց մտազբաղ ըլլալէ։

«ՄԻՏՔԸ ապագայով գրաւուած ըլլալը . . . արգելք կը հանդիսանայ որ ներկան տեսնենք ինչպէս որ է», նշեց Ամերիկացի փիլիսոփայ մը։ Օրինակ, այն երախաները որ չափահասութեան առանձնաշնորհումներով մտազբաղ կ’ըլլան, մանկութեան օգուտները յարատեւ կ’անտեսեն։

2 Եհովայի երկրպագուներն ալ այդ մտածելակերպէն զերծ չեն։ Նկատի առ թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ։ Մենք կը տենչանք երկրի վրայ դրախտ բերելու Աստուծոյ խոստումին կատարումը տեսնել։ Անձկագին կը սպասենք՝ հիւանդութենէ, ծերութենէ, ցաւէ ու տառապանքէ զերծ կեանքի մը։ Թէեւ այսպիսի բաներ ակնկալելը լաւ է, սակայն ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ ապագայ նիւթական օրհնութիւններով չափազանց մտազբաղ ըլլալով, մեր ներկայ հոգեւոր օրհնութիւնները չզատորոշենք։ Ի՜նչ ցաւալի պարագայ։ Դիւրաւ կրնանք վհատիլ եւ մեր ‘սիրտը կրնայ հիւանդանալ, քանի որ մեր յոյսը ուշացաւ’ մեր ակնկալածէն աւելի։ (Առակաց 13։12) Կեանքի խնդիրներուն ու դժուարութիւններուն պատճառով, կրնանք ընկճուածութեան կամ մեր անձին վրայ խղճալու որոգայթին մէջ իյնալ։ Վատ կացութիւններու հետ գլուխ ելլելու տեղ, կրնանք տրտնջող դառնալ։ Այս բոլորէն կրնանք խուսափիլ, մեր ներկայ օրհնութիւններուն մասին երախտագիտութեամբ խորհրդածելով։

3. Այս յօդուածին մէջ մեր ուշադրութիւնը ի՞նչ բանի վրայ պիտի կեդրոնացնենք։

3 «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ», կ’ըսէ Առակաց 10։22–ը։ Եհովայի այժմու ծառաներուն հոգեւոր բարգաւաճութիւնը ուրախացուցիչ օրհնութիւն մը չէ՞։ Այժմ նկատի առնենք մեր հոգեւոր բարգաւաճութեան կարգ մը երեսակները եւ տեսնենք թէ իւրաքանչիւրիս համար ի՛նչ նշանակութիւն ունին։ ‘Իր անարատութեան մէջ քալող արդարին’ վրայ Եհովայի թափած օրհնութիւններուն մասին խոկալը, արդարեւ մեր վճռակամութիւնը պիտի ամրացնէ որ շարունակենք մեր երկնաւոր Հօր ուրախութեամբ ծառայել։—Առակաց 20։7

Ներկայիս ‘մեզի հարստութիւն տուող օրհնութիւններ’

4, 5. Աստուածաշունչի ո՞ր ուսուցումը յատկապէս կ’արժեւորես եւ ինչո՞ւ։

4 Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները ընդհանրապէս կը դաւանին թէ Աստուածաշունչին կը հաւատան։ Սակայն անոնք անոր սորվեցուցածը նոյն կերպով չեն հասկնար։ Նոյնիսկ նոյն կրօնական խումբին անդամները, յաճախ Սուրբ Գրութիւններուն ուսուցումներուն նկատմամբ տարբեր տեսակէտներ ունին։ Ասոր հակապատկերն է Եհովայի ծառաներուն կացութիւնը։ Մեր ազգային, մշակութային կամ էթնիքական ենթահողը ի՛նչ որ ըլլայ, կը պաշտենք ճշմարիտ Աստուածը, որ կը ճանչնանք իր անունովը։ Ան խորհրդաւոր երրեակ աստուած մը չէ։ (Բ. Օրինաց 6։4. Սաղմոս 83։18. Մարկոս 12։29) Նաեւ գիտենք թէ Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութեան կարեւորագոյն հարցը լուծուելու վրայ է, եւ թէ իւրաքանչիւրս այդ հարցին մէջ պարփակուած ենք՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահելով։ Մեռելներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտենք եւ սարսափազդու վախ չունինք Աստուծոյ հանդէպ, որուն մասին կ’ըսուի թէ մարդիկը դժոխքի կրակին մէջ կը չարչարէ կամ քաւարան կը ղրկէ։—Ժողովողի 9։5, 10

5 Ասկէ զատ, ի՜նչ ուրախութիւն է գիտնալ թէ մենք կոյր բարեշրջութեան պատահական արդիւնքը չենք։ Մենք Աստուծոյ ձեռքին գործն ենք, իր պատկերով ստեղծուած։ (Ծննդոց 1։26. Մաղաքեայ 2։10) Սաղմոսերգուն իր Աստուծոյն մասին ըսաւ. «Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ»։—Սաղմոս 139։14

6, 7. Կեանքիդ կամ քեզի ծանօթ եղողներուն կեանքին մէջ մտցուած ի՞նչ փոփոխութիւններ օրհնութիւն բերած են։

6 Վնասակար բնաւորութիւններէ ու սովորութիւններէ ազատագրում։ Լրատուամիջոցները յարատեւ կ’ազդարարեն ծխախոտի, խմիչքի չափազանց գործածութեան եւ խառնագնաց վարքին վտանգներուն դէմ։ Սակայն մարդիկ ընդհանրապէս այս ազդարարութիւններուն ականջ չեն կախեր։ Իսկ երբ անկեղծ անհատ մը կը սորվի թէ ճշմարիտ Աստուածը այս բաները կը դատապարտէ եւ անոնց անձնատուր եղողները զինք կը նեղացնեն, կը մղուի զանոնք մերժելու։ (Եսայեայ 63։10. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Բ. Կորնթացիս 7։1. Եփեսացիս 4։30) Մինչ ասիկա կ’ընէ գլխաւորաբար Եհովա Աստուած հաճեցնելու համար, ան նաեւ յաւելեալ օգուտներ կը քաղէ,– աւելի լաւ առողջութիւն եւ միտքի խաղաղութիւն։

7 Շատերու համար գէշ սովորութիւններէ ձերբազատուիլը շատ դժուար է։ Այսուհանդերձ ամէն տարի տասնեակ հազարաւորներ կը յաջողին։ Անոնք իրենք զիրենք Եհովայի կը նուիրեն եւ կը մկրտուին, հանրապէս ցոյց տալով թէ Աստուած տհաճեցնող սովորութիւնները իրենց կեանքէն արմատահան ըրած են։ Ասիկա մեզ շա՜տ կը քաջալերէ եւ մեղաւոր ու վնասակար վարքի ստրկանալէ հեռու կենալու մեր վճռակամութիւնը կը զօրացնէ։

8. Աստուածաշունչի ո՞ր խրատները ընտանեկան երջանկութեան կը նպաստեն։

8 Ընտանեկան ուրախ կեանք։ Շատ մը երկիրներու մէջ, ընտանեկան կեանքի հիմերը կը խախտին։ Բազմաթիւ ամուսնութիւններ ամուսնալուծումով վերջ կը գտնեն, յաճախ իրենց ետին ձգելով զգացականօրէն քանդուած երախաներ։ Կարգ մը եւրոպական երկիրներու մէջ, ընտանիքներուն շուրջ 20 տոկոսը միածնող են։ Ընտանեկան կեանքի վերաբերեալ, Եհովա ի՞նչպէս մեզի օգնած է որ ուղղամտութեամբ ընթանանք։ Եփեսացիս 5։22–6։4–ը կարդալով, նկատի առ ընտիր խրատները որ Աստուծոյ Խօսքը կու տայ ամուսիններուն, կիներուն ու զաւակներուն։ Աստուածաշնչական այսպիսի յորդորներ կիրարկելը, աներկբայօրէն կ’ամրացնէ ամուսնական կապը, կ’օգնէ զաւակները պատշաճօրէն մեծցնելու եւ կը նպաստէ ընտանեկան երջանիկ կեանք մը ունենալու։ Ասիկա ուրախացուցիչ օրհնութիւն մը չէ՞։

9, 10. Ապագայի նկատմամբ մեր տեսակէտը ի՞նչպէս կը տարբերի աշխարհի տեսակէտէն։

9 Երաշխիք թէ աշխարհի խնդիրները մօտ ատենէն պիտի լուծուին։ Հակառակ գիտական ու արուեստագիտական հմտութիւններուն եւ կարգ մը առաջնորդներու անկեղծ ջանքերուն, ներկայ կեանքի լուրջ խնդիրները անլուծելի կը մնան։ Աշխարհի Տնտեսական Ատեանին հիմնադիրը՝ Գլաուս Շուապ, մօտերս նշեց թէ «աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ցանկը հետզհետէ կ’երկարի, իսկ զանոնք լուծելու ժամանակը հետզհետէ կը նուազի»։ Ան ուշադրութեան յանձնեց «ազգային սահմանները չճանչցող վտանգներ, ինչպէս՝ ահաբեկչութիւն, կենսոլորտային քայքայում եւ ելեւմտական անկայունութիւն»։ Ան եզրափակեց. «Ներկայիս որեւէ ժամանակէ աւելի, աշխարհը իրականութիւններ կը դիմագրաւէ, որոնք հաւաքական եւ վճռական քայլեր կը պահանջեն»։ Մինչ ԻԱ. դարը կը յառաջանայ, ապագայի վերաբերեալ մարդկութեան հեռանկարը մռայլ կը մնայ։

10 Որքա՜ն հանգստացուցիչ է գիտնալ թէ Եհովա կարգադրութիւն մը հաստատած է, որ կրնայ մարդկութեան բոլոր խնդիրները լուծել,– Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը։ Անոր միջոցով ճշմարիտ Աստուածը ‘պատերազմները պիտի դադրեցնէ’ եւ «շատ խաղաղութիւն» պիտի բերէ։ (Սաղմոս 46։9. 72։7) Օծեալ Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, ‘հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ աղքատը, խեղճն ու տնանկը’։ (Սաղմոս 72։12-14) Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, այլեւս ուտելիքի պակաս պիտի չըլլայ։ (Սաղմոս 72։16) Եհովա մեր «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։4) Թագաւորութիւնը արդէն երկինքի մէջ հաստատուած է եւ շուտով հարկ եղած քայլերը պիտի առնէ՝ երկրի վրայ եղող ամէն խնդիր լուծելու համար։—Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 11։15

11, 12. (ա) Հաճոյքի հետամուտ ըլլալը մնայուն երջանկութիւն կը բերէ՞. բացատրէ։ (բ) Ի՞նչ բան իսկական երջանկութիւն կը բերէ։

11 Գիտնալ թէ ի՛նչ բան իսկական երջանկութիւն կը բերէ։ Ի՞նչ բան իրապէս երջանկութիւն կը բերէ։ Հոգեբան մը ըսաւ թէ երջանկութիւնը երեք բաղկացուցիչներ ունի,– հաճոյք, զբաղում (ինչպէս՝ գործի ու ընտանիքի վերաբերեալ գործունէութիւններ) եւ իմաստ (ուրիշներու օգուտը փնտռել)։ Ան այս ցանկին մէջ հաճոյքը սեպեց նուազագոյն կարեւորութիւն ունեցող բանը, եւ դիտել տուաւ. «Ասիկա հրատապ լուր մըն է, քանի որ շատեր հաճոյք հետապնդելը իրենց կեանքին առանցքը դարձուցած են»։ Այս ուղղութեամբ ի՞նչ է Աստուածաշունչի տեսակէտը։

12 Վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը ըսաւ. «Իմ սիրտիս մէջ ըսի. ‘Եկո՛ւր հիմա, փորձարկե՛մ քեզ ուրախութեան միջոցով. ուստի վայելէ՛ բարօրութիւնը’։ Սակայն ահա՛ ասիկա՛ ալ ունայնութիւն է։ Ծիծաղին համար ըսի. ‘Խե՛նթ է’, եւ ուրախութեան համար. ‘Ի՞նչ է իր ըրածը’»։ (Ժողովողի 2։1, 2, ԱՎ) Աստուածաշունչի տեսակէտը այն է՝ թէ հաճոյքը ի՛նչ ուրախութիւն ալ հրամցնէ, ժամանակաւոր է։ Ի՞նչ ըսենք գործով զբաղելու մասին։ Մենք ունինք ամենէն իմաստալից գործը,– Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ աշակերտելու գործը։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Աստուածաշունչի փրկութեան պատգամը ուրիշներու ներկայացնելով, կը մասնակցինք գործի մը՝ որ կը փրկէ թէ՛ մեզ, թէ՛ մեզ լսողները։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) «Աստուծոյ գործակից» ըլլալով, փորձառաբար գիտենք որ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Ա. Կորնթացիս 3։9. Գործք 20։35) Այս գործը մեր կեանքին իմաստ կու տայ, իսկ Ստեղծիչին կը հայթայթէ՝ զինք անարգող Բանսարկուի տրուելիք պատասխան մը։ (Առակաց 27։11) Արդարեւ Եհովա մեզի ցոյց տուած է թէ աստուածպաշտութիւնը իսկական ու մնայուն երջանկութիւն կը բերէ։—Ա. Տիմոթէոս 4։8

13. (ա) Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը ի՞նչ կերպով մեզի օրհնութիւն մըն է։ (բ) Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն ի՞նչպէս օգտուած ես։

13 Մարզումի կարեւոր ու ազդու յայտագիր։ Կէրհարտ որպէս երէց կը ծառայէ Եհովայի Վկաներու ժողովքներէն մէկուն մէջ։ Իր պատանեկութիւնը մտաբերելով, ան կ’ըսէ. «Երբ պատանի էի, խօսելու մեծ դժուարութիւն ունէի։ Ճնշումի տակ, չէի կրնար յստակօրէն արտայայտուիլ եւ կը սկսէի կակազել։ Ինքզինքս անարժէք զգացի ու ընկճուեցայ։ Ծնողքս կարգադրեցին որ խօսելու դասընթացքի մը հետեւիմ, բայց անոնց ջանքը արդիւնք չտուաւ։ Խնդիրս հոգեբանական էր եւ ո՛չ թէ ֆիզիքական։ Սակայն Եհովայի կողմէ հոյակապ կարգադրութիւն մը կար,– Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը։ Անոր մէջ ելոյթ ունենալը ինծի քաջութիւն տուաւ։ Ամէն ջանքս թափեցի որ սորվածս գործադրեմ, եւ յաջողութիւն գտայ։ Աւելի սահուն կերպով սկսայ խօսիլ, ընկճուածութիւնս անհետացաւ եւ ծառայութեան մէջ աւելի համարձակ դարձայ։ Ներկայիս նոյնիսկ հանրային դասախօսութիւններ կը ներկայացնեմ։ Իրապէս Եհովայի երախտապարտ եմ, որ այս դպրոցին միջոցով ինծի նոր կեանք մը շնորհեց»։ Ուրախանալու պատճառ մը չէ՞ այն կերպը, որով Եհովա մեզ կը մարզէ իր գործը կատարելու։

14, 15. Նեղութեան ժամանակ, ի՞նչ օգնութիւն իսկոյն մատչելի է. լուսաբանէ՛։

14 Եհովայի հետ անձնական յարաբերութիւն եւ համաշխարհային միացեալ եղբայրութեան կողմէ աջակցութիւն։ Քաթրին, որ Գերմանիոյ մէջ կ’ապրի, մեծապէս վհատեցաւ երբ լսեց հարաւ–արեւելեան Ասիոյ մէջ տեղի ունեցած սոսկալի երկրաշարժին ու անկէ յառաջ եկած ցունամիին մասին, քանի որ իր դուստրը Թայլանտ կը գտնուէր։ Շուրջ 32 ժամ, այս մայրը չէր գիտեր թէ իր աղջիկը ո՞ղջ էր, կամ՝ ժամ առ ժամ աւելցող զոհերէն մէկն էր։ Քաթրին որքա՜ն հանգստացաւ, երբ ի վերջոյ հեռախօսով իմացաւ թէ իր աղջիկը ողջ–առողջ էր։

15 Մտահոգութեան այդ ժամերուն ընթացքին, ի՞նչ բան Քաթրինի օգնեց։ Ան կը գրէ. «Գրեթէ ամբողջ ժամանակը անցուցի Եհովայի աղօթելով։ Կրկին անգամ նկատեցի որ ասիկա որքա՜ն զօրութիւն ու միտքի խաղաղութիւն տուաւ ինծի։ Ասկէ զատ, սիրալիր հոգեւոր եղբայրներ այցելեցին ու զիս քաջալերեցին»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Անոր կացութիւնը որքա՜ն վատ պիտի ըլլար, եթէ այդ տանջալից ժամերը անցընէր առանց Եհովայի աղօթելու օգուտը եւ սիրալիր հոգեւոր եղբայրութեան մխիթարութիւնը վայելելու։ Եհովայի ու իր Որդիին հետ մեր մտերիմ յարաբերութիւնը եւ քրիստոնէական եղբայրութեան հետ մեր սերտ ընկերակցութիւնը, եզական ու թանկագին օրհնութիւն մըն են, որ թեթեւի պէտք չէ առնուի։

16. Փորձառութիւն մը պատմէ, որ յարութեան յոյսին արժէքը կը լուսաբանէ։

16 Սիրելի ննջեցեալները դարձեալ տեսնելու յոյսը։ (Յովհաննու 5։28, 29) Մատթիաս անունով երիտասարդ մը որպէս Եհովայի Վկայ մեծցած էր։ Սակայն իր օրհնութիւնները չգնահատելով, ան քրիստոնէական ժողովքէն հեռացաւ երբ պատանի էր։ Այժմ ան կը գրէ. «Հօրս հետ բնա՛ւ չէի խօսած խորունկ նիւթերու շուրջ։ Տարիներու ընթացքին, բազմաթիւ վիճաբանութիւններ ունեցանք։ Այսուհանդերձ հայրս միշտ լաւագոյն շահերս ի մտի ունէր։ Ան զիս խորապէս կը սիրէր, բայց ես ասոր չանդրադարձայ այդ ատեն։ 1996–ին, անոր անկողնին քով նստելով, ձեռքը բռնելով ու դառնօրէն լալով, իրեն ըսի թէ որքա՜ն կը զղջամ բոլոր ըրածներուս համար եւ թէ զինք շա՜տ կը սիրեմ։ Բայց ան չէր կրնար զիս լսել։ Կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք, ան մահացաւ։ Եթէ հօրս յարութեան ականատես ըլլամ, իրեն հետ բոլորովին տարբեր կերպով պիտի վարուիմ։ Ան վստահաբար ուրախ պիտի ըլլայ որ ես այժմ որպէս երէց ու ռահվիրայ կը ծառայեմ եւ կողակիցս ալ ռահվիրայութեան առանձնաշնորհումը կը վայելէ»։ Յարութեան յոյսը մեզի համար ի՜նչ օրհնութիւն մըն է։

«Անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»

17. Եհովայի օրհնութիւններուն մասին խորհրդածելը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

17 Իր երկնաւոր Հօր մասին, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ»։ (Մատթէոս 5։45) Եթէ Եհովա Աստուած օրհնութիւններ կը տեղացնէ չարերուն ու մեղաւորներուն վրայ, որչա՜փ աւելի՝ անոնց վրայ, որոնք ուղղամտութեամբ կ’ընթանան։ «Տէրը . . . բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն», կ’ըսէ Սաղմոս 84։11–ը։ Զինք սիրողներուն հանդէպ իր ցուցաբերած մասնայատուկ հոգատարութեան մասին խորհրդածելով, մեր սիրտը որքա՜ն երախտագիտութեամբ եւ ուրախութեամբ կը լեցուի։

18. (ա) Ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ թէ Եհովա իր օրհնութեան հետ տրտմութիւն չի խառներ։ (բ) Աստուծոյ հաւատարիմներէն շատեր ինչո՞ւ կը տառապին։

18 «Տէրոջ օրհնութիւնն է» որ իր ժողովուրդին հոգեւոր բարգաւաճութիւն բերած է, եւ մեզի երաշխիք տրուած է թէ «անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։ (Առակաց 10։22) Արդ, Աստուծոյ հաւատարիմներէն շատեր ինչո՞ւ փորձութիւններու կ’ենթարկուին, ցաւ ու տառապանք կրելով։ Երեք գլխաւոր պատճառներով դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու կը հանդիպինք։ (1) Մեր մեղաւոր հակումը։ (Ծննդոց 6։5. 8։21. Յակոբու 1։14, 15) (2) Սատանան ու իր դեւերը։ (Եփեսացիս 6։11, 12) (3) Չար աշխարհը։ (Յովհաննու 15։19) Թէեւ Եհովա կը թոյլատրէ որ գէշ բաներ պատահին մեզի, սակայն ինք չէ անոնց ծագում տուողը։ Իրականութեան մէջ, «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ»։ (Յակոբու 1։17) Եհովայի օրհնութիւնները տքնութիւն չեն պատճառեր։

19. Ի՞նչ կը սպասէ անոնց, որոնք կը շարունակեն ուղղամտութեամբ ընթանալ։

19 Հոգեւոր բարգաւաճութիւնը միշտ կը պարփակէ Աստուծոյ մօտենալ։ Իրեն հետ մտերիմ յարաբերութիւն մշակելով, ‘հանդերձեալին համար մեր անձին բարի հիմ կը դնենք, որպէսզի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգենք’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։12, 17-19) Աստուածակերտ նոր աշխարհին մէջ, մեր հոգեւոր հարստութեան կողքին՝ ֆիզիքական օրհնութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Այն ատեն, բոլոր անոնք որ կը շարունակեն ‘Տէր Աստուծոյ խօսքին հնազանդիլ’, պիտի վայելեն ճշմարիտ կեանքը՝ յաւիտենական կեանքը։ (Բ. Օրինաց 28։2) Ամենայն վճռակամութեամբ, թող ուրախութեամբ շարունակենք ուղղամտութեամբ ընթանալ։

Ի՞նչ սորվեցար

• Ինչո՞ւ խոհեմութիւն չէ ապագայով չափազանց մտազբաղ ըլլալ։

• Ներկայիս ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք։

• Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ինչո՞ւ կը տառապին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]