Սաղմոսներու առաջին հատուածէն աչքառու կէտեր
Եհովայի խօսքը կենդանի է
Սաղմոսներու առաջին հատուածէն աչքառու կէտեր
Ո՞Ր ԽՈՐԱԳԻՐԸ յարմար պիտի ըլլար աստուածաշնչական գիրքի մը, որ մեծաւ մասամբ կը բովանդակէ մեր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ մասին փառաբանութիւններ։ Յարմարագոյն վերնագիրն է՝ Սաղմոսաց գիրքը։ Աստուածաշունչի այս ամենէն երկար գիրքը կը բովանդակէ գեղեցիկ երգեցողութիւններ, որոնք ուշադրութեան կը յանձնեն Աստուծոյ հոյակապ յատկութիւններն ու հզօր արարքները եւ կը ներկայացնեն բազմաթիւ մարգարէութիւններ։ Տաղերգութիւններէն շատեր կ’արտայայտեն յօրինողներուն յուզումները, երբ նեղութիւններ կը քաշէին։ Սաղմոսները շուրջ հազար տարի կը ծածկեն,– Մովսէս մարգարէին օրերէն մինչեւ յետ–աքսորեան ժամանակները։ Գրողներն էին՝ Մովսէս, Դաւիթ թագաւոր եւ ուրիշներ։ Իսկ Եզրաս քահանան գիրքին վերջին դասաւորումը կատարեց։
Հինուց Սաղմոսաց գիրքը հինգ հատուածներու բաժնուած է. (1) Սաղմոս 1-41, (2) Սաղմոս 42-72, (3) Սաղմոս 73-89, (4) Սաղմոս 90-106, եւ (5) Սաղմոս 107-150։ Այս յօդուածը առաջին հատուածը նկատի կ’առնէ, որուն բոլոր սաղմոսները, բացի երեք սաղմոսներէ, կը վերագրուին Իսրայելացի Դաւիթ թագաւորին։ Սաղմոս 1, 10 եւ 33–ը յօրինողները չեն բնորոշուած։
«ԻՄ ԱՍՏՈՒԱԾՍ ԻՄ ՊԱՐԻՍՊՍ Է»
Առաջին սաղմոսը յայտնելէ ետք թէ երանելի է այն մարդը՝ որուն հաճոյքը Եհովայի օրէնքին մէջ է, երկրորդ սաղմոսը ուղղակի կը խօսի Թագաւորութեան մասին։ * Սաղմոսներու այս հաւաքածոյին մեծ մասը Աստուծոյ ուղղուած աղերսանքներ է։ Օրինակ, Սաղմոս 3-5, 7, 12, 13 եւ 17–ն խնդրանքներ են՝ թշնամիներէն ազատուելու համար։ Սաղմոս 8–ը ցցուն կ’ընէ Եհովայի մեծութիւնը եւ մարդուն փոքրութիւնը։
Եհովան նկարագրելով որպէս իր ժողովուրդին Պաշտպանը, Դաւիթ կը տաղերգէ. «Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ»։ (Սաղմոս 18։2) Եհովա կը փառաբանուի Սաղմոս 19–ի մէջ որպէս Ստեղծիչ եւ Օրէնսդիր, Սաղմոս 20–ի մէջ՝ որպէս Փրկիչ եւ Սաղմոս 21–ի մէջ՝ որպէս իր օծեալ Թագաւորին Փրկիչը։ Սաղմոս 23–ը զինք կը նկարագրէ որպէս Մեծ Հովիւը, իսկ Սաղմոս 24–ը՝ որպէս փառաւոր Թագաւորը։
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
2։1, 2—Ազգերը ի՞նչ «պարապ բան» կը խորհրդածեն։ «Պարապ բան»ը մարդկային կառավարութիւններուն յարատեւ հետաքրքրութիւնն է, որ իրենց հեղինակութիւնը յաւերժացնեն։ Անիկա պարապ կը սեպուի, քանի որ անոնց նպատակը ձախողութեան դատապարտուած է։ Ազգերը իրապէս կրնա՞ն յաջողութիւն գտնել, երբ «Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ» դիրք կը բռնեն։
2։7—Ի՞նչ է Եհովայի «հրամանը»։ Այս հրամանը Թագաւորութեան ուխտն է, որ Եհովա իր սիրելի Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ ըրած է։—Ղուկաս 22։28, 29
2։12—Ազգերուն կառավարիչները ի՞նչպէս կրնան ‘որդին համբուրել’։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, համբուրելը բարեկամութեան եւ հաւատարմութեան արտայայտութիւն մըն էր։ Անիկա հիւրերուն բարի գալուստ մաղթելու կերպ մըն էր։ Երկրի թագաւորներուն հրաման կը տրուի որ Որդին համբուրեն, այսինքն՝ զինք ողջունեն որպէս Մեսիական Թագաւորը։
3։մակագրութիւն—Կարգ մը սաղմոսներուն տրուած մակագիրներուն նպատակը ի՞նչ է։ Մակագիրը երբեմն կը բնորոշէ հեղինակը եւ/կամ տեղեկութիւն կու տայ թէ ի՛նչ պարագաներու ներքեւ սաղմոսը յօրինուեցաւ, ինչպէս Սաղմոս 3–ի մակագիրը ցոյց կու տայ։ Մակագրութիւնը նաեւ կը բացատրէ սաղմոսին նպատակը կամ գործածութիւնը (Սաղմոս 11 եւ 38) եւ երաժշտական հրահանգներ կու տայ (Սաղմոս 6, ԱՎ, «նկինօթի [լարաւոր նուագարաններու] վրայ. շեմինիթի [ութ լարով նուագարաններու] վրայ»)։
3։2—«Սէլա» ի՞նչ է։ Ընդհանուր առմամբ կը կարծուի թէ այս բառը կը մատնանշէ կա՛մ միայն երգելու դադար եւ կամ երգելու ու նուագելու դադար, լուռ խորհրդածութեան համար։ Դադարին նպատակն էր՝ արտայայտուած միտքը կամ յուզումը աւելի տպաւորիչ դարձնել։ Սաղմոսներու հանրային ընթերցանութեան ընթացքին, հարկ չկայ այս բառը արտասանելու։
11։3—Ի՞նչ հիմեր կը կործանին։ Անոնք մարդկային ընկերութեան հիմերն են,– օրէնքը, կարգուկանոնը եւ արդարադատութիւնը։ Երբ ասոնք խանգարուին, ընկերային անկարգութիւն կը տիրէ եւ արդարութիւնը կ’անհետանայ։ Այսպիսի կացութեան ներքեւ, «արդարը» լիովին Աստուծոյ պէտք է վստահի։—Սաղմոս 11։4-7
21։3—«Մաքուր ոսկիէ պսակ»ը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։ Անիկա կա՛մ բառացի էր եւ կամ կը խորհրդանշէր այն յաւելեալ փառքը, որ Դաւիթ վայելեց իր բազմաթիւ յաղթանակներուն շնորհիւ։ Միւս կողմէ, այս համարը մարգարէաբար կ’ակնարկէ թագաւորական թագին, որ 1914–ին Յիսուս Եհովայէ ստացաւ։ Թագին զուտ ոսկիէ ըլլալը կը թելադրէ թէ անոր իշխանութիւնը բարձրագոյն որակը ունի։
22։1, 2—Դաւիթ ինչո՞ւ զգաց թէ Եհովա զինք լքած էր։ Դաւիթ իր թշնամիներուն կողմէ ա՛յնքան սաստիկ ճնշումի ներքեւ էր, որ իր ‘սիրտը մոմի պէս եղաւ ու հալեցաւ իր փորին մէջ’։ (Սաղմոս 22։14) Թերեւս իրեն թուեցաւ որ Եհովա զինք լքած էր։ Երբ Յիսուս ցցահարուեցաւ, ինք ալ այդպէս զգաց։ (Մատթէոս 27։46) Դաւիթի խօսքերը կ’արտացոլացնեն իր մարդկային հակազդեցութիւնը իր անյոյս կացութեան։ Սակայն Սաղմոս 22։16-21–ի մէջ արձանագրուած իր աղօթքը բացայայտ կը դարձնէ թէ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը չկորսնցուց։
Դասեր՝ մեզի համար.
1։1. Եհովան չսիրողներուն հետ ընկերակցելէ պէտք է խուսափինք։—Ա. Կորնթացիս 15։33
1։2. Թոյլ պէտք չէ տանք որ օր մը իսկ անցնի՝ առանց հոգեւոր նիւթեր նկատի առնելու։—Մատթէոս 4։4
4։4. Երբ բարկանանք կամ զայրանանք, խոհեմութիւն է մեր լեզուն զսպել, որպէսզի չըսենք բան մը՝ որուն համար հետագային զղջանք։—Եփեսացիս 4։26
4։5. Մեր հոգեւոր զոհերը «արդարութեան զոհեր» են, միայն եթէ շիտակ շարժառիթով մատուցուին եւ մեր վարքը Եհովայի պահանջներուն գոհացում տայ։
6։5. Ասկէ աւելի լաւ պատճառ մը կա՞յ, որ ուզենք ողջ մնալ։—Սաղմոս 115։17
9։12. Եհովա արիւնահեղութիւնը կ’որոնէ, որպէսզի արիւնապարտները պատժէ, բայց «նեղեալներուն աղաղակը» կը յիշէ։
15։2, 3. 24։3-5. Ճշմարիտ երկրպագուները ճշմարտախօս պէտք է ըլլան, խաբէութեամբ երդում չընեն եւ զրպարտութենէ խուսափին։
15։4. Մեր ամէն կարելին պէտք է ընենք որ մեր խոստումը կատարենք, նոյնիսկ եթէ ասիկա ընելը շատ դժուար է, բացի եթէ անդրադառնանք որ անաստուածաշնչական խոստում մը տուած ենք։
15։5. Եհովայի երկրպագուները ըլլալով, դրամի սխալ գործածութենէն պէտք է զգուշանանք։
17։14, 15. ‘Աշխարհի մարդիկը’ կը ջանան բարձր կենսամակարդակ մը ունենալ, զաւակներ մեծցնել ու ժառանգ մը թողուլ։ Դաւիթի գլխաւոր հետաքրքրութիւնն էր՝ Աստուծոյ քով բարի անուն վաստկիլ, որպէսզի ‘Իր երեսը տեսնէր’, կամ՝ Եհովայի հաճութիւնը վայելէր։ ‘Արթննալով’ կամ ուշադրութիւն ընծայելով Եհովայի խոստումներուն ու երաշխիքներուն, Դաւիթ ‘անոր կերպարանքէն պիտի կշտանար’, այսինքն՝ պիտի ուրախանար Եհովայի ներկայութեամբ իրեն հետ։ Դաւիթի նման, հոգեւոր գանձերու վրայ պէտք չէ՞ կեդրոնանանք։
19։1-6. Եթէ անխօս ու անբան ստեղծագործութիւնը Եհովայի փառք կու տայ, մենք որ կրնանք մտածել, խօսիլ եւ պաշտել, ա՛լ աւելի զինք պէտք չէ՞ փառաւորենք։—Յայտնութիւն 4։10
19։7-11. Եհովայի պահանջները որքա՜ն մեզի կ’օգտեն։
19։12, 13. Սխալանքները եւ յաւակնոտ արարքները մեղքեր են, որոնցմէ պէտք է զգուշանանք։
19։14. Ուշադիր պէտք է ըլլանք ո՛չ միայն թէ ի՛նչ կ’ընենք, այլեւ՝ թէ ի՛նչ կ’ըսենք ու կը մտածենք։
«ԶԻՍ ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԵԱՆՍ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՀԵՍ»
Սաղմոս 25 եւ 26–ի մէջ, Դաւիթ իր ուղղամտութիւնը պահելու սրտագին փափաք ու զօրաւոր վճռակամութիւն կը յայտնէ։ «Ես պարկեշտութեամբս պիտի ընթանամ», կը տաղերգէ ան։ (Սաղմոս 26։11, ԱՎ) Մեղքերու թողութեան համար իր մատուցանած աղօթքին մէջ, ան կը խոստովանի. «Երբ լուռ կեցայ, ոսկորներս մաշեցան ամբողջ օրը աղաղակելէս»։ (Սաղմոս 32։3, ԱՎ) Եհովայի հաւատարիմներուն, ան սա երաշխիքը կու տայ. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին»։—Սաղմոս 34։15
Սաղմոս 37–ի մէջ տրուած խրատները որքա՜ն արժէքաւոր էին Իսրայելացիներուն համար։ Անոնք մեզի համար ալ անգին են, մինչ իրերու այս դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Մարգարէաբար Յիսուս Քրիստոսի մասին խօսելով, Սաղմոս 40։7, 8–ը կ’ըսէ. «Ահա կու գամ ես. գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է, ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։ Այս հաւաքածոյին վերջին սաղմոսին մէջ, Դաւիթ կը խնդրէ Եհովայի օգնութիւնը խռովալից ժամանակներու ընթացքին, Բերսաբէի հետ մեղք գործելէ ետք։ Ան կը տաղերգէ. «Զիս պարկեշտութեանս մէջ կը պահես»։—Սաղմոս 41։12, ԱՎ
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
26։6—Դաւիթի նման, ի՞նչպէս Եհովայի զոհասեղանին շուրջ այլաբանօրէն կը պտըտինք։ Զոհասեղանը կը ներկայացնէ Եհովայի կամքը որ ընդունի Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհը՝ մարդկութիւնը փրկելու համար։ (Եբրայեցիս 8։5. 10։5-10) Եհովայի զոհասեղանին շուրջ կը պտըտինք, այդ զոհագործութեան հաւատք ընծայելով։
29։3-9—Եհովայի ձայնը երկիւղազդու որոտամրրիկի նմանցնելը ի՞նչ բան կը նկարագրէ։ Եհովայի ահարկու զօրութիւնը։
31։23—Ամբարտաւանը ի՞նչպէս առատօրէն կը հատուցանուի։ Այս համարին մէջ նշուած հատուցումը պատիժ է։ Արդարը իր չկանխամտածուած սխալներուն համար կը հատուցանուի՝ Եհովայի կողմէ կրթութիւն ստանալով։ Քանի որ ամբարտաւանը իր սխալ ընթացքէն ետ չի դառնար, առատօրէն կը հատուցանուի՝ խիստ պատիժի ենթարկուելով։—Առակաց 11։31. Ա. Պետրոս 4։18
33։6—Եհովայի բերանին «հոգին» ի՞նչ է։ Այս հոգին Աստուծոյ գործօն ոյժը կամ սուրբ հոգին է, զոր գործածեց տիեզերքը ստեղծելու համար։ (Ծննդոց 1։1, 2) Անիկա իր բերանին հոգին կոչուած է, քանի որ զօրաւոր շունչի մը պէս կրնայ հեռաւոր տեղ մը ուղարկուիլ, որոշ բաներ իրագործելու համար։
35։19—Ի՞նչ կը նշանակէ Դաւիթի խնդրանքը որ զինք ատողները «աչքով նշան թող չընեն»։ Աչքով նշան ընելը ցոյց պիտի տար թէ Դաւիթի թշնամիները իրենց չարամիտ ծրագիրներուն յաջողութենէն հաճոյք կը ստանային։ Դաւիթ խնդրեց որ ասիկա տեղի չունենայ։
Դասեր՝ մեզի համար.
26։4. Իմաստութիւն է չընկերակցիլ անոնց հետ, որոնք ցանցազրոյցի սենեակի մէջ իրենց ինքնութիւնը կը ծածկեն, որոնք դպրոցի կամ գործատեղի մէջ նենգամիտ պատճառներով կը ձեւացնեն մեր բարեկամները ըլլալ, որոնք անկեղծութեան դիմակ դրած հաւատուրացներ են եւ որոնք կրկնակի կեանք կը վարեն։
26։7, 12. 35։18. 40։9. Քրիստոնէական ժողովներուն մէջ հանրապէս Եհովան պէտք է փառաբանենք։
26։8. 27։4. Կը սիրե՞նք քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։
26։11. Երբ իր ուղղամտութիւնը պահելու իր վճռակամութիւնը արտայայտեց, Դաւիթ նաեւ փրկուելու նկատմամբ խնդրանք ներկայացուց։ Այո, հակառակ մեր անկատարութեան, կրնա՛նք մեր ուղղամտութիւնը պահել։
29։10. «Ջրհեղեղին» վրայ նստելով, Եհովա ցոյց կու տայ թէ իր զօրութիւնը լիովին իր հակակշռին տակ է։
30։5. Եհովայի տիրական յատկութիւնը սէրն է, եւ ո՛չ թէ բարկութիւնը։
32։9. Եհովա չ’ուզեր որ ջորիի կամ իշու պէս ըլլանք, որ սանձի կամ խարազանի պատճառով կը հնազանդի։ Ան կ’ուզէ որ ընտրենք իրեն հնազանդիլ, իր կամքը ըմբռնելով։
33։17-19. Մարդակերտ ո՛չ մէկ դրութիւն, որքա՛ն ալ զօրաւոր ըլլայ, կրնայ փրկութիւն բերել։ Եհովայի ու իր Թագաւորութեան կարգադրութեան պէտք է վստահինք։
34։10. Ասիկա ի՜նչ երաշխիք մըն է անոնց, որոնք Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնեն։
39։1, 2. Երբ չարագործները ուզեն տեղեկութիւններ ձեռք ձգել՝ մեր հաւատակիցներուն վնաս հասցնելու համար, խոհեմութիւն է ‘մեր բերանը բերանակապով պահպանել’ ու լուռ մնալ։
40։1, 2. Եհովայի յուսալը կրնայ մեզի օգնել ընկճուածութեան հետ գլուխ ելլելու եւ «կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն» դուրս գալու։
40։5, 12. Աղէտները եւ անձնական թերութիւնները որքա՛ն ալ շատ ըլլան, մեզ պիտի չծանրաբեռնեն, եթէ չանտեսենք այն իրողութիւնը թէ մեր օրհնութիւնները «համրանքէն աւելի շատ են»։
‘Օրհնեա՛լ ըլլայ Եհովան’
Առաջին հատուածի 41 սաղմոսները որքա՜ն մխիթարական ու քաջալերական են։ Երբ փորձութիւններէ տառապինք կամ մեր խիղճը մեզ տանջէ, կրնանք Աստուծոյ զօրեղ Խօսքին այս բաժինէն ոյժ եւ քաջալերանք ստանալ։ (Եբրայեցիս 4։12) Այս սաղմոսները ապրելակերպի վերաբերեալ վստահելի ուղղութիւն կը հայթայթեն։ Կրկին անգամ մեզի հաւաստիք կը տրուի թէ ի՛նչ դժուարութիւններու ալ հանդիպինք, Եհովա մեզ պիտի չլքէ։
Սաղմոսներու առաջին հատուածը սա խօսքերով վերջ կը գտնէ. «Օրհնեա՛լ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն ու ամէն»։ (Սաղմոս 41։13) Զանոնք նկատի առնելէ ետք, չե՞նք մղուիր Եհովան փառաբանելու։
[Ստորանիշ]
[Մէջբերում՝ էջ 11]
Եթէ անկենդան ստեղծագործութիւնը Եհովայի փառք կու տայ, որքա՜ն աւելի մե՛նք պէտք է փառաւորենք զինք
[Նկար՝ էջ 9]
Առաջին 41 սաղմոսներուն մեծամասնութիւնը Դաւիթ յօրինեց
[Նկար՝ էջ 10]
Գիտե՞ս թէ ո՛ր սաղմոսը կը նկարագրէ Եհովան որպէս Մեծ Հովիւը
[Նկար՝ էջ 12]
Թոյլ մի՛ տար որ օր մը անցնի, առանց հոգեւոր նիւթեր նկատի առնելու
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 9]
Stars: Courtesy United States Naval Observatory
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 11]
Stars, pages 10 and 11: Courtesy United States Naval Observatory
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 12]
Stars: Courtesy United States Naval Observatory