Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վերապրումի համար պատրա՞ստ ես

Վերապրումի համար պատրա՞ստ ես

Վերապրումի համար պատրա՞ստ ես

«Դուն քու բոլոր տունովդ տապանը մտիր, վասն զի այս դարուն մարդոց մէջ քեզ իմ առջեւս արդար տեսայ»։—ԾՆՆԴՈՑ 7։1

1. Նոյի օրերուն, վերապրումի համար Եհովա ի՞նչ կարգադրութիւն ըրաւ։

ՆՈՅԻ օրերուն, Եհովա ‘ամբարիշտներու աշխարհին վրայ ջրհեղեղը բերաւ’, բայց նաեւ վերապրումի համար կարգադրութիւն ըրաւ։ (Բ. Պետրոս 2։5) Ճշմարիտ Աստուածը արդար Նոյի տուաւ տապան մը շինելու վերաբերեալ մանրամասն հրահանգներ, աշխարհածաւալ ջրհեղեղէ մը վերապրելու համար։ (Ծննդոց 6։14-16) Ինչպէս Եհովայի խղճամիտ ծառայէ մը պիտի ակնկալէինք, «Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս»։ Մենք այսօր ողջ ենք, մասամբ՝ Նոյի հնազանդութեան շնորհիւ։—Ծննդոց 6։22

2, 3. (ա) Նոյի ժամանակակիցները անոր գործունէութեան ի՞նչպէս հակազդեցին։ (բ) Նոյ ի՞նչ վստահութեամբ տապանը մտաւ։

2 Տապանի կառուցումը դիւրին գործ մը չէր։ Շատ հաւանաբար, շատեր Նոյի ու իր ընտանիքին կատարած աշխատանքին վրայ հիացան, բայց չհամոզուեցան թէ իրենց փրկութիւնը տապանը մտնելէն կախեալ էր։ Ի վերջոյ, այդ չար աշխարհին հանդէպ Աստուծոյ համբերութիւնը հատաւ։—Ծննդոց 6։3. Ա. Պետրոս 3։20

3 Նոյ եւ իր ընտանիքը տասնամեակներ անխոնջօրէն աշխատելէ ետք, Եհովա Նոյի ըսաւ. «Դուն քու բոլոր տունովդ տապանը մտիր, վասն զի այս դարուն մարդոց մէջ քեզ իմ առջեւս արդար տեսայ»։ Եհովայի խօսքին հաւատալով ու վստահելով, ‘Նոյ, իր որդիները, իր կինն ու իր որդիներուն կիները տապանը մտան’։ Եհովա դուռը գոցեց՝ իր երկրպագուները պաշտպանելու համար։ Երբ երկրի վրայ Ջրհեղեղը եկաւ, տապանը փաստեց վերապրումի համար Աստուծոյ վստահելի կարգադրութիւնը ըլլալ։—Ծննդոց 7։1, 7, 10, 16

Նոյի օրուան արդի զուգահեռներ

4, 5. (ա) Յիսուս իր ներկայութեան ժամանակը ի՞նչ բանի հետ համեմատեց։ (բ) Նոյի օրուան արդի զուգահեռները ի՞նչ են։

4 «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։37) Այս խօսքով Յիսուս նշեց թէ իր անտեսանելի ներկայութեան ժամանակը Նոյի օրերուն նման պիտի ըլլար, եւ այդպէս ալ եղած է։ Մանաւանդ 1919–էն ի վեր, բոլոր ազգերէն մարդոց յայտարարուած է ազդարարական պատգամ մը, որ Նոյի տուած պատգամին նման է, եւ ընդհանուր առմամբ, անոնք նոյն կերպով ալ հակազդած են։

5 Ջրհեղեղին միջոցով, Եհովա ‘բռնութեամբ լեցուած’ աշխարհին դէմ քայլ առաւ։ (Ծննդոց 6։13, ԱՎ) Դիտողներուն բացայայտ էր թէ Նոյ ու իր ընտանիքը այդ բռնութեան մէջ բաժին չբերին, այլ՝ խաղաղօրէն տապանի կառուցումով զբաղեցան։ Ասիկա ալ արդի զուգահեռ մը ունի։ Այժմ անկեղծ մարդիկ կրնան «արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը» տեսնել։ (Մաղաքեայ 3։18) Անաչառ դիտողները կը հիանան Եհովայի Վկաներուն ցուցաբերած պարկեշտութեան, քաղցրութեան, խաղաղասիրութեան ու ժրաջանութեան վրայ, որոնցմով Աստուծոյ ժողովուրդը կը զանազանուի ընդհանուր աշխարհէն։ Վկաները ամէն տեսակ բռնութիւն կը մերժեն եւ թոյլ կու տան Եհովայի հոգիին որ զիրենք առաջնորդէ։ Ատոր համար անոնք խաղաղութիւն կը վայելեն ու արդարութեան հետամուտ կ’ըլլան։—Եսայեայ 60։17

6, 7. (ա) Նոյի ժամանակակիցները ի՞նչ բանի չանդրադարձան, իսկ ներկայիս ի՞նչպէս պարագան համանման է։ (բ) Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան Եհովայի Վկաներուն տարբեր ըլլալը։

6 Նոյի ժամանակակիցները չանդրադարձան թէ Նոյ աստուածային զօրակցութիւն կը վայելէր եւ Աստուծոյ ուղղութեան համաձայն կը գործէր։ Ուստի անոնք անոր քարոզչութիւնը լուրջի չառին եւ իր ազդարարական պատգամին ականջ չկախեցին։ Իսկ այսօր, թէեւ շատեր Եհովայի Վկաներու գործունէութեամբ ու վարքով կը տպաւորուին, սակայն մեծամասնութիւնը բարի լուրը եւ Աստուածաշունչի ազդարարութիւնները լուրջի չ’առներ։ Կարգ մը դրացիներ, գործատէրեր կամ ազգականներ, ճշմարիտ Քրիստոնեաներու ընտիր յատկութիւնները կը գովեն, ապա տխրագին կ’ըսեն. «Երանի՜ թէ Եհովայի Վկաներ չըլլային»։ Այս դիտորդները կ’անտեսեն այն իրողութիւնը թէ Վկաները կը ցուցաբերեն սէր, խաղաղութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն եւ նման յատկութիւններ, քանի որ Աստուծոյ սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուին։ (Գաղատացիս 5։22-25) Ասիկա անոնց պատգամին վարկը պէտք է հաստատէ։

7 Օրինակ, Ռուսաստանի մէջ, Եհովայի Վկաները Թագաւորութեան Սրահ մը կը կառուցանէին։ Մարդ մը կանգ առնելով՝ աշխատողներէն մէկուն ըսաւ. «Այս շինարարութեան վայրը սովորական չէ,– ո՛չ ոք կը ծխէ կամ կը հայհոյէ, եւ բոլորն ալ զգաստ են։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովայի Վկայ մըն ես»։ Աշխատաւորը անոր հարցուց. «Եթէ ըսեմ՝ ո՛չ, պիտի հաւատա՞ս»։ Մարդը անմիջապէս պատասխանեց. «Ո՛չ»։ Ռուսաստանի այլ քաղաքի մը մէջ, քաղաքապետը մեծապէս տպաւորուեցաւ երբ տեսաւ թէ Վկաները ի՛նչպէս իրենց նոր Թագաւորութեան Սրահը կը կառուցանեն։ Ան ըսաւ որ բոլոր կրօնական խումբերը իրարու նման կը սեպէր, բայց Եհովայի Վկաներու անձնուրացութիւնը տեսնելէ ետք, իր տեսակէտը փոխեց։ Ասոնք միայն երկու օրինակներ են, որոնք կը յայտնեն թէ Եհովայի ժողովուրդը տարբեր է անոնցմէ, որոնք աստուածաշնչական չափանիշներուն չեն յարիր։

8. Այս չար աշխարհի վախճանէն մեր վերապրումը ի՞նչ բանէ կախեալ է։

8 Ջրհեղեղով վերջ գտած «առաջուան աշխարհին» վերջին ժամանակաշրջանին, Նոյ «արդարութեան [հաւատարիմ] քարոզիչ» մըն էր։ (Բ. Պետրոս 2։5) Իրերու ներկայ դրութեան այս վերջին օրերուն, Եհովայի ծառաները իր արդար չափանիշները կը ճանչցնեն եւ կ’աւետեն թէ կարելի է վերապրիլ ու նոր աշխարհը մտնել։ (Բ. Պետրոս 3։9-13) Ինչպէս Նոյ ու իր աստուածավախ ընտանիքը ողջ մնացին տապանի՛ն միջոցով, նոյնպէս այսօր անհատին վերապրումը կախեալ է իր հաւատքէն եւ Եհովայի տիեզերական կազմակերպութեան երկրային մասին հետ հաւատարմաբար ընկերակցելէն։

Վերապրումի համար հաւատք կը պահանջուի

9, 10. Ինչո՞ւ հաւատքը էական է, եթէ կ’ուզենք Սատանայի իրերու դրութեան վախճանէն վերապրիլ։

9 Սատանայի ենթակայ աշխարհին մօտալուտ կործանումէն վերապրելու համար, անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Ան նա՛խ պէտք է գիտակցի թէ պաշտպանուելու կարիք ունի, ապա օգտագործէ այդ պաշտպանութիւնը։ Նոյի ժամանակակիցները սովորական կերպով իրենց առօրեայ կեանքով զբաղեցան եւ մօտահաս աղէտէն պաշտպանուելու կարիքը չտեսան։ Անոնք բան մը եւս չունէին,– Աստուծոյ հանդէպ հաւատք։

10 Միւս կողմէ, Նոյ ու իր ընտանիքը պաշտպանուելու եւ ազատուելու իրենց կարիքը զատորոշեցին։ Անոնք նաեւ Տիեզերքի Գերիշխանին՝ Եհովա Աստուծոյ հաւատացին։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Առանց հաւատքի անկարելի է հաճելի ըլլալ Աստուծոյ. որովհետեւ ա՛ն՝ որ կը մօտենայ Աստուծոյ, պէտք է հաւատայ թէ Աստուած կայ, եւ կը վարձատրէ անոնք՝ որ կը փնտռեն զինք»։ Պօղոս աւելցուց. «Հաւատքո՛վ Նոյ, պատգամ ստանալով Աստուծմէ՝ տակաւին անտեսանելի բաներու մասին, երկիւղածութեամբ կերտեց տապան մը՝ իր ընտանիքին փրկութեան համար, որով դատապարտեց աշխարհը եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեան՝ որ կ’ըլլայ հաւատքով»։—Եբրայեցիս 11։6, 7, ԱՎ

11. Ի՞նչ կը սորվինք երբ նկատի կ’առնենք թէ անցեալին ի՛նչպէս Եհովա պաշտպանութիւն հայթայթեց։

11 Իրերու ներկայ չար դրութեան վախճանէն վերապրելու համար, բաւարար չէ համոզուիլ թէ անոր կործանումը ստոյգ է։ Պէտք է հաւատք ի գործ դնենք, լիովին օգտագործելով Աստուծոյ վերապրումի կարգադրութիւնները։ Անշուշտ Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին պէտք է հաւատք ընծայենք։ (Յովհաննու 3։16, 36) Սակայն չմոռնանք թէ մի՛այն Նոյի տապանին մէջ եղողները Ջրհեղեղէն վերապրեցան։ Նմանապէս վաղեմի Իսրայէլի մէջ ապաստանի քաղաքները կը պաշտպանէին՝ սխալմամբ անձ մը սպաննողը, մի՛այն եթէ հոն փախչէր եւ քաղաքին մէջ մնար մինչեւ քահանայապետին մահը։ (Թուոց 35։11-32) Մովսէսի օրերուն, երբ Եգիպտոսի վրայ տասներորդ պատուհասը եկաւ, Եգիպտացիներուն անդրանիկները սպաննուեցան, բայց Իսրայելացիներուն անդրանիկները խնայուեցան։ Ինչո՞ւ։ Եհովա Մովսէսի հրահանգած էր. «[Իսրայելացիները Պասեքի գառնուկին] արիւնէն առնեն ու տուներուն երկու կողմի դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսեն, ուր զանիկա պիտի ուտեն։ . . . Մինչեւ առտու ձեզմէ մէ՛կը իր տանը դռնէն դուրս թող չելլէ»։ (Ելից 12։7, 22) Ո՞ր Իսրայելացի անդրանիկը պիտի համարձակէր այս աստուածատուր հրահանգները անտեսել ու ելլել այն տունէն, որուն երկու դրանդիներուն եւ վերի սեմին վրայ արիւն քսուած էր։

12. Իւրաքանչիւրս մենք մեզի ի՞նչ հարցում պէտք է ուղղենք եւ ինչո՞ւ։

12 Հետեւաբար մեր անձնական կացութեան մասին ուշադրութեամբ մտածելու պատճառ ունինք։ Իրապէս կը գտնուի՞նք Եհովայի հոգեւոր պաշտպանութեան կարգադրութեան մէջ։ Երբ մեծ նեղութիւնը հարուածէ, այդ պաշտպանութենէն օգտուողներուն աչքերէն ուրախութեան եւ երախտագիտութեան արցունքներ պիտի հոսին, իսկ ուրիշներու աչքերէն՝ միայն վշտի ու ափսոսանքի արցունքներ։

Յառաջդիմական ճշդումները մեզ կը պատրաստեն

13. (ա) Կազմակերպչական ճշդումները ի՞նչ նպատակի ծառայած են։ (բ) Աստիճանաբար ի՞նչ ճշդումներ տեղի ունեցած են։

13 Եհովա իր կազմակերպութեան երկրային մասին մէջ աստիճանաբար ճշդումներ ըրած է։ Ասոնք մեր հոգեւոր պաշտպանութեան համար իր ըրած կարգադրութիւնը գեղեցկացնելու, կայունացնելու եւ զօրացնելու ծառայած են։ 1870–ական թուականներէն մինչեւ 1932, երէցներն ու սարկաւագները ժողովքի անդամներուն քուէարկութեամբ կ’ընտրուէին։ 1932–ին, ընտրուած երէցները փոխարինուեցան ծառայութեան յանձնախումբով, որ ժողովքը կ’ընտրէր որպէս օգնական՝ նշանակուած ծառայութեան տեսուչին։ 1938–ին, ժողովքի բոլոր ծառաները սկսան աստուածպետականօրէն նշանակուիլ։ 1972–էն ի վեր, Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին ուղղութեան ներքեւ, տեսուչներ ու օգնական ծառաներ կը յանձնարարուին, ապա ժողովքը կը ստանայ նամակ մը որ զիրենք աստուածպետականօրէն կը նշանակէ։ Տարիներու ընթացքին, Կառավարիչ Մարմինին խաղցած դերը աւելցած է եւ անոր գործունէութիւնը դիւրացնելու համար փոփոխութիւններ եղած են։

14. 1959–ին՝ մարզումի ի՞նչ յայտագիր սկսաւ։

14 1950–ին, Սաղմոս 45։16–ի խոր քննարկումը ճամբան հարթեց մարզումի շարունակական յայտագրի մը։ Համարը կ’ըսէ. «Քու հայրերուդ տեղը որդիներդ պիտի ըլլան. բոլոր երկրի մէջ իշխաններ պիտի ընես զանոնք»։ Այժմ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնող երէցները կը մարզուին ներկայ եւ Արմագեդոնէ ետք եղող աստուածպետական պարտականութիւններու համար։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) 1959–ին, Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոցը սկսաւ, մէկ ամիս մարզում հայթայթելով գլխաւորաբար ժողովքի ծառային (այսինքն՝ վերակացու տեսուչին)։ Իսկ ներկայիս այս դպրոցը ցուցմունքներ կը ներկայացնէ բոլոր տեսուչներուն եւ օգնական ծառաներուն։ Այս եղբայրներն ալ իրենց կարգին կը մարզեն իրենց ժողովքի անդամները։ Այսպէս բոլորին հոգեւոր օգնութիւն կը տրուի, բարելաւելու համար իրենց ծառայութեան ազդուութիւնը որպէս Թագաւորութեան բարի լուրի հրատարակիչներ։—Մարկոս 13։10

15. Ի՞նչ երկու կերպերով քրիստոնէական ժողովքին մաքրութիւնը կը պահպանուի։

15 Քրիստոնէական ժողովքին մաս կազմել ուզող անհատները որոշ պահանջներու գոհացում պէտք է տան։ Տրամաբանական է որ մերօրեայ ծաղրողները դուրս մնան, ինչպէս իրենց նմանները Նոյի տապանին մէջ տեղ չունեցան։ (Բ. Պետրոս 3։3-7) Յատկապէս 1952–էն ի վեր, Եհովայի Վկաները թիկունք կանգնած են այն կարգադրութեան, որ ժողովքը կը պաշտպանէ,– այսինքն՝ անզեղջ մեղաւորները վտարել։ Անշուշտ, իրապէս զղջահար յանցագործներուն սիրալիր օգնութիւն կը տրուի որ ‘շիտակ ճամբաներ փնտռեն իրենց ոտքերուն համար’։—Եբրայեցիս 12։12, 13. Առակաց 28։13. Գաղատացիս 6։1

16. Եհովայի ժողովուրդին հոգեւոր վիճակը ի՞նչպէս է։

16 Եհովայի ժողովուրդին հոգեւոր բարգաւաճութիւնը ո՛չ անակնկալ մըն է, ո՛չ ալ՝ դիպուած։ Եսայի մարգարէին միջոցով, Եհովա ըսաւ. «Ահա իմ ծառաներս պիտի ուտեն, բայց դուք անօթի պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն, բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, բայց դուք պիտի ամչնաք։ Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան, բայց դուք սրտի ցաւէ պիտի աղաղակէք եւ հոգիի ճնշումէ պիտի ոռնաք»։ (Եսայեայ 65։13, 14) Եհովա կը շարունակէ մեզ հոգեւորապէս զօրաւոր պահող՝ ժամանակայարմար ու առողջարար ճոխ հոգեւոր սնունդ հայթայթել։—Մատթէոս 24։45

Վերապրումի համար պատրա՛ստ եղիր

17. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ վերապրումի համար պատրաստուինք։

17 Որեւէ ժամանակէ աւելի, հիմա՛ «հոգածու ըլլանք իրարու հանդէպ, սիրոյ եւ բարի գործերու մղելով իրար։ Բնաւ չդադրինք պաշտամունքի հաւաքոյթներուն մասնակցելէ, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ըրեր են. ընդհակառակը, այդ ուղղութեամբ աւելի եւս յորդորենք իրար»։ (Եբրայեցիս 10։23-25, Անթիլիաս) Եհովայի Վկաներու աւելի քան 98,000 ժողովքներէն մէկուն հետ սերտօրէն ընկերակցիլը եւ գործունեայ մնալը, մեզ վերապրումի համար պիտի պատրաստէ։ Հաւատակիցները մեզի պիտի աջակցին, մինչ կը ջանանք «նոր մարդը» դրսեւորել եւ սրտանց ուրիշներուն օգնել, որ փրկութեան համար Եհովայի կարգադրութեան մասին սորվին։—Եփեսացիս 4։22-24. Կողոսացիս 3։9, 10. Ա. Տիմոթէոս 4։16

18. Ինչո՞ւ վճռած ես քրիստոնէական ժողովքին մօտիկ մնալ։

18 Սատանան ու իր չար աշխարհը խորապէս կը փափաքին մեզ քրիստոնէական ժողովքէն հեռացնել։ Սակայն կրնա՛նք ժողովքին մէջ մնալ եւ իրերու այս չար դրութեան վախճանէն վերապրիլ։ Թող Եհովայի հանդէպ սէրը եւ իր սիրալիր հայթայթումներուն հանդէպ երախտագիտութիւնը մեզ մղեն որ որեւէ ժամանակէ աւելի վճռենք Սատանայի ջանքերը ի դերեւ հանել։ Մեր ներկայ օրհնութիւններուն մասին խոկալը պիտի զօրացնէ մեր վճռակամութիւնը։ Յաջորդ յօդուածին մէջ այս օրհնութիւններէն ոմանք նկատի պիտի առնենք։

Ի՞նչ են պատասխաններդ

• Մեր ժամանակները ի՞նչպէս նման են Նոյի օրերուն։

• Վերապրումի համար ո՞ր յատկութիւնը էական է։

• Ի՞նչ յառաջդիմական ճշդումներ զօրացուցած են մեր պաշտպանութեան համար Եհովայի ըրած կարգադրութիւնը։

• Ի՞նչպէս կրնանք վերապրումի համար անձամբ պատրաստուիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 5]

Հիմա է ժամանակը քրիստոնէական ժողովքին մօտիկ մնալու

[Նկար՝ էջ 6]

Նոյի ժամանակակիցները իրեն ականջ չկախեցին

[Նկար՝ էջ 7]

Աստուծոյ ազդարարական պատգամները լուրջի առնելը վարձահատոյց է

[Նկար՝ էջ 8]

Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոցը ի՞նչ նպատակի կը ծառայէ