Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնք Աստուծոյ ընտրեալ ազգին մէջ ծնան

Անոնք Աստուծոյ ընտրեալ ազգին մէջ ծնան

Անոնք Աստուծոյ ընտրեալ ազգին մէջ ծնան

‘Քու Տէր Աստուածդ քեզ ընտրեց, որպէս զի անոր ժողովուրդ ըլլաս’։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 7։6

1, 2. Եհովա իր ժողովուրդին ի նպաստ ի՞նչ հզօր արարքներ գործեց, եւ Իսրայելացիները Աստուծոյ հետ ինչպիսի՞ յարաբերութեան մը մէջ մտան։

ԵՀՈՎԱ Հ.Դ.Ա. 1513–ին, իր երկրային ծառաները իրեն հետ նոր յարաբերութիւն մը մէջ բերաւ։ Այդ տարին, ան աշխարհակալ ոյժ մը նուաստացուց ու Իսրայելացիները ստրկութենէ ազատագրեց, անոնց Փրկիչն ու Սեփականատէրը դառնալով։ Այս քայլը առնելէ առաջ, Աստուած Մովսէսի ըսաւ. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ե՛ս եմ Եհովան. ե՛ս պիտի հանեմ ձեզ Եգիպտացիներու բռնի աշխատանքներուն տակէն, պիտի ազատեմ ձեզ անոնց ստրկութենէն, ու պիտի փրկեմ ձեզ երկարած բազուկով եւ մեծ դատաստաններով։ Ձեզ պիտի առնեմ իբր ի՛մ ժողովուրդս. ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ’»։—Ելից 6։6, 7, ԱՎ. 15։1-7, 11

2 Եգիպտոսէ դուրս ելլելէն քիչ ետք, Իսրայելացիները իրենց Եհովա Աստուծոյն հետ ուխտեալ յարաբերութեան մը մէջ մտան։ Փոխանակ անհատներու, ընտանիքներու կամ տոհմերու հետ գործառնութիւններ ունենալու, այսուհետեւ Եհովա երկրի վրայ պիտի ունենար կազմակերպուած ժողովուրդ մը՝ ազգ մը։ (Ելից 19։5, 6. 24։7) Ան իր ժողովուրդին տուաւ օրէնքներ, որոնք կառավարեցին անոնց առօրեայ կեանքը եւ աւելի կարեւորը՝ անոնց պաշտամունքը։ Մովսէս անոնց ըսաւ. «Ո՞ր մեծ ազգին աստուածները իրեն այնքան մօտ են, որքան մեր Աստուածը՝ Եհովան մեզի մօտ է, երբ ամէն բանի համար զինք կը կանչենք. եւ ո՞ր մեծ ազգը արդար կանոններ ու դատավճիռներ ունի այս ամբողջ Օրէնքին նման, որ այսօր ձեր առջեւ կը դնեմ»։—Բ. Օրինաց 4։7, 8, ԱՎ

Վկաներէ բաղկացած ազգի մը մէջ ծնիլ

3, 4. Որպէս ազգ՝ Իսրայէլի գոյութեան կարեւոր մէկ պատճառը ի՞նչ էր։

3 Դարեր ետք, Եհովա Եսայի մարգարէին միջոցով Իսրայելացիներուն յիշեցուց կարեւոր պատճառ մը իրենց գոյութեան որպէս ազգ։ Եսայի ըսաւ. «Ո՛վ Յակոբ, քեզ ստեղծողը, ո՛վ Իսրայէլ, քեզ ձեւակերպող Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. ‘Մի՛ վախնար, որովհետեւ ես քեզ փրկեցի. քեզ անունովդ կանչեցի, դուն իմս ես։ Արդարեւ ես՝ Տէրս, քու Աստուածդ եմ, Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ։ . . . Բե՛ր իմ որդիներս հեռուէն, եւ աղջիկներս՝ երկրի ծայրէն, այսինքն՝ բոլոր իմ անունովս կոչուածները. արդարեւ անոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի, զանոնք ձեւակերպեցի եւ ըրի։ Դո՛ւք էք իմ վկաներս’, կը պատգամէ Տէրը, ‘նաեւ իմ ընտրած ծառաս . . . ։ Այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի, անոնք իմ փառաւոր գործերս պիտի պատմեն’»։—Եսայեայ 43։1, 3, 6, 7, 10, 21, ԱՎ

4 Եհովայի անունով կոչուած ժողովուրդ մը ըլլալով, Իսրայելացիները ազգերուն առջեւ իր գերիշխանութեան պիտի վկայէին։ Անոնք ‘իր փառքին համար ստեղծուած’ ժողովուրդ մը պիտի ըլլային։ Անոնք ‘իր փառաւոր գործերը’՝ իր ազատագրական հրաշալի արարքները պիտի պատմէին, իր սուրբ անունը փառաւորելով։ Կարճ խօսքով, անոնք Եհովայի համար վկաներէ բաղկացած ազգ մը պիտի ըլլային։

5. Իսրայէլը ի՞նչ կերպով նուիրուած ազգ մըն էր։

5 Հ.Դ.Ա. 11–րդ դարուն, Սողոմոն թագաւոր նշեց թէ Եհովա Իսրայէլ ազգը զատած էր։ Եհովայի մատուցած իր աղօթքին մէջ, ան ըսաւ. «Երկրի ժողովուրդներէն դուն զանոնք զատեցիր, որպէս զի քու ժառանգորդներդ ըլլան»։ (Գ. Թագաւորաց 8։53) Իւրաքանչիւր Իսրայելացին ալ Եհովայի հետ մասնայատուկ յարաբերութիւն մը ունէր։ Մովսէս անոնց ըսած էր. «Դուք ձեր Տէր Աստուծոյն որդիներն էք, . . . դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես»։ (Բ. Օրինաց 14։1, 2) Հետեւաբար անչափահաս Իսրայելացիները պէտք չունէին իրենց կեանքը Եհովայի նուիրելու։ Անոնք Աստուծոյ նուիրուած ազգին որպէս անդամներ ծնած էին։ (Սաղմոս 79։13. 95։7) Իւրաքանչիւր նոր սերունդ Եհովայի օրէնքները կը սորվէր եւ զանոնք պահելու պարտաւորուած էր, Իսրայէլի ու Եհովայի միջեւ եղած ուխտին պատճառով։—Բ. Օրինաց 11։18, 19

Ընտրելու ազատութիւն

6. Իսրայելացիները անհատապէս ի՞նչ ընտրութիւն պէտք էր ընէին։

6 Թէեւ Իսրայելացիները նուիրուած ազգի մը մէջ ծնած էին, սակայն իւրաքանչիւր անհատ Աստուծոյ ծառայելու ի՛ր որոշումը պէտք էր կայացնէր։ Խոստացեալ Երկիր մտնելէ առաջ, Մովսէս անոնց ըսաւ. «Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը կանչեմ ձեզի դէմ, թէ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեա՛նքը ընտրէ՝ որ ապրիս,– դուն եւ քու զարմդ,– Տէրը՝ քու Աստուածդ սիրելով, անոր խօսքը մտիկ ընելով ու անոր յարելով, որովհետեւ ա՛ն է քու կեանքդ եւ օրերուդ երկարութիւնը, որպէսզի բնակիս այն հողին վրայ, որուն համար Տէրը հայրերուդ՝ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի երդում ըրաւ՝ անոնց տալու»։ (Բ. Օրինաց 30։19, 20, ԱՎ) Ուստի Իսրայելացիները անհատապէս պէտք էր ընտրէին Եհովան սիրել, իր խօսքը մտիկ ընել եւ իրեն յարիլ։ Իսրայելացիները ազատ կամք ունենալով, իրենց ընտրութեան հետեւանքները կրելու էին։—Բ. Օրինաց 30։16-18

7. Յեսուի ժամանակակիցներուն մահէն ետք ի՞նչ պատահեցաւ։

7 Դատաւորներուն ժամանակաշրջանը յստակօրէն կը լուսաբանէ հաւատարմութեան ու անհաւատարմութեան հետեւանքները։ Այդ ժամանակաշրջանը սկսելէն առաջ, Իսրայելացիները Յեսուի լաւ օրինակին հետեւեցան եւ օրհնուեցան։ «Ժողովուրդը, Յեսուին բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը տեսնող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Տէրոջը ծառայութիւն ըրին»։ Սակայն Յեսուի մահէն ժամանակ մը ետք, «ուրիշ ազգ մը ելաւ, որ Տէրը ու Իսրայէլին համար անոր ըրած գործերը չէր ճանչնար։ Եւ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին»։ (Դատաւորաց 2։7, 10, 11) Ըստ երեւոյթին, նոր եւ անփորձ սերունդը չարժեւորեց իր ժառանգութիւնը որպէս նուիրեալ ժողովուրդի անդամներ, որուն ի նպաստ Եհովա Աստուած անցեալին հզօր արարքներ կատարած էր։—Սաղմոս 78։3-7, 10, 11

Իրենց նուիրումին համաձայն ապրիլ

8, 9. (ա) Ո՞ր կարգադրութիւնը Իսրայելացիներուն թոյլ տուաւ որ Եհովայի հանդէպ իրենց նուիրումը ապացուցանեն։ (բ) Կամաւոր ընծաներ մատուցանողները ի՞նչ վայելեցին։

8 Եհովա իր ժողովուրդին պատեհութիւններ ընծայեց որ իրենց ազգային նուիրումին համաձայն ապրին։ Օրինակ, իր Օրէնքը կը պարփակէր պարտադիր ու կամաւոր զոհերու կամ ընծաներու կարգադրութիւն մը։ (Եբրայեցիս 8։3) Կամաւոր զոհերէն էին՝ ողջակէզի ընծաներ, հացի ընծաներ եւ խաղաղութեան զոհեր։ Ասոնք Եհովայի կը ներկայացուէին՝ իր հաճութիւնը վայելելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու համար։—Ղեւտացւոց 7։11-13

9 Այդ կամաւոր զոհերը Եհովան հաճեցուցին։ Ողջակէզն ու հացի ընծան «Տէրոջը անուշահոտ պատարագ» նկատուած էին։ (Ղեւտացւոց 1։9. 2։2) Խաղաղութեան զոհի պարագային, անասունին արիւնը եւ ճարպը Եհովայի կը մատուցուէին, իսկ քահանաները եւ անասունին տէրը միսին կարգ մը մասերը կ’ուտէին։ Անիկա այլաբանական ճաշ մըն էր, որ Եհովայի հետ խաղաղ յարաբերութիւն կը նշէր։ Օրէնքը ըսաւ. «Եթէ խաղաղութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս մատուցանեցէք, որ ընդունելի ըլլայ»։ (Ղեւտացւոց 19։5) Թէեւ բոլոր Իսրայելացիները ի ծնէ Եհովայի նուիրուած էին, սակայն անոնք որ կամաւոր ընծաներ մատուցանելով իրենց նուիրումը իմաստալից կ’ընէին, «ընդունելի» կ’ըլլային եւ մեծապէս կ’օրհնուէին։—Մաղաքեայ 3։10

10. Եսայիի եւ Մաղաքիայի օրերուն, Եհովա իր տհաճութիւնը ի՞նչպէս յայտնեց։

10 Սակայն յաճախ, նուիրուած Իսրայէլ ազգը Եհովայի անհաւատարիմ գտնուեցաւ։ Եսայի մարգարէին միջոցով, Եհովա անոնց ըսաւ. «Քու ողջակէզներուդ ոչխարները ինծի չբերիր եւ քու զոհերովդ զիս չփառաւորեցիր. ընծայի համար քեզ չաշխատցուցի»։ (Եսայեայ 43։23) Ասկէ զատ, կամովին եւ սիրով չմատուցուած ընծաները Եհովայի աչքին արժէք չունէին։ Օրինակ, Եսայի մարգարէէն երեք դար ետք, Մաղաքիայի օրերուն, Իսրայելացիները արատաւոր անասուններ կը ներկայացնէին։ Ուստի Մաղաքիա անոնց ըսաւ. «‘Ձեզի չեմ հաճիր’, կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը, ‘ու ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ ընդունիր’։ . . . ‘Յափշտակուածը, կաղն ու հիւանդը կը բերէք, ա՛յդպէս ընծայ կը բերէք. միթէ զանոնք ձեր ձեռքէն պիտի ընդունի՞մ’, կը յայտարարէ Տէրը»։—Մաղաքեայ 1։10, 13, ԱՎ. Ամովսայ 5։22

Որպէս նուիրուած ազգ կը մերժուին

11. Իսրայէլի ի՞նչ պատեհութիւն տրուեցաւ։

11 Երբ Իսրայելացիները Եհովայի նուիրուած ազգ մը եղան, ան խոստացաւ. «Եթէ իրապէս իմ խօսքս մտիկ ընէք եւ իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեփական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերուն մէջէն. որովհետեւ ամբողջ երկիրը իմս է։ Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն մը ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք»։ (Ելից 19։5, 6, ԱՎ) Խոստացեալ Մեսիան իրենց մէջ պիտի յայտնուէր, եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան կառավարութեան անդամները ըլլալու առաջին պատեհութիւնը իրենց պիտի տար։ (Ծննդոց 22։17, 18. 49։10. Բ. Թագաւորաց 7։12, 16. Ղուկաս 1։31-33. Հռովմայեցիս 9։4, 5) Բայց Իսրայէլ ազգին մեծամասնութիւնը իրենց նուիրումին համաձայն չապրեցան։ (Մատթէոս 22։14) Անոնք Մեսիան մերժեցին եւ սպաննեցին։—Գործք 7։51-53

12. Յիսուսի ո՞ր խօսքերը ցոյց կու տան թէ Իսրայէլ մերժուեցաւ որպէս Եհովայի նուիրուած ազգ։

12 Իր մահուընէ քանի մը օր առաջ, Յիսուս Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր Գիրքին մէջ. ‘Այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը։ Ասիկա Տէրոջմէ՛ն եղաւ, եւ սքանչելի է մեր աչքերուն’։ Ուստի կը յայտարարեմ ձեզի. ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի առնուի ձեզմէ, ու պիտի տրուի այնպիսի ազգի մը՝ որ անոր պտուղները բերէ’»։ (Մատթէոս 21։42, 43, ԱՎ) Ցոյց տալով թէ Եհովա զիրենք մերժած էր որպէս Իրեն նուիրուած ազգ մը, Յիսուս ըսաւ. «Ո՛վ Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը սպաննէիր մարգարէները ու կը քարկոծէիր քեզի ղրկուածները. քանի՜ անգամ ուզեցի հաւաքել զաւակներդ, ինչպէս հաւը թեւերուն տակ կը հաւաքէ իր ձագերը, բայց դուք չուզեցիք։ Ահա՛ ձեր տունը ամայի պիտի մնայ ձեզի»։—Մատթէոս 23։37, 38, ԱՎ

Նուիրուած նոր ազգ մը

13. Երեմիայի օրերուն՝ Եհովա մարգարէական ի՞նչ խօսք ըսաւ։

13 Երեմիա մարգարէին ժամանակ, Եհովա իր ժողովուրդին վերաբերեալ նոր բան մը նախագուշակեց։ Կը կարդանք. «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, երբ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ, ո՛չ թէ այն ուխտին պէս, որ անոնց հայրերուն ըրի այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի՝ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար. քանզի անոնք իմ ուխտս զանց ըրին, ես ալ զանոնք մերժեցի, կ’ըսէ Տէրը. բայց այն օրերէն ետքը Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է. ‘Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան’»։—Երեմեայ 31։31-33

14. Եհովայի նուիրուած նոր ազգը ե՞րբ եւ ի՞նչ հիման վրայ գոյացաւ։ Բնորոշէ՛ այդ նոր ազգը։

14 Այս նոր ուխտին հիմը դրուեցաւ Հ.Դ. 33–ին, երբ Յիսուս մեռաւ եւ ապա իր թափուած արեան արժէքը իր Հօր ներկայացուց։ (Ղուկաս 22։20. Եբրայեցիս 9։15, 24-26) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, սուրբ հոգին թափուելով եւ նոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը՝ ծնելով, նոր ուխտը ի զօրու դարձաւ։ (Գաղատացիս 6։16. Հռովմայեցիս 2։28, 29. 9։6. 11։25, 26) Օծեալ Քրիստոնեաներուն գրելով, Պետրոս առաքեալ նշեց. «Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց. որ ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք»։ (Ա. Պետրոս 2։9, 10) Եհովայի ու մարմնաւոր Իսրայէլի միջեւ մասնայատուկ յարաբերութիւնը վերջ գտած էր։ Հ.Դ. 33–ին, Եհովայի հաճութիւնը երկրային Իսրայէլէն փոխադրուած էր հոգեւոր Իսրայէլին՝ քրիստոնէական ժողովքին, Մեսիական Թագաւորութեան ‘պտուղը բերող ազգի մը’։—Մատթէոս 21։43

Անհատական նուիրում

15. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոս իր ունկնդիրները յորդորեց որ ինչպիսի՞ մկրտութեան ենթարկուին։

15 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, իւրաքանչիւր անհատ, Հրեայ թէ ոչ–Հրեայ, անհատապէս Աստուծոյ պէտք էր նուիրուէր եւ մկրտուէր «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։ * (Մատթէոս 28։19) Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաքեալ ընդառաջող Հրեաներուն եւ նորադարձներուն ըսաւ. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք»։ (Գործք 2։38) Այս Հրեաներն ու նորադարձները իրենց մկրտութեամբ պիտի նշէին թէ ո՛չ միայն իրենց կեանքը Եհովայի նուիրած էին, այլեւ՝ Յիսուսը ընդունած էին որպէս այն միջոցը, որով Եհովա իրենց մեղքերը պիտի ներէր։ Անոնք զինք պէտք էր ճանչնային որպէս Եհովայի Քահանայապետը եւ իրենց Առաջնորդը, քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը։—Կողոսացիս 1։13, 14, 18

16. Պօղոսի օրերուն, Հրեայ եւ ոչ–Հրեայ անհատներ ի՞նչպէս հոգեւոր Իսրայէլի մաս կազմեցին։

16 Տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Առաջ Դամասկոս ու Երուսաղէմ եղողներուն եւ բոլոր Հրէաստանի երկիրը ու հեթանոսներուն քարոզեցի, որ ապաշխարեն ու Աստուծոյ դառնան եւ ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր գործեն»։ (Գործք 26։20) Հրեայ եւ ոչ–Հրեայ մարդիկը համոզելէ ետք թէ Յիսուս Քրիստոսն էր, կամ Մեսիան, Պօղոս անոնց կ’օգնէր նուիրուելու եւ մկրտուելու։ (Գործք 16։14, 15, 31-33. 17։3, 4. 18։8) Այս նոր աշակերտները Աստուծոյ դառնալով, հոգեւոր Իսրայէլի անդամները եղան։

17. Ի՞նչ կնքում վերջ գտնելու վրայ է, իսկ ուրիշ ի՞նչ գործ արագօրէն կ’ընթանայ։

17 Այսօր, հոգեւոր Իսրայելացիներու մնացորդին վերջնական կնքումը մօտ է։ Երբ անիկա ամբողջանայ, «մեծ նեղութեան» կործանման հովերը բռնող «չորս հրեշտակներ»ուն արտօնութիւն պիտի տրուի որ զանոնք արձակեն։ Մինչ այդ, երկրի վրայ յաւերժ ապրելու յոյս ունեցող «մեծ բազմութեան» հաւաքումը արագօրէն կ’ընթանայ։ Այս «ուրիշ ոչխարներ»ը կամաւ կ’ընտրեն ‘Գառնուկին արեան’ հաւատք ընծայել եւ մկրտուիլ՝ խորհրդանշելով իրենց նուիրումը Եհովայի։ (Յայտնութիւն 7։1-4, 9-15. 22։17. Յովհաննու 10։16. Մատթէոս 28։19, 20) Անոնց մէջ կան Քրիստոնեայ ծնողներու կողմէ դաստիարակուած բազմաթիւ պատանիներ։ Եթէ այսպիսի պատանի մըն ես, յաջորդ յօդուածը քեզ պիտի հետաքրքրէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 15 Տես՝ Դիտարան 15 Մայիս 2003 (Անգլերէն), էջ 30-31։

Վերաքաղի համար

• Անչափահաս Իսրայելացիները ինչո՞ւ պէտք չունէին անհատապէս Եհովայի նուիրուելու։

• Իսրայելացիները ի՞նչպէս կրնային ապացուցանել թէ իրենց նուիրումին համաձայն կ’ապրէին։

• Եհովա ինչո՞ւ Իսրայէլը մերժեց որպէս իր նուիրեալ ազգը, եւ անիկա ի՞նչպէս փոխարինուեցաւ։

• Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, թէ՛ Հրեաները եւ թէ ոչ–Հրեաները ի՞նչ պէտք էր ընէին, որպէսզի հոգեւոր Իսրայէլի անդամներ ըլլային։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Իսրայելացի մանուկները ծնան որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ազգին անդամներ

[Նկար՝ էջ 21]

Իւրաքանչիւր Իսրայելացի Աստուծոյ ծառայելու անձնական որոշում պէտք էր կայացնէր

[Նկար՝ էջ 21]

Կամաւոր ընծաները պատեհութիւն տուին Իսրայելացիներուն որ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը ապացուցանեն