Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երջանկութեան ստոյգ ուղեցոյց

Երջանկութեան ստոյգ ուղեցոյց

Երջանկութեան ստոյգ ուղեցոյց

«ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ հետամուտ ըլլալը» բոլոր մարդոց իրաւունքն է։ Ասիկա անոնց տեսակէտն էր, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Յայտարարութիւնը պատրաստեցին։ Բայց նպատակակէտ մը հետապնդելը բան մըն է, իսկ անոր հասնիլը ուրիշ բան մըն է։ Թէեւ բազմաթիւ երիտասարդներ ժամանցի ու մարզանքի վերաբերեալ ասպարէզներ կը հետապնդեն, սակայն քանի՞ հոգի իրենց տենչացած յաջողութեան կը հասնին։ «Շատ հաւանական է որ չյաջողիս», կ’ըսէ հռչակաւոր երգիչ մը, որ յաջող երաժիշտ ըլլալու պայքարին քաջածանօթ է։

Երջանկութիւն գտնելու առնչութեամբ, վաւերական պատճառ կայ որ չվհատիս։ Եթէ շիտակ կերպով երջանկութեան հետամուտ ըլլաս, զայն ձեռք պիտի ձգես։ Ինչո՞ւ կրնանք ասիկա ըսել։ Նախորդ յօդուածը «երանելի Աստուծոյ»՝ Եհովայի ակնարկեց։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած առաջնորդութիւն կը հայթայթէ, որպէսզի երջանկութեան հետամուտ ըլլալով յուսախաբութեան չմատնուիս։ Եհովա կրնայ քեզի օգնել տրտմութեան սովորական պատճառները յաղթահարելու։ Օրինակ, նկատի առ իր մատուցած մխիթարութիւնը երբ սիրելի մը կորսնցնես։

Երբ սիրելի մը մահանայ

Մահուան մասին կարելի չէ լաւ բան մը նշել։ Մահը կը բաժնէ ծնողը զաւակէն ու զաւակը ծնողէն։ Անիկա մտերիմ բարեկամները իրարմէ կը զատէ եւ փոքր հաւաքականութեան մէջ անապահովութիւն կը ստեղծէ։ Երբ մահը հարուածէ, երջանիկ ընտանիքը կրնայ տրտմութեան մէջ ընկղմիլ։

Այո, բացորոշ է թէ մահը ողբերգութիւն մըն է։ Սակայն ոմանք այս իրողութիւնը կ’ուրանան եւ մահը օրհնութիւն կը սեպեն։ Օգոստոս 2005–ին Քաթրինա ծովամրրիկը Մեքսիկայի Ծոցը հարուածելէ ետք, զոհի մը յուղարկաւորութեան ընթացքին՝ կղերականը ըսաւ. «Քաթրինա ծովամրրիկը զինք չսպաննեց։ Աստուա՛ծ զինք երկինք վերադարձուց»։ Ուրիշ առիթով, հիւանդանոցի մէկ պաշտօնեան լաւ դիտաւորութեամբ ըսաւ աղջնակի մը որ չմտահոգուի, քանի որ Աստուած մայրը երկինք հանած էր։ Աղջնակը արտասուագին ըսաւ. «Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ան ստիպուած էր որ մայրս ինձմէ հեռացնէր»։

Յստակ է որ մեռելներու մասին այս սխալ գաղափարները յաճախ չեն մխիթարեր վշտահարները։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք մահուան մասին ճշմարտութիւնը չեն ներկայացներ։ Աւելի գէշ, անոնք կը հասկցնեն թէ Աստուած սարսափելի ու տաժանելի միջոցներով սիրելիները իրենց ընտանիքներէն ու բարեկամներէն կը խլէ։ Փոխանակ մխիթարութեան աղբիւր մը ըլլալու, Աստուած կը ներկայացուի որպէս մահուան ողբերգութեան պատճառը։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը մահուան նկատմամբ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։

Աստուածաշունչը մահը թշնամի կը կոչէ եւ զայն կը նմանցնէ թագաւորի մը, որ մարդկութեան վրայ իշխած է։ (Հռովմայեցիս 5։17. Ա. Կորնթացիս 15։26) Մահը ա՛յնքան զօրաւոր թշնամի մըն է, որ ո՛չ մէկ մարդ կրնայ անոր դիմադրել, եւ ննջեցեալ սիրելին պարզապէս մահուան անհամար զոհերէն մէկն է։ Այս աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը կը լուսաբանէ թէ ինչո՛ւ վիշտ ու անօգնական կը զգանք, երբ սիրելի մը մահանայ։ Անիկա կը հաստատէ թէ այս զգացումները բնական են։ Բայց Աստուած թշնամի մահը կը գործածէ՞ որ մեր սիրելիները երկինք տանի։ Նկատի առ Աստուածաշունչի պատասխանը։

Ժողովողի 9։5, 10–ը կ’ըսէ. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր . . . գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։ Գերեզմանին մէջ մեռելը բոլորովին անգործունեայ է,– ո՛չ կը շարժի, ո՛չ կը զգայ, ո՛չ ալ կը մտածէ։ Ան կարծես թէ խոր քունի մէջ է։ Այսպէս Աստուածաշունչը կը յստակացնէ թէ Աստուած մեր ննջեցեալ սիրելիները չ’առներ երկինք՝ իր քով ըլլալու համար։ Անոնք գերեզմանին մէջ անկենդան վիճակի մէջ են։

Յիսուս այս ճշմարտութիւնը հաստատեց, իր բարեկամը՝ Ղազարոսը մահանալէն ետք։ Յիսուս մահը քունի նմանցուց։ Եթէ Ղազարոս Ամենակալ Աստուծոյ քով երկինք գացած ըլլար, Յիսուս զինք երկիր վերադարձնելով բարիք ըրած պիտի չըլլար։ Ներշնչեալ արձանագրութիւնը կը նշէ թէ գերեզմանին առջեւ Յիսուս բարձրաձայն կանչեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր», իսկ «մեռելն ալ ելաւ»։ Ղազարոս սկսաւ դարձեալ ապրիլ։ Յիսուս գիտէր որ Ղազարոս բնաւ երկրէն չէր մեկնած, հապա անկենդան մարմինով գերեզմանին մէջն էր։—Յովհաննու 11։11-14, 34, 38-44

Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած այս դէպքը մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ Աստուած մահը չի գործածեր մարդիկը երկրէն երկինք փոխադրելու համար։ Ուստի կրնանք Աստուծոյ մօտենալ, գիտնալով որ մեր տրտմութեան պատճառը ինք չէ։ Նաեւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան լիովին կ’ըմբռնէ թշնամի մահուան պատճառած վիշտն ու վնասները։ Իսկ մեռելներուն վիճակին մասին աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը կ’ապացուցանէ թէ անոնք դժոխքի կրակին կամ քաւարանին մէջ չեն չարչարուիր, այլ՝ գերեզմանին մէջ անկենդան վիճակի մէջ են։ Հետեւաբար, մեր սիրելիները կը յիշենք առանց Աստուծոյ հանդէպ դառնութիւն զգալու կամ մտահոգուելու թէ ո՛ւր են։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի միջոցով Եհովա յաւելեալ մխիթարութիւն կու տայ մեզի։

Յոյսը երջանկութեան կ’առաջնորդէ

Մեր քննարկած համարները կը նշեն թէ յոյսը իսկական երջանկութեան էական մէկ մասն է։ Աստուածաշունչին մէջ գործածուած «յոյս» բառը կ’ակնարկէ բարի բանի մը հաստատ ակնկալութեան։ Տեսնելու համար թէ յոյսը ի՛նչպէս հիմա իսկ երջանկութեան կ’առաջնորդէ, կրկին նկատի առնենք Ղազարոսի յարութիւնը։

Առնուազն երկու պատճառով Յիսուս այդ հրաշքը կատարեց։ Առաջին՝ Մարթայի, Մարիամի եւ վշտահար բարեկամներուն տրտմութեան վերջ դնել։ Անոնք անգամ մը եւս պիտի կարենային իրենց սիրելիին ընկերակցութիւնը վայելել։ Բայց Յիսուս Մարթայի նշեց երկրորդ ու աւելի կարեւոր պատճառ մը. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես»։ (Յովհաննու 11։40) Ղազարոսը վերակենդանացնելով, Յիսուս նախանմոյշ մը տուաւ թէ Եհովա Աստուած ի՛նչ կրնայ ընել եւ պիտի ընէ ապագային։ Այժմ բացատրենք յաւելեալ մանրամասնութիւններ այս սքանչելիքին մասին։

Յովհաննու 5։28, 29–ի մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մեր սիրելիները նորէն պիտի ողջննան։ Իսկ Գործք Առաքելոց 24։15–ը (ԱՎ) այս հոյակապ դէպքին մասին հետեւեալը կը յայտնէ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ անարդարներուն»։ Ուստի նոյնիսկ «անարդարներ»ը, բազմաթիւ անհատներ որոնք Եհովան չճանչցան եւ իրեն չծառայեցին, ապագային Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու պատեհութիւն պիտի ունենան։

Այս յարութիւնը ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ։ Սաղմոս 37։29–ն կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ Պահ մը խորհէ թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Մահուան պատճառով իրարմէ բաժնուած ընտանիքներ ու բարեկամներ, անգամ մը եւս պիտի միանան հո՛ս՝ երկրի վրայ։ Երբ մտածես այն հաճելի ժամանակներուն մասին որ պիտի վայելես անոնց հետ, որոնց բարեկամութիւնը անցեալին կ’արժեւորէիր, տրամաբանական է որ երջանկութիւնը սիրտդ պատէ։

Եհովա կ’ուզէ որ երջանիկ ըլլաս

Նկատի առինք երկու կերպեր, որոնցմով Եհովա կրնայ երջանկութիւնդ աւելցնել։ Առաջին, Աստուածաշունչին միջոցով ան գիտութիւն ու առաջնորդութիւն կը հայթայթէ, քեզի օգնելու որ խնդիրները յաջողութեամբ դիմագրաւես։ Աստուածաշունչի խրատները կ’օգնեն մահուան կսկիծին դիմանալու եւ տնտեսական ու առողջապահական խնդիրներու հետ գլուխ ելլելու։ Ան կրնայ քեզի զօրութիւն տալ որ ընկերային անարդարութեան եւ քաղաքական խռովութեան տոկաս։ Անոր ուղղութիւնը կեանքիդ մէջ կիրարկելով, կրնաս նաեւ անձնական այլ խնդիրներ յաղթահարել։

Երկրորդ, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով ձեռք կը ձգես յոյս մը, որ կը գերազանցէ որեւէ բան որ մարդկային ընկերութիւնը կը մատուցանէ։ Ընտանիքի անդամներու եւ բարեկամներու յարութիւնը մաս կը կազմէ Աստուածաշունչի ներկայացուցած յոյսին։ Յայտնութիւն 21։3, 4–ը յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տայ. «Աստուած [մարդկութեան] հետ պիտի ըլլայ . . . եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Ասիկա կը նշանակէ թէ կեանքդ տրտմեցնող որեւէ պատճառ, մօտ օրէն պիտի անհետանայ յաւիտեան։ Աստուածաշունչի խոստացածը պիտի իրականանայ, իսկ դուն կրնաս անոր կատարումը վայելել։ Թարմացուցիչ է գիտնալ թէ աւելի լաւ ժամանակներ պիտի գան եւ թէ մահուընէ ետք տառապանք քեզի չի սպասեր։

Լուսաբանենք. քանի մը տարի առաջ, Մարիայի ամուսինը քաղցկեղէ տառապեցաւ ու ցաւալի մահ մը ունեցաւ։ Շատ չանցած, տնտեսական խնդիրները ստիպեցին զինք ու իր երեք աղջիկները որ իրենց տունը ձգեն։ Երկու տարի ետք, ի յայտ եկաւ թէ Մարիան քաղցկեղէ բռնուած է։ Ան երկու մեծ վիրաբուժութիւններու ենթարկուեցաւ, եւ ամէն օր խիստ ցաւերէ կը տառապի։ Հակառակ այս խնդիրներուն, անոր մտածումը ա՛յնքան դրական է, որ կը մղուի ուրիշները քաջալերելու։ Ան իր երջանկութիւնը ի՞նչպէս կը պահէ։

Մարիա կ’ըսէ. «Երբ խնդիր մը ունենամ, կը ջանամ անձիս մասին չափազանց չմտածել։ Կը խուսափիմ հարց տալէ. ‘Ինչո՞ւ ես։ Ինչո՞ւ այսպէս պէտք է տառապիմ։ Ինչո՞ւ հիւանդացայ’։ Ժխտական մտածումը ոյժս կը սպառէ։ Հետեւաբար ոյժս կը գործածեմ Եհովայի ծառայելու եւ ուրիշներու օգնելու, ինչ որ զիս կ’երջանկացնէ»։

Մարիայի կեանքին մէջ յոյսը ի՞նչ դեր կը խաղայ։ Ան յոյսով ապագային կը նայի, երբ Եհովա մարդկութենէն պիտի հեռացնէ հիւանդութիւնը եւ միւս խնդիրները։ Երբ ան դարմանուելու համար հիւանդանոց կ’երթայ, այս յոյսին մասին կը խօսի քաղցկեղէ տառապող հիւանդներուն, որոնք սրտաբեկ են։ Յոյսին կարեւորութիւնը շեշտելով, Մարիա կ’ըսէ. «Յաճախ կը մտածեմ Եբրայեցիս 6։19–ի խօսքին մասին, ուր Պօղոս յոյսը կը նկարագրէ իբրեւ խարիսխ մեր անձին։ Առանց այդ խարիսխին, հեռու պիտի քշուիս՝ փոթորիկի հանդիպած նաւու մը պէս, որ խարսխուած չէ։ Բայց այդ խարիսխին ամրօրէն կապուելով, ապահով պիտի ըլլաս, հակառակ փոթորկանման խնդիրներուդ»։ ‘Անսուտն Աստուծոյ խոստացած յաւիտենական կեանքի յոյսը’, Մարիայի կ’օգնէ երջանիկ մնալու։ Անիկա կրնայ քեզ ալ երջանիկ պահել։—Տիտոս 1։2

Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով կրնաս իսկական երջանկութիւն գտնել, ի՛նչ խնդիրներ ալ դիմագրաւես։ Եթէ այս ուսումնասիրութեան գործնական ըլլալուն նկատմամբ հարցումներ ունիս, Եհովայի Վկաները սիրով պիտի ուզեն աստուածաշնչական պատասխանները տալ։ Մինչ Եհովայի մատուցած յոյսին կատարման կը սպասես, կրնաս անոնց մէջ ըլլալ՝ որոնք «ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան»։—Եսայեայ 35։10

[Նկար՝ էջ 5]

Միայն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կրնայ վիշտը մեղմացնել

[Նկար՝ էջ 7]

Աստուածաշունչի մատուցած յարութեան յոյսը կրնայ երջանկութեան նպաստել