Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երջանկութիւն կրնա՛ս գտնել

Երջանկութիւն կրնա՛ս գտնել

Երջանկութիւն կրնա՛ս գտնել

ԵՐԲԵՄՆ դժուար է գտնել իսկական ու մնայուն երջանկութիւնը, յատկապէս երբ անհատը սխալ աղբիւրներու դիմէ։ Աստուածաշունչը վստահելի ու որակեալ բարեկամի մը նման շիտակ ուղղութիւնը կը մատնանշէ։

Նկատի առ անոր գիրքերէն մէկը՝ Սաղմոսաց գիրքը։ Անիկա 150 սրբազան երգեցողութիւններու հաւաքածոյ մըն է, որուն գրեթէ կէսը յօրինուած է Իսրայելացի Դաւիթ թագաւորի կողմէ։ Այս գիրքը գրուեցաւ մարդկութեան մեծագոյն Բարեկամին՝ Եհովայի ներշնչումով։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ թէ անիկա մեզի օգտակար եղող աստուածային ուղղութիւն կը բովանդակէ եւ երջանկութեան ճամբան ցոյց կու տայ։

Սաղմոսներ յօրինողները վստահ էին որ երջանկութիւնը յառաջ կու գայ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալէն։ «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ», գրեց սաղմոսերգուն։ (Սաղմոս 112։1) Ո՛չ մարդկային բարեկամութիւնը, ո՛չ նիւթական ստացուածքը, ո՛չ ալ անձնական իրագործումը կրնան յառաջ բերել այն երջանկութիւնը, որ կը վայելէ ‘Եհովա Աստուծոյ ժողովուրդը’։ (Սաղմոս 144։15) Աստուծոյ այժմու ծառաներուն կեանքը այս կէտը կը հաստատէ։

Օրինակ մըն է Սիւզանը, որ 40–ական տարիքը թեւակոխած է։ * Ան ըսաւ. «Այսօր, շատեր որոշ խմբակներու կը միանան, հասարակաց նպատակակէտեր իրագործելու կամ հասարակաց հետաքրքրութիւններ հետապնդելու համար։ Սակայն հազուադէպ բան մըն է որ անոնք խմբակին իւրաքանչիւր անդամը բարեկամ նկատեն։ Եհովայի ժողովուրդին հետ՝ պարագան տարբեր է։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը պատճառ կ’ըլլայ որ իրարու հանդէպ խանդաղատանք ունենանք։ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ հանգիստ կը զգանք, ո՛ւր որ ալ գտնուինք։ Այս միութիւնը մեր կեանքը մեծապէս կը ճոխացնէ։ Մեզմէ զատ ո՞վ կրնայ ըսել թէ ընկերային տարբեր խաւերէ, ենթահողերէ ու բազմաթիւ ազգերէ բարեկամներ ունի։ Ամբողջ սիրտովս կ’ըսեմ թէ Եհովայի ժողովուրդին պատկանիլը երջանկութիւն կը բերէ»։

Մէրի, որ ծնած է Սկովտիայի մէջ, նոյնպէս սորվեցաւ թէ երջանկութիւն գտնելու համար, Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւնը կենսական է։ Ան ըսաւ. «Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ, կը սիրէի վախնալիք շարժապատկերներ դիտել։ Բայց գիշերը չէի կրնար քնանալ առանց խաչ մը բռնելու, ֆիլմի ցուցադրած ուրուականներն ու վամպիրները հեռու պահելու համար։ Սակայն ճշմարտութիւնը սորվելով եւ այլեւս այսպիսի ֆիլմեր չդիտելով, Եհովայի հետ յարաբերութիւնս կարելի դարձուց որ առանց վախի քնանամ, ուրախ ըլլալով որ կը ծառայեմ Աստուծոյ մը, որ դեւերէն կամ երեւակայական վամպիրներէն աւելի զօրաւոր է»։

Եհովայի վստահիլը երջանկութեան կ’առաջնորդէ

Ստեղծիչին ամենակալութեան եւ անսահման իմաստութեան վրայ կասկածելու ո՛չ մէկ պատճառ ունինք։ Գիտնալով որ կրնար լիովին Եհովայի վստահիլ եւ անոր քով ապաստանիլ, Դաւիթ գրեց. «Երանի՜ այն մարդուն՝ որ իր վստահութիւնը Տէրոջ վրայ կը դնէ»։—Սաղմոս 40։4, ԱՎ

Մարիա նշեց. «Սպանիոյ մէջ եւ այլուր փորձառաբար նկատեցի թէ երբ հարցերը Եհովայի կերպով ձեռք կ’առնենք, թէեւ մեր սիրտը կ’ուզէ որ հակառակը ընենք, լաւագոյն արդիւնքը ձեռք կը ձգենք։ Ասիկա երջանկութեան կ’առաջնորդէ, քանի որ Եհովայի կերպը մի՛շտ լաւագոյնն է»։

Անտրիաս անունով Քրիստոնեայ երէց մը, որ եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ ծառայած է, նաեւ փորձառաբար գիտէ որ կրնա՛նք Եհովայի վստահիլ։ Ան ըսաւ. «Մեծ եղբայրս, որ Եհովայի Վկայ չէ, պատանեկութեանս շրջանին մեծ ազդեցութիւն բանեցուց վրաս, զիս քաջալերելով որ շահաբեր ասպարէզ մը հետապնդեմ։ Ան չափազանց յուսախաբ եղաւ, երբ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեցի եւ չապաւինեցայ այդպէս կոչուած ապահովութեան, զոր թոշակի ծրագիրները կը ներկայացնեն։ Լիաժամ ծառայութեանս ընթացքին, երբեք բանի մը կարօտ չեղայ եւ օրհնութիւններ վայելեցի, որոնց մասին ուրիշներ միայն կ’երազեն»։

1993–ին, Ֆէլիքս հրաւէր ստացաւ որ Զելթըրսի մէջ, Գերմանիա, Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղին համալիրները ընդարձակելու ծրագրին մասնակցի։ Աշխատանքը վերջ գտնելէ ետք, ան Պէթէլի ընտանիքին մէկ անդամը ըլլալու հրաւէր ստացաւ։ Ան ի՞նչպէս հակազդեց։ «Վերապահումով հրաւէրը ընդունեցի։ Բայց հիմա շուրջ տասը տարի է որ հոս եմ, եւ համոզուած եմ որ Եհովա աղօթքներուս պատասխանած է։ Ան գիտէ թէ ինծի համար լաւագոյն բանը ի՛նչ է։ Ամբողջովին իրեն վստահելով եւ թոյլ տալով որ զիս առաջնորդէ, իրեն առիթ կու տամ որ ինծի ցոյց տայ թէ ի՛նչ կ’ուզէ որ ընեմ»։

Նախապէս նշուած Սիւզանը ուզեց լիաժամ քարոզիչ մը ըլլալ, բայց մասնակի ժամանակով գործ մը չէր գտներ։ Մէկ տարի սպասելէ ետք, ան Եհովայի վստահելով որոշում մը կայացուց։ Ան ըսաւ. «Կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագիրս ներկայացուցի։ Մէկ ամսուան սովորական ծախսերս ծածկելու համար դրամ խնայած էի։ Այդ ամիսը իսկապէս ոգեւորիչ էր։ Ծառայութիւնս մեծ ուրախութեան աղբիւր էր, բայց գործի համար ունեցած տեսակցութիւններս անյաջող էին։ Եհովա իր խոստումին համաձայն, զիս չլքեց։ Ամսուան վերջին օրը, գործի համաձայնագիր մը ստորագրեցի։ Այո, գիտէի որ իրապէս կրնայի Եհովայի վստահիլ։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ ունեցած այս առաջին փորձառութիւնս, վարձահատոյց ու երջանիկ կեանքի մը նպաստած է»։

Աստուծոյ խրատները ընդունիլը երջանկութեան կը նպաստէ

Դաւիթ թագաւորը լուրջ մեղքեր գործեց։ Երբեմն ան իմաստուն խրատներու կարիք ունեցաւ։ Դաւիթի նման, խրատներ եւ ցուցմունքներ ընդունելու կամեցողութիւն ունի՞նք։

Ֆրանսայի մէջ, Այտան իր գործած լուրջ մեղքին նկատմամբ ըսաւ. «Գլխաւոր մտահոգութիւնս էր՝ Եհովայի հետ յարաբերութիւնս վերահաստատել։ Ուրիշ ո՛չ մէկ բան կարեւորութիւն ունէր»։ Ան Քրիստոնեայ երէցներէն օգնութիւն խնդրեց։ Այժմ ան լիաժամ ծառայութեան մէջ է աւելի քան 14 տարի, եւ կ’ըսէ. «Որքա՜ն հաճոյալի է գիտնալ թէ Եհովա յանցանքս ներած է»։

Աստուածային խրատին ականջ տալը կ’օգնէ որ չսխալինք։ Եուտիթ բացատրեց. «Երբ 20 տարեկան էի, Գերմանացի պաշտօնակիցի մը սիրահարեցայ, որ ամէն ջանք թափեց զիս տպաւորելու։ Ան յարգուած էր, շատ յաջող ասպարէզ ունէր, եւ արդէն ամուսնացած էր։ Անդրադարձայ թէ պէտք է ընտրեմ կա՛մ Եհովայի օրէնքներուն հնազանդիլ եւ կամ բոլորովին Զինք լքել։ Պարագան ծնողքիս յայտնեցի։ Հայրս բացէ ի բաց խօսեցաւ եւ շեշտակի յիշեցուց թէ Եհովա ինձմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Բայց սիրտս փորձեց չքմեղանք գտնել։ Մի քանի շաբաթ, մայրս երեկոյեան ժամերը անցուց՝ ինծի բացատրելով թէ Աստուծոյ օրէնքները որքա՜ն կարեւոր ու փրկարար են։ Շա՜տ երախտապարտ եմ որ սիրտս աստիճանաբար Եհովայի յարեցաւ։ Իր կրթութիւնը եւ ուսուցումը ստանալը մեծ երջանկութիւն բերած է ինծի,– լիաժամ ծառայութեան մէջ վարձահատոյց տարիներ եւ Քրիստոնեայ կողակից մը, որ զիս ու Եհովան ամբողջ սիրտով կը սիրէ»։

Բացայայտ է որ այս փորձառութիւնները Դաւիթի խօսքերը կ’ընդգծեն. «Երանի՜ անոր՝ որուն յանցանքը ներուեցաւ, եւ անոր մեղքը ծածկուեցաւ։ Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն անօրէնութիւն չի սեպեր Տէրը»։—Սաղմոս 32։1, 2, ԱՎ

Ուրիշներու հանդէպ նկատառու ըլլալը երջանկութիւն յառաջ կը բերէ

Դաւիթ գրեց. «Երանի՜ անոր՝ որ չքաւորին ուշադրութիւն կը դարձնէ. ձախորդութեան ժամանակ Տէրը պիտի ազատէ զինք։ Տէրը պիտի պահպանէ եւ ողջ պահէ զինք. երանելի պիտի ըլլայ»։ (Սաղմոս 41։1, 2, ԱՎ) Այս մարզին մէջ Դաւիթ օրինակ հանդիսացաւ, Յովնաթանի կաղ որդիին՝ Մեմփիբոսթէի հանդէպ սիրալիր նկատառութիւն ցուցաբերելով։—Բ. Թագաւորաց 9։1-13

Մարլիս անունով 47 տարիէ ի վեր միսիոնարուհի մը, Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի խռովալից շրջաններէն փախած մարդոց քարոզելու առանձնաշնորհումը ունի։ Ան ըսաւ. «Անոնք այլազան խնդիրներ ունին եւ ընդհանրապէս կը զգան թէ որոշ չափով մերժուած են ու խտրականութեան զոհ գացած են։ Այսպիսի անհատներու օգնելը միշտ երջանկութիւն կը բերէ»։

Մարինա, որ 40–ական տարիքը թեւակոխած է, գրեց. «Որպէս ամուրի գիտեմ թէ ի՛նչ կը նշանակէ բարեկամներ ունենալ, որոնք օգնելու համար մատչելի են։ Հետեւաբար ուրիշները կը քաջալերեմ, հեռաձայնելով կամ նամակ գրելով։ Շատեր իրենց գնահատութիւնը արտայայտած են։ Ուրիշներուն օգնելը զիս կ’ուրախացնէ»։

Տիմիթան, որ շուրջ 25 տարեկան է, ըսաւ. «Մայրս առանձին զիս մեծցուց։ Փոքր տարիքիս, ուրախ էի որ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչ մը ամէն շաբաթ զիս կը մարզէր դաշտի ծառայութեան մէջ։ Մինչեւ օրս երախտապարտ եմ անոր յարատեւութեան համար, քանի որ զիս խթանելը միշտ դիւրին չէր»։ Այժմ ան իր կարգին, ուրիշներուն կ’օգնէ. «Առնուազն ամիսը անգամ մը, կը ջանամ պատանիի մը եւ տարեցի մը հետ դաշտի ծառայութեան երթալ»։

Սաղմոսաց գիրքը նաեւ կը նշէ այլ բաներ, որոնք երջանկութեան կը նպաստեն։ Օրինակ, Եհովայի զօրութեան ապաւինելու կարեւորութիւնը. «Երանի՜ այն մարդոց, որոնց զօրութիւնը [Եհովայէ] է»։—Սաղմոս 84։5

Նկատի առ Քորիննայի փորձառութիւնը։ Ան փոխադրուեցաւ երկիր մը, ուր քարոզիչներու մեծ կարիք կար։ «Նոր լեզու, նոր մշակոյթ եւ նոր մտածելակերպ դիմագրաւեցի, կարծես թէ տարբեր մոլորակի մը վրայ էի։ Օտար միջավայրի մէջ քարոզելու գաղափարն իսկ զիս ջղագրգիռ դարձուց։ Եհովայի օգնութիւնը խնդրեցի, եւ միայն իր զօրութեամբ կրցայ մեկուսացած թաղամասի մը մէջ լման օր մը քարոզել։ Ժամանակի ընթացքին, ասիկա ընելը սկսաւ շա՜տ բնական թուիլ։ Աստուածաշունչի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հաստատեցի եւ այս փորձառութենէն տակաւին կ’օգտուիմ։ Սորվեցայ թէ Եհովայի զօրութեամբ, կրնանք երեւութապէս անյաղթահարելի խոչընդոտներ նուաճել»։

Այո, զանազան ազդակներ երջանկութեան կը նպաստեն, ինչպէս՝ Աստուծոյ ու իր ժողովուրդին հետ բարեկամութիւն մշակել, անվերապահօրէն Եհովայի վստահիլ, Աստուծոյ խրատները ընդունիլ եւ ուրիշներու հանդէպ նկատառու ըլլալ։ Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալելով եւ իր օրէնքներուն հնազանդելով, կրնանք ուրախութեամբ իր հաճութիւնը վայելել։—Սաղմոս 89։15. 106։3. 112։1. 128։1, 2

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Նկար՝ էջ 28]

Մարիա

[Նկար՝ էջ 29]

Մէրի

[Նկար՝ էջ 29]

Սիւզան եւ Անտրիաս

[Նկար՝ էջ 31]

Քորիննա

[Նկար՝ էջ 31]

Տիմիթա