Իսկապէս երջանի՞կ ես
Իսկապէս երջանի՞կ ես
ԱՐԴԱՐԵՒ կրնաս հարց տալ. ‘Ո՞րքան երջանիկ եմ’։ Ընկերաբաններ լուրջ աշխատանք կը տանին գիտնալու համար թէ մարդիկ այս հարցումին ի՛նչպէս պիտի պատասխանեն, բայց անոնց ըրածը դիւրին բան մը չէ, ինչպէս եթէ փորձեն չափել իր կնոջ հանդէպ ամուսինի մը ունեցած սէրը կամ ընտանիքի մէկ անդամին մահուան պատճառած վիշտը։ Յուզումներուն կարելի չէ մանրակրկիտ չափ տալ։ Սակայն գիտնականները սա հիմնական ճշմարտութիւնը կ’ընդունին. բոլոր մարդիկ երջանիկ ըլլալու կարողութիւնը ունին։
Հակառակ երջանիկ ըլլալու այդ ներգոյ կարողութեան, լուրջ խնդիրներ ապերջանկութեան պատուհաս մը բերած են։ Նկատի առ սա օրինակը. կարգ մը քաղաքներու մէջ, Էյտծ հիւանդութեամբ մահացողները բոլոր գերեզմանատուները գրաւած են։ Հեղինակութիւնները հին գերեզմանները կը բանան, նոր մեռելները թաղելու համար։ Ափրիկէի կարգ մը շրջաններուն մէջ, դագաղ շինելը գլխաւոր արհեստ դարձած է։ Իսկ ո՛ւր որ ալ կ’ապրիս, անկասկած նկատած ես թէ շատեր անժպիտ են, քանի որ ծանր հիւանդութիւններէ կը տառապին կամ ազգականներ ու բարեկամներ կորսնցուցած են։
Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ բարգաւաճ երկիրներու մասին։ Անակնկալ դէպք մը կրնայ անպատրաստ եղողներուն տնտեսական ապահովութիւնը խլել։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, թոշակառուներէն շատեր հարկադրուեցան աշխատանքի վերադառնալ, քանի որ իրենց հանգստաթոշակէն զրկուեցան։ Բժշկական պարտամուրհակը յաճախ կը սպառէ ընտանիքին ամբողջ խնայողութիւնը։ Օրինական խրատատու մը կ’ըսէ. «Երբ անոնք հսկայական ծախսերով եւ առողջապահական խնդիրներով ծանրաբեռնուած քեզի կը դիմեն, սիրտդ կը վշտանայ։ Շատ անգամ կը ստիպուիմ ըսել. ‘Միակ ճարն է որ տունդ ծախես’»։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել տնտեսական մտահոգութիւն չունեցողներուն մասին։ Անոնք ալ կրնա՞ն ապերջանիկ ըլլալ։
Ոմանք հռչակաւոր երգահան Ռիչըրտ Ռաճըրզի նման են։ Անոր մասին ըսուած է. «Փոքրաթիւ տղամարդիկ մեծ հաճոյք պատճառած են շատ մարդոց»։ Թէեւ անոր երգերը հաճոյք բերին ուրիշներու, սակայն ան երկարատեւ ընկճուածութենէ տառապեցաւ։ Ան երկու նպատակակէտեր իրագործեց, որոնց շատեր կը տենչան,– դրամ ու համբաւ,– բայց երջանի՞կ էր։ Կենսագիր մը նշեց. «[Ռաճըրզ] իր գործին մէջ բացառիկ յաջողութիւն գտաւ, մեծահարուստներու կենաք վարեց, եւ իր աշխատակիցին հետ երկու Փուլիդսըր մրցանակ ձեռք ձգեց։ Ան նաեւ ապերջանիկ էր ու յաճախ՝ ընկճուած»։
Թերեւս նկատեցիր թէ հարստութիւնը երջանկութիւն չ’երաշխաւորեր։ Գանատայի մէջ լրագիրի մը (The Globe and Mail) ներդրումի բաժանմունքին մէկ թղթակիցը նկարագրեց այն «կղզիացումն ու պարապութիւնը», որուն կը տոկան բազմաթիւ ունեւորներ։ Իսկ ելեւմտական խրատատուի մը համաձայն, հարուստ ծնողներ իրենց զաւակներուն չափազանց դրամ ու նուէրներ տալով, «յաճախ թշուառութեան սերմերը կը ցանեն»։
Երջանկութեան հաստատ հիմ մը կա՞յ
Բոյսը ծաղկելու համար՝ լաւ հողի, ջուրի ու յարմար մթնոլորտի կարիք ունի։ Նոյնպէս, հետազօտիչներ կ’ընդունին թէ որոշ ազդակներ երջանկութեան կը նպաստեն, ինչպէս՝ ֆիզիքական բարօրութիւն, լաւ աշխատանք, բաւարար ուտելիք ու հագուելիք եւ բնակարան, իսկական բարեկամներ, եւ շինիչ բան մը իրագործելը։
Հաւանաբար համամիտ ես որ վերոնշեալ պարագաները կ’ազդեն անհատին երջանիկ ըլլալուն։ Բայց աւելի կարեւոր ազդակ մը կայ,– «երանելի Աստուծոյ»՝ Եհովայի գիտութիւնը։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Այս գիտութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ։ Եհովա մեր Ստեղծիչն է եւ երջանիկ ըլլալու կարողութեամբ մեզ օժտած է։ Ուստի ան գիտէ թէ ի՛նչ բան կրնայ մեզ իսկապէս երջանկացնել։ Յաջորդ յօդուածը կը նկարագրէ՝ ամէնուրեք կամ ամէն պարագայի ներքեւ մարդիկը մնայուն երջանկութեան առաջնորդելու իր կերպը։
[Նկար՝ էջ 4]
Ծաղկող բոյսի մը պէս, երջանկութիւնը ուռճանալու համար յարմար պայմաններ կը պահանջէ
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]
© Gideon Mendel/CORBIS