«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ»
«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ»
«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։—ՍԱՂՄՈՍ 119։97
1, 2. (ա) Սաղմոս 119–ն յօրինողը ի՞նչ կացութիւն դիմագրաւեց։ (բ) Ան ի՞նչպէս հակազդեց եւ ինչո՞ւ։
ՍԱՂՄՈՍ 119–ն յօրինողը խիստ փորձութիւն մը դիմագրաւեց։ Աստուծոյ օրէնքը արհամարհող ու յաւակնոտ թշնամիներ զինք կը ծաղրէին եւ կը զրպարտէին։ Իշխանաւորներ իր դէմ կը դաւադրէին ու զինք կը հալածէին։ Չարեր զինք կը պատէին ու իր կեանքին կը սպառնային։ Առ ի հետեւանք, ‘անոր անձը տրտմութենէ հալեցաւ’։ (Սաղմոս 119։9, 23, 28, 51, 61, 69, 85, 87, 161) Այսուհանդերձ սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։—Սաղմոս 119։97
2 Աստուծոյ օրէնքը ի՞նչպէս սփոփանքի ու մխիթարութեան աղբիւր կրնար ըլլալ սաղմոսերգուին։ Զինք կազդուրող բանը իր վստահութիւնն էր՝ թէ Եհովա իրմով հետաքրքրուած էր։ Այդ օրէնքին սիրալիր կարգադրութիւններուն քաջածանօթ ըլլալը սաղմոսերգուն երջանկացուց, ի հեճուկս հակառակորդներուն պատճառած նեղութիւններուն։ Ան գիտակցեցաւ որ Եհովա իրեն հետ ազնուաբար վարուած էր։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ օրէնքին տուած ուղղութիւնը կիրարկելով, սաղմոսերգուն իր թշնամիներէն աւելի իմաստուն եղաւ ու ինքզինք ողջ պահեց։ Ան օրէնքին հնազանդելով խաղաղութիւն ու բարի խղճմտանք վայելեց։—Սաղմոս 119։1, 9, 65, 93, 98, 165
3. Ներկայիս Քրիստոնեաներուն համար ինչո՞ւ դժուար է աստուածային չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։
3 Ներկայիս Աստուծոյ ծառաներէն ոմանց հաւատքը խիստ փորձութիւններու կ’ենթարկուի։ Թէեւ կեանքի սպառնացող տագնապ մը կրնանք չդիմագրաւել՝ ինչպէս սաղմոսերգուն դիմագրաւեց, սակայն կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ։ Շատեր՝ որոնց հետ ամէն օր շփման մէջ կու գանք, հոգեւոր արժանիքներու հանդէպ սէր չունին։ Անոնք անձնակեդրոն ու նիւթապաշտական նպատակակէտեր եւ յոխորտ ու անյարգալից վերաբերմունք ունին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Պատանի Քրիստոնեաները կանոնաւորաբար ստիպուած են իրենց բարոյական ուղղամտութեան սպառնացող փորձութիւններու դէմ դնել։ Այսպիսի միջավայրի մը մէջ, Եհովայի ու շիտակի հանդէպ մեր սէրը պահպանելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել։
4. Սաղմոսերգուն ի՞նչպէս Աստուծոյ օրէնքը գնահատեց, իսկ Քրիստոնեաները նոյնը պէ՞տք է ընեն։
4 Աստուծոյ օրէնքին վրայ գնահատութեամբ խոկալու համար ժամանակ տրամադրելը, սաղմոսերգուին օգնեց որ ճնշումներուն տոկայ եւ սկսի զայն սիրել։ Արդարեւ Սաղմոս 119–ի գրեթէ իւրաքանչիւր համար կը յիշէ Եհովայի օրէնքին որոշ մէկ երեսակը։ * Այսօր Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ չեն, որ Աստուած վաղեմի Իսրայէլի տուաւ։ (Կողոսացիս 2։14) Սակայն այդ Օրէնքին մէջ նշուած սկզբունքները մշտատեւ արժէք ունին։ Անոնք ինչպէս սաղմոսերգուն մխիթարեցին, նոյնպէս կրնան մխիթարել Աստուծոյ այժմու ծառաները, որոնք կը ջանան կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլել։
5. Մովսիսական Օրէնքին ո՞ր երեսակները նկատի պիտի առնենք։
5 Նկատի առնենք թէ ի՛նչ քաջալերութիւն կրնանք քաղել Մովսիսական Օրէնքին հետեւեալ երեք երեսակներէն. Շաբաթի կարգադրութիւնը, ճռաքաղութեան կարգադրութիւնը եւ ընչաքաղցութեան դէմ պատուիրանը։ Իւրաքանչիւր պարագային պիտի նկատենք թէ այս օրէնքներուն ետին գտնուող սկզբունքները ըմբռնելը կենսական է, եթէ կ’ուզենք ներկայ ժամանակները յատկանշող դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլել։
Մեր հոգեւոր պէտքը գոհացնել
6. Բոլոր մարդիկը հիմնական ի՞նչ պէտք ունին։
6 Մարդը ստեղծուած է մի քանի կարիքներով։ Օրինակ՝ ուտելիքը, խմելիքը ու բնակարանը անհրաժեշտ են, ֆիզիքական լաւ առողջութիւն պահպանելու համար։ Սակայն մարդը նաեւ իր «հոգեւոր պէտքին» հոգ պէտք է տանի, որպէսզի իսկապէս երջանիկ ըլլայ։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Եհովա այս բնածին պէտքը գոհացնելը ա՛յնքան հիմնական նկատեց, որ իր ժողովուրդին պատուիրեց որ ամէն շաբաթ իրենց սովորական գործունէութիւնները լման օր մը ընդհատեն, հոգեւոր բաներու ուշադրութիւն ընծայելու համար։
7, 8. (ա) Աստուած ի՞նչպէս տարբերութիւն դրաւ Շաբաթի ու միւս օրերուն միջեւ։ (բ) Շաբաթը ի՞նչ նպատակի ծառայեց։
7 Շաբաթի կարգադրութիւնը ընդգծեց հոգեւոր հետապնդումներու կարեւորութիւնը։ Աստուածաշունչին մէջ առաջին անգամ «Շաբաթ» բառը նշուած է՝ անապատին մէջ մանանայի հայթայթումին կապակցաբար։ Իսրայելացիներուն ըսուեցաւ որ այս հրաշալի հացը վեց օր հաւաքեն։ Անոնք վեցերորդ օրը «երկու օրուան հաց» պիտի հաւաքէին, քանի որ եօթներորդ օրը մանանայ պիտի չհայթայթուէր։ Եօթներորդ օրը ‘Տէրոջ սուրբ Շաբաթը’ պիտի ըլլար, որուն ընթացքին իւրաքանչիւրը իր տեղը պէտք էր կենար։ (Ելից 16։13-30) Տասը պատուիրաններէն մէկը նշեց որ Շաբաթ օրը ո՛չ մէկ գործ պէտք էր կատարուէր։ Անիկա սուրբ էր եւ զայն չպահելուն պատիժը մահ էր։—Ելից 20։8-11. Թուոց 15։32-36
8 Շաբաթի օրէնքը ցոյց տուաւ՝ իր ժողովուրդին ֆիզիքական ու հոգեւոր բարօրութեան հանդէպ Եհովայի հետաքրքրութիւնը։ «Շաբաթը մարդուն համար եղաւ», ըսաւ Յիսուս։ (Մարկոս 2։27) Անիկա Իսրայելացիներուն ո՛չ միայն թոյլ տուաւ որ հանգստանան, այլեւ առիթ տուաւ որ իրենց Ստեղծիչին մօտենան ու անոր հանդէպ սէր ցուցաբերեն։ (Բ. Օրինաց 5։12) Անիկա բացարձակապէս տրամադրուած էր հոգեւոր շահերու, ինչպէս՝ ընտանեկան պաշտամունք, աղօթք եւ Աստուծոյ Օրէնքին վրայ խորհրդածութիւն։ Կարգադրութիւնը Իսրայելացիներուն օգնեց որ իրենց ամբողջ ժամանակն ու կորովը նիւթական հետապնդումներու համար չգործածեն։ Շաբաթը անոնց յիշեցուց թէ Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը իրենց կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանն էր։ Յիսուս այդ անփոփոխ սկզբունքը կրկնեց, երբ ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։—Մատթէոս 4։4
9. Քրիստոնեաները Շաբաթի կարգադրութենէն ի՞նչ կը սորվին։
9 Թէեւ Աստուծոյ ժողովուրդէն այլեւս չէ պահանջուած բառացի Շաբաթ պահել, սակայն Շաբաթի կարգադրութիւնը պարզապէս պատմական հետաքրքրութիւն մը չէ։ (Կողոսացիս 2։16) Անիկա յիշեցում մըն է որ մենք ալ հոգեւոր գործունէութիւններուն նախապատուութիւն պէտք է տանք։ Նիւթական հետապնդումները կամ ժամանցները պէտք չէ շուքի մէջ ձգեն սրբազան գործունէութիւնները։ (Եբրայեցիս 4։9, 10) Ուստի մենք մեզի հարց տանք. «Ի՞նչ բան կեանքիս մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ։ Ուսումնասիրութեան, աղօթքի, քրիստոնէական ժողովներու եւ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան նախապատուութիւն կու տա՞մ։ Այլ հետաքրքրութիւններ զանոնք կը փոխարինե՞ն»։ Եթէ հոգեւոր հարցերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք, Եհովա մեզ կը հաւաստիացնէ թէ կեանքի անհրաժեշտութիւններուն կարօտ պիտի չըլլանք։—Մատթէոս 6։24-33
10. Հոգեւոր հարցերու համար ժամանակ յատկացնելով ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։
10 Աստուածաշունչն ու յարակից հրատարակութիւնները ուսումնասիրելու եւ անոնց պատգամին մասին խորապէս մտածելու համար տրամադրուած ժամանակը, մեզի կ’օգնէ Եհովայի աւելի մօտենալու։ (Յակոբու 4։8) Սուզան, որ շուրջ 40 տարի առաջ սկսաւ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելու համար ժամանակ յատկացնել, կը խոստովանի թէ սկիզբը ասիկա հաճելի չէր, այլ ծանր գործ մըն էր։ Բայց ան յարատեւելով՝ սկսաւ անկէ ախորժիլ։ Այժմ ան շատ կը տխրի եթէ պատճառով մը չկարենայ իր անձնական ուսումնասիրութիւնը ընել։ Ան կ’ըսէ. «Ուսումնասիրութիւնը ինծի օգնած է որ Եհովան ճանչնամ որպէս Հայր։ Կրնամ իրեն վստահիլ, իրեն ապաւինիլ եւ ազատօրէն իրեն աղօթել։ Իրապէս հոյակապ է տեսնել թէ Եհովա որքա՜ն կը սիրէ իր ծառաները, որքա՜ն կը հոգայ զիս, եւ ինծի համար ի՜նչ բաներ ըրած է»։ Մենք ալ կրնանք մեծ ուրախութիւն վայելել՝ մեր հոգեւոր պէտքերը կանոնաւորաբար հոգալով։
Ճռաքաղութեան վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքը
11. Բացատրէ ճռաքաղութեան կարգադրութիւնը։
11 Մովսիսական Օրէնքին երկրորդ երեսակը, որ իր ժողովուրդին բարօրութեամբ Աստուծոյ հետաքրքրուիլը կը յայտնէր, ճռաքաղելու իրաւունքն էր։ Եհովա պատուիրեց որ հունձքի ատեն, Իսրայելացի հողագործը չքաւորներուն թոյլ տայ որ մշակներուն ձգածը հաւաքեն։ Հողագործը իր արտին եզերքը ամբողջովին պէտք չէր հնձէր, այգիին մէջ մնացած խաղողը կամ ձիթապտուղը պէտք չէր ժողվէր, իսկ դաշտին մէջ մոռցուած որան առնելու համար պէտք չէր վերադառնար։ Ասիկա սիրալիր կարգադրութիւն մըն էր՝ ի նպաստ աղքատներուն, օտարականներուն, որբերուն եւ այրիներուն։ Ճիշդ է որ ճռաքաղութիւնը ծանր աշխատանք էր, բայց անոր միջոցով անոնք մուրալէ կը խուսափէին։—Ղեւտացւոց 19։9, 10. Բ. Օրինաց 24։19-22. Սաղմոս 37։25
12. Ճռաքաղութեան կարգադրութիւնը ի՞նչ պատեհութիւն ընծայեց հողագործին։
12 Ճռաքաղութեան վերաբերեալ օրէնքը չսահմանեց թէ հողագործը չքաւորներուն համար ո՛րքան ձգելու էր։ Հողագործը ի՛նք պիտի որոշէր թէ իր արտին եզերքը որ պիտի չհնձէր, նե՛ղ թէ լայն ըլլար։ Ուստի այս կարգադրութիւնը առատաձեռնութիւնը քաջալերեց ու հողագործին պատեհութիւն տուաւ որ Մեծ Հայթայթիչին հանդէպ իր գնահատութիւնը յայտնէ, քանի որ ‘տնանկին ողորմութիւն ընողը անոր Ստեղծիչը կը պատուէ’։ (Առակաց 14։31) Բոոս ասիկա ըրաւ։ Ան ազնուօրէն կարգադրեց որ իր արտերուն մէջ ճռաքաղող այրի Հռութը շատ ցորեն հաւաքէ։ Եհովա Բոոսը մեծապէս վարձատրեց իր առատաձեռնութեան համար։—Հռութայ 2։15, 16. 4։21, 22. Առակաց 19։17
13. Ճռաքաղութեան վերաբերեալ օրէնքէն ի՞նչ կը սորվինք։
13 Ճռաքաղութեան վերաբերեալ օրէնքին Ղուկաս 6։38
ետին եղող սկզբունքը չէ փոխուած։ Եհովա իր ծառաներէն կ’ակնկալէ առատաձեռն ըլլալ, մանաւանդ չքաւորներուն հանդէպ։ Ո՛րքան աւելի առատաձեռն ըլլանք, ա՛յնքան աւելի օրհնութիւններ պիտի ստանանք։ Յիսուս ըսաւ. «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։—14, 15. Ի՞նչպէս կրնանք առատաձեռնութիւն ցուցաբերել, եւ ի՞նչ օգուտներ յառաջ կու գան թէ՛ մեզի եւ թէ անոնց՝ որոնց կ’օգնենք։
14 Պօղոս առաքեալ յորդորեց որ «բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10) Ուստի, երբ հաւատակից Քրիստոնեաներ հաւատքի փորձութիւններ դիմագրաւեն, պիտի ուզենք վստահ ըլլալ թէ հոգեւոր օգնութիւն կը ստանան։ Անոնք նաեւ կրնան գործնական օգնութեան կարիք ունենալ, ինչպէս՝ որպէսզի Թագաւորութեան Սրահ երթան կամ գնումներ ընեն։ Ժողովքիդ մէջ տարեց, հիւանդ կամ տան մէջ արգելափակուած անհատ մը կա՞յ, որ քաջալերական այցելութեան կամ օգնական ձեռքի կը կարօտի։ Եթէ ջանանք այսպիսի կարիքներ զատորոշել, թերեւս Եհովա մեզ գործածէ կարօտեալի մը աղօթքներուն պատասխանելու համար։ Թէեւ իրարու հոգ տանիլը քրիստոնէական պարտաւորութիւն մըն է, սակայն հոգատարին ալ կ’օգտէ։ Մեր հաւատակիցներուն հանդէպ հարազատ սէր ցուցաբերելով, մեծ ուրախութիւն, խոր գոհունակութիւն եւ Եհովայի հաճութիւնը կը վայելենք։—Առակաց 15։29
15 Քրիստոնեաները անձնուրաց վերաբերմունք կը ցուցաբերեն նաեւ ուրիշ կարեւոր կերպով մը,– իրենց ժամանակն ու կորովը գործածել Աստուծոյ նպատակներուն մասին խօսելու։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ոեւէ անհատ որ ուրիշի մը օգնած է իր կեանքը Եհովայի նուիրելու, Յիսուսի սա խօսքին ճշմարիտ ըլլալը շօշափած է. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—Գործք 20։35
Ընչաքաղցութենէ զգուշանալ
16, 17. Տասներորդ պատուիրանը ի՞նչ բան արգիլեց եւ ինչո՞ւ։
16 Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքին երրորդ երեսակը որ պիտի քննարկենք, ընչաքաղցութիւնը արգիլող տասներորդ պատուիրանն է։ Օրէնքը ըսաւ. «Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր Ելից 20։17) Ո՛չ մէկ մարդ կրնար այսպիսի պատուիրան մը պարտադրել, քանի որ ո՛չ ոք կրնայ սիրտերը կարդալ։ Այդ պատուիրանը դրաւ Օրէնքը աւելի բարձր մակարդակի վրայ, քան՝ մարդկային արդարադատութիւնը։ Անիկա իւրաքանչիւր Իսրայելացիի օգնեց որ ըմբռնէ թէ ինք ուղղակի Եհովայի համարատու է, որ կրնայ սիրտին հակումները կարդալ։ (Ա. Թագաւորաց 16։7) Ասկէ զատ, այս պատուիրանը մատնանշեց շատ մը անօրէն արարքներու բուն արմատը։—Յակոբու 1։14
եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։ (17 Ընչաքաղցութեան դէմ եղող օրէնքը քաջալերեց Աստուծոյ ժողովուրդը որ նիւթապաշտութենէ, ագահութենէ եւ իրենց կացութենէն դժգոհելէ խուսափին։ Անիկա նաեւ անոնց օգնեց որ գողութեան կամ անբարոյութեան փորձութեան տեղի չտան։ Միշտ պիտի ըլլան անհատներ, որոնց նիւթական ստացուածքներուն վրայ կը հիանանք կամ որոնք կերպով մը մեզմէ աւելի յաջողակ կը թուին։ Եթէ այսպիսի պարագաներու ներքեւ մեր մտածումը չզսպենք, կրնանք ապերջանիկ դառնալ եւ ուրիշներուն նախանձիլ։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ ընչաքաղցութիւնը «խոտելի միտք» կը յայտնէ։ Արդ, անկէ հեռու կենալով շատ աւելի լաւ կ’ըլլանք։—Հռովմայեցիս 1։28-30, ԱՎ
18. Ներկայիս աշխարհի մէջ ի՞նչ հոգի տիրական է եւ ի՞նչ ժխտական ազդեցութիւններ յառաջ կը բերէ։
18 Ներկայիս աշխարհի մէջ տիրական եղող հոգին կը յառաջացնէ նիւթապաշտութիւնն ու մրցակցութիւնը։ Վաճառականութիւնը ծանուցումներու միջոցով նոր արտադրութիւններու հանդէպ ցանկութիւն կը գրգռէ եւ յաճախ այն գաղափարը կը հաղորդէ թէ առանց անոնց՝ ապերջանիկ պիտի ըլլանք։ Եհովայի Օրէնքը ճիշդ այս հոգին է որ դատապարտեց, ինչպէս նաեւ՝ կեանքի մէջ ամէն գնով յառաջդիմելու եւ հարստութիւն դիզելու ցանկութիւնը։ Պօղոս առաքեալ ազդարարեց. «Անոնք որ կը փափաքին հարստանալ՝ կ’իյնան փորձութեան եւ թակարդի, ու շատ անմիտ եւ վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք կ’ընկղմեն մարդիկը աւերումի կամ կորուստի մէջ. որովհետեւ բոլոր չարիքներուն արմատը՝ արծաթսիրութիւնն է, որուն բաղձալով՝ ոմանք մոլորեցան հաւատքէն եւ իրենք զիրենք խոցեցին շատ ցաւերով»։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10, ԱՎ
19, 20. (ա) Եհովայի օրէնքը սիրողին համար, ի՞նչ բաներ իսկապէս արժէքաւոր են։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նիւթ պիտի քննարկէ։
19 Աստուծոյ օրէնքը սիրողները նիւթապաշտական հոգիին վտանգները կը զատորոշեն եւ անկէ պաշտպանուած են։ Օրինակ, սաղմոսերգուն Եհովայի աղօթեց. «Իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ յօժարեցուր ու ո՛չ թէ ագահութեան։ Ինծի հազարաւոր ոսկիէ ու արծաթէ աւելի աղէկ է քու բերնիդ օրէնքը»։ (Սաղմոս 119։36, 72) Համոզուելով որ այդ խօսքերը ճշմարիտ են, պիտի կարենանք հարկ եղած հաւասարակշռութիւնը պահպանել, որպէսզի նիւթապաշտութենէ, ագահութենէ եւ կեանքի մէջ մեր վիճակէն դժգոհելէ խուսափինք։ Մեծագոյն շահի բանալին «աստուածպաշտութիւն»ն է, եւ ո՛չ թէ՝ ստացուածքներ կուտակելը։—Ա. Տիմոթէոս 6։6
20 Վաղեմի Իսրայէլի տրուած Մովսիսական Օրէնքին ետին եղող սկզբունքները, ներկայ դժուարին օրերուն ալ արժէքաւոր են։ Զանոնք մեր կեանքին մէջ ո՛րքան աւելի կիրարկենք, ա՛յնքան աւելի զանոնք պիտի գնահատենք ու սիրենք, եւ երջանիկ պիտի ըլլանք։ Մովսիսական Օրէնքը բազմաթիւ արժէքաւոր դասեր կը ներկայացնէ մեզի, իսկ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններուն փորձառութիւնները զանոնք վառ կերպով կը յիշեցնեն։ Անոնցմէ ոմանք նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 4 Այս սաղմոսին 176 համարները, բացի 4 համարէ, կը նշեն Եհովայի դատաստանները, խօսքերը, խօսքը, կանոնները, հրամանները, ճամբան, պատուիրանները, վկայութիւնները եւ օրէնքը։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Սաղմոս 119–ն յօրինողը ինչո՞ւ Եհովայի օրէնքը սիրեց։
• Քրիստոնեաները Շաբաթի կարգադրութենէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։
• Ճռաքաղութեան վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքը ի՞նչ մնայուն արժէք ունի։
• Ընչաքաղցութիւնը արգիլող պատուիրանը ի՞նչպէս կը պաշտպանէ մեզ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
Շաբաթի օրէնքը ի՞նչ ընդգծեց
[Նկար՝ էջ 11]
Ճռաքաղութեան վերաբերեալ օրէնքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ