Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատանինե՛ր, ընտրեցէք Եհովայի ծառայել

Պատանինե՛ր, ընտրեցէք Եհովայի ծառայել

Պատանինե՛ր, ընտրեցէք Եհովայի ծառայել

«Ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք»։—ՅԵՍՈՒԱՅ 24։15

1, 2. Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ մկրտութեան ի՞նչ սխալ տեսակներ գործադրուած են։

«ԵՐԲ [երախաները] Քրիստոսը ճանչնալու կարող ըլլան, այն ատեն թող Քրիստոնեայ դառնան»։ Տերտուղիանոս այս խօսքերը գրեց Հ.Դ. երկրորդ դարու վերջաւորութեան։ Ան կը բողոքէր մանուկներու մկրտութեան դէմ,– սովորութիւն մը՝ որ իր օրուան հաւատուրաց Քրիստոնէութեան մէջ սկսած էր արմատ կապել։ Տերտուղիանոսի ու Աստուածաշունչի հետ անհամաձայն գտնուելով, Եկեղեցական Հայր Օգոստինոս դաւանեցաւ թէ մկրտութիւնը սկզբնական մեղքին բիծը կը վերցնէ եւ թէ չմկրտուած մանուկը որ կը մահանայ՝ անիծեալ է։ Այս հաւատալիքը յառաջացուց մանուկները կարելի եղածին չափ շուտով մկրտելու սովորութիւնը։

2 Քրիստոնեայ Աշխարհի գլխաւոր եկեղեցիներէն շատեր տակաւին նորածինները կը մկրտեն։ Ասկէ զատ, ամբողջ պատմութեան ընթացքին, այդպէս կոչուած Քրիստոնեայ ազգերու կառավարիչներն ու կրօնական առաջնորդները, պարտադիր մկրտութեան կ’ենթարկէին նուաճուած «հեթանոսները»։ Բայց մանուկներու մկրտութիւնը եւ չափահասներու պարտադիր մկրտութիւնը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած չեն։

Ներկայիս ակամայ նուիրում չկայ

3, 4. Ի՞նչ բան կրնայ նուիրեալ ծնողներու զաւակներուն օգնել որ կամովին նուիրուին։

3 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Աստուած երախաները սուրբ կը նկատէ, նոյնիսկ եթէ ծնողներէն միայն մէկը հաւատարիմ Քրիստոնեայ է։ (Ա. Կորնթացիս 7։14) Ասիկա սոյն երախաները Եհովայի նուիրուած ծառաներ կը դարձնէ՞։ Ո՛չ։ Սակայն Եհովայի նուիրուած ծնողներու կողմէ դաստիարակուած երախաները կը մղուին կամովին Եհովայի նուիրուելու։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր։ . . . Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն. քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին։ Քանզի պատուիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է։ Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են»։—Առակաց 6։20-23

4 Քրիստոնեայ ծնողներու առաջնորդութիւնը կրնայ դեռատիներուն համար պաշտպանութիւն ըլլալ, պայմանաւ որ անոր հետեւին։ Սողոմոն նաեւ նշեց. «Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է»։ «Որդեա՛կ իմ, լսէ՛ ու իմաստուն եղի՛ր եւ քու սիրտդ դէպի ուղիղ ճամբան շտկէ՛»։ (Առակաց 10։1. 23։19) Այո, պատանինե՛ր, ծնողական մարզումէն օգտուելու համար, սիրայօժար պէտք է ընդունիք խրատը, ցուցմունքը եւ կրթութիւնը։ Դուք իմաստուն չէք ծնած, բայց կրնա՛ք ‘իմաստուն ըլլալ’ եւ կամաւ ‘կեանքի ճամբային’ հետեւիլ։

Ի՞նչ է «Տէրոջը վարժութիւն»ը

5. Պօղոս ի՞նչ խրատ տուաւ երախաներուն եւ հայրերուն։

5 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով,) որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ։ Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։—Եփեսացիս 6։1-4

6, 7. Երախաները ‘Տէրոջ վարժութեամբ’ մեծցնելը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ ինչո՞ւ ասիկա չի նշանակեր թէ ծնողքը իրենց զաւակներուն վրայ անիրաւօրէն ազդեցութիւն կը բանեցնեն։

6 Քրիստոնեայ ծնողները իրենց զաւակներուն վրայ անիրաւօրէն ազդեցութիւն բանեցուցած կ’ըլլա՞ն, երբ զիրենք ‘մեծցնեն Տէրոջ վարժութեամբ ու խրատով’։ Ո՛չ։ Ո՞վ կրնայ քննադատել ծնողներ, որոնք իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն ի՛նչ որ շիտակ եւ բարոյապէս օգտակար կը նկատեն։ Երբ անաստուածներ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն թէ Աստուած գոյութիւն չունի, ոեւէ մէկը զիրենք չի քննադատեր։ Կաթողիկէներ պարտաւորութիւն կը սեպեն իրենց զաւակները Կաթողիկէ հաւատքին մէջ մեծցնել, իսկ ասոր համար քիչեր զիրենք կը քննադատեն։ Նմանապէս, Եհովայի Վկաները պէտք չէ ամբաստանուին թէ իրենց զաւակներուն ուղեղը կը ղեկավարեն, երբ անոնց կ’օգնեն որ հիմնական ճշմարտութիւններու ու բարոյական սկզբունքներու շուրջ Եհովայի մտածումը որդեգրեն։

7 Ըստ բառարանի մը (Theological Dictionary of the New Testament), Եփեսացիս 6։4–ի մէջ «վարժութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը կ’ակնարկէ ընթացքի մը, որ «կը փորձէ միտքը սրբագրել, սխալը շտկել, հոգեւոր վերաբերմունքը բարելաւել»։ Եթէ պատանի մը շրջապատի ճնշումին պատճառով ծնողական մարզումին ընդդիմանայ եւ ուզէ իր տարեկիցներուն նման ըլլալ, ո՞վ է վնասակար ճնշում բանեցնողը,– ծնո՞ղքը թէ անոր տարեկիցները։ Եթէ պատանիին տարեկիցները զինք կը քաջալերեն որ թմրեցուցիչ գործածէ, չափազանց խմիչք խմէ կամ անբարոյութեան անձնատուր ըլլայ, ծնողքը պէ՞տք է քննադատուին, քանի որ կը փորձեն իրենց զաւակին մտածելակերպը ճշդել եւ անոր օգնել որ այս վտանգաւոր վարքի հետեւանքները ըմբռնէ։

8. Տիմոթէոս ի՞նչպէս համոզուեցաւ որ Քրիստոնեայ ըլլայ։

8 Պօղոս առաքեալ երիտասարդ Տիմոթէոսի գրեց. «Դուն հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Տիմոթէոսի մատղաշ տարիքէն, անոր մայրն ու մեծ մայրը Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը ամրօրէն հիմնեցին Սուրբ Գրութիւններու գիտութեան վրայ։ (Գործք 16։1. Բ. Տիմոթէոս 1։5) Հետագային, երբ անոնք Քրիստոնեայ դարձան, Տիմոթէոսը չստիպեցին որ Քրիստոնէութիւնը ընդունի, այլ՝ Սուրբ Գրութիւններու գիտութեան հիման վրայ պատճառաբանելով զինք համոզեցին։

Եհովա քեզ կը հրաւիրէ որ ընտրես

9. (ա) Եհովա իր մտացի արարածները ի՞նչպէս պատուեց եւ ինչո՞ւ։ (բ) Աստուծոյ միածին Որդին ի՞նչպէս գործածեց իր ազատ կամքը։

9 Եհովա կրնար իր մտացի արարածները մարդամեքենաներ ընել, որոնք միայն ի՛ր կամքը կը կատարեն։ Բայց ան զիրենք պատուեց՝ ազատ կամք շնորհելով, քանի որ կ’ուզէ կամեցո՛ղ հպատակներ ունենալ։ Ան կ’ախորժի իր մտացի արարածներէն, տարեց թէ երիտասարդ, որոնք սէրէ մղուած իրեն կը ծառայեն։ Աստուծոյ կամքին սիրով ենթարկուելու լաւագոյն օրինակն է իր միածին Որդին, որուն մասին ըսաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ (Մատթէոս 3։17) Այս անդրանիկ Որդին իր Հօր ըսաւ. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։—Սաղմոս 40։8. Եբրայեցիս 10։9, 10

10. Ի՞նչ բանի հիման վրայ կարելի է ընդունելի կերպով Եհովայի ծառայել։

10 Եհովա իր Որդիին առաջնորդութեան ներքեւ իրեն ծառայողներէն կ’ակնկալէ որ նոյնպէս կամաւ Իր կամքին ենթարկուին։ Առ ի մարգարէութիւն, սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն աւելի պիտի ըլլան քեզի»։ (Սաղմոս 110։3) Եհովայի ամբողջ կազմակերպութիւնը, թէ՛ երկնային մասը եւ թէ երկրային մասը, սէրէ մղուած Իր կամքին կ’ենթարկուի։

11. Նուիրեալ ծնողներու կողմէ մեծցած պատանիներուն առջեւ ի՞նչ ընտրութիւն դրուած է։

11 Արդ, պատանինե՛ր, պէտք է գիտակցիք թէ ձեր ծնողքը եւ ժողովքի երէցները ձեզ պիտի չստիպեն որ մկրտուիք։ Եհովայի ծառայելու փափաքը ձեր սիրտէն պէտք է բխի։ Յեսու Իսրայելացիներուն ըսաւ. «[Եհովայի] հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ ծառայութիւն ըրէք . . . ։ Ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք»։ (Յեսուայ 24։14-22) Նմանապէս ձեզի՛ կ’իյնայ որոշել Եհովայի նուիրուիլ ու ձեր կեանքը տրամադրել իր կամքը կատարելու։

Պատասխանատուութիւնդ ընդունէ

12. (ա) Թէեւ ծնողներ կրնան իրենց զաւակները մարզել, բայց ի՞նչ բան չեն կրնար ընել անոնց տեղ։ (բ) Դեռատի մը ե՞րբ Եհովայի առջեւ պատասխանատու կ’ըլլայ իր կայացուցած որոշումներուն համար։

12 Դեռատինե՛ր, ժամանակ մը պիտի գայ, երբ այլեւս ձեր ծնողքին հաւատարմութեամբ պաշտպանուած պիտի չըլլաք։ (Ա. Կորնթացիս 7։14) Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ով որ բարին ընելը գիտնայ ու չընէ, ան մեղք է անոր»։ (Յակոբու 4։17) Ո՛չ ծնողքը կրնան Աստուծոյ ծառայել իրենց զաւակներուն տեղ, ո՛չ ալ զաւակները կրնան Աստուծոյ ծառայել իրենց ծնողքին տեղ։ (Եզեկիէլ 18։20) Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին սորվա՞ծ ես։ Տարիքդ կը ներէ՞ որ սորվածդ ըմբռնես ու իրեն հետ անձնական յարաբերութիւն մը սկսիս ունենալ։ Ուրեմն տրամաբանական չէ՞ խորհիլ թէ Աստուծոյ աչքին դուն իրեն ծառայելու որոշումը կայացնելու կարող ես։

13. Չմկրտուած պատանիները իրենք իրենց ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղեն։

13 Եթէ չմկրտուած պատանի մըն ես, որ աստուածապաշտ ծնողքի կողմէ մեծցած ես, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ կը գտնուիս եւ նոյնիսկ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան կը մասնակցիս, պարկեշտօրէն դուն քեզի հարց տուր. ‘Այս բաները ինչո՞ւ կ’ընեմ։ Քանի որ կ’ուզեմ Եհովա՞ն հաճեցնել թէ ընել ի՛նչ որ ծնո՞ղքս ինձմէ կ’ակնկալեն’։ Անձամբ քննա՞ծ ես թէ «ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։—Հռովմայեցիս 12։2

Մկրտութիւնը մի՛ ձգձգեր

14. Աստուածաշնչական ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ մկրտութիւնը անտեղիօրէն պէտք չէ յետաձգուի։

14 «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ Փիլիպպոս աւետարանիչին այս հարցումը ուղղող Եթովպիացի մարդը նոր իմացեր էր թէ Յիսուս՝ Մեսիան էր։ Բայց Եթովպիացին Սուրբ Գրութիւններէն բաւարար գիտութիւն ունենալով, գիտակցեցաւ որ անյապաղ յայտարարելու է թէ այսուհետեւ Եհովայի պիտի ծառայէր որպէս քրիստոնէական ժողովքին մէկ անդամը, եւ ասիկա իրեն շատ ուրախութիւն պատճառեց։ (Գործք 8։26-39) Նոյնպէս, Լիդիա անունով կին մը, «որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ», ինք եւ իր ընտանիքը անմիջապէս «մկրտուեցան»։ (Գործք 16։14, 15) Իսկ Փիլիպպէի մէջ, երբ Պօղոս ու Շիղա «Տէրոջը խօսքը խօսեցան» բանտապետին, անյապաղ «մկրտուեցան ինք ու բոլոր իրենները»։ (Գործք 16։25-34) Հետեւաբար, եթէ ունիս Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին հիմնական գիտութիւն, իր կամքը կատարելու անկեղծ փափաք եւ ժողովքին մէջ լաւ համբաւ, եւ եթէ հաւատարմաբար ժողովներուն ներկայ կը գտնուիս ու Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան կը մասնակցիս, ինչո՞ւ մկրտութիւնդ պիտի յետաձգես։—Մատթէոս 28։19, 20

15, 16. (ա) Ո՞ր սխալ գաղափարը կրնայ կարգ մը դեռատիներ մկրտուելէ ետ պահել։ (բ) Նուիրումն ու մկրտութիւնը ի՞նչպէս կրնայ դեռատիները պաշտպանել։

15 Եթէ կը վարանիս այս կարեւոր քայլը առնելու, քանի որ կը վախնաս հետագային համարատու ըլլալ յանցագործութեան մը համար, պահ մը մտածէ. պիտի մերժէի՞ր ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրը ձեռք ձգել, պարզ անոր համար որ կը վախնաս արկած մը պատճառել։ Անշուշտ ո՛չ։ Ուրեմն մի՛ տատամսիր մկրտուելու, եթէ որակեալ ես։ Արդարեւ, կեանքդ Եհովայի նուիրելով եւ որոշելով իր կամքը կատարել, մեծապէս պիտի խթանուիս որ ամէն ջանք թափես յանցագործութեան դէմ դնելու։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Պատանինե՛ր, մի՛ խորհիք թէ մկրտութիւնը յետաձգելով համարատու ըլլալէ կը խուսափիք։ Երբ կը թեւակոխէք այն տարիքը՝ որուն մէջ կրնաք պատասխանատուութիւն կրել, ձեր ըրածներուն համար Եհովայի համարատու էք, մկրտուած ըլլա՛ք կամ ոչ։—Հռովմայեցիս 14։11, 12

16 Աշխարհի տարածքին բազմաթիւ Վկաներ կը նշեն թէ մկրտուելու իրենց որոշումը՝ երբ դեռատի էին, մեծապէս օգնեց իրենց։ Օրինակ, նկատի առ Արեւմտեան Եւրոպայէն 23 տարեկան Վկայ մը։ Ան կը մտաբերէ թէ 13 տարեկանին մկրտուիլը, զինք մղեց զգոյշ ըլլալու որ «երիտասարդական ցանկութիւններ»ուն տեղի չտայ։ (Բ. Տիմոթէոս 2։22) Ան մատղաշ տարիքէն իր աչքերը սեւեռած էր լիաժամ ծառայութեան վրայ։ Ներկայիս ան ուրախութեամբ կը ծառայէ Եհովայի Վկաներու մէկ մասնաճիւղին մէջ։ Ճոխ օրհնութիւններ վերապահուած են բոլոր պատանիներուն,– եւ քեզի,– որոնք կ’ընտրեն Եհովայի ծառայել։

17. Ո՞ր մարզերուն մէջ անհրաժեշտ է որ հասկնանք թէ ի՛նչ է «Տէրոջը կամքը»։

17 Նուիրումով եւ մկրտութեամբ կը սկսինք կենցաղ մը, որուն մէջ Եհովայի կամքը հաշուի կ’առնենք մեր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ։ Մեր նուիրումը կատարելու համար, ‘ժամանակը ծախու պէտք է առնենք’։ Ի՞նչպէս։ Անօգուտ զբաղումներու տրամադրուած ժամանակը գործածելով՝ Աստուածաշունչը լրջօրէն սերտելու, կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան լիովին մասնակցելու համար։ (Եփեսացիս 5։15, 16. Մատթէոս 24։14) Եհովայի նուիրուիլը եւ իր կամքը կատարելու փափաքը, օգտակար ազդեցութիւն ունին մեր կեանքի բոլոր երեսակներուն վրայ, ի ներառեալ՝ մեր ընտրած ժամանցը, մեր ուտելու ու խմելու սովորութիւնները եւ մեր ունկնդրած երաժշտութիւնը։ Ինչո՞ւ չընտրես ժամանցի այն տեսակը, որ կրնաս ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին վայելել։ Անհամար պատանի Վկաներ քեզի պիտի ըսեն թէ զուարճանալու բազմաթիւ օգտակար կերպեր կան, որոնք «Տէրոջը կամք»ին հակառակ չեն։—Եփեսացիս 5։17-19

«Ձեզի հետ երթանք»

18. Պատանիները իրենք իրենց ի՞նչ հարցում պէտք է ուղղեն։

18 Հ.Դ.Ա. 1513–էն մինչեւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէն, Եհովա երկրի վրայ կազմակերպուած ժողովուրդ մը ունէր, զոր ընտրած էր զինք պաշտելու եւ իր վկաները ըլլալու։ (Եսայեայ 43։12) Դեռատի Իսրայելացիները ի ծնէ այդ ազգին անդամները եղան։ Պէնտէկոստէէն ի վեր, Եհովա երկրի վրայ նոր «ազգ» մը ունի՝ հոգեւոր Իսրայէլը, ‘ժողովուրդ մը՝ իր անուանը համար’։ (Ա. Պետրոս 2։9, 10. Գործք 15։14. Գաղատացիս 6։16) Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ Քրիստոս իրեն ‘սեփական ժողովուրդ մը մաքրած է՝ բարի գործերու նախանձախնդիր’։ (Տիտոս 2։14) Պատանինե՛ր, անձամբ պէտք է զատորոշէք թէ այս ժողովուրդը ո՛ւր կը գտնուի։ Այսօր ո՞վ է «ճշմարտութիւն պահող արդար ազգը», որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրի, որպէս Եհովայի հաւատարիմ Վկաներ կը գործէ եւ Իր Թագաւորութիւնը կը յայտարարէ որպէս մարդկութեան միակ յոյսը։ (Եսայեայ 26։2-4) Նայեցէք Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն եւ միւս կրօնքներուն, եւ անոնց վարքը համեմատեցէք Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաներէն Աստուածաշունչի պահանջածին հետ։

19. Աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ ի՞նչ համոզում ունին։

19 Համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ, ի ներառեալ՝ բազմաթիւ պատանիներ, համոզուած են թէ այդ «արդար ազգը» Եհովայի Վկաներու օծեալ մնացորդն է։ Անոնք այս հոգեւոր Իսրայելացիներուն կ’ըսեն. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։ (Զաքարեայ 8։23) Պատանինե՛ր, իրապէս կը յուսանք եւ կ’աղօթենք որ որոշէք Աստուծոյ ժողովուրդին մէկ անդամը ըլլալ եւ այսպիսով ‘կեանքը ընտրել’,– յաւիտենական կեանքը Եհովայի նոր աշխարհին մէջ։—Բ. Օրինաց 30։15-20. Բ. Պետրոս 3։11-13

Վերաքաղի համար

• «Տէրոջը վարժութիւն»ը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Ինչպիսի՞ ծառայութիւն Եհովայի ընդունելի է։

• Նուիրեալ ծնողներու կողմէ մեծցած բոլոր պատանիներուն առջեւ ի՞նչ ընտրութիւն կայ։

• Մկրտութիւնը ինչո՞ւ անտեղիօրէն պէտք չէ յետաձգուի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 24]

Որո՞նց մտիկ պիտի ընես

[Նկար՝ էջ 25]

Ի՞նչ բան քեզ մկրտուելէ ետ կը պահէ

[Նկար՝ էջ 26]

Նուիրումը եւ մկրտութիւնը ի՞նչպէս կրնան քեզ պաշտպանել