Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Քու յիշեցումներդ իմ ուրախութիւնս են’

‘Քու յիշեցումներդ իմ ուրախութիւնս են’

‘Քու յիշեցումներդ իմ ուրախութիւնս են’

«Նախապէս գրուած ամէն ինչ՝ գրուեցաւ որ մե՛նք սորվինք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 15։4, ԱՎ

1. Եհովա ի՞նչպէս յիշեցումներ կու տայ մեզի, եւ ինչո՞ւ անոնց կարիք ունինք։

ԵՀՈՎԱ իր ժողովուրդին յիշեցումներ կու տայ, անոնց օգնելու որ ներկայ դժուարին ժամանակներու ճնշումներուն հետ գլուխ ելլեն։ Այս յիշեցումները մեր ուշադրութեան կը յանձնուին Աստուածաշունչի անձնական ընթերցանութեան ընթացքին եւ քրիստոնէական ժողովներուն մէջ, երբ տեղեկութիւններ կամ մեկնաբանութիւններ կը ներկայացուին։ Այդ պահերուն մեր կարդացած կամ լսած բաներուն մեծամասնութիւնը նորութիւն չէ։ Հաւանաբար համանման տեղեկութիւններ նախապէս նկատի առած ենք։ Բայց քանի որ մոռնալու հակամէտ ենք, յարատեւ կարիք ունինք Եհովայի նպատակներուն, օրէնքներուն եւ հրահանգներուն առնչութեամբ մեր յիշողութիւնը խթանելու։ Աստուծոյ յիշեցումները պէտք է գնահատենք։ Անոնք մեր հոգին կը նորոգեն, մեզի օգնելով որ կեդրոնանանք այն պատճառներուն վրայ, որոնք մեզ մղեցին բարեպաշտ կենցաղ մը որդեգրելու։ Սաղմոսերգուն իր խօսքը Եհովայի ուղղելով՝ տաղերգեց. «Քու վկայութիւններդ [«յիշեցումներդ», ՆԱ ] իմ ուրախութիւնս . . . են»։—Սաղմոս 119։24

2, 3. (ա) Եհովա իր Խօսքին մէջ ինչո՞ւ պարփակած է աստուածաշնչական անձնաւորութիւններու կենսագրութիւնը։ (բ) Այժմ նկատի պիտի առնենք աստուածաշնչական ի՞նչ արձանագրութիւններ։

2 Աստուծոյ Խօսքը դարեր առաջ գրուելով հանդերձ՝ ուժեղ է։ (Եբրայեցիս 4։12) Անիկա կը ներկայացնէ աստուածաշնչական անձնաւորութիւններուն իսկական կենսագրութիւնը։ Աստուածաշունչի ժամանակներէն ետք, սովորութիւններն ու տեսակէտները շատ փոխուած են, բայց դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները յաճախ նոյնն են։ Աստուածաշունչը կը ներկայացնէ անհատներու սրտագրաւ օրինակներ, որոնք Եհովան սիրեցին եւ աննպաստ պարագաներու ներքեւ հաւատարմօրէն իրեն ծառայեցին։ Այլ պատմութիւններ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն Աստուծոյ ատած վարքին վրայ։ Եհովա անհատներու վերաբերեալ այս արձանագրութիւնները, դրական թէ ժխտական, պարփակեց Աստուածաշունչին մէջ իբրեւ յիշեցումներ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ նշեց. «Նախապէս գրուած ամէն ինչ՝ գրուեցաւ որ մե՛նք սորվինք, որպէսզի յոյս ունենանք՝ համբերութեամբ ու Գիրքերուն մխիթարութեամբ»։—Հռովմայեցիս 15։4, ԱՎ

3 Այժմ նկատի առնենք աստուածաշնչական երեք արձանագրութիւններ. Սաւուղի հետ Դաւիթի գործառնութիւնները, Անանիայի ու Սափիրայի վերաբերեալ, եւ Պետափրէսի կնոջ հանդէպ Յովսէփի վերաբերմունքը։ Իւրաքանչիւրէն արժէքաւոր դասեր պիտի քաղենք։

Աստուծոյ կարգադրութիւններուն հանդէպ հաւատարմութիւն

4, 5. (ա) Սաւուղ թագաւորին ու Դաւիթի միջեւ ի՞նչ հարց կար։ (բ) Դաւիթ ի՞նչպէս հակազդեց Սաւուղի ատելութեան։

4 Սաւուղ թագաւոր Եհովայի անհաւատարիմ գտնուեցաւ եւ այլեւս արժանի չէր որ Իր ժողովուրդին վրայ իշխէր։ Ուստի Աստուած մերժեց զինք եւ Սամուէլ մարգարէին միջոցով Դաւիթը օծեց որպէս Իսրայէլի ապագայ թագաւորը։ Երբ Դաւիթ քաջ ռազմիկ մը ըլլալը ապացուցանեց ու ժողովուրդին գովասանքին արժանացաւ, Սաւուղ սկսաւ զինք մրցակից նկատել եւ կրկին անգամ փորձեց զինք սպաննել, բայց իւրաքանչիւր անգամին Դաւիթ ազատեցաւ, քանի որ Եհովա իրեն հետ էր։—Ա. Թագաւորաց 18։6-12, 25. 19։10, 11

5 Տարիներ շարունակ, Դաւիթ ստիպուեցաւ ապրիլ իբրեւ փախստական մը։ Երբ Սաւուղը սպաննելու պատեհութիւնը հանդիսացաւ, Դաւիթի ընկերները զինք քաջալերեցին՝ ըսելով թէ Եհովա իր թշնամին իր ձեռքը կը մատնէր։ Սակայն Դաւիթ մերժեց, քանի որ Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւն ունէր, ինչպէս նաեւ յարգանք՝ Սաւուղի դիրքին հանդէպ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին օծեալ թագաւորը։ Եհովա ինք Սաւուղը նշանակած էր թագաւոր, ուստի յարմար ժամանակին՝ ի՛նք պիտի գահազրկէր զինք։ Դաւիթ պատճառաբանեց թէ իրեն չէր իյնար այս հարցին խառնուիլ։ Սաւուղի թշնամանքը մեղմացնելու համար իր ձեռքէն եկածը ընելէ ետք, Դաւիթ եզրակացուց. «Զանիկա Տէրը պիտի զարնէ կամ անոր ատենը պիտի գայ ու մեռնի, կամ թէ պատերազմի մէջ պիտի մտնէ ու մեռնի։ Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ»։—Ա. Թագաւորաց 24։4-16. 26։7-20

6. Դաւիթի ու Սաւուղի պատմութիւնը ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրէ։

6 Այս պատմութիւնը կենսական դաս մը կը բովանդակէ։ Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ ինչո՛ւ որոշ խնդիրներ կը ծագին։ Թերեւս անհատ մը անպատշաճ կերպով կը վարուի։ Անոր ըրածը կրնայ լուրջ յանցագործութիւն մը չըլլալ, բայց քեզ կ’անհանգստացնէ։ Ի՞նչպէս հակազդելու ես։ Անհատին հանդէպ քրիստոնէական հետաքրքրութենէ ու Եհովայի հանդէպ հաւատարմութենէ մղուած, թերեւս որոշես անոր հետ ազնուաբար խօսիլ, զինք շահելու նպատակով։ Իսկ եթէ կարելիդ ընելէ ետք խնդիրը չլուծուի, թերեւս ուզես հարցը Եհովայի յանձնել, ինչպէս Դաւիթ ըրաւ։

7. Դաւիթը ընդօրինակելով, ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք եթէ անիրաւութենէ կամ կանխադատութենէ տառապինք։

7 Կամ, կրնայ ըլլալ որ ընկերային անիրաւութեան կամ կրօնական կանխադատութեան խնդիրները կը դիմագրաւես, եւ այս ուղղութեամբ ոչինչ կրնաս ընել։ Այս կացութեան տոկալը շատ դժուար է, բայց անիրաւութեան հանդէպ Դաւիթի կեցուածքէն կրնանք դաս մը քաղել։ Դաւիթի գրած սաղմոսները կը յայտնեն ո՛չ միայն իր սրտագին խնդրանքները որ Աստուած զինք Սաւուղէ պաշտպանէ, այլեւ Եհովայի հանդէպ իր հաւատարմութիւնն ու Աստուծոյ անունին փառաւորման նկատմամբ իր մտահոգութիւնը։ (Սաղմոս 18։1-6, 25-27, 30-32, 48-50. 57։1-11) Դաւիթ Եհովայի հաւատարիմ մնաց, հակառակ անոր որ Սաւուղ երկար տարիներ շարունակեց անիրաւօրէն վարուիլ։ Մենք ալ Եհովայի ու իր կազմակերպութեան հաւատարիմ պէտք է մնանք, ի՛նչ անիրաւութենէ ալ տառապինք եւ ի՛նչ որ ալ ուրիշներ ընեն, վստահ ըլլալով թէ Եհովա լիովին քաջատեղեակ է կացութեան։—Սաղմոս 86։2

8. Մոզամպիկի մէջ Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս հակազդեցին, երբ Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը փորձութեան ենթարկուեցաւ։

8 Փորձութեան ատեն հաւատարմօրէն Եհովայի յարելու մէջ արդի օրինակ մըն են Մոզամպիկի Քրիստոնեաները։ 1984–ին, ընդդիմացող շարժումի մը զինեալները անոնց գիւղերուն վրայ կրկին անգամ յարձակեցան,– կողոպտեցին, տուներ այրեցին եւ սպաննեցին։ Այնպէս թուեցաւ թէ այս ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենք զիրենք պաշտպանելու համար ոչինչ կրնային ընել։ Ընդդիմացող շարժումը ջանաց շրջանի բնակիչները զինուորագրել կամ հարկադրել որ այլ կերպերով իրեն թիկունք կանգնին։ Եհովայի Վկաները մերժեցին, որպէսզի իրենց քրիստոնէական չէզոքութիւնը պահպանեն։ Դառն հալածանքի ենթարկուելով, շուրջ 30 Վկաներ սպաննուեցան այդ խռովալից ժամանակամիջոցին, բայց մահուան սպառնալիքն անգամ չկրցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը բեկանել։ * Դաւիթի նման, անոնք անիրաւութիւններու տոկացին եւ ի վերջոյ յաղթական դուրս եկան։

Ազդարարական յիշեցում մը

9, 10. (ա) Աստուածաշնչական որոշ օրինակներէ ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։ (բ) Անանիայի ու Սափիրայի գործած սխալը ի՞նչ էր։

9 Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած անհատներէն ոմանք անընդունելի վարքի նկատմամբ ազդարարական յիշեցում մըն են։ Արդարեւ Աստուածաշունչը կը խօսի բազմաթիւ անհատներու մասին, ի ներառեալ Աստուծոյ ծառաներ, որոնք սխալ արարքներ գործեցին ու հետեւանքները կրեցին։ (Ա. Կորնթացիս 10։11) Նկատի առնենք ամոլ մը՝ Անանիան ու Սափիրան, որոնք Երուսաղէմի մէջ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին կը պատկանէին։

10 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, նոր հաւատացեալները Երուսաղէմ մնացին առաքեալներուն ընկերակցութենէն օգտուելու համար։ Անոնց նիւթապէս օգնելու նպատակով, ժողովքի անդամներէն ոմանք իրենց ինչքերը ծախեցին։ (Գործք 2։41-45) Անանիա ու Սափիրա հողաշերտ մը ծախեցին եւ հասոյթէն միայն մաս մը առաքեալներուն տուին, նշելով թէ իրենց պարգեւը ամբողջ գումարն էր։ Ճիշդ է որ Անանիա ու Սափիրա կրնային իրենց ուզած գումարը ներկայացնել, բայց իրենց շարժառիթը գէշ էր եւ իրենց ըրածը անպարկեշտութիւն էր։ Անոնք ուզեցին լաւ տպաւորութիւն ձգել եւ իրենց ըրածը չափազանցել։ Սուրբ հոգիին ներշնչումով, Պետրոս առաքեալ անոնց անպարկեշտութիւնն ու կեղծաւորութիւնը քօղազերծեց, իսկ Եհովա զիրենք մահուան ենթարկեց։—Գործք 5։1-10

11, 12. (ա) Պարկեշտութեան վերաբերեալ յիշեցումներէն ոմանք ի՞նչ են։ (բ) Պարկեշտ ըլլալը ի՞նչ օգուտներ ունի։

11 Եթէ երբեք փորձուինք ճշմարտութիւնը խեղաթիւրել՝ ուրիշներու վրայ լաւ տպաւորութիւն ձգելու նպատակով, թող Անանիայի ու Սափիրայի պատմութիւնը որպէս զօրաւոր յիշեցում ծառայէ մեզի։ Թերեւս կրնանք մարդիկը խաբել, բայց ո՛չ՝ Եհովան։ (Եբրայեցիս 4։13) Յաճախ Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը յորդորեն որ իրարու հետ պարկեշտութեամբ վարուինք, քանի որ ստախօսները տեղ պիտի չունենան անարդարութենէ մաքրագործուած երկրին մէջ։ (Առակաց 14։2. Յայտնութիւն 21։8. 22։15) Ասոր պատճառը բացայայտ է,– Բանսարկուն ի՛նք կը յառաջացնէ ամէն տեսակ ստութիւն։—Յովհաննու 8։44

12 Պարկեշտութեամբ ապրիլը բազմաթիւ օգուտներ կը բերէ, ինչպէս՝ մաքուր խղճմտանք եւ ուրիշներու վստահութիւնը վայելել։ Շատ մը պարագաներուն, Քրիստոնեաները գործ կը գտնեն կամ իրենց գործը կը պահեն, քանի որ պարկեշտ են։ Սակայն ամենակարեւոր օգուտը այն է, թէ պարկեշտութիւնը մեզ Ամենակալ Աստուծոյ բարեկամութեան կ’արժանացնէ։—Սաղմոս 15։1, 2

Անարատութիւն պահպանել

13. Յովսէփ ի՞նչ կացութիւն դիմագրաւեց եւ ի՞նչպէս հակազդեց։

13 Յակոբ նահապետին որդին՝ Յովսէփ, 17 տարեկանին իբրեւ ստրուկ ծախուեցաւ։ Երբ սկսաւ Եգիպտացի պալատականի՝ Պետափրէսի տան մէջ ծառայել, Յովսէփ իր տիրոջ կնոջ ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ան ցանկաց գեղեցիկ երիտասարդին հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ, եւ օրէ օր անոր կ’ըսէր. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Յովսէփ իր ընտանիքէն հեռու էր եւ օտարներով շրջապատուած էր։ Ան դիւրաւ կրնար անբարոյութեան անձնատուր ըլլալ ու հարցը գաղտնի պահել։ Այսուհանդերձ, երբ տիրուհին իր հագուստէն բռնեց, Յովսէփ դուրս փախաւ։—Ծննդոց 37։2, 18-28. 39։1-12

14, 15. (ա) Յովսէփի պատմութիւնը ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրէ։ (բ) Քրիստոնեայ կին մը ինչո՞ւ երախտապարտ էր որ Աստուծոյ յիշեցումներուն անսաց։

14 Յովսէփ աստուածավախ ընտանիքի մը մէջ մեծցած էր եւ գիտէր որ սեռային յարաբերութիւնը ամուսնացած անհատներուն սահմանափակուած է։ «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ», ըսաւ ան։ Կրնայ ըլլալ որ ան այս եզրակացութեան յանգեցաւ, ի մտի ունենալով Աստուծոյ չափանիշը մարդոց համար, այսինքն՝ միակնութիւնը, որ ցոյց տրուեցաւ Եդեմի մէջ։ (Ծննդոց 2։24) Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը Յովսէփի ցուցաբերած կեցուածքին մասին խորհրդածելով կրնայ օգտուիլ։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, սեռային յարաբերութեան հանդէպ կեցուածքը ա՛յնքան թոյլատու է, որ անբարոյութիւնը մերժող պատանիները իրենց տարեկիցներուն կողմէ կը ծաղրուին։ Իսկ չափահասներուն մէջ արտամուսնական յարաբերութիւնը սովորական երեւոյթ դարձած է։ Ուստի Յովսէփի պատմութիւնը մեզի համար ժամանակայարմար յիշեցում է։ Աստուծոյ չափանիշը դեռ նոյնն է,– պոռնկութիւնը եւ շնութիւնը մեղք են։ (Եբրայեցիս 13։4) Անօրէն սեռի անձնատուր ըլլալու ճնշումին տեղի տուողներէն շատեր կ’ընդունին թէ այս ընթացքին չհետեւելու համոզիչ պատճառներ կան։ Անփափաքելի հետեւանքներէն կարելի է նշել՝ նուաստացում, խղճահարութիւն, նախանձ, յղութիւն եւ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններ։ Ճիշդ ինչպէս Սուրբ Գրութիւնները մեզի կը յիշեցնեն, ան որ կը պոռնկի՝ «իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ»։—Ա. Կորնթացիս 5։9-12. 6։18. Առակաց 6։23-29, 32

15 Ճէնի, * որ ամուրի Վկայ մըն է, Աստուծոյ յիշեցումները գնահատելու պատճառ ունի։ Գործատեղին, գեղատեսիլ պաշտօնակից մը իրեն հանդէպ ռոմանթիկ վերաբերմունք ցուցաբերեց։ Երբ Ճէնի չփոխադարձեց, ան սկսաւ ա՛լ աւելի իրմով հետաքրքրուիլ։ Ճէնի կը նշէ. «Ամէն ջանք թափեցի որ անարատ մնամ, քանի որ փաղաքշական է որ հակառակ սեռի անհատ մը իր ուշադրութիւնը քեզի դարձնէ»։ Ճէնի անդրադարձաւ որ մարդուն նպատակն էր զինք պարփակել այն կիներուն շարքին մէջ, որոնց հետ անբարոյութիւն գործած էր։ Երբ ընդդիմանալու իր վճռակամութիւնը սկսաւ տկարանալ, ան Եհովայի աղաչեց որ իրեն օգնէ հաւատարիմ մնալու Իրեն։ Աստուածաշունչն ու քրիստոնէական հրատարակութիւնները պրպտելով իր սորված բաները, յիշեցումներու նման ծառայեցին իբրեւ մղիչ ոյժ որ շարունակէ զգաստ մնալ։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Յովսէփի ու Պետափրէսի կնոջ պատմութիւնը։ Ան կ’եզրափակէ. «Այնքան ատեն որ ես ինծի կը յիշեցնեմ թէ որքա՜ն կը սիրեմ Եհովան, հարկ չկայ վախնալու թէ օրին մէկը այս մեծ չարութիւնը պիտի գործեմ ու իրեն դէմ պիտի մեղանչեմ»։

Աստուծոյ յիշեցումներուն ուշադրութիւն ընծայէ

16. Աստուածաշունչին մէջ նշուած անհատներուն կեանքը աչքէ անցընելով եւ անոնց մասին խոկալով, ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։

16 Բոլորս կրնանք Եհովայի չափանիշներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնել, երբ ջանանք հասկնալ թէ ինչո՛ւ որոշ պատմութիւններ արձանագրուած են Սուրբ Գիրքին մէջ։ Անոնք ի՞նչ կը սորվեցնեն։ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններուն ցուցաբերած ո՞ր յատկութիւնները կամ հակումները պէտք է ընդօրինակենք կամ մերժենք։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ հարիւրաւոր անձնաւորութիւններ նշուած են։ Աստուածային կրթութիւն սիրող բոլոր անհատները լաւ կ’ընեն որ կենսատու իմաստութեան հանդէպ ախորժակ մշակեն, ի ներառեալ այն դասերը որ կրնանք սորվիլ Եհովայի բծախնդրաբար ընտրած օրինակներէն։ Այս պարբերաթերթը յաճախ յօդուածներ տրամադրած է այն անհատներուն մասին, որոնց պատմութիւններէն դասեր կը քաղենք։ Ինչո՞ւ ժամանակ չյատկացնես՝ զանոնք վերաքաղ ընելու համար։

17. Եհովայի յիշեցումները ի՞նչպէս կը նկատես եւ ինչո՞ւ։

17 Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ՝ իր կամքը կատարել ջանացող անհատներուն հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած սիրալիր հետաքրքրութեան համար։ Անշուշտ մենք կատարեալ չենք, ճիշդ ինչպէս Աստուածաշունչի նշած տղամարդիկն ու կիները կատարեալ չէին։ Սակայն անոնց արարքներուն գրաւոր արձանագրութիւնը մեզի համար թանկարժէք աղբիւր մըն է։ Եհովայի յիշեցումներուն անսալով, կրնանք լուրջ սխալներ գործելէ խուսափիլ եւ արդարութեան ճամբաներուն մէջ ընթացող անհատներու ընտիր օրինակին հետեւիլ։ Եթէ ասիկա ընենք, պիտի կարենանք սաղմոսերգուին նման տաղերգել. «Երանի՜ անոնց՝ որոնք [Եհովայի] վկայութիւնները [«յիշեցումները», ՆԱ] կը պահեն ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն։ Իմ անձս քու վկայութիւններդ [«յիշեցումներդ», ՆԱ] պահեց ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ»։—Սաղմոս 119։2, 167

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Տես՝ Եհովայի Վկաներու 1996–ի տարեգիրք–ը, էջ 160-162։

^ պարբ. 15 Անունը փոխուած է։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Սաւուղի հանդէպ Դաւիթի կեցուածքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

• Անանիայի ու Սափիրայի պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

• Յովսէփի կենսագրութիւնը ինչո՞ւ յատկապէս կը հետաքրքրէ մեզ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Դաւիթ ինչո՞ւ մերժեց թոյլ տալ որ Սաւուղ սպաննուի

[Նկար՝ էջ 15]

Անանիայի ու Սափիրայի պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք

[Նկար՝ էջ 16]

Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Յովսէփ անբարոյ առաջարկները մերժէ