Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Այսօրուընէ սկսեալ, կը հաւատամ որ Աստուած կայ»

«Այսօրուընէ սկսեալ, կը հաւատամ որ Աստուած կայ»

«Այսօրուընէ սկսեալ, կը հաւատամ որ Աստուած կայ»

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԱ անունով Ուքրանացի կին մը, որ կ’ապրի Չեխ Հանրապետութեան Փրակ մայրաքաղաքին մէջ, գործէն տուն կը վերադառնար։ Հանրակառքի կայանի մը մօտ, իր ուշադրութիւնը գրաւեց փոքր պայուսակ մը, որ մէկ կողմ նետուած էր։ Երբ ան պայուսակը վերցուց եւ մէջը նայեցաւ, աչքերուն չհաւատաց,– տրցակ մը 5,000–ոց քօրոնաներ։ Այնպէս կը թուէր թէ ո՛չ ոք զայն կը փնտռէր։ Չեխ Հանրապետութեան մէջ բնակող օտարական մը ըլլալով, Ալեքսանդրան իր ապրուստը ճարելու համար ծանր կ’աշխատէր։ Ուստի ան ի՞նչ պիտի ընէր։

Տուն վերադառնալէ ետք, Ալեքսանդրան պայուսակը իր աղջկան՝ Վիքթորիայի ցուցուց։ Անոնք պայուսակին մէջ տիրոջ անունը կամ հասցէն չգտան։ Սակայն կար թուղթի կտոր մը, որուն վրայ թիւեր գրուած էին։ Թուղթին մէկ կողմը դրամատան հաշիւի մը թիւը կար, իսկ միւս կողմը ուրիշ թիւեր կային։ Անոնք պայուսակին մէջ գտան նաեւ տեղական դրամատան մը հասցէն եւ նոթագրութիւն մը՝ որ կ’ըսէր. «330,000 քօրոնա» (շուրջ 10,000 ամերիկեան տոլար)։ Ասիկա պայուսակին մէջ եղող ընդհանուր գումարն էր։

Թուղթին վրայ նշուած թիւ մը գործածելով, Ալեքսանդրա ջանաց դրամատուն հեռաձայնել, բայց չյաջողեցաւ։ Ուստի իր աղջկան հետ միասին դրամատուն գացին եւ պատահածը բացատրեցին։ Անոնք հաշիւի թիւին մասին հարցուցին, բայց դրամատունը անոր վերաբերեալ արձանագրութիւններ չունէր։ Յաջորդ օրը, Ալեքսանդրան վերադարձաւ, այս անգամ իրեն հետ բերելով պայուսակին մէջ գտնուող միւս թիւը։ Արդարեւ, դրամատունը այս հաշիւը բացող յաճախորդ մը ունէր, որ կին էր։ Ալեքսանդրան ու Վիքթորիան կնոջ հետ կապի մէջ մտան, եւ ան հաստատեց պատահածը։ Երբ ի վերջոյ կնոջ հանդիպեցան, ան ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց եւ հարցուց. «Դրամը վերադարձնելու պայմանները ի՞նչ են»։

Վիքթորիան պատասխանեց. «Պայմաններ չկան։ Եթէ ուզէինք դրամը, զայն մեր քով կը ձգէինք»։ Իր սահմանափակ Չեխերէնով՝ ան բացատրեց. «Դրամը քեզի կը վերադարձնենք, քանի որ Եհովայի Վկաներ ենք։ Աստուածաշունչով մարզուած մեր խղճմտանքը մեզի թոյլ չի տար որ մեզի չպատկանած բանը մեր քով պահենք»։ (Եբրայեցիս 13։18) Կինը ուրախութեամբ ըսաւ. «Այսօրուընէ սկսեալ, կը հաւատամ որ Աստուած կայ»։