Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայէ վախնալով՝ երջանի՛կ եղիր

Եհովայէ վախնալով՝ երջանի՛կ եղիր

Եհովայէ վախնալով՝ երջանի՛կ եղիր

«Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ»։—ՍԱՂՄՈՍ 112։1

1, 2. Եհովայի վախը ի՞նչ օգուտներ կրնայ տալ։

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ դիւրաւ ձեռք չի ձգուիր։ Իսկական երջանկութիւնը կախեալ է շիտակ որոշումներ կայացնելէ, շիտակը ընելէ եւ սխալ բաներէն խուսափելէ։ Մեր Արարիչը՝ Եհովա՝ մեզի տուած է իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, որպէսզի լաւագոյն ապրելակերպը սորվինք։ Եհովայի ուղղութիւնը փնտռելով եւ անոր հետեւելով,– այս կերպով աստուածավախութիւն ցուցաբերելով,– իրապէս գոհունակ ու երջանիկ կրնանք ըլլալ։—Սաղմոս 23։1. Առակաց 14։26

2 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք աստուածաշնչական ու արդի օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան թէ իսկական աստուածավախութիւնը ի՛նչպէս անհատը կը զօրացնէ որ սխալ գործելու ճնշումին դէմ դնէ եւ անոր քաջութիւն կու տայ որ շիտակը ընէ։ Պիտի տեսնենք թէ աստուածավախութիւնը կրնայ մեզի երջանկութիւն տալ, մեզ մղելով սխալ ընթացք մը սրբագրելու, ինչպէս Դաւիթ թագաւոր ըրաւ։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ Եհովայէ վախնալը իրապէս թանկագին ժառանգ մըն է, զոր ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն փոխանցել։ Արդարեւ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ»։—Սաղմոս 112։1

Կորսուած երջանկութիւնը վերագտնել

3. Իր մեղանչումէն ետք, ի՞նչ բան Դաւիթի օգնեց ապաքինելու։

3 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք, երեք ուշագրաւ առիթներով Դաւիթ պատշաճ աստուածավախութիւն չցուցաբերեց եւ մեղք գործեց։ Սակայն Եհովայի կրթութեան ընդառաջելով, ան ցոյց տուաւ թէ դեռ աստուածավախ մէկն էր։ Աստուծոյ հանդէպ իր ակնածանքը զինք մղեց իր յանցանքը խոստովանելու, իր ընթացքը շտկելու եւ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն մը վերահաստատելու։ Թէեւ իր յանցանքները իրեն եւ ուրիշներուն տառապանք պատճառեցին, սակայն իր անկեղծ զղջումին պատճառաւ շարունակեց Եհովայի աջակցութիւնը եւ օրհնութիւնը վայելել։ Դաւիթի օրինակը վստահաբար կրնայ լուրջ մեղք գործած Քրիստոնեաներուն քաջութիւն ներշնչել։

4. Աստուածավախութիւնը ի՞նչպէս կրնայ անհատին օգնել երջանկութիւնը վերագտնելու։

4 Նկատի առ Սոնիայի օրինակը։ * Լիաժամ աւետարանիչ մը ըլլալով հանդերձ, ան գէշ ընկերակցութիւն ունեցաւ, քրիստոնէավայել չեղող ընթացքի մը միջամուխ եղաւ եւ քրիստոնէական ժողովքէն վտարուեցաւ։ Խելքը գլուխը գալով, Սոնիա հարկ եղած ամէն քայլ առաւ որպէսզի Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը վերանորոգէ։ Ժամանակ մը ետք, ան ժողովքին մէջ վերահաստատուեցաւ։ Այդ ամբողջ ժամանակամիջոցին, Սոնիա երբեք Եհովայի ծառայելու փափաքը չկորսնցուց։ Ի վերջոյ, ան անգամ մը եւս լիաժամ ծառայութեան կամ ռահվիրայութեան ձեռնարկեց։ Հետագային, ան ընտիր Քրիստոնեայ երէցի մը հետ ամուսնացաւ, եւ այժմ անոր հետ ուրախութեամբ կը ծառայէ ժողովքին մէջ։ Թէեւ Սոնիա կը զղջայ որ ատեն մը քրիստոնէական ճամբէն շեղեցաւ, սակայն ուրախ է որ Աստուծոյ վախը իրեն օգնեց վերադառնալու։

Տառապիլ, քան թէ՝ մեղանչել

5, 6. Բացատրէ թէ ի՛նչպէս եւ ինչո՛ւ Դաւիթ երկու անգամ Սաւուղի կեանքին խնայեց։

5 Անշուշտ աւելի նախընտրելի է որ աստուածավախութիւնը անհատին օգնէ մեղանչելէ խուսափելու, ինչպէս Դաւիթի փորձառութիւնը կը յայտնէ։ Անգամ մը, երբ Սաւուղ երեք հազար զինուորով Դաւիթը կը հալածէր, մտաւ ճիշդ այն քարայրը, ուր Դաւիթ ու իր մարդիկը պահուըտած էին։ Դաւիթի մարդիկը զինք յորդորեցին որ Սաւուղը սպաննէ, նշելով թէ Եհովա այս թունդ թշնամին իր ձեռքը մատնած է։ Դաւիթ կանգնեցաւ ու Սաւուղի պարեգօտին քղանցքը գաղտնի կտրեց։ Որովհետեւ ան Աստուծմէ կը վախնար, նոյնիսկ այդ յարաբերաբար անվնաս արարքը իր խիղճը տանջեց։ Դաւիթ իր խռոված մարդիկը սանձահարեց, ըսելով. «Աստուած չընէ, որ Տէրոջը օծեալին, իմ տիրոջս, այս բանը ընեմ, ձեռքս անոր վրայ երկնցնելով. քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է»։ *Ա. Թագաւորաց 24։2-8

6 Ուրիշ առիթով մը, երբ Սաւուղ ու իր մարդիկը գիշերը բանակած էին, «Տէրոջը կողմանէ անոնց վրայ խորունկ քուն մը» ինկաւ։ Դաւիթ ու իր յանդուգն զարմիկը՝ Աբեսսա՝ գաղտագողի բանակավայրին մէջտեղը գացին եւ պառկած Սաւուղին ճիշդ քովը կայնեցան։ Աբեսսա ուզեց միանգամ ընդմիշտ անոր կեանքին վերջ դնել։ Դաւիթ զինք զսպեց, ըսելով. «Տէրոջը օծեալին ո՞վ կրնայ ձեռք երկնցնել ու անպարտ ըլլալ»։—Ա. Թագաւորաց 26։9, 12

7. Ի՞նչ բան Դաւիթը մեղանչելէ ետ պահեց։

7 Դաւիթ ինչո՞ւ Սաւուղը չսպաննեց երբ երկու անգամ առիթը ներկայացաւ։ Քանի որ աւելի կը վախնար Եհովայէ, քան՝ Սաւուղէ։ Աստուծոյ հանդէպ պատշաճ վախէ մղուած, Դաւիթ յօժար էր տառապելու, եթէ հարկ ըլլար, քան՝ մեղանչելու։ (Եբրայեցիս 11։25) Ան կատարեալ վստահութիւն ունէր թէ Եհովա Իր ժողովուրդը եւ զինք կը հոգար։ Դաւիթ գիտէր թէ Աստուծոյ հնազանդիլը եւ վստահիլը, երջանկութիւն պիտի պատճառէր եւ բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի բերէր, իսկ Աստուած անտեսելով՝ Անոր հաճութիւնը պիտի կորսնցնէր։ (Սաղմոս 65։4) Դաւիթ նաեւ գիտէր թէ Աստուած զինք թագաւոր ընելու Իր խոստումը պիտի կատարէր եւ Իր որոշած ժամանակին ու Իր կերպով Սաւուղը պիտի վերցնէր։—Ա. Թագաւորաց 26։10

Աստուծմէ վախնալը երջանկութիւն կը պատճառէ

8. Ճնշումի ներքեւ Դաւիթի վերաբերմունքը ի՞նչպէս իբրեւ օրինակ կը ծառայէ։

8 Որպէս Քրիստոնեաներ կ’ակնկալենք ծաղրանքի, հալածանքի եւ այլ փորձութիւններու ենթարկուիլ։ (Մատթէոս 24։9. Բ. Պետրոս 3։3) Երբեմն, կարելի է որ նոյնիսկ հաւատակիցներու հետ խնդիրներ ունենանք։ Սակայն գիտենք թէ Եհովա ամէն բան կը տեսնէ, մեր աղօթքները կը լսէ եւ յարմար ժամանակին հարցերը պիտի շտկէ, իր կամքին համաձայն։ (Հռովմայեցիս 12։17-21. Եբրայեցիս 4։16) Հետեւաբար, փոխանակ մեր հակառակորդներէն վախնալու, Աստուծմէ կը վախնանք եւ կը յուսանք որ մեզ փրկէ։ Դաւիթի նման, մենք վրէժխնդիր չենք ըլլար, ո՛չ ալ արդար սկզբունքներու մէջ զիջումներ կ’ընենք՝ տառապանքէ խուսափելու համար։ Ասիկա ի վերջոյ երջանկութիւն կը պատճառէ։ Բայց ի՞նչպէս։

9. Օրինակ մը տուր թէ ի՛նչպէս Աստուծմէ վախնալը կրնայ երջանկութիւն պատճառել, ի հեճուկս հալածանքի։

9 Ափրիկէի մէջ երկար ատենէ ծառայող միսիոնար մը կը պատմէ. «Կը մտաբերեմ մայր մը ու իր դեռատի աղջիկը, որոնք իրենց քրիստոնէական չէզոքութեան պատճառաւ մերժեցին կուսակցական քարտեր գնել։ Խումբ մը տղամարդիկ անգթօրէն անոնց վրայ յարձակեցան, ապա հրամայեցին որ տուն երթան։ Մինչ տուն կը վերադառնային, մայրը փորձեց իր լացող աղջիկը մխիթարել, որ կը ջանար հասկնալ թէ ինչո՛ւ այս վերաբերմունքին ենթարկուեցան։ Անոնք այդ պահուն ուրախ չէին, բայց մաքուր խղճմտանք ունէին։ Հետագային, անոնք շատ ուրախացան որ Աստուծոյ հնազանդած էին։ Եթէ անոնք կուսակցական քարտերը գնէին, ամբոխը պիտի ցնծար։ Տղամարդիկը անոնց զովացուցիչներ պիտի տային եւ անոնց շուրջ պարելով զիրենք մինչեւ տուն պիտի հասցնէին։ Սակայն աղջիկն ու իր մայրը, զիջում ըրած ըլլալով, ամենէն տխուր անհատները պիտի ըլլային»։ Աստուծոյ հանդէպ անոնց վախը զիրենք այս բոլորէն խնայեց։

10, 11. Կնոջ մը աստուածավախութիւնը ի՞նչ լաւ արդիւնքներ տուաւ։

10 Աստուածավախութիւն ցուցաբերելը երջանկութիւն կը պատճառէ նաեւ, երբ կեանքի սրբութեան նկատմամբ փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ Երբ Մէրին իր երրորդ զաւակով յղի էր, բժիշկը զինք յորդորեց որ վիժում ընէ, ըսելով. «Վիճակդ վտանգաւոր է։ Կրնաս որեւէ ատեն տագնապի մը ենթարկուիլ եւ 24 ժամուան մէջ մահանալ։ Ապա մանուկն ալ պիտի մեռնի։ Ամէն պարագայի, երաշխիք չկայ թէ մանուկը բնական պիտի ըլլայ»։ Մէրին Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր, բայց տակաւին մկրտուած չէր։ Ան կ’ըսէ. «Այսուհանդերձ որոշած էի Եհովայի ծառայել եւ վճռած էի իրեն հնազանդ մնալ, ի՛նչ որ ալ պատահէր»։—Ելից 21։22, 23

11 Իր յղութեան ընթացքին, Մէրին շարունակեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ իր ընտանիքին հոգ տանիլ։ Ի վերջոյ մանուկը ծնաւ։ «Ծննդաբերութիւնը նախկին երկուքէն քիչ մը աւելի դժուար էր, բայց մեծ բարդութիւններ չեղան», կը պատմէ Մէրին։ Աստուծմէ վախնալը Մէրիի օգնեց մաքուր խղճմտանք պահպանելու, եւ շատ չանցած՝ ան մկրտուեցաւ։ Իսկ այդ մանչն ալ Եհովայէ վախնալ սորվեցաւ եւ այժմ կը ծառայէ Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ։

‘Տէրոջմով զօրացիր’

12. Աստուածավախութիւնը ի՞նչպէս զօրացուց Դաւիթը։

12 Եհովայի հանդէպ Դաւիթի վախը զինք սխալ գործելէ ետ պահելէն աւելին ըրաւ։ Անիկա զինք զօրացուց որ դժուար պարագաներու ներքեւ վճռականօրէն ու խոհեմաբար գործի լծուի։ Մէկ տարի եւ չորս ամիս, Դաւիթ ու իր տղամարդիկը Սաւուղէն փախչելով Փղշտացիներու դաշտավայրի մէկ քաղաքին՝ Սիկելակի մէջ ապաստանեցան։ (Ա. Թագաւորաց 27։5-7) Օր մը, տղամարդոց բացակայութեան, ասպատակիչ Ամաղեկացիներ քաղաքը հրոյ ճարակ ըրին եւ բոլոր կիները, երախաները եւ հօտերը գերեվարեցին։ Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը վերադարձան ու եղելութիւնը իմացան, սկսան լալ։ Շուտով կսկիծը վերածուեցաւ դառնութեան, եւ Դաւիթի մարդիկը խորհեցան զինք քարկոծել։ Վշտացած ըլլալով հանդերձ, Դաւիթ չվհատեցաւ։ (Առակաց 24։10) Աստուծոյ հանդէպ իր վախը զինք մղեց Եհովայի դիմելու, եւ «իր Տէր Աստուծմով զօրացաւ»։ Աստուծոյ օգնութեամբ, Դաւիթն ու իր մարդիկը Ամաղեկացիները հետապնդեցին եւ ամէն բան ազատեցին։—Ա. Թագաւորաց 30։1-20

13, 14. Աստուծոյ վախը Քրիստոնեայի մը ի՞նչպէս օգնեց լաւ որոշումներ կայացնելու։

13 Ներկայիս Աստուծոյ ծառաներն ալ կը դիմագրաւեն պարագաներ, որոնք Եհովայի հանդէպ վստահութիւն եւ վճռականօրէն վարուելու քաջութիւն կը պահանջեն։ Նկատի առ Քրիստինայի օրինակը։ Երբ դեռատի մըն էր, Քրիստինա Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց։ Բայց ան նուագահանդէս տուող դաշնակահարուհի մը կ’ուզէր ըլլալ, եւ այդ ուղղութեամբ բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրած էր։ Ասկէ զատ, ան քարոզչութեան լրջութեան կը գիտակցէր, եւ հետեւաբար կը վախնար մկրտութեան ընկերակցող պատասխանատուութիւնները ընդունելու։ Մինչ Քրիստինա շարունակեց Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել, սկսաւ անոր զօրութիւնը զգալ։ Ան Եհովայի վախը սորվեցաւ եւ անդրադարձաւ որ Եհովա իր ծառաներէն կ’ակնկալէ որ զինք սիրեն իրենց ամբողջ սրտով, մտքով, անձով ու զօրութեամբ։ (Մարկոս 12։30) Ասիկա զինք մղեց ինքզինք Եհովայի նուիրելու եւ մկրտուելու։

14 Քրիստինա Եհովայէ խնդրեց որ իրեն օգնէ հոգեւորապէս յառաջդիմելու։ Ան կը բացատրէ. «Գիտէի թէ նուագահանդէս տուող դաշնակահարին կեանքը կը պահանջէ որ յարատեւ ճամբորդէ եւ տարեկան շուրջ 400 ելոյթ ունենայ։ Ուստի որոշեցի ուսուցչութիւն ընել, որպէսզի կարենամ ծախսերս ապահովել եւ իբրեւ լիաժամ աւետարանիչ ծառայել»։ Այս միջոցին, Քրիստինան արդէն իր առաջին ելոյթը պիտի ունենար, իր երկրին ամենահռչակաւոր համերգասրահին մէջ։ «Առաջին ելոյթս եղաւ վերջին ելոյթս», կ’ըսէ ան։ Ներկայիս Քրիստինա ամուսնացած է Քրիստոնեայ երէցի մը հետ։ Անոնք միասնաբար կը ծառայեն Եհովայի Վկաներու մէկ մասնաճիւղին մէջ։ Ան ուրախ է որ Եհովա շիտակ որոշումներ կայացնելու զօրութիւնը տուաւ իրեն, եւ հիմա կրնայ իր ժամանակն ու կորովը գործածել Անոր ծառայութեան մէջ։

Թանկարժէք ժառանգ մը

15. Դաւիթ իր զաւակներուն ի՞նչ կ’ուզէր փոխանցել, եւ ասիկա ի՞նչպէս ըրաւ։

15 Դաւիթ գրեց. «Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի, Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ»։ (Սաղմոս 34։11) Հայր մը ըլլալով, Դաւիթ մտադիր էր իր զաւակներուն փոխանցել թանկագին ժառանգ մը,– Եհովայի հանդէպ իսկական, հաւասարակշռուած ու առողջ վախը։ Խօսքով ու արարքով, Դաւիթ Եհովան նկարագրեց ո՛չ թէ իբրեւ պահանջկոտ ու սարսափազդու Աստուած մը, որ իսկոյն կը պատժէ որեւէ բեկանում Իր օրէնքներուն, այլ՝ որպէս Իր երկրաւոր զաւակները սիրող, հոգածու եւ ներող Հայր մը։ «Ո՞վ կրնայ միտք առնել իր յանցանքները», հարց տուաւ Դաւիթ։ Ապա ցոյց տալով իր վստահութիւնը թէ Եհովա յարատեւաբար մեր սխալները մանրակրկիտ չի քններ, ան աւելցուց. «Ծածուկ մեղքերէն զիս մաքրէ»։ Դաւիթ ստոյգ գիտէր որ եթէ իր լաւագոյն ջանքերը թափէր, իր խօսքերն ու խորհուրդները Եհովայի ընդունելի կրնային ըլլալ։—Սաղմոս 19։12, 14

16, 17. Ծնողները ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն Եհովայի վախը սորվեցնել։

16 Դաւիթ այժմու ծնողներուն օրինակ կը հանդիսանայ։ «Մեր ծնողքը մեզ այնպիսի կերպով մեծցուցին որ ճշմարտութեան մէջ ըլլալը մեզի համար հաճոյալի էր», կ’ըսէ Ռալֆ, որ իր եղբօր հետ միասին կը ծառայեն Եհովայի Վկաներու մէկ մասնաճիւղին մէջ։ «Երբ պզտիկ էինք, անոնք մեզ կը պարփակէին ժողովքային գործունէութիւններուն մասին եղած զրոյցներուն մէջ, եւ իրենց նման՝ ճշմարտութեան հանդէպ խանդավառ դարձանք։ Անոնք մեր մէջ այն համոզումը դրին թէ կրնա՛նք Եհովայի ծառայութեան մէջ պիտանի բաներ ընել։ Իրականութեան մէջ, տարիներ շարունակ մեր ընտանիքը ապրեցաւ երկրի մը մէջ, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու մեծ կարիք կար, եւ նոր ժողովքներ հաստատելու մէջ բաժին բերաւ։

17 «Մեզ շիտակ ճամբուն մէջ պահողը խիստ կանոններու շարք մը չէր, այլ՝ այն իրողութիւնը թէ Եհովան մեր ծնողքին համար իրական, չափազանց ազնիւ ու բարի էր։ Անոնք կը ջանային Եհովան մօտէն ճանչնալ եւ զինք հաճեցնել, եւ մենք Աստուծոյ հանդէպ անոնց իսկական վախէն ու սէրէն սորվեցանք։ Նոյնիսկ երբ սխալ գործէինք, մեր ծնողքը մեզի զգալ չէին տար թէ Եհովա այլեւս մեզ չի սիրեր, ո՛չ ալ զայրանալով անտեղի արգելքներ կը դնէին։ Շատ անգամ անոնք կը նստէին ու հանդարտօրէն մեզի հետ կը խօսէին, երբեմն մայրս արտասուալից աչքերով, ջանալով մեր սրտին հասնիլ։ Այս մեթոտը յաջողեցաւ։ Մեր ծնողքը իրենց խօսքերով ու արարքներով մեզի սորվեցուցին թէ Եհովայի վախը գեղեցիկ բան մըն է եւ թէ իր Վկաներէն մէկը ըլլալը ուրախութիւն ու հաճոյք է, ո՛չ թէ բեռ»։—Ա. Յովհաննու 5։3

18. Ճշմարիտ Աստուծմէ վախնալով ի՞նչ օգուտներ ձեռք պիտի ձգենք։

18 «Դաւիթին վերջին խօսքեր»էն կը կարդանք. «Մարդոց վրայ իշխողը թող արդար ըլլայ ու Աստուծոյ վախովը իշխէ, այն ատեն անիկա առաւօտեան լոյսին կը նմանի, որ արեւուն ծագած ատենը կ’երեւնայ»։ (Բ. Թագաւորաց 23։1, 3, 4) Դաւիթի որդին ու յաջորդը՝ Սողոմոն, ակներեւաբար ըմբռնեց բուն կէտը, քանի որ Եհովայէ խնդրեց որ զինք ‘իմաստուն սրտով’ եւ ‘բարին ու չարը որոշելու’ կարողութեամբ օժտէ։ (Գ. Թագաւորաց 3։9) Սողոմոն գիտակցեցաւ թէ Եհովայէ վախնալը իմաստութեան ու երջանկութեան կ’առաջնորդէ։ Հետագային, ան Ժողովողի գիրքը ամփոփեց հետեւեալ խօսքերով. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։ Քանզի Աստուած ամէն գործ, ամէն ծածուկ բաներու հետ, թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ»։ (Ժողովողի 12։13, 14) Եթէ այս խրատին ականջ տանք, արդարեւ պիտի տեսնենք թէ «խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը», ո՛չ միայն իմաստութիւն եւ երջանկութիւն է, այլեւ՝ «հարստութիւն, փառք ու կեանք»։—Առակաց 22։4

19. Ի՞նչ բան մեզ կարող պիտի դարձնէ «Տէրոջը վախը» հասկնալու։

19 Աստուածաշնչական օրինակներէն ու արդի փորձառութիւններէն կը տեսնենք թէ Աստուծոյ հանդէպ պատշաճ վախը Եհովայի ճշմարիտ ծառաներուն կեանքին վրայ դրական ազդեցութիւն ունի։ Այս վախը ո՛չ միայն մեզ ետ կը պահէ մեր երկնաւոր Հայրը տհաճեցնող բաներ ընելէ, այլ նաեւ մեզի քաջութիւն կու տայ որ մեր թշնամիները դիմակալենք եւ զօրութիւն՝ որ մեր դիմագրաւած փորձութիւններուն ու դժուարութիւններուն տոկանք։ Հետեւաբար թող բոլորս, ըլլանք երիտասարդ թէ տարեց, ջանադրութեամբ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրենք, մեր սորվածին մասին խոկանք եւ կանոնաւոր ու սրտագին աղօթքներով Եհովայի մօտենանք։ Ասիկա ընելով, ո՛չ միայն «Աստուծոյ գիտութիւնը» պիտի գտնենք, այլ նաեւ՝ «Տէրոջը վախը» պիտի հասկնանք։—Առակաց 2։1-5

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Անունները փոխուած են։

^ պարբ. 5 Հաւանաբար ասիկա այն փորձառութիւններէն մէկն է, որոնք Դաւիթը մղեցին 57–րդ ու 142–րդ սաղմոսները յօրինելու։

Կրնա՞ս բացատրել

Աստուծոյ վախը ի՞նչպէս կրնայ

• անհատին օգնել որ լուրջ մեղքէ մը ետք ապաքինի։

• փորձութիւններու ու հալածանքի ներքեւ երջանկութիւն տալ։

• մեզ զօրացնել Աստուծոյ կամքը կատարելու։

• մեր զաւակներուն համար թանկագին ժառանգ մը ըլլալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 24]

Եհովայի վախը Դաւիթը ետ պահեց Սաւուղ թագաւորը սպաննելէ

[Նկարներ՝ էջ 25]

Աստուծոյ երկիւղը թանկագին ժառանգ մըն է, զոր ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն փոխանցել