Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի կազմակերպութեան բարութեան վրայ կեդրոնացի՛ր

Եհովայի կազմակերպութեան բարութեան վրայ կեդրոնացի՛ր

Եհովայի կազմակերպութեան բարութեան վրայ կեդրոնացի՛ր

«Պիտի լցուինք քու տանդ . . . բարութեամբ»։—ՍԱՂՄՈՍ 65։4

1, 2. (ա) Տաճարին վերաբերեալ կարգադրութիւնները Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենային։ (բ) Դաւիթ տաճարի շինարարութեան համար ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրաւ։

ՎԱՂԵՄԻ Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ նշուած ամենէն յատկանշական անձնաւորութիւններէն մէկն է։ Այս հովիւը, երաժիշտը, մարգարէն ու թագաւորը, Եհովա Աստուծոյ կատարելապէս վստահեցաւ։ Եհովայի հետ մտերիմ յարաբերութիւն վայելելով, Դաւիթ փափաքեցաւ Աստուծոյ տուն մը շինել։ Այս տունը, կամ տաճարը, Իսրայէլի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքին կեդրոնը պիտի ըլլար։ Դաւիթ գիտէր թէ տաճարին վերաբերեալ կարգադրութիւնները, Աստուծոյ ժողովուրդին ուրախութիւն եւ օրհնութիւններ պիտի բերէին։ Հետեւաբար ան տաղերգեց. «Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ. պիտի լցուինք քու տանդ եւ քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ»։—Սաղմոս 65։4

2 Դաւիթ Եհովայի տան շինարարութեան վրայ վերահսկելու արտօնութիւն չստացաւ։ Այդ առանձնաշնորհումը իր որդւոյն՝ Սողոմոնի վերապահուեցաւ։ Այսուհանդերձ Դաւիթ չտրտնջաց, թէեւ սրտանց կ’ուզէր այս առանձնաշնորհումը։ Իրեն համար ամենէն կարեւորը այն էր՝ թէ տաճարը շինուէր։ Ան ամբողջ սրտով ծրագրին թիկունք կանգնեցաւ, Եհովայէ ստացած ճարտարապետական յատակագիծները Սողոմոնի փոխանցելով։ Ասկէ զատ, Դաւիթ հազարաւոր Ղեւտացիներ ծառայութեան դասերու բաժնեց եւ տաճարի կառուցման համար մեծ քանակով ոսկի ու արծաթ նուիրեց։—Ա. Մնացորդաց 17։1, 4, 11, 12. 23։3-6. 28։11, 12. 29։1-5

3. Աստուծոյ ծառաները ճշմարիտ պաշտամունքի կարգադրութիւններուն հանդէպ ի՞նչ կեցուածք ունին։

3 Հաւատարիմ Իսրայելացիները, Աստուծոյ տան մէջ ճշմարիտ պաշտամունքի ի նպաստ եղած կարգադրութիւններուն նեցուկ կանգնեցան։ Եհովայի այժմու ծառաները ըլլալով, մենք ալ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին մէջ պաշտամունքի կարգադրութիւններուն նեցուկ կը կանգնինք։ Այսպիսով ցոյց կու տանք թէ Դաւիթի մտավիճակը ունինք։ Մենք տրտնջալու հոգի չենք ցուցաբերեր, այլ՝ Աստուծոյ կազմակերպութեան բարութեան վրայ կը կեդրոնանանք։ Բնաւ խորհա՞ծ ես այն բարի բաներուն մասին, որոնց համար երախտապարտ կրնանք ըլլալ։ Նկատի առնենք անոնցմէ քանի մը հատը։

Երախտապարտ՝ առաջնորդութիւն առնողներուն համար

4, 5. (ա) «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ի՞նչպէս կը կատարէ իր յանձնարարութիւնը։ (բ) Վկաներէն ոմանք իրենց ստացած հոգեւոր սնունդին համար ի՞նչպէս արտայայտուած են։

4 Երկրի վրայ իր ունեցածներուն վրայ Յիսուս Քրիստոսի նշանակած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին համար երախտապարտ ըլլալու հիմնական պատճառներ ունինք։ Հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներէ բաղկացած ծառայ դասակարգը, բարի լուրի քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ, պաշտամունքի համար ժողովներ կը կազմակերպէ, եւ աւելի քան 400 լեզուով՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ ի լոյս կ’ընծայէ։ Համայն աշխարհի մէջ, միլիոնաւորներ երախտապարտօրէն կը սնուցանուին ‘ատենին տրուած այս հոգեւոր կերակուրով’։ (Մատթէոս 24։45-47) Վստահաբար ասոր մասին տրտնջալու ո՛չ մէկ պատճառ կայ։

5 Տարիներէ ի վեր, Էլֆի անունով տարեց Վկայ մը, ծառայ դասակարգին հրատարակութիւններուն ներկայացուցած աստուածաշնչական խրատները կիրարկելով մխիթարութիւն եւ աջակցութիւն վայելած է։ Խոր գնահատութենէ մղուած՝ ան գրեց. «Առանց Եհովայի կազմակերպութեան ի՞նչ պիտի ընէի»։ Փիթըր ու Իրմկարտ ալ տասնամեակներէ ի վեր Աստուծոյ կը ծառայեն։ Իրմկարտ «Եհովայի սիրալիր ու հոգածու կազմակերպութեան» կողմէ ի լոյս ընծայուած բոլոր հրատարակութիւններուն համար երախտագիտութիւն կը յայտնէ։ Անոնք կը պարփակեն հրատարակութիւններ մասնայատուկ կարիքներ ունեցողներու համար, ինչպէս՝ տեսողութեան կամ լսողութեան դժուարութիւն ունեցող անհատներ։

6, 7. (ա) Համայն աշխարհի մէջ ժողովքներուն գործունէութիւնները ի՞նչպէս կը վերահսկուին։ (բ) Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին նկատմամբ ի՞նչ ըսուած է։

6 ‘Հաւատարիմ ծառան’ ներկայացուած է Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինով, որ հոգիէն օծուած տղամարդոցմէ բաղկացած պզտիկ խումբ մըն է եւ կը ծառայէ Եհովայի Վկաներու գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ, Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք։ Կառավարիչ Մարմինը Եհովայի փորձառու ծառաներ կը նշանակէ որ ծառայեն մասնաճիւղերու մէջ։ Մասնաճիւղերը կը վերահսկեն աշխարհի չորս կողմը գտնուող աւելի քան 98,000 ժողովքներու գործունէութիւններուն վրայ։ Աստուածաշունչին պահանջներուն գոհացում տուող տղամարդիկ, այս ժողովքներուն մէջ կը նշանակուին երէցներ ու օգնական ծառաներ։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-9, 12, 13) Երէցները առաջնորդութիւն կ’առնեն եւ իրենց հոգածութեան յանձնուած Աստուծոյ հօտը սիրալիրօրէն կը հովուեն։ Այդ հօտին մաս կազմելը եւ «եղբայրութեան» սէրն ու միութիւնը վայելելը, ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մըն է։—Ա. Պետրոս 2։17. 5։2, 3

7 Փոխանակ գանգատելու, անհատներ երէցներէն ստացած սիրալիր հոգեւոր առաջնորդութեան համար՝ յաճախ գնահատութիւն կը յայտնեն։ Օրինակ, նկատի առ Պիրկիթը, 30–ական տարիքի մէջ եղող Քրիստոնեայ կին մը։ Երբ դեռատի էր, ան գէշ ընկերակցութեան միջամուխ եղաւ եւ քիչ մնաց որ յանցագործութեան մէջ իյնար։ Բայց երէցներու տուած աստուածաշնչական յստակ խրատները եւ հաւատակիցներու աջակցութիւնը զինք վտանգաւոր կացութենէ մը ազատեցին։ Այժմ Պիրկիթ ի՞նչպէս կը զգայ։ Ան կ’ըսէ. «Խորապէս երախտապարտ եմ որ տակաւին Եհովայի սքանչելի կազմակերպութեան կը պատկանիմ»։ Անտրէաս անունով 17 տարեկան պատանի մը կ’ըսէ. «Ասիկա իրապէս Եհովայի կազմակերպութիւնն է, աշխարհի մէջ լաւագոյն կազմակերպութիւնը»։ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին բարութեան համար երախտապարտ պէտք չէ՞ ըլլանք։

Առաջնորդութիւն առնողները անկատար են

8, 9. Դաւիթի ժամանակակիցներէն ոմանք ի՞նչպէս վարուեցան, իսկ ինք ի՞նչպէս հակազդեց։

8 Անշուշտ ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ առաջնորդութիւն առնողները անկատար են։ Բոլորն ալ սխալներ կը գործեն, իսկ ոմանք արմատացած տկարութիւններ ունին, զորս կը ջանան հակակշռի տակ առնել։ Ասոր համար պէ՞տք է նեղանանք։ Ո՛չ։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ նոյնիսկ մեծ պատասխանատուութիւններ ստանձնած անհատներ լուրջ յանցանքներ գործեցին։ Օրինակ, երբ տակաւին անչափահաս էր, Դաւիթ կանչուեցաւ որպէսզի խռոված Սաւուղ թագաւորը հանդարտեցնելու համար նուագէ։ Հետագային Սաւուղ փորձեց Դաւիթը սպաննել, որ ի վերջոյ ստիպուեցաւ փախչիլ։—Ա. Թագաւորաց 16։14-23. 18։10-12. 19։18. 20։32, 33. 22։1-5

9 Այլ Իսրայելացիներ դաւաճանութիւն գործեցին։ Օրինակ, Դաւիթի հրամանատարը՝ Յովաբ, Սաւուղի մէկ ազգականը՝ Աբենները սպաննեց։ Դաւիթի որդին՝ Աբիսողոմ իր հօր դէմ դաւադրեց, գահը ձեռք ձգելու համար։ Իսկ Դաւիթի վստահելի խորհրդատուն՝ Աքիտոփէլ իրեն դաւաճանեց։ (Բ. Թագաւորաց 3։22-30. 15։1-17, 31. 16։15, 21) Այսուհանդերձ Դաւիթ խիստ գանգատող մը չեղաւ, ո՛չ ալ ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռացաւ։ Իրականութեան մէջ, նեղութիւնները զինք մղեցին Եհովայի կառչելու եւ պահպանելու այն ընտիր կեցուածքը որ ունէր, երբ Սաւուղի առջեւէն փախաւ։ Այդ ժամանակ, Դաւիթ տաղերգեց. «Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի իմ անձս քեզի կը յուսայ։ Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ, մինչեւ որ թշուառութիւնները անցնին»։—Սաղմոս 57։1

10, 11. Կէրթրուտ անունով Քրիստոնեայ մը իր երիտասարդութեան ժամանակ ի՞նչ փորձառութիւն ունեցաւ, եւ հաւատակիցներու թերութիւններուն մասին ի՞նչ ըսաւ։

10 Ներկայիս պատճառ չունինք գանգատելու թէ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ դաւաճանութիւն կայ։ Ո՛չ Եհովան, ո՛չ իր հրեշտակները, ո՛չ ալ հոգեւոր հովիւները կը հանդուրժեն քրիստոնէական ժողովքին մէջ դաւաճան ու չար անհատներու ներկայութեան։ Այսուհանդերձ բոլորս ալ թէ՛ մեր եւ թէ Աստուծոյ միւս ծառաներուն մարդկային անկատարութիւնները կը դիմագրաւենք։

11 Կէրթրուտ անունով երկար ատենէ Եհովան պաշտող կին մը, իր երիտասարդութեան ժամանակ ամբաստանուեցաւ որպէս խաբեբայ մը, որ կը դաւանէր Թագաւորութեան լիաժամ քարոզիչ մը ըլլալ։ Ան ի՞նչպէս հակազդեց։ Այս վերաբերմունքին համար տրտնջա՞ց։ Ո՛չ։ 2003–ին իր մահէն քիչ առաջ, 91 տարեկանին, ան իր կեանքին վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետելով՝ բացատրեց. «Այս եւ այլ փորձառութիւններ ինծի սորվեցուցին թէ հակառակ անհատներու գործած սխալներուն, Եհովա իր մեծ գործը կ’առաջնորդէ, որուն համար կը գործածէ մե՛զ՝ անկատար մարդիկս»։ Երբ Աստուծոյ ծառաներուն անկատարութիւնները կը դիմագրաւէր, Կէրթրուտ սրտանց Եհովայի կ’աղօթէր։

12. (ա) Առաջին դարու Քրիստոնեաներէն ոմանք ի՞նչ գէշ օրինակ հանդիսացան։ (բ) Մեր խորհուրդները ի՞նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնացնենք։

12 Որովհետեւ նոյնիսկ ամենէն հաւատարիմ ու անձնուէր Քրիստոնեաները անկատար են, երբ նշանակուած ծառայ մը սխալ մը գործէ, թող շարունակենք ‘ամէն բան առանց տրտունջներու ընել’։ (Փիլիպպեցիս 2։14) Որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլայ եթէ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին կարգ մը անդամներու գէշ օրինակին հետեւինք։ Յուդա աշակերտին համաձայն, այն ատենուան սուտ ուսուցիչները ‘տէրութիւնը կ’անարգէին ու մեծափառներուն դէմ կը հայհոյէին’։ Ասկէ զատ, այդ յանցագործները «տրտնջողներ ու քրթմնջողներ» էին։ (Յուդա 8, 16) Թող տրտնջողներուն ու գանգատողներուն ընթացքը մերժենք եւ մեր խորհուրդները կեդրոնացնենք ‘հաւատարիմ ծառային’ միջոցաւ մեզի հասած օգտակար բաներուն վրայ։ Թող Եհովայի կազմակերպութեան բարութիւնը գնահատենք եւ շարունակենք ‘ամէն բան առանց տրտունջներու ընել’։

«Խիստ է այդ խօսքը»

13. Ոմանք Յիսուս Քրիստոսի կարգ մը ուսուցումներուն ի՞նչպէս հակազդեցին։

13 Առաջին դարուն ոմանք նշանակուած ծառաներուն դէմ տրտնջացին, իսկ ուրիշներ՝ Յիսուսի ուսուցումներուն դէմ։ Ինչպէս արձանագրուած է Յովհաննու 6։48-70–ի մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ»։ «Աշակերտներէն շատեր» երբ լսեցին այս խօսքերը, ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։ Յիսուս ինքնիրեն հասկցաւ թէ «իր աշակերտները այն բանին համար տրտունջ կ’ընեն»։ Ասկէ զատ, «այս պատճառաւ իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտեր»։ Բայց բոլոր աշակերտներն ալ չտրտնջացին։ Նկատէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Յիսուս 12 առաքեալներուն հարցուց. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ Պետրոս առաքեալ պատասխանեց. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»։

14, 15. (ա) Ոմանք ինչո՞ւ քրիստոնէական որոշ ուսուցումի մը նկատմամբ կը դժգոհին։ (բ) Էմանուէլի պարագայէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

14 Արդի ժամանակներուն, Աստուծոյ ժողովուրդէն շատ քիչեր քրիստոնէական ուսուցումին որոշ մէկ երեսակին նկատմամբ դժգոհութիւն յայտնած են եւ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին դէմ տրտունջ ըրած են։ Ասիկա ինչո՞ւ կը պատահի։ Յաճախ այսպիսի տրտունջներու պատճառը այն է՝ թէ անհատը Աստուծոյ գործելակերպը չէ հասկցած։ Ստեղծիչը ճշմարտութիւնը աստիճանաբար կը յայտնէ իր ժողովուրդին։ Ուստի Սուրբ Գրութիւններու մեր հասկացողութիւնը ժամանակ առ ժամանակ զտումի ենթարկուելու է։ Եհովայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այս բարեփոխումներով կ’ուրախանայ, իսկ քիչեր «խիստ շատ արդար» կ’ըլլան եւ փոփոխութիւններէն կը դժգոհին։ (Ժողովողի 7։16) Հպարտութիւնը կրնայ դեր խաղալ, եւ ոմանք անկախ մտածելակերպին ծուղակը կ’իյնան։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատճառը, տրտնջալը վտանգաւոր է, քանի որ կրնայ մեզ վերադարձնել աշխարհին ու իր ճամբաներուն։

15 Օրինակ, Էմանուէլ Վկայ մըն էր որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակութիւններուն մէջ իր կարդացած կարգ մը բաները սկսաւ քննադատել։ (Մատթէոս 24։45) Ան մեր քրիստոնէական հրատարակութիւնները կարդալէ դադրեցաւ եւ ի վերջոյ ժողովքի երէցներուն ըսաւ թէ այլեւս չի փափաքիր Եհովայի Վկայ մը ըլլալ։ Սակայն կարճ ժամանակ մը ետք, Էմանուէլ անդրադարձաւ որ Եհովայի կազմակերպութեան ուսուցանած բաները արդարեւ շիտակ էին։ Ան Վկաներուն հետ շփման մէջ եկաւ, իր սխալը խոստովանեցաւ եւ վերահաստատուեցաւ որպէս Եհովայի Վկայ մը։ Առ ի արդիւնք, ան դարձեալ երջանիկ անհատ մը եղաւ։

16. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել քրիստոնէական որոշ ուսուցումներու վերաբերեալ կասկածները յաղթահարելու։

16 Եթէ Եհովայի ժողովուրդին որոշ մէկ ուսուցումին նկատմամբ մեր ունեցած կասկածներուն պատճառաւ պիտի սկսինք տրտնջալ, թող անհամբեր չըլլանք։ Ժամանակի ընթացքին, ‘հաւատարիմ ծառան’ կրնայ հրատարակել բան մը, որ մեր հարցումներուն կը պատասխանէ եւ մեր կասկածները կը վանէ։ Քրիստոնեայ երէցներուն օգնութեան դիմելը իմաստութիւն է։ (Յուդա 22, 23) Աղօթքը, անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող հաւատակիցներու ընկերակցութիւնը, կրնան նաեւ մեզի օգնել կասկածները հեռացնելու եւ կրնան Եհովայի հաղորդակցութեան խողովակին միջոցաւ մեր սորված՝ հաւատք զօրացնող աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնել։

Դրական հոգի պահպանէ

17, 18. Փոխանակ տրտնջալու, ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք եւ ինչո՞ւ։

17 Անուրանալի է որ անկատար մարդիկ մեղք գործելու բնածին հակում ունին, իսկ ոմանք անտեղիօրէն գանգատելու զօրաւոր թեքում ունին։ (Ծննդոց 8։21. Հռովմայեցիս 5։12) Բայց եթէ տրտնջալը բնաւորութիւն դարձնենք, Եհովա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կը վտանգենք։ Ուստի տրտնջալու որեւէ հակում պէտք է հակակշռի տակ առնենք։

18 Փոխանակ ժողովքին մէջ տեղի ունեցող բաներուն մասին տրտնջալու, լաւ կ’ընենք եթէ դրական կեցուածք պահպանենք եւ այնպիսի սովորամոլութեան մը կառչինք որ մեզ զբաղած, ուրախ, յարգուած, հաւասարակշռուած ու հաւատքի մէջ առողջ կը պահէ։ (Ա. Կորնթացիս 15։58. Տիտոս 2։1-5) Եհովա իր ամբողջ կազմակերպութիւնը կը ղեկավարէ, եւ Յիսուս իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները գիտէ, ճիշդ ինչպէս որ էր պարագան առաջին դարուն։ (Յայտնութիւն 1։10, 11) Համբերութեամբ սպասէ Աստուծոյ ու Քրիստոսի՝ ժողովքի Գլուխին։ Պատասխանատու հովիւներ կրնան գործածուիլ՝ հարկ եղած ճշդումները կատարելու համար։—Սաղմոս 43։5. Կողոսացիս 1։18. Տիտոս 1։5

19. Մինչեւ որ Թագաւորութիւնը մարդկութեան հարցերը լիովին ձեռք առնէ, ի՞նչ բանի վրայ մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք։

19 Շուտով իրերու այս չար դրութիւնը վերջ պիտի գտնէ, եւ Մեսիական Թագաւորութիւնը մարդկութեան հարցերը ամբողջովին ձեռք պիտի առնէ։ Մինչ այդ, որքա՜ն կարեւոր է որ իւրաքանչիւրս դրական հոգի պահպանենք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ մեր հաւատակիցներուն առաքինութիւնները արժեւորելու, փոխանակ անոնց թերացումներուն վրայ կեդրոնանալու։ Անոնց անձնաւորութեան լաւ երեսակներուն վրայ կեդրոնանալը մեզ երջանիկ պիտի դարձնէ։ Փոխանակ տրտնջալով զգացականօրէն հատնելու, պիտի քաջալերուինք եւ հոգեւորապէս կերտուինք։

20. Դրական կեցուածքը կարելի պիտի դարձնէ որ ի՞նչ օրհնութիւններ վայելենք։

20 Դրական հոգին նաեւ կարելի պիտի դարձնէ որ չմոռնանք Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին հետ ընկերակցելով մեր վայելած բազմաթիւ օրհնութիւնները։ Անիկա աշխարհի մէջ միա՛կ կազմակերպութիւնն է որ տիեզերքի Գերիշխանին հաւատարիմ է։ Այս իրողութեան եւ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի պաշտամունք մատուցանելու առանձնաշնորհումին հանդէպ ի՞նչ է զգացումդ։ Թող կեցուածքդ նման ըլլայ Դաւիթի կեցուածքին, որ տաղերգեց. «Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։ Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ. պիտի լցուինք քու տանդ եւ քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ»։—Սաղմոս 65։2, 4

Կը յիշե՞ս

• Ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն համար ինչո՞ւ երախտապարտ պէտք է ըլլանք։

• Երբ պատասխանատու եղբայրներ սխալներ գործեն, ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։

• Սուրբ Գրութիւններու հասկացողութեան վերաբերեալ բարեփոխումները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

• Ի՞նչ բան Քրիստոնեայի մը կրնայ օգնել իր կասկածները վանելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 11]

Քրիստոնեայ երէցները սիրով հոգեւոր օգնութիւն կը մատուցանեն