Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա տառապեալը կ’ազատէ

Եհովա տառապեալը կ’ազատէ

Եհովա տառապեալը կ’ազատէ

«Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա»։—ՍԱՂՄՈՍ 34։19

1, 2. Հաւատարիմ Քրիստոնեայ մը ի՞նչ խնդիր դիմագրաւեց, եւ ինչո՞ւ կարելի է որ նոյնանման զգացումներէ տառապինք։

ՔԷՅՔՕ * անունով երիտասարդուհի մը, աւելի քան 20 տարիէ ի վեր Եհովայի Վկայ մըն է։ Ատեն մը ան ծառայեց որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, կամ Թագաւորութեան լիաժամ քարոզիչ, մեծապէս արժեւորելով այս առանձնաշնորհումը։ Սակայն վերջերս յուսահատութիւնը զինք պատելով, ան սկսաւ մեկուսանալ։ Քէյքօ կ’ըսէ. «Միակ բանը որ կ’ընէի, լալն էր»։ Իր ժխտական մտածելակերպը զսպելու համար, ան անձնական ուսումնասիրութեան ա՛լ աւելի ժամանակ տրամադրեց։ «Այսուհանդերձ վիճակս չկրցայ յեղաշրջել», կ’ըսէ ան։ «Ա՛յնքան յուսալքուած էի որ ուզեցի մեռնիլ»։

2 Յուսահատութեան նման զգացումներու դէմ պայքարա՞ծ ես։ Որպէս Եհովայի Վկայ մը՝ ուրախանալու բազմաթիւ պատճառներ ունիս, քանի որ աստուածպաշտութիւնը «թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8) Արդէն հիմա իսկ հոգեւոր դրախտի մը մէջ կ’ապրիս։ Սակայն ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ամէն տեսակ տառապանքէ պաշտպանուած ես։ Բնաւ երբեք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարին նեղութիւնները շատ են»։ (Սաղմոս 34։19) Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է», այսինքն՝ Բանսարկուին զօրութեան ներքեւ է։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Այս կամ այն ձեւով, բոլորս ալ այս իրողութեան ազդեցութիւններէն կը տառապինք։—Եփեսացիս 6։12

Տառապանքի հետեւանքները

3. Նշէ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած Աստուծոյ կարգ մը ծառաները, որոնք սաստիկ նեղութիւն քաշեցին։

3 Երկարատեւ նեղութիւնը կրնայ անհատը յոռետես դարձնել։ (Առակաց 15։15) Նկատի առ ուղիղ մարդը՝ Յոբ։ Երբ սարսափելի նեղութեան մէջ էր, ան ըսաւ. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է»։ (Յոբայ 14։1) Յոբի ուրախութիւնը անհետացած էր։ Ատեն մը, ան նոյնիսկ խորհեցաւ թէ Եհովա զինք լքած էր։ (Յոբայ 29։1-5) Յոբ Աստուծոյ միակ ծառան չէր որ սաստիկ տառապանքի մատնուեցաւ։ Աստուածաշունչը կը պատմէ թէ Աննան իր անզաւակութեան պատճառաւ «տրտմալից հոգի» ունէր։ (Ա. Թագաւորաց 1։9-11) Ընտանեկան հարցէ մը նեղանալով, Ռեբեկա ըսաւ. «Այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի»։ (Ծննդոց 27։46) Իր յանցանքներուն առնչութեամբ Դաւիթ ըսաւ. «Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ»։ (Սաղմոս 38։6) Այս քանի մը օրինակները բացայայտ կը դարձնեն թէ նախաքրիստոնէական դարաշրջանի աստուածավախ տղամարդիկն ու կիները, սաստիկ նեղութեան ժամանակամիջոցներ ունեցան։

4. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ ներկայիս Քրիստոնեաներուն մէջ «վատասիրտներ» կան։

4 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Քրիստոնեաներուն մասին։ Պօղոս առաքեալ անհրաժեշտ տեսաւ Թեսաղոնիկեցիներուն ըսելու թէ ‘վատասիրտները մխիթարեն’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ թէ «վատասիրտներ» թարգմանուած Յունարէն բառը կրնայ ակնարկել անոնց, «որոնք կեանքի ճնշումներուն պատճառաւ ժամանակաւորապէս ընկճուած են»։ Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ Թեսաղոնիկէի ժողովքին մէջ, հոգիէն օծուած կարգ մը անհատներ վհատած էին։ Ներկայիս ալ Քրիստոնեաներուն մէջ յուսալքուած անհատներ կան։ Բայց անոնք ինչո՞ւ սրտաբեկ են։ Նկատի առնենք երեք սովորական պատճառներ։

Մեր մեղաւոր բնոյթը կրնայ մեզ վշտացնել

5, 6. Հռովմայեցիս 7։22-25–էն ի՞նչ մխիթարութիւն կրնանք քաղել։

5 Բարոյական գետնի վրայ «անզգայ» դարձած անհատներուն հակառակը, ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենց մեղաւոր վիճակին համար նեղութիւն կը կրեն։ (Եփեսացիս 4։19) Անոնք կրնան Պօղոսի նման զգալ, որ գրեց. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է»։ Ապա Պօղոս բացագանչեց. «Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես»։—Հռովմայեցիս 7։22-24

6 Բնաւ Պօղոսի նման զգացա՞ծ ես։ Անկատարութիւններուդ գիտակցիլը սխալ չէ, քանի որ ասիկա քեզի ցոյց կու տայ մեղքին լրջութիւնը եւ կրնայ չարութիւնը մերժելու վճռակամութիւնդ զօրացնել։ Բայց հարկ չկայ որ թերութիւններուդ համար յարատեւ վհատիս։ Իր վերոյիշեալ խօսքերէն ետք, Պօղոս աւելցուց. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 7։25) Արդարեւ Պօղոս վստահ էր թէ Յիսուսի թափուած արիւնը կրնար զինք ժառանգական մեղքէն փրկել։—Հռովմայեցիս 5։18

7. Ի՞նչ բան կրնայ անհատին օգնել որ իր մեղաւոր հակումներուն պատճառաւ չվհատի։

7 Եթէ մեղաւոր բնոյթդ քեզ կը վհատեցնէ, Յովհաննէս առաքեալի խօսքերը կրնան քեզ մխիթարել. «Եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։ Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ»։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Եթէ մեղաւոր հակումներուդ պատճառաւ ընկճուած ես, երբեք մի՛ մոռնար թէ Յիսուս մեղաւորներուն համար մեռաւ, եւ ո՛չ թէ կատարեալ մարդոց համար։ Արդարեւ «ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։—Հռովմայեցիս 3։23

8, 9. Ինչո՞ւ մենք մեզ դատապարտելու գաղափարները պէտք է մերժենք։

8 Միւս կողմէ, ենթադրենք որ անցեալին լուրջ մեղք մը գործած ես։ Անկասկած այս հարցին շուրջ Եհովայի աղօթեցիր, թերեւս շատ յաճախ։ Քրիստոնեայ երէցներէն հոգեւոր օգնութիւն ստացար։ (Յակոբու 5։14, 15) Իրապէս զղջացած ըլլալով՝ ժողովքին մէկ անդամը մնացիր։ Կամ, թերեւս ժամանակ մը Աստուծոյ կազմակերպութիւնը լքեցիր, բայց ետքը զղջացիր եւ ժողովքին մէջ մաքուր կեցուածք ձեռք ձգեցիր։ Երկու պարագաներուն ալ, կարելի է որ անցեալի մեղքդ միտքդ գայ եւ քեզ տառապեցնէ։ Եթէ ասիկա պատահի, յիշէ թէ Եհովա սրտանց զղջացողներուն «առատապէս» կը ներէ։ (Եսայեայ 55։7) Ասկէ զատ, ան չ’ուզեր որ վերջնականապէս դատապարտուած զգաս, քանի որ ասիկա Սատանայի նպատակին կը ծառայէ։ (Բ. Կորնթացիս 2։7, 10, 11) Բանսարկուն պիտի բնաջնջուի, քանի որ անոր արժանի է, բայց ան կ’ուզէ որ զգաս թէ դո՛ւն ալ նոյն դատապարտութեան արժանի ես։ (Յայտնութիւն 20։9, 10) Թոյլ մի՛ տար որ հաւատքդ կործանելու Սատանայի այս ծրագիրը յաջողի։ (Եփեսացիս 6։11) Փոխարէն, այս ուղղութեամբ ‘անոր դէմ կեցիր’, ինչպէս ուրիշ բաներու մէջ անոր կը դիմադրես։—Ա. Պետրոս 5։9

9 Յայտնութիւն 12։10–ի մէջ, Սատանան կոչուած է «մեր եղբայրներուն [օծեալ Քրիստոնեաներուն] դէմ չար խօսողը», որ Աստուծոյ առջեւ ‘անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէ ցերեկ ու գիշեր’։ Այս համարին մասին խորհրդածելը կրնայ քեզի օգնել ըմբռնելու թէ ամբաստանիչ Սատանան պիտի ուրախանայ եթէ դուն քեզ ամբաստանես ու դատապարտես, հակառակ անոր որ Եհովա ասիկա չ’ըներ։ (Ա. Յովհաննու 3։19-22) Ինչո՞ւ յանձնուելու աստիճան շարունակես թերացումներուդ համար տանջուիլ։ Թոյլ մի՛ տար որ Սատանան Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնդ կործանէ կամ մղէ քեզ անտեսելու այն իրողութիւնը, թէ Եհովա «ողորմած ու բարերար [է], երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով»։—Ելից 34։6

Մեր սահմանափակումները կրնան մեզ վհատեցնել

10. Մեր սահմանափակումները ի՞նչ կերպերով կրնան մեզ վհատեցնել։

10 Կարգ մը Քրիստոնեաներ վհատած են, քանի որ իրենց սահմանափակումները Աստուծոյ մատուցած իրենց ծառայութեան ազդած են։ Այս պարագան ունի՞ս։ Կրնայ ըլլալ որ լուրջ հիւանդութիւն մը, յառաջացած տարիքը կամ այլ պարագաներ արգելք կը հանդիսանան որ առաջուան չափ ժամանակ տրամադրես ծառայութեան։ Ճիշդ է որ Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն տրուած է որ Աստուծոյ ծառայութեան համար ժամանակը ծախու առնեն։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Բայց ի՞նչ կրնաս ընել եթէ իսկական սահմանափակումներ արգելք կ’ըլլան ծառայութեան աւելի մասնակցելու եւ ասիկա քեզ կը վհատեցնէ։

11. Գաղատացիս 6։4–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի։

11 Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ անփոյթ չըլլանք, այլ՝ «[նմանինք] անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին»։ (Եբրայեցիս 6։12) Ասիկա կրնանք ընել միայն եթէ անոնց ընտիր օրինակը քննենք եւ ջանանք անոնց հաւատքը ընդօրինակել։ Սակայն պիտի չօգտուինք եթէ մենք մեզ բաղդատենք ուրիշներուն հետ ու եզրակացնենք թէ մեր ըրածները բաւարար չեն։ Հետեւաբար Պօղոսի սա խրատը կիրարկենք. «Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ»։—Գաղատացիս 6։4

12. Ինչո՞ւ կրնանք Եհովայի մատուցած մեր ծառայութեամբ ուրախանալ։

12 Քրիստոնեաները ուրախանալու վաւերական պատճառներ ունին, նոյնիսկ երբ առողջապահական լուրջ խնդիրներ անոնց գործունէութիւնը կը սահմանափակեն։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։ (Եբրայեցիս 6։10) Կրնայ ըլլալ որ կամքէ անկախ պատճառներ դժուարացուցած են որ ատեն մը ունեցած գործունէութեանդ մակարդակը պահպանես։ Սակայն Եհովայի օգնութեամբ, թերեւս կարենաս քրիստոնէական ծառայութեան կարգ մը երեսակներուն լիովին մասնակցիլ, ինչպէս՝ հեռախօսով վկայել եւ նամակ գրել։ Կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովա Աստուած քեզ պիտի օրհնէ, քու անձնուէր ծառայութեանդ եւ իրեն ու մարդոց հանդէպ ցուցաբերած սիրոյդ համար։—Մատթէոս 22։36-40

«Չար ժամանակներ»ը կրնան մեզ ընկճել

13, 14. (ա) Այս «չար ժամանակներ»ը ի՞նչ կերպերով կրնան մեզի տառապանք պատճառել։ (բ) Ներկայիս գութի պակասը ի՞նչպէս բացայայտ է։

13 Թէեւ կ’ակնկալենք Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ ապրիլ, սակայն հիմա «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Կը մխիթարուինք գիտնալով թէ նեղացուցիչ դէպքերը մեր ազատագրութեան մօտ ըլլալը կը նշեն։ Այսուհանդերձ մեզ շրջապատող պայմանները մեզի կ’ազդեն։ Օրինակ, ի՞նչ կրնաս ընել եթէ անգործ ես։ Թերեւս գործերը տկար են, եւ մինչ ամիսները կը սահին, կը սկսիս հարց տալ թէ Եհովա դժուար կացութիւնդ կը տեսնէ՞ կամ աղօթքներդ կը լսէ՞։ Կամ, թերեւս խտրականութեան կամ այլ տեսակի անարդարութեան զոհ գացած ես։ Նոյնիսկ լրագիրներուն վերնագիրները աչքէ անցընելը կրնայ քեզի տալ այն զգացումը որ արդար Ղովտ ունեցաւ, որ «ընկճուած էր անօրէններուն շուայտ վարքէն»։—Բ. Պետրոս 2։7, ԱՎ

14 Չենք կրնար անտեսել վերջին օրերուն մասնայատուկ մէկ երեսակը։ Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ շատեր «անգութ» պիտի ըլլան։ (Բ. Տիմոթէոս 3։3) Բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ գորովը բոլորովին անհետացած է։ Արդարեւ, ինչպէս գիրք մը (Family Violence) կ’ըսէ, «ապացոյցները կը թելադրեն թէ աւելի հաւանականութիւն կայ որ մարդիկ իրենց ընտանիքի մէկ անդամին կողմէ սպաննուին, ֆիզիքական յարձակման ենթարկուին, զգացական կամ սեռային գետնի վրայ չարաշահուին, քան՝ ուրիշի մը կողմէ»։ «Ընտանեկան միջավայրը, ուր մարդիկ սէր ու ապահովութիւն պէտք է զգան, կարգ մը չափահասներու ու երախաներու համար ամենավտանգաւոր վայրն է»։ Ընտանեկան վատառողջ միջավայրի մէջ մեծցողները կրնան հետագային մտահոգութեան եւ յուսահատութեան պահեր ունենալ։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ այս պարագան ունիս։

15. Եհովայի սէրը ի՞նչ կերպով մարդկային որեւէ սէր կը գերազանցէ։

15 Սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն, բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի»։ (Սաղմոս 27։10) Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովայի սէրը մարդկային ծնողի մը սէրը կը գերազանցէ։ Ծնողի կողմէ մերժուիլը, չարչարուիլը կամ լքուիլը ո՛րքան ալ վշտագին ըլլայ, անիկա չ’ազդեր քեզի հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած հոգատարութեան։ (Հռովմայեցիս 8։38, 39) Մտաբերէ թէ Աստուած իր սիրած անհատները իրեն կը քաշէ։ (Յովհաննու 3։16. 6։44) Մարդիկ քեզի հետ ի՛նչ կերպով ալ վարուած ըլլան, երկնաւոր Հայրդ քեզ կը սիրէ։

Ընկճուածութիւնը մեղմացնելու գործնական քայլեր

16, 17. Երբ անհատ մը ընկճուի, ի՞նչ կրնայ ընել իր հոգեւոր զօրութիւնը պահպանելու համար։

16 Ընկճուածութեան հետ գլուխ ելլելու համար կրնաս գործնական քայլեր առնել։ Օրինակ, քրիստոնէական գործունէութեան շինիչ յայտագրի մը հետեւիր։ Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկա՛, մանաւանդ երբ վհատութիւնը սաստկանայ։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Երբ կ’ըսէի. ‘Իմ ոտքս կը սասանի’, ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր. իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին»։ (Սաղմոս 94։18, 19) Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութիւնը՝ միտքդ մխիթարական խօսքերով ու կազդուրիչ գաղափարներով լեցնելու պիտի նպաստէ։

17 Աղօթքն ալ կենսական է։ Նոյնիսկ եթէ չես կրնար խոր զգացումներդ բառերով լիովին արտայայտել, Եհովա գիտէ թէ ի՛նչ կը փորձես ըսել։ (Հռովմայեցիս 8։26, 27) Սաղմոսերգուն սա երաշխիքը տուաւ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։—Սաղմոս 55։22

18. Ընկճուած անհատը ի՞նչ գործնական քայլեր կրնայ առնել։

18 Ոմանք յուսահատութեան կը մատնուին, բժշկականօրէն ստուգուած ընկճուածութեան պատճառաւ։ * Եթէ այս պարագան ունիս, ջանա՛ ուշադրութիւնդ մասամբ կեդրոնացնել Աստուծոյ նոր աշխարհին եւ այն ժամանակին վրայ, երբ «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Եթէ բացասական զգացումներդ ժամանակաւոր վատ տրամադրութեան հարց չէ, խոհեմութիւն է որ մասնագէտ բժիշկի մը դիմես։ (Մատթէոս 9։12) Նաեւ կարեւոր է որ դուն քեզի ֆիզիքապէս հոգ տանիս։ Լաւ սննդականոնը եւ յարմար մարզանքը կրնան օգտակար ըլլալ։ Վստահ եղիր որ բաւարար հանգիստ կ’ընես։ Մինչեւ ուշ ատեն հեռատեսիլ մի՛ դիտեր, եւ քեզ ֆիզիքապէս ու զգացականօրէն սպառող ժամանցներէն խուսափէ։ Բայց ամէն բանէ առաջ, շարունակէ աստուածահաճոյ գործեր կատարել։ Թէեւ տակաւին ժամանակը չէ եկած, երբ Եհովա «բոլոր արցունքները պիտի սրբէ», սակայն ան քեզի պիտի օգնէ որ տոկաս։—Յայտնութիւն 21։4. Ա. Կորնթացիս 10։13

«Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ» ապրիլ

19. Եհովա տառապեալներուն ի՞նչ կը խոստանայ։

19 Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ արդարին նեղութիւնները շատ ըլլալով հանդերձ, «Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա»։ (Սաղմոս 34։19) Աստուած ասիկա ի՞նչպէս կ’ընէ։ Երբ Պօղոս առաքեալ իր «մարմնի խայթոց»էն ազատուելու համար կրկին անգամ աղօթեց, Եհովա իրեն ըսաւ. «Իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ (Բ. Կորնթացիս 12։7-9) Եհովա Պօղոսի ի՞նչ խոստացաւ, եւ քեզի ի՞նչ կը խոստանայ։ Ո՛չ թէ անմիջական դարման տալ, այլ՝ տոկալու զօրութիւն։

20. Հակառակ մեր փորձութիւններուն, Ա. Պետրոս 5։6, 7–ն մեզի ի՞նչ երաշխիք կու տայ։

20 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Որովհետեւ Եհովա կը հոգայ քեզ, ան քեզ պիտի չլքէ։ Ան քեզի նեցուկ պիտի կանգնի, ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւես։ Ի մտի ունեցիր թէ հաւատարիմ Քրիստոնեաները «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ» են։ Մինչ Եհովայի կը ծառայենք, ան տոկալու զօրութիւն կու տայ մեզի։ Եթէ իրեն հաւատարիմ մնանք, ո՛չ մէկ բան կրնայ մեզի մնայուն հոգեւոր վնաս հասցնել։ Հետեւաբար, թող Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահենք, որպէսզի կարենանք իր խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանք վայելել եւ տեսնել այն օրը, երբ արդարեւ տառապեալը վերջնականապէս պիտի փրկէ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Անունը փոխուած է։

^ պարբ. 18 Վհատութենէն աւելին ըլլալով, բժշկականօրէն ստուգուած ընկճուածութիւնը վիճակ մըն է, որուն մէջ տխրութիւնը սաստիկ եւ շարունակական է։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 1988, էջ 25-29. 15 Նոյեմբեր 1988, էջ 21-24. եւ 1 Սեպտեմբեր 1996, էջ 30-31 (Անգլերէն)։

Կը յիշե՞ս

• Ինչո՞ւ նոյնիսկ Եհովայի ծառաները կը տառապին։

• Ի՞նչ ազդակներ պատճառ կրնան ըլլալ որ Աստուծոյ ժողովուրդէն ոմանք յուսալքուին։

• Եհովա ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ մեր մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլենք։

• Ի՞նչ կերպով «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ» ենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 13]

Հակառակ փորձութիւններուն, Եհովայի ժողովուրդը ուրախանալու պատճառներ ունի

[Նկար՝ էջ 16]

Հեռախօսով վկայելը՝ լաւագոյնդ Եհովայի տալու կերպերէն մէկն է