Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իմաստո՛ւն եղիր՝ Աստուծմէ վախնալով

Իմաստո՛ւն եղիր՝ Աստուծմէ վախնալով

Իմաստո՛ւն եղիր՝ Աստուծմէ վախնալով

«Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է»։—ԱՌԱԿԱՑ 9։10

1. Շատեր ինչո՞ւ աստուածավախութեան գաղափարը դժուարահասկնալի կը գտնեն։

ԿԱՐ ժամանակ մը, երբ անհատ մը աստուածավախ կոչելը գովասանք կը համարուէր։ Ներկայիս, շատեր Աստուծմէ վախնալու գաղափարը հնամենի ու դժուարահասկնալի կը նկատեն։ Անոնք հարց կու տան. ‘Եթէ Աստուած սէր է, ինչո՞ւ իրմէ պէտք է վախնամ’։ Անոնց աչքին՝ վախը բացասական ու նոյնիսկ ջլատիչ զգացում մըն է։ Սակայն իսկական աստուածավախութիւնը աւելի ընդարձակ նշանակութիւն ունի եւ ինչպէս պիտի տեսնենք, անիկա լոկ զգացում մը չէ։

2, 3. Իսկական աստուածավախութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։

2 Աստուածաշունչին մէջ աստուածավախութիւնը գործածուած է որպէս դրական գաղափար մը։ (Եսայեայ 11։3) Անիկա Աստուծոյ հանդէպ խոր ակնածանք ու յարգանք է, ինչպէս նաեւ զինք չտհաճեցնելու զօրաւոր փափաք։ (Սաղմոս 115։11) Անիկա կը պարփակէ Աստուծոյ բարոյական չափանիշները ընդունիլ եւ ամրօրէն անոնց կառչիլ ու փափաքիլ Աստուծոյ սահմանածին համաձայն ապրիլ, թէ ի՛նչ բան շիտակ է կամ սխալ է։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ թէ այսպիսի առողջ վախ մը «Աստուծոյ հանդէպ հիմնական կեցուածք մըն է, որ անհատը կ’առաջնորդէ իմաստուն ընթացքի հետեւելու եւ ամէն տեսակ չարութենէ խուսափելու»։ Տեղին ըլլալով, Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է»։—Առակաց 9։10

3 Արդարեւ Աստուծոյ վախը մարդկային գործունէութեանց շատ մը երեսակներուն առնչուած է։ Անիկա ո՛չ միայն իմաստութեան հետ կապ ունի, այլ նաեւ՝ ուրախութեան, խաղաղութեան, բարգաւաճութեան, երկարակեցութեան, յոյսի եւ վստահութեան հետ։ (Սաղմոս 2։11. Առակաց 1։7. 10։27. 14։26. 22։4. 23։17, 18. Գործք 9։31) Անիկա սերտօրէն յարակից է հաւատքի ու սիրոյ։ Իրականութեան մէջ, անիկա Աստուծոյ ու մարդոց հետ մեր ամբողջ յարաբերութեան կ’ազդէ։ (Բ. Օրինաց 10։12. Յոբայ 6։14. Եբրայեցիս 11։7) Աստուածավախութիւնը կը պարփակէ խոր համոզում՝ թէ մեր երկնաւոր Հայրը անձամբ կը հոգայ մեզ եւ մեր յանցագործութիւնները ներելու պատրաստ է։ (Սաղմոս 130։4) Միայն անզեղջ չարերն են որ Աստուծմէ սարսափելու պատճառ ունին։ *Եբրայեցիս 10։26-31

Եհովայէ վախնալ սորվիլ

4. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ ‘Եհովայէ վախնալ սորվինք’։

4 Որովհետեւ աստուածավախութիւնը իմաստուն որոշումներ կայացնելու եւ Աստուծոյ օրհնութիւնները ստանալու համար էական է, ի՞նչպէս կրնանք ‘Աստուծմէ վախնալ սորվիլ’։ (Բ. Օրինաց 17։19) Շատ մը աստուածավախ տղամարդոց ու կիներու օրինակները Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած են, «որ մե՛նք սորվինք»։ (Հռովմայեցիս 15։4, ԱՎ) Աստուածավախութեան իսկական նշանակութիւնը հասկնալու համար, վերլուծենք այդ օրինակներէն մէկուն՝ վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորին կեանքը։

5. Հովուութիւնը ի՞նչպէս Դաւիթի օգնեց սորվելու թէ Եհովայէ վախնալը ի՛նչ կը նշանակէ։

5 Եհովա Իսրայէլի առաջին թագաւորը՝ Սաւուղը մերժեց, քանի որ ան ժողովուրդէն կը վախնար եւ ո՛չ թէ Աստուծմէ։ (Ա. Թագաւորաց 15։24-26) Միւս կողմէ, Դաւիթի կեանքի ընթացքը եւ Եհովայի հետ իր սերտ յարաբերութիւնը զինք կը բնորոշեն որպէս իրապէս աստուածավախ մարդ մը։ Իր մանուկ հասակէն, Դաւիթ յաճախ իր հօր ոչխարները կ’արածէր։ (Ա. Թագաւորաց 16։11) Աստղազարդ երկինքի տակ հովուութիւն ընելը, Դաւիթի օգնած ըլլալու էր հասկնալու թէ ի՛նչ է Եհովայի վախը։ Ան անհուն տիեզերքին չնչին մէկ մասը տեսնելով հանդերձ, շիտակ եզրակացութեան յանգեցաւ,– Աստուած մեր յարգանքին ու պաշտամունքին արժանի է։ Ան հետագային գրեց. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես»։—Սաղմոս 8։3, 4

6. Եհովայի մեծութիւնը ըմբռնելը Դաւիթի վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։

6 Տեղին ըլլալով, Դաւիթ այդ բաղդատութիւնը ընելով տպաւորուեցաւ։ Փոխանակ սարսափելու, այս գիտութիւնը զինք մղեց Եհովան փառաբանելու եւ ըսելու. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ»։ (Սաղմոս 19։1) Աստուծոյ հանդէպ Դաւիթի ակնածանքը զինք աւելի մօտեցուց Եհովայի եւ մղեց որ փափաքի Իր կատարեալ ճամբաները սորվիլ ու անոնց հետեւիլ։ Պահ մը երեւակայէ թէ Դաւիթ ի՛նչ զգացումով Եհովայի երգեց. «Դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ’ընես։ Միայն դո՛ւն Աստուած ես։ Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»։—Սաղմոս 86։10, 11

7. Աստուծոյ վախը ի՞նչպէս Դաւիթի օգնեց Գողիաթի դէմ կռուելու։

7 Երբ Փղշտացիները Իսրայէլ ներխուժեցին, անոնց ախոյեանը՝ Գողիաթ, որուն հասակը շուրջ երեք մեթր էր, Իսրայելացիները արհամարհեց, ըսելով. ‘Մարդ մը ընտրեցէք, որ ինծի հետ մենամարտի։ Եթէ ան յաղթէ, ձեզի կը ծառայենք’։ (Ա. Թագաւորաց 17։4-10) Սաւուղ եւ իր ամբողջ բանակը սարսափի մատնուեցան, բայց Դաւիթը՝ ոչ։ Ան գիտէր թէ Եհովայէ պէտք էր վախնար եւ ո՛չ թէ մարդէ մը, որքա՛ն ալ ան զօրաւոր ըլլար։ Դաւիթ Գողիաթի ըսաւ. ‘Ես զօրքերու Տէրոջ անունով քեզի կու գամ, որպէսզի այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սրով ու նիզակով չ’ազատեր. քանզի պատերազմը Տէրոջն է’։ Իր պարսատիկով ու մէկ քարով, ինչպէս նաեւ Եհովայի օգնութեամբ, Դաւիթ հսկան մեռցուց։—Ա. Թագաւորաց 17։45-47

8. Աստուածաշունչի մէջ նշուած աստուածավախ անհատներու օրինակները մեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն։

8 Եթէ կը դիմագրաւենք խոչընդոտներ կամ թշնամիներ, որոնք նո՛յնքան վախազդու են որքան Դաւիթի դիմագրաւածը, ի՞նչ կրնանք ընել։ Կրնանք պարագան ձեռք առնել, ինչպէս Դաւիթ եւ վաղեմի այլ հաւատարիմներ ըրին,– աստուածավախութեամբ։ Աստուծոյ վախը կրնայ մարդու վախը յաղթահարել։ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան՝ Նէեմիա, հակառակորդներուն ճնշումին ներքեւ եղող իր հայրենակիցները յորդորեց, ըսելով. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնաք. յիշեցէ՛ք Տէրը, որ մեծ ու ահեղ է»։ (Նէեմեայ 4։14) Եհովայի աջակցութեամբ, Դաւիթ, Նէեմիա եւ Աստուծոյ այլ հաւատարիմ ծառաներ, իրենց աստուածատուր նշանակումները կատարեցին։ Աստուածավախութեամբ՝ մե՛նք ալ կրնանք։

Աստուածավախութեամբ խնդիրները դիմագրաւել

9. Դաւիթ ի՞նչ պարագաներու ներքեւ աստուածավախութիւն ցուցաբերեց։

9 Գողիաթը սպաննուելէ ետք, Եհովա յաւելեալ յաղթանակներ շնորհեց Դաւիթի։ Սակայն նախանձոտ Սաւուղ փորձեց Դաւիթը սպաննել, նախ՝ անշրջահայեցողութեամբ, ետքը՝ խորամանկօրէն, իսկ վերջաւորութեան՝ բանակով։ Թէեւ Եհովա զինք հաւաստիացուցած էր թէ թագաւոր պիտի ըլլար, սակայն Դաւիթ ստիպուեցաւ երկար տարիներ փախչիլ, կռուիլ եւ սպասել որ Եհովա զինք թագադրէ։ Մինչ այդ, Դաւիթ ցոյց տուաւ թէ ճշմարիտ Աստուծմէ կը վախնար։—Ա. Թագաւորաց 18։9, 11, 17. 24։3

10. Դաւիթ ի՞նչպէս վտանգի դիմաց աստուածավախութիւն ցուցաբերեց։

10 Առիթով մը, Դաւիթ Փղշտացիներու Գէթ քաղաքի թագաւորին՝ Անքուսի քով ապաստանեցաւ, որ Գողիաթի բնակավայրն էր։ (Ա. Թագաւորաց 21։10-15) Թագաւորին ծառաները Դաւիթի դէմ խօսեցան որպէս իրենց ազգին մէկ թշնամին։ Դաւիթ այդ վտանգաւոր կացութեան ի՞նչպէս հակազդեց։ Ան Եհովայի առջեւ իր սիրտը թափեց։ (Սաղմոս 56։1-4, 11-13) Թէեւ ան ազատուելու համար ստիպուեցաւ ինքզինք խենթ ձեւացնել, բայց Դաւիթ գիտէր թէ արդարեւ Եհովան էր որ զինք ազատեց՝ իր ջանքերը օրհնելով։ Եհովայի սրտանց ապաւինիլը եւ վստահիլը ցոյց տուաւ թէ Դաւիթ իրապէս Աստուծմէ կը վախնար։—Սաղմոս 34։4-6, 9-11

11. Դաւիթի նման, ի՞նչպէս կրնանք փորձութեան ներքեւ աստուածավախութիւն ցուցաբերել։

11 Դաւիթի նման, կրնանք աստուածավախութիւն ցուցաբերել, մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու նկատմամբ մեզի օգնելու Աստուծոյ խոստումին վստահելով։ «Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ», ըսաւ Դաւիթ։ (Սաղմոս 37։5) Ասիկա չի նշանակեր թէ պարզապէս մեր խնդիրները Եհովայի յանձնենք առանց բան մը ընելու եւ իրմէ ակնկալենք որ զանոնք լուծէ։ Դաւիթ միայն Աստուծոյ աղօթելով չբաւականացաւ։ Ան Եհովայի իրեն շնորհած ֆիզիքական ու մտային կարողութիւնները գործածելով, իր խնդիրը ձեռք առաւ։ Այսուհանդերձ Դաւիթ գիտէր թէ մարդկային ջանքերը առանձին յաջողութիւն չեն երաշխաւորեր։ Մենք ալ նոյն կերպով պէտք է վարուինք։ Մեր ձեռքէն եկածը ընելէ ետք, մնացեալը Եհովայի պէտք է ձգենք։ Իրականութեան մէջ, յաճախ ամէն ի՛նչ որ կրնանք ընել՝ Եհովայի ապաւինիլն է։ Ճիշդ այս պարագային է որ ցոյց կու տանք թէ անձնապէս Աստուծմէ կը վախնանք։ Կրնանք Դաւիթի սա սրտագին խօսքերով մխիթարուիլ. «Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է»։—Սաղմոս 25։14

12. Ինչո՞ւ մեր աղօթքները լուրջի պէտք է առնենք, եւ ո՞ր կեցուածքը բնաւ պէտք չէ ունենանք։

12 Հետեւաբար մեր աղօթքները եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը լուրջի պէտք է առնենք։ Երբ Եհովայի կը մօտենանք, պէտք է «[հաւատանք] թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6. Յակոբու 1։5-8) Իսկ երբ ան մեզի օգնէ, պէտք է ‘գոհութիւն մատուցանենք’, ինչպէս Պօղոս առաքեալ մեզ խրատեց։ (Կողոսացիս 3։15, 17) Բնաւ պէտք չէ նմանինք անոնց, որոնց մասին փորձառու օծեալ Քրիստոնեայ մը ըսաւ. «Անոնք կը նկատեն Աստուած երկնային սպասեակ մը։ Երբ բանի մը պէտք ունենան, անոնք կ’ուզեն ձեռքով նշան մը ընել որ ան անմիջապէս իրենց մօտենայ։ Եւ երբ իրենց պահանջածը ձեռք ձգեն, կ’ուզեն որ ան հեռանայ»։ Այսպիսի կեցուածք մը աստուածավախութիւն չի յայտներ։

Երբ աստուածավախութիւնը տկարացաւ

13. Դաւիթ ե՞րբ Աստուծոյ Օրէնքը չյարգեց։

13 Նեղութեան միջոցին Եհովայի օգնութիւնը վայելելը, Աստուծոյ հանդէպ Դաւիթի վախը խորացուց եւ իր վստահութիւնը ամրացուց։ (Սաղմոս 31։22-24) Սակայն երեք աչքառու առիթներով Դաւիթի աստուածավախութիւնը անկում կրեց, լուրջ հետեւանքներ ունենալով։ Առաջինը կապ ունէր իր ըրած կարգադրութեան հետ, որ Եհովայի ուխտի տապանակը սայլո՛վ Երուսաղէմ փոխադրուի, փոխանակ Ղեւտացիներու ուսին վրայ, ինչպէս Աստուծոյ Օրէնքը կ’ըսէր։ Երբ սայլը վարող Ոզան տապանակը բռնեց որ չիյնայ, ան իսկոյն մեռաւ այս «յանցանքին» համար։ Ճիշդ է որ Ոզա լուրջ մեղք գործեց, սակայն ի վերջոյ, Աստուծոյ Օրէնքը պատշաճօրէն չյարգելը Դաւիթի կողմէ, այս աղիտալի հետեւանքին առաջնորդեց։ Աստուծմէ վախնալ կը նշանակէ՝ ամէն բան իր կարգադրութեան համաձայն ընել։—Բ. Թագաւորաց 6։2-9. Թուոց 4։15. 7։9

14. Իսրայէլը համրելու Դաւիթի արարքը ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ։

14 Հետագային, Սատանայէ դրդուած, Դաւիթ Իսրայէլի պատերազմող տղամարդիկը համրեց։ (Ա. Մնացորդաց 21։1) Այս արարքով՝ Դաւիթ Աստուծոյ հանդէպ վախ չցուցաբերեց, եւ ասիկա 70,000 Իսրայելացիի մահուան պատճառ եղաւ։ Թէեւ Դաւիթ Եհովայի առջեւ զղջաց, սակայն ինք եւ իր շուրջինները մեծապէս վնասուեցան։—Բ. Թագաւորաց 24։1-16

15. Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Դաւիթ սեռային անբարոյութեան մէջ իյնայ։

15 Ժամանակաւորապէս աստուածավախութիւն չցուցաբերելը նաեւ Դաւիթը առաջնորդեց Ուրիայի կնոջ՝ Բերսաբէի հետ անբարոյութիւն գործելու։ Դաւիթ գիտէր թէ շնութիւնը կամ նոյնիսկ ուրիշի մը կողակիցին ցանկալը սխալ էր։ (Ելից 20։14, 17) Խնդիրը սկսաւ երբ Դաւիթ տեսաւ Բերսաբէի լոգանք առնելը։ Աստուծոյ հանդէպ պատշաճ վախը անմիջապէս պէտք էր մղէր Դաւիթը որ իր աչքերն ու խորհուրդները այլուր ուղղէր։ Փոխարէն, ըստ երեւոյթին Դաւիթ շարունակեց անոր ‘նայիլ’, մինչեւ որ իր կիրքը մէկդի ըրաւ աստուածավախութիւնը։ (Մատթէոս 5։28. Բ. Թագաւորաց 11։1-4) Դաւիթ պահ մը մոռցաւ թէ Եհովա իր ամէն ըրածը կը տեսնէր։—Սաղմոս 139։1-7

16. Դաւիթի յանցագործութիւնը ի՞նչ հետեւանքներ ունեցաւ։

16 Բերսաբէի հետ Դաւիթի անբարոյ յարաբերութիւնը յառաջ բերաւ արու զաւակ մը։ Անկէ քիչ ետք, Եհովա իր Նաթան մարգարէն ղրկեց՝ Դաւիթի մեղքը քօղազերծելու։ Երբ Դաւիթ զգաստացաւ, Աստուծմէ վերստին վախնալով՝ զղջաց։ Ան Եհովայի պաղատեցաւ որ զինք չլքէ կամ Իր սուրբ հոգին իրմէ չհեռացնէ։ (Սաղմոս 51։7, 11) Եհովա Դաւիթի ներեց եւ անոր պատիժը թեթեւցուց, սակայն զինք իր արարքներուն բոլոր հետեւանքներէն չպաշտպանեց։ Դաւիթի որդին մեռաւ, ապա շարք մը ողբերգութիւններ իր ընտանիքը հարուածեցին։ Ան ի՜նչ սուղ գին մը վճարեց, քանի որ պահ մը աստուածավախութիւն չցուցաբերեց։—Բ. Թագաւորաց 12։10-14. 13։10-14. 15։14

17. Օրինակով մը ցոյց տուր յանցագործութեան առթած սրտատանջութիւնը։

17 Ներկայիս, բարոյական հարցերու մէջ Աստուծմէ չվախնալը, նմանապէս լուրջ ու մնայուն հետեւանքներ ունի։ Փորձէ երեւակայել երիտասարդ կնոջ մը սրտացաւը, երբ իմացաւ որ իր Քրիստոնեայ ամուսինը արտասահման աշխատած ժամանակ զինք դաւաճանած էր։ Ցնցուած ու վշտացած, ան իր գլուխը կախեց եւ սկսաւ լալ։ Որքա՞ն ժամանակ պիտի առնէ, որպէսզի ամուսինը կարենայ անոր վստահութիւնն ու յարգանքը վերաշահիլ։ Աստուծմէ իրապէս վախնալով, կարելի է այսպիսի աղիտալի հետեւանքներէ խուսափիլ։—Ա. Կորնթացիս 6։18

Աստուծոյ վախը մեզ մեղք գործելէ ետ կը պահէ

18. Սատանայի նպատակը եւ գործելակերպը ի՞նչ է։

18 Սատանան աշխարհի բարոյական արժանիքները շատ արագօրէն կը փճացնէ եւ յատկապէս կ’ուզէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ապականել։ Ուստի ան մեր սրտին ու մտքին տանող ամենէն ուղիղ ճամբան կը շահագործէ,– մեր զգայարանքները, մանաւանդ՝ մեր աչքերն ու ականջները։ (Եփեսացիս 4։17-19) Ի՞նչպէս պիտի հակազդես, երբ անակնկալօրէն հանդիպիս անբարոյ պատկերներու, խօսքերու կամ մարդոց։

19. Աստուածավախութիւնը ի՞նչպէս Քրիստոնեայի մը օգնեց փորձութիւնը յաղթահարելու։

19 Նկատի առ Անտրէի պարագան։ * Ան Քրիստոնեայ երէց ու հայր մըն է, եւ Եւրոպայի մէջ կը գործէ իբրեւ բժիշկ։ Երբ Անտրէի կարգը եկաւ որ ամէն գիշեր հիւանդանոցին մէջ մնայ, էգ պաշտօնակիցները կրկին անգամ իր բարձին վրայ ռոմանթիկ գրութիւններ դրին, զինք հրաւիրելով որ իրենց հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ։ Ան հաստատօրէն մերժեց անոնց առաջարկները նկատի առնել։ Ասկէ աւելի, ինքզինք այս գէշ միջավայրէն հեռացնելու համար, ան այլուր գործ գտաւ։ Արդարեւ Աստուծմէ վախնալը շատ իմաստուն ընթացք մըն էր եւ օրհնութիւններու դուռ բացաւ, քանի որ ներկայիս Անտրէ մասնաժամով կը ծառայէ իր երկրին մէջ գտնուող Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղին մէջ։

20, 21. (ա) Աստուծոյ վախը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ մեղանչելէ խուսափինք։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

20 Սխալ խորհուրդներու վրայ կեդրոնանալը կրնայ առաջնորդել մտավիճակի մը, որուն մէջ անհատը պատրաստ է Եհովայի հետ իր թանկագին յարաբերութիւնը զանց ընելու, իրեն չարտօնուած բանի մը փոխարէն։ (Յակոբու 1։14, 15) Միւս կողմէ, եթէ Եհովայէ վախնանք, հեռու պիտի կենանք,– նոյնիսկ փախչինք,– անհատներէ, վայրերէ, գործունէութիւններէ ու ժամանցներէ, որոնք կրնան մեր բարոյական պաշտպանութիւնը տկարացնել։ (Առակաց 22։3) Ի՛նչ նեղ կացութեան ալ մատնուինք կամ ի՛նչ զոհողութիւն ալ ընենք, անիկա շատ չնչին է՝ Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնելուն հետ բաղդատած։ (Մատթէոս 5։29, 30) Անշուշտ Աստուծմէ վախնալը կը պարփակէ՝ երբեք դիտումնաւոր կերպով մենք մեզ անբարոյ բաներու չենթարկել, ի ներառեալ՝ պոռնկագրութեան բոլոր տեսակները, հապա մեր աչքերը հեռացնել «ունայնութիւն տեսնելէ»։ Այսպէս վարուելով կրնանք Եհովայի վստահիլ որ ‘մեզ վերապրեցնէ’ եւ մեզի իսկապէս հարկ եղած բոլոր բաները հայթայթէ։—Սաղմոս 84։11. 119։37, ԱՎ

21 Արդարեւ, իսկական աստուածավախութեամբ վարուիլը միշտ իմաստուն ընթացք է։ Անիկա նաեւ իրական երջանկութեան աղբիւրն է։ (Սաղմոս 34։9) Յաջորդ յօդուածը ասիկա բացայայտ պիտի ընէ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Տես՝ «Աստուածաշունչի տեսակէտը. ի՞նչպէս կրնաս սիրոյ Աստուծմէ մը վախնալ» յօդուածը, Զարթի՛ր 8 Յունուար 1998 թիւին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 19 Անունը փոխուած է։

Կրնա՞ս բացատրել

• Աստուածավախութիւնը ի՞նչ քրիստոնէական յատկութիւններ կը պարփակէ։

• Աստուածավախութիւնը ի՞նչպէս մարդու վախը կը չէզոքացնէ։

• Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ աղօթքի հանդէպ շիտակ տեսակէտը ունինք։

• Աստուածավախութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզ մեղք գործելէ ետ պահել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Դաւիթ աստուածավախութիւն սորվեցաւ, Եհովայի ձեռագործը դիտելով

[Նկարներ՝ էջ 20]

Ի՞նչպէս պիտի հակազդես, եթէ անակնկալօրէն փորձիչ պարագայի մը հանդիպիս