Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ պատմութեան սկիզբը, ի՜նչ ահռելի աղէտ մը հարուածեց մարդկութիւնը։ Հրեշտակ մը իր Ստեղծիչին հեղինակութեան դէմ ըմբոստացաւ։ Այս ըմբոստը առաջին կինը՝ Եւան հրապուրեց որ արգիլուած պտուղէն ուտէ։ Եւայի ու իր ամուսնոյն՝ Ադամի ակնարկելով, հրեշտակը ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ (Ծննդոց 2։16, 17. 3։1-5) Ըմբոստ հրեշտակը կոչուեցաւ Բանսարկու եւ Սատանայ։—Յայտնութիւն 12։9

Եւա Սատանայի խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայե՞ց։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Կինը տեսնելով որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ եւ իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ»։ (Ծննդոց 3։6) Այո, առաջին ամոլը՝ Ադամն ու Եւան, Սատանայի ըմբոստութեան միացան։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Անոնք իրենց եւ իրենց սերունդին համար Դրախտը կորսնցուցին։ Յաւիտեան ապրելու հեռանկարով ու կատարեալ ծնելու փոխարէն, երախաները մեղքն ու մահը պիտի ժառանգէին։—Հռովմայեցիս 5։12

Տիեզերքի Գերիշխանը՝ Եհովա Աստուած ի՞նչպէս հակազդեց։ Ան նպատակադրեց մեղքերու թողութեան համար կարգադրութիւն մը ընել։ (Հռովմայեցիս 5։8, 9) Եհովա Աստուած կառավարական կարգադրութիւն մըն ալ հաստատեց՝ այս տագնապը լուծելու համար։ Այս կարգադրութիւնը կը կոչուի «Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ (Ղուկաս 21։31) Անիկա Աստուծոյ տիեզերական իշխանութեան կողքին որպէս երկրորդական թագաւորութիւն մըն է եւ մասնայատուկ նպատակ մը ունի։

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութեան նպատակը։ Ի՞նչ են անոր կարգ մը երեսակները, եւ ասոնք ի՞նչպէս կը համեմատին մարդկային իշխանութեան հետ։ Թագաւորութիւնը ե՞րբ սկսաւ իշխել։ Այս հարցումներուն պատասխանները տրուած են Դիտարան 15 Յուլիս 2006 թիւին մէջ (Անգլերէն), էջ 4-7։