Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տրտնջալէ ետ կենանք

Տրտնջալէ ետ կենանք

Տրտնջալէ ետ կենանք

«Ամէն բան առանց տրտունջներու . . . ըրէք»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 2։14

1, 2. Պօղոս առաքեալ Փիլիպպէի ու Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն ի՞նչ խրատ տուաւ եւ ինչո՞ւ։

ՓԻԼԻՊՊԷԻ մէջ գտնուող քրիստոնէական ժողովքին յղած իր ներշնչեալ նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ շատ գովաբանութիւններ ըրաւ։ Ան այդ քաղաքին մէջ ապրող իր հաւատակիցները գովեց իրենց առատաձեռն ու նախանձախնդիր հոգիին համար, եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց անոնց բարի գործերուն համար։ Այսուհանդերձ Պօղոս անոնց յիշեցուց որ ‘ամէն բան առանց տրտունջներու ընեն’։ (Փիլիպպեցիս 2։14) Առաքեալը ինչո՞ւ այս խրատը տուաւ։

2 Պօղոս գիտէր տրտնջալուն հետեւանքները։ Քանի մը տարի առաջ, ան Կորնթոսի ժողովքին յիշեցուցած էր թէ տրտնջալը կրնար վտանգաւոր ըլլալ։ Պօղոս նշեց թէ երբ Իսրայելացիները անապատին մէջ էին, կրկին անգամ Եհովայի բարկութիւնը գրգռեցին։ Ի՞նչպէս։ Չար բաներու ցանկալով, կռապաշտութիւն եւ պոռնկութիւն ընելով, Եհովան փորձելով եւ տրտնջալով։ Պօղոս Կորնթացիները քաջալերեց որ այս օրինակներէն դասեր սորվին։ Ան գրեց. «Մի՛ տրտնջէք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին ու սատակիչէն ջարդուեցան»։—Ա. Կորնթացիս 10։6-11

3. Ներկայիս տրտնջալու նիւթը ինչո՞ւ կը հետաքրքրէ մեզ։

3 Եհովայի արդի ծառաները ըլլալով, մենք Փիլիպպէի ժողովքին հոգին կը ցուցաբերենք։ Բարի գործերու նախանձախնդիր ենք եւ իրարու հանդէպ սէր ունինք։ (Յովհաննու 13։34, 35) Սակայն անցեալին Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ տրտունջին պատճառած վնասներուն ի տես, սա խրատին անսալու վաւերական պատճառներ ունինք. ‘Ամէն բան առանց տրտունջներու ըրէք’։ Նախ նկատի առնենք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած տրտնջալու օրինակները։ Ապա պիտի քննարկենք ընելիք կարգ մը բաներ, որպէսզի տրտունջը ներկայիս աւերներ չգործէ։

Չար բազմութիւն մը Եհովայի դէմ կը տրտնջայ

4. Իսրայելացիները անապատին մէջ ի՞նչպէս տրտնջացին։

4 ‘Տրտնջալ, մրմռալ, գանգատիլ կամ տռտռալ’ նշանակութիւնը ունեցող Եբրայերէն բառը, Աստուածաշունչին մէջ գործածուած է այն դէպքերուն առնչութեամբ, որոնք տեղի ունեցան անապատին մէջ, երբ Իսրայէլ 40 տարի թափառեցաւ։ Ատեններ Իսրայելացիները իրենց վիճակէն դժգոհ կ’ըլլային եւ ասիկա կը յայտնէին տրտնջալով։ Օրինակ, եգիպտական ստրկութենէն ազատագրուելէ միայն քանի մը շաբաթ ետք, ‘Իսրայէլի որդիները Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին’։ Իսրայելացիները ուտելիքի նկատմամբ դժգոհութիւն յայտնեցին, ըսելով. «Երանի՜ թէ Տէրոջը ձեռքով մեռած ըլլայինք Եգիպտոսի մէջ, երբ մսի կաթսաներուն քովը նստած էինք ու կուշտ հաց կ’ուտէինք. քանզի մեզ այս անապատը հանեցիք, որ բոլոր այս ժողովուրդը անօթութենէ մեռցնէք»։—Ելից 16։1-3

5. Երբ Իսրայելացիները գանգատեցան, իրենց տրտունջը իրապէս որո՞ւ դէմ էր։

5 Իրականութեան մէջ, Եհովա անապատին մէջ Իսրայելացիներուն կարիքներուն հոգ տարաւ, սիրալիրօրէն ուտելիք ու ջուր հայթայթելով։ Բնաւ վախ չկար որ Իսրայէլ ազգը անապատին մէջ անօթութենէ մեռնէր։ Սակայն անոնք դժգոհութեամբ լեցուած, իրենց դժուարին կացութիւնը չափազանցեցին եւ սկսան տրտնջալ։ Թէեւ անոնց գանգատները Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ ուղղուած էին, սակայն Եհովայի աչքին՝ իրենց դժգոհութեան բուն թիրախը ինքն էր։ Մովսէս Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Տէրը լսած է իրեն դէմ ըրած տրտունջնիդ։ Մենք ո՞վ ենք. ձեր տրտունջը մեզի դէմ չէ, հապա Տէրոջը դէմ»։—Ելից 16։4-8

6, 7. Ինչպէս Թուոց 14։1-3 կը յայտնէ, Իսրայելացիներուն կեցուածքը ի՞նչ փոփոխութիւն կրած էր։

6 Անկէ քիչ ետք, Իսրայելացիները կրկին տրտնջացին։ Մովսէս Խոստացեալ Երկիրը լրտեսելու համար 12 մարդ ղրկեց։ Անոնցմէ տասն գէշ տեղեկագրութիւն ներկայացուցին։ Հետեւա՞նքը։ «Իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ ու բոլոր ժողովուրդը ըսաւ անոնց. ‘Երանի՜ թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ մեռած ըլլայինք. կամ երանի՜ թէ այս անապատին մէջ մեռած ըլլայինք։ Ինչո՞ւ համար Տէրը մեզ այս երկիրը [Քանան] բերաւ, որ սրով իյնանք եւ մեր կիներն ու մեր որդիները յափշտակուին։ Աղէկ չը՞լլար որ Եգիպտոս դառնանք’»։—Թուոց 14։1-3

7 Իսրայելացիներուն կեցուածքը որքա՜ն փոխուած էր։ Եգիպտոսի լուծէն ազատուիլը եւ Կարմիր ծովէն փրկուիլը գնահատելով, անոնք երգերով Եհովան փառաբանած էին։ (Ելից 15։1-21) Սակայն անապատին անհանգստաւէտութիւնը եւ Քանանացիներուն արհաւիրքը պատճառ եղան որ Աստուծոյ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը փոխարինուի դժգոհութեան հոգիով։ Փոխանակ իրենց ազատութեան համար Աստուծոյ շնորհապարտ ըլլալու, անոնք զինք մեղադրեցին՝ իրենց ենթադրական զրկումին համար։ Ուստի տրտնջալը՝ Եհովայի հայթայթումներուն հանդէպ պատշաճ գնահատութեան պակաս ցոյց կու տար։ Զարմանալի չէ որ ան ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ այս չար ժողովուրդին ինծի դէմ տրտնջելուն համբերեմ»։—Թուոց 14։27. 21։5

Տրտունջ՝ առաջին դարուն

8, 9. Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ նշուած տրտունջներու մասին օրինակներ տուր։

8 Տրտնջալու նախորդ օրինակները պարփակեցին ամբոխներ, որոնք ըստ երեւոյթին իրենց դժգոհութիւնը հանրապէս արտայայտեցին։ Իսկ երբ Յիսուս Քրիստոս Հ.Դ. 32–ին, Տաղաւարահարաց Տօնին առիթով Երուսաղէմ կը գտնուէր, «ժողովուրդին մէջ շատ շշնջիւն կար անոր վրայով»։ (Յովհաննու 7։12, 13, 32) Անոնք իր մասին կը փսփսային,– ոմանք կ’ըսէին թէ բարի մարդ էր, իսկ ուրիշներ՝ թէ բազմութիւնը կը մոլորեցնէր։

9 Ուրիշ առիթով, Յիսուս եւ իր աշակերտները հրաւիրուած էին Ղեւի կամ Մատթէոս անունով մաքսաւորի մը տունը։ «Դպիրներն ու փարիսեցիները տրտունջ կ’ընէին ու անոր աշակերտներուն կ’ըսէին. ‘Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ’ուտէք ու կը խմէք’»։ (Ղուկաս 5։27-30) Ժամանակ մը ետք՝ Գալիլիոյ մէջ, «Հրեաները կը տրտնջէին [Յիսուսի] դէմ, վասն զի ըսաւ թէ՝ ‘Ե՛ս եմ երկնքէն իջած հացը’»։ Նոյնիսկ Յիսուսի հետեւորդներէն ոմանք իր ըսածէն նեղացան եւ սկսան տրտնջալ։—Յովհաննու 6։41, 61, 62

10, 11. Յունախօս Հրեաները ինչո՞ւ տրտնջացին, եւ Քրիստոնեայ երէցները ի՞նչպէս կրնան գանգատին ձեռք առնուած կերպէն սորվիլ։

10 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն քիչ ետք տեղի ունեցած տրտունջին հետեւանքը աւելի դրական էր։ Այն ժամանակ, Իսրայէլի մէջ չբնակող նորադարձ աշակերտներ, Հրէաստանի մէջ եղող հաւատակիցներու կողմէ կը հիւրասիրուէին, սակայն մատչելի եղածները բաժնելու նկատմամբ խնդիրներ ծագեցան։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Հելլենացիներու կողմէ տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ, վասն զի իրենց որբեւարիները ամէն օրուան ողորմութեան մատակարարուելուն ատեն անտես կ’ըլլային»։—Գործք 6։1

11 Այս տրտնջացողները՝ անապատին մէջ թափառող Իսրայելացիներուն նման չէին։ Յունախօս Հրեաները իրենց վիճակին նկատմամբ անձնասիրաբար դժգոհութիւն չյայտնեցին։ Անոնք կարգ մը այրիներու կարիքներուն գոհացում չտրուիլը ուշադրութեան յանձնեցին։ Ասկէ զատ, տրտնջացողները խռովութիւն չյարուցանեցին եւ Եհովայի դէմ գանգատ չբարձրացուցին։ Անոնք իրենց գանգատը առաքեալներուն ներկայացուցին, որոնք կարգադրեցին որ արագ քայլեր առնուին, քանի որ գանգատը արդարացի էր։ Առաքեալները ներկայ Քրիստոնեայ երէցներուն համար ի՜նչ լաւ օրինակ մը հանդիսացան։ Այս հոգեւոր հովիւները ուշադիր են որ ‘աղքատին աղաղակը լսելու համար իրենց ականջը չգոցեն’։—Առակաց 21։13. Գործք 6։2-6

Տրտնջալուն քայքայիչ ազդեցութենէն զգուշացի՛ր

12, 13. (ա) Տրտնջալուն ազդեցութեան մասին օրինակ մը տուր։ (բ) Ի՞նչ բան կրնայ անհատը տրտնջալու մղել։

12 Մեր նկատի առած աստուածաշնչական օրինակներուն մեծամասնութիւնը ցոյց կու տայ թէ տրտնջալը անցեալին Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ աւեր գործած է։ Հետեւաբար, լաւ կ’ընենք եթէ լրջօրէն մտածենք անոր հաւանական քայքայիչ ազդեցութեան մասին։ Օրինակ մը կրնայ մեզի օգնել։ Բազմաթիւ մետաղներ ժանգոտելու բնական յատկութիւնը ունին։ Եթէ ժանգոտութեան սկզբնական նշանները անտեսուին, մետաղը կրնայ ա՛յնքան ժանգոտիլ որ այլեւս իր նպատակին չի ծառայեր։ Անհամար ինքնաշարժներ մէկդի կը նետուին, ո՛չ թէ մեքենայական խնդիրներու պատճառաւ, այլ՝ քանի որ մետաղը ա՛յնքան ժանգոտած է որ անոնք այլեւս ապահով չեն։ Այս օրինակը ի՞նչպէս կրնանք տրտնջալուն կիրարկել։

13 Ժանգոտելու ընդունակ մետաղներուն նման, անկատար մարդիկը գանգատելու հակում ունին։ Պէտք է արթուն ըլլանք որ այս հակումին նշանները նկատենք։ Ճիշդ ինչպէս խոնաւութիւնը եւ աղ պարունակող օդը կ’արագացնեն ժանգոտումը, նոյնպէս նեղութիւնները մեզ գանգատելու աւելի հակամէտ կը դարձնեն։ Ճնշուածութիւնը կրնայ աննշան նեղութիւն մը մեծ վիրաւորանքի վերածել։ Մինչ այս դրութեան վերջին օրերուն մէջ վիճակները կը վատթարանան, հաւանական է որ տրտունջի պատճառները աւելնան։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ուստի կրնայ ըլլալ որ Եհովայի ծառայ մը սկսի ուրիշի դէմ տրտնջալ։ Պատճառը կրնայ աննշան հարց մը ըլլալ, ինչպէս՝ դժգոհիլ անհատի մը տկարութիւններէն, կարողութիւններէն կամ ծառայութեան առանձնաշնորհումներէն։

14, 15. Ինչո՞ւ գանգատելու հակումը պէտք է զսպենք։

14 Մեր տհաճութեան պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, եթէ գանգատելու հակումը չսանձենք, անիկա կրնայ մեր մէջ դժգոհութեան հոգի մը յառաջացնել եւ մեզ տրտնջացողներ դարձնել։ Արդարեւ, տրտնջալուն հոգեւորապէս քայքայիչ ազդեցութիւնը կրնայ մեզ ամբողջովին ապականել։ Երբ Իսրայելացիները անապատին մէջ իրենց կեանքին համար տրտնջացին, անոնք նոյնիսկ Եհովան մեղադրեցին։ (Ելից 16։8) Թող նոյնը երբեք մեզի չպատահի։

15 Մետաղի մը ժանգոտիլը կարելի է նուազեցնել, զայն յատուկ նիւթով մը ներկելով եւ մաշած մասերը անյապաղ նորոգելով։ Նոյն կերպով, եթէ մեր մէջ գանգատելու հակում մը նկատենք, կրնանք զայն զսպել, անյապաղ աղօթքով հարցը նկատի առնելով։ Ի՞նչպէս։

Հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտէ

16. Ի՞նչպէս կարելի է գանգատելու հակումը յաղթահարել։

16 Տրտնջալը մեր միտքը կեդրոնացած կը պահէ մեր անձին ու մեր դժուարութիւններուն վրայ, եւ որպէս Եհովայի Վկաներ մեր վայելած օրհնութիւնները շուքի մէջ կը ձգէ։ Գանգատելու հակումը յաղթահարելու համար, այս օրհնութիւնները մեր մտքին մէջ թարմ պէտք է պահենք։ Օրինակ, իւրաքանչիւրս Եհովայի անձնական անունը կրելու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունինք։ (Եսայեայ 43։10) Կրնանք իրեն հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակել եւ որեւէ ատեն «աղօթքի լսող»ին հետ խօսիլ։ (Սաղմոս 65։2. Յակոբու 4։8) Մեր կեանքը իրական իմաստ ունի, քանի որ տիեզերական գերիշխանութեան հարցը կը հասկնանք եւ Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւն պահելու մեր առանձնաշնորհումը կը յիշենք։ (Առակաց 27։11) Կրնանք Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլ։ (Մատթէոս 24։14) Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայելով, մաքուր խղճմտանք ունինք։ (Յովհաննու 3։16) Այս օրհնութիւնները կը վայելենք, ի՛նչ ալ ըլլան մեր տոկալիք բաները։

17. Ինչո՞ւ պէտք է փորձենք հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել, նոյնիսկ եթէ գանգատելու վաւերական պատճառ մը ունինք։

17 Փորձենք հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել։ «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի», տաղերգեց սաղմոսերգու Դաւիթ։ (Սաղմոս 25։4) Եթէ գանգատելու վաւերական պատճառ մը ունինք, ասիկա Եհովայի աչքէն չէ վրիպած։ Ան կրնար հարցը անմիջապէս սրբագրել։ Ուստի ան ինչո՞ւ երբեմն թոյլ կու տայ որ նեղութիւն մը յարատեւէ։ Թերեւս մեզի օգնելու որ ընտիր յատկութիւններ մշակենք, ինչպէս՝ համբերութիւն, համբերատարութիւն, հաւատք եւ երկայնամտութիւն։—Յակոբու 1։2-4

18, 19. Առանց գանգատելու անյարմարութիւններու դիմանալը ի՞նչ հաւանական ազդեցութիւններ կրնայ ունենալ. օրինակ մը տուր։

18 Անպատեհութիւններու դիմանալը առանց գանգատելու, ո՛չ միայն կ’օգնէ մեր անձնաւորութիւնը բարելաւելու, այլեւ՝ մեր վարքը նկատողներուն վրայ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ։ 2003–ին, խումբ մը Եհովայի Վկաներ օթոպիւսով Գերմանիայէն Հունգարիա ճամբորդեց, համաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար։ Օթոպիւսին շարժավարը Վկայ չէր, եւ Վկաներուն հետ տասը օր անցընելու գաղափարը զինք կ’անհանգստացնէր։ Սակայն ճամբորդութեան աւարտին, ան իր տեսակէտը բոլորովին փոխեց։ Ինչո՞ւ։

19 Ճամբորդութեան ընթացքին կարգ մը աննպաստ կացութիւններ ծագեցան։ Բայց Վկաները երբեք չգանգատեցան։ Շարժավարը ըսաւ թէ անոնք ցարդ լաւագոյն ճամբորդներն էին։ Իրականութեան մէջ, ան խոստացաւ որ երբ Վկաները իրեն այցելեն, զիրենք պիտի ընդունի եւ ուշադրութեամբ անոնց մտիկ պիտի ընէ։ Ճամբորդները ‘ամէն բան առանց տրտունջներու ընելով’ ի՜նչ լաւ տպաւորութիւն մը ձգեցին։

Ներելը միութիւն կը յառաջացնէ

20. Ինչո՞ւ իրարու պէտք է ներենք։

20 Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ հաւատակիցի մը դէմ գանգատ ունինք։ Եթէ հարցը լուրջ է, Մատթէոս 18։15-17–ի մէջ Յիսուսի նշած սկզբունքները պէտք է կիրարկենք։ Սակայն ասիկա միշտ անհրաժեշտ չէ, քանի որ վիրաւորանքներուն մեծ մասը աննշան է։ Ինչո՞ւ հարցը չնկատես ներում շնորհելու առիթ մը։ Պօղոս գրեց. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։ (Կողոսացիս 3։13, 14) Ներելու պատրա՞ստ ենք։ Եհովա մեր մասին գանգատելու պատճառ չունի՞։ Այսուհանդերձ ան կրկին անգամ կարեկցութիւն եւ ներողամտութիւն կը ցուցաբերէ։

21. Տրտունջներ մտիկ ընողները ի՞նչպէս կրնան ազդուիլ։

21 Վիրաւորանքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, տրտնջալը հարցերը պիտի չլուծէ։ «Տրտնջալ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը նաեւ կրնայ «տռտռալ» նշանակել։ Շատ հաւանական է որ յարատեւ տրտնջացողի մը հետ գտնուիլը մեզ անհանգստացնէ եւ ջանանք իրմէ հեռանալ։ Եթէ տրտնջանք կամ տռտռանք, մեզի մտիկ ընողները նոյնպէս պիտի զգան։ Անոնք կրնան ա՛յնքան անհանգստանալ որ թերեւս ուզեն մեզմէ հեռանալ։ Տռտռալը կրնայ անհատի մը ուշադրութիւնը գրաւել, բայց վստահաբար չի կրնար ոեւէ մէկու սիրտը շահիլ։

22. Աղջիկ մը Եհովայի Վկաներուն մասին ի՞նչ ըսաւ։

22 Ներող կեցուածքը միութիւն կը յառաջացնէ, ինչ որ Եհովայի ժողովուրդը կ’արժեւորէ։ (Սաղմոս 133։1-3) Եւրոպական երկրի մը մէջ, 17 տարեկան Կաթողիկէ աղջիկ մը Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղին գրեց, անոնց հանդէպ իր հիացմունքը յայտնելու համար։ Ան ըսաւ. «Դուք միա՛կ կազմակերպութիւնն էք որ գիտեմ, որուն անդամները ատելութեան, ագահութեան, անհանդուրժողութեան, անձնասիրութեան կամ անմիաբանութեան պատճառաւ բաժնուած չեն»։

23. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

23 Որպէս ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի երկրպագուներ, մեր ստացած հոգեւոր բոլոր օրհնութիւնները գնահատելը, մեզի պիտի օգնէ միութիւնը յառաջացնելու եւ անձնական հարցերու մէջ ուրիշներուն դէմ տրտնջալէ խուսափելու։ Յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ թէ աստուածային յատկութիւնները ի՛նչպէս կը նպաստեն որ աւելի վտանգաւոր տրտունջէ մը զգուշանանք, որ է՝ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին դէմ տրտնջալ։

Կը յիշե՞ս

• Տրտնջալը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Տրտնջալուն ազդեցութիւնը ի՞նչպէս կարելի է լուսաբանել։

• Ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ տրտնջալու հակումը յաղթահարենք։

• Ներելու պատրաստ ըլլալը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ տրտնջալէ խուսափինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 5]

Իսրայելացիները՝ իրականութեան մէջ Եհովայի դէմ տրտնջացին

[Նկար՝ էջ 7]

Կը փորձե՞ս հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել

[Նկարներ՝ էջ 8]

Ներումը քրիստոնէական միութիւն կը յառաջացնէ