«Աղօթքի լսող»ին ի՛նչպէս մօտենալ
«Աղօթքի լսող»ին ի՛նչպէս մօտենալ
«Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին»։—ՍԱՂՄՈՍ 65։2
1. Ի՞նչ բան մարդը երկրի միւս արարածներէն կը զանազանէ, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ պատեհութիւն կու տայ։
ԵՐԿՐԻ վրայ ապրող հազարաւոր տեսակ արարածներէն միայն մարդը Ստեղծիչը պաշտելու կարողութեամբ օժտուած է։ Միայն մարդն է որ հոգեւոր կարիքին կը գիտակցի եւ զայն գոհացնելու փափաքը կը զգայ։ Ասիկա մեր երկնաւոր Հօր հետ անձնական յարաբերութիւն ունենալու սքանչելի պատեհութիւնը կու տայ։
2. Մեղքը ի՞նչ աննպաստ ազդեցութիւն ունեցաւ Ստեղծիչին հետ մարդուն յարաբերութեան վրայ։
2 Աստուած մարդը ստեղծեց իր Արարիչին մօտենալու կարողութեամբ։ Ադամ ու Եւա առանց մեղքի ստեղծուեցան, ուստի կրնային ազատօրէն Աստուծոյ մօտենալ, ինչպէս երախայ մը իր հօր կը մօտենայ։ Սակայն մեղքը այս հոյակապ առանձնաշնորհումին վերջ դրաւ։ Ադամ ու Եւա Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան եւ անոր հետ իրենց սերտ յարաբերութիւնը կորսնցուցին։ (Ծննդոց 3։8-13, 17-24) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Ադամի անկատար սերունդը այլեւս չի կրնար Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ։ Ո՛չ։ Եհովա տակաւին կը թոյլատրէ որ անոնք իրեն մօտենան, եթէ որոշ պայմաններ կը գոհացնեն։ Ի՞նչ են այդ պայմանները։
Աստուծոյ մօտենալու պահանջներ
3. Մեղաւոր մարդիկ Աստուծոյ ի՞նչպէս պէտք է մօտենան, եւ ո՞ր օրինակը ասիկա կը լուսաբանէ։
3 Ադամի երկու որդիներ պարփակող դէպք մը, մեզի կ’օգնէ տեսնելու թէ Աստուած Իրեն մօտենալ փափաքող անկատար մարդոցմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ Թէ՛ Կայէն եւ թէ Աբէլ Աստուծոյ մօտենալու ջանքեր թափեցին՝ զոհեր մատուցանելով։ Աբէլի ընծան ընդունուեցաւ, իսկ Կայէնի ընծան մերժուեցաւ։ (Ծննդոց 4։3-5) Ի՞նչ էր պատճառը։ Եբրայեցիս 11։4–ը կ’ըսէ. «Հաւատքով Աբէլ Կայէնէն աւելի աղէկ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, որով վկայուեցաւ անոր արդար ըլլալը»։ Ուստի բացայայտ է թէ հաւատքը Աստուծոյ մօտենալու նախապայման մըն է։ Ուրիշ նախապայման մը կը նկատենք, Կայէնի ուղղուած Եհովայի խօսքին մէջ. «Եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չը՞լլար»։ Արդարեւ, Աստուծոյ մօտենալու Կայէնի ջանքերը կրնային ընդունելի ըլլալ, եթէ ան սկսէր բարիք ընել։ Սակայն Կայէն Աստուծոյ խրատը մերժեց, Աբէլը սպաննեց եւ վտարանդի մը եղաւ։ (Ծննդոց 4։7-12) Այսպէս, սկիզբէն իսկ աչքառու դարձուեցաւ՝ հաւատքով ու բարի գործեր ընելով Աստուծոյ մօտենալու կարեւորութիւնը։
4. Աստուծոյ մօտենալու նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ընդունինք։
4 Եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ մօտենալ, հիմնական է որ մեր մեղաւոր վիճակը ընդունինք։ Բոլոր մարդիկ մեղաւոր են եւ մեղքը Աստուծոյ մօտենալու խոչընդոտ մըն է։ Երեմիա մարգարէն Իսրայէլի վերաբերեալ գրեց. «Մենք յանցանք ըրինք . . . ։ Քեզ ամպով ծածկեցիր, որպէս զի մեր աղօթքը չանցնի»։ (Ողբք 3։42, 44) Այսուհանդերձ, ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին Աստուած ցոյց տուած է թէ կ’ընդունի անոնց աղօթքները, որոնք իրեն կը մօտենան հաւատքով ու սրտի պատշաճ կեցուածքով, իր պատուիրանները պահելով։ (Սաղմոս 119։145) Այս անհատներէն ոմանք ո՞վ էին, եւ անոնց աղօթքներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
5, 6. Աստուծոյ մօտենալու Աբրահամի ջանքերէն ի՞նչ կը սորվինք։
5 Այդ անհատներէն մէկն էր Աբրահամ։ Աստուծոյ մօտենալու անոր ջանքերը ընդունելի էին, քանի որ Աստուած զինք «իմ բարեկամս» Եսայեայ 41։8, ՆԱ) Աստուծոյ մօտենալու Աբրահամի ջանքերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Այս հաւատարիմ նահապետը Եհովայի խօսեցաւ ժառանգորդի մը մասին, ըսելով. «Ինծի ի՞նչ պիտի տաս, քանի որ առանց զաւակի կը մնամ»։ (Ծննդոց 15։2, 3. 17։18) Ուրիշ առիթով ան մտահոգութիւն յայտնեց թէ որո՛նք պիտի փրկուէին, երբ Աստուած Սոդոմի ու Գոմորի չարերուն դէմ դատաստան ի գործ դրաւ։ (Ծննդոց 18։23-33) Աբրահամ նաեւ ուրիշներու ի նպաստ աղերսանք մատուցանեց։ (Ծննդոց 20։7, 17) Իսկ Աբէլի նման, Աբրահամ երբեմն Աստուծոյ մօտեցաւ՝ ընծաներ ներկայացնելով։—Ծննդոց 22։9-14
կոչեց։ (6 Այս բոլոր առիթներուն, Աբրահամ Եհովայի հետ ազատօրէն խօսեցաւ։ Սակայն իր համարձակութեան կ’ընկերակցէր խոնարհ կեցուածք մը իր Ստեղծիչին հանդէպ։ Նկատի առ Ծննդոց 18։27–ի մէջ անոր յարգալից խօսքերը. «Ահա հիմա, ես որ հող ու մոխիր եմ, Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ»։ Ընդօրինակուելիք ի՜նչ հոյակապ վերաբերմունք մը։
7. Նահապետները Եհովայի իրենց մատուցած աղօթքներուն մէջ ի՞նչ նիւթեր պարփակեցին։
7 Նահապետները այլազան նիւթերու շուրջ աղօթեցին, եւ Եհովա անոնց աղօթքները լսեց։ Յակոբ ուխտի ձեւով աղօթք մը ըրաւ։ Աստուծոյ աջակցութիւնը խնդրելէ ետք, ան լրջօրէն խոստացաւ. «Այն ամենէն որ ինծի պիտի տաս, քեզի տասանորդ [պիտի] տամ»։ (Ծննդոց 28։20-22) Հետագային, երբ իր եղբօր հանդիպելու վրայ էր, Յակոբ Եհովայի պաշտպանութիւնը հայցեց, ըսելով. «Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս իմ եղբօրս Եսաւին ձեռքէն. որովհետեւ ես անկէ կը վախնամ»։ (Ծննդոց 32։9-12) Յոբ նահապետ Եհովայի մօտեցաւ իր ընտանիքին համար, անոնց ի նպաստ զոհեր մատուցանելով։ Երբ Յոբի երեք բարեկամները իրենց խօսքերով մեղանչեցին, ան անոնց համար աղօթեց եւ «Տէրը Յոբին աղօթքը ընդունեց»։ (Յոբայ 1։5. 42։7-9) Այս տեղեկութիւնները մեզի կ’օգնեն բնորոշելու թէ Եհովայի մատուցած մեր աղօթքներուն մէջ ի՛նչ նիւթեր կրնանք պարփակել։ Նաեւ կը տեսնենք թէ Եհովա պատշաճ կերպով իրեն մօտեցողներուն աղօթքները ընդունելու յօժար է։
Օրէնքի ուխտին ներքեւ
8. Օրէնքի ուխտին ներքեւ, ժողովուրդին վերաբերող հարց մը ի՞նչպէս Եհովայի կը ներկայացուէր։
8 Իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն ազատագրելէ ետք, Եհովա Օրէնքի ուխտը տուաւ անոնց։ Օրէնքը սահմանեց թէ Աստուծոյ մօտենալու կարգադրութիւնը նշանակուած քահանայութեան մը միջոցաւ պիտի ըլլար։ Կարգ մը Ղեւտացիներ նշանակուեցան, ժողովուրդին համար որպէս քահանաներ ծառայելու։ Երբ ամբողջ ազգին ազդող հարցեր ծագէին, ժողովուրդին մէկ ներկայացուցիչը,– երբեմն թագաւոր մը կամ մարգարէ մը,– հարցը աղօթքով Աստուծոյ կը ներկայացնէր։ (Ա. Թագաւորաց 8։21, 22. 14։36-41. Երեմեայ 42։1-3) Օրինակ, տաճարին նաւակատիքին ատեն, Սողոմոն թագաւոր սրտագին աղօթքով Եհովայի մօտեցաւ։ Իր կարգին, Եհովա Սողոմոնի մատուցած աղօթքը ընդունած ըլլալը ցոյց տուաւ՝ տաճարը իր փառքով լեցնելով եւ ըսելով. ‘Այստեղ մատուցանուելու աղօթքը ականջներս պիտի լսեն’։—Բ. Մնացորդաց 6։12–7։3, 15
9. Սրբարանին մէջ Եհովայի պատշաճօրէն մօտենալու համար ի՞նչ պահանջուած էր։
9 Իսրայէլի տրուած Օրէնքին մէջ, Եհովա սրբարանին մէջ իրեն ընդունելի կերպով մօտենալու պահանջ մը պարփակեց։ Ի՞նչ էր այդ պահանջը։ Ամէն առտու եւ ամէն իրիկուն, անասնական զոհեր մատուցանելէ զատ, քահանայապետէն պահանջուած էր որ Եհովայի առջեւ անուշաբոյր խունկ ծխէր։ Հետագային, ենթաքահանաներն ալ սկսան այս ծառայութիւնը մատուցանել, բայց ո՛չ՝ Քաւութեան Օրը։ Եթէ քահանաները այս յարգալից ակնածանքը չմատուցանէին, Եհովա անոնց ծառայութեան պիտի չհաճէր։—Ելից 30։7, 8. Բ. Մնացորդաց 13։11
10, 11. Ի՞նչ ապացոյց ունինք թէ Եհովա անհատներու աղօթքները ընդունեց։
10 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Աստուծոյ մօտենալը միմիայն նշանակուած ներկայացուցիչներո՞ւ միջոցաւ կարելի էր։ Ո՛չ, Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան թէ Եհովա անհատներու մատուցանած անձնական աղօթքները կ’ընդունէր։ Տաճարի նաւակատիքին ատեն իր ներկայացուցած աղօթքին մէջ, Սողոմոն Եհովայի աղաչեց՝ ըսելով. «Եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրանք մը ընելու ըլլայ ու . . . ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ, այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛»։ (Բ. Մնացորդաց 6։29, 30) Ղուկասի աւետարանը մեզի կ’ըսէ թէ երբ Յովհաննէս Մկրտիչի հայրը՝ Զաքարիա, սրբարանը խնկարկութիւն կ’ընէր, Եհովայի քահանայ չեղող երկրպագուներու բազմութիւն մը «դուրսը աղօթքի կայներ» էր։ Բացայայտ է որ ժողովուրդը սովորութիւն դարձուցեր էր սրբարանին դուրսը հաւաքուիլ եւ աղօթել, երբ ոսկի զոհասեղանին վրայ Եհովայի խունկ կը մատուցանուէր։—Ղուկաս 1։8-10
11 Արդ, երբ մարդիկ պատշաճ կերպով Եհովայի մօտենային, ըլլային ամբողջ ազգը ներկայացնողներ կամ անհատապէս իրեն մօտեցողներ, ան սիրայօժար կ’ընդունէր անոնց խնդրանքները։ Այսօր, մենք Օրէնքի ուխտին ներքեւ չենք ապրիր։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ մօտենալու վաղեմի Իսրայելացիներու գործածած կերպերէն կրնանք աղօթքի մասին կարգ մը կենսական դասեր սորվիլ։
Քրիստոնէական կարգադրութեան ներքեւ
12. Քրիստոնեաները ո՞ր կարգադրութեան միջոցով Եհովայի կը մօտենան։
12 Այժմ քրիստոնէական կարգադրութեան ներքեւ կ’ապրինք։ Այլեւս բառացի տաճար մը գոյութիւն չունի, ուր քահանաները Աստուծոյ բոլոր ծառաները կը ներկայացնեն, կամ որուն կողմը դառնալով Աստուծոյ կ’աղօթենք։ Այսուհանդերձ Եհովա կարգադրութիւն մը ըրած է որ կարենանք իրեն մօտենալ։ Ի՞նչ է անիկա։ Հ.Դ. 29–ին, երբ Քրիստոս օծուեցաւ եւ Քահանայապետ նշանակուեցաւ, հոգեւոր տաճար մը ի զօրու դարձաւ։ * Այս հոգեւոր տաճարը, Յիսուս Քրիստոսի քաւիչ զոհին հիման վրայ՝ պաշտամունքի համար Եհովայի մօտենալու նոր կարգադրութիւնն էր։—Եբրայեցիս 9։11, 12
13. Աղօթքի առնչութեամբ, Երուսաղէմի տաճարին ու հոգեւոր տաճարին միջեւ ի՞նչ զուգահեռ մը կայ։
13 Երուսաղէմի տաճարին շատ մը երեսակները կը պատկերացնեն հոգեւոր տաճարի կարգադրութիւնները, ի ներառեալ աղօթքի առնչուած բաները։ (Եբրայեցիս 9։1-10) Օրինակ, տաճարին Սրբութեան բաժանմունքին մէջ, խունկի զոհասեղանին վրայ ամէն առտու եւ իրիկուն մատուցուած խունկը ի՞նչ կը պատկերացնէր։ Յայտնութիւն գրքին համաձայն, ‘խունկը սուրբերուն աղօթքներն է’։ (Յայտնութիւն 5։8. 8։3, 4) Դաւիթ ներշնչումով գրեց. «Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ»։ (Սաղմոս 141։2) Հետեւաբար, քրիստոնէական կարգադրութեան ներքեւ, անուշաբոյր խունկը յարմարօրէն կը պատկերացնէ Եհովայի մատուցուած ընդունելի աղօթքներն ու փառաբանութիւնները։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։10
14, 15. Եհովայի մօտենալու նկատմամբ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ (ա) օծեալ Քրիստոնեաներուն մասին եւ (բ) «ուրիշ ոչխարներ»ուն մասին։
14 Այս հոգեւոր տաճարին մէջ որո՞նք կրնան Աստուծոյ մօտենալ։ Բառացի տաճարին մէջ, քահանաներն ու Ղեւտացիները ներքին գաւիթին մէջ ծառայելու առանձնաշնորհումը ունէին, բայց միայն քահանաները Սրբութեան բաժանմունքը կրնային մտնել։ Երկնային յոյս ունեցող օծեալ Քրիստոնեաները, ներքին գաւիթով ու Սրբութեան բաժանմունքով նախապատկերացուած յատուկ հոգեւոր վիճակ մը կը վայելեն, որ զիրենք կարող կը դարձնէ որ Աստուծոյ աղօթքներ ու փառաբանութիւն մատուցանեն։
15 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ երկրային յոյս ունեցող «ուրիշ ոչխարներ»ուն մասին։ (Յովհաննու 10։16) Եսայի մարգարէն ցոյց տուաւ թէ «վերջին օրերը» բազմաթիւ ազգերէ անհատներ Եհովան պիտի պաշտէին։ (Եսայեայ 2։2, 3) Ան նաեւ գրեց թէ «օտարական»ներ Եհովայի պիտի յարէին։ Իրեն մօտենալու անոնց ջանքերը ընդունելու իր կամեցողութիւնը ցոյց տալով, Աստուած ըսաւ. «Իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ»։ (Եսայեայ 56։6, 7) Յայտնութիւն 7։9-15–ը յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տայ, խօսելով «բոլոր ազգերէն» եկած «մեծ բազմութեան մը» մասին, որոնք «ցորեկ ու գիշեր» Աստուած պաշտելու եւ իրեն աղօթելու համար հաւաքուած են, հոգեւոր տաճարի արտաքին գաւիթին մէջ։ Ի՜նչ մխիթարական գաղափար է թէ ներկայիս Աստուծոյ բոլոր ծառաները ազատօրէն կրնան իրեն մօտենալ, լիովին վստահ ըլլալով թէ իրենց կը լսէ։
Ո՞ր աղօթքները ընդունելի են
16. Նախկին Քրիստոնեաներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ աղօթքի մասին։
16 Նախկին Քրիստոնեաները աղօթասէր անհատներ էին։ Անոնք ի՞նչ նիւթերու շուրջ աղօթեցին։ Կազմակերպչական պատասխանատուութիւններու համար տղամարդիկ ընտրելու ատեն, Քրիստոնեայ երէցները աղօթքով առաջնորդութիւն խնդրեցին։ (Գործք 1։24, 25. 6։5, 6) Եպափրաս հաւատակիցներու համար աղօթքներ մատուցանեց։ (Կողոսացիս 4։12) Երուսաղէմի ժողովքին անդամները բանտարկեալ Պետրոսի համար աղօթեցին։ (Գործք 12։5) Նախկին Քրիստոնեաները Աստուծմէ խնդրեցին որ հակառակութեան դիմաց իրենց համարձակութիւն տայ, ըսելով. «Ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք»։ (Գործք 4։23-30) Յակոբոս աշակերտ Քրիստոնեաները յորդորեց որ փորձութեան ներքեւ՝ աղօթքով Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրեն։ (Յակոբու 1։5) Եհովայի մատուցած աղօթքներուդ մէջ այսպիսի հարցեր կը պարփակե՞ս։
17. Եհովա որո՞նց աղօթքները կ’ընդունի։
17 Աստուած բոլոր աղօթքները չ’ընդունիր։ Հետեւաբար, ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ ընդունելի աղօթքներ կը մատուցանենք։ Աստուած վաղեմի հաւատարիմներուն աղօթքները լսեց, քանի որ անկեղծութեամբ ու սրտի պատշաճ վիճակով մօտեցան իրեն։ Անոնք հաւատք ցուցաբերեցին, եւ իրենց բարի գործերը անոր թիկունք կանգնեցան։ Վստահ կրնանք ըլլալ թէ Եհովա այսօր նոյն կերպով իրեն մօտեցողներուն աղօթքները պիտի լսէ։
18. Քրիստոնեաները ո՞ր պահանջին գոհացում պէտք է տան, որպէսզի իրենց աղօթքները լսուին։
18 Յաւելեալ պահանջ մըն ալ կայ։ Պօղոս առաքեալ ասիկա բացատրեց, ըսելով. «Անոր ձեռքով մենք . . . Հօրը մօտենալու արտօնութիւն ունինք»։ Որո՞ւն «ձեռքով»։ Պօղոս կ’ակնարկէր Յիսուս Քրիստոսի։ (Եփեսացիս 2։13, 18) Արդարեւ, միայն Յիսուսի միջոցաւ կրնանք ազատօրէն Հօր մօտենալ։—Յովհաննու 14։6. 15։16. 16։23, 24
19. (ա) Իսրայէլի մէջ խունկ ծխելը ե՞րբ Եհովայի գարշելի դարձաւ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր աղօթքները Եհովայի մատուցուած անուշաբոյր խունկի պէս են։
19 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Իսրայելացի քահանաներուն մատուցած խունկը, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն ընդունելի աղօթքները կը ներկայացնէ։ Սակայն, երբեմն Իսրայելացիներուն մատուցած խունկը՝ Եհովայի գարշելի էր։ Այս էր պարագան, երբ Իսրայելացիները տաճարին մէջ կը խնկարկէին եւ միեւնոյն ատեն կուռքերու երկրպագութիւն կ’ընէին։ (Եզեկիէլ 8։10, 11) Նոյնպէս այսօր, Եհովայի ծառայել դաւանողներուն աղօթքները, որոնք իր օրէնքներուն հետ ներդաշնակ չեղող գործեր կը գործեն, իրեն համար զզուելի հոտի մը նման կ’ըլլան։ (Առակաց 15։8) Հետեւաբար շարունակենք մեր կեանքի բոլոր երեսակները անարատ պահել, որպէսզի մեր աղօթքները Աստուծոյ մատուցուած անուշաբոյր խունկի պէս ըլլան։ Իր արդար ճամբաներուն հետեւողներուն աղօթքները Եհովան կ’ուրախացնեն։ (Յովհաննու 9։31) Սակայն տակաւին կարգ մը հարցումներ կան։ Ի՞նչպէս պէտք է աղօթենք։ Ի՞նչ բանի նկատմամբ կրնանք աղօթել։ Իսկ Աստուած մեր աղօթքներուն ի՞նչպէս կը պատասխանէ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ այս ու այլ հարցումներ։
[Ստորանիշ]
Կրնա՞ս բացատրել
• Անկատար մարդիկ ի՞նչպէս կրնան ընդունելի կերպով Աստուծոյ մօտենալ։
• Մեր աղօթքներուն մէջ, ի՞նչպէս կրնանք նահապետները ընդօրինակել։
• Նախկին Քրիստոնեաներուն աղօթքներէն ի՞նչ կը սորվինք։
• Մեր աղօթքները ե՞րբ Աստուծոյ մատուցուած անուշաբոյր խունկի պէս են։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 19]
Աստուած ինչո՞ւ Աբէլի ընծան ընդունեց եւ Կայէնի ընծան մերժեց
[Նկար՝ էջ 20]
‘Ես հող ու մոխիր եմ’
[Նկար՝ էջ 21]
‘Քեզի տասանորդ պիտի տամ’
[Նկար՝ էջ 22]
Աղօթքներդ Եհովայի մատուցուած անուշաբոյր խունկի պէ՞ս են