«Գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ»
«Գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ»
«Ամէն բանի մէջ՝ աղօթքով ու աղերսանքով, շնորհակալութեամբ միասին, գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4։6, ԱՎ
1. Որո՞ւն հետ հաղորդակցելու առանձնաշնորհումը ունինք, եւ ասիկա ինչո՞ւ ապշեցուցիչ է։
ԵԹԷ խնդրէիր երկրիդ կառավարիչին հետ տեսակցութիւն մը ունենալ, ինչպիսի՞ պատասխան մը պիտի ստանայիր։ Թերեւս անոր գրասենեակէն քաղաքավար պատասխան մը ստանայիր, բայց շատ անհաւանական է որ քեզի թոյլ տրուէր որ իրեն հետ անձամբ խօսէիր։ Սակայն պարագան տարբեր է մեծագոյն Կառավարիչին, տիեզերքի Գերիշխանին՝ Եհովա Աստուծոյ հետ։ Կրնանք իրեն հետ խօսիլ որեւէ ժամանակ եւ ո՛ւր որ ալ գտնուինք։ Ընդունելի աղօթքները մի՛շտ իրեն կը հասնին։ (Առակաց 15։29) Ասիկա իրապէս հրաշալի է։ Զայն գնահատելը մեզ պէտք չէ՞ մղէ կանոնաւորաբար աղօթելու Անոր, որ պատշաճօրէն կոչուած է՝ «աղօթքի լսող»։—Սաղմոս 65։2
2. Որպէսզի աղօթքները Աստուծոյ ընդունելի ըլլան, ի՞նչ բան անհրաժեշտ է։
2 Սակայն անհատ մը հարց կրնայ տալ. ‘Ո՞ր աղօթքները Աստուծոյ ընդունելի են’։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ անհրաժեշտ պայման մը, ըսելով. «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Արդարեւ, ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ բացատրուեցաւ, Աստուծոյ մօտենալու համար՝ հաւատքը գլխաւոր ազդակ մըն է։ Աստուած կ’ընդունի անոնց աղօթքները, որոնք իրեն կը մօտենան հաւատքով, բարի գործերով, անկեղծութեամբ ու սրտի պատշաճ վիճակով։
3. (ա) Ինչպէս վաղեմի հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքները ցոյց կու տան, աղօթքներուն մէջ ինչպիսի՞ արտայայտութիւններ կրնան պարփակուիլ։ (բ) Ի՞նչ են աղօթքի տեսակները։
3 Պօղոս առաքեալ իր ժամանակակից Քրիստոնեաները յորդորեց. «Մի՛ մտահոգուիք որեւէ բանի համար. հապա ամէն բանի մէջ՝ աղօթքով ու աղերսանքով, շնորհակալութեամբ միասին, գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7, ԱՎ) Աստուածաշունչը կը խօսի շատ մը անհատներու մասին, որոնք իրենց մտահոգութիւնները աղօթքով Աստուծոյ յայտնեցին, ինչպէս՝ Աննան, Եղիան, Եզեկիան ու Դանիէլը։ (Ա. Թագաւորաց 2։1-10. Գ. Թագաւորաց 18։36, 37. Դ. Թագաւորաց 19։15-19. Դանիէլ 9։3-21) Անոնց օրինակին պէտք է հետեւինք։ Նաեւ նկատէ թէ Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ մեր աղօթքները մի քանի տեսակ կրնան ըլլալ։ Ան նշեց շնորհակալութիւնը,– աղօթք մը՝ որուն մէջ մեզի ի նպաստ Աստուծոյ ըրած բաներուն համար գնահատութիւն կ’արտայայտենք։ Անոր կրնայ ընկերակցիլ փառաբանութիւնը։ Աղերսանքը կ’ակնարկէ խոնարհաբար ու անկեղծօրէն մատուցուած աղաչանքին։ Նաեւ կրնանք որոշ հարցի մը շուրջ խնդրանքներ ներկայացնել։ (Ղուկաս 11։2, 3) Մեր երկնաւոր Հայրը սիրով կ’ընդունի որ իրեն մօտենանք՝ աղօթքի այս տեսակները գործածելով։
4. Թէեւ Եհովա մեր կարիքները գիտէ, տակաւին ինչո՞ւ խնդրանքներ կը ներկայացնենք իրեն։
4 Ոմանք թերեւս հարց տան. ‘Եհովա արդէն իսկ մեր բոլոր կարիքները չի՞ գիտեր’։ Արդարեւ ան գիտէ։ (Մատթէոս 6։8, 32) Արդ, ան ինչո՞ւ տակաւին կ’ուզէ որ մեր խնդրանքները իրեն ներկայացնենք։ Հետեւեալ օրինակը նկատի առ. խանութպան մը կ’ուզէ իր յաճախորդներէն ոմանց նուէր մը ներկայացնել։ Բայց նուէրը ստանալու համար, յաճախորդները խանութպանին քով պէտք է երթան եւ իրենց նուէրը խնդրեն։ Անոնք որ չեն ուզեր այս ջանքը թափել, ցոյց կու տան թէ նուէրը իրապէս չեն գնահատեր։ Նոյնպէս, մեր խնդրանքները աղօթքով չգիտցնելը, Եհովայի հայթայթումներուն հանդէպ գնահատութեան պակաս ցոյց պիտի տայ։ Յիսուս ըսաւ. «Խնդրեցէք ու պիտի առնէք»։ (Յովհաննու 16։24) Այս կերպով՝ կը յայտնենք թէ Աստուծոյ կ’ապաւինինք։
Աստուծոյ ի՞նչպէս պէտք է մօտենանք
5. Ինչո՞ւ Յիսուսի անունով պէտք է աղօթենք։
5 Եհովա աղօթելու կերպին նկատմամբ շարք մը անթեք կանոններ չի դներ։ Բայց եւ այնպէս, Աստուածաշունչը կը բացատրէ Աստուծոյ մօտենալու պատշաճ կերպը, զոր պէտք է սորվինք։ Օրինակ, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի»։ (Յովհաննու 16։23) Ուստի մեզմէ պահանջուած է որ Յիսուսի անունով աղօթենք, զինք ընդունելով որպէս միակ խողովակը, որուն միջոցաւ Աստուծոյ օրհնութիւնները ամբողջ մարդկութեան կը մատակարարուին։
6. Աղօթելու ժամանակ, մարմնային ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։
6 Աղօթելու ժամանակ՝ մարմնային ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։ Մեր աղօթքները լսուելու համար, Աստուածաշունչը մասնայատուկ կեցուածք մը չի սահմաներ։ (Գ. Թագաւորաց 8։22. Նէեմեայ 8։6. Մարկոս 11։25. Ղուկաս 22։41) Կարեւորը այն է՝ որ անկեղծօրէն եւ սրտի պատշաճ վիճակով աղօթենք Աստուծոյ։—Յովելեայ 2։12, 13
7. (ա) «Ամէն» բառին իմաստը ի՞նչ է։ (բ) Անիկա աղօթքներուն մէջ ի՞նչ պատշաճ գործածութիւն մը ունի։
7 Ի՞նչ կրնանք ըսել «ամէն» բառին գործածութեան մասին։ Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան թէ ասիկա մեր աղօթքներուն յարմար եզրափակութիւն մըն է, մանաւանդ երբ հանրապէս կ’աղօթենք։ (Սաղմոս 72։19. 89։52) «Ամէն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը հիմնականօրէն՝ «վստահաբար» իմաստը կը կրէ։ Մգլինթոքի ու Սթրոնկի համայնագիտարանը (Cyclopedia) կը բացատրէ թէ աղօթքներու վերջաւորութեան «ամէն» ըսելուն նշանակութիւնն է՝ «նախորդ խօսքերը հաստատել եւ անոնց կատարումը խնդրել»։ Հետեւաբար, աղօթքի մը վերջաւորութեան անկեղծ «ամէն» ըսելով, աղօթողը իր ըսածներուն հանդէպ իր անկեղծ զգացումները կը դրսեւորէ։ Երբ ժողովքը ներկայացնող Քրիստոնեայ մը իր աղօթքը այս արտայայտութեամբ կ’եզրափակէ, իրեն մտիկ ընողներն ալ կրնան իրենց սրտէն կամ բարձրաձայն «ամէն» ըսել, ըսուածներուն նկատմամբ իրենց սրտագին հաւանութիւնը ցոյց տալու համար։—Ա. Կորնթացիս 14։16
8. Մեր աղօթքներէն ոմանք ի՞նչպէս Յակոբի կամ Աբրահամի աղօթքներուն կրնան նմանիլ, եւ ասիկա մեր մասին ի՞նչ կ’ապացուցանէ։
8 Երբեմն Աստուած կրնայ թոյլ տալ, որ մեր աղօթած հարցերուն շուրջ մեր հետաքրքրութեան խորութիւնը ցոյց տանք։ Թերեւս հարկ ըլլայ որ վաղեմի Յակոբին պէս ըլլանք, որ ամբողջ գիշերը հրեշտակի մը հետ գօտեմարտեցաւ՝ օրհնութիւն մը ձեռք ձգելու համար։ (Ծննդոց 32։24-26) Կամ, կարգ մը պարագաներ կրնան պահանջել որ Աբրահամի նման ըլլանք, որ կրկին անգամ Եհովայի խնդրանք ներկայացուց՝ ի նպաստ Ղովտի եւ Սոդոմի մէջ գտնուող այլ արդարներու։ (Ծննդոց 18։22-33) Նոյնպէս կրնանք մեզի թանկարժէք եղող բաներու համար Եհովայի աղաչանք մատուցանել, իր արդարութեան, հաւատարիմ սիրոյն ու ողորմութեան հիման վրայ։
Ի՞նչ բաներ կրնանք խնդրել
9. Աղօթելու ատեն մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնները ի՞նչ պէտք է ըլլան։
9 Մտաբերէ թէ Պօղոս ըսաւ. «Ամէն բանի մէջ . . . գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, ԱՎ) Ուստի անձնական աղօթքները կրնան կեանքի գրեթէ բոլոր երեսակները պարփակել։ Սակայն աղօթքներուն մէջ, մեր առաջին հետաքրքրութիւնը Եհովայի շահերը պէտք է ըլլայ։ Դանիէլ ասոր մէջ օրինակ հանդիսացաւ։ Երբ Իսրայէլ իր մեղքերուն պատճառաւ պատժուեցաւ, Դանիէլ Եհովայէ խնդրեց որ ողորմութիւն ցուցաբերէ, ըսելով. «Մի՛ ուշանար՝ քեզի համար, ո՛վ Աստուած իմ, քանզի . . . ժողովուրդդ քու անունովդ կոչուած են»։ (Դանիէլ 9։15-19) Մեր աղօթքներն ալ ցոյց կու տա՞ն թէ Եհովայի անուան սրբացումը եւ իր կամքին կատարումը մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւններն են։
10. Ի՞նչպէս գիտենք թէ անձնական հարցերու մասին աղօթելը պատշաճ է։
Սաղմոս 119։33, 34. Կողոսացիս 1։9, 10) Յիսուս «աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել»։ (Եբրայեցիս 5։7) Այսպիսով ան ցոյց տուաւ թէ պատշաճ է զօրութիւն խնդրել, երբ վտանգ կամ փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն տիպար աղօթքը կու տար, անոր մէջ անձնական հարցեր ալ պարփակեց, ինչպէս՝ յանցանքներու թողութիւն եւ օրուան ուտելիքը ձեռք ձգել։
10 Այսուհանդերձ պատշաճ է նաեւ որ անձնական հարցերու շուրջ խնդրանքներ մատուցանենք։ Օրինակ, սաղմոսերգուին նման կրնանք հոգեւոր խոր ըմբռնում ունենալու համար աղօթել։ Ան աղօթեց. «Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ»։ (11. Աղօթքը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել փորձութիւններու տեղի չտալու։
11 Տիպար աղօթքին մէջ Յիսուս սա խնդրանքը պարփակեց. «Մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ»։ (Մատթէոս 6։9-13) Հետագային ան խրատեց. «Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ (Մատթէոս 26։41) Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, աղօթքը կենսական է։ Թերեւս Աստուածաշունչի սկզբունքները անտեսելու փորձութեան մը առջեւ գտնուինք գործատեղին կամ դպրոցը։ Թերեւս Վկայ չեղող անհատներ մեզ հրաւիրեն որ հարցական գործունէութիւններու մասնակցինք։ Թերեւս մեզմէ խնդրուի որ արդար սկզբունքները ոտնակոխող արարք մը ընենք։ Այսպիսի պարագաներուն, Յիսուսի խրատը գործադրենք ու աղօթենք,– թէ՛ կանխաւ եւ թէ փորձութեան ներքեւ,– Աստուծմէ խնդրելով որ մեզի օգնէ որ չսայթաքինք։
12. Մտահոգութեան ի՞նչ պատճառներ կրնան մեզ մղել աղօթելու, եւ Եհովայէ ի՞նչ կրնանք ակնկալել։
12 Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները այլազան ճնշումներով ու մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուած Սաղմոս 102։17–ն Եհովայի մասին կ’ըսէ. «Տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ»։
են։ Շատերուն համար մտահոգութեան գլխաւոր պատճառներն են՝ հիւանդութիւնը եւ զգացական ճնշուածութիւնը։ Մեզ շրջապատող վայրագ վիճակները կեանքը ճնշիչ կը դարձնեն։ Տնտեսական տագնապը ապրուստ ճարելը կը դժուարացնէ։ Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա այս հարցերուն շուրջ իրեն աղօթող իր ծառաներուն ականջ կու տայ։13. (ա) Անձնական ի՞նչ հարցեր աղօթքի յարմար նիւթեր են։ (բ) Այսպիսի աղօթքի մը մասին օրինակ տուր։
13 Իրականութեան մէջ, Եհովայի մատուցած մեր ծառայութեան կամ իրեն հետ մեր յարաբերութեան ազդող որեւէ բան կրնայ աղօթքի յարմար նիւթ ըլլալ։ (Ա. Յովհաննու 5։14) Եթէ ամուսնութեան, գործի կամ ծառայութիւնդ ընդարձակելու նկատմամբ որոշումներ պիտի առնես, ազատ զգայ ասոնց մասին Աստուծոյ աղօթելու եւ իր առաջնորդութիւնը խնդրելու։ Օրինակ, Ֆիլիփփիններու մէջ, երիտասարդուհի մը փափաքեցաւ լիաժամ ծառայութեան մասնակցիլ։ Բայց ան իր նիւթական ծախսերը հոգալու համար աշխատանք մը չունէր։ Ան կ’ըսէ. «Շաբաթ օր մը, Եհովայի մասնայատուկ աղօթք մը ըրի ռահվիրայութեան մասին։ Նոյն օրը, քարոզչութեան ընթացքին, պատանուհիի մը գիրք մը ներկայացուցի։ Յանկարծ ան ըսաւ. ‘Երկուշաբթի առտու, առաջին բանը որ պէտք է ընես, իմ դպրոցս երթաս’։ Հարցուցի. ‘Ինչո՞ւ’։ Ան բացատրեց թէ դպրոցը պաշտօնեայի մը հրատապ կարիք ունէր։ Ուստի գացի եւ անմիջապէս ընդունուեցայ։ Այս ամէնը շատ արագօրէն տեղի ունեցաւ»։ Համայն աշխարհի մէջ, բազմաթիւ Վկաներ նոյնանման փորձառութիւններ ունեցած են։ Ուստի մի՛ վարանիր սրտագին խնդրանքներդ աղօթքով Աստուծոյ ներկայացնելու։
Ի՞նչ ընենք եթէ մեղանչենք
14, 15. (ա) Անհատ մը ինչո՞ւ պէտք չէ աղօթելէ ետ կենայ, նոյնիսկ եթէ մեղանչած է։ (բ) Անձնական աղօթքներուն կողքին, ուրիշ ի՞նչ բան անհատին պիտի օգնէ իր մեղանչումէն ապաքինելու։
14 Եթէ մէկը մեղանչէ, աղօթքը ի՞նչպէս կ’օգնէ իրեն։ Մեղք գործողներէն ոմանք աղօթելէ կը դադրին, քանի որ կ’ամչնան։ Սակայն ասիկա իմաստուն ընթացք չէ։ Լուսաբանենք. օդաչուները գիտեն թէ եթէ կորսուին, կրնան օդային երթեւեկութիւնը կարգաւորողներուն հետ հաղորդակցիլ՝ օգնութիւն ստանալու համար։ Իսկ եթէ օդաչու մը վերահսկիչներուն հետ կապի մէջ մտնելու տատամսի, քանի որ կորսուած ըլլալուն համար կ’ամչնայ, ասիկա կրնայ աղէտի մը առաջնորդել։ Նոյնպէս, մեղանչող անհատը որ Աստուծոյ աղօթելու կ’ամչնայ, կրնայ յաւելեալ վնասներ կրել։ Գործուած մեղքի մը պատճառաւ ամչնալը պէտք չէ արգելք հանդիսանայ որ անհատը Եհովայի հետ խօսի։ Իրականութեան մէջ, Աստուած լուրջ յանցանքներ գործած անհատները կը հրաւիրէ իրեն աղօթելու։ Եսայի մարգարէն իր օրուան մեղաւորները յորդորեց որ Եհովայի գոչեն, քանի որ «առատապէս կը ներէ»։ (Եսայեայ 55։6, 7) Անշուշտ անհատը պէտք է ‘Եհովայի երեսը խնդրէ’, նա՛խ իր սիրտը կակուղցնելով, մեղաւոր ընթացքէն ետ դառնալով եւ անկեղծօրէն զղջալով։—Սաղմոս 119։58. Դանիէլ 9։13
15 Մեղանչումի պարագային աղօթքը նաեւ կարեւոր է այլ պատճառի մը համար։ Յակոբոս աշակերտ հոգեւոր օգնութեան կարիք ունեցողի մը նկատմամբ կ’ըսէ. «Եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն . . . ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ»։ (Յակոբու 5։14, 15) Այո, անձամբ անհատը իր մեղքը աղօթքով Եհովայի պէտք է խոստովանի, բայց նաեւ կրնայ երէցներէն խնդրել որ իրեն համար աղօթեն։ Ասիկա իր հոգեւոր ապաքինման պիտի նպաստէ։
Աղօթքի պատասխանը
16, 17. (ա) Եհովա ի՞նչպէս կը պատասխանէ աղօթքներուն։ (բ) Ո՞ր փորձառութիւնները ցոյց կու տան թէ աղօթքն ու քարոզչութիւնը սերտօրէն յարակից են։
16 Աղօթքները ի՞նչպէս կը պատասխանուին։ Ոմանք թերեւս արագօրէն եւ բացայայտօրէն պատասխանուին։ (Դ. Թագաւորաց 20։1-6) Կարգ մը աղօթքներ կրնան ժամանակ պահանջել, եւ անոնց պատասխանները կրնան դիւրաւ չզատորոշուիլ։ Ինչպէս ցոյց կու տայ Յիսուսի առակը այն այրիին մասին, որ անդադար դատաւորին ներկայացաւ, թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ բանի մը համար կրկին անգամ աղօթել։ (Ղուկաս 18։1-8) Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ թէ, երբ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ աղօթենք, Եհովա բնաւ պիտի չըսէ մեզի. «Զիս մի՛ յոգնեցներ»։—Ղուկաս 11։5-9
17 Եհովայի ծառաները շատ անգամ աղօթքներուն պատասխանը նկատած են։ Ասիկա յաճախ բացայայտ եղած է մեր հանրային ծառայութեան մէջ։ Օրինակ, Ֆիլիփփիններու հեռաւոր մէկ շրջանին մէջ, երկու Քրիստոնեայ քոյրեր աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կը բաշխէին։ Երբ անոնք կնոջ մը ներկայացուցին թերթիկ մը, անոր աչքերը արցունքով լեցուեցան։ Ան ըսաւ. «Երէկ գիշեր Աստուծոյ աղօթեցի որ մէկը ղրկէ, որպէսզի Աստուածաշունչը սորվեցնէ ինծի, եւ կը խորհիմ թէ ասիկա աղօթքիս պատասխանն է»։ Կարճ ժամանակ մը ետք, կինը սկսաւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու ներկայ գտնուիլ։ Հարաւ–արեւելեան Ասիոյ ուրիշ մէկ շրջանին մէջ, Քրիստոնեայ եղբայր մը չափազանց ապահովուած համալիրի մը մէջ քարոզելու նկատմամբ ջղագրգիռ էր։ Սակայն ան Եհովայի աղօթեց, քաջութիւն հաւաքեց եւ շէնքը մտաւ։ Ան յարկաբաժինի մը դուռը զարկաւ, եւ երիտասարդ կին մը դուռը բացաւ։ Երբ եղբայրը իր այցելութեան նպատակը բացատրեց, երիտասարդուհին սկսաւ լալ։ Ան ըսաւ թէ Եհովայի Վկաները կը փնտռէր եւ զանոնք գտնելու համար աղօթած էր։ Եղբայրը ուրախութեամբ իրեն օգնեց որ Եհովայի Վկաներու տեղական ժողովքին հետ շփման մէջ գայ։
18. (ա) Երբ մեր աղօթքները պատասխանուին, ի՞նչ պէտք է ընենք։ (բ) Եթէ ամէն առիթով աղօթենք, ի՞նչ բանի նկատմամբ կրնանք վստահ ըլլալ։
18 Աղօթքը արդարեւ հրաշալի հայթայթում մըն է։ Եհովա պատրաստ է մտիկ ընելու եւ պատասխանելու։ (Եսայեայ 30։18, 19) Բայց ուշադիր պէտք է ըլլանք որ նկատենք թէ Եհովա մեր աղօթքներուն ի՛նչպէս կը պատասխանէ։ Պատասխանը կրնայ միշտ մեր ակնկալածին պէս չըլլալ։ Այսուհանդերձ, երբ իր առաջնորդութիւնը զատորոշենք, բնաւ պէտք չէ մոռնանք իրեն շնորհակալութիւն յայտնել եւ զինք փառաբանել։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։18) Ասկէ զատ, միշտ յիշէ Պօղոս առաքեալի յորդորը. «Ամէն բանի մէջ՝ աղօթքով ու աղերսանքով, շնորհակալութեամբ միասին, գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ»։ Արդարեւ, Աստուծոյ հետ խօսելու ամէն պատեհութիւն օգտագործէ։ Այս կերպով, պիտի շարունակես տեսնել Պօղոսի խօսքերուն ճշգրիտ ըլլալը, անոնց նկատմամբ՝ որոնց աղօթքները կը պատասխանուին. «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ գերիվեր է, պիտի պահպանէ ձեր սիրտերն ու մտածումները՝ Յիսուս Քրիստոսով»։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7, ԱՎ
Կրնա՞ս պատասխանել
• Ի՞նչ են աղօթքի տեսակները։
• Ի՞նչպէս պէտք է աղօթենք։
• Մեր աղօթքներուն մէջ ի՞նչ նիւթեր կրնանք պարփակել։
• Երբ անհատ մը մեղանչէ, աղօթքը ի՞նչ դեր կը խաղայ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 29]
Սրտագին աղօթքը մեզի կ’օգնէ փորձութիւններու տեղի չտալու
[Նկարներ՝ էջ 31]
Աղօթքի միջոցաւ, Աստուծոյ կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը, մտահոգութիւններն ու խնդրանքները