Կրօնքը ի՞նչ օգուտներ ունի
Կրօնքը ի՞նչ օգուտներ ունի
«ԿՐՆԱ՛Մ լաւ մէկը ըլլալ առանց կրօնասէր ըլլալու»։ Ասիկա հասարակ կարծիք մըն է։ Շատ մը պարկեշտ, կարեկից, պատասխանատու անհատներ կրօնքով հետաքրքրուած չեն։ Օրինակ, Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ քիչեր եկեղեցի կը յաճախեն, թէեւ մեծամասնութիւնը կը դաւանի Աստուծոյ հաւատալ։ * Նոյնիսկ Լատին Ամերիկայի մէջ, Կաթողիկէներուն միայն 15-20 տոկոսը կանոնաւորաբար եկեղեցի կ’երթայ։
Շատերու նման, թերեւս կը զգաս թէ կրօնքը աւելի լաւ կեանք մը վարելու հետ կապ չունի։ Սակայն, հաւանաբար տեղեակ ես թէ տասնամեակներ առաջ, մեծ հայրերուդ օրերուն, մարդոց մեծամասնութիւնը շա՜տ աւելի կրօնասէր էր։ Կրօնքը ի՞նչպէս իր գրաւչութիւնը կորսնցուց։ Անհատ մը կրնա՞յ լաւ ըլլալ, առանց կրօնասէր ըլլալու։ Քեզի օգտակար եղող կրօնք մը կա՞յ։
Շատեր ինչո՛ւ կրօնքը լքած են
Դարեր շարունակ, Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը կը հաւատար թէ Աստուած հնազանդութիւն կը պահանջէ։ Անոնք եկեղեցի կ’երթային՝ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու համար, կա՛մ քահանայի մը կատարած արարողութեան եւ կամ քարոզիչի մը տուած առաջնորդութեան միջոցաւ։ Անշուշտ շատեր կրօնքին մէջ եղող կեղծաւորութենէն տեղեակ էին։ Պատերազմին մէջ կրօնքին ունեցած դերը եւ կարգ մը կղերականներու անբարոյ վարքը հանրածանօթ էին։ Բայց շատեր կը խորհէին թէ կրօնքը ինքնին լաւ է։ Ուրիշներ կ’ախորժէին խորհրդաւոր մթնոլորտէն, աւանդութիւններէն ու երաժշտութենէն. ոմանք նոյնիսկ օգտակար կը նկատէին դժոխքի կրակին դատապարտուելու սպառնալիքը, ուսուցում մը որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ գոյութիւն չունի։ Ապա, կարգ մը զարգացումներ փոխեցին եկեղեցիներու հանդէպ շատերու տեսակէտը։
Բարեշրջութեան տեսութիւնը ժողովրդական դարձաւ։ Ոմանք համոզուեցան թէ կեանքը դիպուածով մէջտեղ եկած է, եւ ո՛չ թէ Աստուծմէ ծագում առած է։ Կրօնքներուն մեծամասնութիւնը չկրցաւ համոզիչ ապացոյցներ ներկայացնել թէ կեանքի Աղբիւրը Աստուած է։ (Սաղմոս 36։9) Ասկէ զատ, մինչ արուեստագիտութիւնը յառաջդիմեց, բժշկութեան, փոխադրութեան ու հաղորդակցութեան մարզերուն մէջ եղած շշմեցուցիչ իրագործումները, մարդոց այն տպաւորութիւնը տուին թէ գիտութիւնը կրնայ որեւէ խնդիր լուծել։ Ասկէ աւելի, այն կարծիքը տիրապետեց թէ ընկերային գիտնականները եւ հոգեբանները եկեղեցիներէն շատ աւելի լաւ ուղղութիւն կը հայթայթեն։ Իսկ եկեղեցիները իրենց կարգին, յստակօրէն չապացուցանեցին թէ Աստուծոյ օրէնքին համաձայն ապրիլը լաւագոյն կենցաղն է։—Յակոբու 1։25
Որպէս հակազդեցութիւն, բազմաթիւ եկեղեցիներ իրենց պատգամը փոխեցին։ Քահանաներ ու քարոզիչներ դադրեցան սորվեցնելէ թէ Աստուած հնազանդութիւն կը պահանջէ։ Փոխարէն, շատեր սորվեցուցին թէ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է որոշէ թէ իրեն համար ի՛նչ բան շիտակ է եւ ի՛նչ բան՝ սխալ։ Իսկ կարգ մը կրօնական առաջնորդներ, ժողովրդականութիւն շահելու համար, դաւանեցան թէ Բ. Տիմոթէոս 4։3
Աստուած քեզ կ’ընդունի, ի՛նչ կենցաղ ալ ունենաս։ Այս ուսուցումը մեր միտքը կը բերէ Աստուածաշունչի նախագուշակածը. «Ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց»։—Փոխանակ մարդիկը հրապուրելու, այսպիսի ուսուցումներ զանոնք հեռացուցին։ Բնական է որ անոնք հարց տային. ‘Եթէ եկեղեցիները Աստուծոյ ստեղծելու զօրութեան եւ օրէնքներ դնելու Իր իմաստութեան վրայ կասկած ունին, եկեղեցի երթալը ի՞նչպէս ինծի օգտակար պիտի ըլլայ։ Ինչո՞ւ ջանամ զաւակներուս կրօնք սորվեցնել’։ Պարկեշտ կեանք վարել ջանացող անհատներ սկսան կրօնքը անտեղի նկատել։ Անոնք եկեղեցիներէն հեռացան, եւ կրօնքը այլեւս իրենց համար կարեւոր չէր։ Ի՞նչ բանի հետեւանքով՝ օգտակար ըլլալիք բան մը, անյարմար դարձաւ։ Աստուածաշունչը համոզիչ բացատրութիւն մը կու տայ։
Կրօնքը գէշ նպատակներու համար կը գործածուի
Պօղոս առաքեալ նախկին Քրիստոնեաները զգուշացուց թէ ոմանք Քրիստոնէութիւնը գէշ նպատակներու համար պիտի գործածէին։ Ան ըսաւ. «Ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։ (Գործք 20։29, 30) «Ծուռ բաներ» խօսողներէն մէկը՝ Կաթողիկէ աստուածաբան Օգոստինոսն էր։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուցած էր որ ուրիշները համոզեն՝ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանելով։ Սակայն Օգոստինոս Ղուկաս 14։23–ի մէջ արձանագրուած «ստիպէ որ հոս մտնեն» Յիսուսի խօսքին իմաստը խեղաթիւրեց, նշելով թէ մարդիկը հաւատափոխ ընելու համար ոյժ գործածելը սխալ չէ։ (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 28։23, 24) Օգոստինոս կրօնքը շահագործեց՝ մարդիկը ղեկավարելու համար։
Կրօնքի սխալ գործածութեան ու աղաւաղման ետին գտնուող անձը՝ Սատանայ կոչուած ըմբոստ հրեշտակն է։ Առաջին դարուն, ան կրօնասէր անհատներ դրդեց որ քրիստոնէական ժողովքները ապականեն։ Աստուածաշունչը անոնց մասին կ’ըսէ. «Այնպիսիները՝ սուտ առաքեալներ, խաբեբայ բանուորներ ըլլալով՝ Քրիստոսին առաքեալներուն կերպարանքը իրենց վրայ կ’առնեն։ Եւ զարմանալի չէ. վասն զի Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ։ Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր պաշտօնեաներն ալ արդարութեան պաշտօնեաներուն կերպարանքը առնեն»։—Բ. Կորնթացիս 11։13-15
Սատանան տակաւին կը գործածէ այն կրօնքը, որ կը ձեւացնէ Քրիստոնեայ, բարոյական եւ լուսաւորութիւն տուող ըլլալ, որպէսզի մարդիկ ապրին ի՛ր չափանիշներուն համաձայն, քան՝ Աստուծոյ։ (Ղուկաս 4։5-7) Հաւանաբար նկատած ես թէ ներկայիս բազմաթիւ կղերներ կրօնքը կը գործածեն՝ իրենք զիրենք վսեմ տիտղոսներով բարձրացնելու եւ իրենց հօտէն դրամ հաւաքելու համար։ Կառավարութիւններն ալ կրօնքը շահագործած են՝ իրենց քաղաքացիները համոզելու որ պատերազմներու մէջ իրենք զիրենք զոհեն։
Բանսարկուն կրօնքը մեծ տարողութեամբ կը գործածէ։ Թերեւս կը խորհիս թէ միայն քանի մը ծայրայեղականներ են որ Սատանայի շահերուն կը ծառայեն։ Յայտնութիւն 12։9. Ա. Յովհաննու 5։19, ԱՎ) Աստուած ի՞նչպէս կը նկատէ կրօնք մը, որ կը գործածուի առաջնորդներու կողմէ, որոնք կ’ուզեն մարդիկը իրենց ետեւէն քաշել։
Բայց Աստուածաշունչին համաձայն, Բանսարկուն ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «Ամբողջ աշխարհը Չարին մէջ մխրճուած է»։ («Զիս չի հետաքրքրեր»
Եթէ Քրիստոնեայ Աշխարհի կարգ մը եկեղեցիներուն վարքը քեզ կը ցնցէ, գիտցիր թէ Ամենակալ Աստուած մեծապէս դժգոհ է անոնցմէ։ Քրիստոնեայ Աշխարհը կը դաւանի թէ Աստուծոյ հետ ուխտ ըրած է. վաղեմի Իսրայէլն ալ նոյնպէս կը դաւանէր։ Երկուքն ալ անհաւատարիմ գտնուեցան։ Հետեւաբար Իսրայէլի դէմ Եհովայի դատապարտութիւնը, ներկայիս նոյն ուժգնութեամբ կը կիրարկուի Քրիստոնեայ Աշխարհին։ Եհովա ըսաւ. «[Անոնք] իմ խօսքերուս մտիկ չըրին եւ իմ օրէնքս ալ մերժեցին։ [«Զիս չի հետաքրքրեր որ», New International Version] ինծի Սաբայէն կնդրուկ գայ . . . ձեր զոհերը ինծի հաճելի չեն»։ (Երեմեայ 6։19, 20) Աստուած կեղծաւորներուն մատուցած պաշտամունքը չընդունեց։ Ան անոնց ծէսերով ու աղօթքներով հետաքրքրուած չէր։ Ան Իսրայէլի ըսաւ. «Ձեր ամսագլուխներէն ու տօներէն կը զզուի իմ հոգիս, անոնք իմ վրաս ծանր բեռ եղան, վերցնելէ յոգնեցայ։ Ուստի երբ ձեռքերնիդ տարածէք, աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ, նաեւ երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ»։—Եսայեայ 1։14, 15
Եհովա կը հաճի՞ այն տօներուն, զորս եկեղեցիները քրիստոնէական կը պիտակեն, բայց սկիզբը չաստուածներ պատուելու համար էին։ Ան Քրիստոսի ուսուցումները խեղաթիւրող կղերականներու աղօթքները մտիկ կ’ընէ՞։ Աստուած իր օրէնքները մերժող կրօնք մը կ’ընդունի՞։ Կրնաս վստահ ըլլալ թէ Ան ներկայիս եկեղեցական ծէսերուն կը հակազդէ ա՛յնպէս, ինչպէս հակազդեց վաղեմի Իսրայէլի մատուցած զոհերուն, որոնց մասին ըսաւ. ‘Զիս չեն հետաքրքրեր’։
Այսուհանդերձ Եհովա խորապէս հետաքրքրուած է անկեղծ մարդոց կողմէ ճշմարտութեամբ մատուցուած պաշտամունքով։ Աստուած կը հաճի երբ անհատներ իրմէ ստացած բոլոր բաներուն համար գնահատութիւն կը յայտնեն։ (Մաղաքեայ 3։16, 17) Հետեւաբար, առանց Աստուած պաշտելու կրնա՞ս բարի մէկը ըլլալ։ Իր սիրալիր ծնողքին համար բան մը չընող անհատը չ’արդարացուիր երբ ինքզինք բարի կը նկատէ, այդպէս չէ՞։ Աստուծոյ համար բան մը չընող անհատը բարի կրնա՞յ համարուիլ։ Տրամաբանականօրէն, կեանքին ծագում տուող ճշմարիտ Աստուծմով պէտք է հետաքրքրուինք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք թէ ճշմարիտ պաշտամունքը ո՛չ միայն Աստուած կը պատուէ, այլ նաեւ՝ մեզի կ’օգտէ։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 «1960–ական թուականներուն . . . շատ մը երկիրներու մէջ սկսաւ ամբողջ կրօնական մշակոյթին փլուզումը»։—The Decline of Christendom in Western Europe, 1750-2000
[Նկար՝ էջ 4]
Եկեղեցիները նշա՞ծ են այն ապացոյցները, թէ Աստուա՛ծ ամէն բան ստեղծած է
[Նկար՝ էջ 5]
Աստուծոյ ներկայացուցիչ մը հոս տեղ ունի՞
[Նկար՝ էջ 5]
Աստուած այսպիսի տօն մը ի՞նչպէս կը նկատէ
[Նկարին աղբիւրը]
AP Photo/Georgy Abdaladze