Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Յոբին համբերութիւնը լսեցիք»

«Յոբին համբերութիւնը լսեցիք»

«Յոբին համբերութիւնը լսեցիք»

«Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 5։11

1, 2. Լեհաստանի մէջ ամոլ մը ի՞նչ փորձութիւն դիմագրաւեց։

ՀԵՐԱԼՏ Էբթ Եհովայի Վկայ ըլլալէն ետք՝ մէկ տարի չանցած, Հիթլերի բանակը Լեհաստանի հիւսիսը գտնուող Տանզիկ (այժմ՝ Ղտանցք) քաղաքը գրաւեց։ Հոն բնակող ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար պարագաները դժուարացան, նոյնիսկ վտանգաւոր դարձան։ Կեսթափոն փորձեց Հերալտը ստիպել որ իր հաւատքէն հրաժարելու փաստաթուղթ մը ստորագրէ, բայց ան մերժեց։ Քանի մը շաբաթ բանտարկուելէ ետք, ան Զագսընհաուզընի կեդրոնացման ճամբարը ղրկուեցաւ, ուր կրկին անգամ սպառնալիքներ ստացաւ եւ ծեծուեցաւ։ Սպայ մը դիակիզարանի ծխնելոյզը մատնանշելով, Հերալտի ըսաւ. «14 օր չանցած, այդտեղ Եհովա Աստուծոյդ քով պիտի բարձրանաս, եթէ շարունակես հաւատքիդ կառչիլ»։

2 Երբ Հերալտ ձերբակալուեցաւ, իր կինը՝ Էլզա՝ տակաւին իրենց տասը ամսու աղջնակին ծիծ կու տար։ Բայց Կեսթափոն Էլզան չանտեսեց։ Ժամանակ մը ետք, ան իր մանկիկէն զրկուեցաւ ու Օշվիթցի բնաջնջման ճամբարը ղրկուեցաւ։ Այսուհանդերձ ան Հերալտի նման՝ երկար տարիներ վերապրեցաւ։ Դիտարան 15 Ապրիլ 1980 թիւին մէջ (Անգլերէն), կրնաս անոնց համբերատարութեան մասին մանրամասնութիւններ կարդալ։ Հերալտ գրեց. «Ընդամէնը 14 տարի կեդրոնացման ճամբարներու ու բանտերու մէջ անցուցի, Աստուծոյ հանդէպ հաւատքիս պատճառաւ։ Ինծի հարցուեցաւ. ‘Կինդ քեզի օգնական եղա՞ւ որ այս բոլորին տոկաս’։ Արդարեւ ան օգնական մըն էր։ Սկիզբէն իսկ գիտէի թէ ան երբեք իր հաւատքին մէջ զիջում պիտի չընէր, եւ ասիկա գիտնալը ինծի ոյժ տուաւ։ Գիտէի թէ ան կը նախընտրէր զիս պատգարակի վրայ մեռած տեսնել, քան՝ իմանալ թէ համակերպելուս համար ազատ արձակուեցայ։ . . . Էլզա գերմանական կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ անցուցած տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ նեղութիւններու տոկաց»։

3, 4. (ա) Որո՞նց օրինակը կրնայ Քրիստոնեաները քաջալերել որ տոկան։ (բ) Աստուածաշունչը ինչո՞ւ մեզ կը յորդորէ որ Յոբի փորձառութիւնը քննարկենք։

3 Չարչարանքներ կրելը բնաւ դիւրին բան չէ, ինչպէս Վկաներէն շատեր կը վկայեն։ Այս պատճառաւ Աստուածաշունչը բոլոր Քրիստոնեաները կը խրատէ. «Չարչարանքներու եւ համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը անունովը խօսեցան»։ (Յակոբու 5։10) Դարերու ընթացքին, Աստուծոյ ծառաներէն շատեր առանց պատճառի հալածուեցան։ Այս ‘վկաներու բազմութեան’ հայթայթած օրինակները կրնան մեզ քաջալերել որ մեր քրիստոնէական մրցարշաւը շարունակենք համբերատարութեամբ վազել։—Եբրայեցիս 11։32-38. 12։1

4 Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ, Յոբ համբերատարութեան ուշագրաւ տիպար մըն է։ Յակոբոս գրեց. «Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է»։ (Յակոբու 5։11) Յոբի փորձառութիւնը գաղափար մը կու տայ այն վարձատրութեան մասին, որ Եհովայի օրհնած հաւատարիմներուն կը սպասէ։ Աւելի կարեւորը, անիկա ճշմարտութիւններ կը յայտնէ, որոնք նեղութեան ժամանակներուն մեզի օգտակար կրնան ըլլալ։ Յոբայ գիրքը մեզի կ’օգնէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանելու. երբ փորձութեան ներքեւ ենք, ինչո՞ւ պէտք է ջանանք պարփակուած գլխաւոր հարցերը հասկնալ։ Ո՞ր յատկութիւնները եւ կեցուածքները մեզի կ’օգնեն տոկալու։ Նեղութիւններ կրող հաւատակից Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնանք ամրապնդել։

Ամբողջ պատկերը տեսնել

5. Երբ փորձութիւններ կամ դժուարութիւններ դիմագրաւենք, ո՞ր գլխաւոր հարցը ի մտի պէտք է ունենանք։

5 Նեղութիւններու դիմաց հոգեւոր հաւասարակշռութիւն պահպանելու համար, ամբողջ պատկերը պէտք է տեսնենք։ Այլապէս, անձնական խնդիրները կրնան մեր հոգեւոր տեսողութիւնը աղօտել։ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութեան հարցը մեծ կարեւորութիւն ունի։ Մեր երկնաւոր Հայրը կոչ մը կ’ուղղէ, զոր կրնանք լրջօրէն նկատի առնել. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։ (Առակաց 27։11) Ասիկա ի՜նչ անզուգական առանձնաշնորհում մըն է։ Հակառակ մեր տկարութիւններուն ու անկատարութիւններուն, կրնանք մեր Ստեղծիչը ուրախացնել։ Ասիկա կ’ընենք, երբ Եհովայի սէրը մեզ կարող կը դարձնէ որ փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու տոկանք։ Քրիստոնէական ճշմարիտ սէրը ամէն բանի կը համբերէ եւ բնաւ չի ձախողիր։—Ա. Կորնթացիս 13։7, 8

6. Սատանան ի՞նչպէս եւ ի՞նչ տարողութեամբ կ’անարգէ Եհովան։

6 Յոբայ գիրքը բացայայտօրէն Սատանան կը բնորոշէ որպէս Եհովան անարգող անհատը։ Անիկա նաեւ կը յայտնէ այս անտեսանելի թշնամիին չար բնոյթը եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կործանելու փափաքը։ Ինչպէս Յոբի պարագան ցոյց տուաւ, Սատանան հիմնականօրէն Եհովայի բոլոր ծառաները կ’ամբաստանէ թէ անձնասէր շարժառիթներ ունին եւ կը ջանայ փաստել թէ Աստուծոյ հանդէպ անոնց սէրը կրնայ պաղիլ։ Ան հազարաւոր տարիներէ ի վեր Աստուած կ’անարգէ։ Երբ Սատանան երկնքէն վռնտուեցաւ, երկնքէն ձայն մը զինք նկարագրեց որպէս «մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը», որ «չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր»։ (Յայտնութիւն 12։10) Հաւատարմօրէն տոկալով, կրնանք ցոյց տալ թէ անոր ամբաստանութիւնները անհիմն են։

7. Ֆիզիքական տկարութեան հետ վարուելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։

7 Պէտք չէ մոռնանք թէ Բանսարկուն մեր դիմագրաւած որեւէ նեղութիւն պիտի շահագործէ, ջանալով մեզ Եհովայէ հեռացնել։ Ան ե՞րբ Յիսուսը փորձեց։ Երբ Յիսուս անօթի էր, շատ օրեր ծոմ պահելէ ետք։ (Ղուկաս 4։1-3) Սակայն Յիսուսի հոգեւոր ոյժը զինք կարող դարձուց Բանսարկուին փորձութիւնները հաստատօրէն մերժելու։ Որքա՜ն կարեւոր է որ հոգեւոր զօրութեամբ չէզոքացնենք որեւէ ֆիզիքական տկարութիւն,– թերեւս հիւանդութեան կամ յառաջացած տարիքի պատճառով։ Թէեւ «մարմնապէս հետզհետէ կը քայքայուինք», բայց չենք թուլնար, քանի որ «ներքնապէս կը նորոգուինք օրէ օր»։—Բ. Կորնթացիս 4։16, Անթիլիաս

8. (ա) Բացասական զգացումները ի՞նչպէս կրնան քայքայիչ ազդեցութիւն ունենալ։ (բ) Յիսուս ի՞նչ կեցուածք ունէր։

8 Ասկէ զատ, բացասական զգացումները կրնան անհատին հոգեւորութեան վնաս հասցնել։ Թերեւս անհատ մը հարց տայ. ‘Եհովա ինչո՞ւ կը թոյլատրէ այս պարագան’։ Անազնիւ վերաբերմունքի պատճառաւ, ուրիշ մը կրնայ հարցնել. ‘Եղբայր մը ի՞նչպէս կրնայ ինծի հետ այսպէս վարուիլ’։ Այսպիսի զգացումներ կրնան պատճառ ըլլալ որ գլխաւոր հարցերը անտեսենք եւ ամբողջովին մեր անհատական պարագաներուն վրայ կեդրոնանանք։ Իր երեք մոլորած բարեկամներուն պատճառած յուսախաբութիւնը զգացականօրէն վնաս հասցուց Յոբի, ինչպէս իր հիւանդութիւնը՝ ֆիզիքապէս։ (Յոբայ 16։20. 19։2) Նոյնպէս, Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ թէ երկարատեւ բարկութիւնը կրնայ ‘Սատանային առիթ տալ’։ (Եփեսացիս 4։26, 27, Անթիլիաս) Փոխանակ անհատներու հանդէպ իրենց յուսախաբութիւնը կամ բարկութիւնը արտայայտելու, կամ պարագայի մը անարդարութեան վրայ չափազանց կեդրոնանալու, Քրիստոնեաները պիտի օգտուին Յիսուսը ընդօրինակելով, որ «ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր», Եհովա Աստուծոյ։ (Ա. Պետրոս 2։21-23) Յիսուսի ‘միտքը’ ունենալը, Սատանայի յարձակումներուն դէմ դնելու գլխաւոր միջոցը կրնայ ըլլալ։—Ա. Պետրոս 4։1

9. Աստուած մեր կրելիք բեռներուն կամ դիմագրաւելիք փորձութիւններուն նկատմամբ ի՞նչ երաշխիք կու տայ։

9 Ամէն բանէ աւելի, մեր խնդիրները Աստուծոյ տհաճութեան ստոյգ ապացոյցը երբեք պէտք չէ նկատենք։ Այսպիսի թիւրիմացութիւն մը Յոբի վնաս հասցուց, երբ խոցոտուեցաւ իր դաւանեալ մխիթարիչներուն անախորժ խօսքերով։ (Յոբայ 19։21, 22) Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ (Յակոբու 1։13) Ընդհակառակը, Եհովա կը խոստանայ մեզի օգնել երբ որեւէ բեռ կրելու ըլլանք եւ ելք մը հայթայթել մեր դիմագրաւած որեւէ փորձութեան համար։ (Սաղմոս 55։22. Ա. Կորնթացիս 10։13) Նեղութեան ժամանակներուն Աստուծոյ մօտենալով, կրնանք հարցերը առարկայականօրէն դիտել եւ Բանսարկուին հակառակ կենալու մէջ յաջողիլ։—Յակոբու 4։7, 8

Տոկալու համար՝ օգնութիւններ

10, 11. (ա) Ի՞նչ բան Յոբի օգնեց տոկալու։ (բ) Բարի խղճմտանք ունենալը ի՞նչպէս Յոբի օգնեց։

10 Հակառակ իր ահռելի կացութեան,– ի ներառեալ իր «մխիթարիչներուն» վիրաւորանքները եւ իր տառապանքին իսկական պատճառը չհասկնալը,– Յոբ շարունակեց իր ուղղամտութիւնը պահել։ Անոր համբերատարութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Անտարակոյս իր յաջողութեան հիմնական պատճառը՝ Եհովայի հանդէպ իր հաւատարմութիւնն էր։ Ան «աստուածավախ էր ու չարութենէ ետ կը քաշուէր»։ (Յոբայ 1։1) Ասիկա իր կենցաղն էր։ Ան մերժեց Եհովայի կռնակ դարձնել, նոյնիսկ երբ չհասկցաւ թէ հարցերը ինչո՛ւ յանկարծ սխալ ուղղութիւն առին։ Յոբ կը հաւատար թէ Աստուծոյ պէտք էր ծառայէր թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ ժամանակներուն։—Յոբայ 1։21. 2։10

11 Բարի խղճմտանք ունենալն ալ Յոբը մխիթարեց։ Երբ այնպէս թուեցաւ թէ իր կեանքը վերջ պիտի գտնէր, ան մխիթարուեցաւ՝ գիտակցելով թէ ուրիշներուն օգնելու համար իր լաւագոյնը ըրած էր, Եհովայի արդար չափանիշներուն կառչած էր եւ ամէն տեսակ սուտ պաշտամունքէ խուսափած էր։—Յոբայ 31։4-11, 26-28

12. Յոբ ի՞նչպէս ընդառաջեց Եղիուսի մատուցած օգնութեան։

12 Անշուշտ Յոբ կարգ մը հարցերու շուրջ իր տեսակէտը փոխելու համար օգնութեան կարիք ունեցաւ։ Եւ ան այս օգնութիւնը խոնարհաբար ընդունեց,– յաջողութեամբ իր տոկալուն ուրիշ մէկ բանալին։ Յոբ Եղիուսի իմաստուն խրատները յարգալից կերպով մտիկ ըրաւ եւ Եհովայի սրբագրութեան դրականօրէն ընդառաջեց։ «Արդարեւ կը խօսէի, բայց չէի հասկնար», խոստովանեցաւ ան, ապա աւելցուց. «Անոր համար իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։ (Յոբայ 42։3, 6) Թէեւ հիւանդութիւնը տակաւին զինք կը տառապեցնէր, սակայն Յոբ ուրախացաւ որ իր մտածելակերպին սրբագրութիւնը զինք Աստուծոյ աւելի մօտեցուց։ «Գիտեմ [ո՛վ Եհովա] որ ամէն բանի կարող ես», ըսաւ Յոբ։ (Յոբայ 42։2) Եհովա իր մեծութիւնը նկարագրելուն շնորհիւ, Յոբ շատ աւելի յստակօրէն հասկցաւ իր դիրքը՝ Ստեղծիչին հետ համեմատած։

13. Ողորմութիւն ցուցաբերելը Յոբի համար ի՞նչպէս օգտակար եղաւ։

13 Ի վերջոյ, Յոբ ողորմութեան ուշագրաւ օրինակ մը կը հանդիսանայ։ Իր սուտ մխիթարիչները զինք խորապէս վիրաւորեցին, սակայն երբ Եհովա իրմէ խնդրեց որ անոնց համար աղօթէ, Յոբ ընդառաջեց։ Անկէ ետք, Եհովա Յոբը առողջացուց։ (Յոբայ 42։8, 10) Բացայայտ է թէ դառնութիւնը մեզի պիտի չօգնէ տոկալու, մինչդեռ սէրն ու ողորմութիւնը պիտի օգնեն։ Ոխակալ չըլլալը մեզ հոգեւորապէս կը թարմացնէ, իսկ Եհովա այս ընթացքը կ’օրհնէ։—Մարկոս 11։25

Իմաստուն խրատատուներ՝ որոնք մեզի կ’օգնեն տոկալու

14, 15. (ա) Ո՞ր յատկութիւնները խրատատու մը կարող կը դարձնեն ուրիշները բուժելու։ (բ) Բացատրէ թէ Եղիուս ինչո՛ւ կրցաւ Յոբի օգնել։

14 Յոբի պատմութենէն դաս մը եւս կրնանք սորվիլ. իմաստուն խրատատուներուն արժէքը։ Ասոնք «նեղութեան ատենուան համար ծնած» եղբայրներ են։ (Առակաց 17։17) Սակայն, ինչպէս Յոբի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, կարգ մը խրատատուներ փոխանակ բուժելու՝ կրնան վիրաւորել։ Լաւ խրատատուն կարեկցութիւն, յարգանք ու ազնուութիւն պէտք է ցուցաբերէ, ինչպէս Եղիուս ըրաւ։ Երէցներ եւ այլ հասուն Քրիստոնեաներ թերեւս ստիպուին խնդիրներով ծանրաբեռնուած եղբայրներուն մտածելակերպը սրբագրել, եւ ասիկա ընելու համար՝ անոնք Յոբայ գրքէն շատ բան կրնան սորվիլ։—Գաղատացիս 6։1. Եբրայեցիս 12։12, 13

15 Հարցին հետ վարուելու Եղիուսի կերպէն շատ մը օգտակար դասեր կը սորվինք։ Յոբի երեք բարեկամներուն սխալ դիտողութիւններուն պատասխանելէ առաջ, ան երկար ժամանակ ականջ տուաւ։ (Յոբայ 32։11. Առակաց 18։13) Եղիուս Յոբի հետ որպէս բարեկամ խօսեցաւ եւ անոր անունը գործածեց։ (Յոբայ 33։1) Երեք սուտ մխիթարիչներուն հակառակը, Եղիուս ինքզինք Յոբէն բարձր չսեպեց։ «Ես ալ հողէն ստեղծուեցայ», ըսաւ ան։ Ան չուզեց անխոհեմ խօսքերով Յոբի տառապանքը աւելցնել։ (Յոբայ 33։6, 7. Առակաց 12։18) Փոխանակ Յոբի նախկին վարքը քննադատելու, Եղիուս զինք գովեց իր արդարութեան համար։ (Յոբայ 33։32) Ամենէն կարեւորը, Եղիուս հարցերը Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտեց եւ Յոբի օգնեց որ կեդրոնանայ այն իրողութեան վրայ, թէ Եհովա երբեք անիրաւութեամբ չի վարուիր։ (Յոբայ 34։10-12) Ան Յոբը քաջալերեց որ Եհովայի սպասէ, փոխանակ ջանալու իր արդարութիւնը ապացուցանել։ (Յոբայ 35։2. 37։14, 23) Քրիստոնեայ երէցները եւ ուրիշներ վստահաբար այս դասերէն կրնան օգտուիլ։

16. Յոբի երեք սուտ մխիթարիչները ի՞նչպէս Սատանայի գործիքներ եղան։

16 Եղիուսի իմաստուն խրատները, Եղիփազի, Բաղդատի ու Սոփարի վիրաւորական խօսքերուն հակապատկերն էին։ «Ինծի համար . . . շիտակ չխօսեցաք», ըսաւ Եհովա անոնց։ (Յոբայ 42։7) Նոյնիսկ եթէ դաւանէին թէ լաւ դիտաւորութիւններ ունէին, անոնք ծառայեցին իբրեւ Սատանայի գործիքներ եւ ո՛չ թէ՝ հաւատարիմ բարեկամներ։ Երեքն ալ սկիզբէն իսկ ենթադրեցին թէ Յոբի գլխուն եկած աղէտներուն համար ի՛նք մեղադրելի էր։ (Յոբայ 4։7, 8. 8։6. 20։22, 29) Եղիփազի համաձայն, Աստուած իր ծառաներուն չի վստահիր, եւ Իրեն համար կարեւոր չէ թէ մենք արդա՛ր ենք կամ ոչ։ (Յոբայ 15։15. 22։2, 3) Եղիփազ նոյնիսկ Յոբի վերագրեց յանցանքներ, զորս չէր գործած։ (Յոբայ 22։5, 9) Միւս կողմէ, Եղիուս Յոբի օգնեց հոգեւոր գետնի վրայ, ինչ որ միշտ սիրալիր խրատատուի մը նպատակակէտն է։

17. Փորձութեան ներքեւ, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։

17 Յոբայ գիրքէն համբերատարութեան մասին ուրիշ դաս մըն ալ կրնանք քաղել։ Մեր սիրալիր Աստուածը մեր պարագան կը տեսնէ՛ եւ կ’ուզէ՛ ու կրնա՛յ մեզի օգնել զանազան կերպերով։ Նախապէս նկատի առինք Էլզա Էբթի փորձառութիւնը։ Պահ մը մտածէ անոր յանգած եզրակացութեան մասին. «Ձերբակալուելէս առաջ, քրոջ մը նամակը կարդացի, որ կ’ըսէր թէ խիստ փորձութեան ներքեւ Եհովայի հոգին պատճառ կ’ըլլայ որ վրադ անդորրութիւն գայ։ Խորհեցայ թէ ան քիչ մը կը չափազանցէր։ Բայց երբ անձամբ փորձութիւններու ենթարկուեցայ, գիտցայ թէ անոր ըսածը շիտակ էր։ Անիկա իրապէս այդ կերպով տեղի կ’ունենայ։ Դժուար է զայն երեւակայել, եթէ անոր փորձառութիւնը չես ունեցած։ Արդարեւ անիկա իրապէս ինծի պատահեցաւ։ Եհովա կ’օգնէ»։ Էլզա չէր խօսեր թէ հազարամեակներ առաջ՝ Յոբի օրերուն Եհովա ի՛նչ կրնար ընել կամ ըրաւ։ Ան մեր ժամանակին մասին կը խօսէր։ Այո, «Եհովա կ’օգնէ»։

Երանի՜ այն մարդուն՝ որ կը տոկայ

18. Յոբ համբերատարութիւն ցուցաբերելով ի՞նչ օգուտներ քաղեց։

18 Մեզմէ քիչեր Յոբի պէս խիստ նեղութիւններ պիտի դիմագրաւեն։ Բայց իրերու այս դրութիւնը մեր վրայ ի՛նչ փորձութիւններ ալ բերէ, Յոբի նման մեր ուղղամտութիւնը պահպանելու վաւերական պատճառներ ունինք։ Իրականութեան մէջ, համբերատարութիւնը Յոբի կեանքը ճոխացուց։ Անիկա զինք կատարեալ ու ամբողջ դարձուց։ (Յակոբու 1։2-4) Անիկա Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը ամրացուց։ «Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ», հաստատեց Յոբ։ (Յոբայ 42։5) Սատանայի ստախօս ըլլալը փաստուեցաւ, քանի որ չկրցաւ Յոբի ուղղամտութիւնը բեկանել։ Հարիւրաւոր տարիներ ետք, Եհովա տակաւին իր ծառային՝ Յոբի ակնարկեց որպէս արդարութեան տիպար։ (Եզեկիէլ 14։14) Անոր ուղղամտութեան եւ համբերատարութեան արձանագրութիւնը նոյնիսկ այսօր Աստուծոյ ժողովուրդը կը խթանէ։

19. Ինչո՞ւ կը խորհիս թէ կ’արժէ տոկալ։

19 Երբ Յակոբոս առաջին դարու Քրիստոնեաներուն գրեց համբերատարութեան մասին, ան ակնարկեց համբերատարութենէն յառաջ եկած գոհունակութեան։ Եւ ան Յոբի օրինակը գործածեց, անոնց յիշեցնելու թէ Եհովա իր հաւատարիմ ծառաները մեծապէս կը վարձատրէ։ (Յակոբու 5։11) Յոբայ 42։12–ի մէջ կը կարդանք. «Տէրը Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց»։ Աստուած Յոբի տուաւ իր կորսնցուցածին կրկնապատիկը, եւ ան երկար ու երջանիկ կեանք մը վայելեց։ (Յոբայ 42։16, 17) Նոյնպէս, իրերու այս դրութեան վախճանին, ի՛նչ ցաւի, տառապանքի կամ սրտատանջութեան ալ տոկանք, Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ պիտի անհետանայ ու մոռցուի։ (Եսայեայ 65։17. Յայտնութիւն 21։4) Յոբի համբերատարութիւնը լսեցինք եւ վճռած ենք Եհովայի օգնութեամբ Յոբի օրինակին հետեւիլ։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Երանի՜ այն մարդուն՝ որ կը տոկայ փորձութեան. որովհետեւ երբ փորձարկուի եւ ընտիր գտնուի՝ պիտի ստանայ կեանքի պսակը, որ Տէրը խոստացաւ զինք սիրողներուն»։—Յակոբու 1։12, ԱՎ

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի սիրտը ուրախացնել։

• Ինչո՞ւ պէտք չէ եզրակացնենք թէ մեր խնդիրները Աստուծոյ տհաճութեան ապացոյց են։

• Ի՞նչ ազդակներ Յոբի օգնեցին տոկալու։

• Ի՞նչպէս կրնանք հաւատակիցները ամրապնդելու մէջ Եղիուսի օրինակին հետեւիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Լաւ խրատատուն կարեկցութիւն, յարգանք ու ազնուութիւն կը ցուցաբերէ

[Նկարներ՝ էջ 17]

Էլզա եւ Հերալտ Էբթ