Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յոբ՝ համբերատար եւ ուղղամիտ մարդ մը

Յոբ՝ համբերատար եւ ուղղամիտ մարդ մը

Յոբ՝ համբերատար եւ ուղղամիտ մարդ մը

«Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։—ՅՈԲԱՅ 1։8

1, 2. (ա) Յոբի գլխուն ի՞նչ անսպասելի աղէտներ եկան։ (բ) Յոբի կեանքը նկարագրէ, աղէտները զինք հարուածելէ առաջ։

ՄԱՐԴ մը կար որ ըստ երեւոյթին ամէն բան ունէր. հարստութիւն, համբաւ, լաւ առողջութիւն եւ ընտանեկան երջանիկ կեանք։ Յանկարծ ողբերգութիւնը երեք անգամ զինք հարուածեց։ Մէկ օրուան մէջ, ան իր ամբողջ հարստութիւնը կորսնցուց։ Ապա, արտակարգ փոթորիկ մը իր բոլոր զաւակները սպաննեց։ Անկէ քիչ ետք, ան հիւծող հիւանդութենէ մը բռնուեցաւ, որ իր ամբողջ մարմինը չարչարալից պալարներով ծածկեց։ Հաւանաբար կռահեցիր թէ ան Յոբն է, որուն մասին Աստուածաշունչի Յոբայ գիրքը կը խօսի։—Յոբայ, գլուխ 1 եւ 2

2 «Երանի թէ առաջին ամիսներուն պէս . . . ըլլայի», հառաչեց ան։ (Յոբայ 3։3. 29։2) Երբ աղէտը հարուածէ, ո՞վ նախկին օրերուն չի տենչար։ Յոբի պարագային, ան երեւութապէս չարիքներէ պաշտպանուած լաւ կեանք մը ապրած էր։ Երեւելի մարդիկ զինք կը յարգէին եւ իր խրատը կը փնտռէին։ (Յոբայ 29։5-11) Ան հարուստ էր, բայց դրամի հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունէր։ (Յոբայ 31։24, 25, 28) Երբ ան այրիներու կամ որբերու հանդիպէր, անոնց օգտակար կ’ըլլար։ (Յոբայ 29։12-16) Եւ ան իր կնոջ հաւատարիմ էր։—Յոբայ 31։1, 9, 11

3. Եհովա Յոբը ի՞նչպէս նկատեց։

3 Յոբ անմեղադրելի կեանք մը կը վարէր, քանի որ Աստուած կը պաշտէր։ «Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ», ըսաւ Եհովա։ (Յոբայ 1։1, 8) Բայց հակառակ Յոբի բարոյական ուղղամտութեան, աղէտները իր հանգստաւէտ կենցաղը տակնուվրայ ըրին։ Իր ամէն աշխատանքը անհետացաւ, իսկ ցաւը, տառապանքն ու յուսախաբութիւնը իր համբերատարութիւնը փորձի ենթարկեցին։

4. Յոբի չարչարանքները նկատի առնելը ինչո՞ւ օգտակար պիտի ըլլայ։

4 Անշուշտ Յոբ Աստուծոյ միակ ծառան չէ, որուն գլխուն փորձանքներ եկան։ Ներկայիս Քրիստոնեաներէն շատեր նոյնանման փորձառութիւններ կ’ունենան։ Ասոր համար կ’արժէ հետեւեալ երկու հարցումները նկատի առնել. Յոբի տառապանքը յիշելը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել երբ ողբերգութիւն մը դիմագրաւենք։ Իսկ անիկա ի՞նչպէս կրնայ մեզի սորվեցնել տառապեալներուն աւելի կարեկցիլ։

Հաւատարմութեան հարց եւ ուղղամտութեան փորձ

5. Սատանայի համաձայն, Յոբ ինչո՞ւ կը ծառայէր Աստուծոյ։

5 Յոբի պարագան բացառութիւն մըն էր։ Յոբ չէր գիտեր թէ Բանսարկուն Աստուծոյ ծառայելու իր շարժառիթները հարցականի տակ դրած էր։ Երկնային համախմբութեան մը ընթացքին, երբ Եհովա Յոբի ընտիր յատկութիւններուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց, Սատանան պատասխանեց. «Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր»։ Այսպիսով, Սատանան դաւանեցաւ թէ Յոբի,– եւ Աստուծոյ մնացեալ բոլոր ծառաներուն,– շարժառիթը անձնասիրութիւնն է։ «Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ», ըսաւ Սատանան Եհովայի։—Յոբայ 1։8-11

6. Սատանան ի՞նչ կարեւոր հարց մը յարուց։

6 Յարուցուած հարցը կարեւոր էր։ Սատանան հարցականի տակ դրաւ այն կերպը, որով Եհովա իր գերիշխանութիւնը կը գործածէ։ Աստուած իրապէս կրնա՞յ տիեզերքը սիրով իշխել, թէ ոչ, ինչպէս Սատանան հասկցուց, ի վերջոյ անձնասիրութիւնը միշտ պիտի յաղթէ։ Եհովա թոյլատրեց որ Բանսարկուն Յոբը փորձէ որպէս նախադէպ, Իր ծառային ուղղամտութենէն ու հաւատարմութենէն վստահ ըլլալով։ Արդ, Սատանան ինք Յոբի գլխուն շարք մը աղէտներ բերաւ, իսկ երբ անոր սկզբնական յարձակումները ձախողեցան, Յոբը չարչարալից հիւանդութեամբ մը հարուածեց, ենթադրելով. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ»։—Յոբայ 2։4

7. Ներկայիս Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ կերպերով ենթակայ են այն տառապանքներուն, զորս Յոբ կրեց։

7 Թէեւ Քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը ներկայիս չի տառապիր այն տարողութեամբ որ Յոբ տառապեցաւ, սակայն անոնք զանազան նեղութիւններ կը քաշեն։ Շատեր հալածանք կամ ընտանեկան խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Տնտեսական դժուարութիւնը կամ վատ առողջութիւնը կրնայ կործանարար ըլլալ։ Ոմանք իրենց հաւատքին համար իրենց կեանքը զոհած են։ Անշուշտ պէտք չէ եզրակացնենք թէ Սատանան անձամբ կը պատճառէ իւրաքանչիւր ողբերգութիւն, որ մեզ կը տառապեցնէ։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը խնդիրներուն պատճառը կրնայ մեր սխալները կամ ժառանգական թերութիւն մը ըլլալ։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Իսկ բոլորս ալ յառաջացած տարիքի եւ բնական աղէտներու վնասակար ազդեցութիւններուն ենթակայ ենք։ Աստուածաշունչը բացէ ի բաց կը յայտնէ թէ այժմ Եհովա իր ծառաները հրաշալիօրէն չի պաշտպաներ այս նեղութիւններէն։—Ժողովողի 9։11

8. Սատանան ի՞նչպէս կրնայ ջանալ մեր կրած նեղութիւնները օգտագործել։

8 Այսուհանդերձ Սատանան կրնայ մեր կրած նեղութիւնները օգտագործել՝ մեր հաւատքը տկարացնելու։ Պօղոս առաքեալ նշեց թէ իրեն «մարմնի խայթոց մը տրուեցաւ, Սատանայի հրեշտակ մը», որ կը շարունակէր զինք «նեղել»։ (Բ. Կորնթացիս 12։7) Ասիկա ըլլա՛ր ֆիզիքական խնդիր, ինչպէս՝ տկար տեսողութիւն, կամ ուրիշ բան, Պօղոս գիտակցեցաւ թէ Սատանան կրնար խնդիրը եւ անոր առթած յուսախաբութիւնը օգտագործել, իր ուրախութիւնը մարելու եւ ուղղամտութիւնը բեկանելու։ (Առակաց 24։10) Ներկայիս, Սատանան կրնայ ընտանիքի անդամները, դպրոցակիցները, կամ նոյնիսկ բռնակալական կառավարութիւնները դրդել, որ ձեւով մը Աստուծոյ ծառաները հալածեն։

9. Ինչո՞ւ նեղութիւնը կամ հալածանքը մեզ անտեղիօրէն անակնկալի չի բերեր։

9 Ի՞նչպէս կրնանք այս խնդիրները յաջողութեամբ դիմագրաւել։ Զանոնք նկատելով պատեհութիւն մը՝ որ ցոյց տանք թէ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը եւ իր գերիշխանութեան ենթարկուիլը յեղյեղուկ չեն։ (Յակոբու 1։2-4) Մեր տառապանքին պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալուն կարեւորութիւնը հասկնալը մեզի պիտի օգնէ մեր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը պահպանելու։ Պետրոս առաքեալ Քրիստոնեաներուն գրեց. «Սի՛րելիներ, օտար բան մի՛ սեպէք այն նեղութեան բորբոքումը, որ ձեզ փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է»։ (Ա. Պետրոս 4։12) Իսկ Պօղոս բացատրեց. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Սատանան տակաւին հարցականի տակ կը դնէ Եհովայի Վկաներուն ուղղամտութիւնը, ինչպէս ըրաւ Յոբի պարագային։ Իրականութեան մէջ, ըստ Աստուածաշունչին, Սատանան այս վերջին օրերուն ընթացքին Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ իր յարձակումները աւելցուցած է։—Յայտնութիւն 12։9, 17

Թիւրիմացութիւն եւ սխալ խրատներ

10. Յոբ ո՞ր անպատեհութիւնը ունէր։

10 Յոբ անպատեհութիւն մը ունէր, զոր մենք չունինք։ Ան չէր գիտեր թէ իր գլխուն եկած աղէտներուն պատճառը ի՛նչ էր։ Ան սխալմամբ եզրակացուց թէ ձեւով մը «Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ»։ (Յոբայ 1։21) Հաւանաբար Սատանան դիտմամբ ջանաց Յոբին այն տպաւորութիւնը տալ, թէ իր տառապանքին պատճառը Աստուած է։

11. Բացատրէ թէ Յոբ ի՛նչպէս հակազդեց իր նեղութիւններուն։

11 Յոբ չափազանց վհատեցաւ, հակառակ անոր որ մերժեց իր կնոջ ըսածը ընել,– Աստուծոյ հայհոյել։ (Յոբայ 2։9, 10) ‘Այնպէս կը թուի թէ ամբարիշտները ինձմէ հանգիստ կ’ապրին’, ըսաւ ան։ (Յոբայ 21։7-9) ‘Աստուած ինչո՞ւ կը պատժէ զիս’, հարց տուած ըլլալու էր։ Ատեններ ան նոյնիսկ փափաքեցաւ մեռնիլ։ «Երանի՜ թէ մինչեւ քու բարկութեանդ անցնիլը՝ գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս», բացագանչեց ան։—Յոբայ 14։13

12, 13. Յոբի երեք բարեկամներուն խօսքերը ի՞նչպէս իրեն ազդեցին։

12 Յոբի երեք բարեկամները իրեն այցելեցին, որպէսզի ‘իրեն ցաւակցին ու զինք մխիթարեն’։ (Յոբայ 2։11) Սակայն անոնք «ձանձրացնող մխիթարիչներ» եղան։ (Յոբայ 16։2) Թերեւս Յոբ օգտուէր բարեկամներէ, որոնք իր խնդիրները կրնային թեթեւցնել, բայց այս երեքը Յոբի շփոթութիւնը բազմապատկեցին եւ իր յուսախաբութիւնը աւելցուցին։—Յոբայ 19։2. 26։2

13 Հասկնալի է եթէ Յոբ ինքնիրեն հարց տուած ըլլար. ‘Ինչո՞ւ ե՛ս։ Ի՞նչ ըրած եմ որ այս չարիքին արժանանամ’։ Իր բարեկամները բոլորովին մոլորեցուցիչ բացատրութիւններ ներկայացուցին։ Անոնք ենթադրեցին թէ Յոբ ինք իր գլխուն փորձանքներ բերած էր, լուրջ մեղք մը գործելով։ «Ո՞ր անմեղը կորսուեցաւ», հարցուց Եղիփազ, ապա աւելցուց. «Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները եւ անիրաւութիւն ցանողները նոյնը կը հնձեն»։—Յոբայ 4։7, 8

14. Ինչո՞ւ իսկոյն պէտք չէ եզրակացնենք թէ տառապանքին պատճառը անպատշաճ վարքն է։

14 Ճիշդ է որ եթէ հոգիին սերմանելու փոխարէն, մարմնին սերմանենք, խնդիրներ կրնան յարուցուիլ։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Սակայն ներկայ դրութեան մէջ, մեր վարքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, խնդիրներ կրնան ծագիլ։ Ասկէ զատ, անկարելի է ըսել թէ անմեղները ամէն տեսակ աղէտներէ զերծ են։ Յիսուս Քրիստոս, որ «անարատ, մեղաւորներէն զատուած» էր, տանջանքի ցիցի մը վրայ ցաւալի մահ ունեցաւ, իսկ Յակոբոս առաքեալ նահատակուեցաւ։ (Եբրայեցիս 7։26. Գործք 12։1, 2) Եղիփազի ու իր երկու բարեկամներուն սխալ պատճառաբանութիւնը Յոբը մղեց իր բարի անունը պաշտպանելու եւ անմեղ ըլլալը պնդելու։ Այսուհանդերձ, անոնց յամառ պնդումները թէ ինք իր ցանա՛ծը կը հնձէր, հաւանաբար ազդեցին Աստուծոյ արդարութեան հանդէպ իր տեսակէտին։—Յոբայ 34։5. 35։2

Օգնութիւն գտնել՝ երբ նեղութիւն կը դիմագրաւենք

15. Տառապանքի դիմաց ո՞ր մտածելակերպը մեզի պիտի օգնէ։

15 Ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ Ողբերգութիւնը, հիւանդութիւնը կամ հալածանքը կրնայ շատ անարդար թուիլ։ Կրնայ այնպէս մը թուիլ թէ ուրիշներ այսպիսի խնդիրներէ զերծ են։ (Սաղմոս 73։3-12) Երբեմն, թերեւս մենք մեզի սա էական հարցումները ուղղենք. ‘Աստուծոյ հանդէպ սէրս զիս կը մղէ՞ իրեն ծառայելու ի՛նչ որ ալ պատահի։ Կը տենչա՞մ Եհովայի պատասխան մը հայթայթել, որով կարենայ զինք «անարգողին պատասխան տալ»’։ (Առակաց 27։11. Մատթէոս 22։37) Բնաւ թոյլ պէտք չէ տանք որ ուրիշներուն անմիտ խօսքերը, մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր մէջ կասկածներ արթնցնեն։ Հաւատարիմ Քրիստոնեայ քոյր մը, որ երկար տարիներ երկարատեւ հիւանդութենէ մը կը տառապէր, անգամ մը ըսաւ. «Գիտեմ թէ Եհովա ի՛նչ որ ալ թոյլատրէ, ինծի համար տանելի պիտի ըլլայ։ Գիտե՛մ թէ ան հարկ եղած ոյժը պիտի տայ ինծի։ Ան մի՛շտ զայն տուած է»։

16. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս կ’օգնէ դժուարութիւններ դիմագրաւողներուն։

16 Իսկ ինչ կը վերաբերի Սատանայի ռազմավարութեան, մենք ունինք հասկացողութիւն մը որ Յոբ չունէր։ Մենք «անոր խորհուրդները [կամ չարամիտ հնարքները] գիտենք»։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Ասկէ զատ, ունինք գործնական իմաստութեան ճոխ աղբիւր մը, որմէ կրնանք օգտուիլ։ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու պատմութիւնները, որոնք ամէն տեսակ դժուարութիւններու տոկացին։ Պօղոս առաքեալ, որ շատ մը Քրիստոնեաներէ աւելի տառապեցաւ, գրեց. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ (Հռովմայեցիս 15։4) Եւրոպայի մէջ Վկայ մը, որ երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին իր հաւատքին համար բանտարկուած էր, իր երեք օրուան ռոճիկը Աստուածաշունչով մը փոխանակեց։ Ան կ’ըսէ. «Այս փոխանակումը շա՛տ վարձահատոյց եղաւ։ Թէեւ ֆիզիքապէս անօթեցայ, բայց ստացայ այն հոգեւոր ուտելիքը, որ ինծի եւ ուրիշներուն օգնեց այդ խռովալից օրերուն ընթացքին մեր փորձութիւններուն տոկալու։ Այդ Աստուածաշունչը մինչեւ օրս պահած եմ»։

17. Աստուածային ո՞ր հայթայթումները կրնան մեզի օգնել տոկալու։

17 Սուրբ Գրութիւններէն քաղուած մխիթարութենէն զատ, Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունինք, որոնք խնդիրներու հետ գլուխ ելլելու մասին պիտանի ուղղութիւններ կը հայթայթեն։ Եթէ Դիտարանի հրատարակութիւններու նիւթերու ցանկ–ը գործածես, հաւանաբար պիտի գտնես Քրիստոնեայ հաւատակիցի մը փորձառութիւնը, որ նոյն փորձութեանդ ենթարկուած է։ (Ա. Պետրոս 5։9) Նաեւ օգտակար կ’ըլլայ եթէ պարագաներուդ մասին խօսակցիս հասկացող երէցներու կամ այլ հասուն Քրիստոնեաներու հետ։ Ամենէն աւելի, աղօթքի միջոցաւ կրնաս Եհովայի ու իր սուրբ հոգիին հայթայթած օգնութեան վստահիլ։ Պօղոս Սատանայի տուած ‘նեղութիւններուն’ ի՞նչպէս դէմ դրաւ։ Սորվելով Աստուծոյ զօրութեան ապաւինիլ։ (Բ. Կորնթացիս 12։9, 10) «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց», գրեց ան։—Փիլիպպեցիս 4։13

18. Քրիստոնեայ հաւատակիցները ի՞նչպէս կրնան թանկարժէք քաջալերութիւն մատուցանել։

18 Ուստի օգնութիւնը մատչելի է, եւ երբեք պէտք չէ վարանիս զայն խնդրելու։ «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է», կ’ըսէ առակը։ (Առակաց 24։10) Ճիշդ ինչպէս ճերմակ մրջիւնները կրնան փայտէ տուն մը խորտակել, նոյնպէս վհատութիւնը կրնայ Քրիստոնեային ուղղամտութիւնը խախտել։ Այս վտանգը չէզոքացնելու համար, Եհովա մեզի թիկունք կը կանգնի՝ իրեն ծառայող մեր հաւատակիցներուն միջոցաւ։ Յիսուսի ձերբակալութեան գիշերը, հրեշտակ մը իրեն երեւցաւ եւ զինք զօրացուց։ (Ղուկաս 22։43) Որպէս բանտարկեալ դէպի Հռովմ ճամբորդելու ընթացքին, Պօղոս «գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ», երբ Ապփիոսի Վաճառանոցին ու Երեք Պանդոկներուն մօտ եղբայրները տեսաւ։ (Գործք 28։15) Գերմանացի Վկայ մը տակաւին կը մտաբերէ որպէս երկչոտ պատանուհի իր ստացած օգնութիւնը, երբ Ռավընսպրիւքի կեդրոնացման ճամբարը հասաւ։ Ան կ’ըսէ. «Քրիստոնեայ հաւատակից մը անմիջապէս զիս գտաւ եւ սրտանց ողջագուրեց։ Ուրիշ հաւատարիմ քոյր մը զիս շարունակ պաշտպանեց, եւ ինծի համար հոգեւոր մայր մը եղաւ»։

«Հաւատարիմ եղէ՛ք»

19. Ի՞նչ բան Յոբի օգնեց Սատանայի ջանքերուն դէմ դնելու։

19 Եհովա Յոբը նկարագրեց որպէս «իր կատարելութեանը մէջ հաստատ» անհատ մը։ (Յոբայ 2։3) Հակառակ վհատութեան զգացումներուն եւ իր տառապանքին պատճառը չգիտնալուն, Յոբ հաւատարմութեան կարեւոր հարցին մէջ երբեք չխախտեցաւ։ Ան մերժեց ուրանալ այն բոլոր բաները, որոնց համար ապրած էր։ Ան պնդեց. «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ»։—Յոբայ 27։5

20. Ինչո՞ւ կ’արժէ տոկալ։

20 Նոյնանման վճռակամութիւն մը մեզի պիտի օգնէ ամէն պարագայի ներքեւ մեր ուղղամտութիւնը պահպանելու,– փորձութիւններու, հակառակութեան կամ նեղութեան դիմաց։ Յիսուս Զմիւռնիոյ ժողովքին ըսաւ. «Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն [տագնապ, տառապանք կամ ճնշում] պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ»։—Յայտնութիւն 2։10

21, 22. Երբ նեղութեան մը կը տոկանք, ի՞նչ բան գիտնալը մխիթարական է։

21 Սատանայի իշխած այս դրութեան մէջ, մեր համբերատարութիւնն ու ուղղամտութիւնը փորձի պիտի ենթարկուին։ Այսուհանդերձ Յիսուս մեզ կը հաւաստիացնէ թէ ապագային նայելով, վախնալու պատճառ չունինք։ Կարեւորը այն է որ հաւատարիմ մնանք։ ‘Տառապանքը վայրկենական է’, ըսաւ Պօղոս, մինչ Եհովայի մեզի խոստացած վարձատրութիւնը, «գերազանց ու յաւիտենական կշիռ ունեցող փառք» է։ (Բ. Կորնթացիս 4։17, 18, ԱՎ) Նոյնիսկ Յոբի նեղութիւնը վայրկենական էր, բաղդատած՝ փորձութենէն առաջ ու վերջ իր վայելած երկար ու երջանիկ տարիներուն հետ։—Յոբայ 42։16

22 Սակայն մեր կեանքին մէջ կրնան պահեր ըլլալ, երբ մեր փորձութիւնը անվերջ կը թուի, իսկ մեր տառապանքը՝ գրեթէ անտանելի։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ Յոբի փորձառութիւնը ի՛նչպէս կրնայ համբերատարութեան մասին յաւելեալ դասեր սորվեցնել մեզի։ Նաեւ պիտի քննարկենք կերպեր, որոնցմով կրնանք նեղութիւն դիմագրաւող անհատները զօրացնել։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Սատանան Յոբի ուղղամտութեան նկատմամբ ի՞նչ էական հարց մը յարուց։

• Նեղութիւնները ինչո՞ւ մեզ անտեղիօրէն անակնկալի պէտք չէ բերեն։

• Եհովա մեզի ի՞նչպէս կ’օգնէ տոկալու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 11]

Պրպտում ընելը, հասուն Քրիստոնեաներու հետ խօսիլը եւ աղօթքով մեր սիրտը թափելը, կրնան մեզի օգնել տոկալու