Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սաղմոսներու հինգերորդ հատուածէն աչքառու կէտեր

Սաղմոսներու հինգերորդ հատուածէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Սաղմոսներու հինգերորդ հատուածէն աչքառու կէտեր

ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐԸ կրնան ըսել. «Մեր որդիները իրենց երիտասարդութեանը մէջ տունկերու պէս [կը] մեծնան ու մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած անկիւնի քարերու պէս [կ’]ըլլան։ . . . Մեր ամբարները [կը] լեցուին . . . ու մեր ոչխարները հազարաւոր եւ բիւրաւոր [կը] ծնանին»։ Ասկէ զատ, ունեւորները կրնան բացագանչել. «Երանի՜ այսպիսի վիճակի մէջ եղող ժողովուրդին»։ Սակայն միւս կողմէ, սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է»։ (Սաղմոս 144։12-15) Արդարեւ այս խօսքը ճշմարիտ է։ Եհովա երջանիկ Աստուած է եւ զինք պաշտողներուն երջանկութիւն վիճակուած է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Այս ճշմարտութիւնը բացայայտ է Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած երգեցողութիւններու վերջին հաւաքածոյին մէջ, որ կը պարփակէ Սաղմոս 107-150։

Սաղմոսներու հինգերորդ հատուածը նաեւ կ’ընդգծէ Եհովայի գերադրական յատկութիւնները, ինչպէս՝ իր հաւատարիմ սէրը, ճշմարտութիւնն ու բարութիւնը։ Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին որքա՛ն աւելի խորատեսութիւն ձեռք ձգենք, ա՛յնքան աւելի կը մղուինք զինք սիրելու եւ իրմէ վախնալու։ Իսկ ասիկա մեր երջանկութեան կը նպաստէ։ Սաղմոսներու հինգերորդ հատուածին մէջ ի՜նչ թանկարժէք պատգամ մը կը գտնենք։—Եբրայեցիս 4։12

ԵՐՋԱՆԻԿ՝ ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԻՐՈՅՆ ՇՆՈՐՀԻՒ

(Սաղմոս 107։1–119։176)

Բաբելոնական գերութենէն վերադարձող աքսորեալ Հրեաները կը տաղերգեն. «Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ»։ (Սաղմոս 107։8, 15, 21, 31) Աստուած փառաբանելով, Դաւիթ կ’երգէ. «Քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ նօսր ամպերը կը հասնի»։ (Սաղմոս 108։4, ԱՎ) Յաջորդ երգեցողութեան մէջ, ան կ’աղօթէ. «Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս. փրկէ՛ զիս քու ողորմութեանդ համեմատ»։ (Սաղմոս 109։18, 19, 26) Սաղմոս 110 մարգարէաբար կը խօսի Մեսիայի իշխանութեան մասին։ Սաղմոս 111։10–ը կ’ըսէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է», իսկ յաջորդ սաղմոսը կը նշէ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ»։—Սաղմոս 112։1

Սաղմոս 113-118 կը կոչուին Հալլէլի Սաղմոսները, քանի որ կրկին անգամ «Ալէլուիա՜» կամ «Գովաբանեցէ՛ք Եահը» արտայայտութիւնը կը գործածեն։ Միշնայի համաձայն,– բերանացի աւանդութիւնը գրի առնող երրորդ դարու աշխատասիրութիւն մը,– այս երգեցողութիւնները կ’երգուէին Պասեքի եւ Հրեաներուն տարեկան երեք տօներուն ընթացքին։ Աստուածաշունչին մէջ ամենէն երկար սաղմոսը եւ գլուխը՝ Սաղմոս 119, Եհովայի յայտնուած խօսքը կամ պատգամը կը պանծացնէ։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

109։23—Դաւիթ ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Ես երկնցող ստուերի պէս անցայ»։ Դաւիթ բանաստեղծական ոճով կ’ըսէր թէ կը զգար որ իր մահը մօտալուտ էր։—Սաղմոս 102։11

110։1, 2—Դաւիթի ‘Տէրը’՝ Յիսուս Քրիստոս, ի՞նչ ըրաւ մինչ Աստուծոյ աջ կողմը նստած էր։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս երկինք համբարձաւ եւ Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ ու սպասեց մինչեւ 1914, որպէսզի սկսի իշխել իբրեւ Թագաւոր։ Այդ միջոցին, Յիսուս իր օծեալ հետեւորդներուն վրայ իշխեց, քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին մէջ զիրենք առաջնորդելով, ինչպէս նաեւ զիրենք պատրաստելով որ իրեն հետ իշխեն իր Թագաւորութեան մէջ։—Մատթէոս 24։14. 28։18-20. Ղուկաս 22։28-30

110։4—Եհովա ի՞նչ «երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ»։ Այս երդումը այն ուխտն է որ Եհովա Յիսուս Քրիստոսի հետ ըրաւ, որ ան իբրեւ Թագաւոր ու Քահանայապետ ծառայէ։—Ղուկաս 22։29

113։3—Եհովայի անունը ի՞նչ կերպով «արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք» կը գովաբանուի։ Ասիկա աւելին կը պարփակէ քան՝ խումբ մը անհատներ, որոնք ամէն օր Աստուած կը պաշտեն։ Արեւի ծագումէն մինչեւ անոր մայր մտնելը, արեւի ճառագայթները երկրագունդը կը լուսաւորեն։ Նոյնպէս, Եհովա պէտք է փառաբանուի ամբողջ երկրագունդի տարածքին։ Առանց կազմակերպուած ջանքերու, ասիկա կարելի չէ իրագործել։ Որպէս Եհովայի Վկաներ, Աստուած փառաբանելու եւ Թագաւորութիւնը նախանձախնդրօրէն ծանուցանելու թանկարժէք առանձնաշնորհումը ունինք։

116։15—Որքա՞ն «պատուական է Տէրոջը առջեւ իր սուրբերուն մահը»։ Եհովայի բոլոր երկրպագուներուն մահը ա՛յնքան թանկարժէք է, ա՛յնքան սուղի կը նստի, որ ան թոյլ պիտի չտայ որ տեղի ունենայ։ Այլապէս, պիտի թուի թէ Եհովայի թշնամիները իրմէ աւելի զօրաւոր են, եւ երկրագունդի վրայ ո՛չ ոք պիտի մնայ՝ նոր աշխարհին հիմը կազմելու համար։

119։71—Վշտանալը ի՞նչ կերպով կրնայ օգտակար ըլլալ։ Դժուարութիւնները կրնան մեզի սորվեցնել որ լիովին ապաւինինք Եհովայի, աւելի ջերմեռանդօրէն աղօթենք իրեն, եւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու ու անոր ըսածները գործադրելու մէջ աւելի ժրաջան ըլլանք։ Ասկէ զատ, տառապանքին հակազդելու մեր կերպը կրնայ անձնաւորութեան թերութիւններ երեւան հանել, որոնք կրնան սրբագրուիլ։ Վիշտը մեզ պիտի չդառնացնէ, եթէ թոյլ տանք որ մեզ զտէ։

119։96—«Ամէն կատարելութեան վերջը» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Սաղմոսերգուն կատարելութեան մասին կը խօսի՝ մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած։ Հաւանաբար ան ի մտի ունէր թէ կատարելութեան մասին մարդուն հասկացութիւնը սահմանափակ է։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ պատուիրանը անսահմանափակ է։ Անոր ուղղութիւնը կեանքի բոլոր երեսակներուն կը կիրարկուի։

119։164—«Օրը եօթը անգամ» Աստուած փառաբանելը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Թիւ եօթը յաճախ ամբողջութեան կ’ակնարկէ։ Հետեւաբար սաղմոսերգուն ըսել կ’ուզէ թէ Եհովա լիակատար փառաբանութեան արժանի է։

Դասեր՝ մեզի համար.

107։27-31. Երբ Արմագեդոնը հարուածէ, աշխարհի իմաստութիւնը ‘պիտի հատնի’։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Անիկա չի կրնար ոեւէ անհատ կործանումէ ազատել։ Միայն Եհովայի փրկութեան սպասողները պիտի վերապրին ու «գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար»։

109։30, 31. 110։5. Զինուորի մը սուր բռնող աջ ձեռքը սովորաբար վահանին պաշտպանութիւնը չի վայելեր, զոր ձախ ձեռքը կը կրէ։ Փոխաբերական առումով, Եհովա իր ծառաներուն «աջ կողմը» կը կայնի, որպէսզի անոնց համար պատերազմի։ Այսպիսով ան պաշտպանութիւն եւ օգնութիւն կը հայթայթէ անոնց։ Ասիկա հոյակապ պատճառ մըն է որ ‘իրմէ շատ գոհանանք’։

113։4-9. Եհովա ա՛յնքան բարձր է, որ կը ստիպուի ցածնալ նոյնիսկ ‘երկնքի մէջ եղած բաները տեսնելու համար’։ Այսուհանդերձ ան աղքատին, տնանկին եւ ամուլ կնոջ կը կարեկցի։ Գերիշխան Տէր Եհովան խոնարհ է եւ կ’ուզէ որ իր երկրպագուներն ալ խոնարհ ըլլան։—Յակոբու 4։6

114։3-7. Կարմիր ծովուն, Յորդանան գետին եւ Սինա լերան մօտ իր ժողովուրդին ի նպաստ Եհովայի կատարած սքանչելի գործերուն մասին սորվիլը, մեր վրայ խոր ազդեցութիւն պէտք է ունենայ։ Մարդկութիւնը, որուն կ’ակնարկէ «երկիր»ը, Տէրոջ առջեւ պէտք է ‘սարսափի’։

119։97-101. Աստուծոյ Խօսքէն իմաստութիւն, խորատեսութիւն եւ հասկացողութիւն ձեռք ձգելը, մեզ հոգեւոր վնասներէ կը պաշտպանէ։

119։105. Աստուծոյ Խօսքը մեր ոտքերուն ճրագ է, այն իմաստով որ անիկա կրնայ մեզի օգնել ընթացիկ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու։ Անիկա նաեւ այլաբանօրէն մեր շաւիղը կը լուսաւորէ, քանի որ ապագային նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը կը յայտնէ։

ԵՐՋԱՆԻԿ՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

(Սաղմոս 120։1–145։21)

Ի՞նչպէս կրնանք փորձիչ պարագաներ դիմագրաւել եւ դժուարութիւններու դիմանալ։ Սաղմոս 120-134 այս հարցումին յստակ պատասխանը կու տան։ Կրնանք դժուարութիւնները յաղթահարել եւ մեր ուրախութիւնը պահպանել, Եհովայի դիմելով օգնութեան համար։ Այս սաղմոսները, որոնք կը կոչուին Աստիճաններուն Երգերը, հաւանաբար կ’երգուէին երբ Իսրայելացիները իրենց տարեկան տօները տօնակատարելու համար դէպի Երուսաղէմ կը ճամբորդէին։

Սաղմոս 135 եւ 136 Եհովան կը նկարագրեն որպէս իր հաճած բանը Ընողը, հակապատկերը ըլլալով անօգնական կուռքերուն։ Սաղմոս 136 յօրինուած է որպէս փոխասացութիւն,– իւրաքանչիւր համարի երկրորդ մասը կ’երգուի իբրեւ պատասխան առաջին մասին։ Յաջորդ սաղմոսը կը խօսի Բաբելոնի մէջ գտնուող Հրեաներուն սրտաբեկ վիճակին մասին, որոնք կ’ուզէին Սիօնի մէջ Եհովան պաշտել։ Սաղմոս 138-145 Դաւիթ յօրինած է։ Ան կ’ուզէ ‘իր բոլոր սրտով Եհովայի գոհութիւն մատուցանել’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ», կ’ըսէ ան։ (Սաղմոս 138։1. 139։14) Յաջորդ հինգ սաղմոսներուն մէջ, Դաւիթ աղօթքով կը խնդրէ չար մարդոցմէ պաշտպանութիւն, արդար յանդիմանութիւններ, հալածիչներէ ազատում եւ վարքի մէջ առաջնորդութիւն։ Ան Եհովայի ժողովուրդին երջանկութիւնը կ’ընդգծէ։ (Սաղմոս 144։15) Աստուծոյ մեծութիւնը եւ բարութիւնը նկատի առնելէ ետք, Դաւիթ կը յայտարարէ. «Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի պատմէ ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից»։—Սաղմոս 145։21

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

122։3—Երուսաղէմ ի՞նչպէս «ինքնիրեն ամրօրէն միացած» էր։ Ինչպէս էր պարագան վաղեմի քաղաքներուն, Երուսաղէմի տուները իրարու շատ մօտիկ կառուցուած էին։ Քաղաքը խիտ էր եւ հետեւաբար զայն պաշտպանելը դիւրին էր։ Ասկէ զատ, տուներուն իրարու մօտ ըլլալը կարելի կը դարձնէր որ քաղաքաբնակները օգնութեան ու պաշտպանութեան համար իրարու ապաւինէին։ Ասիկա կը նշէ Իսրայէլի 12 տոհմերուն հոգեւոր միութիւնը, երբ պաշտամունքի համար կը համախմբուէին։

123։2—Ծառաներուն աչքերուն մասին տրուած օրինակը ի՞նչ կէտ կ’ընդգծէ։ Ծառաներն ու աղախինները իրենց տիրոջ կամ տիրուհիին ձեռքին կը նային երկու պատճառներով. անոր ուզածը իմանալու եւ պաշտպանութիւն ու կեանքի անհրաժեշտութիւնները ստանալու համար։ Նոյնպէս մենք Եհովայի կը նայինք՝ իր կամքը գիտնալու եւ իր հաճութիւնը շահելու համար։

131։1-3—Դաւիթ ի՞նչպէս ‘իր անձը հանդարտեցուց ու հանգստացուց՝ իր մօր կաթէն կտրուած մանուկի մը պէս’։ Ինչպէս կաթէ կտրուած մանուկը կը սորվի սփոփանք ու գոհունակութիւն գտնել իր մօր բազուկներուն մէջ, Դաւիթ սորվեցաւ իր անձը հանդարտեցնել ու հանգստացնել՝ «իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս»։ Ի՞նչպէս։ Իր սիրտը չգոռոզանալով, իր աչքերը չխրոխտանալով եւ մեծագործութիւններու հետամուտ չըլլալով։ Փոխանակ երեւելիութիւն փնտռելու, ան սովորաբար իր սահմանափակումները ընդունեց եւ խոնարհութիւն ցուցաբերեց։ Անոր կեցուածքը ընդօրինակելը խոհեմութիւն է, մանաւանդ երբ ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու կը ձգտինք։

Դասեր՝ մեզի համար.

120։1, 2, 6, 7. Զրպարտալից ու հեգնական խօսքերը կրնան ուրիշներուն անտանելի նեղութիւն պատճառել։ Մեր լեզուն զսպելը, մեր «խաղաղասէր» ըլլալը ցոյց տալու կերպերէն մէկն է։

120։3, 4. Եթէ ստիպուած ենք «նենգաւոր լեզու» ունեցողի մը հանդուրժել, կրնանք մխիթարուիլ՝ գիտնալով թէ Եհովա իր որոշած ժամանակին հարցերը պիտի շտկէ։ Զրպարտիչները «զօրաւոր մարդու» մը ձեռքով աղէտի պիտի հանդիպին։ Վստահաբար անոնք Եհովայի կրակոտ դատաստանին պիտի արժանանան, որ խորհրդանշուած է «գիհիին կայծեր»ով։

127։1, 2. Մեր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ, Եհովայի առաջնորդութիւնը պէտք է խնդրենք։

133։1-3. Եհովայի ժողովուրդին միութիւնը ամոքիչ, օգտակար ու թարմացուցիչ է։ Զայն պէտք չէ քայքայենք՝ խծբծասէր, կռուող կամ գանգատող ըլլալով։

137։1, 5, 6. Եհովայի աքսորեալ երկրպագուները Սիօնի յարեցան, որ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կը ներկայացնէր։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Ներկայիս Եհովայի գործածած կազմակերպութեան հաւատարմօրէն կառչա՞ծ ենք։

138։2. Եհովա ‘իր բոլոր անունէն վեր կը մեծցնէ իր խօսքը’, այն իմաստով որ իր անունով խոստացած բոլոր բաներուն կատարումը մեր ակնկալութիւնները պիտի գերազանցէ։ Իրապէս, սքանչելի հեռանկարներ մեր դիմաց կը գտնուին։

139։1-6, 15, 16. Եհովա գիտէ մեր գործունէութիւնները, մեր խորհուրդները եւ մեր խօսքերը, նոյնիսկ զանոնք ըսելէ առաջ։ Ան մեզ գիտէ, երբ դեռ սաղմ էինք ու մեր մարմնին անդամները չէին կազմուած։ Անհատապէս մեր մասին Աստուծոյ ունեցած գիտութիւնը «խիստ զարմանալի է» ու չենք կրնար զայն ըմբռնել։ Ի՜նչ մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա ո՛չ միայն մեր դիմագրաւած փորձիչ պարագան կը տեսնէ, այլ նաեւ մեր վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը կը հասկնայ։

139։7-12. Ո՛ւր որ ալ գտնուինք, Աստուած կրնայ մեզ զօրացնել։

139։17, 18. Եհովայի գիտութիւնը մեզի ախորժելի եղա՞ծ է։ (Առակաց 2։10) Եթէ այո՛, ուրեմն բերկրանքի անսպառ աղբիւր մը գտած ենք։ Եհովայի խորհուրդները «աւազէն շատ են»։ Միշտ իր մասին սորվելիք բաներ պիտի ըլլան։

139։23, 24. Պէտք է ուզենք որ Եհովա մեր ներքին անձը քննէ՝ տեսնելու համար թէ ‘չար ճամբաներ’ կա՞ն,– անպատշաճ խորհուրդներ, ցանկութիւններ եւ հակումներ,– եւ մեզի օգնէ զանոնք արմատախիլ ընելու։

143։4-7. Ի՞նչպէս կրնանք նոյնիսկ խիստ դժուարութիւններու տոկալ։ Սաղմոսերգուն մեզի բանալին կու տայ. Եհովայի գործունէութեան վրայ խոկանք, իր գործերով զբաղած մնանք եւ աղօթքով իր օգնութիւնը խնդրենք։

«Ալէլուիա՜»

Սաղմոսներու առաջին չորս հաւաքածոներէն իւրաքանչիւրը Եհովայի փառաբանութեան արտայայտութեամբ մը կ’եզրափակուի։ (Սաղմոս 41։13. 72։19, 20. 89։52. 106։48) Վերջին հաւաքածոն բացառութիւն մը չէ։ Սաղմոս 150։6–ը կ’ըսէ. «Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜»։ Արդարեւ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ասիկա պիտի իրականանայ։

Մինչ այդ օրհնեալ ժամանակին անձկագին կը սպասենք, ճշմարիտ Աստուածը փառաւորելու եւ իր անունը փառաբանելու շատ պատճառներ ունինք։ Երբ Եհովան ճանչնալէ եւ իրեն հետ լաւ յարաբերութիւն վայելելէ յառաջ եկած մեր երջանկութեան մասին մտածենք, չե՞նք մղուիր երախտապարտ սրտով զինք փառաբանելու։

[Նկար՝ էջ 25]

Եհովայի սքանչելի գործերը ահարկու են

[Նկար՝ էջ 26]

Եհովայի խորհուրդները «աւազէն շատ են»