Քեզի օգտակար եղող պաշտամունք
Քեզի օգտակար եղող պաշտամունք
«ԱՍՏՈՒԾՈՅ մօտենալս բարի է ինծի», ըսաւ սաղմոսերգու Ասափ։ Ան խորհած էր Աստուծմով չհետաքրքրուողներուն նման ըլլալ, որոնք աւելի հանգիստ կենցաղ մը կը հետապնդէին։ Բայց Աստուծոյ մօտենալու առաւելութիւններուն մասին մտածելով, Ասափ եզրակացուց թէ ասիկա իրեն համար բարիք էր։ (Սաղմոս 73։2, 3, 12, 28) Ճշմարիտ պաշտամունքը ներկայիս քեզի համար բարի՞ք է։ Անիկա ի՞նչպէս կրնայ քեզի օգտել։
Ճշմարիտ Աստուածը պաշտելը քեզի կ’օգնէ անձնակեդրոն ապրելակերպէն խուսափելու։ Միմիայն իրե՛նց շահերուն ետեւէն եղողները բնաւ երջանկութիւն չեն գտներ, ‘սիրոյ Աստուծոյ’ կողմէ մեր ստեղծուած կերպին պատճառաւ։ (Բ. Կորնթացիս 13։11) Յիսուս մարդկային բնոյթին մասին հիմնական ճշմարտութիւն մը սորվեցուց, երբ ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Այս պատճառաւ՝ մեր բարեկամներուն ու ընտանիքին համար բաներ ընելը մեզի հաճոյք կու տայ։ Բայց մեծագոյն երջանկութիւնը յառաջ կու գայ՝ Աստուծոյ համար բաներ ընելէն։ Ան ուրիշ ոեւէ մէկէ աւելի մեր սիրոյն արժանի է։ Ամէն խաւի պատկանող միլիոնաւոր մարդիկ նկատած են թէ Աստուծոյ ուզածը ընելով զինք պաշտելը մեծապէս գոհացուցիչ է։—Ա. Յովհաննու 5։3
Կեանքի մէջ նպատակ ունենալ
Ճշմարիտ պաշտամունքը նաեւ քեզի օգտակար է, քանի որ կեանքի մէջ նպատակ մը կու տայ։ Նկատա՞ծ ես թէ շատ յաճախ երջանկութիւնը առնչուած է արժէքաւոր բան մը իրագործելու զգացումին։ Շատեր կեանքի մէջ նպատակակէտ մը ունին, որ կապ ունի իրենց ընտանիքին, բարեկամներուն, գործին կամ հաճոյքին հետ։ Կեանքի անորոշութեան պատճառաւ, յաճախ ասոնք զիրենք երջանիկ չեն դարձներ։ (Ժողովողի 9։11) Սակայն ճշմարիտ պաշտամունքը քեզի կ’օգնէ աւելի վսեմ նպատակ մը գտնելու, որ կը շարունակէ գոհացուցիչ ըլլալ, նոյնիսկ երբ կեանքի այլ երեսակներ քեզ յուսախաբ ընեն։
Ճշմարիտ պաշտամունքը կը պարփակէ Եհովան ճանչնալ եւ հաւատարմօրէն իրեն ծառայել։ Զայն ի գործ դնողները Աստուծոյ շատ կը մօտենան։ (Ժողովողի 12։13. Յովհաննու 4։23. Յակոբու 4։8) Թերեւս քեզի համար դժուար է ըմբռնել թէ կրնաս Աստուած մօտէն ճանչնալ ու անոր բարեկամը դառնալ։ Բայց մարդոց հետ իր գործառնութիւններուն արձանագրութեան մասին մտածելով եւ իր ստեղծած բաներուն մասին խոկալով, իրապէս կրնաս իր անձնաւորութեան երեսակները զատորոշել։ (Հռովմայեցիս 1։20) Ասկէ աւելի, Աստուծոյ Խօսքը կարդալով կը հասկնաս թէ ինչո՛ւ հոս ենք, Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը, ան տառապանքին ի՛նչպէս վերջ պիտի դնէ եւ, թերեւս ամենէն գրաւիչ բանը, Աստուծոյ նպատակին մէջ ի՛նչպէս կրնաս իմաստալից դեր մը խաղալ։ (Եսայեայ 43։10. Ա. Կորնթացիս 3։9) Այսպիսի հասկացողութիւն մը կրնայ ապրելու նոր շարժառիթ մը տալ քեզի։
Աւելի լաւ անհատ մը ըլլալ
Ճշմարիտ պաշտամունքը քեզի օգտակար է, քանի որ քեզի կ’օգնէ աւելի լաւ անհատ մը ըլլալու։ Ճշմարիտ պաշտամունքը ի գործ դնելով, կը մշակես անձնաւորութիւն մը որ ուրիշներու հետ աւելի երջանիկ յարաբերութիւններու դուռ կը բանայ։ Աստուծմէ ու իր Որդիէն կը սորվիս պարկեշտօրէն վարուելու, ազնուօրէն խօսելու եւ վստահելի ըլլալու մասին։ (Եփեսացիս 4։20–5։5) Երբ Աստուած մօտէն ճանչնաս ու սկսիս զինք սիրել, պիտի մղուիս զինք ընդօրինակելու։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք»։—Եփեսացիս 5։1, 2
Աստուծոյ սէրը ընդօրինակող մարդոցմով շրջապատուած ըլլալը ուրախութիւն չի՞ պատճառեր։ Բարեբախտաբար, ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքը առանձին կատարուած գործունէութիւն Ա. Կորնթացիս 14։33) Միլիոնաւորներու նման, թերեւս դուն ալ նկատես թէ լաւ կազմակերպուած քրիստոնէական խումբի մը ընկերակցիլը, տեսակէտիդ վրայ հաճելի ազդեցութիւն ունի։
մը չէ։ Անիկա քեզ ուրիշներու հետ շփման մէջ կը բերէ, որոնք կը սիրեն ի՛նչ որ շիտակ ու բարի է։ Անշուշտ կազմակերպուած կրօնքի գաղափարը կրնայ քեզ անհանգստացնել։ Սակայն ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, կրօնքներուն մեծամասնութեան խնդիրը իրենց կազմակերպուած ըլլալը չէ, այլ՝ շիտակ կերպով եւ շիտակ նպատակներով չկազմակերպուիլն է։ Կազմակերպուած կրօնքներէն շատեր քրիստոնէավայել չեղող նպատակներու կը ծառայեն։ Աստուծոյ ժողովուրդը Իր կողմէ կազմակերպուած է վսեմ նպատակի մը համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան»։ (Ապագայի համար յոյս
Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան թէ Աստուած ճշմարիտ երկրպագուները կը կազմակերպէ, որպէսզի իրերու ներկայ դրութեան վախճանէն կարենան վերապրիլ եւ նոր երկիր մը ժառանգել, որուն մէջ «արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 7։9-17) Ուստի քեզի օգտակար եղող պաշտամունքը՝ երջանկութեան անհրաժեշտ եղող յոյսը կը հայթայթէ։ Ոմանք ապագայի վերաբերեալ իրենց ակնկալութիւնները կը հիմնեն կառավարութիւններու կայունութեան, առեւտրական հեռանկարներու, կամ լաւ առողջութեան ու գոհացուցիչ հանգստաթոշակին վրայ։ Բայց ասոնցմէ ո՛չ մէկը երջանիկ ապագայ ակնկալելու հաստատ հիմ կը կազմէ։ Միւս կողմէ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կը յուսանք ապրող Աստուծոյ»։—Ա. Տիմոթէոս 4։10, ԱՎ
Եթէ ամբողջական փնտռտուք ընես, կրնա՛ս ճշմարիտ երկրպագուները գտնել։ Բաժան–բաժան եղած ներկայ աշխարհին մէջ, Եհովայի Վկաները յստակօրէն կը զատորոշուին իրենց սիրով ու միութեամբ։ Անոնք եկած են գրեթէ ամէն ազգէ ու ենթահողէ. բայց եւ այնպէս, իրարու հանդէպ եւ Եհովայի հանդէպ սէրը զիրենք կը միացնէ։ (Յովհաննու 13։35) Անոնք քեզ կը հրաւիրեն որ իրենց ունեցած փորձառութիւնը անձամբ շօշափես։ Ասափ գրեց. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի»։—Սաղմոս 73։28
[Նկար՝ էջ 7]
Կրնա՛ս Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ