Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի յուսա՛ եւ քա՛ջ եղիր

Եհովայի յուսա՛ եւ քա՛ջ եղիր

Եհովայի յուսա՛ եւ քա՛ջ եղիր

«Տէրոջը սպասէ՛ [«յուսա՛», ՆԱ]։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։ Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 27։14

1. Յոյսը որքա՞ն կարեւոր է, եւ այս բառը Սուրբ Գրութիւններուն մէջ ի՞նչպէս գործածուած է։

ԻՍԿԱԿԱՆ յոյսը կը նմանի փայլուն լոյսի մը։ Անիկա մեզի կ’օգնէ ներկայ դժուարութիւններէն անդին տեսնելու եւ քաջաբար ու ուրախութեամբ ապագան դիմագրաւելու։ Միայն Եհովա կրնայ մեզի ստոյգ յոյս մը տալ, եւ ասիկա կ’ընէ իր ներշնչեալ Խօսքին միջոցաւ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Արդարեւ, Աստուածաշունչի բնագրին մէջ «յոյս» բառը աւելի քան 160 անգամ գործածուած է, եւ կ’ակնարկէ թէ՛ բարի բանի մը ստոյգ ակնկալութեան եւ թէ ակնկալուած բանին։ * Այս յոյսը արտայայտուած փափաքէ մը աւելի է, որ կրնայ հիմ կամ կատարուելու հաւանականութիւն չունենալ։

2. Յոյսը Յիսուսի կեանքին մէջ ի՞նչ դեր խաղցաւ։

2 Երբ փորձութիւններ ու դժուարութիւններ դիմագրաւեց, Յիսուս ներկայէն անդին նայեցաւ եւ Եհովայի յուսաց։ Ան «իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։ (Եբրայեցիս 12։2) Որովհետեւ Յիսուս խորապէս կեդրոնացած էր Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելու եւ անոր անունը սրբացնելու հեռանկարին վրայ, ամէն պարագայի ներքեւ՝ ան երբեք Աստուծոյ անհնազանդ չգտնուեցաւ։

3. Աստուծոյ ծառաներուն կեանքին մէջ յոյսը ի՞նչ դեր կը խաղայ։

3 Դաւիթ թագաւոր յոյսի ու քաջութեան միջեւ եղած կապը կը նշէ՝ ըսելով. «Տէրոջը սպասէ՛ [«յուսա՛», ՆԱ]։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։ Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ»։ (Սաղմոս 27։14) Եթէ կ’ուզենք քաջասիրտ ըլլալ, երբեք թոյլ պէտք չէ տանք որ մեր յոյսը անորոշ դառնայ, այլ՝ զայն միշտ մտքին մէջ յստակ ու սրտին մօտիկ պէտք է պահենք։ Ասիկա ընելը մեզի պիտի օգնէ Յիսուսը ընդօրինակելու՝ քաջութիւն ու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու մէջ, մինչ կը մասնակցինք իր աշակերտներուն յանձնարարած գործին։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Արդարեւ, յոյսը հաւատքի ու սիրոյ կողքին դասուած է, որպէս Աստուծոյ ծառաներուն կեանքը յատկանշող կենսական ու մնայուն յատկութիւն մը։—Ա. Կորնթացիս 13։13

‘Յոյսդ կ’առատանա՞յ’

4. Օծեալ Քրիստոնեաներն ու իրենց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ բանի անձկագին կը սպասեն։

4 Աստուծոյ ժողովուրդին հոյակապ ապագայ մը կը սպասէ։ Օծեալ Քրիստոնեաները անձկագին կը սպասեն՝ երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ ծառայել, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ը կը յուսան ‘ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով՝ Աստուծոյ [երկրային] որդիներուն փառաւոր ազատութեանը հասնիլ’։ (Յովհաննու 10։16. Հռովմայեցիս 8։19-21. Փիլիպպեցիս 3։20) Այդ ‘փառաւոր ազատութիւնը’ կը պարփակէ մեղքէն ու անոր ահռելի հետեւանքներէն ազատագրուիլ։ Արդարեւ Եհովա,– «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողը,– իր հաւատարիմ ծառաներուն միայն լաւագոյնը կը շնորհէ։—Յակոբու 1։17. Եսայեայ 25։8

5. Ի՞նչպէս մեր ‘յոյսը կ’առատանայ’։

5 Քրիստոնէական յոյսը որքա՞ն մեծ դեր պէտք է խաղայ մեր կեանքին մէջ։ Հռովմայեցիս 15։13–ի մէջ կը կարդանք. «Յուսոյ Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէս զի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը»։ Այո, յոյսը մութին մէջ դրուած մոմի մը նման չէ, այլ՝ արեւի ճառագայթներուն պէս է, անհատին կեանքը խաղաղութեամբ, երջանկութեամբ, նպատակով ու քաջութեամբ լեցնելով։ Նկատէ թէ մեր ‘յոյսը կ’առատանայ’, երբ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին հաւատանք եւ իր սուրբ հոգին ստանանք։ Հռովմայեցիս 15։4–ը կ’ըսէ. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ Ուստի դուն քեզի հարց տուր. ‘Յոյսս պայծառ կը պահե՞մ՝ Աստուածաշունչի ժրաջան աշակերտ մը ըլլալով եւ զայն ամէն օր կարդալով։ Յաճախ աղօթքով կը խնդրե՞մ Աստուծոյ սուրբ հոգին’։—Ղուկաս 11։13

6. Մեր յոյսը պայծառ պահելու համար, ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։

6 Մեր Տիպարը՝ Յիսուս, Աստուծոյ Խօսքէն զօրութիւն կը ստանար։ Զինք ուշադրութեամբ քննելով, ‘յոգնելէ ու թուլնալէ’ կը խուսափինք։ (Եբրայեցիս 12։3) Տրամաբանական է որ եթէ մեր աստուածատուր յոյսը մեր մտքին ու սրտին մէջ աղօտի կամ եթէ այլ բաներու վրայ կեդրոնանանք,– ինչպէս՝ նիւթական բաներ կամ աշխարհիկ նպատակակէտեր,– շուտով հոգեւորապէս պիտի յոգնինք եւ ի վերջոյ մեր բարոյական զօրութիւնն ու քաջութիւնը պիտի կորսնցնենք։ Այս մտավիճակով կրնանք նոյնիսկ ‘մեր հաւատքին կողմանէ նաւակոծութիւն կրել’։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19) Միւս կողմէ, ճշմարիտ յոյսը մեր հաւատքը կ’ամրացնէ։

Յոյսը՝ հաւատքին համար կենսական է

7. Յոյսը ի՞նչպէս էական է հաւատքին համար։

7 «Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Եբրայեցիս 11։1) Ուստի յոյսը հաւատքին համար անկարեւոր չէ. անիկա հաւատքին էական մէկ տարրն է։ Նկատի առ Աբրահամը։ Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, ան ու իր կինը Սառա ծննդաբերական տարիքի մէջ չէին, երբ Եհովա անոնց ժառանգ մը խոստացաւ։ (Ծննդոց 17։15-17) Աբրահամ ի՞նչպէս հակազդեց։ «Չյուսացուած բանին՝ յուսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ»։ (Հռովմայեցիս 4։18) Այո, Աբրահամի աստուածատուր յոյսը՝ զաւակ մը ունենալու իր հաւատքին հաստատ հիմ մը տուաւ։ Անոր հաւատքը, իր կարգին, անոր յոյսը վառ պահեց ու զօրացուց։ Աբրահամ ու Սառա նոյնիսկ քաջութիւնը ունեցան իրենց տունն ու ազգականները ձգելու եւ իրենց կեանքի մնացեալ օրերը օտար երկրի մը մէջ վրաններու տակ անցընելու։

8. Հաւատարմօրէն տոկալը ի՞նչպէս կ’ամրացնէ յոյսը։

8 Աբրահամ իր յոյսը վառ պահեց՝ անվերապահօրէն Եհովայի հնազանդելով, նոյնիսկ դժուար պարագաներուն։ (Ծննդոց 22։2, 12) Նմանապէս, Եհովայի ծառայութեան մէջ հնազանդ ու համբերատար ըլլալով, կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր վարձատրութիւնը ստոյգ է։ Պօղոս գրեց թէ «համբերութիւնը» ընդունելի վիճակ յառաջ կը բերէ, որ իր կարգին՝ յոյս կու տայ, իսկ «յոյսը ամօթով չի ձգեր»։ (Հռովմայեցիս 5։4, 5) Ատոր համար Պօղոս նաեւ գրեց. «Կը ցանկանք որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ցոյց տայ նոյն փութաջանութիւնը՝ մինչեւ վախճանը պահելու համար յոյսի լման վստահութիւնը»։ (Եբրայեցիս 6։11, ԱՎ) Եհովայի հետ սերտ յարաբերութեան վրայ հիմնուած այս դրական հայեցակէտը կրնայ մեզի օգնել որ որեւէ դժուարութիւն քաջաբար եւ նոյնիսկ ուրախութեամբ դիմագրաւենք։

«Յոյսով ուրախ եղէ՛ք»

9. Կանոնաւորաբար ի՞նչ ընելը կրնայ մեզի օգնել ‘յոյսով ուրախ ըլլալու’։

9 Մեր աստուածատուր յոյսը աշխարհի հրամցուցած որեւէ բանէ գերադաս է։ Սաղմոս 37։34–ը կ’ըսէ. «Տէրոջը համբերէ՛ [«յուսա՛», ՆԱ] ու անոր ճամբան պահէ՛ եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես»։ Արդարեւ ‘յոյսով ուրախ ըլլալու’ ամէն պատճառ ունինք։ (Հռովմայեցիս 12։12) Սակայն մեր յոյսը վառ պէտք է պահենք մեր մտքին մէջ։ Աստուածատուր յոյսիդ վրայ կանոնաւորաբար կը խոկա՞ս։ Դուն քեզ կը տեսնե՞ս Դրախտին մէջ, լաւ առողջութեամբ օժտուած, մտահոգութենէ զերծ, սիրելիներովդ շրջապատուած եւ իրապէս գոհացուցիչ գործով մը զբաղած։ Մեր հրատարակութիւններուն ներկայացուցած Դրախտի պատկերներուն վրայ կը խոկա՞ս։ Այս կանոնաւոր խորհրդածելը կը նմանի պատուհան մը մաքրելուն, որմէ կը տեսնուի սքանչելի տեսարան մը։ Եթէ ապակին մաքրելը անտեսենք, շուտով կուտակուած աղտը պատճառ կ’ըլլայ որ տեսարանը իր յստակութիւնն ու գրաւչութիւնը կորսնցնէ։ Ուստի այլ բաներ կրնան մեր ուշադրութիւնը գրաւել։ Թող երբեք թոյլ չտանք որ ասիկա տեղի ունենայ։

10. Վարձատրութեան անձկագին սպասելը ինչո՞ւ Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան դրականօրէն կ’ազդէ։

10 Անշուշտ Եհովայի ծառայելու մեր գլխաւոր պատճառը՝ իրեն հանդէպ մեր սէրն է։ (Մարկոս 12։30) Այսուհանդերձ վարձատրութեան անձկագին պէտք է սպասենք։ Իրականութեան մէջ, Եհովա կ’ակնկալէ որ ասիկա ընենք։ Եբրայեցիս 11։6–ը կ’ըսէ. «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ Եհովա ինչո՞ւ կ’ուզէ որ զինք Վարձատրող նկատենք։ Քանի որ այսպիսով ցոյց կու տանք թէ մեր երկնաւոր Հայրը շատ լաւ կը ճանչնանք։ Ան առատաձեռն է եւ իր զաւակները կը սիրէ։ Պահ մը երեւակայէ որ եթէ «ապագայ մը եւ յոյս մը» չունենայինք, որքա՜ն ապերջանիկ պիտի ըլլայինք եւ դիւրաւ պիտի վհատէինք։—Երեմեայ 29։11

11. Մովսէսի աստուածատուր յոյսը ի՞նչպէս օգնեց իրեն իմաստուն որոշումներ կայացնելու։

11 Մովսէս աչքառու օրինակ մըն է, թէ ինչպէս մէկը իր աստուածատուր յոյսին վրայ կեդրոնացած կը մնայ։ «Փարաւոնին աղջկան որդի»ն ըլլալով, Մովսէս իր տրամադրութեան տակ ունէր Եգիպտոսի հարստութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հեղինակութիւն ու համբաւ։ Ան այս բաներո՞ւն հետամուտ պիտի ըլլար, թէ ոչ Եհովայի պիտի ծառայէր։ Ան քաջաբար երկրորդը ընտրեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին»։ (Եբրայեցիս 11։24-26) Արդարեւ Մովսէս Եհովայի կողմէ իր առջեւ դրուած յոյսին նկատմամբ անփոյթ չէր։

12. Քրիստոնէական յոյսը ինչո՞ւ սաղաւարտի մը պէս է։

12 Պօղոս առաքեալ յոյսը սաղաւարտի մը նմանցուց։ Մեր այլաբանական սաղաւարտը կը պաշտպանէ մեր մտային կարողութիւնները, կարելի դարձնելով որ իմաստուն որոշումներ կայացնենք, ողջամիտ նախապատուութիւններ դնենք եւ մեր ուղղամտութիւնը պահպանենք։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8) Այլաբանական սաղաւարտդ միշտ հագա՞ծ ես։ Եթէ այո՛, ուրեմն Մովսէսի ու Պօղոսի նման, ‘անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսդ չես դներ, հապա Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի ազատօրէն կու տայ՝ վայելելու համար’։ Ճիշդ է որ եսասէր հետապնդումները մերժելով ժողովրդական հոսանքներու դէմ դնելը քաջութիւն կը պահանջէ, բայց թափուած ջանքը իրապէս կ’արժէ։ Արդարեւ, ինչո՞ւ ընդունիլ բան մը որ «յաւիտենական կեանք»էն նուազ արժէք ունի, որ կը սպասէ բոլոր անոնց՝ որոնք Եհովայի կը յուսան ու զինք կը սիրեն։—Ա. Տիմոթէոս 6։17, 19

«Բնաւ քեզ պիտի չթողում»

13. Եհովա իր հաւատարիմ ծառաներուն ի՞նչ երաշխիք կու տայ։

13 Անոնք որ իրենց յոյսը ներկայ իրերու դրութեան վրայ դրած են, լրջօրէն մտածելու են իրենց դիմագրաւելիք բաներուն մասին, մինչ աշխարհը հետզհետէ աւելի «ցաւեր»ու կ’ենթարկուի։ (Մատթէոս 24։8) Բայց Եհովայի յուսացողները այսպիսի վախեր չունին։ Անոնք պիտի շարունակեն ‘ապահովութեամբ բնակիլ ու չարիքներու վախէն հանդարտ ըլլալ’։ (Առակաց 1։33) Որովհետեւ իրենց յոյսը ներկայ դրութեան վրայ չեն դրած, անոնք ուրախութեամբ Պօղոսի խրատին կ’անսան. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’»։—Եբրայեցիս 13։5

14. Քրիստոնեաները իրենց նիւթական կարիքներուն նկատմամբ ինչո՞ւ անտեղիօրէն պէտք չէ մտահոգուին։

14 «Բնաւ» բառը կը հաստատէ թէ Աստուած մեզի հոգ պիտի տանի։ Յիսուս ալ ընդգծեց Աստուծոյ սիրալիր հոգածութիւնը՝ ըսելով. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ [կեանքի նիւթական անհրաժեշտութիւնները] ձեզի պիտի տրուին։ Ուստի վաղուան համար հոգ մի ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ»։ (Մատթէոս 6։33, 34) Եհովա գիտէ որ մեզի համար մարտահրաւէր է իր Թագաւորութեան հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալ եւ նոյն ատեն մեր ֆիզիքական կարիքները հոգալու լման պատասխանատուութիւնը կրել։ Ուստի թող լիովին վստահ ըլլանք թէ ան մեր կարիքները հոգալու թէ՛ կարողութիւնը եւ թէ փափաքը ունի։—Մատթէոս 6։25-32. 11։28-30

15. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ‘պարզ աչք’ կը պահպանեն։

15 Եհովայի ապաւինիլը ցոյց կու տանք, երբ ‘պարզ աչք’ կը պահպանենք։ (Մատթէոս 6։22, 23) Պարզ աչքը անկեղծ է, մաքուր շարժառիթ ունի, եւ ագահութենէ ու անձնասէր փառատենչութենէ զերծ է։ Պարզ աչք ունենալը չի նշանակեր չափազանց աղքատութեան մէջ ապրիլ կամ մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները անտեսել։ Անիկա կը նշանակէ «զգաստութիւն» ցուցաբերել, մինչ Եհովայի ծառայութիւնը առաջին տեղը կը դնենք։—Բ. Տիմոթէոս 1։7

16. Պարզ աչք պահպանելու համար, ինչո՞ւ հաւատքն ու քաջութիւնը անհրաժեշտ են։

16 Պարզ աչք պահպանելը հաւատք ու քաջութիւն կը պահանջէ։ Օրինակ, եթէ գործատէրդ պնդէ որ կանոնաւորաբար աշխատիս քրիստոնէական ժողովներուն ժամանակ, քաջաբար պիտի կառչի՞ս հոգեւոր նախապատուութիւններուդ։ Եթէ անհատ մը Իր ծառաները հոգալու Եհովայի խոստումին վրայ կասկածի, Սատանան կը շարունակէ ճնշում բանեցնել մինչեւ որ ան դադրի ժողովներուն ներկայ գտնուելէ։ Արդարեւ մեր հաւատքի պակասը կրնայ Սատանայի թոյլ տալ որ Եհովայի տեղ՝ ի՛նք որոշէ մեր նախապատուութիւնները։ Ի՜նչ ողբերգութիւն։—Բ. Կորնթացիս 13։5

Եհովայի յուսա՛

17. Եհովայի վստահողները ի՞նչպէս հիմա իսկ օրհնուած են։

17 Սուրբ Գրութիւնները կրկին անգամ ցոյց կու տան թէ Եհովայի յուսացողներն ու վստահողները երբեք յուսախաբ չեն ըլլար։ (Առակաց 3։5, 6. Երեմեայ 17։7) Ճիշդ է որ երբեմն անոնք քիչով պէտք է գոհանան, բայց այս զոհողութիւնը աննշան կը նկատեն, բաղդատած՝ իրենց համար վերապահուած օրհնութիւններուն հետ։ Այսպիսով անոնք ցոյց կու տան թէ Եհովայի կը յուսան եւ վստահ են թէ ան ի վերջոյ իր հաւատարիմներուն պիտի շնորհէ իրենց սրտին բոլոր արդար փափաքները։ (Սաղմոս 37։4, 34) Հետեւաբար նոյնիսկ ներկայիս անոնք իրապէս երջանիկ են։ «Արդարներուն յոյսը ուրախութիւն է, բայց ամբարիշտներուն ակնկալութիւնը պիտի կորսուի»։—Առակաց 10։28

18, 19. (ա) Եհովա ի՞նչ սիրալիր երաշխիք մը կու տայ մեզի։ (բ) Ի՞նչպէս Եհովան մեր «աջ կողմ»ը կը պահենք։

18 Երբ տղեկ մը իր հօր ձեռքը բռնելով քալէ, ան ապահով կը զգայ։ Մեր պարագան նոյնն է, մինչ մեր երկնաւոր Հօր հետ կը քալենք։ Եհովա Իսրայէլի ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. . . . քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ . . . ։ Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ’»։—Եսայեայ 41։10, 13

19 Ասիկա ի՜նչ ջերմ պատկեր մը կը հաղորդէ,– Եհովա անհատին ձեռքէն բռնած է։ Դաւիթ գրեց. «Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ»։ (Սաղմոս 16։8) Ի՞նչպէս Եհովան մեր «աջ կողմ»ը կը պահենք։ Առնուազն երկու կերպով։ Առաջին, թոյլ կու տանք որ իր Խօսքը մեզ առաջնորդէ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ. իսկ երկրորդ, մեր աչքերը սեւեռած կը պահենք մեր դիմաց Եհովայի դրած փառաւոր մրցանակին վրայ։ Սաղմոսերգու Ասափ տաղերգեց. «Ես միշտ քեզի հետ եմ, դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։ Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս»։ (Սաղմոս 73։23, 24) Այս երաշխիքը ունենալով, կրնա՛նք ապագան վստահութեամբ դիմագրաւել։

«Ձեր փրկութիւնը մօտ է»

20, 21. Եհովայի յուսացողներուն ի՞նչ ապագայ կը սպասէ։

20 Օրէ օր, Եհովան մեր աջ կողմը պահելը աւելի ստիպողական կը դառնայ։ Շուտով՝ երբ սուտ կրօնքի կործանումը սկսի, Սատանայի աշխարհը նեղութիւն մը պիտի դիմագրաւէ, որուն նմանը բնաւ չէ եղած։ (Մատթէոս 24։21) Վախը պիտի պատէ անհաւատ մարդկութիւնը։ Բայց այդ քաոսային ժամանակին ընթացքին, Եհովայի քաջ ծառաները իրենց յոյսով պիտի ուրախանան։ Յիսուս ըսաւ. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։—Ղուկաս 21։28

21 Հետեւաբար, թող մեր աստուածատուր յոյսով ուրախանանք եւ Սատանայի խորամանկ զբաղումներու կողմէ չխաբուինք կամ չփորձուինք։ Նոյն ատեն, թող ծանր աշխատինք հաւատք, սէր եւ աստուածավախութիւն մշակելու համար։ Այսպիսով, քաջութիւն պիտի ունենանք ամէն պարագայի ներքեւ Եհովայի հնազանդելու եւ Բանսարկուի դէմ դնելու։ (Յակոբու 4։7, 8) Այո, «կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ, դուք ամէնքդ, որ Տէրոջը կը յուսաք»։—Սաղմոս 31։24

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 1 Թէեւ քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ «յոյս» բառը յաճախ կը կիրարկուի օծեալ Քրիստոնեաներուն երկնային վարձատրութեան, սակայն այս յօդուածին մէջ յոյսը ընդհանրական իմաստով նկատի առնուած է։

Կրնա՞ս պատասխանել

• Յիսուսի յոյսը ի՞նչ կերպով իր քաջութեան նպաստեց։

• Հաւատքն ու յոյսը ի՞նչպէս յարակից են։

• Հաւատքին կողքին, յոյսը ի՞նչպէս կրնայ Քրիստոնեային քաջութիւն տալ, որ իր կեանքին մէջ ողջամիտ նախապատուութիւններ դնէ։

• Եհովայի յուսացողները ինչո՞ւ կրնան վստահութեամբ ապագան դիմագրաւել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 24]

Ըլլաս երիտասարդ թէ տարեց, դուն քեզ Դրախտին մէջ կը տեսնե՞ս