Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ»

«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ»

«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ»

ՍԱՂՄՈՍ 119–ի մէջ, յօրինողը Աստուծոյ ներշնչեալ պատգամին կամ խօսքին հանդէպ իր զգացումները կը յայտնէ։ Սաղմոսերգուն կը տաղերգէ. «Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ»։ «Քու կանոններովդ պիտի ուրախանամ»։ «Իմ անձս կը նեղուի ամէն ժամանակ քու դատաստաններուդ ցանկալէն»։ «Քու վկայութիւններդ իմ ուրախութիւնս» են։ «Ցանկացի քու հրամաններուդ»։ «Պիտի ուրախանամ քու պատուիրանքներովդ՝ որոնք սիրեցի»։ «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։—Սաղմոս 119։11, 16, 20, 24, 40, 47, 97

Սաղմոսերգուն Աստուծոյ յայտնուած խօսքին հանդէպ ի՜նչ սրտագին գնահատութիւն ունէր։ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչի պատգամին հանդէպ նոյն զգացումը ունի՞ս։ Եթէ կ’ուզես անոր հանդէպ այսպիսի տենչ մը մշակել, նախ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալու սովորութիւնը պէտք է զարգացնես, եթէ կարելի է՝ ամէն օր։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։ (Մատթէոս 4։4) Երկրորդ, կարդացածիդ վրայ պէտք է խոկաս։ Աստուծոյ, իր յատկութիւններուն, կամքին ու նպատակին վերաբերեալ ճշմարտութեան մասին խորհրդածելը, Աստուածաշունչին հանդէպ գնահատութիւնդ պիտի աւելցնէ։ (Սաղմոս 143։5) Եւ անպայման անոր ողջամիտ խրատները քու ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ կիրարկէ։—Ղուկաս 11։28. Յովհաննու 13։17

Աստուածաշունչի ըսածներուն հանդէպ փափաք մշակելը ի՞նչպէս քեզի օգտակար պիտի ըլլայ։ «Երանի՜ անոնց՝ որոնք [Աստուծոյ] վկայութիւնները կը պահեն», կ’ըսէ Սաղմոս 119։2–ը։ Աստուածաշունչի յիշեցումները քեզի պիտի օգնեն կեանքի խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու։ (Սաղմոս 1։1-3) Ձեռք պիտի ձգես իմաստութիւն, խորատեսութիւն եւ հասկացողութիւն, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ ‘ամէն գէշ ճամբայէ ոտքերդ ետ քաշես’։ (Սաղմոս 119։98-101) Աստուծոյ ու երկրի նկատմամբ իր նպատակին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը, կեանքդ աւելի իմաստալից պիտի դարձնէ եւ ապագայի նկատմամբ յոյսդ վառ պիտի պահէ։—Եսայեայ 45։18. Յովհաննու 17։3. Յայտնութիւն 21։3, 4

Եհովայի Վկաները շատ հետաքրքրուած են ուրիշներուն օգնելով որ Աստուածաշունչը աւելի լաւ ճանչնան եւ անոր պատգամին հանդէպ սէր մշակեն։ Սրտանց կը հրաւիրենք քեզ որ իրենց այցելութիւնը ընդունիս։