Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սէր ու յարգանք ցուցաբերեցէք՝ ձեր լեզուն զսպելով

Սէր ու յարգանք ցուցաբերեցէք՝ ձեր լեզուն զսպելով

Սէր ու յարգանք ցուցաբերեցէք՝ ձեր լեզուն զսպելով

«Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։33

1, 2. Ամուսնացած անհատները իրենք իրենց ո՞ր կարեւոր հարցումը պէտք է ուղղեն, եւ ինչո՞ւ։

ԵՆԹԱԴՐԷ որ ծրարուած նուէր մը ստացար, որուն վրայ պիտակ դրուած է. «Զգուշութեամբ բռնէ»։ Անոր հետ ի՞նչպէս պիտի վարուէիր։ Անշուշտ շատ զգոյշ պիտի ըլլայիր որ անոր վնաս չհասնէր։ Ի՞նչ ըսենք ամուսնութեան պարգեւին մասին։

2 Իսրայելացի այրի Նոեմի, երկու երիտասարդուհիներուն՝ Որփայի ու Հռութի ըսաւ. «Տէրը ձեզի տայ, որ ամէն մէկդ իր էրկանը տունը հանգստութիւն գտնէ»։ (Հռութայ 1։3-9) Առաքինի կնոջ նկատմամբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են, բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է»։ (Առակաց 19։14) Եթէ ամուսնացած ես, կողակիցդ աստուածատուր պարգեւ մը պէտք է նկատես։ Աստուծոյ քեզի շնորհած պարգեւին հետ ի՞նչպէս կը վարուիս։

3. Ամուսիններ ու կիներ Պօղոսի ո՞ր խրատը պէտք է գործադրեն։

3 Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի»։ (Եփեսացիս 5։33) Նկատի առ թէ ամուսիններ ու կիներ ի՛նչպէս կրնան իրենց խօսելակերպին առնչութեամբ այս խրատը գործադրել։

Զգուշացի՛ր «անզուսպ չար»էն

4. Լեզուն ի՞նչպէս դրական կամ ժխտական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։

4 Աստուածաշունչի մէկ գրողը՝ Յակոբոս կ’ըսէ թէ լեզուն «անզուսպ չար է ու մահաբեր թոյնով լեցուն»։ (Յակոբու 3։8) Յակոբոս այս էական ճշմարտութեան քաջատեղեակ էր. անզուսպ լեզուն կործանարար է։ Անտարակոյս ան գիտէր Աստուածաշունչի առակը, որ կ’ըսէ թէ «անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն», իսկ «իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է»։ (Առակաց 12։18) Արդարեւ բառերը կրնան զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ։ Անոնք կրնան վիրաւորել, կամ՝ բուժել։ Բառերդ ի՞նչ ազդեցութիւն ունին կողակիցիդ վրայ։ Եթէ կողակիցիդ այս հարցումը ուղղէիր, ան ի՞նչ պիտի պատասխանէր։

5, 6. Ո՞ր ազդակները լեզուն զսպելը կը դժուարացնեն։

5 Եթէ վիրաւորական խօսելակերպը ամուսնութենէդ ներս թափանցած է, կրնա՛ս կացութիւնը բարելաւել։ Բայց ասիկա ջանք պիտի պահանջէ։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը մեր անկատար մարմինն է, որուն դէմ պայքար պէտք է մղենք։ Ժառանգուած մեղքը բացասական ազդեցութիւն կը բանեցնէ այն կերպին վրայ, որով իրարու մասին կը մտածենք եւ իրարու հետ կը խօսակցինք։ Յակոբոս գրեց. «Եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել»։—Յակոբու 3։2

6 Մարդկային անկատարութենէն զատ, ընտանեկան միջավայրն ալ լեզուի սխալ գործածութեան մէջ դեր կը խաղայ։ Ոմանք մեծցած են ծնողներու կողմէ, որոնք «անհաշտ . . . անժուժկալ, դաժանաբարոյ» էին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-3) Այսպիսի միջավայրի մէջ մեծցած երախաներ, երբ չափահաս դառնան, յաճախ նոյնանման առանձնայատկութիւններ կը ցուցաբերեն։ Անշուշտ, ո՛չ անկատարութիւնը, ո՛չ ալ թերի կրթութիւնը չքմեղանք է որ անհատը վիրաւորական խօսքեր գործածէ։ Սակայն այս ազդակները գիտնալը մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ ոմանց համար ինչո՛ւ յատկապէս դժուար է վիրաւորական խօսքեր չխօսելու համար լեզուն զսպելը։

‘Չարախօսութիւնը մէկդի՛ ձգեցէք’

7. Պետրոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ Քրիստոնեաները յորդորեց որ ‘ամէն չարախօսութիւն մէկդի ձգեն’։

7 Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատճառը, ամուսնութեան մէջ վիրաւորական խօսելակերպը կրնայ կողակիցին հանդէպ սիրոյ ու յարգանքի պակաս ցոյց տալ։ Վաւերական պատճառով մը, Պետրոս Քրիստոնեաները յորդորեց որ ‘ամէն չարախօսութիւն մէկդի ձգեն’։ (Ա. Պետրոս 2։1) «Չարախօսութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը՝ «նախատական լեզու» կը նշանակէ։ Անիկա ‘մարդիկը խօսքերով հարուածելու’ գաղափարը կը հաղորդէ։ Անզուսպ լեզուի ազդեցութիւնները ցոյց տուող ի՜նչ յարմար նկարագրութիւն մը։

8, 9. Նախատական խօսքերուն հետեւանքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, իսկ կողակիցներ ինչո՞ւ զանոնք պէտք չէ գործածեն։

8 Նախատական խօսելակերպը կրնայ շատ լուրջ չթուիլ, բայց նկատի առ թէ ի՛նչ կը պատահի երբ ամուսին մը կամ կին մը զայն գործածէ։ Կողակիցը յիմար, ծոյլ կամ եսասէր կոչելը ցոյց կու տայ թէ անոր ամբողջ անձնաւորութիւնը կարելի է ամփոփել մէկ ու նուաստացուցիչ պիտակի ներքեւ։ Ասիկա իրապէս անգթութիւն է։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ կողակիցին թերութիւնները ընդգծող պնդումներուն մասին։ Օրինակ, «Դուն մի՛շտ կ’ուշանաս» եւ «Բնա՛ւ ինծի մտիկ չես ըներ» արտայայտութիւնները արդարեւ չափազանցուած չե՞ն։ Անոնք պաշտպանողական պատասխան մը յառաջ կը բերեն, որ իր կարգին կրնայ տաք վիճաբանութեան մը զարկ տալ։—Յակոբու 3։5

9 Նախատական խօսքերով լեցուն խօսակցութիւնը ամուսնութեան մէջ լարուածութիւն կը ստեղծէ, գէշ հետեւանքներ ունենալով։ Առակաց 25։24–ը կ’ըսէ. «Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ»։ Անշուշտ նոյնը կրնայ ըսուիլ կռուասէր ամուսինի մը մասին։ Ժամանակի ընթացքին, կողակիցին խոցիչ խօսքերը յարաբերութիւնը պիտի տկարացնեն, թերեւս պատճառ ըլլալով որ ամուսինը կամ կինը զգայ թէ սիրուած չէ կամ նոյնիսկ՝ սիրուելու արժանի չէ։ Բացայայտ է թէ լեզուն զսպելը կարեւոր է, բայց ի՞նչպէս։

‘Լեզուին սանձ դնել’

10. Լեզուն զսպելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

10 Յակոբու 3։8 կ’ըսէ. «Մարդ լեզուն չի կրնար նուաճել»։ Այսուհանդերձ, ճիշդ ինչպէս ձիաւորը ձիուն շարժումները ղեկավարելու համար սանձ կը գործածէ, նոյնպէս մենք մեր լաւագոյնը պէտք է ընենք որ մեր լեզուին սանձ դնենք։ «Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է»։ (Յակոբու 1։26. 3։2, 3) Այս խօսքերը ցոյց կու տան թէ լեզուդ գործածելու կերպը լուրջ հարց մըն է։ Անիկա ո՛չ միայն կողակիցիդ հետ քու յարաբերութեանդ կ’ազդէ, այլ նաեւ՝ Եհովա Աստուծոյ հետ յարաբերութեանդ։—Ա. Պետրոս 3։7

11. Ի՞նչպէս կարելի է թոյլ չտալ տարակարծութեան որ տաք վիճաբանութեան վերածուի։

11 Խոհեմութիւն է որ կողակիցիդ հետ խօսած կերպդ քննես։ Եթէ ճնշիչ պարագայ մը զարգանայ, ջանա՛ լարուածութիւնը մեղմացնել։ Նկատի առ Իսահակի ու իր կնոջ՝ Ռեբեկայի դիմագրաւած մէկ կացութիւնը, որ արձանագրուած է Ծննդոց 27։46–28։4–ի մէջ։ «Ռեբեկա ըսաւ Իսահակին. ‘Քետի աղջիկներուն պատճառաւ հոգիէս զզուեր եմ. եթէ Յակոբ այս երկրին աղջիկներէն, ասոնց պէս Քետի աղջիկներէն, կին առնէ, ալ այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի’»։ Ո՛չ մէկ բան ցոյց կու տայ թէ Իսահակ կոշտօրէն հակազդեց։ Փոխարէն, ան իրենց որդին՝ Յակոբը հեռաւոր երկիր մը ղրկեց, աստուածավախ կին մը գտնելու, որ հաւանաբար նեղութեան պատճառ պիտի չըլլար Ռեբեկայի։ Ենթադրենք որ ամուսինի մը ու իր կնոջ միջեւ տարակարծութիւն մը ծագեցաւ։ Հմտօրէն «դուն»ի տեղ «ես» գործածելը կրնայ աննշան տարակարծութիւնը տաք վիճաբանութեան վերածուելուն արգելք հանդիսանալ։ Օրինակ, փոխանակ ըսելու. «Ինծի հետ բնա՛ւ ժամանակ չես անցըներ», կրնաս ըսել. «Երանի՜ թէ կարենայինք իրարու հետ աւելի ժամանակ անցընել»։ Խնդրին վրայ կեդրոնացիր եւ ո՛չ թէ՝ անհատին վրայ։ Խուսափէ վերլուծելէ թէ ո՛վ շիտակ գործեց եւ ո՛վ՝ սխալ։ Հռովմայեցիս 14։19–ն (ԱՎ) կ’ըսէ. «Հետամո՛ւտ ըլլանք այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն, եւ այն բաներուն՝ որոնցմով շինութիւն կ’ըլլայ իրարու»։

‘Դառնութիւնը, բարկութիւնը եւ սրտմտութիւնը’ թող վերցուին ձեզմէ

12. Լեզուն զսպելու առնչութեամբ, ի՞նչ բանի համար աղօթք պէտք է ընենք, եւ ինչո՞ւ։

12 Լեզուն սանձելը մեր ըսածներուն ուշադրութիւն ընելէն աւելին կը պարփակէ։ Իրականութեան մէջ, մեր խօսքերը սրտէն կը բխին եւ ո՛չ թէ բերնէն։ Յիսուս ըսաւ. «Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ (Ղուկաս 6։45) Ուստի լեզուդ զսպելու համար, կրնաս Դաւիթի նման աղօթել. «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ»։—Սաղմոս 51։10

13. Դառնութիւնը, բարկութիւնը եւ սրտմտութիւնը ի՞նչպէս կրնան նախատական խօսքերու առաջնորդել։

13 Պօղոս Եփեսացիները յորդորեց որ խուսափին ո՛չ միայն վիրաւորական խօսքերէն, այլ նաեւ՝ անոնց ետին եղող զգացումներէն։ Ան գրեց. «Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ»։ (Եփեսացիս 4։31) Նկատէ թէ Պօղոս ‘աղաղակն ու հայհոյութիւնը’ նշելէ առաջ, ‘դառնութիւնը, բարկութիւնն ու սրտմտութիւնը’ նշեց։ Մեր ներսիդին եռացող բարկութիւնն է որ ժայթքելով վիրաւորական խօսքեր կ’արձակէ։ Ուստի դուն քեզի հարց տուր. ‘Սրտիս մէջ դառնութիւն ու բարկութիւն կը սնուցանե՞մ։ «Ցասկո՞տ» անհատ մըն եմ’։ (Առակաց 29։22) Եթէ այս է պարագան, Աստուծոյ աղօթէ որ քեզի օգնէ այս հակումները յաղթահարելու եւ ժուժկալութիւն ի գործ դնելու, որպէսզի կարենաս բարկութիւնդ չթափել։ Սաղմոս 4։4–ը կ’ըսէ. «Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք. խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք»։ Եթէ զգաս թէ բարկութիւնդ պիտի բորբոքի եւ ինքնազսպումդ պիտի կորսնցնես, Առակաց 17։14–ի խրատին հետեւէ. «Վէճը չբռնկած ետ քաշուէ»։ Պահ մը այս կացութենէն հեռացիր, մինչեւ որ վտանգը անցնի։

14. Դժգոհութիւնը ի՞նչպէս կրնայ ամուսնութեան ազդել։

14 Սրտմտութեան կամ բարկութեան հետ գլուխ ելլելը դիւրին չէ, մանաւանդ եթէ անոր արմատը «դառնութիւն»ն է, ինչպէս Պօղոս նշեց։ Պօղոսի գործածած Յունարէն բառը կը նկարագրէ «դժգոհ հոգի մը՝ որ հաշտութիւնը կը մերժէ» եւ ‘ոխ մը՝ որ սխալներու արձանագրութիւն կը պահէ’։ Երբեմն ամուսինին ու կնոջ միջեւ թշնամական հոգի մը կը տիրէ, թանձր մշուշի նման, եւ կացութիւնը կրնայ երկար ժամանակ գոյատեւել։ Երբ նեղութիւն մը լիովին չլուծուի, արհամարհանք յառաջ կու գայ։ Բայց անցեալի յանցանքներու համար դժգոհութիւն սնուցանելը անօգուտ է։ Ինչ որ պատահած է՝ կարելի չէ յեղաշրջել։ Ներուած յանցանքը պէտք է մոռցուի։ Սէրը «վիրաւորանքը հաշուի չ’առներ»։—Ա. Կորնթացիս 13։4, 5, ՆԱ

15. Կոշտօրէն խօսելու սովորութիւն ունեցողին ի՞նչ բան պիտի օգնէ իր խօսելակերպը փոխելու։

15 Իսկ եթէ ընտանիքիդ մէջ կոշտ լեզու գործածելը սովորական էր եւ զայն որդեգրած ես, կրնաս այս ուղղութեամբ փոփոխութիւններ մտցնել։ Արդէն կեանքիդ կարգ մը մարզերուն մէջ սահմաններ դրած ես, որպէսզի որոշ կերպով չվարուիս։ Ուստի խօսելակերպիդ վերաբերեալ ի՞նչ սահման պիտի դնես։ Խօսքերդ վիրաւորական բնոյթ չստացած՝ կանգ պիտի առնե՞ս։ Վստահաբար պիտի ուզես Եփեսացիս 4։29–ի մէջ նկարագրուած սահմանը որդեգրել. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ»։ Ասիկա կը պահանջէ որ ‘հին մարդը իր գործերովը վրայէդ հանես եւ հագնիս այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս’։—Կողոսացիս 3։9, 10

‘Խորհրդակցիլը’ անհրաժեշտ է

16. Լուռ վերաբերումը ինչո՞ւ ամուսնութեան վնասակար է։

16 Երբ ամուսինը կամ կինը այդպէս կոչուած լուռ վերաբերումի կը դիմէ, քիչ բան կ’իրագործուի եւ վնասներու դուռ կը բացուի։ Ասիկա միշտ ցոյց չի տար թէ անհատը իր կողակիցը կը պատժէ, քանի որ կրնայ յուսախաբութեան կամ վհատութեան հետեւանքը ըլլալ։ Այսուհանդերձ, իրարու հետ չխօսիլը լարուածութիւնը կը սաստկացնէ եւ տուեալ խնդիրը չի լուծեր, ինչպէս կին մը ըսաւ. «Անգամ մը որ վերսկսինք խօսակցիլ, բնա՛ւ խնդրին մասին չենք խօսիր»։

17. Ամուսնութեան մէջ լարուած կացութիւն ունեցող Քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ընեն։

17 Երբ ամուսնական լարուածութիւնը յարատեւէ, դիւրին լուծում մը չկայ։ Առակաց 15։22–ը կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին»։ Կողակիցիդ հետ պէտք է նստիս ու հարցը քննարկես։ Ամէն գնով, կողակիցիդ մտիկ ըրէ բաց մտքով ու սրտով։ Եթէ ասիկա ընելը անկարելի թուի, կրնաս քրիստոնէական ժողովքի երէցներու կարգադրութիւնը օգտագործել։ Անոնք Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտեն եւ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու մէջ փորձառու են։ Այս տղամարդիկը «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս» են։—Եսայեայ 32։2

Պայքարը կրնա՛ս շահիլ

18. Հռովմայեցիս 7։18-23–ի մէջ ի՞նչ պայքար նկարագրուած է։

18 Պայքար մըն է մեր լեզուն սանձելը, ինչպէս նաեւ՝ մեր արարքները զսպելը։ Իր դիմագրաւած դժուարութիւնը նկարագրելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր. վասն զի կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար։ Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ։ Իսկ եթէ չուզած բանս կ’ընեմ, ալ ո՛չ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, հապա մեղքը՝ որ իմ ներսիդիս բնակած է»։ ‘Մեր անդամներուն մէջ եղող մեղքի օրէնքին’ պատճառաւ, հակամէտ ենք լեզուն ու մարմնի միւս անդամները սխալ կերպով գործածելու։ (Հռովմայեցիս 7։18-23) Սակայն պայքարը պէտք է մղուի, եւ Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի է զայն շահիլ։

19, 20. Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս կրնայ ամուսիններու ու կիներու օգնել որ իրենց լեզուն սանձեն։

19 Սիրով ու յարգանքով յատկանշուած յարաբերութեան մէջ, անխոհեմ ու կոշտ խօսքերը տեղ չունին։ Պահ մը խորհէ այս առնչութեամբ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին մասին։ Ան իր աշակերտներուն հետ երբեք նախատական կերպով չխօսեցաւ։ Նոյնիսկ երկրի վրայ իր վերջին գիշերը, երբ առաքեալները կը վիճէին թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի համարուի մեծագոյնը, Աստուծոյ Որդին զիրենք չկշտամբեց։ (Ղուկաս 22։24-27) Աստուածաշունչը կը յորդորէ. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար»։—Եփեսացիս 5։25

20 Իսկ ինչ կը վերաբերի կնոջ, ան ‘իր այրէն պէտք է ակնածի’։ (Եփեսացիս 5։33) Իր ամուսինը յարգող կինը անոր վրայ կը պոռա՞յ, արհամարհական խօսքեր գործածելով։ Պօղոս գրեց. «Կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած»։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Կիները իրենց գլուխին պէտք է հնազանդին, ինչպէս Քրիստոս իր Գլուխին կը հնազանդի։ (Կողոսացիս 3։18) Թէեւ ո՛չ մէկ անկատար մարդ կրնայ կատարելապէս Յիսուսը ընդօրինակել, սակայն ‘իր շաւիղներուն հետեւիլը’ ամուսիններուն եւ կիներուն պիտի օգնէ որ լեզուի սխալ գործածութեան դէմ իրենց մղած պայքարը շահին։—Ա. Պետրոս 2։21

Ի՞նչ սորվեցար

• Անզուսպ լեզուն ի՞նչպէս կրնայ ամուսնութեան վնասել։

• Լեզուն սանձելը ինչո՞ւ դժուար է։

• Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ մեր խօսքերը զսպելու։

• Երբ ամուսնութեան մէջ լարուածութիւն ըլլայ, ի՞նչ պէտք է ընես։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 8]

Երէցները Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած օգնութիւն կը հայթայթեն