Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սիրով ամրացած քաջութիւն

Սիրով ամրացած քաջութիւն

Սիրով ամրացած քաջութիւն

«Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան»։—Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1։7

1, 2. (ա) Սէրը կրնայ անհատը մղել ի՞նչ ընելու։ (բ) Յիսուսի քաջութիւնը ինչո՞ւ բացառիկ էր։

ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ արեւելեան ծովափը գտնուող գիւղաքաղաքի մը մօտ, նոր ամուսնացած զոյգ մը կը սուզուէին։ Անոնք ջուրին մակերեսը ելլելու վրայ էին, երբ մեծ ու ճերմակ շանաձուկ մը կնոջ վրայ յարձակեցաւ։ Հերոսաբար վարուելով, մարդը իր կինը մէկ կողմ հրեց եւ թոյլ տուաւ որ շանաձուկը զինք կուլ տայ։ «Ան իր կեանքը ինծի համար զոհեց», ըսաւ այրի դարձած կինը, յուղարկաւորութեան ընթացքին։

2 Արդարեւ սէրը կրնայ մարդիկը մղել յատկանշական քաջութիւն ցուցաբերելու։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։ (Յովհաննու 15։13) Այս խօսքին վրայ 24 ժամ չանցած, Յիսուս իր կեանքը զոհեց, ո՛չ թէ միայն մէկ անձի համար, այլ՝ ամբողջ մարդկութեան համար։ (Մատթէոս 20։28) Ասկէ զատ, Յիսուս իր կեանքը չզոհեց՝ հերոսական արարք մը հապճեպով կատարելով։ Ան նախապէս գիտէր որ պիտի ծաղրուէր, նախատուէր, անիրաւօրէն դատապարտուէր եւ տանջանքի ցիցի վրայ սպաննուէր։ Ան նոյնիսկ իր աշակերտներուն այս բաները պարզեց, ըսելով. «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն ու զանիկա հեթանոսներուն պիտի մատնեն եւ զանիկա ծաղր պիտի ընեն ու ծեծեն եւ անոր վրայ պիտի թքնեն ու զանիկա մեռցնեն»։—Մարկոս 10։33, 34

3. Ի՞նչ բան Յիսուսի արտակարգ քաջութեան նպաստեց։

3 Ի՞նչ բան նպաստեց Յիսուսի արտակարգ քաջութեան։ Հաւատքն ու աստուածավախութիւնը մեծ դեր խաղցան։ (Եբրայեցիս 5։7. 12։2) Սակայն ամէն բանէ առաջ, Յիսուսի քաջութիւնը Աստուծոյ ու մարդոց հանդէպ իր սէրէն ծագում առաւ։ (Ա. Յովհաննու 3։16) Եթէ հաւատքի ու աստուածավախութեան կողքին այսպիսի սէր մշակենք, մենք ալ պիտի կարենանք քրիստոսանման քաջութիւն ցուցաբերել։ (Եփեսացիս 5։2) Ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի սէր մշակել։ Նախ՝ անոր Աղբիւրը պէտք է ճանչնանք։

«Սէրը Աստուծմէ է»

4. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Եհովա սիրոյ Աղբիւրն է։

4 Եհովա թէ՛ սիրոյ մարմնացումն է եւ թէ անոր Աղբիւրը։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Սի՛րելիներ, մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է։ Ամէն ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է ու կը ճանչնայ Աստուած։ Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։7, 8) Հետեւաբար աստուածանման սէրը անհատին մէջ կրնայ զարգանալ, միայն եթէ ան Եհովայի մօտենայ ճշգրիտ գիտութեան միջոցաւ եւ այդ գիտութեան համաձայն գործէ՝ սրտանց հնազանդելով։—Փիլիպպեցիս 1։9. Յակոբու 4։8. Ա. Յովհաննու 5։3

5, 6. Ի՞նչ բան Յիսուսի նախկին հետեւորդներուն օգնեց քրիստոսանման սէր մշակելու։

5 Իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ մատուցած իր վերջին աղօթքին մէջ, Աստուած ճանչնալուն եւ սիրոյ մէջ աճելուն միջեւ եղած կապը ցոյց տալով, Յիսուս ըսաւ. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ»։ (Յովհաննու 17։26) Ան իր աշակերտներուն օգնեց որ իր եւ իր Հօր միջեւ եղած սիրոյն նման սէր մը մշակեն, խօսքով ու օրինակով յայտնելով ի՛նչ որ Աստուծոյ անունը կը ներկայացնէ,– Աստուծոյ հոյակապ յատկութիւնները։ Ուստի Յիսուս կրնար ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։—Յովհաննու 14։9, 10. 17։8

6 Քրիստոսանման սէրը Աստուծոյ սուրբ հոգիին մէկ արտադրութիւնն է։ (Գաղատացիս 5։22) Երբ նախկին Քրիստոնեաները խոստացեալ սուրբ հոգին ստացան Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, ո՛չ միայն Յիսուսի սորվեցուցած բազմաթիւ բաները մտաբերեցին, այլ նաեւ՝ Սուրբ Գրութիւններուն իմաստը լիովին ըմբռնեցին։ Բացայայտ է որ այս խորատեսութիւնը ամրացուց անոնց սէրը Աստուծոյ հանդէպ։ (Յովհաննու 14։26. 15։26) Արդի՞ւնքը։ Անոնք խիզախօրէն եւ նախանձախնդրաբար բարի լուրը քարոզեցին, նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգելով։—Գործք 5։28, 29

Ցուցաբերուած քաջութիւն ու սէր

7. Պօղոս եւ Բառնաբաս իրենց միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին ի՞նչ բաներու տոկացին։

7 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան»։ (Բ. Տիմոթէոս 1։7) Պօղոս իր անձնական փորձառութենէն կը խօսէր։ Նկատի առ թէ ան ու Բառնաբաս իրենց միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին ի՛նչ բաներէ անցան։ Անոնք քարոզեցին կարգ մը քաղաքներու մէջ, ի ներառեալ՝ Անտիոք, Իկոնիոն եւ Լիւստրա։ Իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ ոմանք հաւատացեալներ եղան, իսկ ուրիշներ՝ բուռն հակառակորդներ։ (Գործք 13։2, 14, 45, 50. 14։1, 5) Լիւստրայի մէջ, զայրացած ամբոխ մը նոյնիսկ Պօղոսը քարկոծեց եւ զինք մեռած կարծելով հեռացաւ։ «Բայց աշակերտները, երբ անոր բոլորտիքը պատեցին, ելաւ քաղաքը մտաւ ու հետեւեալ օրը Բառնաբասին հետ մէկտեղ Դերբէ գնաց»։—Գործք 14։6, 18, 19

8. Պօղոսի ու Բառնաբասի ցուցաբերած քաջութիւնը ի՞նչպէս մարդոց հանդէպ իրենց խոր սէրը կ’արտացոլացնէր։

8 Քարկոծումը պատճառ եղա՞ւ որ Պօղոս եւ Բառնաբաս վախնան ու քարոզելէ ետ կենան։ Բնաւ երբեք։ Դերբէի մէջ «շատերը աշակերտ ընել»է ետք, անոնք «Լիւստրա եւ Իկոնիոն եւ Անտիոք դարձան»։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի նորեկները քաջալերեն որ հաւատքի մէջ զօրաւոր մնան։ «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել», ըսին Պօղոս ու Բառնաբաս։ Բացայայտ է որ անոնց քաջութիւնը ծագում կ’առնէր Քրիստոսի «գառնուկներ»ուն հանդէպ իրենց խոր սէրէն։ (Գործք 14։20-22. Յովհաննու 21։15-17) Այս երկու եղբայրները իւրաքանչիւր նորաբողբոջ ժողովքի մէջ երէցներ նշանակելէ ետք, աղօթեցին եւ «զանոնք յանձնեցին Տէրոջը՝ որուն հաւատացեր էին»։

9. Եփեսոսի երէցները Պօղոսի սիրոյն ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

9 Պօղոս ա՛յնքան հոգածու ու քաջ էր որ նախկին Քրիստոնեաներէն շատեր զինք սրտանց սիրեցին։ Մտաբերէ ինչ որ տեղի ունեցաւ այն ժողովին, որ Պօղոս գումարեց Եփեսոսէ եկած երէցներուն հետ, ուր երեք տարի անցուցած էր եւ շատ հակառակութիւն դիմագրաւած էր։ (Գործք 20։17-31) Զիրենք քաջալերելէ ետք որ իրենց վստահուած Աստուծոյ հօտը հովուեն, Պօղոս ծնրադրեց ու անոնց հետ աղօթեց։ «Ամէնքն ալ սաստիկ կու լային ու Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա կը համբուրէին։ Սրտերնին կը ցաւէր մանաւանդ այն խօսքին համար՝ որ կ’ըսէր թէ՝ ա՛լ պիտի չտեսնեն իր երեսը»։ Այս եղբայրները Պօղոսի հանդէպ ի՜նչ մեծ սէր ունէին։ Արդարեւ, երբ հրաժեշտի ժամը եկաւ, Պօղոս ու իր ճամբորդակիցները ստիպուեցան անոնցմէ ‘զատուիլ’, քանի որ տեղական երէցները կը վարանէին զիրենք թողելու։—Գործք 20։36–21։1

10. Եհովայի արդի Վկաները ի՞նչպէս քաջաբար իրարու հանդէպ սէր ցուցաբերած են։

10 Ներկայիս, ճամբորդող տեսուչները, ժողովքի երէցները եւ բազմաթիւ ուրիշներ, Եհովայի ոչխարներուն ի նպաստ իրենց ցուցաբերած քաջութեան համար խորապէս սիրուած են։ Օրինակ, քաղաքացիական պատերազմով պառակտուած կամ քարոզչութիւնը արգիլող երկիրներու մէջ, ճամբորդող տեսուչներն ու անոնց կիները իրենց կեանքն ու ազատութիւնը վտանգած են, ժողովքները այցելելու համար։ Նոյնպէս, Վկաներէն շատեր չարակամ կառավարիչներու ու անոնց հետեւորդներու կողմէ տառապած են, քանի որ չեն ուզած իրենց հաւատակիցներուն դաւաճանել կամ հոգեւոր սնունդին աղբիւրները յայտնել։ Հազարաւոր ուրիշներ հալածուած, չարչարուած եւ նոյնիսկ սպաննուած են, քանի որ մերժած են բարի լուրը քարոզելէ կամ քրիստոնէական ժողովներու մէջ հաւատակիցներու հետ ընկերակցելէ դադրիլ։ (Գործք 5։28, 29. Եբրայեցիս 10։24, 25) Թող ընդօրինակենք այսպիսի քաջ եղբայրներու ու քոյրերու հաւատքն ու սէրը։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։6

Թոյլ մի՛ տար որ սէրդ պաղի

11. Սատանան ի՞նչ կերպերով հոգեւոր պատերազմ կը մղէ Եհովայի ծառաներուն դէմ, եւ ասիկա անոնցմէ ի՞նչ կը պահանջէ։

11 Երբ Սատանան երկիր նետուեցաւ, ան մտադրած էր իր բարկութիւնը Եհովայի ծառաներուն վրայ թափել, քանի որ ‘Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահեն ու Յիսուսին վկայութիւնը ունին’։ (Յայտնութիւն 12։9, 17) Բանսարկուի ռազմավարութիւններէն մէկն է հալածանքը։ Սակայն այս ռազմավարութիւնը յաճախ հակառակ արդիւնք կու տայ, քանի որ Աստուծոյ ժողովուրդը քրիստոնէական սիրով աւելի կը միացնէ եւ շատերու նախանձախնդրութիւնը կ’աւելցնէ։ Սատանայի ուրիշ մէկ ռազմավարութիւնն է՝ մարդկային մեղաւոր հակումներուն կոչ ընել։ Այս հնարքին ընդդիմանալը տարբեր քաջութիւն կը պահանջէ, քանի որ պայքարը ներքին է, մեր «խաբեբայ ու խիստ չար» սրտին անպատշաճ ցանկութիւններուն դէմ։—Երեմեայ 17։9. Յակոբու 1։14, 15

12. Սատանան ի՞նչպէս «աշխարհի հոգին» կը գործածէ՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը տկարացնելու համար։

12 Սատանայի զինարանին մէջ կայ այլ զօրաւոր զէնք մը՝ «աշխարհի հոգին», այսինքն՝ աշխարհի տիրական հակումը կամ մղումը, որ ուղղակի Աստուծոյ սուրբ հոգիին հակառակ է։ (Ա. Կորնթացիս 2։12) Աշխարհի հոգին յառաջ կը մղէ ագահութիւնն ու նիւթապաշտութիւնը,– «աչքերու ցանկութիւնը»։ (Ա. Յովհաննու 2։16. Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Թէեւ նիւթական ստացուածքներն ու դրամը ինքնին վնասակար չեն, բայց եթէ անոնց սէրը գերազանցէ Աստուծոյ սէրը, այն ատեն Սատանան յաղթանակ տարած կ’ըլլայ։ Աշխարհի հոգին ոյժ կամ «իշխանութիւն» ունի, մեղաւոր մարմնին կոչ ընելով եւ խորամանկ, անողոք, օդի նման համատարած ըլլալով։ Թոյլ մի՛ տար որ աշխարհի հոգին սիրտդ վարակէ։—Եփեսացիս 2։2, 3. Առակաց 4։23

13. Մեր բարոյական քաջութիւնը ի՞նչպէս կրնայ փորձի ենթարկուիլ։

13 Սակայն աշխարհի չար հոգիին ընդդիմանալը եւ զայն մերժելը բարոյական քաջութիւն կը պահանջէ։ Օրինակ, շարժանկարի թատերասրահէն դուրս ելլելը կամ համակարգիչն ու հեռատեսիլը մարելը քաջութիւն կը պահանջէ, երբ անբարոյ պատկերներ ցուցադրուին։ Շրջապատի ժխտական ճնշումին դէմ դնելը եւ չար ընկերակցութիւնները խզելը քաջութիւն կը պահանջեն։ Նոյնպէս, Աստուծոյ օրէնքներուն ու սկզբունքներուն կառչիլը քաջութիւն կը պահանջէ, երբ դասընկերներ, գործակիցներ, դրացիներ կամ ազգականներ մեզ ծաղրեն։—Ա. Կորնթացիս 15։33. Ա. Յովհաննու 5։19

14. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ աշխարհի հոգիով վարակուած ենք։

14 Հետեւաբար, որքա՜ն կարեւոր է որ Աստուծոյ եւ մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը զօրացնենք։ Նպատակակէտերդ ու կենցաղդ քննելու ժամանակ տրամադրէ, տեսնելու համար թէ աշխարհի հոգին ձեւով մը քեզ վարակա՞ծ է։ Եթէ անոր ազդեցութիւնը նոյնիսկ չնչին եղած է, Եհովայի աղօթէ որ քեզի քաջութիւն տայ զայն արմատախիլ ընելու եւ հեռու պահելու։ Եհովա այսպիսի անկեղծ խնդրանքներ չ’անտեսեր։ (Սաղմոս 51։17) Ասկէ զատ, իր հոգին աշխարհի հոգիէն շա՜տ աւելի զօրաւոր է։—Ա. Յովհաննու 4։4

Անձնական խնդիրները քաջութեամբ դիմագրաւել

15, 16. Քրիստոսանման սէրը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել անձնական դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու։ Օրինակ մը տուր։

15 Եհովայի ծառաները նաեւ կը դիմագրաւեն անկատարութեան ու ծերութեան ազդեցութիւնները, որոնք յաճախ հիւանդութեան, անկարողութեան, ընկճուածութեան եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներու կ’առաջնորդեն։ (Հռովմայեցիս 8։22) Քրիստոսանման սէրը կրնայ մեզի օգնել այս դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու։ Նկատի առ Նամանկոլուայի օրինակը, որ Զամպիոյ մէջ քրիստոնէական ընտանիքի մը մէջ մեծցաւ։ Երբ երկու տարեկան էր, ան ֆիզիքապէս անկարող դարձաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ինքնագիտակից էի, խորհելով թէ արտաքին երեւոյթս մարդիկը պիտի վախցնէր։ Բայց հոգեւոր եղբայրներս ինծի օգնեցին հարցերը տարբեր կերպով դիտելու։ Ասոր շնորհիւ ինքնագիտակցութիւնս յաղթահարեցի, եւ ժամանակ մը ետք մկրտուեցայ»։

16 Թէեւ Նամանկոլուա հաշմակառք մը ունի, բայց երբ ճամբան ցեխոտ է, յաճախ ան կը ստիպուի իր ձեռքերուն ու ծունկերուն վրայ քալել։ Այսուհանդերձ ան ամէն տարի առնուազն երկու ամիս որպէս օժանդակ ռահվիրայ կը ծառայէ։ Առիթով մը երբ Նամանկոլուա կնոջ մը վկայեց, անոր աչքերը լեցուեցան, մեր քրոջ հաւատքէն ու քաջութենէն խորապէս ազդուելով։ Եհովայի ճոխ օրհնութեան որպէս ապացոյց, Նամանկոլուայի Աստուածաշունչի աշակերտներէն հինգ հոգի մկրտուած են եւ մէկը ժողովքին մէջ երէց նշանակուած է։ «Յաճախ սրունքներս ահռելիօրէն կը ցաւին», կ’ըսէ ան, «բայց թոյլ չեմ տար որ ասիկա զիս ետ կեցնէ»։ Այս քոյրը համայն աշխարհի մէջ գտնուող բազմաթիւ Վկաներէն մէկն է, որոնք մարմնով տկար են, բայց՝ հոգիով զօրաւոր, քանի որ Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ սէր ունին։ Այսպիսիներ Եհովայի աչքին որքա՜ն ցանկալի են։—Անգեայ 2։7

17, 18. Ի՞նչ բան շատերու կ’օգնէ հիւանդութեան եւ այլ դժուարութիւններու տոկալու։ Տեղական օրինակներ տուր։

17 Երկարատեւ հիւանդութիւնն ալ կրնայ վհատեցնել եւ նոյնիսկ ընկճել։ Ժողովքի երէց մը կ’ըսէ. «Մեր գրքի ուսումնասիրութեան խումբին մէջ, քոյր մը շաքարախտէ ու երիկամունքի թերացումէ կը տառապի, քոյր մը խլիրդ ունի, երկու քոյրեր խիստ յօդատապէ կը տառապին, իսկ այլ քոյր մը նեարդադնդերային յօդացաւ ունի։ Երբեմն անոնք ընկճուած կը զգան։ Այսուհանդերձ անոնք ժողովներէն կը բացակային միայն երբ շատ հիւանդ են կամ հիւանդանոցի մէջ կը դարմանուին։ Բոլորն ալ կանոնաւորաբար դաշտի ծառայութեան կը մասնակցին։ Անոնք ինծի կը յիշեցնեն Պօղոսը, որ ըսաւ. ‘Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ’։ Անոնց սիրոյն ու քաջութեան վրայ կը հիանամ։ Թերեւս իրենց կացութեան պատճառաւ, անոնք կեանքի եւ կարեւորագոյն բաներուն նկատմամբ աւելի յստակ հայեցակէտ ունին»։—Բ. Կորնթացիս 12։10

18 Եթէ անկարողութեան, հիւանդութեան կամ այլ խնդրի մը դէմ կը մաքառիս, օգնութեան համար «անդադար աղօթք» ըրէ, որպէսզի վհատութեան զոհ չերթաս։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14, 17) Անշուշտ հաւանական է որ զգացական վերիվայրումներ ունենաս, բայց ջանա՛ կեդրոնանալ դրական ու հոգեւոր բաներու վրայ, մանաւանդ՝ Թագաւորութեան յոյսին վրայ։ Քոյր մը ըսաւ. «Ինծի համար՝ դաշտի ծառայութիւնը դեղ է»։ Բարի լուրը ուրիշներուն քարոզելը իրեն կ’օգնէ դրական հայեցակէտ պահպանելու։

Սէրը յանցագործներուն կ’օգնէ Եհովայի վերադառնալու

19, 20. (ա) Ի՞նչ բան կրնայ մեղքի մէջ ինկողներուն օգնել որ Եհովայի վերադառնալու համար քաջութիւն հաւաքեն։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

19 Հոգեւորապէս տկարացած կամ մեղանչած անհատներուն համար Եհովայի վերադառնալը յաճախ դիւրին չէ։ Բայց եթէ այսպիսիներ իրապէս զղջան եւ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը վերարծարծեն, հարկ եղած քաջութիւնը պիտի հաւաքեն։ Նկատի առ Մարիոն, * որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակի։ Մարիօ քրիստոնէական ժողովքը ձգեց, ալքոլամոլ ու թմրամոլ դարձաւ, եւ 20 տարի ետք բանտարկուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Սկսայ լրջօրէն ապագայիս մասին խորհիլ եւ դարձեալ Աստուածաշունչը կարդալ։ Ժամանակ մը ետք, սկսայ Եհովայի յատկութիւնները գնահատել, մանաւանդ իր ողորմութիւնը, որուն համար յաճախ կ’աղօթէի։ Բանտէն արձակուելէս ետք, նախկին բարեկամներէս հեռու կեցայ, քրիստոնէական ժողովներուն յաճախեցի եւ վերջապէս վերահաստատուեցայ։ Ֆիզիքական գետնի վրայ կը հնձեմ ի՛նչ որ ցանեցի, բայց հիմա առնուազն հոյակապ յոյս մը ունիմ։ Եհովայի չափազանց երախտապարտ եմ իր կարեկցութեան ու ներողամտութեան համար»։—Սաղմոս 103։9-13. 130։3, 4. Գաղատացիս 6։7, 8

20 Արդարեւ, Մարիոյի պարագան ունեցող անհատները Եհովայի վերադառնալու համար ծանր պէտք է աշխատին։ Բայց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան, աղօթքի եւ խոկումի շնորհիւ անոնց վերարծարծուած սէրը, անոնց պիտի տայ հարկ եղած քաջութիւնն ու վճռակամութիւնը։ Մարիօ նաեւ զօրացաւ Թագաւորութեան յոյսով։ Այո, սիրոյ, հաւատքի եւ աստուածավախութեան կողքին, յոյսը կրնայ մեր կեանքին մէջ օգտալից ոյժ մը ըլլալ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, այս թանկարժէք հոգեւոր պարգեւը մօտէն պիտի քննենք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 19 Անունը փոխուած է։

Կրնա՞ս պատասխանել

• Սէրը ի՞նչպէս Յիսուսի ուշագրաւ քաջութեան նպաստեց։

• Եղբայրներուն հանդէպ Պօղոսի ու Բառնաբասի սէրը ի՞նչպէս իրենց բացառիկ քաջութիւն մը տուաւ։

• Սատանան ի՞նչ միջոցներով կը փորձէ քրիստոնէական սէրը մաշեցնել։

• Եհովայի հանդէպ սէրը կրնայ մեզի քաջութիւն տալ որ ի՞նչ դժուարութիւններու տոկանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Մարդոց հանդէպ Պօղոսի սէրը իրեն քաջութիւն տուաւ որ յարատեւէ

[Նկար՝ էջ 22]

Աստուծոյ չափանիշներուն կառչիլը քաջութիւն կը պահանջէ

[Նկար՝ էջ 22]

Նամանկոլուա Սուդութու