Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ժողովողի գիրքէն աչքառու կէտեր

Ժողովողի գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Ժողովողի գիրքէն աչքառու կէտեր

«ԿՆՈՋՄԷ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է», նշեց Յոբ նահապետ։ (Յոբայ 14։1) Ո՜րքան կենսական է որ մեր կարճ կեանքը չվատնենք անարժէք զբաղումներով ու աշխատանքներով։ Մեր ժամանակը, կորովն ու նիւթական միջոցները ո՞ր հետապնդումներուն պէտք է յատկացնենք։ Ի՞նչ զբաղումներէ պէտք է խուսափինք։ Աստուածաշունչի Ժողովողի գրքին իմաստուն խօսքերը՝ այս առնչութեամբ վստահելի ուղղութիւն կու տան։ Անոնց հաղորդած պատգամը «կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները» եւ մեզի կ’օգնէ իմաստալից կեանք մը վարելու։—Եբրայեցիս 4։12

Ժողովողի գիրքը, որ գրուած է վաղեմի Իսրայէլի իմաստուն Սողոմոն թագաւորի կողմէ, կը բովանդակէ գործնական խրատներ՝ կեանքի մէջ իրապէս թանկարժէք ու անարժէք եղող բաներու շուրջ։ Որովհետեւ Սողոմոն իր ձեռնարկած կարգ մը շինարարական ծրագիրներուն կ’ակնարկէ, ուրեմն ան Ժողովողի գիրքը գրած պէտք է ըլլայ զանոնք ամբողջացնելէ ետք եւ ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռանալէ առաջ։ (Նէեմեայ 13։26) Ուստի գրքին գրութեան ժամանակը՝ Հ.Դ.Ա. 1000–էն առաջ է, Սողոմոնի 40–ամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան։

Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ՈՒՆԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՉԷ

(Ժողովողի 1։1–6։12)

«Ամէն բան ունայնութիւն է», կ’ըսէ Ժողովողը, ապա հարց կու տայ. «Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդ արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքէն»։ (Ժողովողի 1։2, 3) «Ունայնութիւն» եւ «արեւուն տակ» արտայայտութիւնները Ժողովողի գրքին մէջ յաճախ կը կրկնուին։ «Ունայնութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «շունչ» կամ «շոգի», եւ կը թելադրէ գործնական կարեւորութեան, մշտականութեան կամ մնայուն արժէքի պակաս։ «Արեւուն տակ» արտայայտութիւնը կը նշանակէ «այս երկրին վրայ» կամ «այս աշխարհին մէջ»։ Ուստի ամէն բան,– այսինքն՝ Աստուծոյ կամքը անտեսող մարդկային բոլոր զբաղումները,– ունայնութիւն է։

Սողոմոն կ’ըսէ. «Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛։ Աւելի մտիկ ընելու համար մօտեցիր»։ (Ժողովողի 5։1) Եհովա Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքին մասնակցիլը ունայնութիւն չէ։ Իրականութեան մէջ, իրեն հետ մեր յարաբերութեան ուշադրութիւն ընծայելը, իմաստալից կեանք մը վարելուն բանալին է։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։4-10—Բնութեան շրջաններուն վերաբերեալ ի՞նչ բան ‘յոգնեցուցիչ’ է։ Ժողովողը կեանքը երկրի վրայ կարելի դարձնող միայն երեք հիմնական գործողութիւններ կը նշէ,– արեւը, հովը եւ ջուրի շրջանը։ Իրականութեան մէջ, բնութեան շրջանները բազմաթիւ ու շատ բարդ են։ Անհատը կրնայ իր ամբողջ կեանքը անցընել զանոնք ուսումնասիրելով, բայց առանց զանոնք լիովին հասկնալու։ Ասիկա իրապէս կրնայ ‘հատցնել’ անհատը, կամ ‘յոգնեցուցիչ’ ըլլալ։ Մեր կարճատեւ կեանքը բնական շրջաններու անվերջ կրկնումին հետ բաղդատելն ալ վհատեցուցիչ է։ Նոյնիսկ նոր գիւտեր մէջտեղ բերելու համար թափուած ջանքերը յոգնեցուցիչ են։ Արդարեւ, նոր գիւտերը պարզապէս ճշմարիտ Աստուծոյ հաստատած ու ստեղծագործութեան մէջ գործածած սկզբունքներուն կիրարկումներն են։

2։1, 2—Ինչո՞ւ ծիծաղին մասին կը խօսուի որպէս «յիմար»։ Ծիծաղը կրնայ մեզի օգնել մեր խնդիրները ժամանակաւորապէս մոռնալու, իսկ զուարթութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ մեր խնդիրները թեթեւի առնենք։ Սակայն ծիծաղը մեր դժուարութիւնները չ’անհետացներ։ Ուստի, ծիծաղի միջոցաւ երջանկութիւն հետապնդելը ‘յիմարութիւն’ նկատուած է։

3։11—Աստուած ի՞նչ բան «իր ժամանակին վայելուչ» ըրած է։ Եհովա Աստուած յարմար ժամանակին «վայելուչ»՝ կամ պատշաճ ու օգտակար՝ ըրած բաներէն ոմանք են. Ադամ ու Եւայի ստեղծագործութիւնը, ծիածանի ուխտը, Աբրահամական ուխտը, Դաւիթենական ուխտը, Մեսիային գալուստը եւ Յիսուս Քրիստոսի գահակալումը որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւոր։ Սակայն ուրիշ բան մը եւս կայ որ Եհովա մօտ ապագային «վայելուչ» պիտի ընէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ արդար նոր աշխարհը յարմար ժամանակին իրականութիւն մը պիտի ըլլայ։—Բ. Պետրոս 3։13

3։15բ—Ի՞նչպէս «Աստուած անցածը [կամ՝ հետապնդուածը] կը փնտռէ»։ «Անցածը» կամ հետապնդուածը կրնայ ակնարկել այն բաներուն, զորս Աստուած նպատակադրած է ընել։ Մինչ ծննդեան ու մահուան եւ պատերազմի ու խաղաղութեան կրկնուող շրջանները մարդ արարածին անզօր զգալ կու տան եւ պատճառ կ’ըլլան որ կարծէ թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, ճշմարիտ Աստուած կրնայ Իր ամէն ուզածը փնտռել ու իրագործել։ (Ժողովողի 3։1-10, 15ա) ‘Հետապնդուածը’ կրնայ նաեւ կիրարկուիլ արդարներուն, որոնք յաճախ կը հետապնդուին ամբարիշտներուն կողմէ։ Այս պարագային, Եհովա արդարները կը փնտռէ՝ որպէսզի զիրենք «ուժովցնէ»։—Բ. Մնացորդաց 16։9

5։9—Ի՞նչպէս «երկիրը ամենուն ալ օգտակար է»։ Երկրագունդի բոլոր բնակիչները կախեալ են անոր տուած օգուտներէն,– հողին արտադրութիւններէն։ Թագաւորը բացառութիւն չի կազմեր։ Իր դաշտին պտուղը վայելելու համար, թագաւորին ծառաները փութաջանօրէն արտը կը մշակեն։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։15. Ներկայիս մեր տեսած հարստահարութիւնը եւ անիրաւութիւնը շտկելու համար ժամանակ ու կորով տրամադրելը անօգուտ է։ Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ ամբարշտութիւնը վերցնել։—Դանիէլ 2։44

2։4-11. Մշակութային գործունէութիւնները, ինչպէս՝ ճարտարապետութիւնը, պարտիզպանութիւնն ու երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ պերճալից կենցաղը «հոգիի տանջանք» են, քանի որ ո՛չ կեանքը իսկապէս իմաստալից կը դարձնեն, ո՛չ ալ մնայուն երջանկութիւն կը բերեն։

2։12-16. Իմաստութիւնը անմտութենէն առաւելութիւն ունի, քանի որ կ’օգնէ կարգ մը խնդիրներ լուծելու։ Սակայն մահուան նկատմամբ, մարդկային իմաստութիւնը առաւելութիւն մը չունի։ Եւ նոյնիսկ եթէ անհատ մը այսպիսի իմաստութեան շնորհիւ համբաւ շահած է, ան շուտով մոռացութեան կը մատնուի։

2։24. 3։12, 13, 22. Մեր աշխատանքին պտուղը վայելելը սխալ չէ։

2։26. Աստուածային իմաստութիւնը, որ ուրախութիւն կը պատճառէ, ‘Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղող մարդուն’ կը տրուի։ Այս իմաստութիւնը անկարելի է ձեռք ձգել առանց Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալու։

3։16, 17. Անիրատեսական է ակնկալել որ ամէն հարցի մէջ արդարութիւն ի գործ դրուի։ Փոխանակ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող բաներուն մասին մտահոգուելու, Եհովայի պէտք է սպասենք որ շտկէ հարցերը։

4։4. Հմտօրէն կատարուած ծանր գործը կրնայ գոհունակութիւն պատճառել։ Սակայն ուրիշներէն աւելի փայլելու համար ծանր աշխատիլը, մրցակցութիւն կը հրահրէ եւ կրնայ չարակամութիւն ու նախանձ զարգացնել։ Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ մեր ծանր աշխատիլը, շիտակ շարժառիթներ պէտք է ունենայ։

4։7-12. Մարդկային յարաբերութիւնները աւելի կարեւոր են քան՝ նիւթական ստացուածքները, եւ զանոնք պէտք չէ զոհել հարստութիւն հետապնդելու սիրոյն։

4։13. Դիրքն ու տարիքը միշտ յարգանք շահելու չեն նպաստեր։ Պատասխանատու դիրքի վրայ եղողները իմաստութեամբ պէտք է վարուին։

4։15, 16. ‘Այն տղան, որ թագաւորին երկրորդը’ կամ յաջորդն է, սկիզբը կրնայ ‘իր առջեւ կեցող ամբողջ ժողովուրդին’ աջակցութիւնը վայելել, բայց ‘ետքը իրմով պիտի չուրախանան’։ Արդարեւ ժողովրդականութիւնը սովորաբար կարճատեւ է։

5։2. Նախ պէտք է մտածենք թէ ի՛նչ բաներու մասին կ’ուզենք աղօթել, ապա յարգալից կերպով աղօթենք, առանց շատախօսելու։

5։3-7. Նիւթական ստացուածքներով չափազանց մտազբաղ ըլլալը կրնայ անհատը մղել որ արթուն վիճակի մէջ երազէ անձնասէր շահերու մասին։ Անիկա նաեւ կրնայ զինք անհանգիստ ու երազացնոր դարձնել, իր անոյշ քունը խլելով։ Շատախօսութիւնը կրնայ անհատը ուրիշներուն աչքին անմիտ երեւցնել, եւ պատճառ ըլլալ որ Աստուծոյ առջեւ անխոհեմ ուխտ մը ընէ։ ‘Աստուծմէ վախնալը’ մեզ ետ կը պահէ այս բաները ընելէ։

6։1-9. Հարստութիւնը, փառքը, երկարակեցութիւնը եւ նոյնիսկ բազմանդամ ընտանիքը ի՞նչ օգուտ ունին, եթէ պարագաները թոյլ չտան որ զանոնք վայելենք։ «Աչքերով տեսնելը» կամ իրականութիւնները դիմագրաւելը աւելի «աղէկ է», քան՝ ‘հոգիով փափաքիլը’, այսինքն՝ այնպիսի փափաքներու ձգտիլ, զորս կարելի չէ իրագործել։ Հետեւաբար լաւագոյն կենցաղն է՝ «կերակուր ու հանդերձ ունենալով» գոհանալ, մինչ կը վայելենք կեանքին օգտակար բաները եւ կը կեդրոնանանք Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը պահպանելու վրայ։—Ա. Տիմոթէոս 6։8

ԻՄԱՍՏՈՒՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԽՐԱՏՆԵՐ

(Ժողովողի 7։1–12։8)

Ի՞նչպէս կրնանք մեր բարի անունը կամ համբաւը պահպանել։ Մարդկային կառավարիչներուն եւ մեր ականատես եղած անիրաւութիւններուն հանդէպ ինչպիսի՞ կեցուածք պէտք է ունենանք։ Որովհետեւ մեռելները անգիտակից են, հիմա մեր կեանքը ի՞նչպէս պէտք է գործածենք։ Պատանիները ի՞նչպէս կրնան իրենց ժամանակն ու կորովը խոհեմութեամբ գործածել։ Այս եւ այլ հարցերու շուրջ Ժողովողիին ողջամիտ խրատները մեզի ի նպաստ արձանագրուած են Ժողովողի գրքին 7-12–րդ գլուխներուն մէջ։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

7։19—Իմաստութիւնը ի՞նչպէս աւելի զօրաւոր է քան՝ «տասը իշխան»։ Երբ Աստուածաշունչին մէջ թիւ տասը այլաբանօրէն գործածուի, անիկա ամբողջութիւն կը նշէ։ Սողոմոն ըսել կ’ուզէ թէ իմաստութիւնը աւելի կը պաշտպանէ անհատը, քան ռազմիկներու ամբողջ խումբ մը՝ քաղաք մը։

10։2—Ի՞նչ կը նշանակէ թէ անհատի մը սիրտը «իր աջ կողմն է» կամ «իր ձախ կողմն է»։ Աջ կողմը յաճախ հաճութեան դիրքը ըլլալով, անհատին սիրտը իր աջ կողմը ըլլալը կը նշանակէ թէ իր սիրտը զինք կը մղէ բարիք ընելու։ Սակայն, եթէ սիրտը զինք մղէ սխալ ընթացքի մը հետամուտ ըլլալու, կ’ըսուի թէ անիկա իր ձախ կողմն է։

10։15—Ի՞նչպէս «յիմարներուն աշխատանքը զիրենք կը յոգնեցնէ»։ Եթէ անհատ մը լաւ դատողութիւն չունի, իր ծանր աշխատանքը իսկական արժէք ունեցող բան մը պիտի չիրագործէ եւ իրեն գոհունակութիւն պիտի չտայ։ Այս անխոնջ աշխատանքը միայն զինք ուժասպառ պիտի դարձնէ։

11։7, 8—Ի՞նչ է սա խօսքին իմաստը. «Լոյսը քաղցր է ու արեւը տեսնելը աչքերու ախորժելի է»։ Լոյսը եւ արեւը ապրողներուն հաճոյք կը պատճառեն։ Հոս Սողոմոն ըսել կ’ուզէ թէ ողջ ըլլալը լաւ բան մըն է եւ թէ պէտք է ‘ուրախանանք’, խաւարի օրերը կամ ծերութիւնը գալէ ու մեր կենսունակութիւնը խլելէ առաջ։

11։10—Ինչո՞ւ «մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը» ունայնութիւն են։ Եթէ պատշաճօրէն չգործածուին, անոնք ունայնութիւն են, քանի որ երիտասարդական կորովի օրերը շոգիի նման արագօրէն կ’անհետանան։

Դասեր՝ մեզի համար.

7։6. Անտեղի ծիծաղը գրգռիչ եւ անօգուտ է, ինչպէս՝ կաթսայի մը տակ այրող փուշերուն ճարճատիւնը։ Անկէ պէտք է զգուշանանք։

7։21, 22. Չափազանց հետաքրքրուած պէտք չէ ըլլանք թէ ուրիշներ ի՛նչ կ’ըսեն մեր մասին։

8։2, 3. 10։4. Երբ վերակացու մը կամ գործատէր մը մեզ քննադատէ կամ սրբագրէ, խոհեմութիւն է որ հանդարտ մնանք։ Ասիկա աւելի լաւ է քան՝ ‘անոր առջեւէն երթալու արտորալ’, այսինքն՝ հապճեպով հրաժարիլ։

8։8. 9։5-10, 12. Մեր կեանքը կրնայ անակնկալօրէն վերջ գտնել, ինչպէս ձուկերը ուռկանով կը բռնուին կամ թռչունները վարմի մէջ կը բռնուին։ Ասկէ զատ, ո՛չ ոք կրնայ մահուան ատեն կեանքի ուժին մեկնումը խափանել, ո՛չ ալ կրնայ մէկը մարդկութեան դէմ մահուան մղած պատերազմէն արձակուիլ։ Ուստի զուր տեղը պէտք չէ վատնենք ժամանակը։ Եհովա կ’ուզէ որ կեանքը արժեւորենք եւ զայն օգտակար կերպով վայելենք։ Ասիկա ընելու համար, Եհովայի ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը պէտք է դնենք։

8։16, 17. Մարդկութեան համար Աստուծոյ ըրած եւ թոյլատրած բաներուն լման տարողութիւնը կարելի չէ ըմբռնել, նոյնիսկ եթէ մտածելու համար անքուն գիշերներ անցընենք։ Բոլոր գործուած սխալներուն մասին մտահոգուիլը միայն պատճառ կ’ըլլայ որ կեանքը չվայելենք։

9։16-18. Իմաստութիւնը պէտք է արժեւորուի, նոյնիսկ երբ շատեր զայն չեն գնահատեր։ Իմաստունի մը հանդարտօրէն խօսած խօսքերը, անմիտի մը աղաղակէն նախընտրելի են։

10։1. Մեր խօսքերուն ու արարքներուն նկատմամբ զգոյշ պէտք է ըլլանք։ Անխոհեմութիւն մը, ինչպէս՝ մէկ անգամ պոռթկալ, ալքոլը չափազանց գործածել կամ սեռային անբարոյութիւն գործել, բաւարար է որ յարգուած անհատի մը համբաւը կործանի։

10։5-11. Բարձր դիրք ունեցող անատակ անհատին պէտք չէ նախանձինք։ Նոյնիսկ պարզ պարտականութիւն մը անհմտօրէն կատարելը կրնայ գէշ հետեւանքներ ունենալ։ Փոխարէն, ‘յաջողելու համար իմաստութիւն’ գործածելու կարողութիւնը մշակելը նպաստաւոր է։ Ո՜րքան կարեւոր է որ Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ ատակ դառնանք։

11։1, 2. Սրտանց առատաձեռն պէտք է ըլլանք։ Ասիկա իր կարգին առատաձեռնութիւն կը հրահրէ։—Ղուկաս 6։38

11։3-6. Կեանքի անորոշութիւնները մեզ վարանոտ պէտք չէ դարձնեն։

11։9. 12։1-7. Երիտասարդները Եհովայի համարատու են։ Հետեւաբար, անոնք իրենց ժամանակն ու կորովը Աստուծոյ ծառայութեան մէջ պէտք է գործածեն, ծերութիւնը իրենց կենսունակութիւնը խլելէ առաջ։

«ԻՄԱՍՏՈՒՆՆԵՐՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐԸ» ՄԵԶ Կ’ՈՒՂՂԵՆ

(Ժողովողի 12։9-14)

Ժողովողիին փնտռած ու գրած «ախորժելի խօսքեր»ը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։ Մարդկային իմաստութիւն բովանդակող ‘բազմաթիւ գիրքերուն’ հակառակը, «իմաստուններուն խօսքերը խթաններու պէս են ու ժողովներու տէրերէն գամուած բեւեռներու պէս՝ մէկ հովիւէ տրուած»։ (Ժողովողի 12։10-12) ‘Մէկ հովիւէն’՝ Եհովայէ տրուած իմաստուն խօսքերը մեր կեանքի կայունացման կը նպաստեն։

Ժողովողի գրքին բովանդակած իմաստուն խրատները կիրարկելը՝ արդարեւ մեզի պիտի օգնէ իմաստալից ու երջանիկ կեանք մը վարելու։ Ասկէ զատ, մեզի երաշխիք տրուած է. «Աստուծմէ վախցողնե՛րը բարօրութիւն պիտի ունենան»։ Ուստի, ‘Աստուծմէ վախնալու ու անոր պատուիրանքները պահելու’ մեր վճռակամութիւնը հաստատ պահենք։—Ժողովողի 8։12, ԱՎ. 12։13

[Նկար՝ էջ 25]

Աստուծոյ ամենէն վայելուչ գործերէն մէկը պիտի իրականանայ յարմար ժամանակին

[Նկար՝ էջ 26]

Աստուծոյ պարգեւն է՝ ուտելն ու խմելը, նաեւ մեր ամբողջ աշխատանքէն բարօրութիւն վայելելը