«Ինչո՞ւ հոս ենք»
«Ինչո՞ւ հոս ենք»
ՆՈՊԷԼԵԱՆ մրցանակը շահող եւ Նացի ողջակիզութենէն վերապրող Էլի Վիզըլ, անգամ մը զայն կոչեց «ամենակարեւոր հարցումը որ մարդ արարածը պէտք է դիմագրաւէ»։ Ո՞ր հարցումը։ «Ինչո՞ւ հոս ենք»։
Բնաւ այս հարցումին մասին խորհա՞ծ ես։ Շատեր խորհած են, բայց պատասխանը չեն գտած։ Կեանքին իմաստը բնորոշելու ջանքով, Բրիտանացի պատմաբան Արնոլտ Թոյնպի գրեց. «Մարդուն իսկական նպատակակէտն է՝ Աստուած փառաւորել եւ Անոր շնորհած երջանկութիւնը յաւիտեան վայելել»։
Հետաքրքրական է որ աւելի քան երեք հազար տարի առաջ, ուրիշ մէկը՝ որ կեանքը մօտէն զննելու համբաւը կը վայելէր, արդէն իսկ հիմնական պատասխանը գտած էր։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր ըսաւ. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժողովողի 12։13
Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս այս հիմնական սկզբունքին թիկունք կանգնեցաւ։ Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր երկնաւոր Հայրը փառաւորելու համար ամէն ջանք թափեց։ Իր Ստեղծիչին ծառայելը Յիսուսի կեանքը ճոխացուց, զինք սնուցանեց եւ կազդուրեց, ուստի ան կրցաւ ըսել. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ»։—Յովհաննու 4։34
Արդ, ինչո՞ւ հոս ենք։ Յիսուսի, Սողոմոնի եւ Աստուծոյ բազմաթիւ այլ ծառաներուն նման, կրնանք կեանքին մէջ իսկական իմաստ եւ մնայուն երջանկութիւն գտնել՝ Աստուծոյ կամքը ընելով։ Կ’ուզե՞ս Աստուած «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» պաշտելու մասին աւելի գիտնալ։ (Յովհաննու 4։24) Շրջանիդ մէջ գտնուող Եհովայի Վկաները կրնան քեզի օգնել որ պատասխանես սա հարցումին. «Ինչո՞ւ հոս ենք»։