Կրնա՞նք իրապէս Աստուած ճանչնալ
Կրնա՞նք իրապէս Աստուած ճանչնալ
«Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 17։3
«Ո՜Վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը», բացագանչեց Պօղոս առաքեալ։ Ապա ան աւելցուց. «Ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները»։ (Հռովմայեցիս 11։33) Այս խօսքերէն պէ՞տք է եզրակացնենք թէ Աստուծոյ իմաստութիւնն ու գիտութիւնը գտնելը մարդկային կարողութենէն վեր է, եւ ուստի՝ զինք ճանչնալը ու իր նպատակները գիտնալը անկարելի են։
Վիա նէկաթիվա կոչուած կրօնական գաղափարին կառչողները, այդ հարցումին այո՛ կը պատասխանեն։ Համայնագիտարան մը (The Encyclopedia of Religion) այս փիլիսոփայութեան մասին կ’ըսէ. «Աստուած իր մասին գիտցուելիք բոլոր բաները կը գերազանցէ։ . . . Կարելի չէ Աստուծոյ անուն կամ սահմանում տալ։ Որեւէ անուն կամ սահմանում կը պարտադրէ սահմաններ, եւ Աստուած անոնցմէ գերիվեր է։ . . . Ան գիտութեան առարկայ մը չէ, քանի որ գիտութենէն գերիվեր է»։ *
Պարբերաթերթի մը համաձայն (Newsweek), աշխարհիկ ընկերութիւններու մէջ շատեր «նոր տեսակ ուղղափառութեան» մը կը հակին, որ կը հաւատայ թէ «միայն մէկ ճշմարտութիւն կայ, եւ այդ ճշմարտութիւնը այն է, թէ ճշմարտութիւն չկայ»։
Սակայն շատեր կեանքի նպատակին շուրջ անպատասխան հարցումներ ունին։ Անոնք կը նկատեն աղքատութեան, հիւանդութեան ու բռնութեան սրտաճմլիկ խնդիրները։ Թերեւս կեանքի անորոշութիւնը զիրենք չափազանց յուսախաբ կ’ընէ։ Անոնք կը տենչան պատասխաններ գտնել, բայց երբ չգտնեն, կ’եզրակացնեն թէ որեւէ պատասխան չկայ։ Հետեւաբար, անոնցմէ շատեր կազմակերպուած կրօնքներէն քաշուած են եւ Աստուծոյ մօտենալու իրենց անձնական կերպը կը փնտռեն,– եթէ տակաւին կը հաւատան անոր գոյութեան։
Աստուածաշունչին տեսակէտը
Աստուածաշունչի հանդէպ դրական կեցուածք ունեցող եւ Յիսուս Քրիստոսը որպէս Աստուծոյ Խօսնակ ընդունող անհատները, Աստուածաշունչի տեսակէտը գիտնալով հետաքրքրուած ըլլալու են։ Հաւանաբար մտաբերես թէ անգամ մը Յիսուս խօսեցաւ երկու ճամբաներու մասին. ‘լայն ու ընդարձակ ճամբայ մը, որ դէպի կորուստ կը տանի’ եւ ‘նեղ ճամբայ մը, որ դէպի կեանք կը տանի’։ Ան իւրաքանչիւր ճամբուն մէջ քալողները բնորոշելու կերպը բացատրեց՝ ըսելով. «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ Ի՞նչ տեսակ պտուղ։ Ո՛չ թէ իրենց խօսքերը, այլ՝ գործերը, ինչպէս Յիսուս յստակացուց. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ»։ Աստուծոյ հաւատալ դաւանիլը բաւարար չէ։ Աստուծոյ կամքը պէտք է ընենք։ Իսկ տրամաբանական է որ նա՛խ Աստուծոյ կամքին մասին ճշգրիտ գիտութիւն պէտք է ունենանք։—Մատթէոս 7։13-23
Յիսուս յստակօրէն ցոյց տուաւ թէ կարելի է որ մարդիկ Աստուծոյ մասին գիտութիւն ձեռք ձգեն։ Ան ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3) Բացայայտ է որ կրնանք Աստուծոյ յայտնած իմաստութիւնն ու գիտութիւնը ձեռք ձգել,– բայց միայն եթէ զանոնք փնտռելու համար ջանք թափենք։ Սակայն Աստուած ասիկա ընողներուն կը պարգեւէ յաւիտենական կեանք։ Ուստի այս փնտռտուքը իրապէս վարձահատոյց է։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 4 Նոյնանման տեսակէտներ կը գտնուին Պրահմանականութեան, Թաոյականութեան եւ Պուտտայականութեան կրօնական աւանդութեանց մէջ։